Յառաջդիմութիւնդ յայտնի ըրէ
Յառաջդիմութիւնդ յայտնի ըրէ
«Ատոնց վրայ խորհէ ու ատոնցմով պարապէ, որպէս զի քու յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի ըլլայ» (Ա. ՏԻՄ. 4։15)։
1, 2. Ի՞նչ գիտենք Տիմոթէոսի մանկութեան եւ այն փոփոխութեան մասին, որ տեղի ունեցաւ երբ շուրջ 20 տարեկան էր։
ՊԱՏԱՆԻ Տիմոթէոս հռոմէական Գաղատիա նահանգը կ’ապրէր, որ այժմ Թուրքիոյ մէջ կը գտնուի։ Յիսուսի մահուան յաջորդող տասնամեակներուն ընթացքին, հոն քանի մը քրիստոնէական ժողովքներ հաստատուեցան։ Որոշ ատեն մը, Տիմոթէոս, իր մայրը եւ իր մեծմայրը քրիստոնէութիւնը ընդունեցին եւ ժողովքներէն մէկուն մէջ գործունեայ դարձան (Բ. Տիմ. 1։5. 3։14, 15)։ Այս ծանօթ շրջապատին մէջ, Տիմոթէոս որպէս պատանի քրիստոնեայ վստահաբար իր կեանքը վայելեց։ Սակայն յանկարծ պարագաները տարբեր ուղղութիւն ստացան։
2 Այդ փոփոխութեան սկիզբ տուաւ Պօղոս առաքեալի երկրորդ այցելութիւնը շրջանին մէջ։ Այդ ատեն Տիմոթէոս իր պատանեկութեան վերջին տարիներուն մէջ էր կամ քսանական տարիքին սկիզբն էր։ Իր այցելութեան ընթացքին, հաւանաբար Լիւստրայի մէջ Պօղոս նկատեց թէ Տիմոթէոս տեղական ժողովքներու «եղբայրներէն ալ բարի վկայուած էր» (Գործք 16։2)։ Պատանի Տիմոթէոս իր տարիքէն աւելի հասունութիւն ցուցաբերած ըլլալու էր։ Ապա, սուրբ հոգիին ուղղութեան ներքեւ, Պօղոս եւ տեղական երէցներու մարմինը իրենց ձեռքերը Տիմոթէոսի վրայ դրին, ժողովքին մէջ մասնայատուկ գործի մը համար զինք զատելով (Ա. Տիմ. 4։14. Բ. Տիմ. 1։6)։
3. Տիմոթէոս ծառայութեան ի՞նչ արտասովոր առանձնաշնորհում մը ստացաւ։
3 Տիմոթէոսի արտասովոր հրաւէր մը տրուեցաւ,– Պօղոս առաքեալի ուղեկիցը ըլլալ (Գործք 16։3)։ Երեւակայէ Տիմոթէոսի ապշանքն ու յուզմունքը։ Յառաջիկայ տարիներուն, Տիմոթէոս Պօղոսի հետ պիտի ճամբորդէր եւ երբեմն՝ ուրիշներու հետ, առաքեալներուն եւ երէցներուն համար այլազան առաքելութիւններ կատարելով։ Պօղոս ու Տիմոթէոս ուղեւորութեան գործին լծուեցան, որ եղբայրներուն հոգեւոր շինութեան մեծապէս նպաստեց (կարդալ՝ Գործք 16։4, 5)։ Ուստի, Տիմոթէոս իր հոգեւոր յառաջդիմութեամբ հանրածանօթ դարձաւ։ Տիմոթէոսի հետ շուրջ 10 տարի ծառայելէ ետք, Պօղոս առաքեալ փիլիպպեցիներուն գրեց. «[Տիմոթէոսի] նման սրտակից մէկը չունիմ, որ մտերմաբար ձեր վրայ հոգ տանի. . . Բայց դուք փորձով գիտէք թէ ինչպէս որդի մը՝ հօրը, այնպէս ինծի հետ աւետարանին ծառայեց» (Փլպ. 2։20-22)։
4. ա) Ի՞նչ ծանր պատասխանատուութիւն Տիմոթէոսի վստահուեցաւ։ բ) Ա. Տիմոթէոս 4։15–ի մէջ նշուած Պօղոսի խօսքերուն մասին ի՞նչ հարցումներ կարելի է ուղղել։
