Առասպել մը այլ առասպելի կ’առաջնորդէ
Առասպել մը այլ առասպելի կ’առաջնորդէ
«ԶԳՈՒՇԱՑԷ՛Ք», գրեց Պօղոս առաքեալ՝ մ.թ. առաջին դարու երկրորդ կիսուն ապրող քրիստոնեաներուն։ Ան ի՞նչ բանէ զգուշացուց։ «Չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է» (Կողոսացիս 2։8)։
Հակառակ Պօղոսի զգուշացումին, մ.թ. երկրորդ դարու կէսէն սկսեալ, կարգ մը քրիստոնեաներ սկսան վաղեմի փիլիսոփաներու գաղափարները գործածելու, իրենց հաւատալիքները բացատրելու։ Ինչո՞ւ։ Անոնք ուզեցին Հռոմէական Կայսրութեան ուսեալ դասակարգին կողմէ ընդունուիլ եւ հետեւաբար աւելի նորադարձներ շահիլ։
Այս քրիստոնեաներէն ամէնէն համբաւաւոր մէկ անհատը՝ Յուստինոս Նահատակ կը հաւատար, թէ Աստուծոյ Խօսնակը ինքզինք յոյն փիլիսոփաներուն յայտնած էր, Յիսուսի գալէն շա՜տ առաջ։ Յուստինոսի եւ գաղափարակից ուսուցիչներու համաձայն, փիլիսոփայութեան եւ դիցաբանութեան բերած նպաստը քրիստոնէութեան, զինք իրապէս տիեզերական կրօնք դարձուց։
Քրիստոնէութեան այն կերպը, զոր Յուստինոս Նահատակ յառաջ բերաւ, նորադարձներ շահելու մէջ մեծ յաջողութիւն գտաւ։ Սակայն առասպել մը որդեգրելը առաջնորդեց ուրիշ առասպելներ ստեղծելու եւ մէջտեղ բերաւ ինչ որ այժմ սովորաբար կը սեպուի քրիստոնէական վարդապետութիւն։ Այս առասպելները քօղազերծելու համար, աշխատասիրութիւններու ըսածները համեմատէ Աստուածաշունչի ուսուցումներուն հետ։
[Նկարին աղբիւրները՝ էջ 3]
Devil: Barrators—Giampolo/The Doré Illustrations For Dante’s Divine Comedy/Dover Publications Inc.; angels: Art Resource, NY; trinity relief: Museo Bardini, Florence