Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեամբ աղօթքներդ ճոխացուր

Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեամբ աղօթքներդ ճոխացուր

Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեամբ աղօթքներդ ճոխացուր

«Ո՜հ, Տէ՛ր, հիմա թող քու ականջդ լսէ քու ծառայիդ աղօթքը» (ՆԷ. 1։11

1, 2. Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած կարգ մը աղօթքները նկատի առնելը ինչո՞ւ օգտակար պիտի ըլլայ։

ԱՂՕԹՔԸ եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ճշմարիտ պաշտամունքին կենսական երեսակներ են (Ա. Թես. 5։17. Բ. Տիմ. 3։16, 17)։ Անշուշտ Աստուածաշունչը աղօթագիրք մը չէ։ Այսուհանդերձ անիկա բազմաթիւ աղօթքներ կը բովանդակէ, ի ներառեալ Սաղմոսներու գրքին աղօթքները։

2 Մինչ Աստուածաշունչը կը կարդաս եւ կ’ուսումնասիրես, հաւանաբար պիտի գտնես աղօթքներ, որոնք դիմագրաւած պարագաներուդ կը յարմարին։ Իրականութեան մէջ, աղօթքներդ կը ճոխացնես, Սուրբ Գրութիւններուն բովանդակած աղօթական գաղափարները պարփակելով։ Ի՞նչ կրնաս սորվիլ անոնցմէ, որոնց խնդրանքները լսուեցան, եւ անոնց աղօթքներուն բովանդակութենէն։

Աստուծոյ առաջնորդութիւնը փնտռէ եւ անոր հետեւէ

3, 4. Աբրահամի ծառային առաքելութիւնը ի՞նչ էր, եւ Եհովայի միջամտութենէն ի՞նչ կարելի է սորվիլ։

3 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը բացայայտ կը դարձնէ, թէ Աստուծոյ առաջնորդութեան համար միշտ պէտք է աղօթես։ Նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ, երբ Աբրահամ նահապետ իր երիցագոյն ծառան,– հաւանաբար Եղիազարը,– Միջագետք ղրկեց, որպէսզի Իսահակի համար աստուածավախ կին մը գտնէ։ Մինչ աղջիկները հորէ մը ջուր կը քաշէին, ծառան աղօթեց. «Ո՛վ Տէր. . . երբ աղջկան մը ըսեմ՝ ‘Շնորհք ըրէ, սափորդ իջեցուր որպէս զի խմեմ’ ու անիկա ըսէ թէ՝ ‘Խմէ ու քու ուղտերուդ ալ խմցնեմ’, անիկա թող ըլլայ քու Իսահակ ծառայիդ համար սահմանածդ եւ ասով գիտնամ թէ իմ տիրոջս բարերարութիւն ըրիր» (Ծն. 24։12-14

4 Աբրահամի ծառային աղօթքը պատասխանուեցաւ, երբ Ռեբեկա անոր ուղտերուն ջուր տուաւ։ Շատ չանցած, աղջիկը ծառային ընկերակցելով Քանան գնաց եւ Իսահակի սիրելի կինը դարձաւ։ Անշուշտ չես կրնար ակնկալել, որ Աստուած յատուկ նշան մը տայ քեզի։ Բայց եւ այնպէս, ան կեանքի մէջ քեզ պիտի առաջնորդէ, եթէ աղօթես ու վճռես իր հոգիով առաջնորդուիլ (Գաղ. 5։18

Աղօթքը կ’օգնէ մտահոգութիւնը մեղմացնելու

5, 6. Եսաւին հանդիպելէն առաջ՝ Յակոբի ըրած աղօթքին նկատմամբ ի՞նչ ուշագրաւ բան կայ։

5 Աղօթքը կրնայ մտահոգութիւնը նուազեցնել։ Իր երկուորեակ եղբօրմէն՝ Եսաւէն վախնալով, Յակոբ աղօթեց. «Ո՛վ Տէր. . . արժանի չեմ այն ամէն ողորմութիւններուն եւ ամէն հաւատարմութեանը, որ դուն քու ծառայիդ ցուցուցիր։ . . .Կ’աղաչեմ քեզի, ազատէ՛ զիս իմ եղբօրս Եսաւին ձեռքէն. որովհետեւ ես անկէ կը վախնամ, որ չըլլայ թէ գայ ու զարնէ զիս ու մայրը տղաքներովը։ Դուն ըսիր թէ՝ ‘Անշուշտ քեզի բարիք պիտի ընեմ ու քու սերունդդ ծովի աւազին չափ պիտի ընեմ, որ շատութենէն չի համրուիր’» (Ծն. 32։9-12

