Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հոգիով ընթացիր եւ նուիրումիդ համաձայն ապրէ

Հոգիով ընթացիր եւ նուիրումիդ համաձայն ապրէ

Հոգիով ընթացիր եւ նուիրումիդ համաձայն ապրէ

«Հոգիով գացէք ու մարմնին ցանկութիւնը պիտի չկատարէք» (ԳԱՂ. 5։16

1. Պէնտէկոստէի օրը ի՞նչ մկրտութիւններ տեղի ունեցան։

ՅԻՍՈՒՍԻ հետեւորդները մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէի օրը սուրբ հոգիով մկրտուելէ ետք՝ լեզուներ խօսեցան։ Անոնք հոգիին հրաշալի մէկ պարգեւը դրսեւորեցին (Ա. Կոր. 12։4-10)։ Այս պարգեւին ու Պետրոս առաքեալի տուած ճառին արդիւնքը ի՞նչ էր։ Շատեր «խորապէս ցնցուեցան»։ Պետրոսի յորդորին անսալով, անոնք զղջացին ու մկրտուեցան։ Պատմական արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Ոմանք Պետրոսի ըսածներուն համոզուեցան եւ մկրտուեցան։ Այդ օրը հաւատացեալներուն թիւը շուրջ երեք հազար հոգիով աւելցաւ» (Գործք 2։22, 36-41, Անթիլիաս)։ Յիսուսի պատուիրածին պէս, անոնք Հօր, Որդիին եւ սուրբ հոգիին անունով ջուրին մէջ մկրտուեցան (Մատ. 28։19

2, 3. ա) Սուրբ հոգիով մկրտուելուն եւ սուրբ հոգիին անունով մկրտուելուն միջեւ եղած տարբերութիւնը բացատրէ։ բ) Ներկայիս ջուրի մկրտութիւնը ինչո՞ւ կ’ակնկալուի բոլոր անոնցմէ, որոնք ճշմարիտ քրիստոնեաներ կ’ըլլան։

2 Սակայն, սուրբ հոգիով մկրտուելուն եւ սուրբ հոգիին անունով մկրտուելուն միջեւ որեւէ տարբերութիւն կա՞յ։ Այո՛։ Սուրբ հոգիով մկրտուած անհատները վերստին կը ծնին որպէս Աստուծոյ հոգիէն–ծնած որդիներ (Յովհ. 3։3)։ Անոնք կ’օծուին, որպէսզի Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան մէջ իշխանակիցներ եւ ենթաքահանաներ ըլլան, եւ անոնք Քրիստոսի հոգեւոր մարմնին մաս կը կազմեն (Ա. Կոր. 12։13. Գաղ. 3։27. Յայտ. 20։6)։ Ուստի, Եհովա կատարեց այս մկրտութիւնը,– սուրբ հոգիով մկրտուիլը,– երբ Պէնտէկոստէի օրը եւ անկէ ետք, անհատներ ընտրեց Քրիստոսի ժառանգակիցներ ըլլալու (Հռով. 8։15-17)։ Բայց ի՞նչ կրնայ ըսուիլ սուրբ հոգիին անունով կատարուած ջուրի մկրտութեան մասին, որ ներկայիս կանոնաւորաբար տեղի կ’ունենայ Եհովայի ժողովուրդին համաժողովներուն մէջ։

3 Ջուրի մկրտութիւնը քայլ մըն է, զոր ճշմարիտ քրիստոնեաները կ’առնեն, խորհրդանշելով Եհովա Աստուծոյ կատարած իրենց անվերապահ նուիրումը։ Նոյնն է պարագան անո՛նց, որոնք երկնային կոչումը ստացան։ Բայց ջուրի մկրտութիւնը անհրաժեշտ քայլ մըն է նաեւ մերօրեայ միլիոնաւոր տղամարդոց ու կիներու համար, որոնք այժմ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունին։ Անհատի մը յոյսը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, Հօր եւ Որդիին ու հոգիին անունով ջուրի մկրտութիւնը անհրաժեշտ քայլ մըն է, զոր պէտք է առնէ Աստուծոյ ընդունելի ըլլալու համար։ Այս կերպով մկրտուած բոլոր քրիստոնեաներէն կ’ակնկալուի, որ շարունակեն ‘հոգիով ընթանալ’ (ԱԾ) (կարդալ՝ Գաղատացիս 5։16Հոգիով կը քալե՞ս եւ այսպէս նուիրումիդ համաձայն կ’ապրի՞ս։

