Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ժողովքին մէջ քու տեղդ արժեւորէ

Ժողովքին մէջ քու տեղդ արժեւորէ

Ժողովքին մէջ քու տեղդ արժեւորէ

«Աստուած անդամներ դրաւ՝ մէկ մարմնի մէջ, ինչպէս ինքը ուզեց» (Ա. ԿՈՐ. 12։18

1, 2. ա) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ ժողովքին մէջ իւրաքանչիւր անդամ կրնայ արժեւորելիք տեղ մը ունենալ։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնուին։

ՎԱՂԵՄԻ իսրայէլի օրերէն ի վեր, ժողովքը եղած է այն կարգադրութիւնը, որով Եհովա իր ժողովուրդը հոգեւորապէս սնուցանած եւ անոնց ուղղութիւն տուած է։ Օրինակ՝ իսրայէլացիները Գայի քաղաքը նուաճելէ ետք, Յեսու «օրէնքին բոլոր խօսքերը կարդաց, թէ՛ օրհնութիւնները եւ թէ՛ անէծքները, ինչ որ գրուած էր օրէնքներու գրքին մէջ. . . Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին առջեւ» (Յես. 8։34, 35

2 Մ.թ. առաջին դարուն, Պօղոս առաքեալ երէց Տիմոթէոսի ըսաւ, թէ քրիստոնէական ժողովքը «Աստուծոյ տունը» եւ «ճշմարտութեան սիւնը ու հաստատութիւնն» էր (Ա. Տիմ. 3։15)։ Ներկայիս Աստուծոյ «տունը» ճշմարիտ քրիստոնեաներու համաշխարհային եղբայրութիւնն է։ Կորնթացիներուն ուղղած իր առաջին նամակին 12–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս ժողովքը մարդկային մարմնին կը նմանցնէ։ Ան կ’ըսէ թէ իւրաքանչիւր անդամ տարբեր գործ մը կատարելով հանդերձ, բոլորն ալ անհրաժեշտ են։ Ան կը գրէ. «Աստուած անդամներ դրաւ՝ մէկ մարմնի մէջ, ինչպէս ինքը ուզեց»։ Ան նոյնիսկ կը նշէ, թէ «մարմնին այն անդամները որոնք յաւէտ անպատիւ կը սեպենք, անոնց աւելի պատիւ կու տանք» (Ա. Կոր. 12։18, 23)։ Ուստի Աստուծոյ տան մէջ ուղիղ անհատի մը դերը, ուրիշ հաւատարիմ քրիստոնեայի մը դերէն ո՛չ աւելի լաւ է, ոչ ալ աւելի վատ է։ Անիկա պարզապէս տարբեր է։ Ուրեմն ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ կարգադրութեան մէջ մեր տեղը գտնել եւ զայն արժեւորել։ Ի՞նչ ազդակներ կրնան մեր գրաւած տեղին վրայ ազդեցութիւն ունենալ։ Եւ ի՞նչպէս կրնանք ‘մեր յառաջդիմութիւնը ամենուն յայտնի ընել’ (Ա. Տիմ. 4։15

