Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած ինչո՞ւ պատերազմ մղեց քանանացիներուն դէմ

Աստուած ինչո՞ւ պատերազմ մղեց քանանացիներուն դէմ

Աստուած ինչո՞ւ պատերազմ մղեց քանանացիներուն դէմ

«Քետացիները, Ամօրհացիները, Քանանացիները, Փերեզացիները, Խեւացիներն ու Յեբուսացիները բոլորովին կորսնցո՛ւր, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց» (Բ. ՕՐԻՆԱՑ 20։17

«Ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք» (ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12։18

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ այս երկու համարները հակասական կը թուի՞ն քեզի։ Շատեր կը ջանան քանանացիները բնաջնջելու Աստուծոյ պատուէրը ներդաշնակել խաղաղասէր ըլլալու Աստուածաշունչի յորդորին հետ (Եսայի 2։4. Բ. Կորնթացիս 13։11 * Անոնք այս հրահանգները բարոյապէս անկապ կը նկատեն։

Եթէ կարենայիր այս նիւթին շուրջ Աստուծոյ հետ զրուցել, իրեն ի՞նչ հարցումներ պիտի ուղղէիր։ Նկատի առ հինգ սովորական հարցումներ եւ Աստուածաշունչին պատասխանները։

1. Քանանացիները ինչո՞ւ տեղահանուեցան։ Քանանացիները, առումով մը, իրենց չպատկանող երկրի մը մէջ ապօրինի բնակիչներ էին։ Ինչպէ՞ս։ Շուրջ 400 տարի առաջ, Աստուած հաւատարիմ Աբրահամի խոստացած էր, որ Քանանի երկիրը իր սերունդին սեփականութիւնը պիտի դարձնէր (Ծննդոց 15։18)։ Աստուած այդ խոստումը յարգեց, երբ պատճառ եղաւ որ Աբրահամէ սերած իսրայէլ ազգը շրջանը գրաւէ։ Անշուշտ ոմանք կրնան առարկել, թէ քանանացիները արդէն հոն կ’ապրէին եւ հետեւաբար երկրին նկատմամբ իրաւունքներ ունէին։ Բայց վստահաբար, որպէս տիեզերքի Գերիշխանը, Աստուած վերջնական իրաւունքը ունի որոշելու իւրաքանչիւրին բնակած վայրը (Գործք 17։26. Ա. Կորնթացիս 10։26

2. Աստուած ինչո՞ւ թոյլ չտուաւ որ քանանացիներն ու իսրայէլացիները գոյակից ըլլան։ Աստուած քանանացիներուն նկատմամբ ազդարարեց. «Քու երկրիդ մէջ թող չբնակին, որպէս զի քեզի մեղք գործել չտան ինծի դէմ. վասն զի եթէ անոնց աստուածները պաշտես, անշուշտ այն քեզի որոգայթ պիտի ըլլայ» (Ելից 23։33)։ Յետագային Մովսէս մարգարէն իսրայէլի ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ այն ազգերուն անօրէնութեանը համար զանոնք քու առջեւէդ կը վռնտէ» (Բ. Օրինաց 9։5)։ Այդ ազգերը ո՞րքան չար էին։

Անբարոյութիւնը, հեթանոսութիւնը եւ մանուկներ զոհելը Քանանի մէջ լայնատարած էին։ Աստուածաշունչի պատմաբան Հէնրի Հ. Հէլի կը նշէ, թէ շրջանը պեղող հնախոյզները «բազմաթիւ կուժեր գտան, որոնց մէջ Բահաղին [քանանացիներու կարկառուն մէկ աստուածը] զոհուած երեխաներու աճիւններ կային»։ Ան կ’աւելցնէ. «Ամբողջ շրջանը նորածիններու գերեզման մըն էր։ . . .Քանանացիները պաշտամունք կը մատուցանէին՝ անբարոյ արարքներով, որպէս կրօնական ծէսեր, իրենց չաստուածներուն ներկայութեան, ապա իրենց անդրանիկ զաւակները սպաննելով որպէս զոհ այդ նոյն չաստուածներուն։ Այնպէս կը թուի որ Քանանի երկիրը, ազգային տարողութեամբ, տեսակ մը Սոդոմ ու Գոմոր դարձած էր։ . . .Քանանի քաղաքներու աւերակները պեղող հնագէտները կը զարմանան, թէ Աստուած ինչո՛ւ աւելի կանուխ չէ կործանած զանոնք»։

