Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Հոգիով բորբոքեցէ՛ք»

«Հոգիով բորբոքեցէ՛ք»

«Հոգիով բորբոքեցէ՛ք»

«Ջանքի մէջ թուլասիրտ մի՛ ըլլաք. Հոգիով բորբոքեցէ՛ք. Տէրոջը ծառայեցէ՛ք» (ՀՌՈՎ. 12։11

1. Իսրայէլացիները ինչո՞ւ անասնական զոհեր եւ այլ ընծաներ մատուցանեցին։

ԵՀՈՎԱ կը գնահատէ իր ծառաներուն մատուցանած յօժարակամ զոհերը, որոնք ցոյց կու տան թէ զինք կը սիրեն եւ իր կամքին կ’ենթարկուին։ Վաղեմի ժամանակներուն, ան անասնական զոհեր եւ այլ ընծաներ ընդունեց։ Անոնք մովսիսական օրէնքին համաձայն կը մատուցանուէին իսրայէլացիներու կողմէ, որոնք կ’ուզէին մեղքերու թողութիւն ստանալ եւ շնորհակալութիւն յայտնել։ Քրիստոնէական ժողովքին մէջ, Եհովա մեզմէ չի պահանջեր, որ այսպիսի պաշտօնական ու նիւթական զոհեր մատուցանենք։ Սակայն Հռոմի քրիստոնեաներուն յղած իր նամակին 12–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս առաքեալ ցոյց կու տայ թէ տակաւին մեզմէ կ’ակնկալուի որ զոհեր ներկայացնենք։ Տեսնենք թէ ի՛նչպէս։

Կենդանի զոհ մը

2. Որպէս քրիստոնեաներ, ի՞նչպիսի կեանք կը վարենք, եւ ասիկա ի՞նչ կը պարփակէ։

2 Կարդալ՝ Հռովմայեցիս 12։1, 2–ը։ Իր նամակին սկիզբի բաժնին մէջ, Պօղոս յստակօրէն ապացուցանեց թէ օծեալ քրիստոնեաները, հրեայ թէ հեթանոսութենէ դարձած, Աստուծոյ առջեւ կ’արդարանան հաւատքով եւ ոչ թէ՝ գործերով (Հռով. 1։16. 3։20-2412–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս կը բացատրէ թէ քրիստոնեաները իրենց երախտագիտութիւնը պէտք է ցուցաբերեն՝ անձնազոհ կեանք մը վարելով։ Ասիկա իրագործելու համար, մեր միտքը պէտք է նորոգենք։ Ժառանգուած անկատարութեան միջոցաւ, մենք «մեղքի եւ մահուան օրէնք»ին ենթակայ ենք (Հռով. 8։2)։ Հետեւաբար, պէտք է փոխակերպուինք, ‘մեր միտքին հոգիով նորոգուինք’, մեր հակումները արմատականօրէն փոխելով (Եփ. 4։23, ԱԾ)։ Այսպիսի ամբողջական փոփոխութիւն մը կրնայ յառաջ գալ՝ միայն Աստուծոյ ու իր հոգիին օգնութեամբ։ Անիկա նաեւ մեր կողմէ լուրջ ջանքի կը կարօտի, մեր բանականութիւնը գործածելով։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ մեր լաւագոյնը պիտի ընենք, որպէսզի ‘չկերպարանինք այս աշխարհին կերպարանքով’, իր ապականած բարոյականութեամբ, նուաստացած զբօսանքով եւ աղաւաղուած մտածելակերպով (Եփ. 2։1-3

