Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ապացուցանէ թէ Քրիստոսի իսկական հետեւորդ մըն ես

Ապացուցանէ թէ Քրիստոսի իսկական հետեւորդ մըն ես

Ապացուցանէ թէ Քրիստոսի իսկական հետեւորդ մըն ես

«Ամէն բարի ծառ բարի պտուղ կու տայ եւ չար ծառ չար պտուղ կու տայ» (ՄԱՏ. 7։17

1, 2. Քրիստոսի ճշմարիտ հետեւորդները ինչպէ՞ս կը զանազանուին կեղծ հետեւորդներէն, մանաւանդ այս վերջին ժամանակին ընթացքին։

ՅԻՍՈՒՍ ըսաւ թէ իրեն ծառայել դաւանողները իր ճշմարիտ հետեւորդներէն պիտի զանազանուէին իրենց պտուղներով,– իրենց ուսուցումներն ու վարքը (Մատ. 7։15-17, 20)։ Արդարեւ, մարդիկ անխուսափելիօրէն կ’ազդուին այն բաներէն, զորս իրենց մտքին ու սրտին մէջ կը մտցնեն (Մատ. 15։18, 19)։ Անոնք որոնք սուտերով կը սնուցանուին՝ «չար պտուղ» կու տան, իսկ հոգեւոր ճշմարտութիւն սորվողները՝ «բարի պտուղ» կու տան։

2 Այս վերջին ժամանակին ընթացքին երկու տեսակ պտուղները շատ բացայայտ եղած են (կարդալ՝ Դանիէլ 12։3, 10Կեղծ քրիստոնեաները Աստուծոյ նկատմամբ խեղաթիւրուած տեսակէտ մը ունին եւ յաճախ կեղծաւոր աստուածպաշտութիւն կը ցուցաբերեն, մինչդեռ հոգեւոր խորատեսութիւն ունեցողները «հոգիով ու ճշմարտութիւնով» Աստուած կը պաշտեն (Յովհ. 4։24. Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Անոնք կը ջանան քրիստոսանման յատկութիւններ ցոյց տալ։ Բայց ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին՝ անհատապէս։ Մինչ ճշմարիտ քրիստոնէութեան հետեւեալ հինգ բնորոշ նշանները նկատի կ’առնես, դուն քեզի հարց տուր. ‘Իմ վարքս եւ ուսուցումներս Աստուծոյ Խօսքին հետ յստակօրէն ներդաշնա՞կ են։ Ճշմարտութիւնը կը գեղեցկացնե՞մ զայն փնտռողներուն աչքին’։

Աստուծոյ Խօսքին համաձայն ապրէ

3. Ի՞նչ բան Եհովան կը հաճեցնէ, եւ ասիկա ի՞նչ կը պարփակէ ճշմարիտ քրիստոնեաներուն համար։

3 Յիսուս ըսաւ. «Ոչ թէ ամէն ով որ ինծի ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր’, կ’ըսէ, պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը, հապա անիկա՝ որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ» (Մատ. 7։21)։ Այո, քրիստոնէութիւնը դաւանիլը չէ որ Եհովան կը հաճեցնէ, այլ՝ զայն գործադրելը։ Քրիստոսի ճշմարիտ հետեւորդներուն համար, ասիկա կը պարփակէ իրենց ամբողջ ապրելակերպը, ի ներառեալ՝ իրենց տեսակէտը դրամի, աշխարհիկ գործի, ժամանցի, աշխարհային սովորութիւններու ու տօներու, եւ ամուսնութեան ու այլ փոխյարաբերութիւններու նկատմամբ։ Սակայն կեղծ քրիստոնեաները աշխարհի մտածելակերպն ու ճամբաները կ’որդեգրեն, որոնք այս վերջին օրերուն ընթացքին հետզհետէ աւելի անբարեպաշտ դարձած են (Սաղ. 92։7

4, 5. Ինչպէ՞ս կրնանք Մաղաքիա 3։18–ի մէջ գտնուող Եհովայի խօսքերը մեր կեանքին մէջ կիրարկել։

