Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Վայելուչ կենցաղավարութիւն ունենալ որպէս Աստուծոյ ծառաներ

Վայելուչ կենցաղավարութիւն ունենալ որպէս Աստուծոյ ծառաներ

Վայելուչ կենցաղավարութիւն ունենալ որպէս Աստուծոյ ծառաներ

«Աստուծոյ նմանող եղէք» (ԵՓ. 5։1

1, 2. ա) Վայելուչ կենցաղավարութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր է։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկուի։

ՅԱՐԳԱԼԻՑ վարքի առնչութեամբ, հեղինակուհի Սու Ֆոքս կը գրէ. «Վայելուչ կենցաղավարութիւնը արձակուրդ չունի։ Քաղաքավարութիւնը ամէնուրեք եւ օրն ի բուն գործի վրայ է»։ Երբ մարդիկ բարեկիրթ ըլլալը սովորութիւն դարձնեն, ուրիշներու հետ խնդիրները նուազագոյն աստիճանի կ’իջնեն եւ յաճախ կ’անհետանան։ Բայց հակառակն ալ ճիշդ է։ Ուրիշներու հետ կոշտաբար վարուիլը կ’առաջնորդէ ընդհարումի, ընդվզումի եւ տրտմութեան։

2 Ճշմարիտ քրիստոնէական ժողովքին մէջ, ընդհանրապէս վայելուչ կենցաղավարութիւնը կ’ուռճանայ։ Այսուհանդերձ, ներկայ աշխարհի մէջ սովորական եղող անվայել բարքը որդեգրելէ պէտք է զգուշանանք։ Նկատի առնենք թէ քաղաքավարութեան առնչութեամբ աստուածաշնչական սկզբունքները կիրարկելը ի՛նչպէս կրնայ մեզ պաշտպանել եւ մարդիկը ճշմարիտ պաշտամունքին քաշել։ Եհովա Աստուծոյ ու իր Որդիին օրինակը կ’օգնէ ըմբռնելու, թէ վայելուչ կենցաղավարութիւն ունենալը ի՛նչ կ’ընդգրկէ։

Եհովա եւ իր Որդին. վայելուչ կենցաղավարութեան օրինակներ

3. Եհովա Աստուած քաղաքավարութեան ի՞նչ օրինակ հանդիսացած է։

3 Եհովա Աստուած քաղաքավարութեան կատարեալ օրինակն է։ Հակառակ իր վեհ դիրքին որպէս տիեզերքի Գերիշխան, ան մարդոց հետ մեծ ազնուութեամբ ու յարգանքով կը վարուի։ Աբրահամի ու Մովսէսի հետ խօսած ատեն, Եհովա գործածեց եբրայերէն բառ մը, որ յաճախ կը թարգմանուի՝ «հաճիս» (Ծն. 13։14, ՆԱ. Ել. 4։6, ՆԱ)։ Երբ իր ծառաները յանցանքներ գործեն, Եհովա «գթած ու ողորմած Աստուած [է], երկայնամիտ ու ողորմութիւնով եւ ճշմարտութիւնով լեցուն [է]» (Սաղ. 86։15)։ Ան շա՜տ տարբեր է կարգ մը մարդոցմէ, որոնք սաստիկ կը բարկանան, երբ ուրիշներ իրենց ակնկալութիւնները չեն գոհացներ։

4. Երբ ուրիշներ մեզի հետ խօսին, ի՞նչպէս կրնանք Եհովան ընդօրինակել։

4 Աստուծոյ վայելուչ կենցաղավարութիւնը նաեւ բացայայտ է այն կերպին մէջ, որով մարդիկը կը լսէ։ Երբ Աբրահամ Սոդոմի ժողովուրդին նկատմամբ հարցումներ ուղղեց, Եհովա համբերութեամբ իւրաքանչիւր հարցումին պատասխանեց (Ծն. 18։23-32)։ Ան Աբրահամի մտահոգութիւնը ժամավաճառութիւն չնկատեց։ Եհովա իր ծառաներուն աղօթքները եւ զղջացող մեղաւորներուն աղաղակները մտիկ կ’ընէ (կարդալ՝ Սաղմոս 51։11, 17Եհովան պէտք չէ՞ ընդօրինակենք՝ մտիկ ընելով, երբ ուրիշներ մեզի հետ խօսին։

5. Յիսուսի քաղաքավարութիւնը ընդօրինակելը ի՞նչպէս կրնայ ուրիշներու հետ մեր յարաբերութիւնը բարելաւել։

