Առասպել 1. Հոգին անմահ է
Առասպել 1. Հոգին անմահ է
Առասպելին ծագումը ի՞նչ է։ «Նախկին քրիստոնեայ փիլիսոփաները հոգիի անմահութեան յունական գաղափարը որդեգրեցին եւ սեպեցին, թէ հոգին Աստուծոյ կողմէ կը ստեղծուի եւ յղութեան ատեն կը զետեղուի մարմնին մէջ» (The New Encyclopædia Britannica [1988], հատոր 11, էջ 25)։
Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։ «Գիտցած եղէք թէ ան, որ մեղաւորը իր մոլորութեան ճամբայէն կը դարձնէ, հոգի մը մահուանէ կ’ազատէ» (Յակոբոս 5։20)։
Առաջին մարդկային հոգիին ստեղծագործութեան մասին, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէր Աստուած գետնին հողէն շինեց մարդը եւ անոր ռնգունքներէն կենդանութեան շունչ փչեց ու մարդը կենդանի հոգի [եբրայերէն՝ նէֆէշ] եղաւ» (Ծննդոց 2։7)։
«Հոգի» թարգմանուած եբրայերէն նէֆէշ բառը կը նշանակէ՝ ‘էակ մը, որ կը շնչէ’։ Երբ Աստուած առաջին մարդը՝ Ադամը ստեղծեց, անոր մէջ անմահ հոգի մը չդրաւ, այլ՝ կեանքի ուժը, որ շնչառութեամբ կը պահպանուի։ Հետեւաբար, աստուածաշնչական առումով «հոգին» կ’ակնարկէ ամբողջ ապրող–արարածին։ Եթէ հոգին Աստուծմէ տրուած կեանքի ուժէն անջատուի, կը մեռնի (Ծննդոց 3։19. Եզեկիէլ 18։20)։
Հոգիին անմահութեան վարդապետութիւնը հարցումներ յարուցանեց. մահէն ետք, հոգիները ո՞ւր կ’երթան։ Չարերու հոգիներուն ի՞նչ կը պատահի։ Երբ դաւանեալ քրիստոնեաներ անմահ հոգիին առասպելը որդեգրեցին, ասիկա զիրենք առաջնորդեց որ ուրիշ առասպել մը ընդունին,– դժոխքի կրակին ուսուցումը։
Աստուածաշունչի հետեւեալ համարները համեմատէ. Ժողովող 3։19. Մատթէոս 10։28. Ղուկաս 6։9
ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆ.
Մահով անհատ մը գոյութենէ կը դադրի