Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աղօթքներդ քու մասիդ ի՞նչ կը յայտնեն

Աղօթքներդ քու մասիդ ի՞նչ կը յայտնեն

Աղօթքներդ քու մասիդ ի՞նչ կը յայտնեն

«Ո՛վ աղօթքի լսող, քեզի պիտի գայ ամէն մարմին» (ՍԱՂ. 65։2

1, 2. Եհովայի ծառաները ինչո՞ւ կրնան վստահութեամբ իրեն աղօթել։

ԵՀՈՎԱ իր հաւատարիմ ծառաներուն աղաչանքներուն երբեք խուլ չի մնար։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ ան մեզ կը լսէ։ Նոյնիսկ եթէ միլիոնաւոր Եհովայի վկաներ միեւնոյն ատեն աղօթեն, ո՛չ ոքի համար ‘գիծը զբաղած’ պիտի ըլլայ։

2 Ստոյգ գիտնալով որ Աստուած իր աղաչանքները լսած էր, սաղմոսերգու Դաւիթ տաղերգեց. «Ո՛վ աղօթքի լսող, քեզի պիտի գայ ամէն մարմին» (Սաղ. 65։2)։ Դաւիթի աղօթքները պատասխանուեցան, քանի որ Եհովայի հաւատարիմ մէկ երկրպագուն էր։ Մենք մեզի հարց տանք. ‘Աղերսանքներս ցոյց կու տա՞ն, թէ Եհովայի կը վստահիմ եւ թէ մաքուր պաշտամունքը գլխաւոր հետաքրքրութիւնս է։ Աղօթքներս իմ մասիս ի՞նչ կը յայտնեն’։

Խոնարհութեամբ Եհովայի մօտեցիր

3, 4. ա) Ի՞նչ կեցուածքով Աստուծոյ պէտք է աղօթենք։ բ) Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ լուրջ մեղքի մը պատճառաւ խռովիչ «մտածումներ» ունինք։

3 Եթէ կ’ուզենք որ մեր աղօթքները լսուին, խոնարհութեամբ Եհովայի պէտք է մօտենանք (Սաղ. 138։6)։ Եհովայէ պէտք է խնդրենք որ մեզ քննէ, ինչպէս Դաւիթ ըրաւ՝ երբ ըսաւ. «Փորձէ՛ զիս, ո՛վ Աստուած ու գիտցի՛ր իմ սիրտս. զիս քննէ՛ ու գիտցի՛ր իմ մտածումներս եւ նայէ՛ թէ արդեօք չար ճամբու մէ՞ջ եմ եւ զիս դէպի յաւիտենական ճամբան առաջնորդէ» (Սաղ. 139։23, 24)։ Ոչ միայն աղօթենք, այլ նաեւ Աստուծոյ քննութեան ենթարկուինք եւ իր Խօսքին խրատին անսանք։ Եհովա կրնայ առաջնորդել մեզ դէպի «յաւիտենական ճամբան», մեզի օգնելով որ յաւիտենական կեանքի տանող ընթացքի մը հետամուտ ըլլանք։

4 Ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ լուրջ մեղքի մը պատճառաւ խռովիչ «մտածումներ» ունինք (կարդալ՝ Սաղմոս 32։1-5Խիղճի խայթը լռեցնել փորձելը կրնայ մեզ ուժասպառ դարձնել, ինչպէս որ ծառ մը կը չորնայ ամրան կիզիչ արեւին տակ։ Իր մեղքին պատճառաւ, Դաւիթ իր ուրախութիւնը կորսնցուց եւ թերեւս հիւանդացաւ։ Բայց Աստուծոյ խոստովանիլը ո՜րքան զինք հանգստացուց։ Պատկերացուր Դաւիթի ուրախութիւնը, երբ զգաց թէ ‘իր յանցանքին թողութիւն եղաւ’ եւ Եհովա իրեն ներեց։ Աստուծոյ խոստովանիլը կրնայ ամոքում բերել, եւ քրիստոնեայ երէցներուն օգնութիւնն ալ ճամբան կը հարթէ, որ յանցագործը իր հոգեւոր առողջութիւնը վերագտնէ (Առ. 28։13. Յակ. 5։13-16

Աստուծոյ աղերսէ եւ շնորհակալութիւն յայտնէ

5. Եթէ մտահոգուինք, ի՞նչ պէտք է ընենք։

5 Եթէ որեւէ պատճառով մտահոգութիւնը մեզ պատած է, Պօղոսի խրատը պէտք է կիրարկենք. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ» (Փլպ. 4։6)։ Յատկապէս վտանգի կամ հալածանքի ժամանակ, Եհովայէ օգնութիւն եւ առաջնորդութիւն պէտք է խնդրենք։

