Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Դուք իմ բարեկամներս էք»

«Դուք իմ բարեկամներս էք»

«Դուք իմ բարեկամներս էք»

«Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ ընելու ըլլաք ինչ որ ես ձեզի կը պատուիրեմ» (ՅՈՎՀ. 15։14

1, 2. ա) Յիսուսի բարեկամները ի՞նչ ենթահողեր ունէին։ բ) Ինչո՞ւ կենսական է որ Յիսուսի բարեկամներն ըլլանք։

ՅԻՍՈՒՍԻ հետ վերնատան մէջ նստած տղամարդիկը այլազան ենթահողեր ունէին։ Երկու եղբայրներ՝ Պետրոս եւ Անդրէաս ձկնորսներ էին։ Մատթէոս նախապէս մաքսահաւաք մըն էր,– հրեաներուն կողմէ արհամարհուած պաշտօն մը։ Ոմանք, ինչպէս՝ Յակոբոս ու Յովհաննէս, հաւանաբար մանկութենէն Յիսուսը կը ճանչնային։ Ուրիշներ, ինչպէս՝ Նաթանայէլ, թերեւս միայն քանի մը տարիէ զինք կը ճանչնային (Յովհ. 1։43-50)։ Այսուհանդերձ, Երուսաղէմի մէջ այդ նշանակալից Պասեքի գիշերը ներկայ եղող բոլոր անհատները համոզուած էին, թէ Յիսուս խոստացեալ Մեսիան էր, ապրող Աստուծոյ Որդին (Յովհ. 6։69, 70)։ Անոնք վստահաբար ջերմ զգացում ունեցան, երբ լսեցին Յիսուսի խօսքերը. «Ես ձեզ բարեկամ անուանեցի, վասն զի այն ամէն բաները որոնք իմ Հօրմէս լսեցի, ձեզի իմացուցի» (Յովհ. 15։15

2 Իր հաւատարիմ առաքեալներուն ուղղուած Յիսուսի այս խօսքերը սկզբունքով կը կիրարկուին այսօր բոլոր օծեալ քրիստոնեաներուն, իսկ ընդարձակ կիրարկումով՝ անոնց ընկերակցող «ուրիշ ոչխարներ»ուն (Յովհ. 10։16)։ Ի՛նչ ենթահողի ալ պատկանինք, կրնանք Յիսուսի բարեկամներն ըլլալու առանձնաշնորհումը ունենալ։ Անոր հետ մեր բարեկամութիւնը չափազանց կարեւոր է, քանի որ այսպէս Եհովայի բարեկամներն ալ կ’ըլլանք։ Իրականութեան մէջ, անկարելի է Եհովայի մօտենալ առանց նա՛խ Քրիստոսի մօտենալու (կարդալ՝ Յովհաննէս 14։6, 21Արդ, ի՞նչ պէտք է ընենք, որ Յիսուսի բարեկամներն ըլլանք ու այդպէս մնանք։ Այս կարեւոր նիւթը քննարկելէ առաջ, լաւ բարեկամ ըլլալու Յիսուսի օրինակը քննենք եւ տեսնենք թէ աշակերտներուն ընդառաջումի կերպէն ի՛նչ կրնանք սորվիլ։