‘Հոգիով ընթանալը’ ի՛նչ կը նշանակէ

4. ‘Հոգիով ընթանալը’ հիմնականօրէն ի՞նչ կը նշանակէ։

4 ‘Հոգիով ընթանալը’ կը պարփակէ սուրբ հոգիին ներգործութիւնը ընդունիլ, թոյլ տալով որ քեզի ազդէ։ Կրնաս ըսել թէ ասիկա կը նշանակէ՝ առօրեայ գործունէութիւններուդ մէջ սուրբ հոգիով ղեկավարուիլ։ Գաղատացիս 5–րդ գլուխը սուրբ հոգիին ազդեցութեան ներքեւ ըլլալը կը հակադրէ մարմնին ազդեցութեան ներքեւ ըլլալուն հետ (կարդալ՝ Գաղատացիս 5։17, 18

5. Սուրբ հոգիին ազդեցութեան ներքեւ ըլլալը կը պարփակէ ետ կենալ ի՞նչ գործերէ։

5 Եթէ սուրբ հոգիին ազդեցութեան ներքեւ ես, կը ջանաս մարմնի գործերէն ետ կենալ։ Անոնք կը պարփակեն՝ «շնութիւն, պոռնկութիւն, պղծութիւն, գիջութիւն, կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւններ, կռիւներ, նախանձներ, բարկութիւններ, կամ հակառակութիւններ, երկպառակութիւններ, բաժանումներ, չար նայուածքներ, մարդասպանութիւններ, գինովութիւններ, անառակութիւններ» (Գաղ. 5։19-21)։ Առումով մը, ‘հոգիով մարմնին գործերը կը սպաննես’ (Հռով. 8։5, 13)։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ միտքդ հոգիին բաներուն վրայ կեդրոնացնելու եւ անոր առաջնորդութեան հետ համագործակցելու, փոխանակ թոյլ տալու որ մարմնային ցանկութիւններ քեզ ղեկավարեն։

6. Լուսաբանէ թէ հոգիին պտուղը ցուցաբերելու համար ի՛նչ բան անհրաժեշտ է։

6 Մինչ սուրբ հոգին մէջդ կը ներգործէ, աստուածային յատկութիւններ՝ «Հոգիին պտուղը» կը ցուցաբերես (Գաղ. 5։22, 23)։ Սակայն կ’անդրադառնաս թէ ասիկա քու կողմէդ ջանք կը պահանջէ։ Լուսաբանենք. հողագործ մը արտը կը մշակէ։ Անշուշտ, արեւալոյսն ու ջուրը անհրաժեշտ են. առանց անոնց՝ ան հունձք մը չի կրնար ակնկալել։ Սուրբ հոգին կրնանք արեւալոյսին նմանցնել։ Անոր կարիքը ունինք հոգիին պտուղը ցուցաբերելու համար։ Սակայն արտը ի՞նչ բերք կրնայ տալ առանց հողագործին ծանր աշխատանքին (Առ. 10։4)։ Արդարեւ, սրտիդ հողը մշակելու կերպդ կ’ազդէ մէջդ արտադրուած սուրբ հոգիի պտուղին որակին ու քանակին։ Ուստի դուն քեզի հարց տուր. ‘Թոյլ կու տա՞մ սուրբ հոգիին որ իր պտուղը արտադրէ, անոր հետ աշխատելով’։

