Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք»

«Ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք»

«Ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք»

«Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք» (ՀՌՈՎ. 12։18

1, 2. ա) Յիսուս իր հետեւորդներուն ի՞նչ զգուշացում տուաւ։ բ) Հակառակութեան ի՛նչպէս հակազդելու շուրջ, ո՞ւր կրնանք խրատ գտնել։

ՅԻՍՈՒՍ իր հետեւորդները զգուշացուց, թէ աշխարհի ազգերուն կողմէ հակառակութիւն պիտի դիմագրաւէին, եւ իր մահուան նախորդող գիշերը բացատրեց պատճառը։ Ան իր առաքեալներուն ըսաւ. «Եթէ այս աշխարհին պատկանած ըլլայիք՝ աշխարհը ձեզ պիտի սիրէր, որպէս իրմէ եղող մէկը։ Բայց աշխարհը ձեզ կ’ատէ, որովհետեւ ես ձեզ այս աշխարհէն զատեցի, եւ դուք այս աշխարհին չէք պատկանիր այլեւս» (Յովհ. 15։19, Անթիլիաս

2 Պօղոս առաքեալ Յիսուսի խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը շօշափեց։ Իր երիտասարդ ընկերակիցին՝ Տիմոթէոսի յղած իր երկրորդ նամակին մէջ, ան գրեց. «Դուն ծանօթացար իմ վարդապետութեանս, վարմունքիս, դիտաւորութեանս, հաւատքիս, երկայնմտութեանս, սիրոյս, համբերութեանս, հալածանքներուս, չարչարանքներուս»։ Ապա Պօղոս աւելցուց. «Ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն» (Բ. Տիմ. 3։10-12)։ Հռոմի մէջ գտնուող քրիստոնեաներուն յղած իր նամակին 12–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս հակառակութեան ի՛նչպէս հակազդելու շուրջ իմաստուն խրատներ տուաւ։ Անոր խօսքերը կրնան այս վերջին ժամանակին մէջ մեզի ուղղութիւն տալ։

«Բարի բաներ ընելու հոգ տարէ՛ք»

3, 4. Հռովմայեցիս 12։17–ի մէջ տրուած խրատը ի՞նչպէս կրնայ կիրարկուիլ ա) կրօնապէս բաժնուած տան մէջ, բ) դրացիներու հետ մեր գործառնութեանց։

3 Կարդալ՝ Հռովմայեցիս 12։17–ն։ Պօղոս բացատրեց թէ թշնամութեան փոխարէն թշնամութիւն պէտք չէ հատուցանենք։ Անոր խրատին հետեւիլը յատկապէս կարեւոր է կրօնապէս բաժնուած տուներուն մէջ։ Քրիստոնեայ կողակիցը անազնիւ խօսքին կամ արարքին կոշտութեամբ փոխադարձելու փորձութեան կը դիմադրէ։ ‘Չարութեան փոխարէն չարութիւն հատուցանելը’ օգուտ մը չի բերեր։ Ընդհակառակը, այս վերաբերմունքը կացութիւնը կը բարդացնէ։

4 Պօղոս աւելի լաւ կերպ մը կը յանձնարարէ. «Բոլոր մարդոց առջեւ բարի բաներ ընելու հոգ տարէ՛ք»։ Տան մէջ, կինը իր հաւատալիքներուն շուրջ ամուսինին ըրած անախորժ ակնարկութիւններէն ետք, անոր հետ քաղցրօրէն վարուելով կրնայ պոռթկումի մը առաջքը առնել (Առ. 31։12)։ Քարլոս, որ այժմ Պէթէլի ընտանիքի մը անդամ է, կը պատմէ թէ իր մայրը ի՛նչպէս իր հօր զօրաւոր հակառակութիւնը յաղթահարեց, միշտ ազնուութեամբ վարուելով եւ տան լաւ հոգ տանելով։ «Ան մեզ՝ երեխաներս՝ քաջալերեց որ միշտ մեր հայրը յարգենք։ Ան պնդեց որ հօրս հետ որոշ խաղ մը խաղամ, թէեւ նախասիրած խաղս չէր, քանի որ հայրս լաւ տրամադրութեան մէջ կը պահէր»։ Ի վերջոյ, ան սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել ու մկրտուեցաւ։ «Բոլոր մարդոց առջեւ բարի բաներ ընելու» առնչութեամբ, Եհովայի վկաները յաճախ կանխադատութիւնը յաղթահարած են՝ իրենց դրացիներուն գործնականօրէն օգնելով, երբ աղէտ մը կը հարուածէ։