6, 7. Ի՞նչ պատճառներով մեր աղօթքներուն մէջ շնորհակալութեան խօսքեր պէտք է պարփակենք։

6 Սակայն եթէ աղօթենք միայն երբ բանի մը պէտք ունինք, ասիկա մեր շարժառիթներուն մասին ի՞նչ կը յայտնէ։ Պօղոս ըսաւ թէ մեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ընենք՝ «գոհութիւնով մէկտեղ»։ Վստահաբար ամէն պատճառ ունինք Դաւիթի նման արտայայտուելու, որ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, մեծութիւնը, զօրութիւնը, փառքը, պայծառութիւնն ու վայելչութիւնը քուկդ են. քանզի բոլոր երկնքի ու երկրի վրայ եղածը քուկդ է։ Ո՛վ Տէր, թագաւորութիւնը քուկդ է ու դուն իբրեւ գլուխ ամենէն բարձրացեալն ես։ . . .Ո՛վ մեր Աստուածը, քեզի գոհութիւն կու տանք ու քու փառաւորեալ անունդ կ’օրհնենք» (Ա. Մն. 29։11-13

7 Յիսուս Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնեց ուտելիքի համար եւ Տէրունական ընթրիքին ընթացքին իր գործածած հացին ու գինիին համար (Մատ. 15։36. Մար. 14։22, 23)։ Նոյնանման երախտագիտութիւն արտայայտելու կողքին, պէտք է ‘գոհանանք Տէրոջմէն’ «իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ», ‘իր արդար դատաստաններուն համար’ եւ իր խօսքին կամ պատգամին համար, զոր այժմ Աստուածաշունչը կը բովանդակէ (Սաղ. 107։15. 119։62, 105

Ուրիշներուն համար աղօթէ

8, 9. Հաւատակից քրիստոնեաներու համար ինչո՞ւ պէտք է աղօթենք։

8 Անտարակոյս մենք մեր անձին համար կ’աղօթենք, բայց մեր աղօթքները պէտք է ուրիշներն ալ պարփակեն,– նոյնիսկ անծանօթ քրիստոնեաներ։ Պօղոս Կողոսայի բոլոր հաւատացեալները չճանչնալով հանդերձ, գրեց. «Ամէն ատեն ձեզի համար աղօթք ընելով՝ կը գոհանանք Աստուծմէ ու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հօրմէն։ Լսելով ձեր հաւատքը որ Քրիստոս Յիսուսին վրայ եւ այն սէրը, որ բոլոր սուրբերուն վրայ ունիք» (Կող. 1։3, 4)։ Պօղոս նաեւ Թեսաղոնիկէի քրիստոնեաներուն համար աղօթեց (Բ. Թես. 1։11, 12)։ Այսպիսի աղօթքներ շատ բան կը յայտնեն մեր մասին եւ ցոյց կու տան, թէ հաւատակից եղբայրներն ու քոյրերը ի՛նչպէս կը նկատենք։

9 Օծեալ քրիստոնեաներուն եւ անոնց ընկերակցող «ուրիշ ոչխարներ»ուն համար մեր մատուցած աղօթքները, Աստուծոյ կազմակերպութեան հանդէպ մեր հետաքրքրութիւնը կ’ապացուցանեն (Յովհ. 10։16)։ Պօղոս հաւատակիցներէն խնդրեց որ իրեն համար աղօթեն, որպէսզի ‘իրեն խօսք տրուի, որ աւետարանին խորհուրդը յայտնէ’ (Եփ. 6։17-20)։ Այս կերպով ուրիշ քրիստոնեաներու համար անձամբ կ’աղօթե՞նք։

10. Ուրիշներուն համար աղօթելը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ մեր վրայ։

10 Ուրիշներուն համար աղօթելը կրնայ անոնց նկատմամբ մեր կեցուածքը փոխել։ Եթէ անհատէ մը չենք ախորժիր, բայց անոր համար կ’աղօթենք, կրնա՞նք անոր հետ անսիրալիր կերպով վարուիլ (Ա. Յովհ. 4։20, 21)։ Այսպիսի աղօթքներ շինիչ են եւ մեր եղբայրներուն հետ միութիւն կը յառաջացնեն։ Աւելին, անոնք ցոյց կու տան թէ քրիստոսանման սէր ունինք (Յովհ. 13։34, 35)։ Այս յատկութիւնը Աստուծոյ հոգիին պտուղին մէկ մասն է։ Իւրաքանչիւրս սուրբ հոգիին համար կ’աղօթե՞նք, Եհովայէ խնդրելով որ մեզի օգնէ անոր պտուղը ցուցաբերելու,– սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն (Ղուկ. 11։13. Գաղ. 5։22, 23)։ Եթէ այո՛, մեր խօսքերը եւ արարքները ցոյց պիտի տան, թէ հոգիով կը քալենք ու կ’ապրինք (կարդալ՝ Գաղատացիս 5։16, 25

