Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Աստուծոյ խօսքը համարձակ խօսէ’

‘Աստուծոյ խօսքը համարձակ խօսէ’

‘Աստուծոյ խօսքը համարձակ խօսէ’

«Ամէնքը Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու Աստուծոյ խօսքը համարձակ կը խօսէին» (ԳՈՐԾՔ 4։31

1, 2. Ինչո՞ւ պէտք է ջանանք ազդու ըլլալ մեր ծառայութեան մէջ։

ԻՐ ՄԱՀՈՒԸՆԷ երեք օր առաջ, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ»։ Իսկ երկինք համբառնալէ առաջ, յարուցեալ Յիսուս իր հետեւորդներուն յանձնարարեց, որ ‘բոլոր ազգերը աշակերտեն, սորվեցնեն անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ինք պատուիրեց’։ Ան անոնց խոստացաւ, որ իրենց հետ պիտի ըլլար «մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատ. 24։14. 26։1, 2. 28։19, 20

2 Որպէս Եհովայի վկաներ, առաջին դարուն սկսած գործի մը մէջ գործօն բաժին ունինք։ Ուրիշ ո՛չ մէկ գործունէութիւն Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու փրկարար գործին չափ կարեւորութիւն ունի։ Հետեւաբար շատ կենսական է, որ մեր ծառայութեան մէջ ազդու ըլլանք։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ սուրբ հոգիով առաջնորդուիլը ի՛նչպէս մեզի կ’օգնէ ծառայութեան մէջ համարձակ խօսելու։ Յաջորդ երկու յօդուածները ցոյց պիտի տան, թէ Եհովայի հոգին ի՛նչպէս կրնայ մեզ առաջնորդել, որ հմտութեամբ սորվեցնենք եւ յարատեւ քարոզենք։

Համարձակութեան պէտք ունինք

3. Թագաւորութեան քարոզչութեան մասնակցիլը ինչո՞ւ համարձակութիւն կը պահանջէ։

3 Թագաւորութիւնը ծանուցանելու մեր աստուածատուր գործը, անբաղդատելի առանձնաշնորհում մըն է, բայց մարտահրաւէրներէ զերծ չէ։ Մինչ ոմանք Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը իսկոյն կ’ընդունին, ուրիշներ Նոյի ժամանակակիցներուն նման կը վարուին։ Անոնք «չգիտցան՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց», ըսաւ Յիսուս (Մատ. 24։38, 39)։ Նաեւ կան ուրիշներ, որոնք մեզ կը ծաղրեն կամ կը հակառակին (Բ. Պետ. 3։3)։ Հակառակութիւնը կրնայ գալ հեղինակաւոր անհատներէ, դպրոցակիցներէ, գործակիցներէ կամ նոյնիսկ ընտանիքի անդամներէ։ Ասոր վրայ աւելցուր անհատական տկարութիւնները, ինչպէս՝ ամչկոտութիւնը կամ մերժուելու վախը։ Բազմաթիւ ազդակներ կրնան դժուարացնել ազատութեամբ ու «համարձակութեամբ» Աստուծոյ խօսքը խօսիլը (Եփ. 6։19, 20)։ Աստուծոյ խօսքը յարատեւաբար խօսիլը համարձակութիւն կը պահանջէ։ Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել զայն ձեռք ձգելու։

4. ա) Ի՞նչ է համարձակութիւնը։ բ) Պօղոս առաքեալ ինչպէ՞ս համարձակութիւն հաւաքեց թեսաղոնիկեցիներուն խօսելու։

4 «Համարձակութիւն» թարգմանուած յունարէն բառը կը նշանակէ՝ «խիզախութիւն, անկեղծութիւն ու պարզութիւն»։ Այս բառը կը հաղորդէ «քաջութեան, վստահութեան, . . .անվախութեան» գաղափարը։ Համարձակութիւն չի նշանակեր բրտութիւն կամ կոշտութիւն (Կող. 4։6)։ Մինչ համարձակ ենք, կ’ուզենք նաեւ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունենալ (Հռով. 12։18)։ Ասկէ զատ, երբ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզենք, համարձակութեան եւ փափկանկատութեան միջեւ հաւասարակշռութիւն պէտք է պահենք, որպէսզի անգիտակցաբար մէկը չընդվզեցնենք։ Արդարեւ, համարձակութիւնը կը պահանջէ յատկութիւններ, որոնց մշակումը մեծ ջանքի կը կարօտի։ Այսպիսի համարձակութիւն ծագում չ’առներ ներքին ուժէն կամ անձնապաստանութենէն։ Պօղոս առաքեալ եւ իր ընկերակիցները «Փիլիպպէի մէջ չարչարանք կրելէ ու անարգուելէ վերջ», ի՞նչպէս «համարձակութիւն ունեցան» թեսաղոնիկեցիներուն խօսելու։ «Աստուծմով», նշեց Պօղոս (կարդալ՝ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։2Եհովա Աստուած կրնայ մեր վախերը վանել եւ համանման համարձակութիւն մեզի շնորհել։