4 Գրեթէ այդ ժամանակ, երբ փիլիպպեցիներուն գրեց, Պօղոս Տիմոթէոսի վստահեցաւ ծանր պատասխանատուութիւն մը,– երէցներ եւ օգնական ծառաներ նշանակել (Ա. Տիմ. 3։1. 5։22)։ Բացայայտօրէն, Տիմոթէոս ապաւինելի եւ վստահելի քրիստոնեայ տեսուչ մը եղած էր։ Այսուհանդերձ, նոյն նամակին մէջ, Պօղոս Տիմոթէոսը յորդորեց, որ ‘իր յառաջդիմութիւնը ամենուն յայտնի ընէ’ (Ա. Տիմ. 4։15)։ Տիմոթէոս արդէն իսկ իր յառաջդիմութիւնը անսովոր տարողութեամբ յայտնի չէ՞ր ըրած։ Ուստի Պօղոս այս խօսքերով ի՞նչ ըսել ուզեց, եւ իր խրատէն ի՞նչպէս կրնանք օգտուիլ։
Հոգեւոր յատկութիւններ յայտնի ընել
5, 6. Ի՞նչ բան Եփեսոսի ժողովքին հոգեւոր անարատութեան կը սպառնար, եւ Տիմոթէոս ի՞նչպէս կրնար զայն չէզոքացնել։
5 Այժմ քննենք Ա. Տիմոթէոս 4։15–ի բնաբանը (կարդալ՝ Ա. Տիմոթէոս 4։11-16)։ Այս խօսքերը գրելէ առաջ, Պօղոս Մակեդոնիա ճամբորդած էր, բայց Տիմոթէոսէ խնդրած էր որ Եփեսոսի մէջ մնար։ Ինչո՞ւ։ Այդ քաղաքին մէջ ոմանք պառակտիչ ազդեցութիւն կը բանեցնէին ժողովքէն ներս, սուտ ուսուցումներ ներկայացնելով։ Տիմոթէոս ժողովքին հոգեւոր անարատութիւնը պէտք էր պաշտպանէր։ Ի՞նչպէս։ Մասամբ, ուրիշներուն լաւ օրինակ հանդիսանալով։
6 Պօղոս Տիմոթէոսի գրեց. «Օրինակ եղիր հաւատացեալներուն՝ խօսքով, վարմունքով, սիրով, հաւատքով եւ մաքրութեամբ»։ Ան աւելցուց. «Ատոնց վրայ խորհէ ու ատոնցմով պարապէ, որպէս զի քու յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի ըլլայ» (Ա. Տիմ. 4։12, 15)։ Այս յառաջդիմութիւնը առնչուած էր Տիմոթէոսի հոգեւոր յատկութիւններուն, եւ ոչ թէ՝ հեղինակաւոր դիրքին։ Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ այսպիսի՛ յառաջդիմութիւն պէտք է փափաքի ցուցաբերել։
7. Ժողովքի բոլոր անդամներէն ի՞նչ կ’ակնկալուի։
7 Ներկայիս, ինչպէս Տիմոթէոսի օրերուն, ժողովքին մէջ զանազան պատասխանատու դիրքեր կան։ Ոմանք կը ծառայեն որպէս երէցներ կամ օգնական ծառաներ։ Ուրիշներ ռահվիրայական ծառայութեան կը ձեռնարկեն։ Տակաւին ուրիշներ նշանակումներ կը վայելեն ուղեւորութեան գործին, Պէթէլի ծառայութեան կամ միսիոնարական դաշտին մէջ։ Երէցներ կը մասնակցին ուսուցման այլազան յայտագիրներու, ինչպէս՝ համաժողովներու մէջ։ Սակայն բոլոր քրիստոնեաները,– տղամարդիկ, կիներ ու դեռատիներ,– իրենց հոգեւոր յառաջդիմութիւնը յայտնի ընելու կարելիութիւնը ունին (Մատ. 5։16)։ Իրականութեան մէջ, ինչպէս Տիմոթէոսի պարագան էր, նոյնիսկ յատուկ պատասխանատուութիւններ ունեցող քրիստոնեաներէն կ’ակնկալուի, որ իրենց հոգեւոր յատկութիւնները բոլորին յայտնի ընեն։
Խօսքով օրինակ հանդիսացիր
8. Մեր խօսելակերպը ի՞նչպէս կ’ազդէ մեր պաշտամունքին։
8 Խօսիլը այն մարզերէն մէկն էր, որուն մէջ Տիմոթէոս օրինակ պէտք էր հանդիսանար։ Ի՞նչպէս կրնանք այս մարզին մէջ մեր յառաջդիմութիւնը յայտնի ընել։ Մեր խօսակցութիւնը շատ բան կը յայտնէ մեր մասին։ Յիսուս տեղին ըլլալով նշեց. «Բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի» (Մատ. 12։34)։ Յիսուսի խորթ եղբայրը՝ Յակոբոս, նաեւ զատորոշեց մեր խօսքերուն ազդեցութիւնը մեր պաշտամունքին վրայ։ Ան գրեց. «Եթէ մէկը զինք կրօնասէր կը սեպէ ու իր լեզուին սանձ չի դներ, այլ իր սիրտը կը խաբէ, անոր կրօնասիրութիւնը փուճ է» (Յակ. 1։26)։
