Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Շարունակէ լաւագոյն ապրելակերպին հետեւիլ

Շարունակէ լաւագոյն ապրելակերպին հետեւիլ

Շարունակէ լաւագոյն ապրելակերպին հետեւիլ

«Թէ՛ ապրինք եւ թէ՛ մեռնինք, մենք Տէրոջն ենք» (ՀՌՈՎ. 14։8

1. Յիսուս լաւագոյն կենցաղին մասին ի՞նչ սորվեցուց։

ԵՀՈՎԱ կ’ուզէ որ լաւագոյն կենցաղը վայելենք։ Մարդիկ կրնան զանազան կերպերով ապրիլ, բայց միայն մէկ կերպ լաւագոյնն է։ Աստուծոյ Խօսքին ենթարկուելով եւ իր Որդիէն՝ Յիսուս Քրիստոսէն սորվելով, կրնանք լաւագոյն կերպով ապրիլ։ Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց, որ հոգիով ու ճշմարտութիւնով Աստուած պաշտեն, եւ անոնց յանձնարարեց որ աշակերտեն (Մատ. 28։19, 20. Յովհ. 4։24)։ Յիսուսի հրահանգներուն հետ ներդաշնակ ապրելով, Եհովան կը հաճեցնենք եւ Իր օրհնութիւնը կը վայելենք։

2. Առաջին դարուն շատեր Թագաւորութեան պատգամին ինչպէ՞ս ընդառաջեցին, եւ «ճամբուն» պատկանիլը ի՞նչ կը նշանակէր։

2 Երբ «յաւիտենական կեանքի սահմանուած» անհատները հաւատացեալներ կ’ըլլան ու կը մկրտուին, վաւերական պատճառներ ունինք անոնց ըսելու. «Բարի եկած էք լաւագոյն ապրելակերպին» (Գործք 13։48)։ Մ.թ. առաջին դարուն, տարբեր ազգերու պատկանող հազարաւոր անհատներ ճշմարտութիւնը ընդունեցին եւ մկրտուելով՝ Աստուծոյ կատարած իրենց նուիրումը հանրապէս ցոյց տուին (Գործք 2։41)։ Այդ նախկին աշակերտները «ճամբուն» կը պատկանէին (Գործք 9։2. 19։23)։ Այս արտայայտութիւնը տեղին էր, որովհետեւ Քրիստոսի հետեւորդները կառչեցան կենցաղի մը, որուն առանցքը կը կազմէր՝ Յիսուս Քրիստոսի հաւատալ եւ իր օրինակին հետեւիլ (Ա. Պետ. 2։21

3. Եհովայի ծառաները ինչո՞ւ կը մկրտուին, իսկ վերջին տասը տարիներուն՝ քանի՞ հոգի մկրտուած են։

3 Այս վերջին օրերուն մէջ, աշակերտելու գործը արագացած է եւ այժմ աւելի քան 230 երկիրներու մէջ կը կատարուի։ Վերջին տասը տարիներուն, աւելի քան 2,700,000 անհատներ որոշեցին Եհովայի ծառայել եւ իրենց նուիրումը մկրտութեամբ խորհրդանշել,– այսինքն՝ ամէն շաբաթ միջին հաշուով 5000 հոգի։ Մկրտուելու որոշումին հիմն է՝ Աստուծոյ սէրը, աստուածաշնչական գիտութիւնը եւ Սուրբ Գրքին սորվեցուցածին հանդէպ հաւատքը։ Մկրտութիւնը մեր կեանքին մէջ յատկանշական իրադարձութիւն մըն է, քանի որ Եհովայի հետ մտերիմ յարաբերութեան սկիզբը կը նշէ։ Անիկա նաեւ վստահութիւն կը դրսեւորէ, թէ Եհովա մեզի պիտի օգնէ հաւատարմօրէն իրեն ծառայելու, ճիշդ ինչպէս որ իր վաղեմի ծառաներուն օգնեց, որ իր ճամբուն մէջ քալեն (Եսա. 30։21