5. Եհովա ինչպէ՞ս համարձակութիւն շնորհեց Պետրոսի, Յովհաննէսի եւ ուրիշ աշակերտներու։

5 Երբ «իշխանները եւ ծերերն ու դպիրները» իրենց սպառնացին, Պետրոս ու Յովհաննէս առաքեալները ըսին. «Աստուծոյ առջեւ ուղի՞ղ է, որ Աստուծմէ աւելի ձեզի մտիկ ընենք, դո՛ւք դատեցէք։ Վասն զի մենք զայն որ տեսանք ու լսեցինք՝ չենք կրնար չխօսիլ»։ Փոխանակ աղօթքով Աստուծմէ խնդրելու, որ հալածանքը դադրի, անոնք եւ հաւատակիցները աղերսեցին. «Ո՛վ Տէր, նայէ անոնց սպառնալիքներուն ու շնորհէ քու ծառաներուդ, որպէս զի բոլոր համարձակութիւնով քու խօսքդ խօսինք» (Գործք 4։5, 19, 20, 29)։ Եհովա ի՞նչպէս ընդառաջեց (կարդալ՝ Գործք 4։31Եհովա անոնց օգնեց, որ իր հոգիին միջոցաւ համարձակութիւն հաւաքեն։ Իր հոգին կրնայ նոյնն ընել մեզի համար։ Ուստի ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ հոգին ստանալ եւ ծառայութեան մէջ անով առաջնորդուիլ։

Համարձակութիւն ձեռք ձգէ

6, 7. Աստուծոյ սուրբ հոգին ստանալու ամէնէն ուղղակի կերպը ի՞նչ է։ Օրինակներ տուր։

6 Աստուծոյ սուրբ հոգին ստանալու ամէնէն ուղղակի կերպը, զայն խնդրելն է։ Յիսուս իր ունկնդիրներուն ըսաւ. «Եթէ դուք որ չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն» (Ղուկ. 11։13)։ Արդարեւ, յարատեւաբար աղօթքով սուրբ հոգին պէտք է խնդրենք։ Եթէ մեզ կը վախցնեն ծառայութեան որոշ երեսակներ, ինչպէս՝ փողոցի վկայութիւնը, անպաշտօն կերպով քարոզելը կամ առեւտրական շրջանի մէջ վկայելը, կրնանք աղօթքով Եհովայի հոգին խնդրել եւ աղաչել որ մեզի օգնէ հարկ եղած համարձակութիւնը ձեռք ձգելու (Ա. Թես. 5։17

7 Ռոզա անունով քրիստոնեայ կին մը ատիկա ըրաւ։ * Օր մը երբ ան իր գործատեղին էր, աշխատակից ուսուցչուհի մը կը կարդար դպրոցի մը մէկ տեղեկագիրը, որ երեխաներու դէմ եղած գէշ վերաբերմունքին մասին կը խօսէր։ Ուսուցչուհին իր կարդացածով ա՛յնքան խռովեցաւ, որ բացագանչեց. «Այս աշխարհը դէպի ո՞ւր կ’ընթանայ»։ Ռոզա չուզեց վկայութիւն տալու այս պատեհութիւնը կորսնցնել։ Ան ի՞նչ ըրաւ, որպէսզի խօսելու քաջութիւնը ունենայ։ «Եհովայի աղօթեցի եւ իրմէ խնդրեցի, որ իր հոգին ինծի օգնէ», կ’ըսէ Ռոզա։ Ան կրցաւ հոյակապ վկայութիւն մը տալ եւ վերայցելութեան համար կարգադրութիւն ընել։ Նկատի առ նաեւ Միլանի անունով հինգ տարեկան աղջնակի մը պարագան, որ Նիւ Եորքի մէջ կը բնակի։ Ան կ’ըսէ. «Դպրոց երթալէս առաջ, մայրս եւ ես միշտ Եհովայի կ’աղօթենք»։ Անոնք աղօթքով ի՞նչ կը խնդրեն։ Քաջութիւն, որպէսզի Միլանի կարենայ դիրք բռնել ու իր Աստուծոյն մասին համարձակ խօսիլ։ «Ասիկա Միլանիի օգնած է, որ ծննդեան տարեդարձներու եւ տօներու նկատմամբ իր կեցուածքը բացատրէ եւ անոնց չմասնակցի», կ’ըսէ մայրը։ Այս օրինակները ցոյց չե՞ն տար, որ աղօթքը կրնայ օգնել համարձակութիւն ունենալու։

