Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի պատկանիլը անարժան բարութիւն մըն է

Եհովայի պատկանիլը անարժան բարութիւն մըն է

Եհովայի պատկանիլը անարժան բարութիւն մըն է

«Տիրոջ կը պատկանինք» (ՀՌՈՎ. 14։8, Անթիլիաս

1, 2. ա) Ի՞նչ առանձնաշնորհում ունինք։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

ԻՍՐԱՅԷԼ ազգին ի՜նչ թանկարժէք առանձնաշնորհում մը հրամցուեցաւ, երբ Եհովա անոնց ըսաւ. «Դուք ինծի սեպհական ժողովուրդ պիտի ըլլաք բոլոր ազգերէն» (Ել. 19։5)։ Ներկայիս, քրիստոնէական ժողովքի անդամներն ալ Եհովայի պատկանելու պատիւը ունին (Ա. Պետ. 2։9. Յայտ. 7։9, 14, 15)։ Ասիկա առանձնաշնորհում մըն է, որ կրնայ առյաւէտ օգուտներ բերել մեզի։

2 Առանձնաշնորհում ըլլալէ զատ, Եհովայի պատկանիլը նաեւ պատասխանատուութիւն մըն է։ Ոմանք կրնան հարց տալ. ‘Պիտի կարենա՞մ ընել այն բաները, զորս Եհովա ինձմէ կ’ակնկալէ։ Եթէ երբեք մեղանչեմ, ան զիս պիտի մերժէ՞։ Եհովայի պատկանիլը ազատութիւնս պիտի կաշկանդէ՞’։ Կ’արժէ քննարկել այսպիսի մտահոգութիւններ։ Սակայն նա՛խ բծախնդրաբար նկատի առնենք սա հարցումը. Եհովայի պատկանելու օգուտները ի՞նչ են։

Եհովայի պատկանիլը երջանկութեան կ’առաջնորդէ

3. Եհովայի ծառայել որոշելով, Ռախաբ ինչպէ՞ս օգտուեցաւ։

3 Եհովայի պատկանող անհատները իրենց կացութենէն կ’օգտուի՞ն։ Նկատի առ Ռախաբի պարագան, որ վաղեմի Երիքովի մէջ բնակող պոռնիկ մըն էր։ Անտարակոյս, իր մանկութենէն ի վեր, ան Քանանի աստուածներուն անառակ պաշտամունքին կը մասնակցէր։ Բայց երբ Եհովայի կողմէ իսրայէլի շնորհուած յաղթանակներուն մասին լսեց, ան անդրադարձաւ որ Եհովան է ճշմարիտ Աստուածը։ Ուստի ան իր կեանքը վտանգեց Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը պաշտպանելու համար, եւ այսպէս իր ապագան անոնց վստահեցաւ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ռախաբ պոռնիկը չէ՞ որ գործերով արդարացաւ, երբ լրտեսները ներս առաւ եւ ուրիշ ճամբայով արձակեց զանոնք» (Յակ. 2։25)։ Պահ մը երեւակայէ այն օգուտները, զորս ան վայելեց, երբ Աստուծոյ մաքուր ժողովուրդին մէկ անդամը եղաւ, որոնք Աստուծոյ Օրէնքով կը սորվէին սիրոյ եւ արդարութեան ուղիները։ Ան ո՜րքան ուրախ ըլլալու էր, որ իր նախկին կենցաղը լքեց։ Ան իսրայէլացիի մը հետ ամուսնացաւ եւ ծնունդ տուաւ Բոոսի, որ ուշագրաւ աստուածավախ մարդ մը եղաւ (Յես. 6։25. Հռութ 2։4-12. Մատ. 1։5, 6

