Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ալքոլի նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը ի՞նչ է

Ալքոլի նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը ի՞նչ է

Ալքոլի նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը ի՞նչ է

ՄԵՐ Ստեղծիչը, որ մեր բարօրութիւնը կը փնտռէ, ալքոլի չափաւոր գործածութիւնը չ’արգիլեր։ * Ընդհակառակը, ան տուած է «գինի՝ որ կ’ուրախացնէ մարդուն սիրտը եւ իւղ՝ որ անոր երեսը կը փայլեցնէ ու հաց՝ որ կը հաստատէ մարդուն սիրտը» (Սաղմոս 104։15)։ Առիթով մը, Յիսուս Քրիստոս հարսանիքի մը ուրախութեան նպաստեց, ջուրը «աղէկ գինիի» վերածելով (Յովհաննէս 2։3-10

Տրամաբանական է խորհիլ թէ Ստեղծիչը ճշգրտօրէն գիտէ ալքոլի ազդեցութիւնները մարմնի եւ ուղեղի գործունէութեան վրայ։ Աստուածաշունչի էջերուն ընդմէջէն, մեր երկնաւոր Հայրը ‘մեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնէ’, եւ մեզ հաստատօրէն կը զգուշացնէ զօրաւոր խմիչքի սխալ գործածութենէն (Եսայի 48։17)։ Նկատի առ հետեւեալ ազդարարութիւնները.

«Մի՛ գինովնաք գինիով, որուն մէջ անառակութիւն կայ» (Եփեսացիս 5։18)։ «Ո՛չ գինովները. . . Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն» (Ա. Կորնթացիս 6։9-11)։ Աստուծոյ Խօսքը կը դատապարտէ «գինովութիւններ, անառակութիւններ ու ինչ որ ասոնց նման են» (Գաղատացիս 5։19-21

Այժմ քննարկենք չափազանց ալքոլ խմելուն կարգ մը վտանգները։

Չափազանց խմելուն վտանգները

Մինչ ալքոլը որոշ օգուտներ ունի, անիկա կը պարունակէ զօրաւոր բաղադրատարրեր, որոնք մտքին ու մարմնին գործունէութիւնը կը փոխեն։ Ալքոլի չափազանց գործածութիւնը կրնայ հետեւեալ խնդիրները պատճառել.

Չափազանց խմելը անհատին դատողութիւնը կը տկարացնէ, այնպէս որ ան ‘չի կրնար յստակօրէն մտածել’ (Առակաց 23։33, TEV)։ Ալէն, նախորդ յօդուածին մէջ նշուած ալքոլամոլը, կը բացատրէ. «Ալքոլամոլութիւնը լոկ մարմնային հիւանդութիւն մը չէ. անիկա հիւանդութիւն մըն է, որ անհատին մտածումն ու վերաբերմունքը կը պարփակէ։ Ան այլեւս նկատի չ’առներ ալքոլամոլութեան պատճառած վնասը ուրիշներու»։

Շատ խմիչք խմելը կրնայ նաեւ անհատը անսանձ դարձնել։ Սուրբ Գրութիւնները կ’ազդարարեն. «Գինին ու քաղցուն սիրտը կը խաբեն» (Ովսէէ 4։11)։ Ինչպէ՞ս։ Ալքոլի խաբէական ազդեցութեան ներքեւ, այն մտածումներն ու ցանկութիւնները, զորս սովորաբար կը սանձենք, կը սկսին ընդունելի թուելու,– նոյնիսկ՝ հրապուրիչ։ Շիտակին կառչելու մեր վճռականութիւնը կրնայ տկարանալ։ Ալքոլը կրնայ մեր բարոյական պաշտպանութիւնը քայքայել ու հոգեւոր աղէտի առաջնորդել։

Օրինակ՝ իր կնոջ հետ վէճի բռնուելէ ետք, Ճոն բարկութեամբ գինետուն գնաց։ Ան հանդարտելու համար արդէն քանի մը բաժակ խմած էր, երբ կին մը իրեն մօտեցաւ։ Քանի մը բաժակ եւս խմելէ ետք, Ճոն կնոջ հետ մեկնեցաւ ու շնութիւն գործեց։ Յետոյ ան խորապէս զղջաց որ ըրաւ բան մը, որ երբեք պիտի չխորհէր զայն ընել, եթէ ալքոլը իր ինքնազսպումը չտկարացնէր։