11. Ինչո՞ւ պատշաճ է ուրիշներէն խնդրել, որ քեզի համար աղօթեն։

11 Եթէ իմանանք որ մեր զաւակները դպրոցական քննութիւններուն մէջ խարդախութիւն ընելու փորձութիւնը կը դիմագրաւեն, անոնց համար պէտք է աղօթենք եւ աստուածաշնչական օգնութիւն տանք, որպէսզի պարկեշտօրէն վարուին ու սխալ բան մը չընեն։ Պօղոս Կորնթոսի քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Կ’աղօթեմ Աստուծոյ՝ որ դուք ո՛չ մէկ չարիք ընէք» (Բ. Կոր. 13։7, ԱԾ)։ Այսպիսի խոնարհ աղօթքներ Եհովան կը հաճեցնեն եւ մեր մասին դրական գաղափար մը կու տան (կարդալ՝ Առակաց 15։8Կրնանք ուրիշներէն խնդրել, որ մեզի համար աղօթեն, ինչպէս որ Պօղոս առաքեալ ըրաւ։ Ան գրեց. «Մեզի համար աղօթք ըրէ՛ք, վասն զի մենք համոզուած ենք թէ մաքուր խիղճ ունինք եւ ամէն բանի մէջ կ’ուզենք աղէկ վարմունք ունենալ» (Եբ. 13։18

Մեր աղօթքները շատ աւելին կը յայտնեն

12. Ի՞նչ բաներ պէտք է ըլլան մեր աղօթքներուն կարեւոր երեսակները։

12 Մեր աղօթքները կը յայտնե՞ն, թէ Եհովայի երջանիկ ու նախանձախնդիր վկաներ ենք։ Մեր աղերսանքները գլխաւորաբար առնչուա՞ծ են Աստուծոյ կամքին ենթարկուելուն, Թագաւորութեան պատգամին քարոզչութեան, Եհովայի գերիշխանութեան ջատագովման եւ իր անուան սրբացման։ Ասոնք մեր աղօթքներուն կարեւոր երեսակները պէտք է ըլլան, ինչպէս որ Յիսուսի տիպար աղօթքը ցոյց կու տայ, որ սա խօսքերով կը սկսի. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատ. 6։9, 10

13, 14. Մեր աղօթքները ի՞նչ կը յայտնեն մեր մասին։

13 Աստուծոյ մատուցուած մեր աղօթքները կը յայտնեն մեր շարժառիթները, հետաքրքրութիւններն ու ցանկութիւնները։ Եհովա գիտէ մեր ներքին անձնաւորութիւնը։ Առակաց 17։3–ը կը նշէ. «Արծաթի համար՝ հալոց եւ ոսկիի համար քուրայ կայ, բայց սրտերը փորձողը Տէրն է»։ Աստուած մեր սրտին մէջ եղածը կը տեսնէ (Ա. Թագ. 16։7)։ Ան գիտէ թէ ի՛նչպէս կը զգանք մեր ժողովներուն, մեր ծառայութեան եւ մեր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն նկատմամբ։ Եհովա գիտէ թէ Քրիստոսի «եղբայրներ»ուն մասին ի՛նչ կը մտածենք (Մատ. 25։40)։ Ան կը զատորոշէ, թէ աղօթքով մեր խնդրած բաները իրապէս կ’ուզե՛նք թէ պարզապէս որոշ բառեր կը կրկնենք։ Յիսուս ըսաւ. «Երբ աղօթք կ’ընէք, հեթանոսներուն պէս շատախօս մի՛ ըլլաք, վասն զի կը կարծեն թէ իրենց շատ խօսելուն համար պիտի լսուին» (Մատ. 6։7