4 Հետեւաբար, Մաղաքիա մարգարէն գրեց. «Պիտի դառնաք ու արդարին եւ ամբարիշտին, Աստուծոյ ծառայութիւն ընողին եւ անոր ծառայութիւն չընողին տարբերութիւնը պիտի տեսնէք» (Մաղ. 3։18)։ Այս խօսքերուն վրայ խոկալով, դուն քեզի հարց տուր. ‘Աշխարհի մարդոց նմա՞ն եմ, թէ ոչ՝ տարբեր եմ։ Միշտ կը ջանա՞մ աշխարհային ընկերակիցներուս յարմարիլ, ըլլա՛յ դպրոցին մէջ կամ գործատեղը, թէ ոչ՝ աստուածաշնչական սկզբունքներուն կառչած կը մնամ, եւ նոյնիսկ համարձակօրէն կը վկայեմ, երբ յարմար է’ (կարդալ՝ Ա. Պետրոս 3։16Անշուշտ չենք ուզեր ինքնարդար երեւիլ, բայց պէտք է տարբերինք անոնցմէ, որոնք Եհովան չեն սիրեր ու անոր չեն ծառայեր։

5 Եթէ բարելաւման հարկ տեսնես, ինչո՞ւ հարցին շուրջ չաղօթես ու հոգեւոր զօրութիւն չփնտռես՝ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութեան, աղօթքին եւ ժողովներուն միջոցաւ։ Աստուծոյ Խօսքը ո՛րքան աւելի իւրացնես, ա՛յնքան աւելի «բարի պտուղ» պիտի տաս, ի ներառեալ՝ «շրթունքներուն պտուղը, որոնք [Աստուծոյ] անունը կը դաւանին» (Եբ. 13։15

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ջատագովէ

6, 7. Թագաւորութեան պատգամին առնչութեամբ, ճշմարիտ ու կեղծ քրիստոնեաները ինչպէ՞ս իրարմէ կը տարբերին։

6 Յիսուս ըսաւ. «Պէտք է ինծի որ ուրիշ քաղաքներու ալ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ» (Ղուկ. 4։44)։ Յիսուս ինչո՞ւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իր ծառայութեան գլխաւոր թեման դարձուց։ Ան գիտէր թէ ինք որպէս այդ Թագաւորութեան Թագաւորը եւ իր հոգիէն–ծնած յարուցեալ եղբայրները վերջ պիտի դնէին մարդկութեան վայերուն հիմնական պատճառներուն,– մեղքն ու Բանսարկուն (Հռով. 5։12. Յայտ. 20։9, 10)։ Ուստի ան իր հետեւորդներուն պատուիրեց, որ այդ Թագաւորութեան մասին ծանուցանեն մինչեւ ներկայ իրերու դրութեան վախճանը (Մատ. 24։14)։ Քրիստոսի հետեւորդ ըլլալ դաւանողները այս գործին չեն մասնակցիր, ոչ ալ կրնան մասնակցիլ։ Ինչո՞ւ։ Առնուազն երեք պատճառներով. առաջին՝ անոնք չեն կրնար քարոզել ի՛նչ որ չեն հասկնար։ Երկրորդ՝ անոնց մեծամասնութիւնը հարկ եղած խոնարհութիւնն ու քաջութիւնը չունին, որպէսզի ծաղրանքն ու հակառակութիւնը դիմագրաւեն, երբ իրենց դրացիներուն հետ Թագաւորութեան պատգամը բաժնեն (Մատ. 24։9. Ա. Պետ. 2։23)։ Իսկ երրորդ՝ կեղծ քրիստոնեաները Աստուծոյ հոգին չունին (Յովհ. 14։16, 17