Ինչո՞ւ մկրտուիլ

4, 5. Նշէ՛ մկրտութեան կարգ մը օրհնութիւններն ու օգուտները։

4 Թերեւս Աստուծոյ մասին գիտութիւն ձեռք ձգած ես, կեանքիդ մէջ փոփոխութիւններ ըրած ես եւ այժմ չմկրտուած հրատարակիչ մըն ես։ Այս յառաջդիմութիւնը գովելի է։ Բայց աղօթքով Աստուծոյ նուիրուա՞ծ ես ու կը ծրագրե՞ս մկրտուիլ։ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով, հաւանաբար այժմ գիտես թէ կեանքիդ առանցքը պէտք է կազմէ Եհովան փառաբանելը, եւ ոչ թէ անձդ հաճեցնելը կամ նիւթական ստացուածքներ դիզելը (կարդալ՝ Սաղմոս 148։11-13. Ղուկ. 12։15)։ Արդ, ի՞նչ են մկրտութեան կարգ մը օրհնութիւններն ու օգուտները։

5 Որպէս նուիրուած քրիստոնեայ, կեանքդ մեծագոյն նպատակը պիտի ունենայ։ Երջանիկ պիտի ըլլաս, քանի որ Աստուծոյ կամքը կը կատարես (Հռով. 12։1, 2)։ Եհովայի սուրբ հոգին մէջդ պիտի գոյացնէ աստուածային յատկութիւններ, ինչպէս՝ խաղաղութիւն ու հաւատք (Գաղ. 5։22, 23)։ Աստուած աղօթքներուդ պիտի պատասխանէ եւ կեանքդ իր Խօսքին հետ ներդաշնակելու ջանքերդ պիտի օրհնէ։ Ծառայութիւնդ բերկրալի պիտի ըլլայ, իսկ աստուածահաճոյ կերպով ապրիլը յաւիտենական կեանքի յոյսդ պիտի ամրապնդէ։ Աւելին, նուիրուիլն ու մկրտուիլը ցոյց պիտի տան, թէ իրապէս կ’ուզես Եհովայի վկաներէն մէկը ըլլալ (Եսա. 43։10-12

6. Մեր մկրտութիւնը ի՞նչ բաներ կը յայտնէ։

6 Եհովայի նուիրուելով եւ մկրտուելով՝ հանրապէս կը ծանուցանենք թէ իրե՛ն կը պատկանինք։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Մեզմէ ոեւէ մէկը ինքն իր անձին համար չ’ապրիր, ո՛չ ալ ինքն իրեն համար կը մեռնի։ Եթէ կ’ապրինք՝ Տիրոջ համար կ’ապրինք, եւ եթէ կը մեռնինք՝ Տիրոջ համար կը մեռնինք, որ կը նշանակէ թէ՝ ըլլա՛յ կեանքի եւ ըլլա՛յ մահուան մէջ՝ Տիրոջ կը պատկանինք» (Հռով. 14։7, 8, Անթիլիաս)։ Աստուած մեզի ազատ կամք շնորհելով մեզ պատուած է։ Երբ Աստուծոյ սէրէ մղուած՝ հաստատօրէն կը վճռենք այս ապրելակերպին հետամուտ ըլլալ, իր սիրտը կ’ուրախացնենք (Առ. 27։11)։ Մեր մկրտութիւնը ե՛ւ Աստուծոյ ըրած մեր նուիրումը կը խորհրդանշէ, ե՛ւ հանրային յայտարարութիւն մըն է, թէ Եհովան մեր Կառավարիչն է։ Անիկա ցոյց կու տայ, թէ տիեզերական գերիշխանութեան հարցին մէջ Ի՛ր կողմը դիրք բռնած ենք (Գործք 5։29, 32)։ Իր կարգին, Եհովա մեր կողքին կեցած է (կարդալ՝ Սաղմոս 118։6Մկրտութիւնը նաեւ ճամբան կը հարթէ, որ բազմաթիւ այլ հոգեւոր օրհնութիւններ ստանանք հիմա եւ ապագային։

Սիրալիր եղբայրութեամբ օրհնուած ենք

7-9. ա) Յիսուս ի՞նչ երաշխիք տուաւ անոնց, որոնք ամէն բան ետին ձգելով իրեն հետեւեցան։ բ) Մարկոս 10։29, 30–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խոստումը ինչպէ՞ս կը կատարուի։

