Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Եզեկիէլ 18։20–ի խօսքը՝ «որդին հօրը անօրէնութիւնը պիտի չկրէ» կը հակասէ՞ Ելից 20։5–ի խօսքին, որ կ’ըսէ թէ Եհովա ‘կը հատուցանէ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն’։

Հակասութիւն մը չկայ։ Մէկ համարը կը կեդրոնանայ անհատին պատասխանատուութեան վրայ, իսկ միւս համարը կը նշէ այն իրողութիւնը, թէ անհատի մը յանցանքը կրնայ իր սերունդին ազդող հետեւանքներ ունենալ։

Եզեկիէլ 18–րդ գլուխին բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ, թէ շեշտը անհատական համարատուութեան վրայ դրուած է։ 4–րդ համարը կ’ըսէ. «Այն անձը, որ մեղք կը գործէ, պիտի մեռնի»։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ անհատի մը մասին, որ ‘արդար է, իրաւունք ու արդարութիւն կ’ընէ’։ «Անշո՛ւշտ պիտի ապրի» (Եզեկ. 18։5, 9)։ Ուստի, պատասխանատու ըլլալու տարիքին հասնելէ ետք, իւրաքանչիւր անհատ «իր ճամբաներուն համեմատ» կը դատուի (Եզեկ. 18։30

Ղեւտացի Կորխի պարագան այս սկզբունքը կը լուսաբանէ։ Երբ իսրայէլ անապատին մէջ կը թափառէր, Կորխ իր ծառայութեան առանձնաշնորհումներով գոհ չմնաց։ Քահանայական պարտականութիւններ ձեռք ձգելու միտումով, Կորխ ու կարգ մը անհատներ ըմբոստացան Եհովայի ներկայացուցիչներուն՝ Մովսէսի եւ Ահարոնի դէմ։ Քանի որ Կորխն ու իր ըմբոստ ընկերակիցները յանդգնօրէն ձգտեցան այս պաշտօնին,– առանձնաշնորհում մը, որ իրենց չէր իյնար,– Եհովա զանոնք մահուան դատապարտեց (Թուոց 16։8-11, 31-33)։ Սակայն Կորխի որդիները ըմբոստութեան չմասնակցեցան։ Աստուած իրենց հօր մեղքին համար զիրենք համարատու չնկատեց։ Եհովայի հաւատարիմ գտնուելով, անոնք իրենց կեանքը խնայեցին (Թուոց 26։10, 11

Բայց ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Ելից 20։5–ի զգուշացումին մասին, որ Տասը պատուիրաններուն մաս կը կազմէ։ Դարձեալ բովանդակութիւնը նկատի առ։ Եհովա իսրայէլ ազգին հետ Օրէնքի ուխտը հաստատեց։ Ուխտին պայմանները լսելէ ետք, իսրայէլացիները հանրապէս ըսին. «Տէրոջը բոլոր ըսածները պիտի ընենք» (Ել. 19։5-8)։ Այսպէս, ամբողջ ազգը Եհովայի հետ մասնայատուկ յարաբերութեան մը մէջ մտաւ։ Ուստի, Ելից 20։5–ի խօսքերը հիմնականօրէն ամբողջ ազգին ուղղուած էին։

Երբ իսրայէլացիները Եհովայի հաւատարիմ մնացին, ազգը օգտուեցաւ եւ բազմաթիւ օրհնութիւններ վայելեց (Ղեւ. 26։3-8)։ Հակառակն ալ ճշմարիտ էր։ Երբ իսրայէլ ազգը Եհովան մերժեց եւ չաստուածներու ետեւէն գնաց, Ան իր օրհնութիւնն ու պաշտպանութիւնը քաշեց եւ ազգը աղէտի հանդիպեցաւ (Դատ. 2։11-18)։ Ճիշդ է որ ոմանք իրենց ուղղամտութիւնը պահպանեցին եւ Աստուծոյ պատուիրաններուն հնազանդեցան, հակառակ ազգին կռապաշտութեան (Գ. Թագ. 19։14, 18)։ Հաւատարիմները ազգին մեղքերուն պատճառաւ հաւանաբար որոշ դժուարութիւններ դիմագրաւեցին, բայց Եհովա անոնց հանդէպ սիրառատ բարութիւն ցուցաբերեց։

Երբ իսրայէլ Եհովայի սկզբունքները բեկանելու մէջ ա՛յնքան աչքառու եղաւ, որ Իր անունը ազգերուն մէջ ծաղրանքի առարկայ դարձաւ, Եհովա վճռեց իր ժողովուրդը պատժել, թոյլ տալով որ դէպի Բաբելոն գերի տարուի։ Անշուշտ, այս պատիժը պարփակեց թէ՛ անհատներ եւ թէ ամբողջ ազգը (Եր. 52։3-11, 27)։ Արդարեւ, Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ իսրայէլի հաւաքական յանցանքը ա՛յնքան մեծ էր, որ երեք, չորս ու թերեւս աւելի սերունդներ իրենց նախահայրերուն չար արարքներէն ազդուեցան, ինչպէս որ Ելից 20։5–ը կը նշէ։

Աստուծոյ Խօսքը նաեւ կը նշէ ընտանիքներ, որոնք ծնողներու սխալ ընթացքէն ազդուեցան։ Հեղի քահանայապետը Եհովան զայրացուց, թոյլ տալով որ իր «չար»՝ անբարոյ որդիները քահանաներ մնան (Ա. Թագ. 2։12-16, 22-25)։ Քանի որ Հեղի իր որդիները Եհովայէ աւելի պատուեց, Աստուած վճռեց որ այլեւս Հեղիի ընտանիքէն մէ՛կը քահանայապետ չըլլայ, ինչ որ տեղի ունեցաւ իր թոռնորդիին զաւակէն՝ Աբիաթարէն սկսեալ (Ա. Թագ. 2։29-36. Գ. Թագ. 2։27)։ Գէեզիի օրինակն ալ կը լուսաբանէ Ելից 20։5–ի սկզբունքը։ Ան Եղիսէի ծառան ըլլալով իր դիրքը շահագործեց, որպէսզի սուրիացի սպարապետ Նէեմանի բուժումէն նիւթապէս օգտուի։ Եղիսէի միջոցաւ, Եհովա դատավճիռ արձակեց՝ ըսելով. «Նէեմանի բորոտութիւնը քեզի ու սերունդիդ թող փակչի յաւիտեան» (Դ. Թագ. 5։20-27)։ Ուստի Գէեզիի զարմը իր յանցագործութեան հետեւանքները կրեց։

Որպէս Ստեղծիչ եւ Կենսատու, Եհովա ամէն իրաւունք ունի որոշելու, թէ ո՛ր պատիժը արդար ու պատշաճ է։ Վերոնշեալ դէպքերը ցոյց կու տան, թէ զաւակներ կամ սերունդներ կրնան իրենց նախահայրերուն մեղքերուն հետեւանքներէն ազդուիլ։ Սակայն Եհովա ‘զրկեալներուն աղաղակը կը լսէ’, եւ ա՛յն անհատները, որոնք սրտանց իրեն կը դիմեն, կրնան իր հաճութիւնը ունենալ ու նոյնիսկ որոշ չափով ամոքում ստանալ (Յոբ 34։28

[Նկար՝ էջ 11]

Կորխ եւ իր ըմբոստ ընկերակիցները իրենց արարքներուն համար համարատու նկատուեցան