Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Այս ճգնաժամային օրերուն մէջ «սրտի մաքրութիւն» պահպանէ

Այս ճգնաժամային օրերուն մէջ «սրտի մաքրութիւն» պահպանէ

Այս ճգնաժամային օրերուն մէջ «սրտի մաքրութիւն» պահպանէ

ԻՏԱԼԻՈՅ մէջ, վերջերս Եկեղեցիին հետ կապ ունեցող սեռային անբարոյութեան խայտառակութիւններուն նկատմամբ, կաթողիկէ լրագրող Վիթորիօ Մէսօրի դիտել տուաւ. «Ո՛չ ոք կրնայ ուրանալ, թէ ներկայիս Եկեղեցիէն ներս անարատութիւնը խնդիր մըն է։ Անիկա չի լուծուիր եկեղեցական կուսակրօնութիւնը ջնջելով, քանի որ յանցաւորներուն 80 տոկոսը միասեռականներ են,– տղամարդիկ ու տղեկներ լլկող վարդապետներ» (La Stampa

Լայնատարած ամբարշտութիւնը անկասկած ներկայ իրերու դրութեան այս «վերջին օրեր»ուն մէկ նշանն է (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Ինչպէս լուրերու տեղեկագրութիւնները ցոյց կու տան, բարոյական անկումը բացասական ազդեցութիւն ունի ոչ միայն ընդհանուր մարդոց վրայ, այլ նաեւ՝ Աստուծոյ մարդը ըլլալ դաւանողներուն վրայ։ Անոնց ապականած եւ անմաքուր սիրտը զիրենք կը մղէ անառակութիւններ գործելու (Եփ. 2։2)։ Լաւ պատճառով մը, Յիսուս զգուշացուց թէ «սրտէն կ’ելլեն չար խորհուրդներ, սպանութիւններ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութիւններ, սուտ վկայութիւններ ու հայհոյութիւններ» (Մատ. 15։19)։ Սակայն Եհովա Աստուած կ’ուզէ որ իր ծառաները «սրտի մաքրութիւն» սիրեն (Առ. 22։11)։ Ուստի, այս ճգնաժամային օրերուն մէջ քրիստոնեայ մը ինչպէ՞ս կրնայ մաքուր սիրտ պահպանել։

Ի՞նչ կը նշանակէ «սրտով մաքուր» ըլլալ

Աստուածաշունչին մէջ, յաճախ «սիրտ»ը գործածուած է այլաբանական իմաստով։ Աշխատասիրութեան մը համաձայն, սիրտ թարգմանուած աստուածաշնչական բառը կ’ակնարկէ «մարդուն ամենաներքին մաս»ին եւ «անիկա մարդուն մէջ գլխաւորաբար այն կեդրոնն է, որուն Աստուած ուշադրութիւն կ’ընծայէ, ուր կ’արմատանայ կրօնական կեանքը, որ բարոյական վարքը կ’որոշէ»։ Սիրտը կը ներկայացնէ մեր ներքին իսկական անձնաւորութիւնը։ Ինչպէս վերոնշեալ աշխատասիրութիւնը կ’ընդգծէ, Եհովա իր ծառաներուն սիրտն է որ կը քննէ ու կը գնահատէ (Ա. Պետ. 3։4

Աստուածաշունչին մէջ, «մաքուր» եւ «անարատ» բառերը կրնան ակնարկել բանի մը, որ ֆիզիքական առումով մաքուր է։ Բայց անոնք նաեւ կը կիրարկուին բաներու, որոնք բարոյական ու կրօնական առումով՝ վարակուած, խարդաւանուած, արատաւորուած կամ ապականուած չեն։ Լերան քարոզին մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ անոնց որ սրտով մաքուր են»։ Ան կ’ակնարկէր անոնց՝ որոնք ներսէն մաքուր են (Մատ. 5։8)։ Անոնց խանդաղատանքը, ցանկութիւններն ու շարժառիթները մաքուր են։ Սէրէ եւ երախտագիտութենէ մղուած՝ անոնք ամբողջ սրտով եւ անկեղծօրէն Եհովան կը սիրեն (Ղուկ. 10։27)։ Կ’ուզես այդ առումով մաքուր ըլլալ, այդպէս չէ՞։

