Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. ‘Եկո՛ւր’»

«Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. ‘Եկո՛ւր’»

«Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. ‘Եկո՛ւր’»

«Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. ‘Եկո՛ւր’. . . ան որ ծարաւ է՝ թող գայ եւ ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ» (ՅԱՅՏ. 22։17

1, 2. Թագաւորութեան շահերը ի՞նչ տեղ պէտք է գրաւեն մեր կեանքին մէջ եւ ինչո՞ւ։

ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ շահերը մեր կեանքին մէջ ի՞նչ տեղ պէտք է գրաւեն։ Յիսուս իր հետեւորդները յորդորեց, որ «առաջ խնդրե[ն] Աստուծոյ թագաւորութիւնը», զիրենք վստահեցնելով թէ եթէ այդպէս ընեն, Աստուած իրենց պէտք եղածները պիտի հայթայթէր (Մատ. 6։25-33)։ Ան Աստուծոյ Թագաւորութիւնը նմանցուց թանկագին մարգարիտի մը, զոր վաճառական մը գտնելով ‘գնաց իր բոլոր ունեցածը ծախեց ու զանիկա գնեց’ (Մատ. 13։45, 46)։ Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին պէտք չէ՞ գերազանց կարեւորութիւն տանք։

2 Ինչպէս նախորդ երկու յօդուածներուն մէջ տեսանք, համարձակ խօսիլը եւ ծառայութեան մէջ Աստուծոյ Խօսքը հմտութեամբ գործածելը ցոյց կու տան, թէ Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուած ենք։ Այդ հոգին նաեւ կարեւոր դեր մը կը խաղայ Թագաւորութեան քարոզչութեան կանոնաւոր կերպով մեր մասնակցելուն մէջ։ Տեսնենք թէ ի՛նչպէս։

Բաց հրաւէր մը

3. Ի՞նչ տեսակ ջուր խմելու բոլոր մարդիկ հրաւիրուած են որ ‘գան’։

3 Սուրբ հոգիին միջոցաւ մարդոց բաց հրաւէր մը տրուած է (կարդալ՝ Յայտնութիւն 22։17Հրաւէրը ա՛յն է, որ անհատը ‘գայ’ եւ յատուկ ջուրով մը իր ծարաւը յագեցնէ։ Անիկա սովորական ջուր չէ, որուն բաղադրութիւնը՝ երկու ջրածին ու մէկ թթուածին է։ Թէեւ բառացի ջուրը երկրի վրայ կեանքի գոյատեւման համար կենսական է, Յիսուս տարբեր տեսակ ջուր մը ի մտի ունէր, երբ հորի մը քով սամարացի կնոջ մը ըսաւ. «Այն ջուրը, որ ես անոր պիտի տամ, պիտի ըլլայ անոր ներսիդին ջուրի աղբիւր մը՝ որ յաւիտենական կեանքի համար կը բղխի» (Յովհ. 4։14)։ Մարդոց հրամցուած արտակարգ ջուրը յաւիտենական կեանք կը շնորհէ։

4. Կենաց ջուրին կարիքը ինչպէ՞ս ծագեցաւ, եւ այդ ջուրը ի՞նչ կը պատկերացնէ։

4 Այսպիսի կենաց ջուրի մը կարիքը ծագեցաւ, երբ առաջին մարդը՝ Ադամ եւ իր կինը՝ Եւա, զիրենք ստեղծող Եհովա Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցան (Ծն. 2։16, 17. 3։1-6)։ Առաջին ամոլը իրենց պարտիզանման տունէն վռնտուեցան, որպէսզի Ադամի չթոյլատրուի, որ «ձեռքը երկնցնէ ու կենաց ծառէն ալ առնէ եւ ուտէ ու յաւիտեան ապրի» (Ծն. 3։22)։ Մարդկութեան նախահայրը ըլլալով, Ադամ ամբողջ մարդկային ցեղին վրայ մահ բերաւ (Հռով. 5։12)։ Կենաց ջուրը կը պատկերացնէ՝ հնազանդ մարդիկը մեղքէն ու մահէն ազատելու եւ երկրային դրախտին մէջ անոնց անվերջ կատարեալ կեանք տալու Աստուծոյ բոլոր կարգադրութիւնները։ Այս կարգադրութիւններուն բուն հիմը՝ Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհն է (Մատ. 20։28. Յովհ. 3։16. Ա. Յովհ. 4։9, 10