3. Ինչո՞ւ քրիստոնէական գործունէութիւններուն կը մասնակցինք։

3 Պօղոս նաեւ մեզ կը հրաւիրէ, որ մեր բանականութիւնը գործածենք քննելու, թէ ի՛նչ է «Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է»։ Ինչո՞ւ ամէն օր Աստուածաշունչը կը կարդանք, մեր կարդացածին վրայ կը խոկանք, կ’աղօթենք, քրիստոնէական ժողովներուն կը յաճախենք եւ Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութեան կը մասնակցինք։ Պատճառը պարզապէս այն չէ, որ ժողովքին երէցները մեզ կը յորդորեն որ այդ գործունէութիւններուն մէջ բաժին բերենք, թէեւ անոնց օգտակար յիշեցումներուն համար երախտապարտ ենք։ Մենք քրիստոնէական գործունէութիւններուն կը մասնակցինք, քանի որ Աստուծոյ հոգին մեզ կը մղէ Եհովայի հանդէպ մեր սրտագին սէրը ցոյց տալու։ Աւելին, անձնապէս համոզուած ենք թէ Աստուծոյ կամքն է, որ այսպիսի գործունէութիւններ կատարենք (Զաք. 4։6. Եփ. 5։10)։ Մեզի մեծ ուրախութիւն ու գոհունակութիւն է գիտակցիլ, թէ իրապէս քրիստոնէավայել կեանք մը վարելով, կրնանք Աստուծոյ ընդունելի ըլլալ։

Զանազան պարգեւներ

4, 5. Քրիստոնեայ երէցները իրենց պարգեւները ի՞նչպէս պէտք է գործածեն։

4 Կարդալ՝ Հռովմայեցիս 12։6-8, 11–ը։ Պօղոս կը բացատրէ, թէ ‘մենք զանազան պարգեւներ ունինք այն շնորհքին համեմատ որ մեզի տրուած է’։ Պօղոսի նշած պարգեւներէն ոմանք,– յորդորել, վերակացու ըլլալ,– յատկապէս քրիստոնեայ երէցները կը հետաքրքրեն, որոնց քաջալերութիւն տրուած է, որ «ջանքով» վերակացու ըլլան։

5 Այդ նոյն փութաջանութիւնը բացայայտ պէտք է ըլլայ, կ’ըսէ Պօղոս, այն կերպին մէջ, որով տեսուչները կը ծառայեն իբրեւ ուսուցիչներ եւ «սպասաւորութիւն» կը կատարեն։ Այնպէս կը թուի թէ բովանդակութիւնը կը յայտնէ, թէ այս «սպասաւորութիւն»ը կը կատարուի ժողովքէն ներս, կամ «մէկ մարմին»ին մէջ (Հռով. 12։4, 5)։ Այս սպասաւորութիւնը նման է Գործք 6։4–ի մէջ նշուած պաշտօնին, ուր առաքեալները կ’ըսեն. «Մենք աղօթքի ու Աստուծոյ խօսքին պաշտօնով պարապինք»։ Այսպիսի սպասարկութիւն մը ի՞նչ կը պարփակէ։ Քրիստոնեայ երէցները իրենց պարգեւները կը գործածեն ժողովքին անդամները կերտելու։ Անոնք ‘սպասաւորութեան մէջ կ’ըլլան’, երբ սրտանց Աստուծոյ Խօսքէն ուղղութիւն եւ ցուցմունքներ կու տան ժողովքին, մինչ աղօթքով կ’ուսումնասիրեն, կը պրպտեն, կ’ուսուցանեն ու կը հովուեն։ Տեսուչները իրենց պարգեւները խղճմտօրէն պէտք է գործածեն ու «յօժարութեամբ» ոչխարներուն հոգ տանին (Հռով. 12։7, 8. Ա. Պետ. 5։1-3

6. Ի՞նչպէս կրնանք այս յօդուածին գլխաւոր համարին՝ Հռովմայեցիս 12։11–ի մէջ տրուած խրատին հետեւիլ։