7 Միւս կողմէ, Քրիստոսի իսկական հետեւորդները կը հասկնան, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ է եւ ի՛նչ պիտի իրագործէ։ Ասկէ զատ, անոնք իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը կը դնեն այդ Թագաւորութեան շահերը եւ Եհովայի հոգիին օգնութեամբ զայն համայն աշխարհի մէջ կը ծանուցանեն (Զաք. 4։6)։ Այս գործին կանոնաւորաբար կը մասնակցի՞ս։ Որպէս Թագաւորութիւնը ծանուցանող կը ջանա՞ս բարելաւուիլ, թերեւս ծառայութեան աւելի ժամանակ յատկացնելով կամ անոր մէջ աւելի ազդու ըլլալով։ Ոմանք փորձած են իրենց ծառայութեան որակը բարելաւել՝ Աստուածաշունչը աւելի լաւ կերպով գործածելով։ «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ», գրեց Պօղոս առաքեալ, որուն սովորութիւնն էր՝ Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանել (Եբ. 4։12. Գործք 17։2, 3

8, 9. ա) Ո՞ր փորձառութիւնները կ’ընդգծեն ծառայութեան մէջ Աստուածաշունչը գործածելուն արժէքը։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ Խօսքը գործածելու մէջ աւելի հմուտ ըլլալ։

8 Դռնէ դուռ քարոզելու ընթացքին, եղբայր մը կաթողիկէ մարդու մը կարդաց Դանիէլ 2։44–ը, եւ բացատրեց թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչպէս իսկական խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն պիտի բերէ։ Մարդը նշեց. «Իրապէս կը գնահատեմ որ Աստուածաշունչը բացիր ու ցոյց տուիր, թէ համարը ի՛նչ կ’ըսէ, փոխանակ զայն բերանացի ըսելու»։ Երբ եղբայր մը յոյն ուղղափառ կնոջ մը կարդաց համար մը, կինը լուրջ հարցումներ ուղղեց։ Այս առիթով ալ եղբայրն ու իր կինը Աստուածաշունչը գործածելով պատասխանեցին։ Յետագային կինը ըսաւ. «Գիտէ՞ք թէ ինչո՛ւ յօժարեցայ ձեզի հետ խօսելու։ Աստուածաշունչը կը կրէիք եւ անկէ կարդացիք»։

9 Անշուշտ մեր հրատարակութիւնները կարեւոր են ու դաշտին մէջ պէտք է ներկայացուին։ Սակայն Աստուածաշունչը մեր հիմնական գործիքն է։ Ուստի, եթէ ծառայութեանդ մէջ զայն չես գործածեր, ինչո՞ւ նպատակակէտ չդնես, որ զայն կանոնաւորաբար գործածելը սովորութիւն դարձնես։ Կրնաս ընտրել գլխաւոր համարներ, որոնք կը բացատրեն թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ է եւ ի՛նչպէս պիտի լուծէ մասնայատուկ խնդիրներ, որոնք շրջանիդ մարդիկը կը հետաքրքրեն։ Ապա պատրաստուէ զանոնք կարդալու, երբ դռնէ դուռ կը քարոզես։

Հպարտօրէն Աստուծոյ անունը կրէ

10, 11. Աստուծոյ անուան գործածութեան առնչութեամբ, Յիսուսի եւ իրեն հետեւիլ դաւանողներուն միջեւ ի՞նչ հակադրութիւն կայ։

10 «Իմ վկաներս դո՛ւք էք, կ’ըսէ Տէրը, որ ե՛ս եմ Աստուած» (Եսա. 43։12)։ Եհովայի գերընտիր Վկան՝ Յիսուս Քրիստոս, Աստուծոյ անունը կրելը եւ զայն ճանչցնելը պատիւ նկատեց (կարդալ՝ Ելից 3։15. Յովհաննէս 17։6. Եբրայեցիս 2։12Իրականութեան մէջ, քանի որ իր Հօր անունը ծանուցանեց, Յիսուս «հաւատարիմ վկան» կոչուեցաւ (Յայտ. 1։5. Մատ. 6։9

