Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Հոգիին սուրը» հմտօրէն գործածէ

«Հոգիին սուրը» հմտօրէն գործածէ

«Հոգիին սուրը» հմտօրէն գործածէ

«Առէ՛ք. . . Հոգիին սուրը՝ որ Աստուծոյ խօսքն է» (ԵՓ. 6։17

1, 2. Ինչպէ՞ս պէտք է ընդառաջենք յաւելեալ քարոզիչներու կարիքին։

ԱՄԲՈԽԻՆ հոգեւոր կարիքը նկատելով, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ, ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին»։ Յիսուս այսքանով չբաւականացաւ։ Ան ‘իր քով կանչեց իր տասներկու աշակերտները’ եւ զանոնք քարոզչական կամ ‘հնձումի’ շրջապտոյտի մը ղրկեց (Մատ. 9։35-38. 10։1, 5)։ Յետագային, Յիսուս «ուրիշ եօթանասուն ալ որոշեց, եւ իր առջեւէն երկու–երկու ղրկեց զանոնք», նոյն գործը ընելու (Ղուկ. 10։1, 2, ԱԾ

2 Այսօր ալ Թագաւորութիւնը ծանուցանողներու մեծ կարիք կայ։ 2009–ի ծառայութեան տարուան Յիշատակատօնի ներկաներուն թիւն էր՝ 18,168,323, գերազանցելով Եհովայի վկաներու ընդհանուր թիւը աւելի քան 10 միլիոնով։ Արդարեւ արտերը հնձուելու պատրաստ են (Յովհ. 4։34, 35)։ Հետեւաբար պէտք է աղօթենք ու յաւելեալ մշակներ խնդրենք։ Բայց ի՞նչպէս կրնանք այս խնդրանքին համաձայն գործել։ Աւելի ազդու քարոզիչներ ըլլալով, մինչ Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին նախանձախնդրաբար կը մասնակցինք (Մատ. 28։19, 20. Մար. 13։10

3. Աստուծոյ հոգին ինչպէ՞ս բանալի դեր մը կը խաղայ, մեզի օգնելով որ աւելի ազդու քարոզիչներ ըլլանք։

3 Նախորդ յօդուածը քննարկեց, թէ Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուիլը ի՜նչ կարեւոր դեր մը կը խաղայ ‘Աստուծոյ խօսքը համարձակ խօսելու’ մէջ (Գործք 4։31)։ Այդ հոգին նաեւ կրնայ մեզի օգնել հմուտ քարոզիչներ ըլլալու։ Ծառայութեան մէջ մեր ազդուութիւնը բարելաւելու կերպ մըն է՝ Եհովա Աստուծոյ հայթայթած հիանալի գործիքը,– իր գրաւոր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը,– լաւ կերպով գործածել։ Անիկա սուրբ հոգիին արտադրութիւնն է (Բ. Տիմ. 3։16)։ Անոր պատգամը Աստուծմէ ներշնչուած է։ Ուստի, մեր ծառայութեան մէջ աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը հմտօրէն բացատրելը համահաւասար է սուրբ հոգիով առաջնորդուելուն։ Ասիկա ընելու կերպը նկատի առնելէ առաջ, քննարկենք թէ այդ Խօսքը ո՛րքան զօրաւոր է։

‘Աստուծոյ խօսքը զօրեղ է’

4. Աստուածաշունչի բովանդակած պատգամը ի՞նչ փոփոխութիւններ կրնայ մտցնել անհատի մը մէջ։

4 Աստուծոյ խօսքը կամ պատգամը ի՜նչ զօրաւոր է (Եբ. 4։12)։ Այլաբանական առումով, Աստուածաշունչի բովանդակած պատգամը որեւէ մարդակերտ սուրէ աւելի կտրուկ է, քանի որ այլաբանօրէն կը թափանցէ մինչեւ ոսկորները եւ անոնց ծուծը։ Աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը անհատին ամենաներքին մասը կը հասնի եւ անոր խորհուրդներն ու զգացումները կը քննէ, անոր բուն ինքնութիւնը ցոյց տալով։ Այս ճշմարտութիւնը կրնայ իր փոխակերպիչ զօրութիւնը բանեցնել եւ անհատին մէջ իսկական փոփոխութիւններ մտցնել (կարդալ՝ Կողոսացիս 3։10Այո, Աստուծոյ Խօսքը կրնայ կեանքեր փոխել։