5 Ի միջի այլոց, Յիսուս Քրիստոս իր Հօրմէն քաղաքավարութիւն սորվեցաւ։ Թէեւ իր ծառայութիւնը երբեմն իր ժամանակին ու կորովին մեծ մասը կ’առնէր, բայց Յիսուս միշտ համբերատար եւ ազնիւ էր։ Բորոտներ, կոյր մուրացկաններ եւ այլ կարօտեալներ նկատեցին, թէ Յիսուս իրենց օգնելու պատրաստ ու յօժար էր։ Ան զիրենք չանտեսեց, թէեւ առանց ժամադրութեան եկան։ Ան յաճախ իր ըրածը կը դադրեցնէր, որպէսզի նեղ կացութեան մատնուած անհատի մը օգնէր։ Յիսուս արտակարգօրէն նկատառու էր անոնց հանդէպ, որոնք իրեն հաւատացին (Մար. 5։30-34. Ղուկ. 18։35-41)։ Որպէս քրիստոնեաներ, Յիսուսի օրինակին կը հետեւինք՝ ազնիւ ու ձեռնտու ըլլալով։ Այսպիսի վարք մը՝ մեր ազգականներուն, դրացիներուն եւ ուրիշներուն կողմէ աննկատ չի մնար։ Ասկէ զատ, այս վարքը Եհովան կը փառաւորէ եւ մեզ կ’երջանկացնէ։

6. Յիսուս ջերմութեան եւ բարեկամութեան ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։

6 Յիսուս նաեւ մարդիկը յարգեց՝ անոնց անունները գործածելով։ Հրեայ կրօնական առաջնորդները այս կերպով ուրիշները պատուեցի՞ն։ Ո՛չ։ Անոնք մովսիսական օրէնքը չգիտցողները «ռամիկ ժողովուրդ» նկատեցին եւ անոնց հետ այդ հանգամանքով վարուեցան (Յովհ. 7։49)։ Բայց Աստուծոյ Որդին այդպէս չըրաւ։ Ան անհատներու անունները գործածեց, ինչպէս՝ Մարթա, Մարիամ, Զաքէոս եւ բազմաթիւ ուրիշներ (Ղուկ. 10։41, 42. 19։5)։ Մինչ մշակութային չափանիշները եւ պարագաները կրնան պարտադրել, թէ մարդոց հետ ի՛նչ արտայայտութիւններով սկսինք խօսիլ, Եհովայի ծառաները ուրիշներուն հանդէպ ջերմութիւն կը մշակեն։ * Անոնք թոյլ չեն տար դասակարգային խտրութեան, որ նուազեցնէ այն յարգանքը, որուն արժանի են իրենց հաւատակիցները եւ ուրիշներ (կարդալ՝ Յակոբոս 2։1-4

7. Աստուածաշնչական սկզբունքները ի՞նչպէս մեզի կ’օգնեն, որ ամէնուրեք մարդոց հետ քաղաքավարութեամբ վարուինք։

7 Բոլոր ազգերէ եւ էթնիք խումբերէ եղող մարդոց հետ Աստուծոյ եւ իր Որդիին քաղցր վարուելակերպը, զանոնք կը պատուէ եւ ուղղաբարոյ անհատները ճշմարտութեան կը քաշէ։ Անշուշտ, վայելուչ կենցաղավարութեան սահմանումը տեղէ տեղ կը տարբերի։ Ուստի նիստուկացի նկատմամբ անթեք կանոններու չենք հետեւիր։ Փոխարէն, աստուածաշնչական սկզբունքներուն թոյլ կու տանք, որ ամէնուրեք մարդիկը պատուելու մէջ մեզի դիւրաթեքութիւն տան։ Քննարկենք թէ քաղաքավարութեամբ մարդոց հետ վարուիլը ի՛նչպէս կ’օգնէ, որ քրիստոնէական ծառայութեան մէջ աւելի արդիւնաբեր ըլլանք։

Մարդիկը բարեւել եւ անոնց հետ խօսակցիլ

8, 9. ա) Ո՞ր սովորութիւնը կրնայ անքաղաքավարութիւն սեպուիլ։ բ) Մատթէոս 5։47–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը ի՞նչպէս կ’ազդեն այն կերպին, որով մարդոց հետ կը վարուինք։

