Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բարեկամութիւններ պահպանել՝ անսէր աշխարհի մը մէջ

Բարեկամութիւններ պահպանել՝ անսէր աշխարհի մը մէջ

Բարեկամութիւններ պահպանել՝ անսէր աշխարհի մը մէջ

«Ասիկա կը պատուիրեմ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք» (ՅՈՎՀ. 15։17

1. Ինչո՞ւ հարկ կար որ առաջին դարու քրիստոնեաները իրարու սերտ բարեկամներ մնային։

ԻՐ ԵՐԿՐԱՅԻՆ կեանքին վերջին գիշերը, Յիսուս իր հաւատարիմ աշակերտները քաջալերեց, որ իրարու բարեկամներ մնան։ Ան արդէն ըսած էր, որ զիրար սիրելը պիտի բնորոշէր զիրենք որպէս իր հետեւորդները (Յովհ. 13։35)։ Հարկ կար որ առաքեալները սերտ բարեկամներ մնային, որպէսզի գալիք փորձութիւններուն տոկային եւ Յիսուսի կողմէ իրենց նշանակուելիք գործը կատարէին։ Արդարեւ, առաջին դարու քրիստոնեաները ճանչցուեցան՝ Աստուծոյ եւ իրարու հանդէպ իրենց անբեկանելի նուիրումով։

2. ա) Ի՞նչ վճռած ենք ընել եւ ինչո՞ւ։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

2 Ներկայիս, ի՜նչ հաճոյք է ընկերակցիլ համաշխարհային կազմակերպութեան մը, որուն անդամները առաջին դարու քրիստոնեաներուն օրինակին կը հետեւին։ Վճռած ենք իրարու հանդէպ հարազատ սէր ցուցաբերելու Յիսուսի պատուէրին հնազանդիլ։ Սակայն այս վերջին օրերուն ընթացքին, մարդիկ ընդհանուր առմամբ անհաւատարիմ են ու գութ չեն ցուցաբերեր (Բ. Տիմ. 3։1-3)։ Անոնց հաստատած բարեկամութիւնները յաճախ մակերեսային ու եսասիրական են։ Որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ մեր ինքնութիւնը պահելու համար, այսպիսի վերաբերմունք պէտք է մերժենք։ Ուստի նկատի առնենք հետեւեալը. իսկական բարեկամութեան հիմը ի՞նչ է։ Ի՞նչպէս կրնանք լաւ բարեկամներ ունենալ։ Ե՞րբ բարեկամութեան մը վերջ պէտք է դնենք։ Եւ ի՞նչպէս կրնանք շինիչ բարեկամութիւններ պահպանել։

Իսկական բարեկամութեան հիմը ի՞նչ է

3, 4. Ամենազօրաւոր բարեկամութիւններուն հիմը ի՞նչ է եւ ինչո՞ւ։

3 Ամենազօրաւոր բարեկամութիւնները հիմնուած են Եհովայի հանդէպ սիրոյ վրայ։ Սողոմոն թագաւոր գրեց. «Եթէ մէկը անոնց բռնութիւն ընէ, երկուքը կրնան անոր դէմ դնել։ Երեքպատիկ դերձանը դիւրաւ չի կտրուիր» (Ժող. 4։12)։ Երբ բարեկամութեան մը մէջ Եհովա երրորդ դերձանն է, այդ բարեկամութիւնը պիտի յարատեւէ։

4 Ճիշդ է որ Եհովան չսիրողներն ալ վարձահատոյց բարեկամութիւններ կրնան հաստատել։ Բայց երբ անհատներ իրարու կը մօտենան՝ Աստուծոյ հանդէպ փոխադարձ սիրով, անոնց բարեկամութիւնը անխախտելի պիտի ըլլայ։ Եթէ թիւրիմացութիւններ ծագին, իսկական բարեկամները Եհովայի հաճած կերպով իրարու հետ պիտի վարուին։ Եթէ Աստուծոյ հակառակորդները փորձեն պառակտումներ պատճառել, անոնք պիտի նկատեն թէ ճշմարիտ քրիստոնեաներուն բարեկամութիւնները անբեկանելի են։ Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, Եհովայի ծառաները փաստած են որ յօժար են մահ դիմագրաւել, քան՝ զիրար մատնել (կարդալ՝ Ա. Յովհաննէս 3։16