6 Թէեւ Յակոբ նախազգուշացումներ ձեռք առաւ, բայց իր աղօթքը պատասխանուեցաւ, երբ ինք եւ Եսաւ հաշտուեցան (Ծն. 33։1-4)։ Այդ խնդրանքը ուշադրութեամբ նկատի առ եւ պիտի տեսնես, թէ Յակոբ միայն օգնութեան համար չաղօթեց։ Ան խոստացեալ Սերունդին հանդէպ հաւատք եւ Աստուծոյ սիրառատ բարութեան համար երախտագիտութիւն ցուցաբերեց։ «Ներսէն վախեր» ունի՞ս (Բ. Կոր. 7։5)։ Եթէ այո՛, Յակոբի աղերսանքը կրնայ քեզի յիշեցնել, թէ աղօթքները կրնան մտահոգութիւնը մեղմացնել։ Սակայն անոնք միայն խնդրանքներ պէտք չէ պարփակեն, այլ նաեւ՝ հաւատքի արտայայտութիւններ։

Իմաստութեան համար աղօթէ

7. Մովսէս ինչո՞ւ Եհովայի ճամբաները գիտնալու համար աղօթեց։

7 Եհովան հաճեցնելու փափաքը պէտք է քեզ մղէ, որ իմաստութեան համար աղօթես։ Մովսէս աղօթեց, որ Աստուծոյ ճամբաներուն մասին գիտութիւն ունենայ։ Ան աղերսեց. «Նայէ՛, դուն [Եհովա] կ’ըսես ինծի՝ ‘Հանէ՛ այս ժողովուրդը [Եգիպտոսէն]’։ . . .Ուստի հիմա կ’աղաչեմ, եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, ինծի ցուցուր ուրեմն քու ճամբադ. . . այնպէս որ քու առջեւդ շնորհք գտնեմ» (Ել. 33։12, 13)։ Առ ի պատասխան, Աստուած Իր ճամբաներուն մասին աւելի մեծ գիտութիւն շնորհեց Մովսէսի,– որպէսզի կարենար Եհովայի ժողովուրդին մէջ առաջնորդութիւնը առնել։

8. Գ. Թագաւորաց 3։7-14–ի վրայ խոկալով՝ ի՞նչպէս կրնաս օգտուիլ։

8 Դաւիթ ալ աղօթեց. «Ո՛վ Տէր, քու ճամբաներդ ցուցուր ինծի» (Սաղ. 25։4)։ Դաւիթի որդին՝ Սողոմոն Աստուծոյ աղաչեց, որ թագաւորական պարտաւորութիւնները յանձն առնելու համար՝ հարկ եղած իմաստութիւնը տայ իրեն։ Սողոմոնի աղօթքը հաճելի գտնելով, Եհովա ոչ միայն անոր խնդրածը շնորհեց, այլ նաեւ՝ հարստութիւն եւ փառք (կարդալ՝ Գ. Թագաւորաց 3։7-14Եթէ ծառայութեան ծանր առանձնաշնորհումներ ստանաս, աղօթքով իմաստութիւն խնդրէ ու խոնարհ հոգի ցուցաբերէ։ Աստուած քեզի պիտի օգնէ, որ հարկ եղած գիտութիւնը ստանաս եւ իմաստութիւն գործադրես, պատասխանատուութիւններուդ պատշաճ ու սիրալիր կերպով հոգ տանելու համար։

Սրտանց աղօթէ

9, 10. Տաճարի նաւակատիքին առիթով Սողոմոնի մատուցած աղօթքին մէջ սրտի վերաբերեալ ակնարկումները ի՞նչ կերպով նշանակալից են։