7. Ուսումնասիրելն ու խոկալը ինչո՞ւ շատ կարեւոր են, եթէ կ’ուզես սուրբ հոգիին պտուղը մշակել։

7 Լաւ հունձք ստանալու համար, հարկ է որ հողագործը իր արտը ջրէ։ Հոգիին պտուղը մշակելու համար, Աստուածաշունչին մէջ գտնուող եւ քրիստոնէական ժողովքին միջոցաւ մատչելի եղող ճշմարտութեան ջուրերուն կարիք ունիս (Եսա. 55։1)։ Հաւանաբար շատերուն մատնանշած ես, թէ սուրբ հոգի՛ն մէջտեղ բերած է Աստուածաշունչը (Բ. Տիմ. 3։16)։ Նաեւ, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգը, աստուածաշնչական ճշմարտութեան զուլալ ջուրերուն անհրաժեշտ հասկացողութիւնը կը հայթայթէ (Մատ. 24։45-47)։ Գաղափարը յստակ է. սուրբ հոգիին ազդեցութեան ներքեւ գալու համար, պէտք է Աստուծոյ Խօսքը կարդանք եւ անոր վրայ խոկանք։ Եթէ ասիկա կ’ընես, ուրեմն կ’ընդօրինակես մարգարէներուն ընտիր օրինակը, որոնք տրուած տեղեկութիւնները «փնտռեցին ու քննեցին»։ Ուշադրութեան արժանի է, թէ նոյնիսկ հրեշտակները խոստացեալ Սերունդին եւ օծեալ քրիստոնէական ժողովքին վերաբերեալ հոգեւոր ճշմարտութիւններով խորապէս հետաքրքրուած են (կարդալ՝ Ա. Պետրոս 1։10-12

Ինչպէ՞ս հոգիին ազդեցութեան ներքեւ գալ

8. Ինչո՞ւ կենսական է որ Եհովայէ իր հոգին խնդրես։

8 Սուրբ Գրութիւնները ուսումնասիրելը եւ անոնց վրայ խոկալը ինքնին բաւարար չեն։ Պէտք է շարունակես Եհովայի օգնութիւնն ու առաջնորդութիւնը խնդրել։ Ան կրնայ «աւելի առատացնել ամէն բան քան որ մենք կը խնդրենք կամ կը խորհինք» (Եփ. 3։20. Ղուկ. 11։13)։ Սակայն ի՞նչպէս պիտի պատասխանես եթէ մէկը քեզի հարցնէ. «Ինչո՞ւ պէտք է շարունակեմ խնդրել, եթէ Աստուած արդէն իսկ ‘ինծի պէտք եղածը գիտէ՝ դեռ ես իրմէ չխնդրած’» (Մատ. 6։8)։ Պատճառներէն մէկը այն է, թէ աղօթքով սուրբ հոգին խնդրելով, Եհովայի ապաւինիլդ կը յայտնես։ Օրինակ՝ եթէ մէկը քու օգնութիւնդ հայցէ, ամէն կարելիդ կ’ընես որ իրեն օգնես, քանի որ քեզի վստահեցաւ (համեմատել՝ Առակաց 3։27)։ Նոյնպէս, Եհովա հաճոյք կ’առնէ երբ իր հոգին խնդրես, եւ ան պիտի շնորհէ զայն քեզի (Առ. 15։8

9. Քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուիլը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել Աստուծոյ հոգիին ազդեցութեան ներքեւ գալու։