5. Հռութի ու Նոեմիի բարեկամութիւնը ինչո՞ւ մնայուն էր։

5 Անկասկած, ամէնէն գոհացուցիչ բարեկամութիւնները, զորս կրնանք վայելել, Եհովան սիրողներուն հետ են։ Նկատի առ Հռութի եւ Նոեմիի օրինակը։ Անոնց բարեկամութիւնը Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած ամէնէն հիանալի բարեկամութիւններէն մէկն է։ Ինչո՞ւ անոնց բարեկամութիւնը մնայուն էր։ Հռութ պատճառը յայտնեց, երբ Նոեմիի ըսաւ. «Քու ժողովուրդդ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլայ ու քու Աստուածդ իմ Աստուածս պիտի ըլլայ։ . . .Տէրը ինծի այսպէս ու ասկէ աւելին ընէ, եթէ զիս քեզմէ մահուանէ զատ ուրիշ բան մը զատէ» (Հռութ 1։16, 17)։ Բացորոշ է որ Հռութ ու Նոեմի Աստուծոյ հանդէպ խոր սէր ունէին, եւ թոյլ տուին որ այս սէրը ազդէ այն կերպին, որով իրարու հետ վարուեցան։ Որպէս արդիւնք, Եհովա երկու կիներն ալ օրհնեց։

Ի՛նչպէս լաւ բարեկամներ ունենալ

6-8. ա) Մնայուն բարեկամութիւնները ի՞նչ բանի արդիւնքն են։ բ) Բարեկամներ ունենալու համար, ի՞նչպէս կրնաս նախաքայլը առնել։

6 Հռութի եւ Նոեմիի օրինակը ցոյց կու տայ, թէ իսկական բարեկամութիւնը դիպուածով յառաջ չի գար։ Հիմը՝ Եհովայի հանդէպ փոխադարձ սէրն է։ Բայց մնայուն բարեկամութիւնները ծանր աշխատանքի եւ անձնազոհութեան արդիւնքն են։ Նոյնիսկ քրիստոնեայ ընտանիքներու մէջ Եհովան պաշտող ազգականներ պէտք է աշխատին սերտ բարեկամութիւն կերտելու։ Արդ, ի՞նչպէս կրնաս լաւ բարեկամներ ունենալ։

7 Նախաքայլը առ։ Պօղոս առաքեալ Հռոմի ժողովքին մէջ եղող իր բարեկամները քաջալերեց, որ ‘հիւրասիրութեան ետեւէ ըլլան’ (Հռով. 12։13)։ Ուստի լաւ բարեկամներ ունենալու համար, հիւրասիրութիւն ցոյց տալու ամէն պատեհութիւն պէտք է օգտագործենք։ Ուրիշ մը չի կրնար մեր տեղը հիւրասիրութիւն ընել (կարդալ՝ Առակաց 3։27Հիւրասէր ըլլալու կերպերէն մէկն է՝ ժողովքէն անհատներ հրաւիրել պարզ ճաշի մը քեզի հետ։ Կրնա՞ս կանոնաւոր սովորութիւն մը դարձնել, որ ժողովքիդ անդամները հիւրասիրես։

8 Բարեկամներ ունենալու համար նախաքայլ առնելու այլ կերպ մըն է՝ տարբեր անհատներ հրաւիրել, որ քեզի հետ քարոզչութեան մասնակցին։ Երբ օտարի մը դրան առջեւ կայնիս ու մտիկ ընես ընկերակիցիդ, որ սրտանց կը խօսի Եհովայի հանդէպ իր սիրոյն մասին, ինքնաբերաբար պիտի մղուիս անոր մօտիկ զգալու։