3. Այդ ժամանակ երկրի վրայ ուրիշ ամբարիշտ ժողովուրդներ չկայի՞ն։ Ինչո՞ւ միայն քանանացիները բնաջնջուեցան։ Աստուած շատ մը առիթներով ընտրողաբար մեղաւորներ մահապատիժի ենթարկած է։ Երբ Նոյի օրերուն ‘երկիրը անիրաւութեամբ լեցուեցաւ’, Աստուած ջրհեղեղ բերելով բոլորը բնաջնջեց,– բացի Նոյի ընտանիքէն (Ծննդոց 6։11. Բ. Պետրոս 2։5)։ Աստուած Սոդոմ ու Գոմոր քաղաքները կործանեց, երբ անոնց բնակիչներուն մեղքը «խիստ ծանրացաւ» (Ծննդոց 18։20. Բ. Պետրոս 2։6)։ Եւ ան «արիւններու քաղաք»ին՝ ասորեստանցիներու մայրաքաղաքին՝ Նինուէի դէմ դատավճիռ արձակեց, թէեւ քաղաքին խնայեց, երբ անոր բնակիչները իրենց չար ճամբաներէն դարձան (Նաւում 3։1. Յովնան 1։1, 2. 3։2, 5-10)։ Իսկ ինչ կը վերաբերի քանանացիներուն, Աստուած զանոնք բնաջնջեց, որպէսզի պաշտպանէ իսրայէլը, այն ազգը որ ի վերջոյ Մեսիան յառաջ պիտի բերէր (Սաղմոս 132։11, 12

4. Քանանացիներուն բնաջնջումը Աստուծոյ սիրոյն չի՞ հակասեր։ Աստուծոյ կողմէ քանանացիներուն բնաջնջումը կրնայ իր սիրոյն հետ ներդաշնակ չթուիլ (Ա. Յովհաննէս 4։8)։ Սակայն այդ սէրը բացայայտ կը դառնայ, հարցը աւելի մօտէն քննելով։

Աստուած շատո՜նց գիտէր, թէ Քանանի բնակիչները սխալ ուղղութիւն բռնած էին։ Այսուհանդերձ, փոխանակ զանոնք անմիջապէս չքացնելու, ան թոյլ տուաւ որ 400 տարի անցնի, մինչեւ որ անոնց անօրէնութիւնը ‘լեցուի’ (Ծննդոց 15։16

Երբ քանանացիներուն մեղքը հասաւ այն կէտին, ուր բարելաւման որեւէ յոյս չկար, Եհովա զանոնք կործանեց։ Այսուհանդերձ, ան բոլոր քանանացիները կուրօրէն չբնաջնջեց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ բոլորն ալ անսրբագրելի չէին։ Ողորմութիւն ցուցաբերուեցաւ անոնց, որոնք փոխուելու յօժար էին, ինչպէս՝ Ռախաբ ու գաբաւոնացիները (Յեսու 9։3-11, 16-27. Եբրայեցիս 11։31

5. Սիրոյ Աստուած մը ինչպէ՞ս կրնայ ոեւէ մարդ բնաջնջել։ Այս հարցումը հասկնալի է, քանի որ մարդկային կեանքը կործանելու մասին խորհրդածելը հաճելի չէ։ Սակայն իրականութեան մէջ, Աստուծոյ սէրն էր որ զինք մղեց ամբարիշտներուն դէմ այդ արմատական քայլերը առնելու։ Լուսաբանենք. երբ հիւանդ մը մեռուկ ունենայ, բժիշկները յաճախ կը ստիպուին վնասուած անդամը հատել։ Քիչեր հաճոյքով այս գործողութիւնը կը կատարեն, բայց լաւ բժիշկը գիտէ թէ աւելի վատ է փոխընտրութիւնը,– վարակման տարածումը։ Հոգածու մէկը ըլլալով, ան յօգուտ իր հիւանդին այս անախորժ պարտականութիւնը կը կատարէ։

Նմանապէս, Եհովա քանանացիները ոչնչացնելէն հաճոյք չառաւ։ Ան կ’ըսէ. «Ամբարիշտին մահէն չեմ ախորժիր» (Եզեկիէլ 33։11, ԱԾ)։ Միեւնոյն ատեն, ան նպատակադրեց որ իսրայէլ ազգը Մեսիան յառաջ բերէ, որ բոլոր հաւատք ընծայողներուն առջեւ փրկութեան ճամբան պիտի բանար (Յովհաննէս 3։16)։ Արդ, Աստուած չէր կրնար թոյլ տալ, որ իսրայէլացիները քանանացիներու զզուելի սովորութիւններով վարակուէին։ Ուստի ան հրամայեց որ քանանացիները երկրէն վերցուին։ Այսպէս ընելով, Աստուած ակնառու սէր ցուցաբերեց,– սէր մը՝ որ զինք մղեց անհաճոյ պարտականութիւն մը կատարելու, յօգուտ իր հաւատարիմ երկրպագուներուն։

