Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Շարունակէ եղբայրսիրութեան մէջ աճիլ

Շարունակէ եղբայրսիրութեան մէջ աճիլ

Շարունակէ եղբայրսիրութեան մէջ աճիլ

«Սիրով վարուեցէք, ինչպէս Քրիստոս ալ մեզ սիրեց» (ԵՓ. 5։2

1. Յիսուս իր հետեւորդներուն ո՞ր կարեւոր յատկանիշը մատնանշեց։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ Թագաւորութեան բարի լուրը տունէ տուն քարոզելը, Եհովայի վկաներու առանձնայատկութիւնը կամ վաճառանիշն է։ Այսուհանդերձ, Քրիստոս Յիսուս քրիստոնէութեան տարբեր երեսակ մը ընտրեց՝ իր իսկական աշակերտները բնորոշելու համար։ Ան ըսաւ. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք։ Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհ. 13։34, 35

2, 3. Մեր եղբայրսիրութիւնը ի՞նչպէս կ’ազդէ մեր քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուողներուն։

2 Իսկական քրիստոնէական եղբայրութեան սէրը աննման է մարդկային ընկերութեան մէջ։ Ինչպէս որ մագնիսը երկաթը կը քաշէ, նոյնպէս սէրը Եհովայի ծառաները կը միացնէ եւ անկեղծ անհատները կը հրապուրէ ճշմարիտ պաշտամունքին։ Օրինակ՝ նկատի առ Գամերունի մէջ բնակող Մարսելինոն, որ իր գործին ընթացքին արկածով մը իր տեսողութիւնը կորսնցուց։ Անոր առնչութեամբ տարաձայնութիւն մը եղաւ, թէ ան կուրացաւ, քանի որ կախարդ էր։ Իր եկեղեցիին հովիւը եւ ուրիշ անդամներ, զինք մխիթարելու փոխարէն, զինք ժողովքէն վտարեցին։ Երբ Եհովայի վկաներէն մէկը զինք ժողովի հրաւիրեց, Մարսելինոն վարանեցաւ։ Ան չուզեց յաւելեալ մերժում դիմագրաւել։

3 Թագաւորութեան սրահին մէջ Մարսելինօ անակնկալի եկաւ, երբ ջերմ ընդունելութիւն գտաւ եւ իր լսած աստուածաշնչական ուսուցումներով մխիթարուեցաւ։ Ան սկսաւ բոլոր ժողովքային հանդիպումներուն ներկայ գտնուելու, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մէջ յառաջդիմեց ու 2006–ին մկրտուեցաւ։ Այժմ ան իր ընտանիքին ու դրացիներուն հետ ճշմարտութիւնը կը բաժնէ եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ հաստատած է։ Մարսելինօ կ’ուզէ որ Աստուածաշունչի իր աշակերտները շօշափեն այն սէրը, զոր Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ տեսաւ։

4. ‘Սիրով վարուելու’ Պօղոսի յորդորին ինչո՞ւ ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք։

4 Մեր գրաւիչ եղբայրսիրութիւնը թեթեւի պէտք չէ առնուի։ Մտապատկերէ բացօթեայ կրակը, որ գիշերը իր շուրջ կը հաւաքէ ջերմութիւն փնտռող անհատներ։ Եթէ անոնք չշարունակեն վառելանիւթ դնել, կրակը պիտի մարի։ Նմանապէս, ժողովքին մէջ սիրոյ սքանչելի կապը պիտի տկարանայ, եթէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ չջանայ ամրացնել զայն։ Ի՞նչպէս կրնանք սիրոյ կապը զօրացնել։ Պօղոս առաքեալ կը պատասխանէ. «Սիրով վարուեցէք, ինչպէս Քրիստոս ալ մեզ սիրեց ու իր անձը մեզի համար մատնեց՝ անուշահոտ պատարագ ու զոհ ըլլալով Աստուծոյ» (Եփ. 5։2)։ Ուստի, իւրաքանչիւրս ի՞նչ կերպերով կրնանք շարունակել սիրով վարուիլ։