Լաւ բարեկամ մը ըլլալու Յիսուսի օրինակը

3. Յիսուս ի՞նչ բանով ճանչցուած էր։

3 «Հարուստին բարեկամները շատ են», գրեց իմաստուն Սողոմոն թագաւոր (Առ. 14։20)։ Այս խօսքը կ’ամփոփէ անկատար մարդոց հակումը, որ բարեկամութիւններ հաստատեն անոնց հետ, որոնցմէ կրնան բան մը ստանալ եւ ո՛չ թէ տալ։ Յիսուս այսպիսի տկարութիւն մը չցուցաբերեց։ Ան անհատին նիւթական կամ ընկերային մակարդակէն չէր ազդուեր։ Ճիշդ է որ Յիսուս հարուստ երիտասարդ իշխան մը սիրեց ու զայն հրաւիրեց որ իր հետեւորդն ըլլայ։ Սակայն Յիսուս անոր ըսաւ, որ իր ունեցածը ծախէ եւ աղքատներուն տայ (Մար. 10։17-22. Ղուկ. 18։18, 23)։ Յիսուս ճանչցուած էր, ո՛չ թէ հարուստներուն ու երեւելիներուն հետ իր կապակցութիւններով, այլ՝ աննշան եւ արհամարհուած անհատներու հետ իր բարեկամութիւններով (Մատ. 11։19

4. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ Յիսուսի բարեկամները թերութիւններ ունէին։

4 Անշուշտ Յիսուսի բարեկամները թերութիւններ ունէին։ Առիթով մը Պետրոս հարցերը հոգեւոր տեսանկիւնէն չդիտեց (Մատ. 16։21-23)։ Յակոբոս եւ Յովհաննէս փառատենչ հոգի մը ցուցաբերեցին, երբ խնդրեցին որ Յիսուս Թագաւորութեան մէջ կարկառուն դիրքեր շնորհէ իրենց։ Անոնց արարքը միւս առաքեալները զայրացուց, եւ երեւելիութեան հարցը յարատեւ վիճաբանութեան նիւթ էր։ Սակայն Յիսուս համբերութեամբ ջանաց իր բարեկամներուն մտածումը սրբագրել եւ դիւրաւ չջղայնացաւ (Մատ. 20։20-28

5, 6. ա) Յիսուս ինչո՞ւ առաքեալներուն մեծամասնութեան հետ բարեկամ մնաց։ բ) Յիսուս ինչո՞ւ Յուդայի հետ իր բարեկամութեան վերջ դրաւ։

5 Յիսուս այս անկատար մարդոց հետ բարեկամ չմնաց, պարզապէս քանի որ չափազանց թոյլատու էր կամ անոնց անկատարութիւնները չէր տեսներ։ Փոխարէն, ան կեդրոնացաւ անոնց լաւ դիտաւորութիւններուն եւ դրական յատկութիւններուն վրայ։ Օրինակ, Պետրոս, Յակոբոս ու Յովհաննէս քնացան, փոխանակ Յիսուսի ամէնէն փորձիչ ժամուն իրեն նեցուկ կանգնելու։ Յիսուս յուսախաբ եղաւ, բայց եւ այնպէս զատորոշեց անոնց լաւ շարժառիթները, ըսելով. «Հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար» (Մատ. 26։41

6 Միւս կողմէ, Յիսուս Յուդա Իսկարիովտացիին հետ իր բարեկամութեան վերջ դրաւ։ Թէեւ Յուդա ձեւացուց բարեկամ ըլլալ, բայց Յիսուս նկատեց թէ իր նախկին սերտ ընկերակիցը թոյլ տուած էր որ իր սիրտը ապականէր։ Աշխարհին բարեկամը ըլլալով, Յուդա ինքզինք Աստուծոյ թշնամին դարձուց (Յակ. 4։4)։ Հետեւաբար, Յուդան արձակելէն ետք, Յիսուս մնացեալ 11 հաւատարիմ առաքեալներուն հետ իր բարեկամութիւնը ընդգծեց (Յովհ. 13։21-35

7, 8. Յիսուս իր բարեկամներուն հանդէպ իր սէրը ի՞նչպէս արտայայտեց։

7 Յիսուսի իր հաւատարիմ բարեկամներուն վրիպանքները անտեսեց եւ անոնց լաւագոյն շահերը փնտռեց։ Օրինակ, ան աղօթքով իր Հօրմէն խնդրեց, որ փորձութիւններու ընթացքին զանոնք պաշտպանէ (կարդալ՝ Յովհաննէս 17։11Յիսուս անոնց ֆիզիքական սահմանափակումները նկատի առաւ (Մար. 6։30-32)։ Եւ ան հետաքրքրուած էր ո՛չ միայն անոնց ըսելով ի՛նչ որ ինք կը խորհէր, այլ նաեւ՝ լսելով եւ հասկնալով ի՛նչ որ իրենք կը խորհէին ու կը զգային (Մատ. 16։13-16. 17։23-25