Ի՞նչպէս մեր տեղը արժեւորենք

3. Ժողովքին մէջ մեր տեղը գտնելու եւ զայն արժեւորելու կերպերէն մէկը ի՞նչ է։

3 Ժողովքին մէջ մեր տեղը գտնելու եւ արժեւորելու կերպերէն մէկն է՝ լիովին համագործակցիլ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին եւ զայն ներկայացնող Կառավարիչ մարմինին հետ (կարդալ՝ Մատթէոս 24։45-47Պէտք է քննենք մեր ընդառաջումը այն ուղղութեան, զոր ծառայ դասակարգէն կը ստանանք։ Օրինակ, տարիներու ընթացքին, հագուելակերպի եւ յարդարանքի, ժամանցի եւ համացանցի անպատշաճ գործածութեան նկատմամբ, շեշտակի ուղղութիւն ստացած ենք։ Այս օգտակար խրատներուն ուշադրութեամբ կը հետեւի՞նք, հոգեւորապէս պաշտպանուելու համար։ Ընտանեկան պաշտամունքի սովորամոլութիւն մը հաստատելու խրատին անսացա՞ծ ենք, եւ անոր երեկոյ մը յատկացուցա՞ծ ենք։ Եթէ ամուրի ենք, Սուրբ Գրութիւնները անձամբ ուսումնասիրելու համար ժամանակ կը տրամադրե՞նք։ Եհովա մեզ անհատապէս եւ ընտանեօք պիտի օրհնէ, եթէ ծառայ դասակարգին առաջնորդութեան հետեւինք։

4. Երբ անհատական ընտրութիւններ կ’ընենք, ի՞նչ բան նկատի պէտք է առնենք։

4 Ոմանք կրնան խորհիլ, թէ ժամանցը, հագուելակերպը, յարդարանքը, եւ համանման մարզեր, անձնական որոշումներ են։ Սակայն ժողովքին մէջ իր տեղը արժեւորող նուիրուած քրիստոնեային համար, անհատական նախասիրութիւնները միակ կարեւոր ազդակը պէտք չէ ըլլան, երբ որոշումներ կը կայացնէ։ Յատկապէս նկատի պէտք է առնուի Եհովայի տեսակէտը, որ իր Խօսքին մէջ յայտնուած է։ Աստուածաշունչին պատգամը ‘մեր ոտքերուն ճրագ ու մեր շաւիղներուն լոյս’ պէտք է ըլլայ (Սաղ. 119։105)։ Նաեւ խոհեմութիւն է նկատի առնել, թէ անձնական հարցերու մէջ մեր ըրած ընտրութիւնները ի՛նչպէս կ’ազդեն մեր ծառայութեան եւ ուրիշներուն, ժողովքէն ներս թէ դուրս (կարդալ՝ Բ. Կորնթացիս 6։3, 4

5. Ինչո՞ւ անկախութեան հոգիէն պէտք է զգուշանանք։

5 Այն հոգին՝ որ «հիմա ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ», ա՛յնքան լայնատարած է, որ մեր շնչած օդին պէս է (Եփ. 2։2)։ Այդ հոգին կրնայ պատճառ ըլլալ, որ խորհինք թէ Եհովայի կազմակերպութենէն եկած ուղղութեան կարիք չունինք։ Վստահաբար չենք ուզեր Դիոտրեփէսի նմանիլ, որ յարգանքով ‘Յովհաննէս առաքեալէն բան մը չէր ընդուներ’ (Գ. Յովհ. 9, 10)։ Անկախութեան հոգին զարգացնելէ պէտք է զգուշանանք։ Խօսքով կամ գործով, ներկայիս Եհովայի գործածած հաղորդակցութեան խողովակը երբեք չանարգենք (Թուոց 16։1-3)։ Միւս կողմէ, ծառայ դասակարգին հետ համագործակցելու մեր առանձնաշնորհումը պէտք է արժեւորենք։ Նաեւ պէտք չէ՞ ջանանք մեր ժողովքին մէջ առաջնորդութիւնը առնողներուն հնազանդիլ ու հպատակիլ (կարդալ՝ Եբրայեցիս 13։7, 17