6 Պօղոս կ’աւելցնէ. «Ջանքի մէջ թուլասիրտ մի՛ ըլլաք. Հոգիով բորբոքեցէ՛ք. Տէրոջը ծառայեցէ՛ք»։ Եթէ մեր ծառայութեան մէջ անփոյթ ըլլալու հակում մը նկատենք, ստուգենք մեր ուսումնասիրելու սովորութիւնները եւ աւելի ջերմեռանդօրէն ու աւելի յաճախ աղօթենք՝ Եհովայի հոգին խնդրելով, որ կրնայ մեզի օգնել գաղջ ըլլալու դէմ պայքարելու եւ մեր նախանձախնդրութիւնը նորոգելու (Ղուկ. 11։9, 13. Յայտ. 2։4. 3։14, 15, 19)։ Սուրբ հոգին նախկին քրիստոնեաները աշխուժացուց, որ «Աստուծոյ մեծամեծ բաներու մասին» խօսին (Գործք 2։4, 11)։ Նոյնպէս, անիկա կրնայ մեզ մղել, որ ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր ըլլանք ու ‘հոգիով բորբոքինք’։

Խոնարհութիւն եւ համեստութիւն

7. Ինչո՞ւ խոնարհութեամբ ու համեստութեամբ պէտք է ծառայենք։

7 Կարդալ՝ Հռովմայեցիս. 12։3, 16–ը։ Մեր ունեցած պարգեւները Եհովայի «շնորհք»ին կը պարտինք։ Պօղոս այլուր կը նշէ. «Մեր կարողութիւնը Աստուծմէ է» (Բ. Կոր. 3։5)։ Հետեւաբար, պէտք չէ մենք մեզ փառաւորենք։ Խոնարհաբար պէտք է ընդունինք թէ ծառայութեան մէջ մեր ձեռք ձգած արդիւնքները Աստուծոյ օրհնութեան շնորհիւ են, եւ ո՛չ թէ՝ մեր ատակութեան (Ա. Կոր. 3։6, 7)։ Այս ուղղութեամբ, Պօղոս կը նշէ. «Այս կ’ըսեմ ձեր մէջ եղող ամէն մէկուն, որ արժան եղածը մտածելէն աւելի բան չմտածէ»։ Էական է որ ինքնայարգանք ունենանք եւ մեր Թագաւորութեան ծառայութեան մէջ ուրախութիւն ու գոհունակութիւն գտնենք։ Սակայն համեստ ըլլալը, կամ մեր սահմանափակումներուն գիտակցիլը, մեզ ետ պիտի պահէ ինքնահաւան ըլլալէ։ Փոխարէն, կ’ուզենք այնպէս մտածել, որ ‘զգաստ կենանք’։

8. Ի՞նչպէս կրնանք ‘մենք մեզ իմաստունի տեղ դնելէ’ խուսափիլ։

8 Մեր իրագործումներով պարծենալը անմտութիւն է։ ‘Աստուած է որ կ’աճեցնէ’ (Ա. Կոր. 3։7)։ Պօղոս կ’ըսէ թէ Աստուած ժողովքին իւրաքանչիւր անդամին ‘որոշ չափով հաւատք’ բաժնած է։ Փոխանակ գերադաս զգալու, պէտք է ընդունինք ուրիշներուն իրագործումները՝ իրենց ունեցած հաւատքին չափով։ Պօղոս կ’աւելցնէ. «Իրարու վրայ միեւնոյն խորհուրդը ունեցէ՛ք»։ Այլ նամակի մը մէջ, ան կ’ըսէ. «Բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի՛ ընէք. հապա խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք» (Փլպ. 2։3)։ Իսկական խոնարհութիւն եւ գիտակից ջանք կը պահանջէ, որ ընդունինք թէ մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն իւրաքանչիւրը այս կամ այն կերպով մեզմէ գերազանց է։ Խոնարհութիւնը կ’օգնէ որ ‘մենք մեզ իմաստունի տեղ չդնենք’։ Մինչ մասնաւոր ծառայութեան առանձնաշնորհումները կրնան ոմանց վրայ ուշադրութիւն հրաւիրել, բոլորն ալ խոր ուրախութիւն պիտի գտնեն՝ «խոնարհ» կամ աննշան պարտականութիւններ կատարելով, որոնք յաճախ մարդոց կողմէ աննկատ կը մնան (Ա. Պետ. 5։5