8 Յիսուս թէ՛ ապրեցաւ եւ թէ մեռաւ իր բարեկամներուն համար։ Ճիշդ է որ ան գիտէր, թէ իր կեանքը պէտք էր զոհէր որպէս օրինական պահանջ մը, իր Հօր արդարութեան չափանիշը գոհացնելու (Մատ. 26։27, 28. Եբ. 9։22, 28)։ Բայց Յիսուս իր կեանքը տուաւ իբրեւ սիրոյ արտայայտութիւն մը։ Ան ըսաւ. «Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ» (Յովհ. 15։13

Աշակերտները Յիսուսի բարեկամութեան ի՞նչպէս ընդառաջեցին

9, 10. Մարդիկ Յիսուսի առատաձեռնութեան ի՞նչպէս ընդառաջեցին։

9 Յիսուս իր ժամանակը, խանդաղատանքն ու նիւթականը տալու մէջ առատաձեռն էր։ Որպէս արդիւնք, մարդիկ իրմով հրապուրուեցան եւ իրենց կարգին՝ ուրախութեամբ տուին (Ղուկ. 8։1-3)։ Իր անձնական փորձառութեան հիման վրայ, Յիսուս կրցաւ ըսել. «Տուէ՛ք ու ձեզի պիտի տրուի։ Աղէկ չափով՝ կոխուած, ցնցուած, լեփլեցուն պիտի տրուի ձեր գոգը. քանզի այն չափով՝ որով դուք կը չափէք, ձեզի պիտի չափուի» (Ղուկ. 6։38

10 Անշուշտ, ոմանք փորձեցին Յիսուսի ընկերակցիլ, միմիայն իրմէ օգտուելու համար։ Այս կեղծ բարեկամները զինք լքեցին, երբ իր ըսած մէկ խօսքը չըմբռնեցին։ Փոխանակ Յիսուսի վստահելու, անոնք սխալ եզրակացութեան յանգեցան ու զինք մերժեցին։ Միւս կողմէ, առաքեալները հաւատարիմ էին։ Քրիստոսի հետ իրենց բարեկամութիւնը յաճախ փորձի ենթարկուեցաւ, բայց անոնք իրենց լաւագոյնը ըրին, որ իրեն նեցուկ կանգնին՝ թէ՛ լաւ եւ թէ գէշ ժամանակներուն մէջ (կարդալ՝ Յովհաննէս 6։26, 57, 61, 67-69Իր երկրային կեանքի վերջին գիշերը, Յիսուս իր բարեկամներուն հանդէպ իր գնահատութիւնը յայտնեց, ըսելով. «Դուք անոնք էք՝ որ միշտ ինծի հետ կը կենայիք իմ փորձութիւններուս մէջ» (Ղուկ. 22։28

11, 12. Յիսուս ի՞նչպէս իր աշակերտները հաւաստիացուց, եւ անոնք ի՞նչպէս ընդառաջեցին։

11 Յիսուս իր աշակերտները իրենց նուիրուածութեան համար գովելէ քիչ ետք, անոնք զինք լքեցին, որոշ ժամանակ մը մարդու վախին թոյլ տալով, որ Քրիստոսի սէրը շուքի տակ առնէ։ Դարձեալ Յիսուս անոնց ներեց։ Իր մահէն ու յարութենէն ետք, ան անոնց երեւցաւ եւ իր բարեկամութիւնը հաստատեց։ Ասկէ զատ, ան անոնց վստահեցաւ սրբազան յանձնարարութիւն մը,– «բոլոր ազգեր»է անհատներ աշակերտել եւ իրեն համար վկաներ ըլլալ «մինչեւ երկրին ծայրերը» (Մատ. 28։19. Գործք 1։8)։ Աշակերտները ի՞նչպէս ընդառաջեցին։