7 Պետրոս առաքեալ Յիսուսի ըսաւ. «Ահա մենք ամէն բան թողուցինք եւ քու ետեւէդ եկանք. ուստի մեզի ի՞նչ պիտի ըլլայ» (Մատ. 19։27)։ Պետրոս ուզեց գիտնալ, թէ ապագան ի՛նչ վերապահած էր իրեն եւ Յիսուսի միւս աշակերտներուն։ Թագաւորութեան քարոզչութեան լիովին նուիրուելու համար, անոնք կարեւոր զոհողութիւններ ըրած էին (Մատ. 4։18-22)։ Յիսուս անոնց ի՞նչ երաշխիք տուաւ։

8 Մարկոսի զուգահեռ արձանագրութեան համաձայն, Յիսուս նշեց թէ իր աշակերտները հոգեւոր եղբայրութեան մը մաս պիտի կազմէին։ Ան ըսաւ. «Ով որ կը ձգէ տուն, եղբայրներ, քոյրեր, հայր, մայր, զաւակներ եւ ագարակներ՝ ինծի համար կամ Աւետարանին համար, ներկայ կեանքին մէջ հարիւրապատիկ տուներ, եղբայրներ, քոյրեր, մայրեր, զաւակներ եւ ագարակներ պիտի ունենայ, ինչպէս նաեւ հալածանքներ պիտի կրէ, եւ գալիք աշխարհին մէջ յաւիտենական կեանքը պիտի ժառանգէ» (Մար. 10։29, 30, Անթիլիաս)։ Առաջին դարու քրիստոնեաներ, ինչպէս՝ Լիդիա, Ակիւղաս, Պրիսկիղա եւ Գայիոս, «տուներ» հայթայթեցին եւ իրենց հաւատակիցներուն եղան «եղբայրներ, քոյրեր, մայրեր», ինչպէս Յիսուս խոստացաւ (Գործք 16։14, 15. 18։2-4. Գ. Յովհ. 1, 5-8

9 Ներկայիս, Յիսուսի խօսքերը աւելի մեծ կատարում կ’ունենան։ «Ագարակներ»ը, զորս Յիսուսի հետեւորդները իրենց ետին կը ձգեն, կ’ակնարկեն ապրուստի միջոցներուն, որոնցմէ շատեր կամովին կը հրաժարին,– ինչպէս՝ միսիոնարներ, Պէթէլի ընտանիքի անդամներ, միջազգային ծառաներ եւ ուրիշներ,– այլազան երկիրներու մէջ Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու համար։ Բազմաթիւ եղբայրներ ու քոյրեր իրենց տուները ձգած են, որպէսզի իրենց կեանքը պարզ դարձնեն. եւ մենք կ’ուրախանանք լսելով անոնց փորձառութիւնները, որոնք ցոյց կու տան թէ Եհովա ի՛նչպէս անոնց հոգ տարած է եւ թէ ի՛նչպէս ծառայութիւնը զիրենք երջանկացուցած է (Գործք 20։35)։ Ասկէ զատ, Եհովայի բոլոր մկրտուած ծառաները կրնան ‘առաջ Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը խնդրելուն’ օրհնութիւնը վայելել, որպէս աշխարհածաւալ քրիստոնէական եղբայրութեան մէկ մասը (Մատ. 6։33

Ապահով՝ «ծածկոց»ին տակ

10, 11. «Բարձրելոյն ծածկոցը» ի՞նչ է, եւ ինչպէ՞ս կրնանք անոր տակը գալ։

10 Նուիրումն ու մկրտութիւնը յաւելեալ ճոխ օրհնութիւն մը կը բերէ,– «Բարձրելոյն ծածկոցին տակ» բնակելու առանձնաշնորհումը (կարդալ՝ Սաղմոս 91։1Ասիկա ապահովութեան այլաբանական վայր մըն է,– հոգեւոր վնասէ պաշտպանուելու վիճակ մը։ Անիկա «ծածկոց» մըն է, քանի որ հոգեւոր տեսողութիւն չունեցող եւ Աստուծոյ չվստահող անհատներուն անծանօթ է։ Մեր նուիրումին համաձայն ապրելով եւ Եհովայի հանդէպ կատարեալ վստահութիւն ցուցաբերելով, իրականութեան մէջ կ’ըսենք. «Իմ ապաւէնս ու իմ ամրոցս է. իմ Աստուածս՝ որուն կը յուսամ» (Սաղ. 91։2)։ Եհովա Աստուած մեր ապահով ապաստանարանը կ’ըլլայ (Սաղ. 91։9)։ Ո՞վ ասկէ աւելին պիտի խնդրէր։