6. Ինչո՞ւ մեր անձնական պարագաները պէտք է քննենք։

6 Ժողովքին մէջ մեր տեղը արժեւորելու այլ կերպ մըն է՝ մեր անձնական պարագաները մօտէն քննելը ու ‘մեր պաշտօնը մեծարելու’ եւ Եհովայի պատիւ բերելու համար մեր կարելին ընելը (Հռով. 11։13)։ Ոմանք կրնան կանոնաւոր ռահվիրաներ ըլլալ։ Ուրիշներ, աշխարհի չորս կողմը, լիաժամ ծառայութեան մասնայատուկ երեսակներու մէջ կը ծառայեն որպէս միսիոնարներ, ճամբորդող տեսուչներ եւ Պէթէլի ընտանիքի անդամներ։ Բազմաթիւ եղբայրներ ու քոյրեր Թագաւորութեան սրահներու շինարարութեան կ’աջակցին։ Եհովայի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը իր ամէն կարելին կ’ընէ՝ իր ընտանիքին հոգեւոր կարիքներուն հոգ տանելու եւ ամէն շաբաթ ծառայութեան մէջ լիակատար բաժին բերելու (կարդալ՝ Կողոսացիս 3։23, 24Կրնանք վստահ ըլլալ, որ երբ մենք մեզ յօժարակամ կը տրամադրենք Աստուծոյ ծառայութեան եւ բոլորանուէր կերպով իրեն ծառայելու համար մեր լաւագոյնը կ’ընենք, իր կարգադրութեան մէջ մեզի համար միշտ տեղ կայ։

Տարբերութիւն ընող ազդակներ

7. Բացատրէ թէ մեր պարագաները ի՛նչպէս կրնան ազդել ժողովքին մէջ մեր գրաւած տեղին։

7 Կարեւոր է որ մեր պարագաները մանրակրկիտ քննենք, քանի որ որոշ չափով ժողովքին մէջ մեր տեղը կախեալ է այն բանէն, զոր կրնանք ընել կամ ի վիճակի ենք ընելու։ Օրինակ, ժողովքին մէջ եղբօր մը գրաւած տեղը, կարգ մը կերպերով կը տարբերի քրոջ մը գրաւած տեղէն։ Տարիքը, առողջութիւնը եւ այլ ազդակներ նաեւ կ’ազդեն, թէ Եհովայի ծառայութեան մէջ ի՛նչ կրնանք ընել։ Առակաց 20։29–ն կ’ըսէ. «Երիտասարդներուն զարդը անոնց ոյժն է եւ ծերերուն փառքը ճերմակ մազն է»։ Ժողովքին երիտասարդ անդամները ֆիզիքական առումով շատ բան կրնան ընել՝ իրենց երիտասարդական կորովին շնորհիւ, մինչդեռ տարեցները ժողովքին մեծապէս օգտակար կ’ըլլան՝ իրենց իմաստութեան ու փորձառութեան շնորհիւ։ Նաեւ ի մտի պէտք է ունենանք, թէ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ մեր ըրածը կախեալ է Աստուծոյ անարժան բարութենէն (Գործք 14։25. Հռով. 12։6-8

8. Փափաքը ի՞նչպէս կ’ազդէ ժողովքին մէջ մեր ըրածին։

8 Հետեւեալ օրինակը երկու մարմնաւոր քոյրերու մասին ցցուն կ’ընէ յաւելեալ ազդակ մը, որ իր դերը ունի որոշելու մէջ, թէ ժողովքին մէջ ի՛նչ տեղ պիտի գրաւենք։ Երկուքն ալ երկրորդականը կ’աւարտեն։ Անոնք նոյն պարագաները ունին։ Անոնց ծնողները իրենց ամէն կարելին ըրած են երկուքը քաջալերելու, որ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք կանոնաւոր ռահվիրայութեան ձգտին։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, անոնցմէ մէկը ռահվիրայութեան կը ձեռնարկէ, իսկ միւսը կը սկսի լիաժամ աշխարհիկ գործ մը աշխատելու։ Ի՞նչ բան պատճառ եղաւ, որ տարբեր որոշումներ տան։ Փափաքը։ Ի վերջոյ, իւրաքանչիւրը ըրաւ ի՛նչ որ ինք ուզեց ընել։ Մեր մեծամասնութեան պարագան նոյնը չէ՞։ Լրջօրէն պէտք է մտածենք, թէ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ ի՛նչ կ’ուզենք ընել։ Կրնա՞նք մեր մասնակցութիւնը աւելցնել, նոյնիսկ եթէ ասիկա նշանակէ մեր պարագաները կարգի դնել (Բ. Կոր. 9։7