«Կրակի կայծեր»ով հակառակութիւնը մեղմացնել

5, 6. ա) Ի՞նչ առումով թշնամիի մը գլխուն վրայ «կրակի կայծեր» կը դիզուին։ բ) Տեղական փորձառութիւն մը պատմէ, որ ցոյց կու տայ թէ Հռովմայեցիս 12։20–ի խրատը կիրարկելը ի՛նչպէս լաւ արդիւնք կը բերէ։

5 Կարդալ՝ Հռովմայեցիս 12։20–ը։ Այս համարին խօսքերը ընտրելու ատեն, անկասկած Պօղոս ի մտի ունէր ի՛նչ որ կը կարդանք Առակաց 25։21, 22–ի մէջ. «Եթէ թշնամիդ անօթի է, անոր հաց կերցուր ու եթէ ծարաւ է, անոր ջուր խմցուր։ Քանզի այսպէս ընելով անոր գլխուն վրայ կրակի կայծեր պիտի դիզես եւ Տէրը քեզի հատուցում պիտի ընէ»։ Հռովմայեցիս 12–րդ գլուխին բովանդակած խրատներուն ի տես, վստահաբար Պօղոս ըսել չէր ուզեր, որ այլաբանական կայծերը հակառակորդ մը պատժելու կամ ամօթահար ընելու համար էին։ Փոխարէն, առակը,– ինչպէս նաեւ հռոմայեցիներուն ուղղուած Պօղոսի համանման խօսքերը,– հաւանաբար կ’ակնարկէ մետաղներ հալեցնելու հին մեթոտի մը։ 19–րդ դարու անգլիացի ուսումնական Չարլզ Պրիճըզ նշեց. «Մետաղը չի բաւեր կրակին վրայ դնել, այլ անոր վրայ կրակի կայծեր պէտք է դիզել։ Նմանապէս, սակաւաթիւ սրտեր ա՛յնքան կարծր են, որ համբերատար, անձնուրաց ու բոցավառ սիրոյ հզօր զօրութեան ներքեւ չեն փափկանար»։

6 «Կրակի կայծեր»ու նման, ազնիւ արարքները կրնան հակառակորդներու սրտերը կակուղցնել եւ անոնց թշնամութիւնը մեղմացնել։ Ազնիւ արարքներու շնորհիւ, անհատներ կրնան Եհովայի ժողովուրդին եւ անոնց քարոզած պատգամին հանդէպ աւելի նպաստաւոր կեցուածք մը որդեգրել։ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Պարկե՛շտ վարք ունեցէք հեթանոսներուն մէջ, որպէսզի՝ այն բանին համար որ կը բամբասեն ձեզ իբր չարագործներ, այցելութեան օրը փառաւորեն Աստուած՝ տեսնելով ձեր բարի գործերը» (Ա. Պետ. 2։12, ԱԾ

«Ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք»

7. Ի՞նչ է այն խաղաղութիւնը, զոր Քրիստոս իր աշակերտներուն կը թողու, եւ անիկա մեզ պէտք է մղէ ի՞նչ ընելու։

7 Կարդալ՝ Հռովմայեցիս 12։18–ը։ Իր երկրային կեանքի վերջին գիշերը, Յիսուս առաքեալներուն ըսաւ. «Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի» (Յովհ. 14։27)։ Խաղաղութիւնը՝ զոր Քրիստոս իր աշակերտներուն կը թողու, անոնց վայելած ներքին անդորրութիւնն է, երբ կը գիտակցին թէ Եհովա Աստուծոյ եւ իր սիրելի Որդիին կողմէ սիրուած ու ընդունուած են։ Այս ներքին խաղաղութիւնը մեզ պէտք է մղէ ուրիշներու հետ խաղաղութեամբ ապրելու։ Իսկական քրիստոնեաները խաղաղասէր ու խաղաղարար են (Մատ. 5։9