9 Աղօթքը լսուելու համար՝ պէտք է սրտէն բխի։ Մ.թ.ա. 1026–ին, Երուսաղէմի մէջ Եհովայի տաճարի նաւակատիքին առթիւ, Սողոմոն հաւաքուած բազմութեան առջեւ սրտագին աղօթք մը մատուցանեց, ինչպէս արձանագրուած է Գ. Թագաւորաց 8–րդ գլուխին մէջ։ Ուխտին տապանակը Սրբութիւն սրբութեանցին մէջ տեղաւորելէ եւ Եհովայի ամպը տաճարը լեցնելէ ետք, Սողոմոն Աստուած փառաբանեց։

10 Սողոմոնի աղօթքը ուսումնասիրէ եւ սրտի վերաբերեալ ակնարկումները նկատի առ։ Սողոմոն ընդունեց, թէ միայն Եհովան գիտէ անհատի մը սիրտը (Գ. Թագ. 8։38, 39)։ Նոյն աղօթքը ցոյց կու տայ, թէ յոյս կայ այն մեղաւորին, որ ‘իր բոլոր սրտովը Աստուծոյ կը դառնայ’։ Եթէ թշնամի մը Աստուծոյ ժողովուրդը գերեվարէր, անոնց աղերսանքները պիտի լսուէին, եթէ անոնց սիրտը Եհովայի առջեւ ուղիղ էր (Գ. Թագ. 8։48, 58, 61)։ Ուրեմն, վստահաբար աղօթքներդ պէտք է սրտանց ըլլան։

Սաղմոսները ի՛նչպէս կրնան աղօթքներդ ճոխացնել

11, 12. Որոշ ատեն մը Աստուծոյ սրբարանը երթալու կարող չեղող ղեւտացիի մը աղօթքէն ի՞նչ սորված ես։

11 Սաղմոսները ուսումնասիրելը կրնայ աղօթքներդ ճոխացնել եւ քեզի օգնել Աստուծոյ սպասելու, որ անոնց պատասխանէ։ Նկատի առ աքսորուած ղեւտացիի մը համբերութիւնը։ Որոշ ատեն մը Եհովայի սրբարանը երթալու կարող չըլլալով հանդերձ, ան տաղերգեց. «Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ո՛վ իմ հոգիս եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես։ Աստուծո՛յ յուսա, վասն զի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ. ա՛ն է իմ երեսիս փրկութիւնը ու իմ Աստուածս» (Սաղ. 42։5, 11. 43։5

12 Այդ ղեւտացիէն ի՞նչ կրնաս սորվիլ։ Եթէ արդարութեան սիրոյն բանտարկուելուդ պատճառով՝ ատեն մը հաւատակիցներուդ հետ պաշտամունքի վայրին մէջ չգտնուիս, համբերութեամբ սպասէ, որ Աստուած քեզի ի նպաստ գործի լծուի (Սաղ. 37։5)։ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ ունեցած անցեալի ուրախութիւններուդ վրայ խոկա՛, եւ համբերատարութեան համար աղօթէ, մինչ ‘Աստուծոյ կը յուսաս’ որ իր ժողովուրդին դարձեալ ընկերակցելու առիթը տայ քեզի։

Հաւատքով աղօթէ

13. Յակոբոս 1։5-8–ի խօսքերուն համաձայն, ինչո՞ւ հաւատքով պէտք է աղօթես։

13 Պարագաներդ ինչ ալ ըլլան, միշտ հաւատքով աղօթէ։ Եթէ ուղղամտութեան փորձութիւն մը կը դիմագրաւես, Յակոբոս աշակերտի խրատին հետեւէ։ Աղօթքով Եհովայի դիմէ, եւ մի՛ կասկածիր որ ան կրնայ քեզի տալ փորձութեանդ հետ գլուխ ելլելու հարկ եղած իմաստութիւնը (կարդալ՝ Յակոբոս 1։5-8Աստուած խռովիչ մտածումներդ գիտէ, եւ կրնայ քեզ առաջնորդել ու մխիթարել իր հոգիին միջոցաւ։ Սիրտդ լման հաւատքով իրեն բաց, առանց ‘երկմտելու’, եւ ընդունէ իր հոգիին առաջնորդութիւնն ու իր Խօսքին խրատը։

14, 15. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ Աննա հաւատքով աղօթեց ու գործեց։