Մարտահրաւէրը՝ մնալ «սրտով մաքուր»

Եհովայի ծառան ոչ միայն «ձեռքերով սուրբ» պէտք է ըլլայ, այլ նաեւ՝ «սրտով մաքուր» (Սաղ. 24։3, 4)։ Սակայն, ներկայիս Աստուծոյ ծառաներուն համար «սրտով մաքուր» մնալը, հետզհետէ աւելցող մարտահրաւէր մըն է։ Սատանան եւ իր տիրապետութեան ներքեւ եղող աշխարհը, ինչպէս նաեւ մեր անկատար մարմինը, զօրաւոր ճնշում կը բանեցնեն որ մեզ Եհովայէ հեռացնեն։ Այս ճնշումներուն ընդդիմանալու համար, շատ կարեւոր է որ «սրտի մաքրութիւն» սիրենք ու զայն ամուր բռնենք։ Ասիկա մեզ պիտի պաշտպանէ եւ օգնէ, որ շարունակենք Աստուծոյ բարեկամներ ըլլալ։ Ինչպէ՞ս կրնանք մաքուր սիրտ պահպանել։

Եբրայեցիս 3։12–ի մէջ, հետեւեալ զգուշացումը կը գտնենք. «Նայեցէ՛ք, ե՛ղբայրներ, չըլլայ որ ձեզմէ մէկուն ներսիդին անհաւատութեան չար սիրտ ըլլայ եւ ապստամբի կենդանի Աստուծոյ դէմ»։ Չենք կրնար «սրտով մաքուր» մնալ, եթէ «անհաւատ» սիրտ մը զարգացնենք։ Բանսարկուն ի՞նչ գաղափարներ տարածած է, Աստուծոյ հանդէպ հաւատքը տկարացնելու համար։ Ի միջի այլոց, բարեշրջութեան տեսութիւնը, բարոյական ու կրօնական յարաբերապաշտութիւնը, եւ կասկածներ Սուրբ Գրութիւններուն ներշնչուած ըլլալուն նկատմամբ։ Թոյլ պէտք չէ տանք որ այս մահացու գաղափարախօսութիւնը մեզի ազդէ (Կող. 2։8)։ Աստուածաշունչի ամէնօրեայ ընթերցանութիւնը եւ լրջօրէն խոկալը, այս յարձակումներուն դէմ հիմնական պաշտպանութիւն են։ Աստուածաշունչին ճշգրիտ գիտութիւնը Եհովայի հանդէպ մեր սէրը եւ իր գործառնութեանց հանդէպ մեր գնահատութիւնը պիտի զօրացնէ։ Այս սէրն ու գնահատութիւնը անհրաժեշտ են, եթէ կ’ուզենք սուտ պատճառաբանութիւնները մերժել եւ Եհովայի հանդէպ մեր հաւատքը զօրաւոր պահել, այնպէս որ կարենանք մաքուր սիրտ պահպանել (Ա. Տիմ. 1։3-5

Երբ մարմնաւոր ցանկութիւններ դիմագրաւենք

Մինչ կը ջանանք «սրտի մաքրութիւն» պահպանել, կը դիմագրաւենք այլ յարձակում մը, որ առնչուած է մարմնաւոր ու նիւթական ցանկութիւններուն (Ա. Յովհ. 2։15, 16)։ Դրամասիրութիւնը կամ հարստութիւն դիզելու եւ նիւթական բաներ ձեռք ձգելու ցանկութիւնը կրնայ սիրտը ապականել, քրիստոնեան առաջնորդելով որ Աստուծոյ կամքին հակառակ բաներ ընէ։ Քիչեր աշխատավայրին մէջ անպարկեշտ եղած են, ուրիշները խաբած են կամ նոյնիսկ դրամ կամ իրեր գողցած են (Ա. Տիմ. 6։9, 10

