Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած ինչո՞ւ մարդոց կ’առաջարկէ յաւիտենական կեանքի պարգեւը

Աստուած ինչո՞ւ մարդոց կ’առաջարկէ յաւիտենական կեանքի պարգեւը

Ընթերցողները կը հարցնեն

Աստուած ինչո՞ւ մարդոց կ’առաջարկէ յաւիտենական կեանքի պարգեւը

▪ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Աստուած մեզի կը հրամցնէ «յաւիտենական կեանք» ձեռք ձգելու պատեհութիւնը (Յովհաննէս 6։40)։ Սակայն ի՞նչ բան զինք կը մղէ այսպիսի հեռանկար մը առաջարկելու։ Անիկա պարզապէս արդարութեա՞ն հարց մըն է։

Արդարութիւնը կը պարփակէ՝ մարդոց հետ վարուիլ ա՛յնպէս, ինչպէս իրաւունքը կը պահանջէ։ Մենք ապրելու իրապէս արժանի՞ ենք։ Ո՛չ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Իրաւ որ երկրի վրայ արդար մարդ չկայ, որ աղէկութիւն ընէ ու մեղք չգործէ» (Ժողովող 7։20)։ Մեղքը իրեն հետ պատիժ կը բերէ։ Աստուած առաջին մարդը՝ Ադամը, զգուշացուց որ այն օրը որ մեղք գործէր, անշուշտ պիտի մեռնէր (Ծննդոց 2։17)։ Յետագային, Պօղոս առաքեալ ներշնչման ներքեւ գրեց. «Մեղքին վարձքը մահ է» (Հռովմայեցիս 6։23)։ Ուստի, եթէ Ադամի ամբողջ զարմը արդարացիօրէն մահուան արժանի է, Աստուած ինչո՞ւ կ’առաջարկէ անվերջ կեանքի կարելիութիւնը։

Յաւիտենական կեանքի առաջարկը «պարգեւ» մըն է։ Անիկա Աստուծոյ սիրոյն եւ անարժան բարութեան վսեմութիւնն ու մեծ տարողութիւնը կ’արտացոլացնէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Թէպէտ բոլոր մարդիկ մեղանչեցին եւ Աստուծոյ փառքէն զրկուած կը մնան, սակայն Աստուած զանոնք կ’արդարացնէ իր ձրիօրէն պարգեւած շնորհքովը, Քրիստոս Յիսուսի փրկագործութեան միջոցաւ» (Հռովմայեցիս 3։23, 24, Անթիլիաս

Թէեւ բոլորս ալ մեռնելու արժանի ենք, բայց Աստուած կ’ընտրէ զինք սիրողներուն յաւիտենական կեանք շնորհել։ Ասիկա անարդարութի՞ւն է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Արդ, ի՞նչ ըսենք. միթէ Աստուծոյ քով անարդարութի՞ւն կայ։ Բնա՛ւ երբեք։ Արդարեւ, Մովսէսին կ’ըսէ. ‘Որու որ ողորմիլ կ’ուզեմ՝ պիտի ողորմիմ, որու որ գթալ կ’ուզեմ՝ պիտի գթամ’։ . . .Բայց ո՞վ ես դուն, ո՛վ մարդ, որ Աստուծոյ դէմ կը խօսիս» (Հռովմայեցիս 9։14-20, Անթիլիաս

Աշխարհի կարգ մը շրջաններուն մէջ, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը կամ դատաւոր մը կրնայ խիստ դատավճիռ ստացած ոճրագործի մը ներում շնորհել։ Եթէ ոճրագործը կամովին կանոններուն ենթարկուի եւ իր կեցուածքն ու վարքը փոխէ, դատաւոր մը կամ նախագահը կրնայ որոշել իրեն ներում շնորհել, դատավճիռը նուազեցնելով կամ բոլորովին ջնջելով։ Արդարեւ, այս քայլը անարժան բարութեան մէկ արտայայտութիւնն է։

Նոյնպէս, Եհովա կրնայ ընտրել որ բոլոր մեղաւորները իրենց արժանի պատիժը չստանան։ Փոխարէն, սէրէ մղուած՝ ան կրնայ յաւիտենական կեանք շնորհել անոնց, որոնք զինք կը սիրեն եւ իր չափանիշներուն կ’ենթարկուին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է» (Գործք 10։34, 35

Մեզի ի նպաստ Եհովայի սիրոյ մեծագոյն արարքն էր՝ իր Որդին ղրկել, որպէսզի մեզի համար չարչարուի եւ մեռնի։ Յիսուս իր Հօր մասին ըսաւ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննէս 3։16

Բոլոր անոնք՝ որոնք Եհովան կը սիրեն եւ իր կամքը կը կատարեն, իրեն ընդունելի են, ի՛նչ ալ ըլլայ իրենց ենթահողը։ Արդ, յաւիտենական կեանքի յոյսը գլխաւորաբար անարժան բարութեան եւ Աստուծոյ մեծ սիրոյն մէկ արտայայտութիւնն է։

[Մէջբերում՝ էջ 11]

Անիկա գլխաւորաբար անարժան բարութեան եւ Աստուծոյ մեծ սիրոյն մէկ արտայայտութիւնն է