Ընտանեկան պաշտամունքը՝ վերապրումի համար կենսական է
Ընտանեկան պաշտամունքը՝ վերապրումի համար կենսական է
ՊԱՀ մը երեւակայէ, թէ «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմ»ը ո՜րքան վախազդու պիտի ըլլայ (Յայտ. 16։14)։ Միքիա մարգարէն պատկերաւոր արտայայտութիւններով գրեց. «Լեռները. . . պիտի շարժին, հովիտները պիտի հալին՝ կրակին առջեւ հալած մոմի պէս ու զարիվառէն թափուած ջուրի պէս» (Միք. 1։4)։ Եհովայի չծառայողներուն ի՞նչ պիտի պատահի։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Այն օրը Տէրոջմէ սպաննուածները երկրին մէկ ծայրէն մինչեւ երկրին միւս ծայրը պիտի փռուին» (Եր. 25։33)։
Այսպիսի ազդարարութիւններու ի տես, ընտանիքի գլուխներ,– որոնցմէ շատեր միածնողներ են,– իրենք իրենց պէտք է հարց տան՝ իրենց զաւակներուն նկատմամբ, որոնք տրամաբանելու տարիքին հասած են. ‘Անոնք այս ահեղ դէպքէն պիտի վերապրի՞ն’։ Աստուածաշունչը երաշխիք կու տայ, որ անոնք պիտի վերապրին, եթէ իրենց տարիքին համաձայն հոգեւորապէս ողջ ու զօրաւոր են (Մատ. 24։21)։
Ընտանեկան պաշտամունքին համար ժամանակ տրամադրելու կարեւորութիւնը
Որպէս ծնող, վստահ եղիր թէ ամէն կարելիդ կ’ընես, որ զաւակներդ մեծցնես «Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը» (Եփ. 6։4)։ Զաւակներուդ հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելը չափազանց կարեւոր է։ Կ’ուզենք որ մեր պզտիկները Փիլիպպէի քրիստոնեաներուն նման ըլլան, զորս Պօղոս գովեց, քանի որ Եհովայի սիրայօժար կը հնազանդէին։ Ան գրեց. «Իմ սիրելիներս, ինչպէս ամէն ատեն հնազանդ եղաք՝ ո՛չ միայն իմ ներկայութեանս, հապա ա՛լ աւելի հիմա, իմ բացակայութեանս ատեն, ահով ու դողով անձերնուդ փրկութիւնը գործեցէք» (Փլպ. 2։12)։
Երբ ներկայ չես, զաւակներդ Եհովայի օրէնքներուն կը յարի՞ն։ Անոնք ի՞նչ կ’ընեն դպրոցէն ներս։ Ի՞նչպէս կրնաս զաւակներուդ օգնել, որ համոզուին թէ Եհովա իմաստուն օրէնքներ տուած է, այնպէս որ անոնցմով առաջնորդուին՝ նոյնիսկ երբ ներկայ չես։
Այս ուղղութեամբ, ընտանեկան պաշտամունքը զաւակիդ հաւատքը կերտելուն մէջ կրնայ մեծ դեր խաղալ։ Հետեւաբար, նկատի առնենք երեք բանալի տարրեր, որոնք Աստուածաշունչի ընտանեկան ուսումնասիրութեանդ յաջողութեան կը նպաստեն։
Զայն կանոնաւորաբար վարէ
Աստուածաշունչը կը նշէ, թէ Աստուծոյ հրեշտակային որդիները որոշուած ժամանակներուն իր առջեւ կը ներկայանան (Յոբ 1։6)։ Զաւակներուդ հետ նոյնն ըրէ։ Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյին համար հաստատ օր ու ժամ որոշէ, ապա անոր կառչէ։ Աւելին, ուրիշ ժամանակ ալ սահմանէ, աննախատեսելի պարագաները նկատի առնելով։
Մինչ ամիսները կը սահին, թոյլ մի՛ տար որ անիկա անկանոն դառնայ։ Մտաբերէ թէ զաւակներդ Աստուածաշունչի ամէնէն կարեւոր աշակերտներդ են։ Իսկ Սատանան կ’ուզէ զանոնք իր զոհը դարձնել (Ա. Պետ. 5։8)։ Եթէ այս արժէքաւոր Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոն տրամադրես հեռատեսիլ դիտելու կամ այլ աշխարհիկ բան մը ընելու, Սատանան յաղթանակ մը տարած կ’ըլլայ (Եփ. 5։15, 16. 6։12. Փլպ. 1։10)։
Զայն գործնական դարձուր
Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոն իրողութիւններ սորվեցնելէն աւելին պէտք է ըլլայ։ Ջանա՛ զայն գործնական դարձնել։ Ի՞նչպէս։ Երբեմն ընտրէ թեմաներ, որոնք կը վերաբերին բաներու, զորս զաւակդ պիտի դիմագրաւէ գալիք օրերուն կամ շաբաթներուն։ Օրինակ, ինչո՞ւ չպարփակես փորձի նիստեր ծառայութեան համար։ Երեխաները կ’ախորժին բաներ ընելէ, որոնց վարժ են։ Ներկայացումներ Բ. Տիմ. 2։15)։
փորձ ընելը եւ առարկութիւններ ձեռք առնելու կերպեր նկատի առնելը, անոնց պիտի օգնեն աւելի ինքնավստահ ըլլալու, մինչ Թագաւորութեան քարոզչութեան զանազան երեսակներուն կը մասնակցին (Կրնաս նաեւ փորձի նիստեր ընել, որոնք զաւակներուդ կ’օգնեն շրջապատի ճնշումին հետ գլուխ ելլելու։ Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ, հատոր 2, գլուխ 15–ը կրնայ ընտանեկան քննարկութեան իբրեւ հիմ գործածուիլ։ Էջ 132 եւ 133–ի վրայ գտնուող «Շրջապատի ճնշումի առնչութեամբ ծրագիր»ը, թելադրութիւններ կու տայ եւ պատեհութիւններ կ’ընծայէ զաւակիդ, որ իրեն յարմար եղող պատասխաններ պատրաստէ։ Էջ 133–ին վարը, դեռատիին քաջալերութիւն կը տրուի. «Պատասխաններդ փորձ ըրէ ծնողքիդ կամ չափահաս բարեկամի մը հետ»։ Ժամանակ առ ժամանակ, ինչո՞ւ այսպիսի փորձի նիստեր Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյին մէկ մասը չդարձնես։
Ընտանեկան պաշտամունքը ծնողներուն պատեհութիւն կը ներկայացնէ, որ հոգեւոր նպատակակէտեր ունենալուն օգուտները շեշտեն։ Այս առնչութեամբ, Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ, հատոր 2, ընտիր տեղեկութիւններ կը բովանդակէ 38–րդ գլուխին մէջ, որուն թեման է՝ «Կեանքս ի՞նչպէս պիտի գործածեմ»։ Մինչ գլուխը կը քննարկես, զաւակիդ օգնէ գնահատելու, թէ Եհովայի ծառայութիւնը կեանքին առանցքը դարձնելը հետեւելիք լաւագոյն ընթացքն է։ Զաւակիդ սրտին մէջ զարգացուր ռահվիրայութիւն ընելու, Պէթէլի մէջ ծառայելու, Ծառաներու մարզումի դպրոցը յաճախելու կամ լիաժամ ծառայութեան այլ մարզի մը հետամուտ ըլլալու փափաքը։
Զգուշացում։ Լաւ դիտաւորութիւն ունեցող կարգ մը ծնողներ, ա՛յնքան շեշտ կը դնեն այն բաներուն վրայ՝ զորս իրենց զաւակէն կ’ակնկալեն, որ կ’անտեսեն անոր ներկայ իրագործումները։ Անշուշտ, լաւ է որ զաւակներդ քաջալերես, որ ընտիր նպատակակէտեր դնեն, ինչպէս՝ Պէթէլի ծառայութիւն եւ միսիոնարական գործունէութիւն։ Սակայն զգոյշ եղիր, որ ակնկալութիւններովդ զաւակդ չջղայնացնես ու չվհատեցնես (Կող. 3։21)։ Միշտ յիշէ թէ տղադ կամ աղջիկդ պէտք է Եհովան սիրէ իր սրտով եւ ո՛չ թէ սրտովդ (Մատ. 22։37)։ Ուստի կերպեր փնտռէ զաւակդ գովելու իր ըրած լաւ բաներուն համար, եւ մի՛ կեդրոնանար անոր չըրած բաներուն վրայ։ Եհովայի ամէն ըրածին հանդէպ գնահատութիւն կերտէ։ Ապա թոյլ տուր, որ զաւակիդ սիրտը Եհովայի բարութեան ընդառաջէ։
Զայն հաճոյալի դարձուր
Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոն յաջողցնելու երրորդ բանալի տարրն է՝ զայն հաճոյալի դարձնել։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնաս իրագործել։ Թերեւս կարգ մը առիթներով կրնաք Եհովայի վկաներուն կողմէ արտադրուած թատերախաղ մը ունկնդրել կամ պատկերիզ մը դիտել ու քննարկել։ Կամ, կրնաք Աստուածաշունչէն հատուած մը միասնաբար կարդալ, ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ որոշ բաժին մը նկատի առնելով։
Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն մէջ յատկանշական երեսակներ կան, որոնք ընտանեկան զրոյցի համար հոյակապ նիւթեր կը ներկայացնեն։ Օրինակ, կրնաս իւրաքանչիւր Զարթի՛ր պարբերաթերթի 31–րդ էջի յօդուածը
գործածել, որուն խորագիրն է՝ «Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես»։ Իսկ Դիտարան–ը կը բովանդակէ այլ երեսակներ, ինչպէս՝ «Մեր պատանիներուն համար» եւ «Զաւակներուդ սորվեցուր»։Պատանիներ ունեցող ծնողները յատկապէս պիտի հետաքրքրուին Զարթի՛ր–ի «Պատանիները կը հարցնեն» յօդուածաշարքով ու Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ, հատոր 2 գիրքով։ Երբ սոյն գիրքը կը գործածես, մի՛ անտեսեր իւրաքանչիւր գլուխին վերջաւորութեան գտնուող «Ի՞նչ կը խորհիս» շրջանակը։ Անիկա պարզ վերաքաղ մը չէ։ Շրջանակին հարցումները կրնան ընտանեկան զրոյցի մը իբրեւ ուրուագիծ գործածուիլ։
Սակայն զգոյշ եղիր, որ ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը հարցաքննութեան նիստի չվերածես։ Օրինակ, մի՛ փորձեր զաւակդ ստիպել, որ բարձրաձայն կարդայ ի՛նչ որ գրած է «Իմ պարբերաթերթս» վերնագրով էջերուն մէջ կամ գրքին այլ մասերուն մէջ։ Գրքին 3–րդ էջին վրայ, «Ծանօթութիւն՝ ծնողներուն» կը նշէ. «Ձեր պատանիները քաջալերելու համար, որ իրենց գրքին մէջ անկեղծօրէն գրեն, անոնց որոշ չափով առանձնութիւն տուէք։ Յետագային, անոնք թերեւս ձեզի հետ խօսակցին այն հարցերուն շուրջ, որոնց մասին գրած են»։
Եթէ ընտանեկան պաշտամունքդ կանոնաւոր, գործնական ու հաճոյալի պահես, Եհովա ջանքերդ մեծապէս պիտի օրհնէ։ Այս ընտանեկան յատուկ ժամանակը պիտի նպաստէ, որ սիրելիներդ հոգեւորապէս ողջ ու զօրաւոր մնան։
[Շրջանակ՝ էջ 13]
Նորարար եղիր
«Մեր դուստրերուն հետ ուսումնասիրելու ատեն, ամուսինս ու ես ժողովքային հանդիպումին նկատի առնուելիք նիւթը աչքէ կ’անցընէինք, ապա անոնցմէ կը խնդրէինք, որ դասը ամփոփող պատկեր մը գծէին։ Երբեմն, աստուածաշնչական դէպքեր կը խաղարկէինք կամ դաշտի ծառայութեան ներկայացումներուն համար փորձի նիստեր կ’ունենայինք։ Ուսումնասիրութիւնը անոնց տարիքին կը յարմարցնէինք եւ զայն հետաքրքրական, դրական ու հաճոյալի կը պահէինք» (Ժ.Մ., Միացեալ Նահանգներ)։
«Աստուածաշունչի աշակերտիս տղուն օգնելու, որ հասկնայ թէ Աստուածաշունչի ժամանակներուն մագաղաթ գործածելը ի՛նչպէս էր, Եսայիի գիրքը տպեցինք, անոր գլուխներուն ու համարներուն թիւերը ջնջելէ ետք։ Էջերը իրարու միացուցինք, իսկ առաջին էջը եւ վերջին էջը երկու խողովակի փակցուցինք ու փաթթեցինք։ Ապա տղան փորձեց ընել ի՛նչ որ Յիսուս Նազարէթի ժողովարանին մէջ ըրաւ։ Ղուկաս 4։16-21–ը կը պատմէ, թէ Յիսուս Եսայիի «գիրքը բացաւ [ու] գտաւ» իր ուզած հատուածը (Եսա. 61։1, 2)։ Սակայն, երբ տղան փորձեց նոյնն ընել՝ գլուխներուն եւ համարներուն թիւերը չունեցող այդ երկար գալարը գործածելով, Եսայի 61–րդ գլուխը գտնելու դժուարութիւն ունեցաւ։ Մագաղաթներ գործածելու Յիսուսի հմտութենէն տպաւորուած, տղան բացագանչեց. ‘Իրապէս Յիսուս հոյակապ մէկն էր’» (Ե.Թ., Ճափոն)։
[Նկար՝ էջ 12]
Փորձի նիստերը կրնան ձեր զաւակներուն օգնել, որ շրջապատի ճնշումին հետ գլուխ ելլեն
[Նկար՝ էջ 13]
Ջանա՛ Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոն հաճոյալի դարձնել