8 Բազմաթիւ շրջաններու մէջ կեանքը խճողուած ըլլալով, իրարու հանդիպող անցորդներ յաճախ չեն ըսեր. «Բարեւ» կամ «Ի՞նչպէս ես»։ Անշուշտ չենք ակնկալեր, որ անհատ մը իւրաքանչիւր անցորդի հետ խօսի։ Սակայն շատ մը պարագաներուն, ուրիշները բարեւելը պատշաճ ու փափաքելի է։ Սովորութիւն ունի՞ս մարդիկը բարեւելու, թէ ոչ՝ յաճախ անոնց քովէն կ’անցնիս առանց ժպտալու կամ անոյշ խօսք մը ըսելու։ Առանց գէշ դիտաւորութեան, անհատ մը կրնայ զարգացնել սովորութիւն մը, որ իրականութեան մէջ անքաղաքավարութիւն ցոյց կու տայ։

9 Յիսուս մեզի յիշեցում մը տուաւ, երբ ըսաւ. «Եթէ միայն ձեր եղբայրներուն բարեւ տաք, ի՞նչ աւելի կ’ընէք ուրիշներէն. չէ՞ որ մաքսաւորներն ալ նոյնը կ’ընեն» (Մատ. 5։47)։ Այս ուղղութեամբ, խորհրդատու Տոնալտ Ուայս գրեց. «Մարդիկ կ’ընդվզին, երբ ուրիշներ իրենց կարեւորութիւն չեն տար։ Իրականութեան մէջ, ո՛չ մէկ չքմեղանք կրնայ հանգստացնել զանոնք, որոնք անտեսած ես։ Դարմանը պարզ է. մարդիկը բարեւէ։ Անոնց խօսէ»։ Եթէ թոյլ չտանք մեր վերապահութեան կամ պաղ կեցուածքին, որ ուրիշներուն հետ մեր հաղորդակցութեան ազդէ, լաւ արդիւնքներ ձեռք պիտի ձգենք։

10. Վայելուչ կենցաղավարութիւնը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել արդիւնաբեր ծառայութիւն ունենալու (Տե՛ս « Ջերմ ժպիտով սկսէ» շրջանակը)։

10 Նկատի առ Թոմ եւ Գարոլ անունով քրիստոնեայ ամոլի մը պարագան, որ Հիւսիսային Ամերիկայի հսկայ մէկ քաղաքին մէջ կ’ապրի։ Անոնք դրացիներուն հետ հաճելի զրոյցներ ունենալը իրենց ծառայութեան մէկ մասը դարձուցած են։ Ի՞նչպէս։ Յակոբոս 3։18–ի ակնարկելով, Թոմ կ’ըսէ. «Կը ջանանք մարդոց հետ բարեկամական ու խաղաղասէր ըլլալ։ Կը մօտենանք անոնց, որոնք իրենց բնակարանին առջեւ կը գտնուին կամ շրջանին մէջ կ’աշխատին։ Զանոնք ժպտագին կը բարեւենք։ Կը խօսակցինք զիրենք հետաքրքրող նիւթերու շուրջ,– իրենց զաւակներուն, իրենց շուներուն, իրենց տան եւ գործերուն մասին։ Ժամանակի ընթացքին, անոնք մեզ իրենց բարեկամները կը նկատեն»։ Գարոլ կ’աւելցնէ. «Յետագային, երբ դարձեալ անոնց հանդիպինք, մեր անունները կը նշենք եւ իրենց անունները կը խնդրենք։ Անոնց կ’իմացնենք թէ շրջանին մէջ ի՛նչ կ’ընենք, բայց խօսակցութիւնը կարճ կը պահենք։ Ի վերջոյ, անոնց վկայութիւն մը կու տանք»։ Թոմ եւ Գարոլ բազմաթիւ դրացիներու վստահութիւնը շահած են։ Շատեր Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հրատարակութիւններ ընդունած են, իսկ ոմանք ալ ճշմարտութիւնը սորվելով մեծապէս հետաքրքրուած են։

Քաղաքավարութիւն ցուցաբերել՝ դժուար պարագաներուն մէջ

11, 12. Բարի լուրը քարոզելու ընթացքին, ինչո՞ւ կ’ակնկալենք անքաղաքավար վերաբերմունք դիմագրաւել, իսկ ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք։