4. Եհովայի ծառայել որոշելով, Հռութ ինչպէ՞ս օգտուեցաւ։

4 Մովաբացի Հռութն ալ որոշեց Եհովայի ծառայել։ Ամուսնանալէ առաջ, ան հաւանաբար Քամովսը եւ Մովաբի միւս աստուածները կը պաշտէր, բայց յետագային ճանչցաւ ճշմարիտ Աստուածը՝ Եհովան, եւ ամուսնացաւ իսրայէլացիի մը հետ, որ իր երկիրը ապաստանած էր (կարդալ՝ Հռութ 1։1-6Երբ Հռութ ու իր ները՝ Որփա, իրենց կեսուրին՝ Նոեմիի հետ սկսան դէպի Բեթլեհէմ ուղղուիլ, Նոեմի զիրենք յորդորեց որ իրենց բնագաւառը մնան։ Անոնց համար Իսրայէլի մէջ հաստատուիլը դիւրին պիտի չըլլար։ Որփա «իր ժողովուրդին ու իր աստուածներուն դարձաւ», բայց Հռութ չվերադարձաւ։ Ան իր հաւատքին համաձայն վարուեցաւ եւ գիտէր, թէ որո՛ւ կ’ուզէր պատկանիլ։ Ան Նոեմիի ըսաւ. «Զիս մի՛ համոզեր, որ քեզ թողում եւ քեզմէ հեռանամ, քանզի ո՛ւր որ երթաս՝ հոն պիտի երթամ եւ ո՛ւր որ մնաս՝ հոն պիտի մնամ։ Քու ժողովուրդդ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլայ ու քու Աստուածդ իմ Աստուածս պիտի ըլլայ» (Հռութ 1։15, 16)։ Եհովայի ծառայել ընտրելով, Հռութ օգտուեցաւ Աստուծոյ Օրէնքէն, որ այրիներուն, աղքատներուն ու հողազուրկ անհատներուն համար մասնայատուկ կարգադրութիւն ըրած էր։ Եհովայի թեւերուն տակ, ան երջանկութիւն, պաշտպանութիւն եւ ապահովութիւն գտաւ։

5. Հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայող անհատներուն նկատմամբ ի՞նչ նշմարած ես։

5 Թերեւս կը ճանչնաս անհատներ, որոնք Եհովայի նուիրուելէ ետք, հաւատարմօրէն տասնեակ տարիներ ծառայած են։ Անոնց հարցուր, թէ իրեն ծառայելով ի՛նչպէս օգտուած են։ Թէեւ խնդիրներէ զերծ մէկը չկայ, բայց զօրաւոր ապացոյցներ թիկունք կը կանգնին սաղմոսերգուին խօսքին. «Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է» (Սաղ. 144։15

Եհովայի բանաւոր ակնկալութիւնները

6. Ինչո՞ւ պէտք չէ վախնանք, որ չկարենանք ընել ինչ որ Եհովա մեզմէ կ’ակնկալէ։

6 Թերեւս հարց տուած ես, թէ պիտի կարենա՛ս ընել ինչ որ Եհովա քեզմէ կ’ակնկալէ կամ ոչ։ Աստուծոյ ծառան ըլլալու, անոր օրէնքին համաձայն ապրելու եւ անոր անունով խօսելու հեռանկարը կրնայ դիւրաւ քեզի ջախջախուած զգալ տալ։ Օրինակ՝ Մովսէս անատակ զգաց, երբ ղրկուեցաւ որ իսրայէլացիներուն եւ Եգիպտոսի թագաւորին խօսի։ Բայց Աստուած Մովսէսէն ակնկալածին մէջ անբանաւոր չէր։ Եհովա ‘անոր սորվեցուց ինչ որ պիտի ըսէր’ (կարդալ՝ Ելից 3։11. 4։1, 10, 13-15Մովսէս ներկայացուած օգնութիւնը ընդունելով, Աստուծոյ կամքը կատարելուն ուրախութիւնը վայելեց։ Եհովա նոյնպէս բանաւոր է մեզմէ ակնկալած բաներուն մէջ։ Ան մեր անկատար բնոյթը կը հասկնայ եւ կ’ուզէ մեզի օգնել (Սաղ. 103։14)։ Որպէս Յիսուսի հետեւորդ՝ Աստուծոյ ծառայելը թարմացուցիչ է եւ ոչ թէ ճնշիչ, քանի որ այս կենցաղը ուրիշներուն օգտակար կ’ըլլայ եւ Եհովայի սիրտը կ’ուրախացնէ։ Յիսուս ըսաւ. «Եկէ՛ք ինծի. . . եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինձմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ» (Մատ. 11։28, 29