5. Աստուածաշունչը ի՞նչ կերպերով կրնայ մեզ առաջնորդել, եւ ի՞նչ արդիւնքով։

5 Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը աննման իմաստութիւն կը բովանդակէ։ Անոր օգտալից տեղեկութիւնները մարդոց ցոյց կու տան, թէ ի՛նչպէս կրնան այս բարդ աշխարհին մէջ ապրիլ։ Աստուծոյ Խօսքը կը լուսաւորէ ոչ միայն մեր անմիջական քայլերը, այլ նաեւ՝ մեր ճանապարհը (Սաղ. 119։105)։ Անիկա մեծ օգնութիւն մըն է, երբ խնդիրներ ձեռք կ’առնենք կամ որոշումներ կը կայացնենք՝ բարեկամներ, ժամանց, աշխատանք, հագուստ եւ այլ բաներ ընտրելու նկատմամբ (Սաղ. 37։25. Առ. 13։20. Յովհ. 15։14. Ա. Տիմ. 2։9)։ Աստուծոյ Խօսքին սկզբունքները կիրարկելով կրնանք ուրիշներու հետ լաւ փոխյարաբերութիւններ ունենալ (Մատ. 7։12. Փլպ. 2։3, 4)։ Մեր ճանապարհը լաւ լուսաւորուած ըլլալով, կրնանք մեր որոշումներուն երկարատեւ հետեւանքները հաշուի առնել (Ա. Տիմ. 6։9)։ Սուրբ Գրութիւնները նաեւ կը յայտնեն ապագայի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը, մեզի օգնելով որ հետամուտ ըլլանք կենցաղակերպի մը, որ այդ նպատակին հետ ներդաշնակ է (Մատ. 6։33. Ա. Յովհ. 2։17, 18)։ Անհատ մը ո՜րքան իմաստալից կեանք մը կրնայ վայելել, եթէ թոյլ տայ աստուածային սկզբունքներուն որ իր կեանքը ուղղեն։

6. Մեր հոգեւոր պատերազմին մէջ Աստուածաշունչը ո՞րքան զօրաւոր զէնք մըն է։

6 Նաեւ խորհէ թէ Աստուածաշունչը մեր հոգեւոր պատերազմին մէջ ի՜նչ զօրաւոր զէնք մըն է։ Պօղոս Աստուծոյ խօսքը կոչեց «Հոգիին սուրը» (կարդալ՝ Եփեսացիս 6։12, 17Երբ ազդուօրէն ներկայացուի, Աստուածաշունչի պատգամը կրնայ մարդիկը Սատանայի հոգեւոր տիրապետութենէն ազատագրել։ Անիկա կեանք փրկող սուր մըն է։ Ուստի պէտք չէ՞ ջանանք զայն հմտօրէն գործածել։

Զայն շիտակ բացատրէ

7. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ «Հոգիին սուրը» լաւ գործածել սորվինք։

7 Զինուոր մը կրնայ իր զէնքերը պատերազմին մէջ ազդուօրէն գործածել, միայն եթէ փորձ ըրած է եւ սորված է անոնց գործածութեան շիտակ կերպը։ Նոյնն է պարագան «Հոգիին սուր»ին գործածութեան մեր հոգեւոր պատերազմին մէջ։ Պօղոս գրեց. «Ջանա՛ քու անձդ ընտիր ցուցնելու Աստուծոյ առջեւ, այնպիսի բանուոր մը ըլլալով, որ պիտի չամչնայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով» (Բ. Տիմ. 2։15

8, 9. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ Աստուածաշունչի ըսածներուն իմաստը հասկնալու։ Օրինակ մը տուր։

8 Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ մեր ծառայութեան մէջ ‘ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելու’։ Աստուածաշունչին ըսածները յստակօրէն ուրիշներուն հաղորդելու համար, նախ անոնց իմաստը պէտք է ըմբռնենք։ Ասիկա կը պահանջէ, որ համարէ մը կամ հատուածէ մը առաջ ու վերջ նշուած տեղեկութիւններուն ուշադրութիւն ընծայենք։

