Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մէկ հօտ, մէկ հովիւ

Մէկ հօտ, մէկ հովիւ

Մէկ հօտ, մէկ հովիւ

«Դուք որ իմ ետեւէս եկաք. . . տասներկու աթոռներու վրայ պիտի նստիք՝ Իսրայէլի տասներկու ցեղերը դատելու» (ՄԱՏ. 19։28

1. Եհովա Աբրահամի զարմին հետ ինչպէ՞ս վարուեցաւ, իսկ ասիկա ինչո՞ւ չի նշանակեր թէ ան միւս ժողովուրդները բոլորովին անտեսեց։

ԵՀՈՎԱ Աբրահամը սիրելով՝ անոր զարմին հանդէպ հաւատարիմ սէր ցուցաբերեց։ Աւելի քան 15 դար, ան Աբրահամէ սերած իսրայէլ ազգը նկատեց Իր ընտրեալ ժողովուրդը, իր «սեփական ժողովուրդ»ը (կարդալ՝ Բ. Օրինաց 7։6Ասիկա նշանակե՞ց թէ Եհովա ուրիշ ազգերէ եղող անհատները ամբողջովին անտեսեց։ Ո՛չ։ Այդ ժամանակամիջոցին, Եհովան պաշտել փափաքող ոչ–իսրայէլացիները կրնային իր մասնայատուկ ազգին միանալ։ Այս նորադարձները կամ նորահաւատները ազգին մէկ մասը կը սեպուէին եւ եղբայրներ կը նկատուէին (Ղեւ. 19։33, 34)։ Եւ անոնցմէ պահանջուած էր Եհովայի բոլոր օրէնքներուն հնազանդիլ (Ղեւ. 24։22

2. Յիսուս ի՞նչ ապշեցուցիչ խօսք մը ըսաւ, եւ ի՞նչ հարցումներ կը յարուցուին։

2 Սակայն Յիսուս ժամանակակից հրեաներուն սա ապշեցուցիչ խօսքը ըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի ու այնպիսի ազգի մը պիտի տրուի՝ որ անոր պտուղ բերէ» (Մատ. 21։43)։ Նոր ազգը որոնցմէ՞ պիտի բաղկանար, եւ այս փոփոխութիւնը ի՞նչպէս ներկայիս մեզի կ’ազդէ։

Նոր ազգը

3, 4. ա) Պետրոս առաքեալ ինչպէ՞ս նոր ազգը բնորոշեց։ բ) Նոր ազգը որոնցմէ՞ բաղկացած է։

3 Պետրոս առաքեալ նոր ազգը յստակօրէն բնորոշեց։ Ան հաւատակից քրիստոնեաներուն գրեց. «Դուք ընտիր ցեղ մըն էք, թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ մը, որպէս զի հռչակէք անոր առաքինութիւնները, որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց» (Ա. Պետ. 2։9)։ Ինչպէս նախագուշակուած էր, այդ նոր ազգին առաջին անդամները եղան այն հրեաները, որոնք Յիսուսը որպէս Մեսիան ընդունեցին (Դան. 9։27ա. Մատ. 10։6)։ Յետագային, բազմաթիւ ոչ–իսրայէլացիներ ալ այս ազգին մէջ պարփակուեցան, ինչպէս Պետրոս շարունակեց ըսել. «Ատեն մը ժողովուրդ չէիք, բայց հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք» (Ա. Պետ. 2։10

4 Պետրոս հոս իր խօսքը որո՞նց կ’ուղղէր։ Իր նամակին սկիզբը, ան կ’ըսէ. «[Աստուած] մեզ նորէն ծնաւ կենդանի յոյսին համար՝ Յիսուս Քրիստոսին մեռելներէն յարութիւն առնելովը, անեղծ ու անարատ եւ անթառամ ժառանգութեանը համար՝ որ երկինքը պահուած է մեզի» (Ա. Պետ. 1։3, 4)։ Ուստի այս նոր ազգը բաղկացած է օծեալ քրիստոնեաներէ, որոնք երկնային յոյսը ունին։ Անոնք «Աստուծոյ Իսրայէլ»ն են (Գաղ. 6։16)։ Տեսիլքի մը մէջ Յովհաննէս առաքեալ տեսաւ, թէ այս հոգեւոր իսրայէլացիներուն թիւը՝ 144,000 է։ Անոնք «մարդոց մէջէն գնուեցան Աստուծոյ ու Գառնուկին երախայրի ըլլալու», որպէս «քահանաներ» ծառայելու եւ ‘Յիսուսի հետ հազար տարի թագաւորելու’ (Յայտ. 5։10. 7։4. 14։1, 4. 20։6. Յակ. 1։18