7. Ինչո՞ւ կրնաս վստահ ըլլալ, թէ Եհովա քեզի պիտի օգնէ, որ քեզմէ ակնկալածը ընես։

7 Եհովա միշտ մեզի հարկ եղած քաջալերութիւնը պիտի տայ, այնքան ատեն որ զօրութեան համար իրեն կ’ապաւինինք։ Օրինակ՝ ակներեւօրէն Երեմիա բնոյթով համարձակ չէր։ Երբ Եհովա զինք մարգարէ նշանակեց, Երեմիա ըսաւ. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա ես խօսիլ չեմ գիտեր, վասն զի ես մանուկ եմ»։ Յետագային, ան նոյնիսկ ըսաւ. «Անգամ մըն ալ իր անունով պիտի չխօսիմ» (Եր. 1։6. 20։9)։ Այսուհանդերձ, Եհովայի քաջալերութեամբ Երեմիա կրցաւ 40 տարի անժողովրդական պատգամ մը քարոզել։ Եհովա բազմիցս զինք հաւաստիացուց. «Ես քեզի հետ եմ՝ քեզ փրկելու ու ազատելու համար» (Եր. 1։8, 19. 15։20

8. Ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք, թէ Եհովայի կը վստահինք։

8 Ճիշդ ինչպէս որ Եհովա Մովսէսը եւ Երեմիան զօրացուց, կրնայ մեզի օգնել, որ քրիստոնեաներէն ակնկալած բաները ընենք։ Բանալի ազդակն է՝ Աստուծոյ ապաւինիլ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ» (Առ. 3։5, 6)։ Եհովայի ապաւինիլը կը դրսեւորենք, իր Խօսքին ու ժողովքին միջոցաւ հայթայթած օգնութենէն օգտուելով։ Եթէ թոյլ տանք Եհովայի, որ կեանքի մէջ մեր քայլերը առաջնորդէ, ո՛չ մէկ բան մեզի արգելք պիտի հանդիսանայ որ իրեն հաւատարիմ մնանք։

Եհովա իր ծառաները անհատապէս կը հոգայ

9, 10. 91–րդ սաղմոսը ինչպիսի՞ պաշտպանութիւն կը խոստանայ։

9 Եհովայի նուիրուելու որոշումը կայացնելու ատեն, ոմանք կրնան իրենց մտքէն անցընել մեղանչելու, անարժան դառնալու եւ Եհովայի կողմէ մերժուելու վտանգը։ Բայց Եհովա մեզի կու տայ հարկ եղած պաշտպանութիւնը, որպէսզի իրեն հետ մեր թանկարժէք յարաբերութիւնը պահպանենք։ Այժմ տեսնենք թէ 91–րդ սաղմոսը ի՛նչպէս այս կէտը կը նշէ։

10 Այդ սաղմոսը կ’ըսէ. «Բարձրելոյն ծածկոցին տակ բնակողը՝ Ամենակարողին հովանաւորութեանը տակ պիտի հանգչի։ Տէրոջը համար պիտի ըսեմ. ‘Իմ ապաւէնս ու իմ ամրոցս է. իմ Աստուածս՝ որուն կը յուսամ’։ Արդարեւ ան պիտի փրկէ քեզ որսորդին որոգայթէն» (Սաղ. 91։1-3)։ Նկատէ թէ Աստուած կը խոստանայ պաշտպանել զինք սիրողները եւ իրեն ապաւինողները (կարդալ՝ Սաղմոս 91։9, 14Ան ի՞նչպիսի պաշտպանութեան կ’ակնարկէր։ Եհովա իր վաղեմի ծառաներէն ոմանք ֆիզիքապէս պաշտպանեց,– կարգ մը պարագաներուն՝ խոստացեալ Մեսիային շառաւիղը պահպանելու համար։ Սակայն բազմաթիւ հաւատարիմներ բանտարկուեցան, չարչարուեցան ու սպաննուեցան, մինչ Բանսարկուն ջանաց զիրենք Աստուծմէ հեռացնել (Եբ. 11։34-39)։ Անոնք տոկալու հարկ եղած քաջութիւնը ունեցան, քանի որ Եհովա զիրենք հոգեւորապէս պաշտպանեց, որ իրենց ուղղամտութիւնը չբեկանեն։ Հետեւաբար, 91–րդ սաղմոսը հոգեւո՛ր պաշտպանութեան խոստում կը ներկայացնէ։