12 Աշակերտները փութաջանութեամբ Թագաւորութեան պատգամը տարածեցին։ Եհովայի սուրբ հոգիին զօրակցութեամբ, անոնք շուտով Երուսաղէմը իրենց ուսուցումով լեցուցին (Գործք 5։27-29)։ Նոյնիսկ մահուան սպառնալիքը զիրենք ետ չպահեց աշակերտելու Յիսուսի պատուէրին հնազանդելէն։ Միայն քանի մը տասնամեակներ ետք, Պօղոս առաքեալ կրցաւ գրել, թէ բարի լուրը «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն» քարոզուեցաւ (Կող. 1։23)։ Վստահաբար, այս աշակերտները ապացուցանեցին թէ Յիսուսի հետ իրենց վայելած բարեկամական կապը կը գնահատէին։

13. Յիսուսի աշակերտները թոյլ տուին որ իր ուսուցումները ի՞նչ կերպերով իրենց ազդեն։

13 Անոնք որոնք աշակերտներ եղան, նաեւ թոյլ տուին Յիսուսի ուսուցումներուն, որ իրենց անձնական կեանքին ազդեն։ Շատերու համար, ասիկա նշանակեց իրենց վարքին ու անձնաւորութեան մէջ մեծ փոփոխութիւններ մտցնել։ Նոր աշակերտներէն ոմանք նախապէս միասեռականներ, շնացողներ, գինեմոլներ կամ գողեր էին (Ա. Կոր. 6։9-11)։ Ուրիշներ օտարազգիներու հանդէպ իրենց վերաբերմունքը պէտք էր փոխէին (Գործք 10։25-28)։ Այսուհանդերձ անոնք Յիսուսի հնազանդեցան։ Անոնք իրենց հին անձնաւորութիւնը մէկդի նետեցին եւ նոր անձնաւորութիւնը հագան (Եփ. 4։20-24)։ Անոնք «Քրիստոսին միտք»ին քաջածանօթ եղան, անոր մտածելակերպն ու գործելակերպը հասկնալով եւ ընդօրինակելով (Ա. Կոր. 2։16

Քրիստոսի հետ բարեկամութիւն՝ ներկայիս

14. Յիսուս ի՞նչ խոստացաւ ընել «աշխարհիս վերջին» ընթացքին։

14 Առաջին դարու այդ քրիստոնեաներէն շատեր, Յիսուսը անձնապէս ճանչցած էին կամ իր յարութենէն ետք զինք տեսած էին։ Բացայայտօրէն, մենք այդ առանձնաշնորհումը չենք ունեցած։ Հետեւաբար, ի՞նչպէս կրնանք Քրիստոսի բարեկամներն ըլլալ։ Կերպերէն մէկն է՝ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին տուած ուղղութեան հնազանդիլ, որ երկրի վրայ Յիսուսի հոգիէն–օծուած եղբայրներէն կը բաղկանայ։ Յիսուս խոստացաւ թէ «աշխարհիս վերջին» ընթացքին, այս ծառան պիտի նշանակէր «իր բոլոր ունեցածին վրայ» (Մատ. 24։3, 45-47)։ Ներկայիս, Քրիստոսի բարեկամ ըլլալ ջանացողներուն մեծամասնութիւնը այդ ծառայ դասակարգին չի պատկանիր։ Հաւատարիմ ծառայ դասակարգէն իրենց ստացած ուղղութեան ընդառաջելը ի՞նչպէս կ’ազդէ Քրիստոսի հետ իրենց բարեկամութեան։