9 Աստուածաշնչական հատուած մը ճշգրտօրէն հասկնալու համար, հարկ է որ անոր յարակից նիւթը նկատի առնենք։ Գաղատացիս 5։13–ի մէջ Պօղոսի խօսքը կը լուսաբանէ այս կարիքը։ Ան գրեց. «Դուք ազատութեան կանչուած էք, եղբայրնե՛ր. միայն թէ ձեր ազատութիւնը մարմնի ցանկութիւններու պատճառ չըլլայ, հապա սիրով իրարու ծառայութիւն ըրէք»։ Պօղոս հոս ի՞նչ ազատութեան մասին կը խօսէր,– մեղքէն ու մահէ՞ն, սուտ ուսուցումներու ստրկութենէ՞ն, թէ ուրիշ բանէ։ Բովանդակութիւնը կը յայտնէ, թէ Պօղոս կը խօսէր այն ազատութեան մասին, որ յառաջ կու գայ «օրէնքին անէծք»ը վերցուելով (Գաղ. 3։13, 19-24. 4։1-5)։ Ան քրիստոնէական ազատութեան կ’ակնարկէր։ Այդ ազատութիւնը գնահատողները սիրով իրարու ծառայեցին, իսկ սիրառատ չեղողները՝ զիրար զրպարտեցին ու խծբծեցին (Գաղ. 5։15

10. Սուրբ Գրութիւններուն իմաստը ճշգրտօրէն հասկնալու համար, ինչպիսի՞ տեղեկութիւններ պէտք է նկատի առնենք, իսկ զանոնք ինչպէ՞ս կրնանք ձեռք ձգել։

10 Համարի մը նշանակութիւնը ճշգրտօրէն հասկնալու համար, անոր ենթահողը պէտք է նկատի առնենք, ինչպէս՝ ո՛վ էր գրողը, ե՛րբ եւ ի՛նչ պարագաներու ներքեւ գրուեցաւ։ Նաեւ օգտակար է գիտնալ գրքին նպատակը եւ, եթէ կարելի է, այդ ատենուան ընկերային, բարոյական ու կրօնական սովորութիւնները։ *

11. Երբ համարներ կը բացատրենք, ի՞նչ բանէ պէտք է զգուշանանք։

11 «Ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրել»ը աստուածաշնչական ճշմարտութիւնները ճշգրտօրէն մեկնաբանելէն աւելին կը պարփակէ։ Պէտք է զգոյշ ըլլանք, որ Աստուածաշունչը չգործածենք մարդիկը վախցնելու։ Թէեւ կրնանք Սուրբ Գրութիւններով ճշմարտութիւնը պաշտպանել, ինչպէս որ Յիսուս ըրաւ՝ երբ Բանսարկուէն կը փորձուէր, բայց Աստուածաշունչը ունկնդիրներուն աչքը վախցնելու գաւազան մը չէ (Բ. Օր. 6։16. 8։3. 10։20. Մատ. 4։4, 7, 10)։ Պետրոս առաքեալի յորդորին պէտք է անսանք. «Տէր Աստուածը սրտերնուդ մէջ սո՛ւրբ պահեցէք եւ միշտ պատրա՛ստ եղէք հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ պատասխան տալու ամենուն՝ որոնք ձեր ունեցած յոյսին մասին կը հարցնեն» (Ա. Պետ. 3։15

12, 13. Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը ի՞նչ «ամրոցներ» կրնայ քակել։ Օրինակ մը տուր։

12 Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը պատշաճօրէն ներկայացուելով ի՞նչ կ’իրագործէ (կարդալ՝ Բ. Կորնթացիս 10։4, 5Աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը կրնայ «ամրոցներ քակել», այսինքն՝ քօղազերծել սուտ վարդապետութիւններ, վնասակար սովորութիւններ ու փիլիսոփայութիւններ, որոնք անկատար մարդկային իմաստութիւնը կ’արտացոլացնեն։ Աստուածաշունչով կրնանք հերքել որեւէ գաղափար, որ ‘Աստուծոյ գիտութեան դէմ կը հպարտանայ’։ Աստուածաշունչի ուսուցումները կրնան գործածուիլ ուրիշներուն օգնելու, որ իրենց մտածելակերպը ճշմարտութեան հետ ներդաշնակեն։