11. «Բարձրելոյն ծածկոց»ը ի՞նչ է, եւ հոն Աստուած որո՞նք կը պաշտպանէ։

11 Արդ, սաղմոսերգուին նշած «Բարձրելոյն ծածկոց»ը, հոգեւոր պաշտպանութեան այլաբանական վայր մըն է։ Հոն, Աստուծոյ հիւրերը պաշտպանուած են որեւէ բանէ կամ ոեւէ անհատէ, որ Աստուծոյ հանդէպ իրենց հաւատքին ու սիրոյն կը սպառնայ (Սաղ. 15։1, 2. 121։5)։ Անիկա ծածկուած տեղ մըն է, քանի որ անհաւատները չեն կրնար զայն զատորոշել։ Հոն, Եհովա կը պաշտպանէ այն անհատները, որոնք կ’ըսեն. ‘Դուն ես իմ Աստուածս՝ որուն կը յուսամ’։ Եթէ այս ապաստանին մէջ մնանք, «որսորդ» Սատանայի մէկ թակարդին մէջ իյնալով Աստուծոյ հաճութիւնը կորսնցնելու նկատմամբ անտեղիօրէն մտահոգուելու պէտք չունինք։

12. Ի՞նչ վտանգներ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան կը սպառնան։

12 Ի՞նչ վտանգներ կը սպառնան Աստուծոյ հետ մեր թանկարժէք յարաբերութեան։ Սաղմոսերգուն կը նշէ կարգ մը վտանգներ, ինչպէս՝ «մութ տեղը պտըտող ժանտամահ» ու «կէսօրուան ատեն սատկեցնող հարուած» (Սաղ. 91։5, 6)։ «Որսորդ»ը շատեր ծուղակ ձգած է՝ անկախ ըլլալու անձնասէր ցանկութեամբ (Բ. Կոր. 11։3)։ Ան ագահութիւն, հպարտութիւն ու նիւթապաշտութիւն յառաջ մղելով ուրիշներ ալ կ’որսայ։ Ան ոմանք կը մոլորեցնէ փիլիսոփայութիւններով, ինչպէս՝ հայրենասիրութիւն, բարեշրջութիւն ու սուտ կրօնք (Կող. 2։8)։ Իսկ շատեր անօրէն սեռի թակարդին մէջ ինկած են։ Այսպիսի հոգեւորապէս վնասակար պատուհասներ պատճառ եղած են, որ միլիոնաւորներ Աստուծոյ հանդէպ իրենց սէրը կորսնցնեն (կարդալ՝ Սաղմոս 91։7-10. Մատ. 24։12

Աստուծոյ հանդէպ սէրդ պաշտպանել

13. Եհովա ինչպէ՞ս կը պաշտպանէ մեզ այն վտանգներէն, որոնք մեր հոգեւոր բարօրութեան կը սպառնան։

13 Եհովա այս հոգեւոր վտանգներէն ի՞նչպէս կը պաշտպանէ իր ժողովուրդը։ Սաղմոսը կ’ըսէ. «Իր հրեշտակներուն պիտի ապսպրէ քեզի համար, որ քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ քեզ պահեն» (Սաղ. 91։11)։ Երկնային հրեշտակներ մեզ կ’առաջնորդեն ու կը պաշտպանեն, որպէսզի կարենանք բարի լուրը քարոզել (Յայտ. 14։6)։ Հրեշտակներէն զատ, քրիստոնեայ երէցները, իրենց ուսուցումին մէջ Սուրբ Գրութիւններուն ամրօրէն կառչելով, սխալ պատճառաբանութիւններով մոլորուելէ մեզ կը պաշտպանեն։ Անոնք կրնան անհատապէս օգնել ոեւէ մէկու, որ կը ջանայ աշխարհային կեցուածքներ յաղթահարել (Տիտ. 1։9. Ա. Պետ. 5։2)։ Նաեւ, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» հոգեւոր սնունդ կը հայթայթէ, մեզ պաշտպանելու համար բարեշրջութեան ուսուցումէն, անբարոյ ցանկութիւններու հրապոյրէն, հարստութեան եւ երեւելիութեան հետամուտ ըլլալէն, ու բազմաթիւ այլ վնասակար ցանկութիւններէ եւ ազդեցութիւններէ (Մատ. 24։45)։ Ի՞նչ բան քեզի օգնած է, որ այս վտանգներէն ոմանց դիմադրես։

14. Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ հայթայթած պաշտպանութիւնը օգտագործել։

14 Աստուծոյ պաշտպանութեան «ծածկոց»ին տակ մնալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։ Ճիշդ ինչպէս որ յարատեւաբար մենք մեզ պէտք է պաշտպանենք ֆիզիքական վտանգներէ,– արկածներ, ոճրագործներ կամ վարակումներ,– նոյնպէս պէտք է շարունակ ջանք թափենք մենք մեզ պաշտպանելու հոգեւոր վտանգներէ։ Ուստի մեր հրատարակութիւններուն, ժողովքային հանդիպումներուն ու համաժողովներուն միջոցաւ Եհովայի հայթայթած ուղղութիւնը, կանոնաւորաբար պէտք է օգտագործենք։ Երէցներուն խրատը կը փնտռենք։ Նաեւ մեր քրիստոնեայ եղբայրներուն ու քոյրերուն ցուցաբերած այլազան յատկութիւններէն չե՞նք օգտուիր։ Արդարեւ, ժողովքին ընկերակցութիւնը մեզի կ’օգնէ իմաստուն ըլլալու (Առ. 13։20. կարդալ՝ Ա. Պետրոս 4։10

15. Ինչո՞ւ կրնաս վստահ ըլլալ, թէ Եհովա կրնայ քեզ պաշտպանել որեւէ բանէ, որ կրնայ պատճառ ըլլալ որ իր հաճութիւնը կորսնցնես։

15 Որեւէ պատճառ չունինք կասկածելու, թէ Եհովա կրնայ մեզ պաշտպանել ամէն բանէ, որ կրնայ պատճառ ըլլալ որ իր հաճութիւնը կորսնցնենք (Հռով. 8։38, 39)։ Ան ժողովքը պաշտպանած է կրօնական ու քաղաքական հզօր թշնամիներէ, որոնց նպատակը սովորաբար եղած է՝ ոչ թէ մեզ սպաննել, այլ մեզ սուրբ Աստուծմէն զատել։ Եհովայի խոստումը շիտակ ելած է. «Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի» (Եսա. 54։17

Ո՞վ մեզի ազատութիւն կու տայ

16. Աշխարհը ինչո՞ւ չի կրնար մեզի ազատութիւն հրամցնել։

16 Եհովայի պատկանիլը մեր ազատութիւնը պիտի կաշկանդէ՞։ Ընդհակառակը, աշխարհին պատկանիլը կրնայ մեր ազատութիւնը կաշկանդել։ Աշխարհը Եհովայէ օտարացած է եւ կը ղեկավարուի անգութ աստուծոյ մը կողմէ, որ մարդիկը կը ստրկացնէ (Յովհ. 14։30)։ Օրինակ՝ Սատանայի իրերու դրութիւնը տնտեսական ճնշում կը բանեցնէ, որպէսզի մարդոց ազատութիւնը կաշկանդէ (համեմատել՝ Յայտնութիւն 13։16, 17)։ Մեղքն ալ մարդիկը ստրկացնելու խաբէական զօրութիւն ունի (Յովհ. 8։34. Եբ. 3։13)։ Ուստի, թէեւ անհաւատներ կրնան ազատութիւն խոստանալ, երբ Եհովայի ուսուցումներուն ներհակ եղող կենցաղ յառաջ կը մղեն, բայց ոեւէ անհատ, որ անոնց մտիկ կ’ընէ, շուտով պիտի անդրադառնայ որ մեղաւոր ու նուաստացուցիչ կենցաղակերպի մը ստրուկ դարձած է (Հռով. 1։24-32