Ուրիշներ ալ պարփակուա՞ծ են

5. ա) «Աստուծոյ Իսրայէլ» արտայայտութիւնը որո՞նց կ’ակնարկէ։ բ) «Իսրայէլ» բառը ինչո՞ւ միշտ սահմանափակ նշանակութիւն չունի։

5 Արդ, բացայայտ է որ Գաղատացիս 6։16–ի մէջ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը արտայայտութիւնը բացարձակապէս կ’ակնարկէ օծեալ քրիստոնեաներուն։ Սակայն կա՞ն պարագաներ, երբ Եհովա իսրայէլ ազգը կը գործածէ իբրեւ լուսաբանութիւն, որ օծեալներէն զատ այլ քրիստոնեաներ կը պարփակէ։ Պատասխանը կը գտնուի հաւատարիմ առաքեալներուն ուղղուած Յիսուսի սա խօսքերուն մէջ. «Ես կ’ուխտեմ ձեզի թագաւորութիւն մը, ինչպէս իմ Հայրս ինծի թագաւորութիւն մը տալ ուխտեց. որպէս զի դուք իմ սեղանէս ուտէք ու խմէք իմ թագաւորութեանս մէջ եւ աթոռներու վրայ նստիք Իսրայէլի տասներկու ցեղերը դատելու» (Ղուկ. 22։28-30)։ Ասիկա տեղի պիտի ունենայ «միւս անգամ գալուստին» կամ վերաստեղծման ժամանակ, Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին (կարդալ՝ Մատթէոս 19։28

6, 7. Մատթէոս 19։28–ի եւ Ղուկաս 22։30–ի մէջ նշուած «Իսրայէլի տասներկու ցեղերը» արտայայտութիւնը որո՞նց կ’ակնարկէ։

6 Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, 144,000–ը պիտի ծառայեն որպէս երկնային թագաւորներ, քահանաներ ու դատաւորներ (Յայտ. 20։4)։ Անոնք զորո՞նք պիտի դատեն եւ որո՞նց վրայ պիտի իշխեն։ Մատթէոս 19։28–ի եւ Ղուկաս 22։30–ի մէջ, մեզի կ’ըսուի թէ անոնք «Իսրայէլի տասներկու ցեղերը» պիտի դատեն։ Այս համարներուն մէջ «Իսրայէլի տասներկու ցեղերը» կը պատկերացնեն երկրային յոյս ունեցող բոլոր անհատները,– անոնք որոնք Յիսուսի զոհաբերութեան հաւատք կ’ընծայեն, բայց թագաւորական ու քահանայական դասակարգին չեն պատկանիր (Ղեւիի ցեղը բնական իսրայէլի 12 ցեղերու ցանկին մէջ չէր պարփակուած)։ Անոնք 144,000–ի քահանայական ծառայութիւններէն հոգեւոր օգուտներ պիտի ստանան։ Քահանայական դասակարգին չպատկանող այս օգտուողները նաեւ Աստուծոյ ժողովուրդն են, եւ ան զիրենք կը սիրէ ու կ’ընդունի։ Պատշաճ է որ անոնք նմանցուած են վաղեմի ժամանակներու իր ժողովուրդին։

7 Տեղին ըլլալով, Յովհաննէս առաքեալ նախ տեսաւ 144,000 հոգեւոր իսրայէլացիներուն վերջնական կնքումը մեծ նեղութենէն առաջ, ապա տեսաւ անհամար «մեծ բազմութիւն» մը, որ «բոլոր ազգերէն» կու գայ (Յայտ. 7։9)։ Մեծ բազմութիւնը մեծ նեղութենէն պիտի վերապրի ու Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութիւնը վայելէ։ Հոն անոնց պիտի միանան միլիառաւոր յարուցեալներ (Յովհ. 5։28, 29. Յայտ. 20։13)։ Այս բոլորը պիտի կազմեն այլաբանական «Իսրայէլի տասներկու ցեղերը», որոնք Յիսուսի եւ 144,000 իշխանակիցներուն կողմէ պիտի դատուին (Գործք 17։31. 24։15. Յայտ. 20։12

8. Տարեկան Քաւութեան օրուան իրադարձութիւնները ինչպէ՞ս կը նախապատկերացնեն 144,000–ի եւ մնացեալ մարդկութեան միջեւ եղած յարաբերութիւնը։