11 Եհովայի «ծածկոց»ին տակ գալը նաեւ ցոյց կու տայ, թէ իրեն հետ անձնական յարաբերութիւն մը մշակելու առանձնաշնորհումով օրհնուած ենք։ Ասիկա նուիրումով ու մկրտութեամբ կը սկսի։ Անկէ ետք, Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը կը կերտենք, իրեն մօտենալով՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան, սրտագին աղօթքի եւ կատարեալ հնազանդութեան միջոցով (Յակ. 4։8)։ Ո՛չ ոք Եհովայի աւելի մօտիկ եղած է, քան Յիսուսը, որուն վստահութիւնը Ստեղծիչին հանդէպ երբեք չէ խախտած (Յովհ. 8։29)։ Հետեւաբար, բնաւ կասկած չունենանք Եհովայի նկատմամբ կամ անոր փափաքին ու կարողութեան նկատմամբ, որ մեզի օգնէ մեր նուիրումի ուխտը կատարելու (Ժող. 5։4)։ Իր ծառաներուն ի նպաստ Աստուծոյ ըրած հոգեւոր կարգադրութիւնները անհերքելի ապացոյց են, թէ ան իրապէս մեզ կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ յաջողապէս իրեն ծառայենք։

Մեր հոգեւոր դրախտը արժեւորենք

12, 13. ա) Ի՞նչ է հոգեւոր դրախտը։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք նորեկներուն օգնել։

12 Նուիրումն ու մկրտութիւնը նաեւ ճամբան կը հարթեն, որ օրհնեալ հոգեւոր դրախտին մէջ բնակինք։ Անիկա աննման հոգեւոր միջավայր մըն է, զոր կը վայելենք մեր հաւատակիցներուն հետ, որոնք Եհովա Աստուծոյ եւ իրարու հետ խաղաղութեան մէջ են (Սաղ. 29։11. Եսա. 54։13)։ Աշխարհը չունի բան մը, որ իրաւացիօրէն կրնայ մեր հոգեւոր դրախտին հետ բաղդատուիլ։ Ասիկա յատկապէս բացայայտ է միջազգային համաժողովներուն, ուր բազմաթիւ ազգերէ, լեզուներէ եւ էթնիք խումբերէ մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը հաւաքուին, խաղաղութիւն, միութիւն եւ եղբայրսիրութիւն վայելելով։

13 Մեր հոգեւոր դրախտը ուղղակի հակապատկերն է ներկայ աշխարհի ողբալի վիճակներուն (կարդալ՝ Եսայի 65։13, 14Թագաւորութեան պատգամը ծանուցանելով, առանձնաշնորհումը ունինք ուրիշներուն հրաւէր մը տալու, որ հոգեւոր դրախտը մտնեն։ Նաեւ օրհնութիւն է օգնել անոնց, որոնք վերջերս ժողովքին հետ սկսան ընկերակցելու եւ զանոնք ծառայութեան մէջ մարզել։ Երէցներուն ուղղութեամբ, թերեւս կարգ մը նորեկներու օգնելու առանձնաշնորհումը ստանանք, ինչպէս որ Ակիւղաս ու Պրիսկիղա «աւելի ճիշդ Աստուծոյ ճամբան [Ապօղոսի] հասկցուցին» (Գործք 18։24-26