«Լայն բացէք ձեր սրտերը»

5, 6. Պօղոս ինչո՞ւ յորդորեց կորնթացի քրիստոնեաները, որ իրենց ‘սիրտը լայն բանան’։

5 Վաղեմի Կորնթոսի քրիստոնեաներուն Պօղոս առաքեալ գրեց. «Մեր բերանը ձեզի բացուած է, ո՜վ Կորնթացիք եւ մեր սիրտը լայնցած։ Դուք մեր կողմէն չէք նեղուիր, հապա ձեր ունեցած գութին կողմէ կը նեղուիք։ Ուստի անոր հատուցում ընելու համար (իբրեւ որդիներուս կը խօսիմ ձեզի,) դուք ալ դէպի զիս լայն բացէք ձեր սրտերը» (Բ. Կոր. 6։11-13)։ Պօղոս ինչո՞ւ կորնթացիները յորդորեց, որ իրենց սիրոյն մէջ լայննան։

6 Նկատի առ թէ վաղեմի Կորնթոսի ժողովքը ի՛նչպէս հաստատուեցաւ։ Մ.թ. 50–ի աշնան, Պօղոս Կորնթոս եկաւ։ Թէեւ սկիզբը անոր քարոզչութիւնը դժուարութիւն դիմագրաւեց, բայց առաքեալը ձեռնթափ չեղաւ։ Կարճ ժամանակուան մէջ, շատեր բարի լուրին հաւատք ընծայեցին։ Պօղոս «տարի մը ու վեց ամիս» անցուց, ուսուցանելով ու զօրացնելով նոր ժողովքը։ Բացայայտօրէն, ան կորնթացի քրիստոնեաներուն հանդէպ խոր սէր ունէր (Գործք 18։5, 6, 9-11)։ Անոնք զինք սիրելու եւ յարգելու վաւերական պատճառներ ունէին։ Սակայն ժողովքին մէջ ոմանք իրմէ հեռացան։ Գուցէ քիչեր իր անկեղծ խրատները չէին սիրեր (Ա. Կոր. 5։1-5. 6։1-10)։ Թերեւս ուրիշներ ականջ կու տային «երեւելի առաքեալներ»ու զրպարտութեան (Բ. Կոր. 11։5, 6)։ Պօղոս կ’ուզէր, որ իր բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը զինք հարազատօրէն սիրէին։ Ուստի ան աղաչեց, որ իրենց ‘սիրտը լայն բանան’, իրեն եւ այլ հաւատակիցներու մօտենալով։

7. Ի՞նչպէս կրնանք եղբայրսիրութիւն ցուցաբերելու մէջ ‘մեր սիրտը լայն բանալ’։

7 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Ի՞նչպէս կրնանք եղբայրսիրութիւն ցուցաբերելու մէջ ‘մեր սրտերը լայն բանալ’։ Տարեկիցներ կամ նոյն էթնիքական ենթահողը ունեցողներ, բնականաբար իրարու կը մօտենան։ Եւ նոյն զբօսանքը սիրող անհատներ, յաճախ իրարու հետ շատ ժամանակ կ’անցընեն։ Սակայն, եթէ կարգ մը քրիստոնեաներու հետ մեր բաժնած հետաքրքրութիւնները մեզ ուրիշներէ կ’անջատեն, հարկ է որ ‘մեր սիրտը լայն բանանք’։ Մենք մեզի հարց տանք. ‘Մտերիմ խումբէս չեղող եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ քի՞չ անգամ ծառայութեան կամ ընկերային գործունէութիւններու կը մասնակցիմ։ Թագաւորութեան սրահին մէջ, նորեկներուն հետ հաղորդակցութիւնս կը սահմանափակե՞մ, խորհելով թէ ժամանակ պէտք է անցնի, որպէսզի բարեկամութիւնս շահին։ Ժողովքին մէջ, թէ՛ տարեցները եւ թէ դեռատիները կը բարեւե՞մ’։

8, 9. Հռովմայեցիս 15։7–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի խրատը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել, որ զիրար բարեւենք այնպիսի կերպով մը, որ մեր եղբայրսիրութիւնը կ’աւելցնէ։