5. ‘Կենաց ջուրը ձրի առնելու’ հրաւէրը որմէ՞ ծագում կ’առնէ։ Բացատրէ։

5 ‘Կենաց ջուրը ձրի առնելու’ հրաւէրը որմէ՞ ծագում կ’առնէ։ Երբ Յիսուսի միջոցաւ կեանքի բոլոր հայթայթումները Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին մարդկութեան լիովին մատչելի ըլլան, անոնք կը նկարագրուին որպէս «կեանքի ջուրի գետ մը. . . ակնվանիի պէս պայծառ»։ Այդ գետը «Աստուծոյ ու Գառնուկին աթոռէն կ’ելլէ» (Յայտ. 22։1)։ Հետեւաբար, Կենսատու Եհովան ինք կենաց ջուրին Աղբիւրն է (Սաղ. 36։9)։ Եհովան է որ այդ ջուրը մատչելի կը դարձնէ «Գառ»ին՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ (Յովհ. 1։29)։ Այս այլաբանական գետը Եհովայի միջոցն է՝ Ադամի անհնազանդութեան պատճառաւ մարդկութեան հասած բոլոր վնասները ջնջելու։ Արդարեւ, Եհովա Աստուած է «եկո՛ւր» հրաւէրին Ծագում Տուողը։

6. «Կեանքի ջուրի գետ»ը ե՞րբ կը սկսի հոսելու։

6 Թէեւ «կեանքի ջուրի գետ»ը լման առումով պիտի հոսի Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, սակայն անիկա կը սկսի հոսելու «տէրունական օրը», որ 1914–ին սկսաւ՝ երկնքի մէջ «Գառ»ին գահակալութեամբ (Յայտ. 1։10)։ Ուստի, կեանքի կարգ մը հայթայթումները անկէ ետք մատչելի եղան։ Անոնք կը պարփակեն Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, քանի որ անոր պատգամին մասին կը խօսուի որպէս ‘ջուր’ (Եփ. 5։26)։ Բոլորին ուղղուած է հրաւէրը, որ ‘կենաց ջուրը առնեն’՝ Թագաւորութեան բարի լուրը լսելով ու անոր ընդառաջելով։ Բայց ո՞վ է, որ Տէրոջ օրուան ընթացքին հրաւէրը կը ներկայացնէ։

«Հարսը» կ’ըսէ՝ «Եկո՛ւր»

7. «Տէրունական օր»ուան մէջ «եկո՛ւր» հրաւէրը տուող առաջին անհատները որո՞նք էին, եւ որո՞նց տուին։

7 Հարս դասակարգին անդամները,– հոգիէն–օծուած քրիստոնեաները,– «եկո՛ւր» հրաւէրը տուող առաջին անհատներն են։ Որո՞նց։ Հարսը ինքն իրեն «եկո՛ւր» չ’ըսեր։ Անոր խօսքերը ուղղուած են անոնց, որոնք կը յուսան երկրի վրայ յաւիտենական կեանք ստանալ, «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմ»ը մղուելէ ետք (կարդալ՝ Յայտնութիւն 16։14, 16

8. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ օծեալ քրիստոնեաները 1918–էն ի վեր Եհովայի հրաւէրը կը մատուցանեն։