8 Տարեկան Քաւութեան օրուան իրադարձութիւնները կը նախապատկերացնէին 144,000–ի եւ մնացեալ մարդկութեան միջեւ եղած այս յարաբերութիւնը (Ղեւ. 16։6-10)։ Քահանայապետէն պահանջուած էր, նա՛խ զուարակ մը որպէս մեղքի պատարագ զոհել «իրեն համար ու իր տանը համար»։ Այսպէս, Յիսուսի զոհը նա՛խ կը կիրարկուի ենթաքահանաներէ բաղկացած իր տան, որոնք իրեն հետ երկնքի մէջ պիտի ծառայեն։ Վաղեմի Քաւութեան օրը նաեւ երկու նոխազ կը գործածուէին միւս իսրայէլացիներուն մեղքերուն համար։ Այս բովանդակութեան մէջ, քահանայական ցեղը 144,000–ը կը պատկերացնէ, իսկ մնացեալ իսրայէլը կը պատկերացնէ երկրային յոյս ունեցող բոլոր անհատները։ Այս կիրարկումը ցոյց կու տայ, թէ Մատթէոս 19։28–ի մէջ նշուած «Իսրայէլի տասներկու ցեղերը» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ ոչ թէ Յիսուսի հոգիէն–ծնած ենթաքահանաներուն, այլ՝ Յիսուսի զոհաբերութեան հաւատք ընծայող բոլոր անհատներուն։ *

9. Եզեկիէլի տեսլական տաճարին մէջ քահանաները զորո՞նք կը պատկերացնեն, իսկ քահանայական ցեղին չպատկանող իսրայէլացիները զորո՞նք կը ներկայացնեն։

9 Նկատի առ այլ օրինակ մը։ Եզեկիէլ մարգարէն Եհովայի տաճարին մասին լայնապարփակ տեսիլք մը ստացաւ (Եզեկ., գլուխ 40-48)։ Այդ տեսիլքին մէջ, քահանաները տաճարին մէջ կ’աշխատէին, ուսուցում տալով եւ Եհովայի խրատն ու սրբագրութիւնը ստանալով (Եզեկ. 44։23-31Իսկ այլ ցեղերու անդամները կու գային երկրպագելու եւ զոհեր մատուցանելու (Եզեկ. 45։16, 17)։ Ուստի այս համարներուն մէջ, քահանաները կը պատկերացնեն օծեալները, իսկ քահանայական ցեղէն չեղող իսրայէլացիները կը պատկերացնեն երկրային յոյս ունեցողները։ Տեսիլքը կ’ընդգծէ թէ երկու խումբերը իրարու հետ համերաշխօրէն կը գործեն, մինչ քահանայական դասակարգը մաքուր պաշտամունքին մէջ առաջնորդութիւնը կ’առնէ։

10, 11. ա) Յիսուսի խօսքերուն ի՞նչ հաւատք–զօրացնող կատարում տեսած ենք։ բ) Ուրիշ ոչխարներուն մասին ի՞նչ հարցում կը յարուցուի։

10 Յիսուս խօսեցաւ «ուրիշ ոչխարներ»ու մասին, որոնք պիտի չըլլային այն «բակէն», որուն մէջ իր օծեալ հետեւորդներուն «պզտիկ հօտ»ը կայ (Յովհ. 10։16. Ղուկ. 12։32)։ Ան ըսաւ. «Զանոնք ալ պէտք է որ բերեմ ու իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն եւ ըլլան մէկ հօտ ու մէկ հովիւ»։ Այս խօսքերուն կատարման ականատես ըլլալը ո՜րքան զօրացուցած է մեր հաւատքը։ Երկու խումբեր իրարու միացած են,– օծեալներու փոքր խումբը եւ ուրիշներու ոչխարներու մեծ բազմութիւնը (կարդալ՝ Զաքարիա 8։23Թէեւ ուրիշ ոչխարները այլաբանօրէն հոգեւոր տաճարի ներքին գաւիթին մէջ չեն ծառայեր, բայց այս տաճարին արտաքին գաւիթին մէջ կը ծառայեն։

11 Բայց եթէ Եհովա վաղեմի իսրայէլի ոչ–քահանայական անդամները երբեմն կը գործածէ այս ուրիշ ոչխարները պատկերացնելու, ուրեմն երկրային յոյս ունեցողնե՞րն ալ Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն պէտք է մասնակցին։ Այժմ այս հարցումին պատասխանը նկատի պիտի առնենք։