8. Համարձակութիւն ձեռք ձգելու մասին ի՞նչ կրնանք սորվիլ Երեմիա մարգարէէն։

8 Նաեւ խորհէ թէ ի՛նչ բան Երեմիա մարգարէին օգնեց համարձակութիւն ձեռք ձգելու։ Երբ Եհովա զինք ազգերուն մարգարէ նշանակեց, Երեմիա պատասխանեց. «Ահա ես խօսիլ չեմ գիտեր, վասն զի ես մանուկ եմ» (Եր. 1։4-6)։ Սակայն ժամանակի ընթացքին, Երեմիա ա՛յնքան հաստատամիտ ու զօրեղ եղաւ իր քարոզչութեան մէջ, որ շատեր զինք ողբասաց նկատեցին (Եր. 38։4)։ Աւելի քան 65 տարի, ան համարձակօրէն Եհովայի դատաստանները յայտարարեց։ Ան Իսրայէլի մէջ իր խիզախ քարոզչութեամբ ա՛յնքան հանրածանօթ էր, որ շուրջ 600 տարի ետք, երբ Յիսուս համարձակ կը խօսէր, ոմանք խորհեցան թէ յարուցեալ Երեմիան է (Մատ. 16։13, 14)։ Սկիզբը վարանող Երեմիա մարգարէն ի՞նչպէս իր ամչկոտութիւնը յաղթահարեց։ Ան կ’ըսէ. ‘Սրտիս մէջ Աստուծոյ խօսքը կրակի մը պէս եղաւ, իմ ոսկորներուս մէջ բորբոքեցաւ. ես յոգնեցայ զանիկա կրելէն’ (Եր. 20։9)։ Արդարեւ Եհովայի խօսքը Երեմիայի վրայ ոյժ բանեցուց ու զինք մղեց խօսելու։

9. Աստուծոյ խօսքը ինչո՞ւ կրնայ մեզի ազդել այնպէս՝ ինչպէս ազդեց Երեմիայի։

9 Եբրայեցիներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ, որ կը թափանցէ մինչեւ շունչը ու ոգին եւ յօդուածները ու ծուծը։ Կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները» (Եբ. 4։12)։ Աստուծոյ պատգամը կամ խօսքը կրնայ մեզի ազդել այնպէս՝ ինչպէս ազդեց Երեմիայի։ Մտաբերէ որ Աստուածաշունչը գրողները մարդիկ ըլլալով հանդերձ, անիկա մարդկային իմաստութեան հաւաքածոյ մը չէ, քանի որ Աստուծմէ ներշնչուած է։ Բ. Պետրոս 1։21–ի մէջ կը կարդանք. «Մարգարէութիւն մը երբեք մարդոց կամքին պէս չտրուեցաւ, հապա Աստուծոյ սուրբ մարդիկը Սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան»։ Երբ Աստուածաշունչի անձնական, իմաստալից ուսումնասիրութեան համար ժամանակ կը յատկացնենք, սուրբ հոգիէն ներշնչուած պատգամով կը լեցուի մեր միտքը (կարդալ՝ Ա. Կորնթացիս 2։10Այդ պատգամը կրնայ մեր մէջ ‘կրակի պէս’ ըլլալ, այնպէս որ չենք կրնար զայն ներս պահել։

10, 11. ա) Եթէ խօսելու համարձակութիւն կ’ուզենք ձեռք ձգել, մեր ուսումնասիրելու սովորութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է ըլլայ։ բ) Նշէ առնուազն մէկ քայլ, զոր կը ծրագրես առնել, անձնական ուսումնասիրութեանդ որակը բարելաւելու համար։

10 Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութիւնը մեր վրայ զօրաւոր ազդեցութիւն ունենալու համար, զայն պէտք է ընենք այնպիսի կերպով մը, որ Աստուածաշունչի պատգամը մեր խորը թափանցէ ու ներքին անձին ազդէ։ Օրինակ՝ Եզեկիէլ մարգարէին տեսիլք մը տրուեցաւ, որուն մէջ խնդրուեցաւ որ չընդառաջող ժողովուրդի մը ներկայացուելիք զօրաւոր պատգամ բովանդակող տոմս մը ուտէ։ Եզեկիէլ պատգամը լիովին պէտք էր իւրացնէր։ Այսպէս ան հաճոյքով՝ մեղր համտեսելու պէս, պատգամը պիտի հաղորդէր (կարդալ՝ Եզեկիէլ 2։8–3։4, 7-9