Մեր քրիստոնէական միութիւնը

9. Պօղոս հոգիէն ծնած քրիստոնեաները ինչո՞ւ մարմնի անդամներուն կը նմանցնէ։

9 Կարդալ՝ Հռովմայեցիս 12։4, 5, 9, 10–ը։ Պօղոս օծեալ քրիստոնեաները կը նմանցնէ մարմնի մը անդամներուն, որոնք իրենց Գլուխին՝ Քրիստոսի ներքեւ միութեամբ կը ծառայեն (Կող. 1։18)։ Ան հոգիէն ծնած քրիստոնեաներուն կը յիշեցնէ, թէ մարմինը այլազան գործեր կատարող բազմաթիւ անդամներ ունի, եւ իրենք ‘մէ՛կ մարմին են Քրիստոսով’։ Նմանապէս, Պօղոս Եփեսոսի օծեալ քրիստոնեաները յորդորեց. «Սիրով ճշմարտութեան հետեւելով՝ ամէն բան Անով աճեցնենք որ գլուխ է, այսինքն Քրիստոս. որմէ բոլոր մարմինը մէկտեղ կազմուած եւ բոլոր յօդուածները իրարու հաղորդուելով կցուած՝ ամէն մէկ մասին չափով ներգործելով՝ սիրով մարմնին աճում կու տայ իրեն շինութեանը համար» (Եփ. 4։15, 16

10. «Ուրիշ ոչխարներ»ը ի՞նչ հեղինակութիւն պէտք է ընդունին։

10 Թէեւ «ուրիշ ոչխարներ»ը Քրիստոսի բաղադրեալ մարմինին մաս չեն կազմեր, բայց այս լուսաբանութենէն շատ բան կրնան սորվիլ (Յովհ. 10։16)։ Պօղոս կը նշէ, թէ Եհովա «ամէն բան [Քրիստոսի] ոտքերուն տակ հնազանդեցուց եւ զանիկա որպէս եկեղեցիին գլուխը դրաւ բոլոր բաներուն վրայ» (Եփ. 1։22)։ Ներկայիս, ուրիշ ոչխարները այդ «բոլոր բաներուն» մէջ են, զորս Եհովա իր Որդիին գլխաւորութեան ներքեւ դրած է։ Անոնք նաեւ մաս կը կազմեն Քրիստոսի «ունեցածին», որ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին վստահուած է (Մատ. 24։45-47)։ Հետեւաբար, երկրային յոյս ունեցողները պէտք է Քրիստոսը ընդունին որպէս իրենց Գլուխը, եւ ենթարկուին հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային եւ անոր Կառավարիչ մարմինին ու ժողովքի տեսուչներուն (Եբ. 13։7, 17)։ Ասիկա քրիստոնէական միութեան կը նպաստէ։

11. Մեր միութիւնը ի՞նչ բանի վրայ հիմնուած է, եւ Պօղոս ուրիշ ի՞նչ խրատ տուաւ։

11 Այս միութիւնը հիմնուած է սիրոյ վրայ, որ «միասնութեան կատարեալ կապն է» (Կող. 3։14, ՆԱՀռովմայեցիս 12–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս ասիկա կ’ընդգծէ, ըսելով թէ մեր սէրը պէտք է «առանց կեղծաւորութեան ըլլայ» եւ «եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից» պէտք է ըլլանք։ Ասիկա փոխադարձ յարգանք կը յառաջացնէ։ Առաքեալը կ’ըսէ. «Պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք»։ Անշուշտ, պէտք չէ սէրը շփոթենք զգացումներով տարուելուն հետ։ Մեր ամէն կարելին պէտք է ընենք, որ ժողովքը մաքուր պահենք։ Երբ սիրոյ մասին իր խրատը տուաւ, Պօղոս աւելցուց. ‘Չարէն զզուեցէք, բարիին յարեցէք’։