9. Մեր խօսելակերպը ի՞նչ կերպերով պէտք է օրինակելի ըլլայ։
9 Մեր խօսելակերպը կրնայ ժողովքի անդամներուն յայտնել, թէ հոգեւորապէս ո՛ր տարողութեամբ յառաջդիմած ենք։ Հետեւաբար, անպատուաբեր, բացասական, քննադատական կամ վնասակար խօսքեր գործածելու փոխարէն, հասուն քրիստոնեաները կը ջանան կերտել, մխիթարել, սփոփել ու քաջալերել (Առ. 12։18. Եփ. 4։29. Ա. Տիմ. 6։3-5, 20)։ Ուրիշներու հետ մեր բարոյական համոզումներուն մասին խօսելու եւ Աստուծոյ վեհ չափանիշները համարձակութեամբ պաշտպանելու մեր պատրաստակամութիւնը, Աստուծոյ հանդէպ մեր նուիրուածութիւնը կրնայ յայտնել (Հռով. 1։15, 16)։ Պարկեշտամիտ անհատներ վստահաբար պիտի նկատեն, թէ խօսելու պարգեւը ի՛նչպէս կը գործածենք, եւ թերեւս մեր օրինակին հետեւին (Փլպ. 4։8, 9)։
Վարմունքի եւ մաքրութեան մէջ օրինակելի ըլլալ
10. Ինչո՞ւ անկեղծ հաւատքը մեր հոգեւոր յառաջդիմութեան համար կենսական է։
10 Քրիստոնեան լաւ օրինակ հանդիսանալու Ա. Տիմ. 1։5. 4։1, 2)։ Բայց Տիմոթէոս կեղծաւոր մը չէր։ Տիմոթէոսի ուղղած իր երկրորդ նամակին մէջ, Պօղոս գրեց. «Կը յիշեմ քու ունեցած անկեղծ հաւատքդ» (Բ. Տիմ. 1։5)։ Այսուհանդերձ, Տիմոթէոս որպէս քրիստոնեայ իր անկեղծութիւնը պէտք էր ուրիշներուն յայտնի ընէր։ Ան վարմունքի մէջ օրինակ պէտք էր հանդիսանար։
համար, շինիչ խօսելակերպէն աւելին պահանջուած է։ Անհատ մը կեղծաւոր կը դառնայ, եթէ շիտակ բաները ըսէ՝ առանց շիտակ բաները ընելու։ Պօղոս փարիսեցիներու կեղծաւորութեան եւ անոնց ընթացքին վնասակար հետեւանքներուն քաջածանօթ էր։ Կրկին անգամ, ան Տիմոթէոսը զգուշացուց այսպիսի կեղծաւորութենէ (11. Պօղոս Տիմոթէոսի ի՞նչ գրեց հարստութեան մասին։
11 Տիմոթէոսի ուղղած իր երկու նամակներուն մէջ, Պօղոս վարմունքի զանազան մարզերու շուրջ յորդորներ տուաւ։ Օրինակ՝ Տիմոթէոս հարստութեան հետամուտ պէտք չէր ըլլար։ Պօղոս գրեց. «Բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է, որուն մէկ քանիները անձնատուր ըլլալով՝ հաւատքէն մոլորեցան ու ինքզինքնին շատ ցաւերով խոցեցին» (Ա. Տիմ. 6։10)։ Հարստութիւն սիրելը հոգեւոր տկարութեան մէկ նշանն է։ Միւս կողմէ, հոգեւոր յառաջդիմութիւն կը ցուցաբերեն այն քրիստոնեաները, որոնք պարզ կեանքով՝ «կերակուր ու հանդերձ ունենալով» կը գոհանան (Ա. Տիմ. 6։6-8. Փլպ. 4։11-13)։
12. Մեր անձնական կեանքին մէջ, ի՞նչպէս կրնանք մեր յառաջդիմութիւնը յայտնի ընել։