11 Մեր պարագան կը նմանի Եզեկիէլի պարագային։ Ներկայիս, շատեր պարզապէս չեն ուզեր լսել ի՛նչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ։ Եթէ կ’ուզենք Աստուծոյ խօսքը խօսելու մէջ յարատեւել, կարեւոր է որ Սուրբ Գրութիւնները ուսումնասիրենք այնպիսի կերպով մը, որ կ’օգնէ անոնց պատգամը լիովին իւրացնելու։ Մեր ուսումնասիրելու սովորութիւնը կանոնաւորութեամբ պէտք է յատկանշուի։ Բաժնենք սաղմոսերգուին փափաքը. «Բերնիս խօսքերը ու սրտիս խորհուրդը քու առջեւդ ընդունելի ըլլան, ո՛վ Տէր, իմ վէ՛մս ու փրկի՛չս» (Սաղ. 19։14)։ Ո՜րքան կարեւոր է, որ մեր կարդացածին վրայ խոկալու համար ժամանակ յատկացնենք, որպէսզի աստուածաշնչական ճշմարտութիւնները սրտին խորը թափանցեն։ Վստահաբար, պէտք է ջանանք մեր անձնական ուսումնասիրութեան որակը բարելաւել։ *

12. Քրիստոնէական ժողովները ինչո՞ւ մեզի կ’օգնեն սուրբ հոգիով առաջնորդուելու։

12 Եհովայի սուրբ հոգիէն նաեւ կ’օգտուինք, երբ ‘ուշադիր ըլլանք զիրար հրահրելու սիրոյ ու բարի գործերու եւ չլքենք մեր հաւաքոյթները’ (Եբ. 10։24, 25, ԱԾ)։ Քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլը, ուշի–ուշով մտիկ ընելը եւ մեր սորվածը կիրարկելը, հոգիով առաջնորդուելու հոյակապ կերպեր են։ Արդարեւ, Եհովայի հոգին ժողովքին միջոցաւ ուղղութիւն կու տայ (կարդալ՝ Յայտնութիւն 3։6

Համարձակութիւն ձեռք ձգելուն օգուտները

13. Քարոզչութեան մէջ առաջին դարու քրիստոնեաներուն իրագործումներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

13 Սուրբ հոգին հզօրագոյն ուժն է տիեզերքին մէջ եւ կրնայ մարդիկը զօրացնել, որ Եհովայի կամքը ընեն։ Անոր ազդեցութեան ներքեւ, առաջին դարու քրիստոնեաները հսկայ քարոզչութիւն մը կատարեցին։ Անոնք բարի լուրը քարոզեցին «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն» (Կող. 1։23)։ Երբ նկատի առնենք որ անոնց մեծամասնութիւնը «տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ» էին, բացայայտ կ’ըլլայ թէ զօրաւոր ոյժ մը զիրենք խթանեց (Գործք 4։13

14. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել ‘հոգիով եռալու’։

14 Սուրբ հոգիին առաջնորդութեան հետ ներդաշնակ ապրիլը կրնայ նաեւ մեզ մղել, որ մեր ծառայութիւնը խիզախօրէն կատարենք։ Հոգիին համար անդադար աղօթելու, իմաստալից անձնական ուսումնասիրութիւնը փութաջանութեամբ ընելու, մեր կարդացածին վրայ աղօթքով խոկալու եւ քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար յաճախելու ընդհանուր օգուտները կրնան մեզի օգնել ‘Հոգիով բորբոքելու’ (Հռով. 12։11)։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Ապողոս անունով Հրեայ մը, ծնունդով Աղեքսանդրացի, որ ճարտարախօս էր. . . եկաւ հասաւ Եփեսոս։ Անիկա. . . հոգիով կ’եռար, կը քարոզէր եւ ճշգրտութեամբ կ’ուսուցանէր Յիսուսի մասին» (Գործք 18։24, 25, Անթիլիաս)։ ‘Հոգիով բորբոքած’ ըլլալով, կրնանք տունէ տուն ծառայութեան եւ անպաշտօն վկայութեան մէջ աւելի համարձակութիւն ցուցաբերել։