Մեզի համար արժէք ունի

Քանանացիներու կործանման արձանագրութիւնը ներկայիս մեզի համար արժէք մը ունի՞։ Այո՛, քանի որ Հռովմայեցիս 15։4–ը կ’ըսէ. «Ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվիք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք»։ Քանանի մէջ տեղի ունեցածը ինչպէ՞ս մեզի կը սորվեցնէ ու յոյս կու տայ։

Այս արձանագրութիւնները շատ բան կը սորվեցնեն մեզի։ Օրինակ՝ Աստուած ողորմածօրէն խնայեց Ռախաբին ու գաբաւոնացիներուն, երբ հաւատքով իրեն դիմեցին։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ, թէ ոեւէ անհատ՝ որ իսկապէս կ’ուզէ Աստուած հաճեցնել, կրնայ այդպէս ընել, ի՛նչ որ ալ ըլլան իր ենթահողն ու անցեալի մեղքերը (Գործք 17։30

Քանանի մէջ եղած կործանման արձանագրութիւնները նաեւ մեզի յոյս կու տան, մօտ ապագային Աստուծոյ ընելիքներուն մասին նախանմոյշ մը հայթայթելով։ Անոնք մեզ կը հաւաստիացնեն, թէ ան թոյլ պիտի չտայ չարին, որ կատարելապէս բարին արմատախիլ ընէ։ Փոխարէն, Աստուածաշունչը կը հաստատէ, թէ Աստուած շուտով գործի պիտի լծուի բոլոր ամբարիշտները կործանելու, իսկ զինք սիրողները պիտի ազատէ եւ արդար նոր աշխարհը մտցնէ (Բ. Պետրոս 2։9. Յայտնութիւն 21։3, 4)։ Այդ ատեն, այս մխիթարական խօսքերը պիտի կատարուին. «Սպասէ՛ Տէրոջ ու պահէ՛ անոր ճամբան, եւ ան քեզ պիտի բարձրացնէ, որպէսզի երկրին տիրանաս. ամբարիշտներուն բնաջնջումը պիտի տեսնես» (Սաղմոս 37։34, ԱԾ

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 4 Այս յօդուածին մէջ, «քանանացիներ» բառը կ’ակնարկէ այն բոլոր ազգերուն, զորս Աստուած իսրայէլացիներուն հրամայեց որ տեղահանեն։

[Շրջանակ՝ էջ 14]

Աստուածաշունչը մարդկային պատերազմներուն աչք կը գոցէ՞

Իսրայէլացիներուն ձեռքով քանանացիները բնաջնջելու Աստուծոյ պատուէրը կ’արդարացնէ՞ մարդկային ներկայ պատերազմները։ Ո՛չ, առնուազն երեք պատճառներով.

Ներկայիս ո՛չ մէկ երկրային ազգ Աստուծոյ մասնայատուկ հաճութիւնը կը վայելէ։ Երբ իսրայէլացիները Յիսուսը մերժեցին որպէս Մեսիան, անոնք դադրեցան որեւէ պաշտօնական հանգամանքով Աստուած ներկայացնելէ,– ի ներառեալ՝ դահիճ ըլլալը (Մատթէոս 21։42, 43)։ Այսպէս Եհովա իսրայէլացիները միւս ազգերուն պէս նկատեց (Ղեւտացւոց 18։24-28)։ Այդ օրուընէ սկսեալ, երկրային ո՛չ մէկ ազգ կրնայ իրաւացիօրէն դաւանիլ, թէ պատերազմներուն մէջ Աստուծոյ աջակցութիւնը ունի։

Եհովա այլեւս իր երկրպագուներուն չի նշանակեր որեւէ մասնայատուկ երկիր կամ աշխարհագրական վայր։ Փոխարէն, անոր ծառաները երկրագունդի ‘բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն’ մէջ կրնան գտնուիլ (Յայտնութիւն 7։9. Գործք 10։34, 35

Յիսուս յստակօրէն նշեց, թէ իր հետեւորդները պատերազմներու միջամուխ պիտի չըլլային։ Երբ Յիսուս Երուսաղէմի վրայ մօտալուտ յարձակումէ կը զգուշացնէր, իր աշակերտներուն պատուիրեց որ հոն չմնան ու չկռուին, այլ՝ փախչին. եւ անոնք այդպէս ըրին (Մատթէոս 24։15, 16)։ Փոխանակ զէնք կրելու, ճշմարիտ քրիստոնեաները իրենց լման վստահութիւնը կը դնեն Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ, որ շուտով երկրագունդէն ամէն ամբարշտութիւն պիտի չքացնէ (Դանիէլ 2։44. Յովհաննէս 18։36

[Նկար՝ էջ 13]

Ռախաբի օրինակը ցոյց կու տայ, թէ ո՛վ որ իրապէս կ’ուզէ, կրնա՛յ Աստուած հաճեցնել