8 Քրիստոսի օծեալ հետեւորդները հրաւէրը կը ներկայացնեն 1918–էն ի վեր։ Այդ տարին, «Հիմա ապրող միլիոնաւորներ բնաւ պիտի չմեռնին» բնաբանով հանրային դասախօսութիւնը յոյս մատուցանեց, թէ շատեր Արմագեդոնի պատերազմէն ետք երկրային դրախտի մը մէջ կեանք պիտի ստանան։ 1922–ին, Սիտըր Փոյնթի մէջ, Օհայօ (ԱՄՆ), Աստուածաշունչի Աշակերտներու համաժողովին ներկայացուած դասախօսութիւն մը ունկնդիրները յորդորեց, որ ‘Թագաւորը եւ իր թագաւորութիւնը ծանուցանեն’։ Այս կոչը հարս դասակարգի մնացորդին օգնեց, որ հրաւէրը աւելի շատ անհատներու հասցնէ։ 1929–ին, Դիտարան–ի մարտ 15–ի թիւը բովանդակեց յօդուած մը, որուն բնաբանն էր՝ «Շնորհալի հրաւէր», իսկ գլխաւոր համարը՝ Յայտնութիւն 22։17։ Յօդուածը նշեց. «Հաւատարիմ մնացորդը շնորհալի հրաւէրը տալու մէջ [Բարձրեալին] միանալով կ’ըսէ՝ ‘Եկո՛ւր’։ Այս պատգամը պէտք է ծանուցանուի անոնց, որոնք արդարութեան ու ճշմարտութեան համար փափաք ունին։ Անիկա հի՛մա պէտք է կատարուի»։ Մինչեւ օրս, հարս դասակարգը կը շարունակէ այդ հրաւէրը մատուցանել։

«Ան որ կը լսէ՝ թող ըսէ. ‘Եկո՛ւր’»

9, 10. Հրաւէրը լսողները ինչպէ՞ս հրաւիրուած են ուրիշներուն «եկո՛ւր» ըսելու։

9 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ անոնց մասին, որոնք «եկո՛ւր» հրաւէրը կը լսեն։ Անոնք հրաւիրուած են որ ուրիշներուն ըսեն՝ «Եկո՛ւր»։ Օրինակ՝ Դիտարան–ի 1 օգոստոս 1932–ի թիւը, էջ 232–ի մէջ կ’ըսէ. «Օծեալները բոլոր կամեցողները թող քաջալերեն, որ թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու մէջ բաժին բերեն։ Պայման չէ որ անոնք Տէրոջ օծեալներէն ըլլան, որպէսզի Տէրոջ պատգամը ծանուցանեն։ Եհովայի վկաները մեծապէս կը մխիթարուին, այժմ գիտնալով թէ իրենց թոյլատրուած է կենաց ջուրը տանիլ դասակարգի մը, որ Արմագեդոնէն կրնայ անցնիլ եւ երկրի վրայ յաւիտենական կեանք ստանալ»։

10 Դիտարան–ի 15 օգոստոս 1934–ի թիւը, էջ 249–ի մէջ, յայտնեց լսողներուն պատասխանատուութիւնը, որ «Եկո՛ւր» ըսեն, նշելով. «Յովնադաբի դասակարգէն եղողները պէտք է երթան օծեալներուն հետ, որոնք հակատիպ Յէու դասակարգը կը կազմեն, եւ թագաւորութեան պատգամը ծանուցանեն, թէեւ Եհովայի օծեալ վկաները չեն»։ 1935–ին, Յայտնութիւն 7։9-17–ի մէջ նշուած «մեծ բազմութեան» ինքնութիւնը բացայայտուեցաւ։ Ասիկա Աստուծոյ հրաւէրը տարածելու գործին մեծ թափ տուաւ։ Անկէ ի վեր, ճշմարիտ երկրպագուներէ բաղկացած մեծ բազմութեան հետզհետէ աւելցող անդամներ,– այժմ աւելի քան եօթը միլիոն,– այդ հրաւէրին ընդառաջած են։ Պատգամը երախտագիտութեամբ լսելէ ետք, անոնք Աստուծոյ նուիրուած են, ջուրի մէջ մկրտուած են, եւ հարս դասակարգին հետ գործօն կերպով ուրիշները կը հրաւիրեն, որ ‘գան եւ կենաց ջուրը ձրի առնեն’։