15. Յաւելեալ համարձակութեամբ խօսիլը ինչպէ՞ս մեզի օգտակար է։

15 Վկայելու մէջ յաւելեալ համարձակութիւն ունենալը, դրականօրէն մեզի կ’ազդէ։ Մեր կեցուածքը կը բարելաւուի, քանի որ մեր գործին կարեւորութիւնը եւ օգուտը լիովին կը գնահատենք։ Մեր խանդավառութիւնը կ’աւելնայ, քանի որ աւելի կ’ուրախանանք, ծառայութեան մէջ ազդու ըլլալով։ Իսկ մեր նախանձախնդրութիւնը կ’ամրապնդուի, քանի որ քարոզչութեան ստիպողականութեան աւելի կը գիտակցինք։

16. Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ ծառայութեան հանդէպ մեր նախանձախնդրութիւնը նուազած է։

16 Ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ ծառայութեան հանդէպ մեր նախանձախնդրութիւնը կորսնցուցած ենք կամ նախկին խանդավառութիւնը չունինք։ Պարկեշտ ինքնաքննութիւնը տեղին է։ Պօղոս գրեց. «Փորձեցէք ձեր անձերը թէ հաւատքին մէ՞ջն էք. քննեցէք ձեր անձերը» (Բ. Կոր. 13։5)։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Տակաւին հոգիով կ’եռա՞մ։ Աղօթքով Եհովայէ կը խնդրե՞մ իր հոգին։ Աղօթքներս ցոյց կու տա՞ն, թէ իր կամքը ընելու համար իրե՛ն կ’ապաւինիմ։ Անոնք ծառայութեան համար գնահատանքի խօսքեր կը բովանդակե՞ն։ Անձնական ուսումնասիրութեան սովորութիւններս ի՞նչպէս են։ Կարդացած ու լսած բաներուս մասին խոկալու համար ո՞րքան ժամանակ կը յատկացնեմ։ Ժողովքային հանդիպումներուն մէջ ի՞նչ բաժին կը բերեմ’։ Այսպիսի հարցումներու մասին խոկալը կրնայ քեզի օգնել, որ տկարութեան մարզերը բնորոշես ու ջանաս զանոնք սրբագրել։

Թոյլ տուր որ Աստուծոյ հոգին քեզ համարձակ դարձնէ

17, 18. ա) Ներկայիս քարոզչութիւնը ի՞նչ տարողութեամբ կը կատարուի։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք «կատարեալ համարձակութիւն» ցուցաբերել, մինչ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը կը ծանուցանենք։

17 Յարուցեալ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8)։ Այդ գործը այժմ աննախընթաց տարողութեամբ կը կատարուի։ Շուրջ եօթը միլիոն Եհովայի վկաներ Թագաւորութեան պատգամը կը ծանուցանեն աւելի քան 230 երկիրներու մէջ, տարուան ընթացքին ծառայութեան տրամադրելով շուրջ 1,5 միլիառ ժամ։ Այս անկրկնելի գործին նախանձախնդրաբար մասնակցիլը ի՜նչ ոգեւորիչ է։

18 Առաջին դարուն պէս, այսօր Աստուծոյ հոգիին առաջնորդութեան ներքեւ աշխարհածաւալ քարոզչութիւնը կը կատարուի։ Եթէ հոգիին ուղղութեան ընդառաջենք, ծառայութեան մէջ «կատարեալ համարձակութիւն» պիտի ցուցաբերենք (Գործք 28։31)։ Արդ, ամէն գնով, հոգիով առաջնորդուինք, մինչ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը կը ծանուցանենք։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 7 Անունները փոխուած են։

^ պարբ. 11 Աստուածաշունչի ընթերցանութենէդ եւ անձնական ուսումնասիրութենէդ լաւագոյն օգուտը քաղելու համար, տե՛ս Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք գիրքը, «Կարդալու հետամուտ եղէք» եւ «Ուսումնասիրելը վարձահատոյց է» գլուխները, էջ 21-32։

Ի՞նչ սորվեցար

• Աստուծոյ խօսքը խօսելու համար ինչո՞ւ համարձակ պէտք է ըլլանք։

• Ի՞նչ բան նախկին աշակերտներուն օգնեց համարձակութեամբ խօսելու։

• Ինչպէ՞ս կրնանք համարձակութիւն ձեռք ձգել։

• Համարձակութիւն ձեռք ձգելը ինչպէ՞ս մեզի օգտակար է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 17]

Ծնողներ ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել համարձակութիւն ձեռք ձգելու

[Նկարներ՝ էջ 18]

Կարճ աղօթքը կրնայ քեզի օգնել, որ ծառայութեան մէջ համարձակ ըլլաս