11 Բարի լուրը քարոզելու ընթացքին, երբեմն անքաղաքավար վերաբերմունք կը դիմագրաւենք։ Ասիկա կ’ակնկալենք, քանի որ Քրիստոս Յիսուս իր աշակերտները նախազգուշացուց. «Եթէ զիս հալածեցին, ձե՛զ ալ պիտի հալածեն» (Յովհ. 15։20)։ Սակայն արհամարհական խօսքերուն նոյն կերպով փոխադարձելը լաւ արդիւնք չի տար։ Ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք։ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Տէր Աստուածը սրտերնուդ մէջ սո՛ւրբ պահեցէք եւ միշտ պատրա՛ստ եղէք հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ պատասխան տալու ամենուն՝ որոնք ձեր ունեցած յոյսին մասին կը հարցնեն» (Ա. Պետ. 3։15)։ Մեր քաղաքավարութիւն ցուցաբերելը,– հեզութեամբ ու յարգանքով պատասխանելը,– կրնայ մեղմացնել մեզ նախատողներուն կեցուածքը (Տիտ. 2։7, 8

12 Կրնա՞նք նախապատրաստուիլ, որ բացասական խօսքերը աստուածահաճոյ կերպով դիմագրաւենք։ Այո՛։ Պօղոս յանձնարարեց. «Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ ու գիտնաք թէ ի՛նչպէս կը վայլէ ձեզի ամէն մէկուն պատասխան տալ» (Կող. 4։6)։ Եթէ սովորութիւն դարձնենք, որ քաղաքավարութեամբ վարուինք ընտանիքի անդամներուն, դասընկերներուն, գործակիցներուն, ժողովքի անդամներուն եւ թաղակիցներուն հետ, աւելի ի վիճակի պիտի ըլլանք քրիստոնէավայել կերպով ծաղրանքն ու նախատինքը դիմագրաւելու (կարդալ՝ Հռովմայեցիս 12։17-21

13. Օրինակ մը տուր, որ ցոյց կու տայ թէ քաղաքավարութիւն ցուցաբերելը ի՛նչպէս կրնայ հակառակորդներուն կեցուածքը մեղմացնել։

13 Դժուար պարագաներու ներքեւ վայելուչ կենցաղավարութիւն ունենալը լաւ արդիւնք կու տայ։ Օրինակ՝ Ճափոնի մէջ, Վկայ մը ծաղրանքի առարկայ դարձաւ թէ՛ տանտիրոջ եւ թէ անոր հիւրին կողմէ։ Եղբայրը քաղաքավարութեամբ հեռացաւ։ Մինչ ան կը շարունակէր թաղամասին մէջ քարոզել, նշմարեց թէ հիւրը զինք կը դիտէր։ Երբ եղբայրը անոր մօտեցաւ, մարդը ըսաւ. «Կը խնդրեմ որ ներողամիտ գտնուիս։ Թէեւ քեզի անազնիւ խօսքեր ըսինք, նկատեցի թէ շարունակեցիր ժպտիլ։ Քեզի պէս ըլլալու համար ի՞նչ պէտք է ընեմ»։ Այս մարդը իր գործը կորսնցուցած եւ իր մայրը վերջերս մահացած ըլլալով, ուրախ ըլլալու որեւէ յոյս չունէր։ Վկան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկեց, եւ մարդը իսկոյն ընդունեց։ Շատ չանցած, ան սկսաւ շաբաթը երկու անգամ ուսումնասիրել։

Քաղաքավարութիւն մշակելու լաւագոյն կերպը

14, 15. Աստուածաշունչի ժամանակներուն, Եհովայի ծառաները ի՞նչպէս իրենց զաւակները մարզեցին։

14 Աստուածաշունչի ժամանակներուն, բարեպաշտ ծնողներ հոգ տարին որ իրենց զաւակները տան մէջ սորվին քաղաքավարութեան հիմնական կէտերը։ Նկատի առ Ծննդոց 22։7–ի մէջ Աբրահամի եւ Իսահակի քաղաքավար խօսակցութիւնը։ Յովսէփ ալ իր ծնողքէն լաւ մարզում ստացած էր։ Երբ ան բանտարկուած էր, նոյնիսկ բանտակիցներուն հետ քաղաքավարութեամբ վարուեցաւ (Ծն. 40։8, 14)։ Փարաւոնի ուղղուած անոր խօսքերը ցոյց կու տան, թէ ան բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը հետ խօսելու պատշաճ կերպը սորված էր (Ծն. 41։16, 33, 34