13 Օրինակ՝ նկատի առ Հնդկաստանի մէջ ապրող 93 ամեայ կնոջ մը պարագան։ Ան մանկութենէն ի վեր սորված էր հոգեփոխութեան հաւատալ։ Երբ ան նամակագրութեամբ սկսաւ արտասահման գտնուող իր զաւակին հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու, իսկոյն ընդունեց Եհովայի ու անոր խոստումներուն մասին իր սորված բաները։ Սակայն հոգեփոխութեան ուսուցումը անոր մտքին մէջ ա՛յնքան արմատացած էր, որ ան առարկեց, երբ տղան մեռելներուն վիճակին մասին գրեց։ Ան ըսաւ. «Չեմ հասկնար քու Սուրբ Գիրքիդ ճշմարտութիւնը։ Բոլոր կրօնքները կը սորվեցնեն, թէ մեր մէջ անմահ բան մը կայ։ Ես միշտ հաւատացած եմ, թէ մարմինը կը մեռնի եւ անտեսանելի մաս մը կրկին կը մտնէ այլ մարմիններու մէջ, շուրջ 8,400,000 անգամ։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնայ շիտակ չըլլալ։ Կրօնքներուն մեծամասնութիւնը սխա՞լ է»։ «Հոգիին սուրը» կրնա՞յ այսպիսի արմատացած համոզում մը յեղաշրջել։ Քանի մը շաբաթ նիւթին շուրջ յաւելեալ աստուածաշնչական քննարկումներ ընելէ ետք, ան գրեց. «Վերջապէս սկսայ մահուան նկատմամբ իսկական ճշմարտութիւնը հասկնալու։ Չափազանց ուրախ եմ, որ երբ յարութիւնը տեղի ունենայ, պիտի կարենանք մեր ննջեցեալ սիրելիներուն դարձեալ հանդիպիլ։ Կը յուսամ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով գայ»։

Զայն համոզումով գործածէ

14. Ի՞նչ կը նշանակէ ունկնդիրները համոզել։

14 Ծառայութեան մէջ Աստուածաշունչը ազդուօրէն գործածելը չի նշանակեր պարզապէս համարներ մէջբերել։ Պօղոս ‘համոզումով’ կը խօսէր, եւ մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք (կարդալ՝ Գործք 19։8, 9. 28։23«Համոզել» կը նշանակէ՝ «հաւանութեան բերել, ընդունիլ տալ»։ Համոզուած անհատը «իր վստահութիւնը կը դնէ՛ բանի մը վրայ»։ Երբ անհատ մը համոզենք, որ աստուածաշնչական ուսուցում մը ընդունի, զինք մղած կ’ըլլանք որ իր վստահութիւնը այդ ուսուցումին վրայ դնէ։ Ասիկա իրագործելու համար, ունկնդիրը պէտք է համոզենք որ մեր ըսածը ճշմարիտ է։ Ի՞նչպէս։

15. Ինչպէ՞ս կրնաս ուշադրութիւնը Աստուածաշունչին ուղղել այնպիսի կերպով մը, որ անոր հանդէպ յարգանք կը կերտէ։

15 Աստուծոյ Խօսքին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրէ այնպիսի կերպով մը, որ անոր հանդէպ յարգանք կը կերտէ։ Երբ համար մը կը ներկայացնես, նիւթին նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը գիտնալու կարեւորութիւնը ցցուն ըրէ։ Հարցում մը ուղղելէ եւ տանտիրոջ պատասխանը առնելէ ետք, ասոր նման բան մը կրնաս ըսել. ‘Տեսնե՛նք թէ այս հարցին շուրջ Աստուծոյ տեսակէտը ի՛նչ է’։ Կամ, կրնաս հարցնել. ‘Աստուած այս կացութեան շուրջ ի՞նչ ըսելիք ունի’։ Համարը այս կերպով ներկայացնելը կ’ընդգծէ, թէ Սուրբ Գիրքը Աստուծմէ է, եւ կ’օգնէ ունկնդրին որ զայն մեծապէս յարգէ։ Ասիկա ընելը յատկապէս կարեւոր է, երբ կը վկայենք անհատի մը, որ Աստուծոյ կը հաւատայ, բայց չի գետեր թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը սորվեցնէ (Սաղ. 19։7-10

16. Ի՞նչ բան քեզի պիտի օգնէ համարները պատշաճօրէն բացատրելու։

16 Համարները կարդալէն աւելին ըրէ. զանոնք բացատրէ։ Պօղոսի սովորութիւնն էր՝ ‘Սուրբ գիրքերը բացատրել ու անոնցմով ապացուցանել’ (Գործք 17։3, Անթիլիաս)։ Համար մը յաճախ մէկէ աւելի կէտեր կը բովանդակէ, եւ հարկ է որ քննարկած նիւթիդ առնչուող բանալի արտայայտութիւնները անջատես։ Ասիկա կրնաս ընել՝ միտքը հաղորդող բառերը կրկնելով կամ հարցումներ ուղղելով, որոնք տանտիրոջ պիտի օգնեն զանոնք զատորոշելու։ Ապա համարին այդ բաժնին նշանակութիւնը բացատրէ։ Անկէ ետք, անհատին օգնէ տեսնելու թէ համարը ի՛նչպէս իրեն կը կիրարկուի։

