Հարցումներ ընթերցողներէն
Հարցումներ ընթերցողներէն
Առակաց 24։27–ն ի՞նչ դաս կը բովանդակէ։
Երիտասարդին խրատ տալով, առակագիրը կ’ըսէ. «Դուրսի գործդ կանոնաւորէ եւ զանիկա քու արտիդ մէջ կարգի դիր ու տունդ ետքը շինէ»։ Այս ներշնչեալ առակին միտք բանին այն է, թէ տղամարդ մը ամուսնանալէն եւ ընտանիք կազմելէն առաջ պէտք է յարմար պատրաստութիւններ տեսնէ, այս յանձնառութեան ընկերակցող պատասխանատուութիւններուն գիտակցելով։
Նախապէս այս համարին երբեմն այն բացատրութիւնը տրուեցաւ, թէ ամուսին մը եւ հայր մը ո՛չ միայն իր աշխարհիկ գործին հոգ պէտք է տանի, այլ նաեւ՝ իր ընտանիքը կերտէ կամ քաջալերէ, զոր օրինակ՝ հոգեւոր ցուցմունք տալով։ Թէեւ այդ գաղափարը վստահաբար ճիշդ եւ աստուածաշնչական է, բայց այս համարին հիմնական նշանակութիւնը չէ։ Ինչո՞ւ։ Նկատի առ երկու պատճառ։
Առաջին, երբ համարը կը խօսի շինելու մասին, ըսել չ’ուզեր գոյացած ընտանիքը քաջալերել կամ զօրացնել։ Փոխարէն, գաղափարը բառացիօրէն տուն մը կառուցանել է։ «Շինել» թարգմանուած բառը կրնայ նաեւ այլաբանական ըլլալ, ընտանիք մը կազմելու առումով,– ամուսնանալ ու զաւակներ ունենալ։
Երկրորդ, համարը կ’ընդգծէ որոշ բաներ պատշաճ շարքաւորումով ընել, որպէս թէ կ’ըսէ. «Նա՛խ ասիկա ըրէ, ապա՝ միւսը»։ Կրնա՞յ ըլլալ որ առակը կը թելադրէ, թէ աշխարհիկ պատասխանատուութիւնները հոգեւոր պարտաւորութիւններէն առաջ կու գան։ Վստահաբար ո՛չ։
Աստուածաշունչի ժամանակներուն, եթէ տղամարդ մը ուզէր ‘իր տունը շինել’, կամ ամուսնանալով ընտանիք մը կազմել, ան ինքն իրեն պէտք էր հարցնէր. ‘Պատրա՞ստ եմ կնոջս եւ զաւակներուս հոգ տանելու’։ Ընտանիք մը կազմելու սկսելէ առաջ, ան ընելիք գործ մը ունէր,– իր արտերուն կամ բերքերուն հոգ տանիլ։ Ուստի, թարգմանութիւն մը (Today’s English Version) այս համարը սապէս կը թարգմանէ. «Տունդ մի՛ շիներ ու ընտանիք մը մի՛ կազմեր, մինչեւ որ արտերդ պատրաստ ըլլան ու վստահ ըլլաս, թէ կրնաս ապրուստ ճարել»։ Ներկայիս նոյն սկզբունքը կը կիրարկուի՞։
Այո՛։ Ամուսնանալ փափաքող տղամարդ մը այս պատասխանատուութեան համար պատշաճօրէն պէտք է պատրաստուի։ Եթէ ան ֆիզիքապէս կարող է, պէտք է աշխատի։ Անշուշտ, տղամարդը պէտք չէ ծանր աշխատի միայն իր ընտանիքին ֆիզիքական կարիքները հոգալու համար։ Աստուծոյ Խօսքը ցոյց կու տայ թէ տղամարդ մը, որ իր ընտանիքին ֆիզիքական, զգացական եւ հոգեւոր կարիքները չի հոգար, աւելի գէշ է՝ քան անհաւատ մը (Ա. Տիմ. 5։8)։ Ուստի, ամուսնական ու ընտանեկան կեանքի առ ի պատրաստութիւն, երիտասարդ մը ինքն իրեն այսպիսի հարցումներ պէտք է ուղղէ. ‘Նիւթական գետնի վրայ պատրա՞ստ եմ ընտանիք մը պահելու։ Տան հոգեւոր գլուխն ըլլալու պատրա՞ստ եմ։ Կնոջս ու զաւակներուս հետ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն մը վարելու պատասխանատուութիւնը պիտի կատարե՞մ’։ Աստուծոյ Խօսքը վստահաբար կը շեշտէ այս կենսական պատասխանատուութիւնները (Բ. Օր. 6։6-8. Եփ. 6։4)։
Արդ, այն երիտասարդը որ կ’ուզէ ամուսնանալ, Առակաց 24։27–ի բովանդակած սկզբունքին մասին խորապէս պէտք է խորհրդածէ։ Նմանապէս, երիտասարդուհի մը ինքն իրեն պէտք է հարց տայ, թէ ամուսնութեան ու մայր ըլլալու պատասխանատուութիւններուն համար պատրաստուա՛ծ է։ Երիտասարդ զոյգ մը կրնայ համանման հարցումներ ուղղել, երբ կը մտածէ զաւակ ունենալու մասին (Ղուկ. 14։28)։ Այս ներշնչեալ ուղղութեան համաձայն ապրիլը կրնայ Աստուծոյ ծառաներուն օգնել, որ սրտատանջութենէ խուսափին ու վարձահատոյց ընտանեկան կեանք վայելեն։
[Մէջբերում՝ էջ 10]
Ամուսնութեան մասին՝ երիտասարդ մը ինքն իրեն ի՞նչ հարցումներ պէտք է ուղղէ