8. Ի՞նչպէս կրնանք տան եւ ժողովքին մէջ խաղաղարար ըլլալ։

8 Ընտանեկան շրջանակէն ներս խաղաղարար ըլլալու կերպերէն մէկն է՝ տարակարծութիւնները կարելի եղածին չափ արագօրէն լուծել, փոխանակ թոյլ տալու որ պարագաները վատթարանան (Առ. 15։18. Եփ. 4։26)։ Ասիկա նաեւ կը կիրարկուի քրիստոնէական ժողովքին։ Պետրոս առաքեալ խաղաղութեան հետամուտ ըլլալը կ’առնչէ լեզուն զսպելուն (Ա. Պետ. 3։10, 11)։ Նմանապէս Յակոբոս, լեզուին պատշաճ գործածութեան եւ նախանձէ ու կռուարարութենէ խուսափելու շուրջ ուժեղ խրատ տալէ ետք, գրեց. «Վերին իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է, ետքը՝ խաղաղարար, հեզ, հլու, ողորմութիւնով ու բարի պտուղներով լեցուն, անկողմնակալ ու անկեղծ։ Արդարութեան պտուղը խաղաղութիւնով կը սերմանուի անոնց՝ որոնք խաղաղութիւն կ’ընեն» (Յակ. 3։17, 18

9. Մինչ կը ջանանք «ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն» ունենալ, ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք։

9 Հռովմայեցիս 12։18–ի մէջ, Պօղոսի խօսքը կը յայտնէ, թէ չի բաւեր խաղաղարար ըլլալ միայն ընտանեկան շրջանակէն ու ժողովքէն ներս։ Ան կ’ըսէ թէ պէտք է ‘ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունենանք’։ Ասիկա կը պարփակէ դրացիներ, գործակիցներ, դպրոցակիցներ եւ անհատներ, որոնց կը հանդիպինք հանրային ծառայութեան ընթացքին։ Իսկ առաքեալը ըսելով՝ «որչափ կարելի է ձեզի», կը նշէ թէ «ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն» ունենալու համար մեր լաւագոյնն ընենք, բայց առանց Աստուծոյ արդար սկզբունքներուն մէջ զիջում ընելու։

Վրէժխնդրութիւնը Եհովայի կը պատկանի

10, 11. Ի՞նչ առումով ‘բարկութեան տեղի կու տանք’, եւ ասիկա ինչո՞ւ պատշաճ է։

10 Կարդալ՝ Հռովմայեցիս 12։19–ն։ Նոյնիսկ մեր գործունէութեան ու պատգամին «հակառակ կեցողներ»ուն դէմ ‘ոխ պիտի չպահենք’ եւ «քաղցրութեամբ» պիտի վարուինք (Բ. Տիմ. 2։23-25)։ Պօղոս քրիստոնեաները կը խրատէ, որ վրէժխնդիր չըլլան իրենք իրենց համար, այլ՝ ‘բարկութեան տեղի տան’։ Ասիկա կը նշանակէ թէ տեղ կու տանք Աստուծոյ բարկութեան։ Որպէս քրիստոնեաներ, գիտենք թէ վրէժխնդրութիւնը մեզի չի պատկանիր։ Սաղմոսերգուն գրեց. «Դադարէ՛ բարկութենէ ու սրդողիլը վերջացուր։ Մի՛ նեղանար, որ չարութիւն ընել չփորձուիս» (Սաղ. 37։8)։ Իսկ Սողոմոն խրատեց. «‘Չարութեան փոխարէնը պիտի հատուցանեմ’, մի՛ ըսեր, Տէրոջը սպասէ ու անիկա քեզի պիտի օգնէ» (Առ. 20։22

11 Եթէ հակառակորդներ մեզի վնաս հասցնեն, խոհեմ ընթացքն է՝ հարցը Եհովայի յանձնել, որ զիրենք պատժէ եթէ յարմար տեսնէ։ Պօղոս աւելցուց. «Գրուած է. ‘Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ’, կ’ըսէ Տէրը» (համեմատել՝ Բ. Օրինաց 32։35)։ Եթէ ջանանք մեր ձեռքով վրէժ լուծել, յաւակնոտութեամբ վարուած կ’ըլլանք, յանձն առնելով այն ինչ որ Եհովա իրեն վերապահած է, եւ հաւատք ընծայած չենք ըլլար Եհովայի խոստումին. «Ե՛ս պիտի հատուցանեմ»։