9, 10. Պօղոս ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ, եւ ի՞նչպէս կրնանք զինք ընդօրինակել։

9 Սիրտդ լայնցուր (կարդալ՝ Բ. Կորնթացիս 6։12, 13Երբեք զգացա՞ծ ես թէ ժողովքին մէջ մէկը չկայ, որուն հետ կրնաս բարեկամանալ։ Այս պարագային, կրնա՞յ ըլլալ որ ընտրութեան ծիրդ սահմանափակած ես։ Պօղոս առաքեալ սիրտը լայն բանալու մէջ լաւ օրինակ հանդիսացաւ։ Ատեն մը, անոր մտքէն իսկ չէր անցներ որ հրեայ չեղողներուն հետ սերտ բարեկամութիւններ կերտէր։ Սակայն ան «հեթանոսներուն առաքեալն» եղաւ (Հռով. 11։13

10 Ասկէ զատ, Պօղոս միայն իր տարեկիցներուն հետ բարեկամութիւն չհաստատեց։ Օրինակ, ան եւ Տիմոթէոս սերտ բարեկամներ եղան, հակառակ տարիքի եւ ենթահողի տարբերութեան։ Ներկայիս, պատանիներէն շատեր ժողովքին մէջ տարիքաւորներուն հետ իրենց կերտած բարեկամութիւնները կ’արժեւորեն։ «Յիսունական տարիքի մէջ եղող շատ սիրելի բարեկամուհի մը ունիմ», կ’ըսէ Վանէսա, որ քսանական տարիքը թեւակոխած է։ «Անոր կրնամ պատմել ամէն ինչ որ տարեկից բարեկամուհիներուս կրնամ պատմել։ Ան ինձմով շա՜տ հետաքրքրուած է»։ Այսպիսի բարեկամութիւններ ի՞նչպէս կը հաստատուին։ Վանէսա կ’ըսէ. «Այս բարեկամութեան պարզապէս չսպասեցի, այլ անոր համար ջանք թափեցի»։ Քեզի հասակակից չեղողներու հետ բարեկամութիւն զարգացնելու յօժա՞ր ես։ Եհովա վստահաբար ջանքերդ պիտի վարձատրէ։

11. Յովնաթանի եւ Դաւիթի օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

11 Հաւատարիմ եղիր։ «Ճշմարիտ բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու նեղութեան ատենուան համար ծնած եղբայր է», գրեց Սողոմոն (Առ. 17։17, ՆԱ)։ Երբ Սողոմոն այս խօսքերը գրեց, թերեւս ի մտի ունէր իր հօր՝ Դաւիթի եւ Յովնաթանի բարեկամութիւնը (Ա. Թագ. 18։1)։ Սաւուղ թագաւոր ուզեց որ իր որդին՝ Յովնաթանը Իսրայէլի գահը ժառանգէ։ Բայց Յովնաթան ընդունեց այն իրողութիւնը, թէ Եհովա այս առանձնաշնորհումին համար Դաւիթը ընտրած էր։ Սաւուղին հակառակը, Յովնաթան Դաւիթի չնախանձեցաւ։ Ան Դաւիթի ստացած գովասանքին համար չդժգոհեցաւ, ո՛չ ալ հաւատաց Դաւիթի մասին Սաւուղի տարածած զրպարտութիւնները (Ա. Թագ. 20։24-34)։ Մենք Յովնաթանի պէ՞ս ենք։ Երբ մեր բարեկամները առանձնաշնորհումներ ստանան, անոնց համար կ’ուրախանա՞նք։ Երբ անոնք նեղութիւններ կրեն, զիրենք կը մխիթարե՞նք եւ անոնց թիկունք կը կանգնի՞նք։ Եթէ բարեկամի մը մասին բամբասանք լսենք, շուտով կը հաւատա՞նք, թէ ոչ՝ Յովնաթանի նման, հաւատարմօրէն մեր բարեկամը կը պաշտպանենք։