14 Աղօթքին մէջ մեր գործածած արտայայտութիւնները նաեւ ցոյց կու տան, թէ ո՛րքան Աստուծոյ կ’ապաւինինք։ Դաւիթ ըսաւ. «Դուն [Եհովա] ինծի ապաւէն եղար, ամուր աշտարակ մը՝ թշնամիին դէմ։ Ես քու խորանիդ մէջ պիտի բնակիմ յաւիտեան. քու թեւերուդ հովանաւորութեանը տակ պիտի ապաւինիմ» (Սաղ. 61։3, 4)։ Երբ Աստուած այլաբանօրէն ‘իր վրանը տարածէ մեր վրայ’, ապահովութիւն եւ իր պաշտպանիչ հոգատարութիւնը կը վայելենք (Յայտ. 7։15)։ Ո՜րքան մխիթարական է՝ աղօթքով Եհովայի մօտենալ, համոզուած ըլլալով թէ մեր հաւատքի որեւէ փորձութեան ընթացքին, ան ‘մեզի հետ է’ (կարդալ՝ Սաղմոս 118։5-9

15, 16. Ծառայութեան առանձնաշնորհումներու ձգտելու մեր փափաքին նկատմամբ, աղօթքը կրնայ մեզի օգնել ի՞նչ բան զատորոշելու։

15 Զատորոշելու համար թէ ի՛նչպիսի շարժառիթներ ունինք, կրնանք անոնց նկատմամբ պարկեշտօրէն Եհովայի աղօթել։ Օրինակ՝ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ վերակացութեան դիրքով ծառայելու մեր փափաքը, ի՞րապէս համեստ ցանկութիւն մըն է օգտակար ըլլալու եւ Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու մէջ մեր լաւագոյնն ընելու, թէ ոչ՝ կ’ուզենք «առաջին ըլլալ» կամ նոյնիսկ ուրիշներուն ‘տիրել’։ Այս ընթացքը Եհովայի ժողովուրդին մէջ տեղ չունի (կարդալ՝ Գ. Յովհաննէս 9, 10. Ղուկաս 22։24-27Եթէ սխալ ցանկութիւններ ունինք, Եհովա Աստուծոյ անկեղծօրէն աղօթելը կրնայ զանոնք քօղազերծել ու մեզի օգնել զանոնք փոխելու, խորապէս արմատանալէ առաջ։

16 Քրիստոնեայ կիները կրնան մեծ փափաք ունենալ, որ իրենց ամուսինները ըլլան օգնական ծառաներ, ապա տեսուչներ կամ երէցներ։ Այս քոյրերը իրենց անձնական աղօթքներուն մէջ արտայայտած զգացումներուն համաձայն կրնան գործել, ջանալով օրինակելի վարք ունենալ։ Ասիկա կարեւոր է, քանի որ տղամարդու մը ընտանիքին խօսելակերպն ու վարուելակերպը կ’ազդեն ժողովքէն ներս անոր կեցուածքին։

Ուրիշները ներկայացնել՝ հանրային աղօթքով

17. Անձնական աղօթքներու համար, ինչո՞ւ առանձնանալը փափաքելի է։

17 Յիսուս յաճախ ամբոխէն կը հեռանար, որպէսզի առանձնաբար իր Հօր աղօթէր (Մատ. 14։13. Ղուկ. 5։16. 6։12)։ Մենք ալ առանձնանալու նոյն կարիքը ունինք։ Խաղաղ պայմաններու ներքեւ հանդարտօրէն աղօթելով, կրնանք կայացնել որոշումներ, որոնք Եհովան կը հաճեցնեն ու մեր լաւագոյն հոգեւոր շահերուն կը ծառայեն։ Սակայն Յիսուս նաեւ հանրապէս աղօթեց, եւ լաւ կ’ըլլայ որ նկատի առնենք, թէ ասիկա ի՛նչպէս պատշաճ կերպով կարելի է ընել։

18. Եղբայրները ի՞նչ կէտեր ի մտի պէտք է ունենան, երբ հանրային աղօթքով ժողովքը կը ներկայացնեն։

18 Մեր ժողովներուն մէջ, հաւատարիմ տղամարդիկ հանրային աղօթքով ժողովքը կը ներկայացնեն (Ա. Տիմ. 2։8)։ Հաւատակիցները պէտք է կարենան այսպիսի աղօթքի մը վերջաւորութեան «ամէն» ըսել, որ կը նշանակէ՝ «եղիցի» կամ «այնպէ՛ս ըլլայ»։ Սակայն ասիկա ընելու համար, անոնք պէտք է ըսուածին հետ համաձայն գտնուին։ Յիսուսի տիպար աղօթքին մէջ ցնցիչ կամ անփափկանկատ բան մը չկայ (Ղուկ. 11։2-4)։ Ասկէ զատ, ան ունկնդիրներուն բոլոր կարիքները կամ խնդիրները չնշեց։ Անձնական մտահոգութիւնները յարմար նիւթեր են անձնական աղօթքի համար, եւ ոչ թէ հանրային աղօթքի համար։ Եւ երբ աղօթքով խումբ մը կը ներկայացնենք, գաղտնի հարցեր պարփակելէ պէտք է խուսափինք։