12. Եհովայի բարկութիւնը ե՞րբ պիտի յայտնուի եւ ի՞նչպէս։

12 Հռոմայեցիներուն յղած իր նամակին սկիզբը, Պօղոս ըսաւ. «Աստուծոյ բարկութիւնը երկնքէն կը յայտնուի մարդոց բոլոր ամբարշտութեանը եւ անիրաւութեանը վրայ, որոնք ճշմարտութիւնը անիրաւութեամբ բռներ են» (Հռով. 1։18)։ Եհովայի բարկութիւնը երկնքէն պիտի յայտնուի իր Որդիին միջոցաւ՝ «մեծ նեղութեան» ժամանակ (Յայտ. 7։14)։ Ասիկա «Աստուծոյ արդար դատաստանին ապացոյց»ը պիտի ըլլայ, ինչպէս որ Պօղոս այլ ներշնչեալ նամակի մը մէջ բացատրեց. «Աստուծոյ առջեւ իրաւունք է ձեզի նեղութիւն տուողներուն նեղութիւն հատուցանելը եւ ձեզի նեղութիւն կրողներուդ՝ մեզի հետ հանգիստ, երբ Տէր Յիսուս երկնքէն յայտնուի իր զօրաւոր հրեշտակներովը, բորբոքած կրակով վրէժ առնելու անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր» (Բ. Թես. 1։5-8

Բարիով յաղթել չարին

13, 14. ա) Երբ հակառակութիւն դիմագրաւենք, ինչո՞ւ չենք զարմանար։ բ) Ի՞նչպէս կրնանք օրհնել մեզ հալածողները։

13 Կարդալ՝ Հռովմայեցիս 12։14, 21–ը։ Լիովին վստահ ըլլալով որ Եհովա իր նպատակները պիտի իրագործէ, կրնանք հանգիստ մտքով մեր բոլոր ջանքերը կեդրոնացնել մեզի տուած գործին վրայ,– ‘արքայութեան աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ քարոզել’ (Մատ. 24։14)։ Գիտենք թէ այս քրիստոնէական գործունէութիւնը մեր թշնամիներուն բարկութիւնը պիտի գրգռէ, քանի որ Յիսուս մեզ զգուշացուց. «Իմ անուանս համար բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք» (Մատ. 24։9)։ Հետեւաբար, երբ հակառակութիւն դիմագրաւենք, չենք զարմանար, ո՛չ ալ կը վհատինք։ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Սի՛րելիներ, օտար բան մի՛ սեպէք այն նեղութեան բորբոքումը, որ ձեզ փորձելու համար կ’ըլլայ, որպէս թէ օտար բան մը ձեզի հանդիպած է. հապա ուրախ եղէ՛ք՝ քանի որ Քրիստոսին չարչարանքներուն հաղորդակից եղած էք» (Ա. Պետ. 4։12, 13

14 Փոխանակ մեր հալածիչներուն հանդէպ ատելութիւն զգալու, կը փորձենք անոնց քարոզել, անդրադառնալով որ անոնցմէ ոմանք տգիտութեամբ կը վարուին (Բ. Կոր. 4։4)։ Կը ջանանք Պօղոսի սա խրատին անսալ. «Ձեզ հալածողները օրհնեցէ՛ք եւ մի՛ անիծէք» (Հռով. 12։14)։ Հակառակորդները օրհնելու կերպերէն մէկն է՝ անոնց համար աղօթել։ Յիսուս Լերան քարոզին մէջ ըսաւ. «Սիրեցէք ձեր թշնամիները, ձեզ ատողներուն բարիք ըրէք, ձեզ անիծողները օրհնեցէք, ձեզի նեղութիւն տուողներուն համար աղօթք ըրէք» (Ղուկ. 6։27, 28)։ Պօղոս առաքեալ իր անձնական փորձառութենէն գիտէր, թէ հալածիչ մը կրնայ Քրիստոսի հաւատարիմ աշակերտ եւ Եհովայի նախանձախնդիր ծառայ մը ըլլալ (Գաղ. 1։13-16, 23)։ Ուրիշ նամակի մը մէջ, Պօղոս ըսաւ. «Երբ մեզ նախատեն՝ կ’օրհնենք. երբ կը հալածեն՝ կը համբերենք. երբ գէշ խօսին՝ կ’աղաչենք» (Ա. Կոր. 4։12, 13

15. Բարիով չարին յաղթելու լաւագոյն կերպը ի՞նչ է։

15 Հետեւաբար, ճշմարիտ քրիստոնեան Հռովմայեցիս 12–րդ գլուխին վերջին համարին ուշադրութիւն կ’ընծայէ. «Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին»։ Ամէն չարութեան աղբիւրը՝ Բանսարկուն է (Յովհ. 8։44. Ա. Յովհ. 5։19)։ Յովհաննէս առաքեալին տրուած յայտնութեան մէջ, Յիսուս յայտնեց թէ իր օծեալ եղբայրները «[Սատանայի] յաղթեցին Գառնուկին արիւնովը ու իրենց վկայութեանը խօսքովը» (Յայտ. 12։11)։ Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ Սատանայի եւ իրերու ներկայ դրութեան վրայ իր բանեցուցած չար ազդեցութեան յաղթելու լաւագոյն կերպն է՝ բարիք ընել վկայելով, Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելով։