9, 10. Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ Եհովայի ծառայութեան մէջ աւելին ընելու շարժառիթը չունինք։

9 Ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ Եհովայի ծառայութեան մէջ աւելին ընելու շարժառիթը չունինք եւ հակամէտ ենք ժողովքին մէջ նուազագոյնը ընելու։ Փիլիպպեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս կ’ըսէ. «Աստուած է որ ձեր մէջ կը ներգործէ կամենալը ու ընելը իր հաճութեանը համար»։ Այո, Եհովա կրնայ մեր մէջ ներգործել եւ ազդել մեր փափաքներուն (Փլպ. 2։13. 4։13

10 Ուստի, պէտք չէ՞ Եհովայէ խնդրենք, որ մեր մէջ դնէ իր կամքը ընելու փափաքը։ Վաղեմի Իսրայէլի Դաւիթ թագաւորը ճիշդ ասիկա ըրաւ։ Ան աղօթեց. «Ո՛վ Տէր, քու ճամբաներդ ցուցուր ինծի, քու շաւիղներդ սորվեցուր ինծի։ Քու ճշմարտութեանդ մէջ ինծի առաջնորդէ ու սորվեցուր ինծի, քանզի դո՛ւն ես իմ փրկութեանս Աստուածը։ Ես քեզի կը սպասեմ ամէն օր» (Սաղ. 25։4, 5)։ Նոյնը կրնանք ընել, աղօթելով որ Եհովա մեզ մղէ, որ ուզենք իր հաճած բաները ընել։ Խոկալով թէ Եհովա Աստուած եւ իր Որդին ի՛նչ կը զգան, երբ իրենց շահերը յառաջ կը տանինք, մեր սրտերը գնահատութեամբ կը լեցուին (Մատ. 26։6-10. Ղուկ. 21։1-4)։ Այս երախտագիտութիւնը կրնայ մեզ մղել Եհովայի թախանձելու, որ մեր մէջ դնէ հոգեւորապէս յառաջդիմելու փափաքը։ Եսայի մարգարէն օրինակ հանդիսացած է, թէ ի՛նչպիսի կեցուածք պէտք է մշակենք։ Երբ Եհովայի հարցումը լսեց. «Ո՞վ ղրկեմ եւ մեզի համար ո՞վ պիտի երթայ», մարգարէն պատասխանեց. «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ» (Եսա. 6։8

Ի՞նչպէս յառաջդիմել

11. ա) Կազմակերպութեան մէջ պատասխանատուութիւններ կրելու նկատմամբ ի՞նչպիսի կարիք կայ։ բ) Եղբայր մը ի՞նչպէս կրնայ ծառայութեան առանձնաշնորհումներու ձգտիլ։

11 2008–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, համայն աշխարհի մէջ 289,678 անհատներ մկրտուելով, բացայայտ է որ մեծ կարիք կայ, որ եղբայրներ առաջնորդութիւնը առնեն։ Եղբայր մը այս կարիքին ի՞նչպէս պէտք է ընդառաջէ։ Մէկ խօսքով, ան պէտք է ջանայ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ օգնական ծառաներուն եւ երէցներուն համար նշուած որակներուն գոհացում տալ (Ա. Տիմ. 3։1-10, 12, 13. Տիտ. 1։5-9)։ Ի՞նչպէս։ Ծառայութեան մէջ գործօն բաժին բերելով, ժողովքային նշանակումներուն ժրաջանօրէն հոգ տանելով, քրիստոնէական ժողովներուն մէջ իր պատասխաններուն որակը բարելաւելու համար ծանր աշխատելով, եւ հաւատակիցներուն հանդէպ անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով։ Այսպէս ան ցոյց կու տայ, թէ ժողովքին մէջ իր տեղը կ’արժեւորէ։