Երբ բարեկամութիւններ պէտք է դադրեցնել

12-14. Աստուածաշունչի կարգ մը աշակերտներ ի՞նչ մարտահրաւէր կը դիմագրաւեն, եւ ի՞նչպէս կրնանք անոնց աջակցիլ։

12 Երբ Աստուածաշունչի աշակերտ մը սկսի իր կենցաղին մէջ փոփոխութիւններ մտցնել, բարեկամութիւններու առնչութեամբ կրնայ իսկական մարտահրաւէր մը դիմագրաւել։ Թերեւս ան բարեկամներ ունի, որոնց ընկերակցութենէն կ’ախորժի, բայց անոնք Աստուածաշունչի բարոյական չափանիշներուն համաձայն չեն ապրիր։ Անցեալին, թերեւս ան կանոնաւորաբար անոնց կ’ընկերակցէր։ Սակայն այժմ ան կը գիտակցի, որ անոնց գործունէութիւնները կրնան գէշ ազդեցութիւն բանեցնել, եւ կը զգայ որ այսպիսի ընկերներու հետ իր հաղորդակցութիւնը պէտք է սահմանափակէ (Ա. Կոր. 15։33)։ Այսուհանդերձ, ան կրնայ խորհիլ թէ եթէ անոնց հետ չընկերակցի, անհաւատարիմ պիտի նկատուի։

13 Եթէ այսպիսի դժուարութիւն դիմագրաւող Աստուածաշունչի աշակերտ մըն ես, մտաբերէ թէ ճշմարիտ բարեկամը ուրախ պիտի ըլլայ, որ կը ջանաս կեանքդ բարելաւել։ Ան նոյնիսկ թերեւս ուզէ քեզի պէս Եհովայի մասին սորվիլ։ Միւս կողմէ, կեղծ բարեկամներ ‘հայհոյութիւն պիտի ընեն’, քանի որ իրենց հետ չես վազեր «նոյն անառակութեան մէջ» (Ա. Պետ. 4։3, 4)։ Արդարեւ, ա՛յս բարեկամները անհաւատարիմ են, եւ ո՛չ թէ դուն։

14 Երբ Աստուածաշունչի աշակերտներ կը լքուին իրենց նախկին բարեկամներուն կողմէ, որոնք Աստուած չեն սիրեր, ժողովքին անդամները կրնան պարապութիւնը լեցնել (Գաղ. 6։10)։ Անհատապէս կը ճանչնա՞ս Աստուածաշունչը ուսումնասիրողներ, որոնք ժողովներուն ներկայ կ’ըլլան։ Երբեմն անոնց շինիչ ընկերակցութիւն կը հայթայթե՞ս։

15, 16. ա) Ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք, եթէ բարեկամ մը Եհովայի ծառայելէ դադրի։ բ) Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը ապացուցանել։

15 Շատ նեղացուցիչ պարագայ մըն է, երբ ժողովքէն ներս բարեկամ մը կ’որոշէ Եհովան լքել, եւ հարկ կ’ըլլայ որ վտարուի։ Նկարագրելով իր հակազդեցութիւնը, երբ սերտ բարեկամուհի մը դադրեցաւ Եհովայի ծառայելէ, քոյր մը ըսաւ. «Ջախջախուած զգացի։ Կը խորհէի որ ան ճշմարտութեան մէջ խոր արմատ կապած է։ Հարց տուի թէ արդեօք ան Եհովայի կը ծառայէր պարզապէս իր ընտանիքը հաճեցնելո՞ւ համար։ Ապա սկսայ շարժառիթներս վերստին քննել։ Շիտակ պատճառներով Եհովայի կը ծառայէի՞»։ Այս քոյրը ի՞նչպէս դիմացաւ։ Ան կ’ըսէ. «Բեռս Եհովայի վրայ դրի։ Վճռած եմ Եհովայի ցոյց տալ, թէ զինք կը սիրեմ իր անձնաւորութեան համար, եւ ոչ թէ՝ քանի որ իր կազմակերպութեան մէջ ինծի բարեկամներ կու տայ»։