Յոյսով ուրախանալ

16, 17. Հռովմայեցիս 12–րդ գլուխին համաձայն, ա) մեր կեանքը ի՞նչպէս պէտք է գործածենք, բ) ժողովքէն ներս ի՞նչ վերաբերմունք պէտք է ունենանք, գ) ի՞նչպէս պէտք է վարուինք անոնց հետ, որոնք մեր հաւատքին կը հակառակին։

16 Հռոմի մէջ եղող քրիստոնեաներուն յղուած Պօղոսի նամակին 12–րդ գլուխին հակիրճ քննարկումը մեզի յիշեցուց շատ բաներ։ Սորվեցանք թէ որպէս Եհովայի նուիրուած ծառաներ, զոհողութիւններ ընելու յօժար պէտք է ըլլանք։ Աստուծոյ հոգիէն մղուած, կամովին զոհողութիւններ կ’ընենք, քանի որ մեր բանականութիւնը մեզ համոզած է, թէ ասիկա Աստուծոյ կամքն է։ Մենք հոգիով կը բորբոքինք ու մեր այլազան պարգեւները նախանձախնդրութեամբ կը գործածենք։ Խոնարհութեամբ եւ համեստութեամբ կը ծառայենք, մեր քրիստոնէական միութիւնը պահելու համար՝ մեր ամէն կարելին ընելով։ Հիւրասիրութեան հետամուտ կ’ըլլանք եւ իսկական համակրանք կը ցուցաբերենք։

17 Հռովմայեցիս 12–րդ գլուխը նաեւ կը բովանդակէ խրատներ, թէ ի՛նչպէս հակառակութեան հակազդենք։ Չարիքի փոխարէն չարիք պէտք չէ հատուցանենք։ Պէտք է փորձենք ազնիւ արարքներով հակառակութիւնը յաղթահարել։ Որչափ կարելի է մեզի, պէտք է ջանանք ամէն մարդու հետ խաղաղութեամբ ապրիլ, առանց աստուածաշնչական սկզբունքները բեկանելու։ Ասիկա կը կիրարկուի ընտանեկան շրջանակէն ներս, ժողովքին մէջ, դրացիներուն հետ, գործատեղին, դպրոցը եւ մեր հանրային ծառայութեան մէջ։ Նոյնիսկ երբ բացայայտ թշնամութիւն դիմագրաւենք, մեր լաւագոյնը կ’ընենք՝ բարիով չարին յաղթելու, մտաբերելով թէ վրէժխնդրութիւնը Եհովայի կը պատկանի։

18. Հռովմայեցիս 12։12–ի մէջ ի՞նչ երեք յորդորներ կը տրուին։

18 Կարդալ՝ Հռովմայեցիս 12։12–ը։ Այս բոլոր խոհեմ ու գործնական խրատներէն զատ, Պօղոս երեք յորդոր կու տայ։ Քանի որ այս բոլոր բաները առանց Եհովայի օգնութեան երբեք չենք կրնար ընել, առաքեալը մեզ կը խրատէ որ ‘ստէպ աղօթքի կենանք’։ Ասիկա մեզ կարող պիտի դարձնէ, որ ‘նեղութեան մէջ համբերենք’։ Ի վերջոյ, մեր միտքը պէտք է կեդրոնացնենք մեզի համար Եհովայի վերապահած ապագային վրայ եւ յաւիտենական կեանքի ‘յոյսով ուրախ ըլլանք’, ըլլայ երկինքը կամ երկրի վրայ։

Վերաքաղի համար

• Հակառակութեան ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք։

• Ո՞ր մարզերուն մէջ պէտք է ջանանք խաղաղարար ըլլալ, եւ ի՞նչպէս։

• Ինչո՞ւ վրէժխնդիր պէտք չէ ըլլանք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 20]

Մեր դրացիներուն գործնականօրէն օգնելով՝ կրնանք կանխադատութիւնը յաղթահարել

[Նկար՝ էջ 21]

Ժողովքէն ներս կը ջանա՞ս խաղաղարար ըլլալ