Նոր ուխտը

12. Եհովա ի՞նչ նոր կարգադրութիւն մը նախագուշակեց։

12 Եհովա իր ժողովուրդին համար նոր կարգադրութիւն մը նախագուշակեց, երբ ըսաւ. «Այն օրերէն ետքը Իսրայէլի տանը հետ ընելու ուխտս ասիկա է. ‘Իմ օրէնքս անոնց ներսիդին պիտի դնեմ ու զանիկա անոնց սրտին վրայ պիտի գրեմ։ Ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ եւ անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան’» (Եր. 31։31-33)։ Այս նոր ուխտին միջոցաւ, Եհովայի խոստումը Աբրահամի՝ փառաւոր ու մնայուն կատարում պիտի ունենար (կարդալ՝ Ծննդոց 22։18

13, 14. ա) Որո՞նք նոր ուխտին մասնակիցներ են։ բ) Որո՞նք են օգտուողները, եւ ինչպէ՞ս այս նոր ուխտին մէջ «հաստատ կը կենան»։

13 Յիսուս այս նոր ուխտին ակնարկեց՝ իր մահուան նախորդող գիշերը, երբ ըսաւ. «Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս, որ ձեզի համար պիտի թափուի» (Ղուկ. 22։20. Ա. Կոր. 11։25)։ Բոլո՞ր քրիստոնեաները այս նոր ուխտին մէջ պարփակուած են։ Ո՛չ։ Ոմանք, ինչպէս՝ առաքեալները, որոնք այդ իրիկուն այդ բաժակէն խմեցին, նոր ուխտին մասնակիցներ են։ * Յիսուս անոնց հետ ուրիշ ուխտ մըն ալ ըրաւ, իր Թագաւորութեան մէջ իրեն հետ իշխելու (Ղուկ. 22։28-30)։ Անոնք Յիսուսի Թագաւորութեան մէջ բաժին պիտի ունենան (Ղուկ. 22։15, 16

14 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ անոնց մասին, որոնք իր Թագաւորութեան ներքեւ երկրի վրայ պիտի ապրին։ Անոնք նոր ուխտէն օգտուողներ են (Գաղ. 3։8, 9)։ Մասնակցողներ չըլլալով հանդերձ, անոնք այս ուխտին մէջ «հաստատ կը կենան»՝ անոր պահանջներուն ենթարկուելով, ինչպէս Եսայի մարգարէն նախագուշակեց. «Այն օտարականին որդիները, որոնք Տէրոջը յարեր են՝ անոր ծառայութիւն ընելու, Տէրոջը անունը սիրելու ու անոր ծառաներ ըլլալու համար, այսինքն ամէն անոնք, որ շաբաթը կը պահեն ու չեն պղծեր եւ իմ ուխտիս մէջ հաստատ կը կենան, զանոնք ալ իմ սուրբ լեռս պիտի բերեմ եւ իմ աղօթքի տանս մէջ զանոնք պիտի ուրախացնեմ»։ Ապա Եհովա կ’ըսէ. «Քանզի իմ տունս բոլոր ազգերուն համար աղօթքի տուն պիտի կոչուի» (Եսա. 56։6, 7

Ո՞վ պէտք է մասնակցի

15, 16. ա) Պօղոս առաքեալ նոր ուխտը ինչի՞ առնչեց։ բ) Երկրային յոյս ունեցողները ինչո՞ւ Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն պէտք չէ մասնակցին։

15 Նոր ուխտին մէջ եղողները ‘համարձակութիւն ունին սուրբ տեղը մտնելու’ (կարդալ՝ Եբրայեցիս 10։15-20Ասոնք են՝ որոնք ‘անշարժ թագաւորութիւն պիտի առնեն’ (Եբ. 12։28)։ Ուստի, միայն անոնք՝ որոնք Յիսուս Քրիստոսի հետ երկնքի մէջ թագաւորներ ու քահանաներ պիտի ըլլան, նոր ուխտը ներկայացնող «գաւաթ»էն պէտք է խմեն։ Նոր ուխտին այս մասնակիցները Գառնուկին հարսը կը կազմեն (Բ. Կոր. 11։2. Յայտ. 21։2, 9)։ Տարեկան Յիշատակատօնին ներկայ գտնուող միւս բոլոր անհատները յարգալից հանդիսատեսներ են, որոնք խորհրդանիշներուն չեն մասնակցիր։