Հիւրասիրութիւնը

12. Հիւրասիրութեան նկատմամբ, վաղեմի Մակեդոնիայի քրիստոնեաներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

12 Կարդալ՝ Հռովմայեցիս 12։13–ը։ Եղբայրներուն հանդէպ մեր սէրը մեզ պիտի մղէ, որ «սուրբերուն պէտքերուն հաղորդ» ըլլանք, մեր կարողութեան համաձայն։ Նոյնիսկ եթէ նիւթապէս տկար ենք, կրնանք մեր ունեցածը բաժնել։ Մակեդոնիայի քրիստոնեաներուն մասին գրելով, Պօղոս նշեց. «Նեղութեան մեծ փորձին մէջ իրենց ուրախութիւնը աւելցաւ եւ իրենց ծանր աղքատութեանը մէջ աւելի մեծ առատաձեռնութեան մղուեցան։ Վասն զի ես կը վկայեմ թէ իրենց կարողութեան չափովը ու կարողութենէն ալ աւելի յօժարակամութեամբ, կ’աղաչէին որ տուրքերը ու [Հրէաստանի] սուրբերուն համար եղած օգնութեան մասնակցութիւնը ընդունինք» (Բ. Կոր. 8։2-4)։ Աղքատ ըլլալով հանդերձ, Մակեդոնիայի քրիստոնեաները շատ առատաձեռն էին։ Անոնք Հրէաստանի մէջ գտնուող չքաւոր եղբայրներուն նիւթապէս օգնելը առանձնաշնորհում սեպեցին։

13. «Հիւրասիրութեան ետեւէ եղէ՛ք» արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։

13 «Հիւրասիրութեան ետեւէ եղէ՛ք» արտայայտութիւնը կը թարգմանէ յունարէն խօսք մը, որ նախաձեռնել կը նշէ։ Անթիլիաս թարգմանութիւնը կ’ըսէ. «Միշտ հիւրասէր եղէք»։ Երբեմն հիւրասիրութիւնը կը ցուցաբերուի անհատ մը ճաշի հրաւիրելով, եւ ասիկա գովելի է՝ երբ սէրէ մղուած ըլլայ։ Բայց եթէ նախաձեռնութիւն ունենանք, հիւրասէր ըլլալու բազմաթիւ կերպեր պիտի գտնենք։ Օրինակ, միասին սուրճ, թէյ կամ այլ ըմպելիք խմելը, հիւրասիրութիւն ցուցաբերելու կերպ մըն է։

14. ա) «Հիւրասիրութիւն» թարգմանուած յունարէն բառը ո՞ր երկու բառերէն կազմուած է։ բ) Ծառայութեան մէջ, ի՞նչպէս կրնանք օտարներուն հանդէպ մեր հետաքրքրութիւնը ցուցաբերել։

14 Հիւրասիրութիւնը մեր հայեցակէտին առնչուած է։ «Հիւրասիրութիւն» թարգմանուած յունարէն բառը կազմուած է երկու արմատ բառերէ, որոնք կը նշանակեն՝ «սէր» եւ «օտար»։ Օտարազգիներու հանդէպ ի՞նչ զգացումներ ունինք։ Այն քրիստոնեաները, որոնք կը ջանան օտար լեզու մը սորվիլ, որպէսզի իրենց ժողովքի թաղամասին մէջ եղող օտարներուն բարի լուրը քարոզեն, իրապէս կրնան հիւրասիրութեան հետամուտ եղողներ սեպուիլ։ Հարկաւ մեզմէ շատեր ի վիճակի չեն նոր լեզու մը սորվելու։ Այսուհանդերձ, բոլորս ալ կրնանք օտարականներու օգնելու մէջ իմաստալից բաժին բերել, Բարի լուր՝ բոլոր ազգերուն գրքոյկը օգտագործելով, որ բազմաթիւ լեզուներով աստուածաշնչական պատգամ մը կը բովանդակէ։ Ծառայութեան մէջ այս գրքոյկը գործածելով լաւ արդիւնք ձեռք ձգա՞ծ ես։

