Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երկինքը ինչպիսի՞ բան մըն է

Երկինքը ինչպիսի՞ բան մըն է

Երկինքը ինչպիսի՞ բան մըն է

ՈՄԱՆՔ կը խորհին թէ անկարելի է երկնքին մասին գիտնալ, քանի որ ո՛չ ոք երկնքէն իջած է, որպէսզի անոր մասին մեզի պատմէ։ Թերեւս անոնք մոռցած են, որ Յիսուս ըսաւ. «Ես երկնքէն իջայ» (Յովհաննէս 6։38)։ Ան նաեւ կարգ մը կրօնական առաջնորդներու ըսաւ. «Դուք վարէն էք, ես վերէն եմ» (Յովհաննէս 8։23)։ Յիսուս երկնքի մասին ի՞նչ ըսաւ։

Յիսուս հաստատեց թէ երկինքը Եհովայի բնակավայրն է։ Ան Աստուծոյ մասին ըսաւ՝ «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես» (Մատթէոս 6։9)։ Բայց Յիսուս «երկինք» բառը մէկէ աւելի իմաստներով գործածեց։ Օրինակ՝ ան երկրագունդի օդին ակնարկեց որպէս «երկինք», երբ ըսաւ. «Նայեցէք երկնքի թռչուններուն» (Մատթէոս 6։26)։ Սակայն Եհովա կենսոլորտէն անդին կը բնակի։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Ի՛նքն է երկրի շրջանակին վրայ նստողը» (Եսայի 40։22

Արդեօք ‘Հայրը, որ երկինքն է’, աստղերո՞ւն մէջ կը բնակի։ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ ֆիզիքական տիեզերքն ալ «երկինք» կը կոչուի։ Օրինակ՝ սաղմոսերգու մը գրեց. «Երբ տեսնեմ երկինքը՝ քու մատներուդ գործը՝ լուսինը ու աստղերը, որոնք դուն հաստատեցիր, մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես» (Սաղմոս 8։3, 4

Ո՛չ, Եհովա Աստուած պէտք չունի իր ստեղծած ֆիզիքական տիեզերքին մէջ բնակելու, ճիշդ ինչպէս որ ատաղձագործ մը պէտք չունի իր շինած պահարանին մէջ ապրելու։ Արդ, երբ Սողոմոն թագաւոր Երուսաղէմի տաճարը Եհովայի նուիրեց, ան ըսաւ. «Միթէ Աստուած իրաւցնէ երկրի վրայ պիտի բնակի՞։ Ահա երկինք ու երկինքներու երկինքը քեզ չեն կրնար պարունակել. ո՞ւր կը մնայ այս իմ շինած տունս» (Գ. Թագաւորաց 8։27)։ Եթէ Եհովա ֆիզիքական երկնքի մէջ չի բնակիր, հապա ի՞նչ է այն երկինքը, ուր կը բնակի։

Թէեւ մարդիկ հզօր աստղադիտակներով ֆիզիքական երկինքը ուսումնասիրած են եւ ոմանք անջրպետ ճամբորդած են, բայց Աստուածաշունչին ըսածը ճշմարիտ կը մնայ. «Մէկը երբե՛ք Աստուած տեսած չէ» (Յովհաննէս 1։18)։ Յիսուս պատճառը բացատրեց, երբ ըսաւ. «Աստուած Հոգի է» (Յովհաննէս 4։24

Հոգին կեանքի տեսակ մըն է, որ աւելի բարձր է քան՝ մարդը։ Հոգին ֆիզիքական նիւթերէ չէ կազմուած, ինչպէս՝ միս եւ արիւն, զորս կարելի է մարդկային զգայարանքներով տեսնել ու զգալ։ Ուստի, երբ Յիսուս ըսաւ թէ իր Հօր քով «երկինք»ի մէջ կը բնակէր, ան ըսել ուզեց թէ կեանքի տեսակ մը ունէր, որ աւելի փառաւոր էր քան՝ կեանքի որեւէ ֆիզիքական տեսակ (Յովհաննէս 17։5. Փիլիպպեցիս 3։20, 21)։ Աստուածաշունչը «երկինք» կը կոչէ այս հոգեղէն ծիրը, ուր Յիսուս իր Հօր հետ կ’ապրէր։ Անիկա ինչպիսի՞ բան մըն է։ Հոն ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։