Միւս կողմէ, Եհովան տհաճեցնելու առողջ վախ մշակելով, արդարութիւնը սիրելով ու մաքուր խղճմտանք պահպանել վճռելով, ցոյց կու տանք թէ «սրտի մաքրութիւն» կը սիրենք։ Այդ սէրը մեզ կը մղէ, որ շարունակենք «ամէն բանի մէջ վարուիլ պարկեշտութեամբ» (Եբ. 13։18, ԱԾ)։ Երբ ուղղամտութեամբ կը վարուինք, պարկեշտութիւնը կրնայ հոյակապ վկայութիւն մը տալ։ Էմիլիօ անունով իտալացի Վկայ մը, որ հանրային փոխադրական ընկերութեան մը մէջ որպէս վարորդ կ’աշխատի, դրամապանակ մը գտաւ, որուն մէջ 470 եւրօ (680 ամերիկեան տոլար) կար։ Ի զարմանք իր պաշտօնակիցներուն, ան դրամապանակը իր վերակացուին տուաւ, որ յետագային զայն յանձնեց տիրոջը։ Էմիլիոյի գործակիցներէն ոմանք այս արարքով տպաւորուելով, Աստուածաշունչին հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին ու սկսան ուսումնասիրել։ Որպէս արդիւնք, երկու ընտանիքներէ եօթը հոգի ճշմարտութիւնը ընդունեցին։ Այո, մաքուր սրտով պարկեշտօրէն վարուիլը իրապէս կրնայ ուրիշները մղել Աստուած փառաբանելու (Տիտ. 2։10

Սեռի նկատմամբ խեղաթիւրուած եւ անբարոյ տեսակէտն ալ կրնայ քրիստոնեային սրտին մաքրութեան բացասականօրէն ազդել։ Այն իրողութիւնը, թէ շատեր նախամուսնական, արտամուսնական ու միասեռական յարաբերութիւնները բնական կը նկատեն, կրնայ քրիստոնեային սիրտը ապականել։ Անհատ մը, որ սեռային անբարոյութեան տեղի կու տայ, կրնայ կեղծաւորաբար կրկնակի կեանք մը վարել, իր մեղքը ծածկելով։ Ասիկա վստահաբար «սրտի մաքրութիւն» չ’արտացոլացներ։

Կապրիէլ մկրտուեցաւ երբ 15 տարեկան էր եւ անմիջապէս ռահվիրայութեան սկսաւ։ Սակայն, յետագային ան սկսաւ գիշերային վայրերուն մէջ վնասակար ընկերակիցներու հետ ժամանակ անցընելու (Սաղ. 26։4)։ Ասիկա անբարոյ ու կեղծաւոր կենցաղի մը սկիզբն էր, եւ ան քրիստոնէական ժողովքէն վտարուեցաւ։ Եհովայէ եկած այս կրթութիւնը պատճառ եղաւ որ ան լրջօրէն մտածէ։ Կապրիէլ կը մտաբերէ. «Սկսայ ընելու այն բոլոր բաները, զորս նախապէս բնաւ լուրջի չէի առած։ Ամէն օր Աստուածաշունչը կարդացի, ջանալով մտիկ ընել թէ Եհովա իրապէս ի՛նչ կ’ըսէր, եւ ուշադրութեամբ աստուածպետական հրատարակութիւնները ուսումնասիրեցի։ Նկատեցի թէ անձնական ուսումնասիրութիւնը ո՜րքան վարձահատոյց ու գոհացուցիչ կրնայ ըլլալ եւ թէ Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ու ջերմեռանդ աղօթքէն ո՜րքան զօրութիւն կարելի է ստանալ»։ Ասիկա Կապրիէլի օգնեց, որ իր անբարոյ վարքը լքէ եւ Եհովայի հետ իր յարաբերութիւնը վերահաստատէ։