14 Ղեւտացի Եղկանայի երկու կիներէն մէկը՝ Աննա, աղօթեց ու հաւատքով գործեց։ Անզաւակ Աննան կը նախատուէր Եղկանայի միւս կնոջմէն՝ Փենանայէն, որ բազմազաւակ էր։ Խորանին մէջ Աննա ուխտեց, որ եթէ որդի մը ունենայ, զայն Եհովայի պիտի տայ։ Քանի որ աղօթելու ատեն Աննայի շրթունքը կը շարժէր, Հեղի քահանայապետը զայն գինով կարծեց։ Իրողութիւնը իմանալով, Հեղի ըսաւ. «Իսրայէլի Աստուածը քու խնդրուածքդ քեզի տայ՝ ինչ որ անկէ խնդրեցիր»։ Թէեւ Աննա չէր գիտեր թէ ի՛նչ պիտի պատահեր, բայց հաւատք ունէր, որ իր աղօթքը պիտի պատասխանուէր։ Հետեւաբար անոր «երեսը անգամ մըն ալ չտրտմեցաւ»։ Ան այլեւս տխուր կամ ընկճուած չէր (Ա. Թագ. 1։9-18

15 Սամուէլի ծնունդէն եւ կաթէ կտրուելէն ետք, Աննա զինք Եհովայի ներկայացուց, խորանին մէջ սրբազան ծառայութիւն մատուցանելու համար (Ա. Թագ. 1։19-28)։ Այդ առիթով Աննայի մատուցած աղօթքին վրայ խոկալու համար ժամանակ յատկացնելը կրնայ աղօթքներդ ճոխացնել եւ քեզի օգնել, որ տեսնես թէ նոյնիսկ ընկճիչ խնդրի մը առթած վհատութիւնը կարելի է յաղթահարել, եթէ հաւատաս որ Եհովա աղօթքիդ պիտի պատասխանէ (Ա. Թագ. 2։1-10

16, 17. Որովհետեւ Նէեմիա հաւատքով աղօթեց ու գործեց, ի՞նչ տեղի ունեցաւ։

16 Մ.թ.ա. հինգերորդ դարուն, արդարամիտ Նէեմիան հաւատքով աղօթեց ու գործեց։ Ան աղերսեց. «Ո՜հ, Տէ՛ր, հիմա թող քու ականջդ լսէ քու ծառայիդ աղօթքը ու քու անունէդ վախնալու փափաք ունեցող ծառաներուդ աղօթքը եւ քու ծառայիդ յաջողութիւն տուր ու այս մարդուն առջեւ ինծի շնորհք գտնել տուր»։ Ո՞վ էր «այս մարդը»։ Անիկա պարսիկներու Արտաշէս թագաւորն էր, որուն մատռուակը Նէեմիան էր (Նէ. 1։11

17 Իմանալէ ետք թէ բաբելոնական գերութենէն վերադարձած հրեաները «մեծ նեղութեան ու անարգութեան մէջ [էին] ու Երուսաղէմի պարիսպը փլած [էր]», Նէեմիա օրեր շարունակ հաւատքով աղօթեց (Նէ. 1։3, 4)։ Նէեմիայի աղօթքները պատասխանուեցան իր ակնկալածէն աւելի, երբ Արտաշէս թագաւոր իրեն արտօնեց, որ Երուսաղէմ երթայ եւ անոր պարիսպները վերաշինէ (Նէ. 2։1-8)։ Շատ չանցած՝ պարիսպը նորոգուեցաւ։ Նէեմիայի աղօթքները պատասխանուեցան, քանի որ ճշմարիտ պաշտամունքին վրայ կեդրոնացած եւ հաւատքով մատուցուած էին։ Քու աղօթքներուդ մասին նոյնը կրնա՞յ ըսուիլ։

Փառաբանելն ու շնորհակալ ըլլալը մի՛ մոռնար

18, 19. Եհովայի ծառայ մը ի՞նչ պատճառներով պէտք է զինք փառաբանէ եւ իրմէ շնորհակալ ըլլայ։