8 Զիրար ողջունելու հարցին նկատմամբ, հռոմայեցիներուն յղուած Պօղոսի խօսքերը կրնան մեզի օգնել, որ հաւատակիցներուն հանդէպ պատշաճ հայեցակէտը մշակենք (կարդալ՝ Հռովմայեցիս 15։7Այս համարին մէջ «ընդունիլ» թարգմանուած յունարէն բառը կը նշանակէ՝ «ազնուօրէն դիմաւորել կամ հիւրասիրել, հաւանելի նկատել անհատին համայնքն ու բարեկամութիւնը»։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, երբ հիւրասէր տանտէր մը իր բարեկամներուն բարի գալուստ կը մաղթէր, ան ցոյց կու տար թէ ո՜րքան ուրախ էր զիրենք տեսնելով։ Քրիստոս այլաբանօրէն այդ կերպով մեզ ընդունած է, եւ մեզի յորդոր տրուած է, որ հաւատակիցները սիրալիր ընդունելու մէջ զինք ընդօրինակենք։

9 Երբ Թագաւորութեան սրահին մէջ եւ այլուր մեր եղբայրները կը բարեւենք, կրնանք ուշադրութիւն ընծայել անոնց, զորս վերջերս չենք տեսած կամ որոնց հետ չենք խօսած։ Ինչո՞ւ քանի մը վայրկեան չխօսակցինք անոնց հետ։ Յաջորդ ժողովին, կրնանք նոյնն ընել ուրիշներու հետ։ Կարճ ժամանակամիջոցի մէջ, մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն մեծամասնութեան հետ հաճելի զրոյցներ ունեցած պիտի ըլլանք։ Պէտք չէ մտահոգուինք, եթէ նոյն օրը բոլորին հետ չկարենանք խօսակցիլ։ Անհատ մը պէտք չէ երեսը կախէ, եթէ բոլոր ժողովներուն չկարենանք զինք բարեւել։

10. Ժողովքին մէջ ի՞նչ անգին պատեհութիւն մը մատչելի է բոլորին, եւ ի՞նչպէս կրնանք անկէ լիովին օգտուիլ։

10 Ուրիշները բարեւելը զանոնք սիրալիր ընդունելու առաջին քայլն է։ Անիկա կրնայ հաճոյալի զրոյցներու եւ մնայուն բարեկամութիւններու առաջնորդել։ Օրինակ՝ երբ համաժողովի ներկայ եղողներ իրենք զիրենք ուրիշներու կը ծանօթացնեն ու կը սկսին խօսակցելու, անոնք անձկագին կը սպասեն որ դարձեալ զիրար տեսնեն։ Թագաւորութեան սրահներու շինարարութեան եւ օգնութեան աշխատանքներուն մասնակցող կամաւորները յաճախ լաւ բարեկամներ կը դառնան, քանի որ իրարու ընտիր յատկութիւնները կը զատորոշեն, նոյն փորձառութիւններուն մէջ բաժին ունենալով։ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ մնայուն բարեկամութիւններ կազմելու բազմաթիւ պատեհութիւններ կան։ Եթէ ‘մեր սրտերը լայն բանանք’, աւելի բարեկամներ պիտի ունենանք, ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ մեզ միացնող սէրը զօրացնելով։

Ուրիշներուն համար ժամանակ տրամադրէ

11. Ինչպէս նշուած է Մարկոս 10։13-16–ի մէջ, Յիսուս ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։

11 Բոլոր քրիստոնեաները կրնան ջանալ դիւրամերձ ըլլալ, ինչպէս որ Յիսուս էր։ Նկատի առ թէ Յիսուս ի՛նչպէս հակազդեց, երբ իր աշակերտները փորձեցին ծնողները արգիլել, որ իրենց զաւակները իրեն բերեն։ Ան ըսաւ. «Թող տուէք այդ մանր տղոցը, որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք ատոնք, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է»։ Ապա «զանոնք գիրկը առաւ, անոնց վրայ ձեռք դրաւ ու օրհնեց զանոնք» (Մար. 10։13-16)։ Երեւակայէ այդ երեխաներուն խայտանքը, Մեծ Ուսուցիչին սիրալիր հետաքրքրութեան արժանանալով։