11 Միւս կողմէ, Աստուած ու իր Որդին ներկայացնել դաւանողներէն շատեր, աստուածային անուան հանդէպ ամօթալի կեցուածք ցուցաբերած են, նոյնիսկ զայն հանելով իրենց Աստուածաշունչի թարգմանութիւններէն։ Նոյնանման հոգիով, վերջերս կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն ցուցմունք տրուեցաւ, որ պաշտամունքի ընթացքին «Աստուծոյ անունը՝ ԵՀՎՀ քառագիրը, պէտք չէ գործածել, ոչ ալ արտասանել»։ * Այս մտածումը ո՜րքան մեղադրելի է։

12. 1931–ին, Աստուծոյ ծառաները ինչպէ՞ս աւելի սերտօրէն առնչուեցան Եհովայի։

12 Քրիստոսի եւ զինք կանխող «վկաներու բազմութեան» օրինակին հետեւելով, ճշմարիտ քրիստոնեաները հպարտօրէն Աստուծոյ անունը կը գործածեն (Եբ. 12։1)։ Իրականութեան մէջ, 1931–ին, Աստուծոյ ծառաները աւելի սերտօրէն առնչուեցան Եհովայի, ընդունելով Եհովայի վկաներ անունը (կարդալ՝ Եսայի 43։10-12Այսպէս, շատ մասնայատուկ առումով մը, Քրիստոսի իսկական հետեւորդները եղան ‘ժողովուրդ մը, որ Աստուծոյ անունով կոչուած է’ (Գործք 15։14, 17

13. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր աստուածատուր անուան համաձայն ապրիլ։

13 Ի՞նչպէս կրնանք անձամբ մեր եզական անուան համաձայն ապրիլ։ Աստուծոյ մասին հաւատարմօրէն պէտք է վկայենք։ Պօղոս գրեց. «‘Ով որ Տէրոջը անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի’։ Ուրեմն ի՞նչպէս պիտի կանչեն անոր, եթէ անոր չհաւատան, կամ ի՞նչպէս պիտի հաւատան անոր, որուն վրայով չեն լսած. կամ ի՞նչպէս պիտի լսեն՝ առանց մէկուն քարոզելուն։ Կամ ի՞նչպէս պիտի քարոզեն՝ եթէ չղրկուին» (Հռով. 10։13-15)։ Նաեւ, փափկանկատօրէն պէտք է քօղազերծենք կրօնական ստութիւնները, որոնք մեր Ստեղծիչը կը վատահամբաւեն, ինչպէս՝ դժոխքի կրակին վարդապետութիւնը, որ իրականութեան մէջ սիրոյ Աստուծոյն կը վերագրէ Բանսարկուին անգութ յատկանիշները (Եր. 7։31. Ա. Յովհ. 4։8. համեմատել՝ Մարկոս 9։16-26

14. Ոմանք ինչպէ՞ս հակազդեցին, երբ Աստուծոյ անձնական անունը գիտցան։

14 Երկնաւոր Հօրդ անունը կրելով կը պարծենա՞ս։ Ուրիշներուն կ’օգնե՞ս, որ այդ սուրբ անունը ճանչնան։ Փարիզի մէջ (Ֆրանսա), կին մը լսեց թէ Եհովայի վկաները Աստուծոյ անունը գիտեն, ուստի Վկայէ մը խնդրեց, որ Աստուածաշունչին մէջ այդ անունը ցոյց տայ։ Ան մեծապէս ազդուեցաւ, երբ Սաղմոս 83։18–ը կարդաց։ Ան սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու, իսկ այժմ հաւատարիմ քոյր մըն է եւ օտար երկրի մը մէջ կը ծառայէ։ Աւստրալիոյ մէջ, երբ կաթողիկէ կին մը առաջին անգամ ըլլալով Աստուածաշունչին մէջ Աստուծոյ անունը տեսաւ, իր ուրախութենէն արտասուեց։ Այժմ ան տարիներէ ի վեր կանոնաւոր ռահվիրայ է։ Մօտերս, Ճամայիքայի մէջ երբ Վկաները Աստուծոյ անունը կնոջ մը ցոյց տուին իր Աստուածաշունչին մէջ, ան ալ ուրախութեան արցունքներ թափեց։ Արդ, հպարտ եղիր որ Աստուծոյ անունը կը կրես եւ, Յիսուսը ընդօրինակելով, այդ թանկագին անունը բոլորին ճանչցուր։