«Հոգին» կ’ըսէ՝ «Եկո՛ւր»

11. Մ.թ. առաջին դարուն, սուրբ հոգին ինչպէ՞ս կապ ունեցաւ քարոզչութեան հետ։

11 Երբ Յիսուս Նազարէթի ժողովարանի մը մէջ կը քարոզէր, Եսայի մարգարէին գիրքը բացաւ ու կարդաց. «Տէրոջը Հոգին իմ վրաս է. վասն զի զիս օծեց աղքատներուն աւետարան քարոզելու, զիս ղրկեց կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու, գերիներուն ազատութիւն եւ կոյրերուն տեսութիւն քարոզելու, հարստահարութիւն կրողները ազատելու, Տէրոջը ընդունելի տարին քարոզելու»։ Ապա Յիսուս այս խօսքերը իրեն կիրարկեց, ըսելով. «Այսօր այս գրուածը կատարուեցաւ ու ձեր ականջները լսեցին» (Ղուկ. 4։17-21)։ Երկինք համբառնալէ առաջ, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք. . . մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8)։ Առաջին դարուն, սուրբ հոգին քարոզչութեան մէջ ուշագրաւ դեր մը խաղցաւ։

12. Ներկայիս Աստուծոյ հոգին ինչպէ՞ս պարփակուած է հրաւէրը տալու մէջ։

12 Ներկայիս Աստուծոյ սուրբ հոգին ի՞նչպէս պարփակուած է հրաւէրը մարդոց տալու մէջ։ Եհովա սուրբ հոգիին Աղբիւրն է։ Ան հոգին կը գործածէ հարս դասակարգին սիրտն ու միտքը բանալու, որպէսզի իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը հասկնայ։ Հոգին զանոնք կը մղէ հրաւէրը ներկայացնելու եւ աստուածաշնչական ճշմարտութիւնները բացատրելու անոնց, որոնք երկրային դրախտի մէջ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը ունին։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ անոնց մասին, որոնք հրաւէրը կ’ընդունին, Յիսուս Քրիստոսի աշակերտներ կ’ըլլան, եւ հրաւէրը ուրիշներու ալ կը մատուցանեն։ Անոնց պարագային ալ հոգին պարփակուած է։ ‘Սուրբ հոգիին անունով’ մկրտուած ըլլալով, անոնք հոգիին հետ կը համագործակցին եւ անոր աջակցութեան կ’ապաւինին (Մատ. 28։19)։ Նաեւ խորհէ օծեալներուն եւ հետզհետէ աճող մեծ բազմութեան քարոզած պատգամին մասին։ Անիկա Աստուածաշունչէն է,– ուղղակիօրէն Աստուծոյ հոգիին ազդեցութեան ներքեւ գրուած գիրքը։ Արդ, հրաւէրը սուրբ հոգիին միջոցաւ կը ներկայացուի։ Իրականութեան մէջ, մենք այդ հոգիին միջոցաւ կ’առաջնորդուինք։ Ասիկա ի՞նչպէս պէտք է ազդէ այն տարողութեան, որով հրաւիրելու գործին կը մասնակցինք։

Անոնք «կը շարունակեն ըսել. ‘Եկո՛ւր’»