9 Կրնաս լիովին գնահատել, որ մեր ժողովներն ու համաժողովները Աստուծոյ հոգիին ազդեցութեան ներքեւ գալու այլ կերպ մըն են։ Ներկայ գտնուելու համար ջանք թափելը եւ յայտագրին ուշադրութիւն ընծայելը շատ կարեւոր են։ Ասիկա ընելը քեզի կ’օգնէ «Աստուծոյ խորունկ բաները» ըմբռնելու (Ա. Կոր. 2։10)։ Կանոնաւորաբար մեկնաբանութիւններ տալու մէջ ալ օգուտներ կան։ Պահ մը մտաբերէ վերջին չորս շաբաթներուն ժողովները, որոնց ներկայ գտնուեցար։ Ո՞րքան յաճախ ձեռքդ բարձրացուցիր՝ պատասխան մը տալու համար, հաւատքդ արտայայտելով։ Այս մարզին մէջ բարելաւման հարկ կը տեսնե՞ս։ Եթէ այո՛, որոշէ թէ յառաջիկայ շաբաթներուն ի՛նչ պիտի ընես։ Եհովա մասնակցելու կամեցողութիւնդ պիտի տեսնէ եւ իր սուրբ հոգին պիտի շնորհէ, քեզի օգնելով որ ժողովներէն ա՛լ աւելի օգտուիս։

10. Հոգիով ընթանալը կը պարփակէ ի՞նչ հրաւէր տալ ուրիշներուն։

10 Հոգիով ընթանալը կը պարփակէ՝ Յայտնութիւն 22։17–ի հրաւէրին ընդառաջել. «Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. ‘Եկո՛ւր’ եւ ան որ կը լսէ՝ թող ըսէ. ‘Եկո՛ւր’ ու ան որ ծարաւ է՝ թող գայ եւ ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ»։ Օծեալ հարս դասակարգին միջոցաւ գործելով, հոգին կենաց ջուրին նկատմամբ սոյն հրաւէրը կը ներկայացնէ։ Եթէ «Եկո՛ւր» կոչը ընդունած ես, վճռա՞ծ ես ըսել՝ «Եկո՛ւր»։ Այս փրկարար գործին մասնակցիլը ի՜նչ առանձնաշնորհում մըն է։

11, 12. Քարոզչութեան մէջ սուրբ հոգին ինչպէ՞ս պարփակուած է։

11 Այս կենսական գործը այժմ կ’իրագործուի սուրբ հոգիին առաջնորդութեան ներքեւ։ Կը կարդանք թէ առաջին դարուն, սուրբ հոգին ի՛նչպէս միսիոնարներուն առջեւ նոր թաղամասեր բացաւ։ «Սուրբ Հոգին [Պօղոս առաքեալն ու իր ընկերակիցները] արգիլեց որ Աստուծոյ խօսքը Ասիայի մէջ խօսին», եւ չարտօնեց որ Բիւթանիա երթան։ Ճշգրտօրէն չենք գիտեր թէ հոգին ի՛նչպէս արգելք հանդիսացաւ որ այդ շրջանները երթան, բայց բացորոշ է որ հոգին Պօղոսը առաջնորդեց դէպի Եւրոպայի հսկայ դաշտը։ Ան տեսիլքի մը մէջ տեսաւ մակեդոնացի մարդ մը, որ օգնութիւն կը խնդրէր (Գործք 16։6-10

12 Նմանապէս այսօր, Եհովայի հոգին կ’առաջնորդէ համաշխարհային քարոզչութիւնը։ Ուղղութիւն տալու համար հրաշալի տեսիլքներ չեն գործածուիր. փոխարէն, Եհովա սուրբ հոգիով օծեալները կ’առաջնորդէ։ Եւ հոգին եղբայրներն ու քոյրերը կը մղէ, որ քարոզչութեան եւ ուսուցման մէջ իրենց ամէն կարելին ընեն։ Անկասկած դուն ալ այս կենսական գործին կը մասնակցիս։ Այս հետաքրքրաշարժ գործունէութեան մէջ կրնա՞ս ուրախութիւնդ աւելցնել։