«Մի՛ սիրէք աշխարհը»

15, 16. Ճշմարիտ քրիստոնեաները ինչպէ՞ս կը նկատեն աշխարհը, եւ մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ պէտք է ուղղենք։

15 «Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է։ Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ» (Ա. Յովհ. 2։15, 16)։ Աշխարհն ու անոր մարմնաւոր հոգին դէմ կը դնեն Եհովայի եւ իր սուրբ հոգիին։ Ուստի Քրիստոսի իսկական հետեւորդները ոչ միայն աշխարհին մէկ մասը ըլլալէ ետ կը կենան, այլ՝ զայն սրտանց կը մերժեն, ի մտի ունենալով Յակոբոս աշակերտին խօսքը. «Ով որ կ’ուզէ աշխարհին բարեկամ ըլլալ, ինքզինք Աստուծոյ թշնամի կ’ընէ» (Յակ. 4։4

16 Անհամար փորձութիւններ ներկայացնող աշխարհի մը մէջ Յակոբոսի խօսքերուն հետեւիլը կրնայ մարտահրաւէր մը ըլլալ (Բ. Տիմ. 4։10)։ Հետեւաբար Յիսուս իր հետեւորդներուն համար աղօթեց. «Չեմ աղաչեր որ զանոնք աշխարհէն վերցնես, հապա որ զանոնք չարէն պահես։ Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ» (Յովհ. 17։15, 16)։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Կը ջանա՞մ աշխարհի մէկ մասը չըլլալ։ Ուրիշներ գիտե՞ն կեցուածքս անաստուածաշնչական տօնակատարութիւններու եւ սովորութիւններու նկատմամբ, ինչպէս նաեւ՝ հեթանոսական ծագում չունեցողներուն առնչութեամբ, որոնք յստակօրէն աշխարհի հոգին կ’արտացոլացնեն’ (Բ. Կոր. 6։17. Ա. Պետ. 4։3, 4

17. Ի՞նչ բան կրնայ պարկեշտամիտ անհատները մղել, որ Եհովայի կողքին դիրք բռնեն։

17 Բացորոշ է որ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր կեցուածքը, մեզ աշխարհի հաճութեան պիտի չարժանացնէ, բայց կրնայ պարկեշտամիտ անհատներուն հետաքրքրութիւնը արթնցնել։ Արդարեւ, երբ այսպիսիներ տեսնեն թէ մեր հաւատքը հաստատօրէն հիմնուած է Սուրբ Գրութիւններուն վրայ եւ կը պարփակէ մեր ամբողջ կենցաղը, կրնան ընդառաջել՝ օծեալներուն ըսելով. «Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է» (Զաք. 8։23

Քրիստոնէական հարազատ սէր ցուցաբերէ

18. Եհովայի ու մեր ընկերին հանդէպ սէր ցուցաբերելը ի՞նչ կը պարփակէ։

18 Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ» եւ «քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս» (Մատ. 22։37, 39)։ Այդ սէրը (յունարէնով՝ ա·կաբէ) բարոյական սէր մըն է, որ հաշուի կ’առնէ պարտականութիւնը, սկզբունքն ու պատշաճութիւնը, բայց յաճախ կը պարփակէ զօրաւոր յուզում։ Անիկա կրնայ ջերմ ու բուռն ըլլալ (Ա. Պետ. 1։22)։ Անիկա անձնասիրութեան հակառակն է, քանի որ անձնուրաց խօսքերով եւ արարքներով կը դրսեւորուի (կարդալ՝ Ա. Կորնթացիս 13։4-7