13. «Հոգին ու հարսը կը շարունակեն ըսել. ‘Եկո՛ւր’» խօսքը ի՞նչ նշանակութիւն ունի։

13 «Հոգին ու հարսը» պարզապէս չեն ըսեր. «Եկո՛ւր»։ Հոս գործածուած բայը բնագրին մէջ շարունակական գործողութիւն ցոյց կու տայ։ Այդ ազդակը ի մտի ունենալով, Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը կ’ըսէ. «Հոգին ու հարսը կը շարունակեն ըսել. ‘Եկո՛ւր’»։ Ասիկա կը յայտնէ թէ Աստուծոյ հրաւէրը կանոնաւորաբար կը ներկայացուի։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ անոնց մասին, որոնք հրաւէրը կը լսեն ու կ’ընդունին։ Անոնք ալ կ’ըսեն. «Եկո՛ւր»։ Ճշմարիտ երկրպագուներու մեծ բազմութեան մասին կ’ըսուի, թէ Եհովայի «կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր իր տաճարին մէջ» (Յայտ. 7։9, 15)։ Ի՞նչ առումով «կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր» (կարդալ՝ Ղուկաս 2։36, 37. Գործք 20։31. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։8Տարեց Աննա մարգարէուհիին ու Պօղոս առաքեալին օրինակները ցոյց կու տան, թէ «ցորեկ ու գիշեր» ծառայելը կ’ակնարկէ յարատեւութեան եւ անկեղծ ջանքին։

14, 15. Դանիէլ պաշտամունքի մէջ կանոնաւորութեան կարեւորութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ։

14 Դանիէլ մարգարէն ալ պաշտամունքի մէջ կանոնաւորութիւն պահելուն կարեւորութիւնը ցոյց տուաւ (կարդալ՝ Դանիէլ 6։4-10, 16Ան իր հոգեւոր սովորամոլութիւնը չփոխեց,– ‘օրը երեք անգամ Աստուծոյ աղօթելու իր սովորութիւնը’,– նոյնիսկ մէկ ամսուան համար, թէեւ ասիկա պիտի նշանակէր առիւծներուն գուբը նետուիլ։ Անոր արարքները ո՜րքան յստակօրէն ցոյց տուին դիտողներուն, թէ կանոնաւորաբար Եհովան պաշտելէն աւելի կարեւոր բան մը չկայ (Մատ. 5։16

15 Դանիէլ առիւծներու գուբին մէջ գիշեր մը անցընելէ ետք, թագաւորը անոր քով գնաց եւ կանչեց. «Ո՛վ Դանիէլ, կենդանի Աստուծոյ ծառան, քու Աստուածդ, որ դուն անդադար կը պաշտես, կարող եղա՞ւ քեզ առիւծներէն ազատել»։ Դանիէլ անմիջապէս պատասխանեց. «Ո՛վ թագաւոր, յաւիտեան ո՛ղջ կեցիր. իմ Աստուածս իր հրեշտակը ղրկեց ու առիւծներուն բերանը գոցեց ու ինծի չվնասեցին. վասն զի անոր առջեւ անմեղ գտնուեցայ եւ քու առջեւդ ալ, ո՛վ թագաւոր, յանցանք մը գործած չեմ»։ Եհովա Դանիէլը օրհնեց, քանի որ «անդադար» կը ծառայէր (Դան. 6։19-22

16. Դանիէլի օրինակը մեզ պէտք է մղէ ծառայութեան մէջ մեր մասնակցութեան մասին ի՞նչ հարցումներ ուղղելու։

16 Դանիէլ պատրաստ էր մեռնելու, որպէսզի իր հոգեւոր սովորամոլութիւնը չանտեսէր։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Ի՞նչ զոհողութիւններ կ’ընենք կամ պատրաստ ենք ընելու՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը անդադար ծանուցանելու համար։ Թոյլ պէտք չէ տանք որ ամիս մը անցնի, առանց Եհովայի մասին ուրիշներուն խօսելու։ Եթէ կարելի է, պէտք չէ՞ ջանանք իւրաքանչիւր շաբաթ ծառայութեան մասնակցիլ։ Նոյնիսկ եթէ ֆիզիքապէս անկարող ենք ու կրնանք ամիսը միայն 15 վայրկեան վկայել, այս գործունէութիւնը պէտք է տեղեկագրենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ, հոգիին եւ հարսին հետ, կ’ուզենք շարունակել ըսել. «Եկո՛ւր»։ Այո, կ’ուզենք մեր կարելին ընել Թագաւորութեան կանոնաւոր հրատարակիչներ մնալու համար։

