Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աղքատութիւնը Աստուծոյ տհաճութեան մէկ նշա՞նն է

Աղքատութիւնը Աստուծոյ տհաճութեան մէկ նշա՞նն է

Աղքատութիւնը Աստուծոյ տհաճութեան մէկ նշա՞նն է

ԱՍՏՈՒԱԾ վաղեմի իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Քու քովդ աղքատ չգտնուի»։ Ասիկա ըսաւ, քանի որ իրենց տուած մովսիսական օրէնքին մէջ, աղքատներուն հոգ տանելու եւ նոյնիսկ պարտքերը ջնջելու կարգադրութիւններ կային (Բ. Օրինաց 15։1-4, 7-10)։ Ուստի իսրայէլացիներուն մէջ աղքատներ պէտք չէր ըլլային, քանի որ Եհովա խոստացաւ զիրենք օրհնել։ Բայց այս օրհնութիւնը մովսիսական օրէնքին հնազանդելէն կախեալ էր, եւ իսրայէլացիները զայն չպահեցին։

Ասիկա չնշանակեց թէ չքաւորները անպայմանօրէն Աստուծոյ տհաճութիւնը ունէին, ո՛չ ալ նշանակեց թէ հարուստները անպայմանօրէն Աստուծոյ օրհնութիւնը ունէին։ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներէն շատեր նիւթապէս աղքատ էին։ Ամովս մարգարէն «արջառներու հովիւ ու մոլաթուզ քաղող» էր,– եղանակային աշխատաւոր (Ամովս 1։1. 7։14)։ Եղիա մարգարէին օրերուն, երբ Իսրայէլի մէջ սով եղաւ, Եղիա աղքատ այրիի մը հիւրասիրութենէն կախեալ դարձաւ, որուն ունեցած ալիւրն ու ձէթը հրաշալիօրէն շատցան սովին ընթացքին։ Ո՛չ Եղիան, ո՛չ ալ այրին հարստացան. Եհովա միայն անոնց հիմնական կարիքները հայթայթեց (Գ. Թագաւորաց 17։8-16

Աննախատեսելի իրադարձութիւններ կրնան մարդիկ աղքատութեան մատնել։ Արկածներն ու հիւանդութիւնները կրնան առժամաբար կամ վերջնականապէս անհատ մը աշխատելու անկարող դարձնել։ Իսկ մահը իր ետին կը ձգէ որբեր ու այրիներ։ Նոյնիսկ այսպիսի աննպաստ պայմաններ ցոյց չեն տար Աստուծոյ տհաճութիւնը։ Նոեմիի ու Հռութի պատմութիւնը, կարօտեալներու հանդէպ Եհովայի սիրալիր հոգատարութեան սրտապնդիչ մէկ օրինակն է։ Իրենց ամուսիններուն մահով՝ Նոեմի ու Հռութ մեծապէս աղքատանալով հանդերձ, Եհովա Աստուած զիրենք օրհնեց եւ իրենց կարիքները հոգալու համար կարգադրութիւն ըրաւ (Հռութ 1։1-6. 2։2-12. 4։13-17

Բացայայտ է որ աղքատութիւնը Աստուծոյ տհաճութեան ապացոյց չէ։ Եհովա Աստուծոյ հաւատարիմ եղողները կրնան Դաւիթ թագաւորին սա խօսքերուն վստահիլ. «Տղայ էի ու ծերացայ, բայց արդարը անտես եղած չտեսայ, կամ անոր զաւակը՝ հաց մուրացող» (Սաղմոս 37։25

[Նկար՝ էջ 8]

Նոեմի եւ Հռութ չքաւոր ըլլալով հանդերձ, Աստուած զիրենք օրհնեց ու սիրալիրօրէն հոգաց