13. Ինչպէ՞ս կրնաս սուրբ հոգիին ուղղութեան ենթարկուիլ. լուսաբանէ։

13 Կրնաս սուրբ հոգիին ուղղութեան ենթարկուիլ, Աստուծոյ ժողովուրդին տրուած տեղեկութիւնները կիրարկելով։ Նկատի առ Ճափոնի մէջ երիտասարդուհի Միհոքոն։ Նորեկ ռահվիրայ մը ըլլալով, ան վերայցելութիւններ ընելու անատակ զգաց. ան կը զգար թէ տանտիրոջ հետաքրքրութիւնը արթնցնելու կերպը չէր գիտեր։ Այդ ատենները, Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ, հակիրճ վերայցելութիւններ ընելու մասին գործնական թելադրութիւններ ներկայացուեցան։ Ապա Գոհացուցիչ կեանք՝ ի՛նչպէս ձեռք ձգել գրքոյկը լոյս տեսաւ, որ յատկապէս պիտանի եղաւ ճափոնական թաղամասին մէջ։ Միհոքօ կիրարկեց գրքոյկը ի՛նչպէս գործածելու եւ հակիրճ վերայցելութիւններ ընելու թելադրութիւնները։ Շատ չանցած, ան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսաւ վարելու անոնց հետ, որոնք նախապէս թերեւս մերժէին ուսումնասիրել։ Ան կ’ըսէ. «Ա՛յնքան շատ ուսումնասիրութիւններ ունեցայ,– նոյնիսկ 12 դաս,– որ ոմանք ստիպուեցան ժամանակ մը սպասել»։ Արդարեւ, երբ հոգիով ընթանաս, Եհովայի ծառաներուն տրուած ուղղութիւնը կիրարկելով, կրնաս ճոխ օրհնութիւններ քաղել։

Աստուծոյ հոգիին ապաւինէ

14, 15. ա) Ինչպէ՞ս կարելի է որ անկատար մարդիկ իրենց նուիրումին համաձայն ապրին։ բ) Ինչպէ՞ս կրնաս լաւագոյն բարեկամները գտնել։

14 Որպէս ձեռնադրուած քարոզիչ, կատարելիք ծառայութիւն մը ունիս (Հռով. 10։14)։ Թերեւս այսպիսի պատասխանատուութիւն մը շալկելու համար լիովին որակեալ չես զգար։ Բայց, ինչպէս է պարագան օծեալներուն, Աստուած է որ քեզ որակեալ կը դարձնէ (կարդալ՝ Բ. Կորնթացիս 3։5Կրնա՛ս նուիրումիդ համաձայն ապրիլ, լաւագոյնդ ընելով եւ Աստուծոյ հոգիին ապաւինելով։

15 Ճիշդ է որ անկատար ըլլալով դիւրին չէ ապրիլ կատարեալ Աստուծոյ մեր ըրած նուիրումին համաձայն։ Բարդութիւններէն մէկը այն է՝ թէ նախկին ընկերակիցներէդ ոմանք թերեւս նոր կենցաղիդ վրայ զարմանան ու ‘հայհոյութիւն ընեն’ (Ա. Պետ. 4։4)։ Սակայն մի՛ անտեսեր այն իրողութիւնը, թէ նոր բարեկամութիւններ հաստատելու սկսած ես, մանաւանդ Եհովայի ու Յիսուս Քրիստոսի հետ (կարդալ՝ Յակոբոս 2։21-23Նաեւ կենսական է որ ծանօթանաս ժողովքիդ եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք համաշխարհային «եղբայրութեան» մաս կը կազմեն (Ա. Պետ. 2։17. Առ. 17։17)։ Եհովա իր հոգիին միջոցաւ քեզի պիտի օգնէ բարեկամներ ունենալու, որոնք պիտի շարունակեն քեզի համար դրական ազդեցութիւն ըլլալ։