17. Ինչպէ՞ս կրնաս համոզիչ կերպով Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանել։

17 Համոզիչ կերպով Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանէ։ Սրտագին աղերսանք եւ առողջ տրամաբանութիւն գործածելով, Պօղոս համոզեցուցիչ կերպով ‘Գրութիւններու հիման վրայ տրամաբանեց ուրիշներու հետ’ (Գործք 17։2, ՆԱ, 4)։ Պօղոսի նման, ջանա՛ ունկնդրին սրտին հասնիլ։ Անոր սրտին մէջինը ‘դուրս հանէ’, գործածելով փափկանկատ հարցումներ՝ որոնք անհատին հանդէպ անձնական հետաքրքրութիւն կը դրսեւորեն (Առ. 20։5)։ Կոշտ ըլլալէ խուսափէ։ Պատճառաբանութիւնները, նեցուկ կանգնող գոհացուցիչ ապացոյցներով օժտուած, յստակ ու տրամաբանական կերպով ներկայացուր։ Ըսածներդ հաստատօրէն պէտք է հիմնուած ըլլան Աստուծոյ Խօսքին վրայ։ Նախընտրելի է մէկ համար լաւ գործածել, կէտը բացատրելով եւ լուսաբանելով, քան՝ արագօրէն կարդալ երկու կամ երեք համար։ Ասիկա ընելը կրնայ ‘շրթունքիդ հմտութիւնը աւելցնել’ (Առ. 16։23, ԱԾ)։ Երբեմն անհրաժեշտ է պրպտում ընել ու յաւելեալ տեղեկութիւններ տալ։ Նախապէս նշուած 93 տարեկան կնոջ հարկ եղաւ ցոյց տալ, թէ անմահ հոգիին ուսուցումը ինչո՛ւ այսքան տիրական է։ Հասկնալը թէ այդ վարդապետութիւնը ո՛ւր ծագում առաւ եւ ի՛նչպէս աշխարհի կրօնքներուն մեծամասնութենէն ներս թափանցեց, էական էր զինք համոզելու որ Աստուածաշունչին սորվեցուցածը ընդունի։ *

Շարունակէ զայն հմտօրէն գործածել

18, 19. Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք «Հոգիին սուրը» հմտօրէն գործածել։

18 «Այս աշխարհի կերպարանքը կ’անցնի», կը նշէ Աստուածաշունչը։ Չար մարդիկ աւելի՛ կը յառաջանան չարութեան մէջ (Ա. Կոր. 7։31. Բ. Տիմ. 3։13)։ Ուստի կենսական է որ շարունակենք «ամրոցներ» քակել, գործածելով «Հոգիին սուրը՝ որ Աստուծոյ խօսքն է»։

19 Ո՜րքան ուրախ ենք որ Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, ունինք եւ անոր զօրաւոր պատգամը կը գործածենք՝ սուտ ուսուցումներ արմատախիլ ընելու եւ ուղղաբարոյ մարդոց հասնելու։ Ո՛չ մէկ ամրոց այդ պատգամէն աւելի զօրաւոր է։ Հետեւաբար, լրջօրէն ջանանք «Հոգիին սուրը» հմտօրէն գործածել Թագաւորութիւնը ծանուցանելու աստուածատուր գործին մէջ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 10 Աստուածաշունչի գրքերուն ենթահողին մասին տեղեկութիւններ ձեռք ձգելու լաւագոյն աղբիւրներն են՝ «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է», Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ եւ Դիտարան–ի յօդուածները, ինչպէս՝ «Եհովայի խօսքը կենդանի է»։

Ի՞նչ սորվեցար

• Աստուծոյ Խօսքը ո՞րքան զօրաւոր է։

• Ինչպէ՞ս կրնանք «ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրել»։

• «Ամրոցներ»ու առնչութեամբ, Աստուածաշունչի պատգամը ի՞նչ կրնայ իրագործել։

• Ծառայութեան մէջ համոզելու մեթոտդ ինչպէ՞ս կրնաս բարելաւել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 22]

Ինչպէ՛ս Աստուծոյ Խօսքը համոզիչ կերպով գործածել

▪ Աստուածաշունչին հանդէպ յարգանք կերտէ

▪ Սուրբ Գրութիւնները բացատրէ

▪ Համոզեցուցիչ կերպով պատճառաբանէ, այնպէս որ սրտին հասնիս

[Նկար՝ էջ 21]

Պէտք է սորվիս «Հոգիին սուրը» ազդուօրէն գործածել