12. Ի՞նչ բան կրնայ արգելք հանդիսանալ, որ ուրիշներու հետ խօսակցինք։

12 Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ ինքն իրեն պէտք է հարցնէ. ‘Ինքզինքս ուրիշներուն մատչելի կ’ընե՞մ, թէ ոչ՝ յաճախ բազմազբաղ ըլլալու երեւոյթ ունիմ’։ Սխալ չեղող սովորութիւններ երբեմն կրնան խօսակցութեան արգելք հանդիսանալ։ Օրինակ՝ եթէ ուրիշներու ներկայութեան, յաճախ բջիջային հեռաձայն գործածենք կամ ձայնագրութիւններ մտիկ ընելու համար ընկալուչներ գործածենք, կրնանք այն տպաւորութիւնը ձգել, թէ կը նախընտրենք իրենց հետ չընկերակցիլ։ Եթէ ուրիշներ յաճախ նկատեն, թէ մեր լման ուշադրութիւնը տուած ենք դիւրատար համակարգիչին, կրնան եզրակացնել թէ իրենց հետ խօսելով հետաքրքրուած չենք։ Անշուշտ «լռելու ժամանակ» կայ։ Բայց երբ մարդոց հետ ենք, ժամանակը յաճախ «խօսելու ժամանակ» է (Ժող. 3։7)։ Ոմանք թերեւս ըսեն. «Կը նախընտրեմ վերապահ ըլլալ» կամ «Առաւօտները խօսելու տրամադրութիւն չեմ ունենար»։ Այսուհանդերձ, բարեկամական խօսակցութիւններ ունենալը, նոյնիսկ երբ ասիկա ընելու հակամէտ չենք, կ’ապացուցանէ այն սէրը, որ «իրենը չի փնտռեր» (Ա. Կոր. 13։5

13. Պօղոս Տիմոթէոսը քաջալերեց, որ քրիստոնեայ եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ ի՞նչ տեսակէտ ունենայ։

13 Պօղոս երիտասարդ Տիմոթէոսը քաջալերեց, որ ժողովքի բոլոր անդամները յարգէ (կարդալ՝ Ա. Տիմոթէոս 5։1, 2Մենք ալ պէտք է վարուինք տարիքաւոր քրիստոնեաներուն հետ որպէս թէ մեր հայրերն ու մայրերն են, իսկ դեռատիներուն հետ՝ որպէս թէ մեր մարմնաւոր եղբայրներն ու քոյրերն են։ Այս կեցուածքը ունենալով, մեր սիրելի եղբայրներէն ու քոյրերէն ո՛չ մէկը մեր ներկայութեան ինքզինք օտար պիտի զգայ։

14. Ուրիշներու հետ շինիչ խօսակցութիւններ ունենալը ի՞նչ օգուտներ կը բերէ։

14 Ուրիշներու հետ շինիչ խօսակցութիւններ ունենալով, անոնց հոգեւորութեան եւ զգացական բարօրութեան կը նպաստենք։ Մասնաճիւղի մը մէջ աշխատող եղբայր մը, կաթոգին կը յիշէ կարգ մը տարեց պէթէլականներ, որոնք կանոնաւորաբար ժամանակ կը յատկացնէին՝ իրեն հետ խօսելու, երբ Պէթէլ նոր եկած էր։ Անոնց քաջալերական խօսքերը իրեն զգալ տուին, թէ իրապէս Պէթէլի ընտանիքին մաս կը կազմէր։ Այժմ ան կը ջանայ զիրենք ընդօրինակել, պէթէլականներուն հետ խօսակցելով։

Խոնարհութիւնը մեզի կ’օգնէ խաղաղութիւն ընելու

15. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ կարելի է որ տարակարծութիւններ ունենանք։