16 Չենք կրնար ակնկալել Աստուծոյ բարեկամը մնալ, եթէ դիրք բռնենք անոնց կողքին, որոնք կ’ընտրեն աշխարհին բարեկամներն ըլլալ։ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Չէ՞ք գիտեր թէ այս աշխարհին սէրը Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է. ուստի ով որ կ’ուզէ աշխարհին բարեկամ ըլլալ, ինքզինք Աստուծոյ թշնամի կ’ընէ» (Յակ. 4։4)։ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը կրնանք ապացուցանել՝ վստահելով որ ան մեզի պիտի օգնէ բարեկամի մը կորուստին հետ գլուխ ելլելու, եթէ Իրեն հաւատարիմ են (կարդալ՝ Սաղմոս 18։25Վերոնշեալ քոյրը հարցը կ’ամփոփէ. «Սորվեցայ թէ չենք կրնար անհատ մը ստիպել, որ Եհովան սիրէ կամ մեզ սիրէ։ Ի վերջոյ, ասիկա անհատական որոշում մըն է»։ Սակայն ի՞նչ կրնանք ընել շինիչ բարեկամութիւններ պահպանելու անոնց հետ, որոնք ժողովքին մէջ կը մնան։

Լաւ բարեկամութիւններ պահպանել

17. Լաւ բարեկամները իրարու հետ ի՞նչպէս կը խօսին։

17 Լաւ հաղորդակցութիւնը բարեկամութեան կեանք կու տայ։ Հռութի ու Նոեմիի, Դաւիթի ու Յովնաթանի, եւ Պօղոսի ու Տիմոթէոսի մասին Աստուածաշունչի արձանագրութիւնները կարդալով, պիտի նկատես թէ լաւ բարեկամները իրարու հետ ազատօրէն բայց յարգալից կերպով կը խօսին։ Ուրիշներու հետ ի՛նչպէս հաղորդակցելու շուրջ, Պօղոս գրեց. «Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ»։ Պօղոս յատկապէս կ’ակնարկէր թէ ի՛նչպէս խօսելու ենք «դուրսիններուն հետ»,– անոնք՝ որոնք մեր քրիստոնեայ եղբայրները չեն (Կող. 4։5, 6)։ Արդարեւ, եթէ անհաւատներ յարգանքի արժանի են, երբ իրենց կը խօսինք, ո՜րքան աւելի՝ ժողովքին մէջ գտնուող մեր բարեկամները։

18, 19. Քրիստոնեայ բարեկամէ մը ստացած մեր խրատը ի՞նչպէս պէտք է նկատենք, իսկ Եփեսոսի երէցները ի՞նչ օրինակ հանդիսացան մեզի։

18 Լաւ բարեկամները իրարու կարծիքները կ’արժեւորեն, ուստի հոգ կը տանին որ իրենց հաղորդակցութիւնը շնորհալի եւ անկեղծ ըլլայ։ Իմաստուն Սողոմոն թագաւոր գրեց. «Հոտաւէտ իւղն ու խունկը սիրտը կ’ուրախացնեն. նմանապէս բարեկամին քաղցրութիւնը՝ մտերիմ խորհուրդով» (Առ. 27։9, ԱԾ)։ Բարեկամէ մը ստացած խրատդ այս կերպով կը նկատե՞ս (կարդալ՝ Սաղմոս 141։5Եթէ բարեկամ մը քու առած մէկ քայլիդ նկատմամբ մտահոգութիւն յայտնէ, ի՞նչպէս կը հակազդես։ Անոր խօսքերը սիրառատ բարութիւն դրսեւորող արարք կը նկատե՞ս, թէ ոչ՝ կը վիրաւորուիս։