Շարունակէ Յիսուսէ սորվիլ

14, 15. Յիսուսէ սորվելու ի՞նչ վաւերական պատճառներ ունինք։

14 Յիսուսէ սորվելու վաւերական պատճառներ ունինք։ Իր նախամարդկային գոյութեան ընթացքին, Յիսուս անհամար հազարամեակներ անցուց՝ իր Հօր հետ գործելով (Առ. 8։22, 30)։ Ան գիտէր թէ Աստուծոյ ծառայելն ու ճշմարտութեան համար վկայելը լաւագոյն կենցաղին առանցքը կը կազմեն (Յովհ. 18։37)։ Յիսուսի բացայայտ էր թէ որեւէ այլ կենցաղ անձնասիրութիւն ու կարճատեսութիւն պիտի ըլլար։ Ան գիտէր թէ խիստ փորձութեան պիտի ենթարկուէր ու մահուան պիտի դատապարտուէր (Մատ. 20։18, 19. Եբ. 4։15)։ Մեր Տիպարը ըլլալով, ան մեզի սորվեցուց ի՛նչպէս ուղղամտութիւն պահողներ ըլլալ։

15 Յիսուսի մկրտութենէն քիչ ետք, Սատանան զինք փորձեց, որպէսզի լաւագոյն կենցաղը լքէ,– բայց ի զուր (Մատ. 4։1-11)։ Ասիկա մեզի կը սորվեցնէ, թէ Սատանան ի՛նչ որ ալ ընէ, կրնանք մեր ուղղամտութիւնը պահել։ Հաւանաբար ան իր ուշադրութիւնը կ’ուղղէ մկրտուելու վրայ եղող եւ նոր մկրտուած անհատներուն (Ա. Պետ. 5։8)։ Հակառակութիւն կրնայ գալ ընտանիքի անդամներէ, որոնք լաւ դիտաւորութիւն ունին, բայց սխալ տեղեկութիւն ստացած են։ Այսուհանդերձ, այս փորձերը պատեհութիւններ կը ներկայացնեն մեզի, որ ցուցաբերենք քրիստոնէական ընտիր յատկութիւններ, ինչպէս՝ յարգանք ու փափկանկատութիւն, մինչ հարցումներու կը պատասխանենք ու վկայութիւն կու տանք (Ա. Պետ. 3։15)։ Ուստի այս փորձառութիւնները կրնան մեզի մտիկ ընողներուն վրայ դրական ազդեցութիւն մը ունենալ (Ա. Տիմ. 4։16

Լաւագոյն ապրելակերպին կառչէ

16, 17. ա) Բ. Օրինաց 30։19, 20–ի մէջ, կեանքի ի՞նչ երեք հիմնական պահանջներ կը գտնուին։ բ) Յիսուս, Յովհաննէս եւ Պօղոս ինչպէ՞ս Մովսէսի գրածը երկրորդեցին։

16 Յիսուս երկրի վրայ ապրելէն շուրջ 1500 տարի առաջ, Մովսէս իսրայէլացիները յորդորեց, որ այն ատեն կարելի եղող լաւագոյն կենցաղը ընտրեն։ Ան ըսաւ. «Երկինքն ու երկիրը վկայ կը բռնեմ ձեզի, որ կեանքն ու մահը, օրհնութիւնն ու անէծքը ձեր առջեւ դրի։ Ուրեմն կեանքը ընտրէ որպէս զի ապրիք՝ դուն եւ քու սերունդդ. քու Տէր Աստուածդ սիրելով՝ անոր խօսքին հնազանդութիւն ըրէ՛ ու անոր յարէ՛» (Բ. Օր. 30։19, 20)։ Իսրայէլ Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցաւ, բայց Մովսէսի նշած կեանքի երեք հիմնական պահանջները չեն փոխուած։ Յիսուս եւ ուրիշներ զանոնք կրկնեցին։

17 Առաջին, ‘մեր Տէր Աստուածը պէտք է սիրենք’։ Ցոյց կու տանք որ Աստուած կը սիրենք, երբ իր արդար ճամբաներուն համաձայն կը վարուինք (Մատ. 22։37)։ Երկրորդ, ‘Աստուծոյ խօսքին հնազանդութիւն պէտք է ընենք’, իր Խօսքը ուսումնասիրելով եւ իր պատուիրանները պահելով (Ա. Յովհ. 5։3)։ Ասիկա կը պահանջէ, որ կանոնաւորաբար ներկայ գտնուինք քրիստոնէական ժողովներուն, ուր Աստուածաշունչը կը քննարկուի (Եբ. 10։23-25)։ Երրորդ, ‘Աստուծոյ պէտք է յարինք’։ Ի՛նչ որ ալ դիմագրաւենք, միշտ Աստուծոյ հաւատք ընծայենք եւ իր Որդիին հետեւինք (Բ. Կոր. 4։16-18