17. Եհովա ի՞նչ ազատութիւն կը հրամցնէ մեզի։

17 Միւս կողմէ, եթէ մեր անձերը Եհովայի վստահինք, ան մեզ պիտի ազատէ ամէն բանէ, որ կրնայ մեզի վնասել։ Մեր կացութիւնը կարգ մը կերպերով կը նմանի անհատի մը կացութեան, որ իր կեանքը կը վստահի հմուտ վիրաբոյժի մը, որ կրնայ կեանքի սպառնացող վիճակէ մը զինք ազատել։ Բոլորս ալ կեանքի սպառնացող վիճակ մը ունինք,– ի ծնէ մեղաւոր ենք։ Միայն եթէ մեր անձերը Եհովայի վստահինք, Քրիստոսի զոհաբերութեան հիման վրայ, կրնանք յուսալ մեղքի ազդեցութիւններէն ազատուիլ ու յաւիտեան ապրիլ (Յովհ. 3։36)։ Ճիշդ ինչպէս որ վիրաբոյժի մը հանդէպ մեր վստահութիւնը կրնայ զօրանալ՝ անոր համբաւին մասին տեղեկանալով, նոյնպէս Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը պիտի խորանայ, մինչ յարատեւաբար իր մասին կը սորվինք։ Ուստի, կը շարունակենք Աստուծոյ Խօսքը բծախնդրաբար ուսումնասիրել, քանի որ ասիկա մեզի պիտի օգնէ զինք սիրելու այնպիսի կերպով մը, որ իրեն պատկանելու ամէն վախ պիտի վանէ (Ա. Յովհ. 4։18

18. Եհովայի պատկանողները ի՞նչ պիտի վայելեն։

18 Եհովա բոլոր մարդոց ընտրելու ազատութիւն կը շնորհէ։ Իր Խօսքը կ’ըսէ. «Կեանքը ընտրէ որպէս զի ապրիք՝ դուն եւ քու սերունդդ. քու Տէր Աստուածդ սիրելով» (Բ. Օր. 30։19, 20)։ Ան կ’ուզէ որ իրեն հանդէպ մեր սէրը արտայայտենք, կամաւ ընտրելով իրեն ծառայել։ Փոխանակ մեր ազատութիւնը կաշկանդելու, մեր սիրած Աստուծոյն պատկանիլը վստահաբար մեզ պիտի երջանկացնէ եւ երջանիկ պիտի պահէ։

19. Եհովայի պատկանիլը ինչո՞ւ անարժան բարութիւն մըն է։

19 Մեղաւորներ ըլլալով, կատարեալ Աստուծոյ մը պատկանելու արժանի չենք։ Միայն Աստուծոյ անարժան բարութիւնը կարելի կը դարձնէ զայն (Բ. Տիմ. 1։9)։ Ուստի Պօղոս գրեց. «Եթէ կ’ապրինք՝ Տիրոջ համար կ’ապրինք, եւ եթէ կը մեռնինք՝ Տիրոջ համար կը մեռնինք, որ կը նշանակէ թէ՝ ըլլա՛յ կեանքի եւ ըլլա՛յ մահուան մէջ՝ Տիրոջ կը պատկանինք» (Հռով. 14։8, Անթիլիաս)։ Վստահաբար, երբեք պիտի չզղջանք որ ընտրեցինք Եհովայի պատկանիլ։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Եհովայի պատկանելու օգուտները ի՞նչ են։

• Ինչո՞ւ կրնանք ընել այն բաները, զորս Աստուած մեզմէ կ’ակնկալէ։

• Եհովա ի՞նչպէս իր ծառաներուն պաշտպանութիւն կը հայթայթէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 16]

Ուրիշներուն հարցուր, թէ Եհովայի պատկանելով ի՛նչպէս օգտուած են

[Նկար՝ էջ 18]

Եհովա ի՞նչ կարգ մը կերպերով պաշտպանութիւն կը հայթայթէ