15 Իսրայէլի որդիներուն տրուած Տասը պատուիրանները սա պատուէրը պարփակեցին. «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, որպէս զի քու օրերդ երկայն ըլլան այն երկրին վրայ, որ քու Տէր Աստուածդ կու տայ քեզի» (Ել. 20։12)։ Ծնողները պատուելու մէկ կերպն էր՝ տան մէջ վայելուչ կենցաղավարութիւն ունենալ։ Յեփթայէի դուստրը մեծապէս իր հայրը յարգեց, դժուար կացութեան մէջ անոր ուխտին ենթարկուելով (Դատ. 11։35-40

16-18. ա) Ի՞նչպէս կարելի է երեխաներուն վայելուչ կենցաղավարութիւն սորվեցնել։ բ) Երեխաներուն քաղաքավարութիւն սորվեցնելուն կարգ մը օգուտները ի՞նչ են։

16 Շատ կարեւոր է որ մեր զաւակները մարզենք քաղաքավար ըլլալու։ Որպէս չափահասներ յաջողութիւն գտնելու համար, երեխաները պէտք է սորվին այցելուները բարեւելու, հեռաձայնին պատասխանելու եւ ուրիշներու հետ ճաշելու պատշաճ կերպը։ Անոնց պէտք է բացատրել, թէ ինչո՛ւ պէտք է ուրիշներու համար դուռը բռնեն, տարեցներուն ու հիւանդներուն ազնուութիւն ցոյց տան եւ ծանր ծրարներ կրողներուն օգնութիւն առաջարկեն։ Անոնք պէտք է հասկնան որոշ արտայայտութիւններ անկեղծօրէն ըսելու կարեւորութիւնը, ինչպէս՝ «Հաճիս», «Շնորհակալ եմ», «բարի եկած էք», «կրնա՞մ օգտակար դառնալ» եւ «Ներեցէք»։

17 Դժուար պէտք չէ ըլլայ երեխաները մարզելը որ քաղաքավար ըլլան։ Լաւագոյն կերպն է՝ լաւ օրինակ հանդիսանալ։ Քսանհինգ տարեկան Քըրթ կը բացատրէ, թէ ինք եւ իր երեք եղբայրները ի՛նչպէս քաղաքավարութիւն սորվեցան. «Դիտեցինք ու լսեցինք, մինչ հայրս ու մայրս քաղցրօրէն կը խօսակցէին եւ ուրիշներու հետ համբերութեամբ ու նկատառութեամբ կը վարուէին։ Թագաւորութեան սրահին մէջ, ժողովէն առաջ եւ ետք, հօրս հետ կ’ըլլայի, երբ տարեց եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ կը խօսէր։ Անոր բարեւ տալը կը լսէի եւ անոնց հանդէպ իր ունեցած յարգանքը կը տեսնէի»։ Քըրթ կ’աւելցնէ. «Ժամանակի ընթացքին, անոր նիստուկացը բնականաբար որդեգրեցի։ Մարդոց հետ քաղաքավարութեամբ վարուիլը սովորական կը դառնայ։ Անիկա այն կերպը չէ, որով պէտք է վարուիս, այլ այն կերպն է՝ որով կ’ուզես վարուիլ»։

18 Հաւանաբար ի՞նչ կ’ըլլայ արդիւնքը, երբ ծնողներ իրենց զաւակներուն կը սորվեցնեն վայելուչ կենցաղավարութիւնը։ Երեխաները պիտի կարենան բարեկամութիւններ հաստատել եւ ուրիշներու հետ խաղաղութիւն պահել։ Անոնք լաւ սպառազինուած պիտի ըլլան, որ գործատէրերու եւ գործակիցներու հետ աշխատին։ Ասկէ զատ, քաղաքավար, բարեկիրթ եւ ուղղահայեաց երեխաները իրենց ծնողներուն ուրախութիւն ու գոհունակութիւն պիտի բերեն (կարդալ՝ Առակաց 23։24, 25

Վայելուչ կենցաղավարութիւնը տարբերութիւն կ’ընէ

19, 20. Ինչո՞ւ պէտք է վճռենք մեր քաղցրաբարոյ Աստուածը եւ իր Որդին ընդօրինակել։

19 «Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս», գրեց Պօղոս (Եփ. 5։1)։ Եհովա Աստուած եւ իր Որդին ընդօրինակելը կը պարփակէ աստուածաշնչական սկզբունքները կիրարկել, ինչպէս՝ այս յօդուածին մէջ նկատի առնուած սկզբունքները։ Ասիկա ընելով, կեղծաւորներ ըլլալէ կը խուսափինք, քանի որ քաղաքավարութիւն չենք ցուցաբերեր պարզապէս մեծաւորի մը հաճութիւնը շահելու կամ նիւթական առաւելութիւններ ձեռք ձգելու համար (Յուդա 16