15. Ի՞նչ բանի հիման վրայ անհատ մը պիտի դասուի ոչխար կամ այծ։

15 Կարդալ՝ Մատթէոս 25։31-40–ը։ Յիսուս հաւատարիմ ծառայ դասակարգը կազմող անհատները կոչեց իր եղբայրները։ Ոչխարները այծերէն զատելու մասին իր տուած առակին մէջ, Յիսուս յստակօրէն կ’ըսէ թէ իր եղբայրներուն հանդէպ մեր վերաբերմունքը կը նկատէ որպէս թէ իրեն հանդէպ ցուցաբերուած։ Իրականութեան մէջ, ան ըսաւ թէ այն ազդակը, որ պիտի զանազանէր ոչխարը այծէն, պիտի ըլլար անհատին վարուելու կերպը ‘իր եղբայրներէն ամէնէն պզտիկներէն մէկուն հետ’։ Հետեւաբար, երկրային յոյս ունեցողները Քրիստոսի բարեկամներ ըլլալու իրենց փափաքը գլխաւորաբար կը յայտնեն՝ հաւատարիմ ծառայ դասակարգին թիկունք կանգնելով։

16, 17. Ի՞նչպէս կրնանք Քրիստոսի եղբայրներուն հանդէպ մեր բարեկամութիւնը դրսեւորել։

16 Եթէ կը յուսաս Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ երկրի վրայ ապրիլ, ի՞նչպէս կրնաս Քրիստոսի եղբայրներուն հանդէպ բարեկամութիւնդ դրսեւորել։ Նկատի առնենք երեք կերպեր։ Առաջին, ամբողջ սրտով քարոզչութեան մասնակցելով։ Քրիստոս իր եղբայրներուն պատուիրեց, որ բարի լուրը համայն աշխարհի մէջ քարոզեն (Մատ. 24։14)։ Սակայն երկրի վրայ Քրիստոսի եղբայրներուն մնացորդին համար շատ դժուար պիտի ըլլար այս պատասխանատուութիւնը շալկել, առանց ուրիշ ոչխարներուն աջակցութեան։ Արդարեւ, ամէն անգամ որ ուրիշ ոչխարներ դասակարգին անդամները քարոզչութեան կը մասնակցին, Քրիստոսի եղբայրներուն կ’օգնեն որ իրենց սրբազան յանձնարարութիւնը կատարեն։ Քրիստոս եւ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգը խորապէս կը գնահատեն այս բարեկամական արարքը։

17 Քարոզչութեան նիւթապէս թիկունք կանգնիլը երկրորդ կերպ մըն է, որով ուրիշ ոչխարներ դասակարգին անդամները կրնան Քրիստոսի եղբայրներուն օգնել։ Յիսուս իր հետեւորդները քաջալերեց, որ «անիրաւ մամոնայէն» իրենց բարեկամներ ընեն (Ղուկ. 16։9)։ Ասիկա չի նշանակեր թէ Յիսուսի կամ Եհովայի բարեկամութիւնը կրնանք գնել։ Հապա, Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու համար մեր նիւթական ստացուածքները գործածելով, կը փաստենք մեր բարեկամութիւնն ու սէրը, ո՛չ թէ խօսքով, այլ «գործով ու ճշմարտութիւնով» (Ա. Յովհ. 3։16-18)։ Այսպիսի նիւթական օգնութիւն կը մատուցանենք, երբ քարոզչութեան կը մասնակցինք, երբ մեր ժողովի վայրերուն շինարարութեան եւ նորոգութեան համար դրամ կը նուիրենք, եւ երբ համաշխարհային քարոզչութեան ի նպաստ նուիրատուութիւններ կ’ընենք։ Մեր նուիրած գումարները ըլլան մեծ թէ փոքր, Եհովա եւ Յիսուս մեր յօժարակամ տալը վստահաբար կը գնահատեն (Բ. Կոր. 9։7

18. Ժողովքի երէցներուն տուած աստուածաշնչական ուղղութեան ինչո՞ւ պէտք է հնազանդինք։

