Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Ո՞վ էր «տաճարին իշխանը» կամ վերահսկիչը, եւ ի՞նչ էր անոր դերը։

Պետրոս ու Յովհաննէս առաքեալները ձերբակալող հրեայ կրօնական առաջնորդներուն մէջ կար «տաճարին իշխանը» [«վերահսկիչը», ՆԱ. «մեծաւորը», ԱԾ. «զօրապետը», Անթիլիաս] (Գործք 4։1-3)։ Աստուածաշունչը տաճարին իշխանին պատասխանատուութիւնները չի նկարագրեր, բայց կարգ մը պատմական աղբիւրներ հետաքրքրական կէտեր կը նշեն։

Այնպէս կը թուի թէ Յիսուսի ժամանակ, այդ պաշտօնական դիրքը կը ստանձնէր քահանայ մը, որ երկրորդ հեղինակաւոր անձն էր՝ քահանայապետէն ետք։ Տաճարին իշխանը Երուսաղէմի տաճարին մէջ ու անոր շրջակայքը կարգուկանոնը կը պահպանէր։ Ան տաճարին մէջ մատուցուած պաշտամունքին եւ այդպէս կոչուած տաճարի ոստիկանութեան վրայ կը վերահսկէր։ Իր հրամանատարութեան ներքեւ եղող ստորադաս մեծաւորները, առաւօտուն տաճարին դռները բացող եւ գիշերը զանոնք փակող պահակներուն վրայ կը վերահսկէին, վստահ կ’ըլլային որ ո՛չ ոք արգիլուած տեղերը կը մտնէր, եւ տաճարին գանձարանը կը պահպանէին։

Տաճարին մէջ ծառայող քահանաներն ու ղեւտացիները 24 դաս կը կազմէին, իւրաքանչիւր դաս մէկ շաբաթ կը ծառայէր, տարին երկու անգամ։ Հաւանաբար իւրաքանչիւր դաս իր իշխանը կամ մեծաւորը ունէր (Ա. Մնացորդաց 24։1-18

Այս տաճարին իշխանները հեղինակաւոր մարդիկ էին։ Անոնք նշուած են աւագ քահանաներուն հետ, որոնք Յիսուսի դէմ դաւադրեցին, եւ անոնք իրենց հրամանատարութեան ներքեւ եղող պահակները գործածեցին Յիսուսը ձերբակալելու (Ղուկաս 22։4, 52

Մատթէոս 3։4–ը կ’ըսէ, թէ Յովհաննէս Մկրտիչ «մարախ ու վայրենի մեղր» կ’ուտէր։ Այդ ատեն մարախը սովորական ուտելի՞ք մըն էր։

Ոմանք Յովհաննէսի միջատներ ուտելուն նկատմամբ կասկած յայտնած են, դաւանելով թէ Մատթէոս ըսել կ’ուզէր եղջերենիի պարկուճը, վայրի պտուղ մը կամ նոյնիսկ ձուկի տեսակ մը։ Սակայն Մատթէոսի գործածած յունարէն բառը կ’ակնարկէ մարախներու ընտանիքի մը, որ այժմ անգլերէն լեզուով կը կոչուի՝ Acrididae։ Իսրայէլի մէջ ամէնէն սովորական մարախը՝ անապատի մարախն էր, որ երբեմն անհամար բազմութեամբ կ’արշաւէր՝ աւերումներ գործելով (Յովէլ 1։4, 7. Նաւում 3։15

Վաղեմի ժողովուրդներ, ինչպէս՝ ասորեստանցիներ եւ եթովպիացիներ, մարախները համեղ ուտելիք կը նկատէին, եւ նոյնիսկ այսօր որոշ պետուիններ եւ եէմէնցի հրեաներ մարախ կ’ուտեն։ Իսրայէլի մէջ, մարախը աղքատներու ուտելիք կը նկատուէր։ Գլուխը, ոտքերն ու փորը կը հանուէին, եւ կուրծքը կ’ուտուէր հում կամ խորովուելէ ետք կամ արեւին տակ չորցուելէ ետք։ Երբեմն մարախներուն վրայ աղ կը ցանէին, կամ զանոնք քացախի կամ մեղրի մէջ կը թաթխէին։ Պատմաբան Հէնրի Տանիէլ–Ռոփս կ’ըսէ, թէ անոնք որոշ չափով կարիտոսի համ ունէին։

Որովհետեւ Յովհաննէս անապատին մէջ կը քարոզէր, հաւանաբար մարախները իրեն մատչելի էին (Մարկոս 1։4)։ Շուրջ 75 տոկոս փրոթէին պարունակելով, մարախները՝ վայրի մեղրին հետ մէկտեղ, շատ սննդարար ճաշ մը կը կազմէին։

[Նկար՝ էջ 10]

Ասորեստանցի ծառաներ մարախներ ու նուռեր կը կրեն

[Նկարին աղբիւրը]

From the book Discoveries Among the Ruins of Nineveh and Babylon (1853)