12 Պօղոս Տիմոթէոսի նշեց, թէ ո՛րքան կարեւոր է որ քրիստոնեայ կիները «վայելուչ հագուստով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ինքզինքնին զարդարեն» (Ա. Տիմ. 2։9)։ Արդուզարդի եւ անձնական կեանքի այլ մարզերու մէջ համեստ ու զգաստ եղող կիները, հոյակապ օրինակ կը հանդիսանան (Ա. Տիմ. 3։11)։ Այս սկզբունքը քրիստոնեայ տղամարդոց ալ կը կիրարկուի։ Պօղոս տեսուչները յորդորեց, որ «զգաստ, խոհեմ [ու] պարկեշտ» ըլլան (Ա. Տիմ. 3։2)։ Այս յատկութիւնները մեր առօրեայ գործունէութիւններուն մէջ ցուցաբերելով, մեր յառաջդիմութիւնը բոլորին յայտնի պիտի ըլլայ։
13. Տիմոթէոսի նման, ի՞նչպէս կրնանք մաքրութեան մէջ օրինակ հանդիսանալ։
13 Տիմոթէոս նաեւ մաքրութեան մէջ օրինակելի պէտք էր ըլլար։ Այս բառը գործածելով, Պօղոս կ’ակնարկէր վարքի մասնայատուկ մարզի մը,– սեռային բարոյականութիւնը։ Յատկապէս կիներու հետ իր գործառնութեանց մէջ, Տիմոթէոսի վարմունքը առանց մեղադրանքի պէտք էր ըլլար։ Ան պէտք էր վարուէր ‘պառաւներուն հետ որպէս մայրեր, դեռահասակ կիներուն հետ որպէս քոյրեր՝ ամէն կերպ մաքրութեամբ’ (Ա. Տիմ. 4։12. 5։2)։ Նոյնիսկ անբարոյ արարքներ, որոնք կը թուին գաղտնի ըլլալ, Աստուծոյ յայտնի են եւ ի վերջոյ մարդոց ալ յայտնի պիտի ըլլան։ Սակայն նաեւ իրողութիւն է, թէ քրիստոնեային բարի գործերը չեն կրնար ծածկուած մնալ (Ա. Տիմ. 5։24, 25)։ Ժողովքի բոլոր անդամները պատեհութիւն ունին, որ վարմունքով ու մաքրութեամբ իրենց յառաջդիմութիւնը յայտնի ընեն։
Սէրն ու հաւատքը էական են
14. Սուրբ Գրութիւնները ի՞նչպէս կը շեշտեն մեր միջեւ սէր ըլլալը։
14 Ճշմարիտ քրիստոնէութեան գլխաւոր մէկ երեսակն է՝ սէրը։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհ. 13։35)։ Այս սէրը ի՞նչպէս կը դրսեւորենք։ Աստուծոյ Խօսքը կը յորդորէ, որ ըլլանք «սիրով իրարու ներողամիտ», «իրարու հետ քաղցր», «գթած, ներելով իրարու», եւ հիւրասէր (Եփ. 4։2, 32. Եբ. 13։1, 2)։ «Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք», գրեց Պօղոս առաքեալ (Հռով. 12։10)։
15. Ինչո՞ւ սէրը բոլորին համար կենսական է, յատկապէս՝ քրիստոնեայ տեսուչներուն համար։
Ա. Կորնթացիս 13։1-3)։ Միւս կողմէ, իր եղբայրներուն հանդէպ Տիմոթէոսի ունեցած անկեղծ սիրոյն արտայայտութիւնները, հիւրասիրութեան եւ բարի գործերուն հետ մէկտեղ, վստահաբար իր հոգեւոր յառաջդիմութիւնը աչքառու դարձուցին։ Ուստի տեղին էր, որ Տիմոթէոսի յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ մասնայատուկ կերպով սէրը նշէր որպէս յատկութիւն մը, որուն մէջ Տիմոթէոս օրինակելի պէտք էր ըլլար։
15 Եթէ Տիմոթէոս քրիստոնեայ հաւատակիցներուն հետ կոշտ կամ կոպիտ կերպով վարուէր, ասիկա որպէս ուսուցիչ եւ տեսուչ իր ըրած բարիքները պիտի չէզոքացնէր (կարդալ՝16. Տիմոթէոս ինչո՞ւ զօրաւոր հաւատք պէտք էր ցուցաբերէր։