Այժմ Կապրիէլ անգամ մը եւս կը ծառայէ որպէս ռահվիրայ, իր կնոջ հետ միասին։ Անոր փորձառութիւնը կը հաստատէ, թէ Աստուածաշունչին եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին հրատարակութիւններուն ուսումնասիրութիւնը կրնայ անհատի մը օգնել, որ մաքուր սիրտ ունենայ եւ անբարոյութիւնը մերժէ (Մատ. 24։45. Սաղ. 143։10

«Սրտի մաքրութիւն»՝ փորձութեան ներքեւ

Հակառակորդներու ճնշումի, տնտեսական դժուարութիւններու եւ լուրջ հիւանդութիւններու պատճառաւ, Աստուծոյ ծառաներէն ոմանք ընկճուած են։ Երբեմն անոնց սրտերն ալ բացասականօրէն ազդուած են։ Նոյնիսկ Դաւիթ թագաւոր այսպիսի փորձառութիւն մը ունեցաւ. «Իմ հոգիս ներսիդիս մարեցաւ, իմ սիրտս ներսիդիս խռովեցաւ» (Սաղ. 143։4)։ Ի՞նչ բան իրեն օգնեց, որ այս պահերը յաղթահարէ։ Դաւիթ մտաբերեց Իր ծառաներուն հետ Աստուծոյ գործառնութիւնները եւ իրեն տուած ազատումը։ Ան խոկաց թէ Եհովա Իր մեծ անուան համար ի՛նչ ըրած էր։ Դաւիթ շարունակեց Աստուծոյ գործերուն վրայ խորհիլ (Սաղ. 143։5)։ Նոյն կերպով, մեր Ստեղծիչին ու իր բոլոր ըրածներուն եւ ընելիք բաներուն վրայ խոկալը մեզի պիտի օգնէ, նոյնիսկ երբ փորձութեան տակ ենք։

Երբ մէկը մեզի դէմ մեղանչէ, կամ կարծենք թէ մեղանչեց, կրնանք դառնանալ։ Պատահածին մասին յարատեւ մտածելը կրնայ մեր եղբայրներուն հանդէպ բացասական զգացումներ յառաջացնել։ Թերեւս մեկուսանանք, կղզիանանք եւ ուրիշներու հանդէպ չնչին հետաքրքրութիւն ցուցաբերենք։ Սակայն, այսպիսի հակազդեցութիւն մը ներդաշնակ պիտի ըլլա՞յ «սրտի մաքրութիւն» ունենալու մեր փափաքին հետ։ Բացայայտօրէն, մաքուր սիրտ ունենալու նպատակակէտը կը պարփակէ քրիստոնեայ եղբայրներուն հետ մեր գործառնութիւնն ու հակազդեցութիւնը։

Հետզհետէ աւելի ապականող ու բարոյապէս նուաստացող աշխարհի մը մէջ, մենք որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ աչքառու կը դառնանք, քանի որ «սրտի մաքրութիւն» կը սիրենք։ Մեր կեանքը դրականօրէն կ’ազդուի, մինչ Աստուծոյ կամքը ընելէն յառաջ եկած ներքին խաղաղութիւնը կը վայելենք։ Ամէն բանէ առաջ, մտերիմ բարեկամութիւն կը վայելենք մեր Ստեղծիչին՝ Եհովա Աստուծոյ հետ, որ «սրտով մաքուր» եղողները կը սիրէ (Սաղ. 73։1)։ Այո, կրնանք այն երանելիներուն շարքին ըլլալ, որոնք Յիսուսի խոստումին համաձայն «պիտի տեսնեն Աստուած», երբ Ան «սրտի մաքրութիւն» սիրողներուն ի նպաստ գործէ (Մատ. 5։8