15 Եւոդիա եւ Սիւնտիք, վաղեմի Փիլիպպէի մէջ բնակող երկու քրիստոնեայ քոյրեր, ըստ երեւոյթին իրենց միջեւ ծագած խնդիր մը լուծելու դժուարութիւն ունէին (Փլպ. 4։2, 3)։ Պօղոսի ու Բառնաբասի միջեւ ծագած բուռն վէճ մը, ուրիշներու ծանօթ դարձաւ եւ պատճառ եղաւ, որ որոշ ժամանակ մը իրարմէ զատուին (Գործք 15։37-39)։ Այս արձանագրութիւնները ցոյց կու տան, թէ կարելի է որ ճշմարիտ երկրպագուները տարակարծութիւններ ունենան։ Եհովա մեզի կ’օգնէ վէճերը լուծելու եւ բարեկամութիւնները վերահաստատելու։ Բայց ան մեզմէ բան մը կը պահանջէ։

16, 17. ա) Անհատական վէճեր լուծելու համար խոնարհութիւնը ո՞րքան կարեւոր է։ բ) Յակոբի մօտեցումը ի՞նչպէս խոնարհութեան արժէքը կը լուսաբանէ։

16 Երեւակայէ որ ընկերոջդ հետ ինքնաշարժով պիտի պտըտիք։ Պտոյտը սկսելէ առաջ, ինքնաշարժին շարժակը բանալիով պէտք է աշխատցնէք։ Անհատական տարակարծութիւններ լուծելու գործընթացն ալ բանալիով մը կը սկսի։ Բանալին խոնարհութիւնն է (կարդալ՝ Յակոբոս 4։10Ինչպէս հետեւեալ աստուածաշնչական օրինակը կը յայտնէ, այդ բանալին թոյլ կու տայ որ անհամաձայն եղող անհատներ սկսին Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելու։

17 Քսան տարի անցած էր այն օրէն, երբ Եսաւ իր ծննդեան իրաւունքը կորսնցնելով դառնացաւ եւ ուզեց իր երկուորեակ եղբայրը՝ Յակոբը սպաննել։ Այժմ անոնք հանդիպելու վրայ էին, եւ «Յակոբ խիստ վախցաւ ու խռովեցաւ», զգալով թէ մեծ հաւանականութիւն կար, որ Եսաւ յարձակում գործէր։ Բայց Յակոբ բան մը ըրաւ, զոր Եսաւ չակնկալեց։ Ան «գետնին հաւասար եօթը անգամ խոնարհութիւն ըրաւ»։ Արդի՞ւնքը։ «Եսաւ զանիկա դիմաւորելու վազեց ու գրկեց զանիկա եւ անոր պարանոցին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զանիկա եւ լացին»։ Կռիւի մը վտանգը հեռացած էր։ Յակոբի խոնարհութիւնը օգնեց, որ Եսաւի ատելութիւնը եւ ոխակալութիւնը վերջ գտնեն (Ծն. 27։41. 32։3-8. 33։3, 4

18, 19. ա) Երբ անհատական վէճեր ծագին, ինչո՞ւ կենսական է որ աստուածաշնչական խրատները կիրարկելու մէջ նախաքայլը առնենք։ բ) Եթէ դիմացի անհատը սկիզբը դրականօրէն չընդառաջէ, ինչո՞ւ պէտք չէ ձեռնթափ ըլլանք։

18 Աստուածաշունչը վէճեր լուծելու նկատմամբ սքանչելի խրատներ կը բովանդակէ (Մատ. 5։23, 24. 18։15-17. Եփ. 4։26, 27 * Սակայն, եթէ այդ խրատները խոնարհութեամբ չկիրարկենք, խաղաղութիւն ընելը դժուար պիտի ըլլայ։ Լուծում չէ սպասել, որ անհա՛տը խոնարհութիւն ցուցաբերէ, մինչ մենք ալ բանալին բռնած ենք։