19. Հանրային աղօթքին ընթացքին ի՞նչպէս պէտք է վարուինք։

19 Հանրային աղօթքին ընթացքին, ‘Աստուծոյ վախը’ պէտք է ցուցաբերենք (Ա. Պետ. 2։17)։ Քրիստոնէական ժողովին մէջ կարգ մը արարքներ անպատշաճ են (Ժող. 3։1)։ Օրինակ՝ ենթադրենք որ անհատ մը խնդրեց, որ որոշ խմբակ մը աղօթքին ընթացքին թեւ–թեւի մտնեն կամ իրարու ձեռքերը բռնեն։ Ասիկա կրնայ պատճառ ըլլալ որ ոմանք ընդվզին կամ շփոթին, ի ներառեալ այցելուներ, որոնք մեր հաւատքը չեն բաժներ։ Ամոլ մը կրնայ հանրային աղօթքին ընթացքին խոհեմաբար իրարու ձեռքերը բռնել, բայց եթէ զիրար ողջագուրեն, կրնան ուրիշները գայթակղեցնել, անոնց խորհիլ տալով կամ այն տպաւորութիւնը ձգելով, թէ ա՛լ աւելի կը կեդրոնանան իրենց ռոմանթիկ յարաբերութեան վրայ։ Հետեւաբար, Եհովան խորապէս յարգելով, ‘ամէն բան իր փառքին համար ընենք’ եւ խուսափինք այն վարքէն, որ կրնայ խանգարում, ցնցում կամ գայթակղութիւն պատճառել (Ա. Կոր. 10։31, 32. Բ. Կոր. 6։3

Աղօթքով ի՞նչ խնդրել

20. Հռովմայեցիս 8։26, 27–ն ի՞նչպէս կը բացատրես։

20 Մեր անձնական աղօթքներուն մէջ, երբեմն չենք գիտեր ինչ ըսել։ Պօղոս գրեց. «Մենք որ կ’աղօթենք՝ չենք գիտեր թէ ի՛նչպէս պէտք է աղօթել. բայց Հոգին ինք մեզի համար կը բարեխօսէ անմռունչ հառաչանքներով, եւ Աստուած որ սիրտերը կը քննէ՝ գիտէ թէ ի՛նչ կը խորհի Սուրբ Հոգին» (Հռով. 8։26, 27, Անթիլիաս)։ Եհովա բազմաթիւ աղօթքներ գրել տուած է Սուրբ Գրութիւններուն մէջ։ Ան այս ներշնչեալ աղաչանքները կ’ընդունի որպէս մե՛ր խնդրանքները, եւ հետեւաբար կը կատարէ զանոնք։ Աստուած գիտէ մեզ եւ իմաստը այն բաներուն, զորս իր հոգին խօսեցաւ Աստուածաշունչի գրողներուն միջոցաւ։ Եհովա մեր աղերսանքներուն կը պատասխանէ, երբ հոգին մեզի համար «կը բարեխօսէ»։ Բայց Աստուծոյ Խօսքին աւելի ընտելանալով, դիւրաւ մեր միտքը պիտի գան այն բաները, որոնց համար կ’ուզենք աղօթել։

21. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

21 Ինչպէս տեսանք, մեր աղօթքները շատ բան կը յայտնեն մեր մասին։ Օրինակ՝ անոնք կրնան ցոյց տալ, թէ ո՛րքան Եհովայի մօտեցած ենք եւ ո՛րքան կը ճանչնանք իր Խօսքը (Յակ. 4։8)։ Յաջորդ յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած կարգ մը աղօթքներ եւ աղօթական արտայայտութիւններ։ Արդեօք այս քննարկումը ի՞նչպէս պիտի ազդէ մեր աղօթքներուն։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Երբ Եհովայի կ’աղօթենք, ի՞նչ կեցուածք պէտք է ունենանք։

• Ինչո՞ւ մեր հաւատակիցներուն համար պէտք է աղօթենք։

• Մեր աղօթքները ի՞նչ կրնան յայտնել մեր մասին ու մեր շարժառիթներուն մասին։

• Հանրային աղօթքին ընթացքին ի՞նչպէս պէտք է վարուինք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 12]

Եհովան կանոնաւորաբար կը փառաբանե՞ս եւ իրմէ շնորհակալ կ’ըլլա՞ս