19, 20. Քրիստոնէական սիրոյն զօրութիւնը ցոյց տուող կարգ մը փորձառութիւններ պատմէ։

19 Սէրը Աստուծոյ սուրբ հոգիի պտուղին մէկ երեսակը ըլլալով, ճշմարիտ քրիստոնեաները կարող կը դարձնէ, որ ընեն ի՛նչ որ ուրիշներ չեն կրնար ընել, ինչպէս՝ ցեղային, մշակութային եւ քաղաքական խոչընդոտներ յաղթահարել (կարդալ՝ Յովհաննէս 13։34, 35. Գաղ. 5։22)։ Երբ ոչխարանման անհատներ այսպիսի սէր տեսնեն, խորապէս կը տպաւորուին։ Օրինակ՝ Իսրայէլի մէջ, երբ հրեայ երիտասարդ մը իր առաջին քրիստոնէական ժողովին ներկայ գտնուեցաւ, զարմացաւ որ հրեայ եւ արաբ եղբայրներ կողք–կողքի Եհովան կը պաշտեն։ Ասոր վրայ, ան սկսաւ կանոնաւորաբար ժողովներուն յաճախելու եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց։ Եղբայրներուդ հանդէպ այս սրտագին սէրը կը ցուցաբերե՞ս։ Նպատակ կը դնե՞ս որ Թագաւորութեան սրահ եկող նորեկներուն ջերմ բարի գալուստ մաղթես, առանց նկատի առնելու անոնց ազգութիւնը, մորթի գոյնը կամ ընկերային մակարդակը։

20 Ճշմարիտ քրիստոնեաներ ըլլալով՝ կը ջանանք բոլորին հանդէպ սէր ցուցաբերել։ Էլ Սալվատորի մէջ, երիտասարդուհի հրատարակիչ մը Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէր 87 տարեկան եկեղեցասէր կաթողիկէ կնոջ մը հետ։ Օր մը, կինը ծանրօրէն հիւանդացաւ ու հիւանդանոց տարուեցաւ։ Երբ ան տուն վերադարձաւ, Վկաները իրեն այցելեցին եւ ուտելիք հայթայթեցին։ Քոյրերը շուրջ մէկ ամիս ասիկա ըրին։ Կնոջ եկեղեցիէն ո՛չ մէկը անոր այցելեց։ Արդի՞ւնքը։ Ան իր տունէն արձաններն ու նկարները հանեց, եկեղեցիէն հրաժարեցաւ եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը շարունակեց։ Արդարեւ քրիստոնէական սէրը զօրութիւն ունի։ Անիկա կրնայ սրտերուն հասնիլ այնպիսի կերպով մը, որ խօսքերը չեն կրնար։

21. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ապագան ապահով դարձնել։

21 Շուտով, Յիսուս իրեն ծառայել դաւանող անհատներուն պիտի ըսէ. «Ես բնաւ ձեզ չէի ճանչնար. մէկդի՛ գացէք քովէս դուք, որ անօրէնութիւն կը գործէիք» (Մատ. 7։23)։ Հետեւաբար, Հայրը եւ Որդին պատուող պտուղ արտադրենք։ Յիսուս նշեց. «Ով որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը կատարէ զանոնք, զանիկա պիտի նմանցնեմ խելացի մարդու մը՝ որ իր տունը վէմի վրայ շինեց» (Մատ. 7։24)։ Այո, եթէ ապացուցանենք թէ Քրիստոսի իսկական հետեւորդներ ենք, Աստուծոյ հաճութիւնը պիտի վայելենք ու մեր ապագան ապահով պիտի ըլլայ, կարծես թէ վէմի վրայ շինուած։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 11 Անգլերէն լեզուով կարգ մը արդի կաթողիկէ հրատարակութիւններ, ի ներառեալ՝ Երուսաղէմի Աստուածաշունչը, քառագիրը «Եահվէ» կը թարգմանեն։

Կը յիշե՞ս

• Քրիստոսի իսկական հետեւորդները ինչպէ՞ս կեղծ հետեւորդներէն կը զանազանուին։

• Թուէ կարգ մը «պտուղ»ներ, որոնք կը բնորոշեն ճշմարիտ քրիստոնեաները։

• Քրիստոնէական պտուղ արտադրելու առնչութեամբ, ի՞նչ նպատակակէտեր կրնաս դնել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 21]

Ծառայութեան մէջ Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար գործածելու սովորութիւնը ունի՞ս