20 Իր չար իշխանութեան վերջին օրերուն մէջ, Սատանան վճռած է Եհովայի հաստատած յարգալից վարքի չափանիշները արմատահան ընել։ Բայց Բանսարկուն պիտի չկարենայ ճշմարիտ քրիստոնեաներուն վայելուչ կենցաղավարութիւնը քանդել։ Իւրաքանչիւրս վճռենք մեր քաղցրաբարոյ Աստուծոյն ու իր Որդիին օրինակին հետեւիլ։ Այսպէս մեր խօսելակերպն ու վարքը միշտ հակապատկերը պիտի ըլլան անոնց արարքներուն, որոնք կ’ընտրեն անբարեկիրթ ըլլալ։ Վայելուչ կենցաղավարութիւն ունեցող մեր Աստուծոյն անունին փառք պիտի բերենք եւ անկեղծ անհատներ իր ճշմարիտ պաշտամունքին պիտի քաշենք։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 6 Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, անքաղաքավարութիւն է անհատի մը հետ խօսիլ՝ իր առաջին անունը տալով, եթէ տարիքով աւելի պզտիկ ենք, բացի եթէ ան արտօնէ։ Քրիստոնեաները այսպիսի սովորութիւններ կը յարգեն։

Կը յիշե՞ս

• Եհովայէ եւ իր Որդիէն ի՞նչ կը սորվինք վայելուչ կենցաղավարութիւն ունենալու մասին։

• Մարդիկը ջերմօրէն բարեւելը ինչո՞ւ լաւ անդրադարձ կ’ունենայ մեր վրայ որպէս քրիստոնեաներ։

• Քաղաքավար ըլլալը ի՞նչպէս արդիւնաբեր ծառայութեան կը նպաստէ։

• Ծնողները իրենց զաւակներուն վայելուչ կենցաղավարութիւն սորվեցնելու մէջ ի՞նչ դեր կը խաղան։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 29]

 Ջերմ ժպիտով սկսէ

Շատեր անծանօթ անհատի մը հետ խօսակցութիւն սկսելու կը վարանին։ Սակայն, քանի որ Աստուած եւ իրենց ընկերը կը սիրեն, Եհովայի վկաները լրջօրէն կը ջանան սորվիլ, թէ ի՛նչպէս կրնան ուրիշներու հետ խօսակցիլ, որպէսզի աստուածաշնչական ճշմարտութիւնները բաժնեն։ Ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել այս մարզին մէջ բարելաւուելու։

Փիլիպպեցիս 2։4–ի մէջ թանկարժէք սկզբունք մը նշուած է. «Միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ»։ Այս խօսքին մասին սա կերպով խորհէ. եթէ որոշ անհատի մը երբեք չես հանդիպած, ան քեզ օտար կը սեպէ։ Ի՞նչպէս կրնաս զինք հանգստացնել։ Ջերմ ժպիտը եւ բարեկամական բարեւը կրնան օգնել։ Բայց եւ այնպէս, աւելին պահանջուած է։

Փորձելով խօսակցութիւն մը սկսիլ, կրնաս անհատին մտածումները ընդհատել։ Եթէ ջանաս զինք մղել որ խօսակցիք մտքիդ մէջ եղած նիւթին մասին, առանց իր խորհածը նկատի առնելու, ան կրնայ նպաստաւոր կերպով չընդառաջել։ Հետեւաբար, եթէ ձեւով մը կարենաս զատորոշել, թէ անհատը ի՛նչ բանի մասին կը մտածէր, ինչո՞ւ զայն չգործածես խօսակցութիւնը սկսելու։ Յիսուս այս կերպը գործածեց, երբ Սամարիոյ մէջ հորի մը քով կնոջ մը հանդիպեցաւ (Յովհ. 4։7-26)։ Կնոջ միտքը կեդրոնացած էր ջուր հանելու վրայ։ Յիսուս այս կէտին հիման վրայ խօսակցութեան ծայրը բացաւ, ապա անցաւ հոգեւոր քննարկման։

[Նկարներ՝ էջ 28]

Մարդոց հետ բարեկամական ըլլալը կրնայ լաւ վկայութիւն մը տալու առաջնորդել

[Նկար՝ էջ 30]

Վայելուչ կենցաղավարութիւնը միշտ պատշաճ է