12. Պատանիները ի՞նչպէս կրնան ճշմարտութեան հանդէպ իրենց նախանձախնդրութիւնը ցուցաբերել։

12 Երիտասարդ եղբայրներ, մանաւանդ պատանիներ, ժողովքին մէջ յառաջդիմելու համար ի՞նչ կրնան ընել։ Անոնք կրնան ջանք թափել, որ «իմաստութիւնով ու հոգեւոր հանճարով» լեցուին, Սուրբ Գրութիւններէն գիտութիւն ձեռք ձգելով (Կող. 1։9)։ Աստուծոյ Խօսքին ժրաջան աշակերտներն ըլլալը եւ ժողովքային հանդիպումներուն մէջ գործօն բաժին բերելը, վստահաբար այդ նպատակին պիտի ծառայեն։ Պատանիները կրնան նաեւ ձգտիլ որակեալ ըլլալու, որ ‘մեծ ու արդիւնաւոր դռնէն’ ներս մտնեն, լիաժամ ծառայութեան զանազան երեսակներուն մասնակցելով (Ա. Կոր. 16։9)։ Եհովայի ծառայութեան մէջ ասպարէզի մը հետամուտ ըլլալը իրապէս գոհացուցիչ կենցաղ մըն է եւ ճոխ օրհնութիւններ կը բերէ (կարդալ՝ Ժողովող 12։1

13, 14. Քոյրերը ի՞նչ կերպերով կրնան ցոյց տալ, թէ ժողովքին մէջ իրենց դերը կ’արժեւորեն։

13 Քոյրերն ալ կրնան ցոյց տալ, թէ Սաղմոս 68։11–ի կատարման մէջ բաժին բերելու իրենց առանձնաշնորհումը կ’արժեւորեն։ Համարը կ’ըսէ. «Տէրը պատգամ տուաւ, աւետաբեր կիները մեծ զօրաբաժին եղան» (ԱԾ)։ Աշակերտելու գործին մասնակցիլը ամէնէն աչքառու կերպերէն մէկն է, որով քոյրերը կրնան ցոյց տալ, թէ ժողովքին մէջ իրենց տեղը կը գնահատեն (Մատ. 28։19, 20)։ Արդ, ծառայութեան լիովին մասնակցելով եւ անոր համար կամովին զոհողութիւններ ընելով, քոյրերը կ’ապացուցանեն թէ ժողովքին մէջ իրենց դերը կ’արժեւորեն։

14 Տիտոսի գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս ըսաւ. «Տարեց կիները թող վարուին այնպէս՝ ինչպէս կը վայլէ սրբութեան, եւ ըլլան. . . բարի բաներ սորվեցնող. որպէսզի սորվեցնեն դեռահասակ կիներուն՝ սիրել իրենց ամուսինները, սիրել իրենց զաւակները, եւ ըլլալ խոհեմ, մաքրակենցաղ, տնաշէն, բարեգործ, իրենց ամուսիններուն հպատակ, որ Աստուծոյ խօսքը չհայհոյուի» (Տիտ. 2։3-5, ԱԾ)։ Հասուն քոյրերը ժողովքին մէջ ի՜նչ օգտակար ազդեցութիւն կրնան ունենալ։ Առաջնորդութիւն առնող եղբայրները յարգելով ու հագուելակերպի, յարդարանքի եւ ժամանցի մարզերուն մէջ խոհեմ որոշումներ կայացնելով, անոնք ուրիշներուն ընտիր օրինակ կը հանդիսանան եւ ժողովքին մէջ իրենց տեղին հանդէպ բարձր համարում ցոյց կու տան։

