Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան համար ժամանակ յատկացուցա՞ծ ես

Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան համար ժամանակ յատկացուցա՞ծ ես

Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան համար ժամանակ յատկացուցա՞ծ ես

ԱՆՑԵԱԼ տարի, Կառավարիչ մարմինը ժողովքային հանդիպումներու յայտագրին մէջ փոփոխութիւն մը մտցուց, որ թոյլ կու տայ աւելի ժամանակ տրամադրել ընտանեօք Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու եւ քննարկելու։ Եթէ հայր մըն ես, վստահ եղիր որ կնոջդ ու զաւակներուդ հետ իմաստալից ու կանոնաւոր Աստուածաշունչի ընտանեկան ուսումնասիրութիւն մը կը վարես։ Անզաւակ զոյգը պիտի ուզէ այս ժամանակը գործածել՝ միասնաբար Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու։ Ընտանեկան պատասխանատուութիւններ չունեցող ամուրի եղբայրներն ու քոյրերը պիտի կարենան այս ժամանակը լաւ կերպով գործածել՝ Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութեան համար։

Շատեր Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյ մը ունենալու կարգադրութեան համար իրենց գնահատութիւնը յայտնած են։ Օրինակ, Քեւըն անունով երէց մը գրեց. «‘Շնորհակալ ենք’ ըսելը բաւարար չափով չի հաղորդեր մեր ժողովքի անդամներուն զգացումները։ Որպէս երէցներ նկատի առինք, թէ ի՛նչպէս կրնանք ազատ երեկոն գործածել Կառավարիչ մարմինին յանձնարարածը կատարելու,– մեր ընտանիքներուն հետ ուսումնասիրել»։

Ճոտի, որուն ամուսինը երէց է, գրեց. «Մենք երեք դուստր ունինք,– 15, 11 եւ 2 տարեկան։ Վերջերս մաս կազմեցինք համրերու լեզու գործածող ժողովքի մը։ Բոլոր ժողովներուն համար նախապատրաստուիլը շատ ժամանակ ու ջանք կը պահանջէ։ Այժմ, այս կարգադրութեամբ, յաւելեալ երեկոյ մը ունինք, որ մեզի թոյլ կու տայ որ ընտանեկան պաշտամունքին վրայ կեդրոնանանք»։

Ճոն եւ Ճոան, որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ ծառայող ամոլ մը, գրեցին. «Մեր Աստուածաշունչի ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը յաճախ անկանոն էր, քանի որ բազմաթիւ ժողովքային գործունէութիւններով խճողուած էինք։ Այս նոր կարգադրութիւնը՝ Եհովայի կողմէ պարգեւ մըն է, որ մեզ հոգեւորապէս կը թարմացնէ,– եթէ ժամանակը գործածենք ինչպէս որ թելադրուած է»։

Թոնի անունով ամուրի եղբայր մը, որ շուրջ 25 տարեկան է, երեքշաբթի երեկոն յատկացուցած է իր անձնական ուսումնասիրութեան։ Ան շաբթուան միւս օրերը կը գործածէ ժողովներուն նիւթերը պատրաստելու։ Սակայն Թոնի կ’ըսէ. «Յատկապէս անձկագին կը սպասեմ երեքշաբթի օրուան»։ Ինչո՞ւ։ «Այդ երեկոն՝ Եհովայի հետ ըլլալու մասնայատուկ ժամանակս է»։ Թոնի կը բացատրէ. «Շուրջ երկու ժամ կ’ուսումնասիրեմ նիւթեր, որոնք Եհովայի հետ յարաբերութիւնս կը զօրացնեն։ Ուսումնասիրելու աւելի ժամանակ ունենալով, կարդացած համարներուս վրայ աւելի կը խոկամ»։ Արդի՞ւնքը։ «Եհովայի խրատները ա՛լ աւելի սրտիս խորը կը թափանցեն»։ Ան օրինակ մը կրնա՞յ տալ։ «Խորաթափանց գրքին մէջ, Դաւիթի ու Յովնաթանի բարեկամութեան մասին կարդացի։ Յովնաթանի անձնուրաց կեցուածքէն շատ բան սորվեցայ։ Անոր օրինակը ինծի օգնեց աւելի յստակօրէն ըմբռնելու, թէ ի՛նչ կը նշանակէ իսկական բարեկամ մը ըլլալ։ Անձկագին կը սպասեմ, որ երեքշաբթի օրերը ա՛լ աւելի այսպիսի գոհարներ գտնեմ»։

Անկասկած, Եհովայի բոլոր ծառաները մեծապէս պիտի օգտուին, Աստուածաշունչի իմաստալից ուսումնասիրութեան եւ ընտանեկան պաշտամունքի համար մատչելի յաւելեալ ժամանակը լաւ կերպով գործածելով։