Չափազանց ալքոլ խմելը կրնայ անզուսպ խօսքերու եւ արարքներու առաջնորդել։ «Որո՞ւն է ցաւը. որո՞ւն են կռիւները», կը հարցնէ Աստուածաշունչը։ «Գինիին քով մնացողներուն, խառնուած գինին փնտռելու գացողներուն» (Առակաց 23։29, 30)։ Չափազանց խմելով կրնաս «ծովու մէջ պառկողի պէս ու կայմի վրայ պառկողի պէս» ըլլալ (Առակաց 23։34)։ Գինովը երբ արթննայ, կրնայ նկատել թէ ‘իրեն զարկած են ու ինք բան մը չէ իմացած’ (Առակաց 23։35

Չափազանց խմելը ֆիզիքական առողջութեան վնաս կը հասցնէ։ «[Ալքոլը] ետքը օձի պէս կը խածնէ ու քարբի պէս կը խայթէ» (Առակաց 23։32)։ Բժշկագիտութիւնը հաստատած է այդ վաղեմի առակին իմաստութիւնը։ Մեծ քանակով ալքոլը կրնայ մահաբեր թոյն մը ըլլալ, որուն կարգ մը հետեւանքներն են. զանազան քաղցկեղներ, ալքոլական լերդատապ, լերդակարծրութիւն, շարոյրի բորբոքում, շաքարախտաւորներու մօտ արեան շաքարի սակաւութիւն, սաղմի ալքոլական համընթացութիւն, կաթուած եւ սրտի թերացում։ Եւ նոյնիսկ չափազանցօրէն խմելու մէկ միջադէպ կրնայ մահաքուն կամ մահ պատճառել։ Սակայն չափազանց խմելուն ամէնէն լուրջ հետեւանքները չեն նկարագրուած բժշկական դասագրքերուն մէջ։

Մեծագոյն վտանգը։ Նոյնիսկ եթէ անհատ մը չգինովնայ, անչափաւոր խմելը հոգեւոր վտանգներ կ’ընդգրկէ։ Աստուածաշունչը բացայայտօրէն կ’ըսէ. «Վա՜յ անոնց, որոնք առտուն կանուխ կ’ելլեն ու ցքի խմելու ետեւէ կ’ըլլան եւ իրիկունն ալ կ’ուշանան, մինչեւ որ գինին իրենց գլուխը տաքցնէ»։ Ինչո՞ւ։ Եսայի անչափաւոր խմելուն հոգեւոր հետեւանքները կը բացատրէ. «Տէրոջը ըրածներուն ուշադրութիւն չեն ըներ եւ անոր ձեռքերուն գործերուն չեն նայիր» (Եսայի 5։11, 12

Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը խրատէ. «Մի՛ ընկերանար գինեմոլներուն [«ծանր խմողներուն», ՆԱ]» (Առակաց 23։20)։ Իսկ տարեց կիներուն զգուշացում տրուած է որ «գինեմոլ» կամ շատ գինիի ծառայ չըլլան (Տիտոս 2։3)։ Ինչո՞ւ։ Աստիճանաբար,– յաճախ աննկատելիօրէն,– անհատը կը սկսի ալքոլի քանակը եւ յաճախականութիւնը աւելցնելու։ Ի վերջոյ, ան կը սկսի հարց տալու. «Ե՞րբ պիտի արթննամ, որպէս զի զանիկա նորէն փնտռեմ» (Առակաց 23։35)։ Խմիչք գործածողները վտանգաւոր հանգրուան մը կը թեւակոխեն, երբ առաւօտուն կը տենչան բան մը խմել, որպէսզի նախորդ գիշերուան չափազանցութեան ազդեցութենէն ձերբազատուին։

Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ, թէ անոնք որոնք ‘գինեմոլութիւններով, անառակութիւններով եւ արբեցութիւններով կը վարուին’, «պատասխան պիտի տան անոր՝ որ պատրաստ է դատել կենդանիներն ու մեռելները» (Ա. Պետրոս 4։3, 5)։ Իսկ մեր ապրած նշանակալից ժամանակներուն նկատմամբ, Յիսուս ազդարարեց. «Զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի [Եհովայի] օրը ձեր վրայ հասնի» (Ղուկաս 21։34, 35

Սակայն անչափաւոր խմողները ի՞նչ կրնան ընել, որպէսզի ‘իրենց սիրտը չծանրանայ’։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 2 Այս յօդուածին մէջ, «ալքոլ» եւ «խմիչք» բառերը ընդհանուր առմամբ կ’ակնարկեն գարեջուրի, գինիի եւ այլ ոգելից ըմպելիներու։

[Նկարներ՝ էջ 4]

Ալքոլի չափազանց գործածութիւնը կրնայ բազմաթիւ խնդիրներու առաջնորդել