18 Աղօթքի մէջ Եհովան փառաբանելը եւ իրմէ շնորհակալ ըլլալը մի՛ մոռնար։ Ասիկա ընելու բազմաթիւ պատճառներ կան։ Օրինակ՝ Դաւիթ Եհովայի թագաւորութիւնը գովաբանելու կ’անձկար (կարդալ՝ Սաղմոս 145։10-13Աղօթքներդ ցոյց կու տա՞ն, թէ Եհովայի Թագաւորութիւնը ծանուցանելու առանձնաշնորհումը կը գնահատես։ Սաղմոսերգուներու խօսքերը կրնան նաեւ քեզի օգնել, որ սրտագին աղօթքով Աստուծոյ յայտնես երախտագիտութիւնդ քրիստոնէական ժողովներուն ու համաժողովներուն համար (Սաղ. 27։4. 122։1

19 Աստուծոյ հետ թանկարժէք յարաբերութիւնդ գնահատելով, կրնաս սրտաբուխ աղօթքներուդ մէջ այսպիսի խորհուրդներ պարփակել. «Ո՛վ Տէր, ժողովուրդներուն մէջ քեզ պիտի գովեմ եւ սաղմոս պիտի երգեմ քեզի ազգերուն մէջ. վասն զի մեծ է քու ողորմութիւնդ մինչեւ երկինք ու քու ճշմարտութիւնդ մինչեւ ամպերը։ Երկնքի վրայ բարձրացիր, ո՛վ Աստուած, քու փառքդ բոլոր երկրի վրայ թող ըլլայ» (Սաղ. 57։9-11)։ Ի՜նչ սրտաշէն յուզում։ Չե՞ս համաձայնիր, թէ Սաղմոսներու գիրքէն քաղուած այսպիսի սրտագրաւ խօսքեր կրնան աղօթքներուդ ազդել ու ճոխացնել։

Ակնածանքով Աստուծոյ աղօթէ

20. Մարիամ Աստուծոյ հանդէպ իր նուիրումը ի՞նչպէս արտայայտեց։

20 Աստուծոյ հանդէպ ակնածանքը աղօթքներուդ մէջ բացայայտ պէտք է ըլլայ։ Իմանալէ ետք թէ Մեսիային մայրը պիտի ըլլար, Մարիամ ակնածալից խօսքեր ըսաւ, որոնք նման էին Աննայի խօսքերուն, երբ ան մանուկ Սամուէլը խորանի ծառայութեան ներկայացուց։ Աստուծոյ հանդէպ Մարիամի ակնածանքը բացայայտ է իր խօսքերուն մէջ. «Իմ անձս կը մեծցնէ Տէրը։ Եւ իմ հոգիս ուրախացաւ իմ Փրկիչ Աստուծմովս» (Ղուկ. 1։46, 47)։ Աղօթքներդ կրնա՞ն բարելաւուիլ, նոյնանման զգացումներ արտայայտելով։ Զարմանալի չէ, որ աստուածավախ Մարիամ ընտրուեցաւ Մեսիա Յիսուսի մայրը ըլլալու։

21. Յիսուսի աղօթքները ի՞նչպէս իր ակնածանքն ու հաւատքը ապացուցանեցին։

21 Յիսուս ակնածանքով եւ լման հաւատքով աղօթեց։ Օրինակ՝ Ղազարոսը յարուցանելէ առաջ, «Յիսուս իր աչքերը վեր վերցուց ու ըսաւ. ‘Հա՛յր, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ինծի լսեցիր։ Ես գիտէի թէ ամէն ատեն ինծի կը լսես’» (Յովհ. 11։41, 42)։ Աղօթքներդ կ’ապացուցանե՞ն, թէ այսպիսի ակնածանք ու հաւատք ունիս։ Յիսուսի ակնածալից տիպար աղօթքը ուսումնասիրէ եւ պիտի տեսնես, թէ անոր յատկապէս նշանակալից երեսակներն են՝ Եհովայի անուան սրբացումը, իր Թագաւորութեան գալը եւ իր կամքին կատարումը (Մատ. 6։9, 10)։ Պահ մը խորհէ քու աղօթքներուդ մասին։ Անոնք Եհովայի Թագաւորութեան, իր կամքը կատարելուն եւ իր սուրբ անուան սրբացման հանդէպ խոր հետաքրքրութիւնդ կ’արտացոլացնե՞ն։ Այս մէկը անհրաժեշտ է։