18 Ժողովքի երէցներուն տուած ուղղութիւնը ընդունիլը երրորդ կերպ մըն է, որով բոլորս ալ կրնանք ապացուցանել թէ Քրիստոսի բարեկամներն ենք։ Այս տղամարդիկը սուրբ հոգիէն նշանակուած են, Քրիստոսի ուղղութեան ներքեւ (Եփ. 5։23)։ «Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք», գրեց Պօղոս առաքեալ (Եբ. 13։17)։ Երբեմն, ժողովքի երէցներուն կողմէ մեզի տրուած աստուածաշնչական ուղղութեան հնազանդիլը կրնանք դժուար գտնել։ Հաւանաբար անոնց անկատարութիւններուն տեղեակ ըլլալով, կրնանք անոնց խրատը սխալ կերպով նկատել։ Այսուհանդերձ ժողովքին Գլուխը՝ Քրիստոս, կը հաճի այս անկատար տղամարդիկը գործածել։ Հետեւաբար, անոնց հեղինակութեան հանդէպ մեր հակազդեցութիւնը, Քրիստոսի հետ մեր բարեկամութեան վրայ ուղղակի ազդեցութիւն ունի։ Երբ երէցներուն թերութիւնները կ’անտեսենք եւ ուրախութեամբ անոնց ուղղութեան կը հետեւինք, կը փաստենք թէ Քրիստոսը կը սիրենք։

Ո՛ւր կրնանք իսկական բարեկամներ գտնել

19, 20. Ժողովքէն ներս ի՞նչ կրնանք գտնել, եւ յաջորդ յօդուածը ի՞նչ պիտի քննարկէ։

19 Յիսուս կը շարունակէ մեզ հոգալ ո՛չ միայն սիրալիր հովիւներու վերակացութեան միջոցաւ, այլ նաեւ՝ ժողովքէն ներս մեզի հայթայթելով հոգեւոր մայրեր, եղբայրներ ու քոյրեր (կարդալ՝ Մարկոս 10։29, 30Երբ սկսար Եհովայի կազմակերպութեան ընկերակցիլ, ազգականներդ ի՞նչպէս հակազդեցին։ Կը յուսանք որ անոնք Աստուծոյ ու Քրիստոսի մօտենալու ջանքերուդ թիկունք կանգնեցան։ Բայց Յիսուս զգուշացուց, թէ երբեմն «մարդուն թշնամիները իր ընտանիքը պիտի ըլլան» (Մատ. 10։36)։ Ո՜րքան մխիթարական է գիտնալ, թէ ժողովքին մէջ կրնանք գտնել անհատներ, որոնք բառացի եղբօրմէն աւելի մտերիմ պիտի ըլլան (Առ. 18։24

20 Ինչպէս Հռոմի ժողովքին ուղղուած նամակին վերջաւորութեան Պօղոսի բարեւները ցոյց կու տան, ան բազմաթիւ սերտ բարեկամութիւններ հաստատած էր (Հռով. 16։8-16)։ Յովհաննէս առաքեալ իր երրորդ նամակը եզրափակեց սա խօսքերով. «Բարեւ ըրէ մեր բարեկամներուն՝ ամէն մէկուն անունովը» (Գ. Յովհ. 1։14, 15)։ Բացայայտօրէն, ան ալ բազմաթիւ մնայուն բարեկամութիւններ մշակած էր։ Ի՞նչպէս կրնանք Յիսուսի եւ նախկին աշակերտներուն օրինակին հետեւիլ, մեր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ առողջ բարեկամութիւններ կերտելով ու պահպանելով։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումին պատասխանը նկատի պիտի առնէ։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Յիսուս լաւ բարեկամ մը ըլլալու նկատմամբ ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։

• Աշակերտները Յիսուսի բարեկամութեան ի՞նչպէս ընդառաջեցին։

• Ի՞նչպէս կրնանք փաստել թէ Քրիստոսի բարեկամներ ենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 26]

Քրիստոսի բարեկամը ըլլալու մեր փափաքը ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