16 Եփեսոսի մէջ իր կեցութեան ընթացքին, Տիմոթէոսի հաւատքը փորձի ենթարկուեցաւ։ Ոմանք քրիստոնէական ճշմարտութեան հետ ներդաշնակ չեղող վարդապետութիւններ յառաջ կը մղէին։ Ուրիշներ «առասպելներ» կը տարածէին կամ ժողովքին հոգեւորութեան ոչ մէկ նպաստ բերող գաղափարներ կը հետազօտէին (կարդալ՝ Ա. Տիմոթէոս 1։3, 4)։ Պօղոս զանոնք նկարագրեց որպէս ‘հպարտացած [անհատներ], որոնք բան մը չեն գիտեր, հապա վէճերով ու հակառակութիւններով ախտացած են’ (Ա. Տիմ. 6։3, 4)։ Տիմոթէոս կրնա՞ր ժողովքէն ներս մուտք գործած վնասակար գաղափարները հանդուրժել։ Ո՛չ, քանի որ Պօղոս Տիմոթէոսը յորդորեց, որ ‘պատերազմի հաւատքին բարի պատերազմը’ եւ փախչի «պիղծ ունայնաբանութիւններէ եւ սուտանուն գիտութեան հակառակութիւններէ» (Ա. Տիմ. 6։12, 20, 21)։ Կասկած չի վերցներ, թէ Տիմոթէոս Պօղոսի իմաստուն խրատին անսաց (Ա. Կոր. 10։12)։
17. Ներկայիս մեր հաւատքը ի՞նչպէս կրնայ փորձուիլ։
17 Հետաքրքրական է որ Տիմոթէոսի ըսուեցաւ, թէ «վերջին ատենները մէկ քանիները հաւատքէն պիտի ապստամբին եւ մոլորեցուցիչ ոգիներու ու դեւերու ուսմունքներու ուշադրութիւն Ա. Տիմ. 4։1)։ Ժողովքի բոլոր անդամները, ի ներառեալ պատասխանատու դիրքի վրայ եղողները, զօրաւոր եւ անխախտ հաւատք ցուցաբերելու մէջ Տիմոթէոսի նման պէտք է ըլլան։ Հաւատուրացութեան դէմ զօրաւոր ու վճռական կեցուածք բռնելով, մեր յառաջդիմութիւնը յայտնի կ’ընենք եւ հաւատքի մէջ օրինակ կը հանդիսանանք։
պիտի ընեն» (Ջանա՛ յառաջդիմութիւնդ յայտնի ընել
18, 19. ա) Ի՞նչպէս կրնաս յառաջդիմութիւնդ բոլորին յայտնի ընել։ բ) Յաջորդ յօդուածը ի՞նչ պիտի քննարկէ։
18 Բացայայտօրէն, ճշմարիտ քրիստոնեային հոգեւոր յառաջդիմութիւնը առնչուած չէ իր անձնական երեւոյթին, բնական կարողութիւններուն կամ երեւելիութեան։ Եւ ժողովքին մէջ անոր ծառայած տարիները, պայման չէ որ զայն արտացոլացնեն։ Փոխարէն, մեր մտքով, խօսքով եւ վարքով Եհովայի հնազանդ ըլլալով, իսկական հոգեւոր յառաջդիմութիւնը յայտնի կ’ըլլայ (Հռով. 16։19)։ Զիրար սիրելու եւ զօրաւոր հաւատք մշակելու պատուէրը պէտք է պահենք։ Արդարեւ, Տիմոթէոսի ուղղուած Պօղոսի խօսքերուն վրայ խոկանք եւ անոնցմով զբաղինք, որպէսզի մեր յառաջդիմութիւնը բոլորին յայտնի ըլլայ։
19 Մեր հոգեւոր յառաջդիմութիւնը եւ քրիստոնէական հասունութիւնը կ’արտացոլացնեն յաւելեալ յատկութիւն մը՝ ուրախութիւնը,– Աստուծոյ սուրբ հոգիին պտուղին մէկ մասը (Գաղ. 5։22, 23)։ Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ, թէ ի՛նչպէս կրնանք տագնապալից ժամանակներուն մէջ ուրախութիւն մշակել ու պահել։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Ուրիշներ մեր խօսելակերպէն ի՞նչ կրնան իմանալ մեր մասին։
• Մեր յառաջդիմութիւնը ի՞նչպէս յայտնի կ’ըլլայ մեր վարմունքով ու մաքրութեամբ։
• Քրիստոնեաները ինչո՞ւ սիրոյ ու հաւատքի մէջ օրինակելի պէտք է ըլլան։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 15]
Պատանի Տիմոթէոս իր տարիքէն աւելի հասունութիւն ցուցաբերեց
[Նկար՝ էջ 17]
Յառաջդիմութիւնդ ուրիշներուն յայտնի՞ է