22. Ինչո՞ւ կրնաս վստահ ըլլալ, թէ Եհովա քեզի քաջութիւն պիտի տայ որ բարի լուրը ծանուցանես։

22 Հալածանքի կամ այլ փորձութիւններու պատճառաւ, աղօթքները յաճախ կը պարփակեն օգնութեան պաղատանքներ՝ քաջութեամբ Եհովայի ծառայելու համար։ Երբ Սենետրիոնը Պետրոսի ու Յովհաննէսի հրամայեց, որ «չսորվեցնեն Յիսուսին անունով», այս առաքեալները քաջաբար մերժեցին քարոզելէ դադրիլ (Գործք 4։18-20)։ Ազատ արձակուելէ ետք, անոնք իրենց հաւատակիցներուն պատմեցին պատահածը։ Ապա բոլոր ներկաները Աստուծմէ խնդրեցին, որ իրենց օգնէ իր խօսքը համարձակութեամբ խօսելու։ Անոնք ո՜րքան ոգեւորուած ըլլալու էին, երբ այդ աղօթքը պատասխանուեցաւ,– անոնք «Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու Աստուծոյ խօսքը համարձակ կը խօսէին» (կարդալ՝ Գործք 4։24-31Որպէս արդիւնք, շատեր Եհովայի երկրպագուներն եղան։ Աղօթքը կրնայ քեզ ալ զօրացնել, որ բարի լուրը համարձակօրէն ծանուցանես։

Շարունակէ աղօթքներդ ճոխացնել

23, 24. ա) Նշէ ուրիշ օրինակներ, որոնք ցոյց կու տան թէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ի՛նչպէս կրնայ աղօթքներդ ճոխացնել։ բ) Աղօթքներդ ճոխացնելու համար ի՞նչ պիտի ընես։

23 Բազմաթիւ ուրիշ օրինակներ կարելի է մէջբերել ցոյց տալու համար, թէ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը եւ ուսումնասիրութիւնը կրնան աղօթքներդ ճոխացնել։ Օրինակ՝ Յովնանի նման, աղօթքիդ մէջ կրնաս հաստատել, թէ «փրկութիւնը Տէրոջմէն է» (Յովն. 2։1-10)։ Եթէ լուրջ մեղքի մը նկատմամբ խռոված ես եւ երէցներուն օգնութիւնը խնդրած ես, աղօթքով Դաւիթին դրսեւորած յուզումը կրնայ քեզի օգնել, որ անձնական աղօթքներուդ մէջ զղջումդ յայտնես (Սաղ. 51։1-12)։ Կարգ մը աղօթքներու մէջ, կրնաս Երեմիայի նման Եհովան փառաբանել (Եր. 32։16-19)։ Եթէ կողակից մը կը փնտռես, Եզրաս 9–րդ գլուխին մէջ գտնուող աղօթքը ուսումնասիրելը կրնայ Աստուծոյ հնազանդելու վճռականութիւնդ ամրացնել՝ ‘միայն Տէրոջմով ամուսնանալով’ (Ա. Կոր. 7։39. Եզր. 9։6, 10-15

24 Շարունակէ Աստուածաշունչը կարդալ, ուսումնասիրել եւ հետազօտել։ Փնտռէ կէտեր, զորս կրնաս աղօթքներուդ մէջ պարփակել։ Թերեւս կարենաս աստուածաշնչական գաղափարներ գործածել, աղերսանքներ, շնորհակալութիւն ու փառաբանութիւն ներկայացնելով։ Վստահաբար ա՛լ աւելի Եհովա Աստուծոյ պիտի մօտենաս, մինչ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեամբ աղօթքներդ կը ճոխացնես։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Ինչո՞ւ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը պէտք է փնտռենք եւ անոր հետեւինք։

• Ի՞նչ բան մեզ պէտք է մղէ, որ աղօթքով իմաստութիւն խնդրենք։

• Սաղմոսներու գիրքը ի՞նչպէս կրնայ մեր աղօթքները ճոխացնել։

• Ինչո՞ւ հաւատքով եւ ակնածանքով պէտք է աղօթենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 18]

Ընտանեկան պաշտամունքը կրնայ ձեր աղօթքները ճոխացնել