19 Եթէ խաղաղութիւն ընելու մեր առաջին փորձերը ապարդիւն ըլլան, պէտք չէ յուսահատինք։ Թերեւս անհատը ժամանակի կը կարօտի, որպէսզի իր զգացումները քննէ։ Յովսէփի եղբայրները իրեն հետ նենգօրէն վարուեցան։ Երբ ան Եգիպտոսի վարչապետը եղաւ ու իրեն հանդիպեցան, արդէն երկա՜ր ժամանակ անցած էր։ Ի վերջոյ, անոնց սիրտը փոխուած էր ու ներում խնդրեցին։ Յովսէփ ներողամիտ գտնուեցաւ, եւ Յակոբի որդիները ազգ մը եղան, որ Եհովայի անունը կրելու առանձնաշնորհումը ունեցաւ (Ծն. 50։15-21)։ Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ խաղաղութիւն պահելով, ժողովքին միութեան եւ ուրախութեան կը նպաստենք (կարդալ՝ Կողոսացիս 3։12-14

«Գործով ու ճշմարտութիւնով» սիրենք

20, 21. Իր առաքեալներուն ոտքերը լուալու Յիսուսի արարքէն ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։

20 Իր մահուընէ քիչ առաջ, Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ. «Ձեզի օրինակ մը տուի, որպէս զի ինչպէս ես ձեզի ըրի՝ դուք ալ ընէք» (Յովհ. 13։15)։ Ան այս խօսքը ըսաւ՝ տասներկուքին ոտքերը լուալէ ետք։ Անոր ըրածը ո՛չ ծէս էր, ոչ ալ պարզապէս ազնուութեան արարք մը։ Ոտքեր լուալու միջադէպը նշելէ առաջ, Յովհաննէս գրեց. «Յիսուս. . . սիրելով իրենները, որոնք աշխարհի մէջ էին, մինչեւ վերջն ալ սիրեց զանոնք» (Յովհ. 13։1)։ Աշակերտներուն հանդէպ Յիսուսի սէրն էր, որ զինք մղեց մատուցանելու ծառայութիւն մը, որ սովորաբար ծառայի մը կողմէ կը կատարուէր։ Այժմ անոնք խոնարհաբար իրարու համար սիրալիր բաներ պէտք էր կատարէին։ Արդարեւ, հարազատ եղբայրսիրութիւնը պէտք է մեզ մղէ, որ բոլոր քրիստոնեայ եղբայրներով ու քոյրերով հետաքրքրուինք։

21 Պետրոս առաքեալ, որուն ոտքերը Աստուծոյ Որդին լուաց, Յիսուսի ըրածին իմաստը ըմբռնեց։ Ան գրեց. «Մաքուր սիրտով՝ ջերմեռանդութեա՛մբ սիրեցէք զիրար, քանի որ մաքրագործեցիք ձեր անձերը անկեղծ եղբայրսիրութեան համար՝ ճշմարտութեան հնազանդելով» (Ա. Պետ. 1։22, ԱԾ)։ Յովհաննէս առաքեալ, որուն ոտքերը նոյնպէս Տէրը լուաց, գրեց. «Ո՛րդեակներս, ո՛չ թէ խօսքով ու լեզուով սիրենք, հապա գործով ու ճշմարտութիւնով» (Ա. Յովհ. 3։18)։ Մեր սրտերը թող մեզ մղեն մեր եղբայրսիրութիւնը գործերով հաստատելու։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 18 Տե՛ս Կազմակերպուած՝ Եհովայի կամքը ընելու գիրքը, էջ 144-150։

Կը յիշե՞ս

• Իրարու հանդէպ սէր ցուցաբերելու մէջ, ի՞նչ կերպերով կրնանք ‘մեր սրտերը լայն բանալ’։

• Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ ուրիշներուն համար ժամանակ տրամադրելու։

• Խոնարհութիւնը խաղաղութիւն ընելու մէջ ի՞նչ դեր կը խաղայ։

• Ի՞նչ բան մեզ պէտք է մղէ հաւատակիցներով հետաքրքրուելու։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 23]

Հաւատակիցներուն ջերմօրէն բարի գալուստ մաղթեցէք

[Նկար՝ էջ 25]

Ուրիշներուն համար ժամանակ տրամադրելու պատեհութիւնները մի՛ փախցներ