16. Պօղոսի նման, ինչո՞ւ կրնաս ‘համաձայնիլ տկարութիւններու’։

16 Ժողովքիդ մէջ օգնական բարեկամներ ունենալով հանդերձ, առօրեայ մարտահրաւէրներու հետ գլուխ ելլելը կրնաս դժուար գտնել։ Երբեմն որոշ մաքառում մը կրնայ քեզ սպառել, կարծես թէ իրարայաջորդ խնդիրներ կը դիմագրաւես։ Մասնաւորաբար ա՛յդ ատեն Եհովայի պէտք է դիմես, իր սուրբ հոգին խնդրելով։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Երբ կը տկարանամ, այն ատեն կը զօրանամ» (կարդալ՝ Բ. Կորնթացիս 4։7-10. 12։10Պօղոս գիտէր թէ Աստուծոյ հոգին հարկ եղած զօրութիւնը կը հայթայթէ, ի՛նչ ալ ըլլայ մարդկային տկարութիւններուն բնոյթը։ Ուստի Աստուծոյ գործօն ուժը կրնայ քեզ զօրացնել, երբ տկար եւ անօգնական զգաս։ Պօղոս նշեց թէ ‘համաձայնած էր տկարութիւններու’։ Իր տկարութեան ատեն կը զգար թէ սուրբ հոգին իր մէջ կը ներգործէր։ Կրնա՛ս նոյն զգացումը ունենալ (Հռով. 15։13

17. Սուրբ հոգին ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել, մինչ կը ջանաս նպատակակէտիդ հասնիլ։

17 Աստուծոյ հոգիին կարիք ունինք, այնպէս որ կրնանք իրեն նուիրուած կեանք մը վարել։ Երեւակայէ որ առագաստիկի մը նաւապետն ես։ Նպատակակէտդ է՝ յաւիտեան Եհովայի ծառայել։ Սուրբ հոգին կը նմանի այն հովին, զոր կ’ուզես օգտագործել, որպէսզի որոշեալ տեղդ ապահով եւ առողջ հասնիս։ Չես ուզեր որ Սատանայի աշխարհի հոգին քեզ ասդին–անդին քշէ (Ա. Կոր. 2։12)։ Այլաբանօրէն խօսելով, պէտք է բնորոշես շիտակ հովը եւ անոր հետեւիս։ Անիկա սուրբ հոգին է։ Աստուծոյ Խօսքին եւ իր հոգիով առաջնորդուած կազմակերպութեան միջոցաւ, սուրբ հոգին քեզ շիտակ ուղղութեամբ պիտի առաջնորդէ։

18. Այժմ ի՞նչ վճռած ես եւ ինչո՞ւ։

18 Եթէ Եհովայի վկաներուն հետ կ’ուսումնասիրես, անոնց հոգեւոր ընկերակցութիւնը վայելելով, բայց տակաւին նուիրումի եւ մկրտութեան անհրաժեշտ քայլերը չես առած, դուն քեզի հարց տուր. ‘Ինչո՞ւ կը վարանիմ’։ Եթէ կը զատորոշես Եհովայի կամքը կատարելու մէջ սուրբ հոգիին խաղցած դերը եւ անոր ներգործութիւնը կը գնահատես, ուրեմն ա՛ռ այն քայլերը, զորս սորվեցար թէ շիտակ են։ Եհովա քեզ ճոխօրէն պիտի օրհնէ։ Ան առատաձեռնօրէն իր սուրբ հոգին պիտի տայ քեզի։ Եթէ տարիներ կամ տասնամեակներ առաջ մկրտուած ես, վստահաբար սուրբ հոգիին ազդեցութիւնը շօշափած ես։ Տեսած ես ու զգացած ես թէ Աստուած ի՛նչպէս իր հոգիով կրնայ քեզ զօրացնել։ Արդարեւ ասիկա կրնայ յաւիտեա՛ն շարունակուիլ։ Արդ, վճռէ շարունակել սուրբ հոգիով ընթանալ։

Կը յիշե՞ս

• ‘Հոգիով ընթանալը’ ի՞նչ կը նշանակէ։

• Ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել, որ շարունակես ‘հոգիով ընթանալ’։

• Ինչպէ՞ս կրնաս նուիրումիդ համաձայն ապրիլ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 21]

Սրտիդ հողը մշակելը ջանք կը պահանջէ

[Նկարներ՝ էջ 23]

Աստուծոյ հոգիին ազդեցութեան ներքե՞ւ ես