19 Պօղոս առաքեալ Եփեսոսի ժողովքին երէցներուն հետ սերտ յարաբերութիւն մը վայելեց։ Հաւանաբար ան այդ տղամարդոցմէ ոմանք կը ճանչնար, երբ նոր հաւատացեալ դարձան։ Սակայն իր վերջին հանդիպումին ընթացքին, Պօղոս կարգ մը շեշտակի խրատներ տուաւ անոնց։ Պօղոսի բարեկամները ի՞նչպէս հակազդեցին։ Անոնք չընդվզեցան, հապա գնահատեցին իր հետաքրքրութիւնը, եւ նոյնիսկ լացին, երբ իմացան թէ զինք անգամ մը եւս պիտի չտեսնէին (Գործք 20։17, 29, 30, 36-38

20. Սիրառատ բարեկամ մը ի՞նչ պիտի ընէ։

20 Իսկական բարեկամները ո՛չ միայն իմաստուն խրատներ կ’ընդունին, այլ նաեւ՝ կու տան։ Անշուշտ պէտք է զատորոշենք, թէ ե՛րբ ‘մեր գործերով’ զբաղինք (Ա. Թես. 4։11)։ Նաեւ պէտք է գիտակցինք, թէ «մեզմէ ամէն մէկը Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ իր անձին համար» (Հռով. 14։12)։ Բայց երբ հարկ ըլլայ, սիրառատ բարեկամը ազնուօրէն իր բարեկամին պիտի յիշեցնէ Եհովայի չափանիշները (Ա. Կոր. 7։39)։ Օրինակ, ի՞նչ պիտի ընես եթէ նկատես թէ ամուրի բարեկամդ անհաւատի մը հետ զգացական կապեր կը հաստատէ։ Վախնալով որ ձեր բարեկամութիւնը վնասուի, մտահոգութիւնդ յայտնելէ ետ կը կենա՞ս։ Իսկ եթէ բարեկամդ տուած խրատդ անտեսէ, ի՞նչ կ’ընես։ Ճշմարիտ բարեկամը սիրալիր հովիւներուն կը դիմէ, որպէսզի օգնեն սխալ քայլ առած անհատին։ Այս ընթացքը քաջութիւն կը պահանջէ։ Բայց եւ այնպէս, Եհովայի սիրոյն վրայ հիմնուած բարեկամութեան մնայուն վնաս պիտի չհասնի։

21. Բոլորս ալ երբեմն ի՞նչ պիտի ընենք, բայց ինչո՞ւ կենսական է որ ժողովքին մէջ զօրաւոր բարեկամութիւններ պահպանենք։

21 Կարդալ՝ Կողոսացիս 3։13, 14–ը։ Երբեմն, մեր բարեկամներուն պատճառ պիտի տանք, որ մեզի դէմ ‘տրտունջ ունենան’, իսկ անոնք ալ մեզ զայրացնող բաներ պիտի ըսեն կամ ընեն։ «Ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք», գրեց Յակոբոս (Յակ. 3։2)։ Սակայն բարեկամութեան չափանիշը չէ, թէ ո՛րքան յաճախ իրարու դէմ կը մեղանչենք, այլ՝ թէ ո՛ր տարողութեամբ վիրաւորանքները կը ներենք։ Ո՜րքան կենսական է, որ զօրաւոր բարեկամութիւններ կերտենք, ազատօրէն հաղորդակցելով եւ սրտանց իրարու ներելով։ Եթէ այսպիսի սէր ցուցաբերենք, անիկա «կատարելութեան կապ» պիտի ըլլայ։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Ի՞նչպէս կրնանք լաւ բարեկամներ ունենալ։

• Ե՞րբ բարեկամութեան մը վերջ պէտք է դրուի։

• Զօրաւոր բարեկամութիւններ պահպանելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 28]

Հռութի եւ Նոեմիի մնայուն բարեկամութեան հիմը ի՞նչ էր

[Նկար՝ էջ 29]

Կանոնաւորաբար հիւրասիրութիւն կը ցուցաբերե՞ս