17. Եհովայի հրաւէրը ուրիշներուն տալու ի՞նչ պատեհութիւններ պէտք չէ փախցնենք։

17 Պէտք է ջանանք ամէն առիթով Եհովայի հրաւէրը ուրիշներուն տալ, եւ ոչ միայն հանրային ծառայութեան մեր յատկացուցած ժամանակներուն։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում է ծարաւները հրաւիրել, որ ‘գան եւ կենաց ջուրը ձրի առնեն’, մինչ գնում կ’ընենք, կը ճամբորդենք, արձակուրդի մէջ ենք, կ’աշխատինք կամ դպրոց կ’երթանք։ Նոյնիսկ եթէ իշխանութիւնները քարոզչութիւնը սահմանափակեն, կը շարունակենք խոհեմօրէն քարոզել,– թերեւս մեր տունէ տուն այցելութիւնները ցանցառ կերպով ընելով կամ անպաշտօն վկայութիւնը աւելցնելով։

Շարունակէ ըսել՝ «Եկո՛ւր»

18, 19. Ինչպէ՞ս ցոյց կու տաս, թէ Աստուծոյ գործակիցը ըլլալու առանձնաշնորհումը կ’արժեւորես։

18 Աւելի քան ինը տասնամեակներէ ի վեր, հոգին ու հարսը «եկո՛ւր» կ’ըսեն բոլոր անոնց՝ որոնք կենաց ջուրին ծարաւը ունին։ Անոնց խայտալի հրաւէրը լսա՞ծ ես։ Ուրեմն անյապաղ զայն ուրիշներուն հաղորդէ։

19 Չենք գիտեր թէ Եհովայի սիրալիր հրաւէրը մինչեւ ե՛րբ պիտի ներկայացուի, բայց անոր ընդառաջելը՝ «Եկո՛ւր» ըսելով, մեզ Աստուծոյ գործակիցներ կը դարձնէ (Ա. Կոր. 3։6, 9)։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում։ Ցոյց տանք թէ այս առանձնաշնորհումը կ’արժեւորենք եւ «ամէն ատեն Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանենք», կանոնաւորաբար քարոզելով (Եբ. 13։15)։ Հարս դասակարգին հետ մէկտեղ, թող երկրային յոյս ունեցողները շարունակեն ըսել. «Եկո՛ւր»։ Եւ կը մաղթենք որ շատ աւելի անհատներ ‘կենաց ջուրը ձրի առնեն’։

Ի՞նչ սորվեցար

• «Եկո՛ւր» հրաւէրը որո՞նց կը ներկայացուի։

• Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ «եկո՛ւր» հրաւէրը Եհովայէ ծագում կ’առնէ։

• «Եկո՛ւր» հրաւէրը ներկայացնելու մէջ՝ սուրբ հոգին ի՞նչ դեր կը խաղայ։

• Ինչո՞ւ պէտք է ջանանք ծառայութեան մէջ կանոնաւոր ըլլալ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Ցուցակ/Նկարներ՝ էջ 26]

Շարունակէ ըսել՝ «Եկո՛ւր»

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

1914

5100 հրատարակիչ

1918

Շատեր երկրային դրախտին մէջ կեանք ձեռք պիտի ձգեն

1922

«Ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք Թագաւորը եւ իր թագաւորութիւնը»

1929

Հաւատարիմ մնացորդը կ’ըսէ. «Եկո՛ւր»

1932

«Եկո՛ւր» ըսելու հրաւէրը օծեալներէն զատ ուրիշներուն ալ կը ներկայացուի

1934

Յովնադաբ դասակարգին հրաւէր կը տրուի որ քարոզէ

1935

«Մեծ բազմութիւն»ը կը բնորոշուի

2009

7,313,173 հրատարակիչ