Երջանիկ գործունէութեան վայր մը

Աստուածաշունչը երկինքը կը նկարագրէ որպէս բազմաթիւ գործունէութիւններու կորիզ։ Անիկա կը նշէ թէ հոն կ’ապրին հարիւր միլիոնաւոր հաւատարիմ հոգեղէն արարածներ (Դանիէլ 7։9, 10)։ Իւրաքանչիւր հոգեղէն արարած իր իւրայատուկ անձնաւորութիւնը ունի։ Ասիկա ինչպէ՞ս գիտենք։ Ամբողջ տեսանելի ստեղծագործութեան մէջ, չկան երկու ապրող էակներ, որոնք բացարձակապէս իրարու կը նմանին, ուստի վստահ կրնանք ըլլալ թէ երկնքի մէջ ալ մեծ այլազանութիւն մը կայ։ Ուշագրաւօրէն, այս բոլոր երկնային անձնաւորութիւնները իրարու հետ միութեամբ կը գործեն, հիանալի հակապատկեր մը ըլլալով երկրին, ուր ներկայիս մարդիկ յաճախ լաւ կերպով չեն համագործակցիր։

Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը երկնքի մէջ տեղի ունեցող գործունէութիւնը ինչպէ՛ս կը նկարագրէ։ «Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ հրեշտակներ, որ ուժով զօրաւոր էք, որ անոր խօսքին ձայնը լսելով՝ իր հրամանը կը կատարէք։ Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ անոր բոլոր զօրքեր, անոր կամքը կատարող պաշտօնեաներ» (Սաղմոս 103։20, 21)։ Ուստի երկնքի մէջ շատ աշխատանք կը տարուի։ Կրնա՛նք վստահ ըլլալ թէ անիկա գոհացուցիչ գործունէութիւն է։

Հրեշտակները երջանիկ ծառայութեան երկար պատմութիւն մը ունին, որ սկսած է նոյնիսկ երկրագունդը ստեղծուելէն առաջ։ Սուրբ Գրութիւններուն համաձայն, երբ Եհովա երկրագունդը մէջտեղ բերաւ, Աստուծոյ որդիները ‘մէկտեղ փառաբանութիւն ըրին’ եւ ‘ցնծութեամբ աղաղակեցին’ (Յոբ 38։4, 7)։ Աստուծոյ երկնային որդիներէն մէկը նոյնիսկ առանձնաշնորհում ունեցաւ Աստուծոյ հետ աշխատելու՝ միւս բոլոր բաները ստեղծելու մէջ (Կողոսացիս 1։15-17)։ Երկնքի մէջ տեղի ունեցող ուրախ գործունէութեան այս գրաւիչ նկարագրութիւնը, մտքիդ մէջ կրնայ երկնքի եւ մարդկութեան մասին հարցումներ յարուցանել։

Մարդը ստեղծուեցաւ երկի՞նք երթալու համար

Քանի որ երկրագունդին գոյութենէն առաջ հրեշտակները երկնքի մէջ Աստուծոյ կը ծառայէին, ակներեւօրէն առաջին մարդն ու կինը չստեղծուեցան երկինքը մարդկութեամբ լեցնելու համար։ Ընդհակառակը, Աստուած առաջին մարդկային զոյգին ըսաւ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք» (Ծննդոց 1։28. Գործք 17։26)։ Ադամ երկրային կեանքի նոր տեսակ մըն էր, որ կրնար Աստուած ճանչնալ եւ անոր հաւատարմօրէն ծառայել։ Ան յառաջ պիտի բերէր սերունդ մը, որուն բնակավայրը պիտի ըլլար երկիրը։ «Երկինքներու երկինքը Տէրոջն է, բայց երկիրը մարդոց որդիներուն տուաւ» (Սաղմոս 115։16

Մարդիկ սովորաբար չեն ուզեր մեռնիլ. մահը մարդոց համար բնական չէ։ Աստուած մահը նշեց Ադամի, միայն որպէս պատիժ անհնազանդութեան։ Եթէ Ադամ հնազանդ գտնուէր, բնաւ պիտի չմեռնէր (Ծննդոց 2։17. Հռովմայեցիս 5։12

Արդ, զարմանալի չէ որ Աստուած երկինք երթալու մասին ոչինչ ըսաւ Ադամի։ Ուրեմն երկիրը փորձադաշտ պիտի չըլլար, ուր մարդիկ փորձի պիտի ենթարկուէին, տեսնելու համար թէ երկնքի մէջ ապրելու յարմա՛ր են կամ ոչ։ Մարդը ստեղծուեցաւ երկրի վրայ առյաւէտ ապրելու, եւ Աստուծոյ այդ նպատակը տակաւին պիտի կատարուի։ Աստուածաշունչը կը խոստանայ, որ «արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։29)։ Բացայայտօրէն, Աստուած սկիզբէն նպատակադրած չէր որ մարդիկ երկինք երթան։ Բայց Յիսուս ինչո՞ւ իր առաքեալներուն երկնային կեանք խոստացաւ։ Յիսուս ըսել ուզե՞ց թէ բոլոր բարի մարդիկը երկինք պիտի երթան։