18. ա) 1914–ին՝ Դիտարան–ը ինչպէ՞ս նկարագրեց ճշմարտութիւնը։ բ) Ներկայիս ճշմարտութեան լոյսին նկատմամբ ինչպէ՞ս պէտք է զգանք։

18 Աստուածաշնչական ճշմարտութեան հետ ներդաշնակ ապրիլը ի՜նչ օրհնութիւն մըն է։ 1914–ին, Դիտարան–ը հետեւեալ նշանակալից խօսքերը ըսաւ. «Միթէ օրհնեալ եւ երջանիկ ժողովուրդ մը չե՞նք։ Մեր Աստուածը հաւատարիմ չէ՞։ Եթէ ոեւէ մէկը աւելի լաւ բան մը գիտէ, թող զայն որդեգրէ։ Եթէ ձեզմէ մէկը աւելի լաւ բան մը երբեք գտնէ, կը յուսանք որ մեզի ըսէ։ Մենք Աստուծոյ Խօսքին մէջ մեր գտածէն աւելի լաւ կամ նոյնիսկ անոր կէսին չափ լաւ բան մը չենք գիտեր։ . . .Չկայ լեզու կամ գրիչ, որ կրնայ նկարագրել այն խաղաղութիւնը, ուրախութիւնը եւ օրհնութիւնը, զորս մեր սրտին ու կեանքին մէջ բերած է ճշմարիտ Աստուծոյ յստակ գիտութիւնը։ Աստուծոյ Իմաստութեան, Արդարութեան, Զօրութեան ու Սիրոյն Պատմութիւնը, մեր մտքին ու սրտին տենչանքը լիովին կը գոհացնէ։ Ասկէ աւելին չենք փնտռեր։ Մեր մեծագոյն փափաքն է, որ այս հոյակապ Պատմութիւնը մեր մտքին մէջ աւելի յստականայ» (Դիտարան–ի 15 դեկտեմբեր 1914 թիւը, էջ 377-378)։ Հոգեւոր լոյսի ու ճշմարտութեան համար մեր երախտագիտութիւնը չէ փոխուած։ Արդարեւ, այժմ աւելի մեծ պատճառ ունինք ուրախանալու, որ «Տէրոջը լոյսովը [կը] քալենք» (Եսա. 2։5. Սաղ. 43։3. Առ. 4։18

19. Մկրտութեան որակեալ եղողները ինչո՞ւ անյապաղ այս քայլը պէտք է առնեն։

19 Եթէ կ’ուզես ‘Տէրոջ լոյսովը քալել’, բայց տակաւին նուիրուած, մկրտուած քրիստոնեայ մը չես, մի՛ տնտնար։ Ըրէ՛ ինչ որ անհրաժեշտ է, որպէսզի մկրտութեան աստուածաշնչական պահանջներուն գոհացում տաս,– մեզի ի նպաստ Աստուծոյ ու Քրիստոսի ըրած բաներուն համար մեր երախտագիտութիւնը ցոյց տալու իւրայատուկ կերպը։ Եհովայի տուր ամէնէն թանկարժէք ինչքդ,– կեանքդ։ Ցոյց տուր թէ կը մտադրես Աստուծոյ կամքը կատարել՝ իր Որդիին հետեւելով (Բ. Կոր. 5։14, 15)։ Անտարակոյս, ասիկա է լաւագոյն կենցաղը։

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես

• Մեր մկրտութիւնը ի՞նչ կը խորհրդանշէ։

• Աստուծոյ նուիրուիլը եւ մկրտութիւնը ի՞նչ օրհնութիւններ կը բերեն։

• Յիսուսէ սորվիլը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։

• Ի՞նչ բաներ մեզի պիտի օգնեն լաւագոյն ապրելակերպին կառչելու։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 29]

Մկրտութիւնդ ցոյց կու տայ, թէ լաւագոյն կենցաղը ընտրած ես

[Նկարներ՝ էջ 30]

«Ծածկոց»ին տակ ապահո՞վ ես