Համակրանք

15. Յիսուս ի՞նչպէս կիրարկեց Հռովմայեցիս 12։15–ի մէջ տրուած խրատը։

15 Կարդալ՝ Հռովմայեցիս 12։15–ը։ Այս համարին մէջ Պօղոսի տուած խրատը կրնանք երկու բառով ամփոփել. կարեկցութիւն ցուցաբերեցէք։ Պէտք է սորվինք հասկնալ եւ նոյնիսկ բաժնել ուրիշներու զգացումները, ըլլան անոնք ուրախութիւն թէ տրտմութիւն։ Եթէ հոգիով բորբոքած ենք, ուրիշներու հետ մեր բաժնած ուրախութեան կամ կարեկցութեան զգացումները բացայայտ պիտի ըլլան։ Երբ Քրիստոսի 70 աշակերտները քարոզչական արշաւէ մը ուրախութեամբ վերադարձան ու իրենց գործունէութեան լաւ արդիւնքները պատմեցին, Յիսուս «Հոգիով ուրախացաւ» (Ղուկ. 10։17-21)։ Ան անոնց ուրախութիւնը բաժնեց։ Միւս կողմէ, Յիսուս ‘լացողներուն հետ լացաւ’, երբ իր բարեկամը՝ Ղազարոս մեռաւ (Յովհ. 11։32-35

16. Ի՞նչպէս կրնանք համակրանք ցոյց տալ, եւ յատկապէս որո՞նք ասիկա պէտք է ընեն։

16 Կ’ուզենք կարեկցութիւն ցուցաբերելու մէջ Յիսուսի օրինակին հետեւիլ։ Երբ քրիստոնեայ հաւատակից մը կ’ուրախանայ, կը փափաքինք անոր ուրախութիւնը բաժնել։ Նմանապէս, մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ցաւերուն եւ նեղութիւններուն հանդէպ զգայուն պէտք է ըլլանք։ Յաճախ, կրնանք մեր հաւատակիցներուն զգացական տառապանքը թեթեւցնել, եթէ ժամանակ տրամադրենք որ իսկական կարեկցութեամբ անոնց մտիկ ընենք։ Իսկ երբեմն, մեր սիրտը կրնայ ա՛յնքան ազդուիլ, որ մեր հարազատ կարեկցութիւնը կրնայ արցունքներով դրսեւորուիլ (Ա. Պետ. 1։22)։ Յատկապէս երէցները կարեկցութիւն ցուցաբերելու Պօղոսի խրատին պէտք է անսան։

17. Հռովմայեցիս 12–րդ գլուխէն ի՞նչ սորվեցանք, եւ յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

17 Հռովմայեցիս 12–րդ գլուխէն մեր քննարկած համարներուն խրատները կրնան կիրարկուիլ մեր անձնական կեանքին մէջ որպէս քրիստոնեաներ, եւ մեր եղբայրներուն հետ մեր յարաբերութեան։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք այս գլուխին մնացեալ համարները, որոնք նկատի կ’առնեն թէ դրսեցիները,– ի ներառեալ հակառակորդներն ու հալածիչները,– ի՛նչպէս պէտք է նկատենք եւ անոնց հետ ի՛նչպէս պէտք է վարուինք։

Վերաքաղի համար

• Ի՞նչպէս ցոյց կու տանք, թէ ‘հոգիով կը բորբոքինք’։

• Ինչո՞ւ խոնարհութեամբ ու համեստութեամբ Աստուծոյ պէտք է ծառայենք։

• Ի՞նչ կերպերով կրնանք հաւատակիցներուն հանդէպ կարեկցութիւն ցուցաբերել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 16]

Այս քրիստոնէական գործունէութիւններուն ինչո՞ւ կը մասնակցինք

[Նկար՝ էջ 18]

Իւրաքանչիւրս ի՞նչպէս կրնանք օտարականներուն օգնել, որ Թագաւորութեան մասին սորվին