15. Ամուրի քոյր մը ի՞նչ կրնայ ընել, որ առանձնութեան հետ գլուխ ելլէ։

15 Երբեմն, չամուսնացած քրոջ մը համար կրնայ դժուար ըլլալ ժողովքին մէջ իր տեղը գտնել։ Այս փորձառութիւնը ունեցող քոյր մը ըսաւ. «Ատեն–ատեն ամուրիութիւնը եւ մենակութիւնը ձեռք–ձեռքի կ’ընթանան»։ Երբ հարցուեցաւ թէ կացութեան հետ ի՛նչպէս գլուխ կ’ելլէ, ան ըսաւ. «Աղօթքը եւ ուսումնասիրութիւնը ինծի կ’օգնեն ժողովքին մէջ իմ տեղս դարձեալ գտնելու։ Կ’ուսումնասիրեմ այնպիսի նիւթեր, որոնք կը բացատրեն թէ Եհովա ի՛նչպէս զիս կը նկատէ։ Եւ կը ջանամ ժողովքին անդամներուն օգտակար ըլլալ։ Ասիկա կ’օգնէ անձիս վրայ չկեդրոնանալու»։ Սաղմոս 32։8–ի համաձայն, Եհովա Դաւիթի ըսաւ. «Քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ»։ Արդարեւ Եհովա իր բոլոր ծառաներով անձնապէս կը հետաքրքրուի, ի ներառեալ՝ ամուրի քոյրերը, եւ բոլորին պիտի օգնէ որ ժողովքին մէջ իրենց տեղը գտնեն։

Տեղդ պահէ՛

16, 17. ա) Իր կազմակերպութեան մաս կազմելու Եհովայի հրաւէրը ընդունիլը, ինչո՞ւ մեր կայացուցած լաւագոյն որոշումն է։ բ) Ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի կազմակերպութեան մէջ մեր տեղը պահել։

16 Եհովա սիրալիրօրէն իր իւրաքանչիւր ծառան քաշած է, որ իրեն հետ փոխյարաբերութիւն վայելէ։ Յիսուս ըսաւ. «Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ» (Յովհ. 6։44)։ Երկրի միլիառաւոր բնակիչներէն միայն մեզի Եհովա անձնական հրաւէր ներկայացուցած է, որ իր ժողովքին մէկ մասը ըլլանք։ Այս հրաւէրը ընդունիլը մեր կայացուցած լաւագոյն որոշումը եղած է։ Անիկա մեր կեանքին նպատակ եւ իմաստ տուած է։ Իսկ ժողովքին մէջ տեղ ունենալով, ի՜նչ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն կը վայելենք։

17 «Ո՛վ Տէր, սիրեցի քու տանդ բնակութիւնը», ըսաւ սաղմոսերգուն։ Ան նաեւ տաղերգեց. «Իմ ոտքս ուղղութեան մէջ կը կենայ։ Ժողովներուն մէջ Տէրը պիտի օրհնեմ» (Սաղ. 26։8, 12)։ Ճշմարիտ Աստուածը իւրաքանչիւրիս համար տեղ մը ունի իր կազմակերպութեան մէջ։ Աստուածպետական ուղղութեան շարունակ հետեւելով եւ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ զբաղած մնալով, կրնանք Եհովայի կարգադրութեան մէջ մեր թանկագին տեղը պահել։

Կը յիշե՞ս

• Ինչո՞ւ տրամաբանական է եզրակացնել, թէ բոլոր քրիստոնեաները ժողովքին մէջ տեղ մը ունին։

• Ի՞նչպէս ցոյց կու տանք, թէ Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ մեր տեղը կ’արժեւորենք։

• Ի՞նչ ազդակներ կրնան ժողովքին մէջ մեր տեղին ազդել։

• Քրիստոնեայ պատանիներ ու չափահասներ ի՞նչպէս կրնան ապացուցանել, թէ Աստուծոյ կարգադրութեան մէջ իրենց տեղը կ’արժեւորեն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 21]

Քոյրերը ի՞նչպէս կրնան ցոյց տալ, թէ ժողովքին մէջ իրենց տեղը կ’արժեւորեն