16 Պօղոս նաեւ մեզի կ’օգնէ ըմբռնելու, թէ երկրային յոյս ունեցողները Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն չեն մասնակցիր։ Ան օծեալ քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Վասն զի քանի անգամ որ այս հացը ուտէք ու այս գաւաթը խմէք, Տէրոջը մահը պիտի պատմէք՝ մինչեւ ինք գայ» (Ա. Կոր. 11։26)։ Տէրը ե՞րբ ‘կու գայ’։ Երբ իր օծեալ հարս դասակարգին վերջին անդամները կ’առնէ, որ իրենց երկնային բնակարանը տանի (Յովհ. 14։2, 3)։ Բացայայտ է որ Տէրունական ընթրիքին տարեկան տօնակատարութիւնը անվերջ պիտի չշարունակուի։ Կնոջ սերունդին «միւս զաւակները», որոնք տակաւին երկրին վրայ են, պիտի շարունակեն այս ընթրիքին մասնակցիլ մինչեւ որ բոլորն ալ իրենց երկնային վարձատրութիւնը ստանան (Յայտ. 12։17)։ Միւս կողմէ, եթէ անոնք՝ որոնք երկրի վրայ առյաւէտ պիտի ապրին, խորհրդանիշներուն մասնակցելու իրաւունք ունենային, այս Յիշատակատօնի ընթրիքը յաւիտեան պիտի շարունակուէր։

«Ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան»

17, 18. Եզեկիէլ 37։26, 27–ի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուած է։

17 Եհովա իր ժողովուրդին միութիւնը նախագուշակեց՝ ըսելով. «Անոնց հետ խաղաղութեան ուխտ պիտի ընեմ, որը անոնց յաւիտենական ուխտ պիտի ըլլայ։ Զանոնք պիտի տեղաւորեմ ու շատցնեմ եւ իմ սրբարանս անոնց մէջ պիտի դնեմ յաւիտեան։ Իմ խորանս անոնց քով պիտի ըլլայ։ Ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան» (Եզեկ. 37։26, 27

18 Աստուծոյ ամբողջ ժողովուրդը այս սքանչելի խոստումին՝ քրիստոնէական խաղաղութեան այս ուխտին՝ կատարումէն օգտուելու առանձնաշնորհումը ունի։ Այո, Եհովա իր բոլոր հնազանդ ծառաներուն խաղաղութիւն երաշխաւորած է։ Հոգիին պտուղը անոնց մէջ ակներեւ է։ Իր սրբարանը, որ հոս քրիստոնէական մաքուր պաշտամունքը կը պատկերացնէ, անոնց մէջ է։ Անոնք իրապէս իր ժողովուրդը եղած են, քանի որ կռապաշտութեան բոլոր կերպերը լքած են ու միայն Եհովա Աստուածը կը պաշտեն։

19, 20. Եհովայի կողմէ ‘ժողովուրդս’ կոչուած անհատներուն մէջ որո՞նք պարփակուած են, իսկ նոր ուխտը ի՞նչ բաներ կարելի կը դարձնէ։

19 Մեր օրերուն՝ երկու խումբերուն այս միացումին ականատես ըլլալը ի՜նչ ոգեւորիչ եղած է։ Թէեւ հետզհետէ աճող մեծ բազմութիւնը երկնային յոյս չունի, բայց անոնք ուրախ են, որ երկնային յոյս ունեցողներուն կ’ընկերակցին։ Անոնք Աստուծոյ իսրայէլին յարած են։ Ասիկա ընելով, անոնք մաս կը կազմեն անոնց՝ զորոնք Եհովա կը կոչէ ‘ժողովուրդս’։ Անոնց մէջ կը գտնենք սա մարգարէութեան կատարումը. «Այն օրը շատ ազգեր Տէրոջը պիտի յարին ու ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան։ Ես քու մէջդ պիտի բնակիմ» (Զաք. 2։11. 8։21. կարդալ՝ Եսայի 65։22. Յայտնութիւն 21։3, 4)։

20 Եհովա այս բոլորը նոր ուխտին միջոցաւ կարելի դարձուցած է։ Միլիոնաւոր հոգեւոր օտարականներ Եհովայի հաճութիւնը վայելող ազգին մաս կազմած են (Միք. 4։1-5)։ Անոնք վճռած են շարունակել այդ ուխտին կառչած մնալ, անոր կարգադրութիւնները ընդունելով եւ անոր պահանջներուն հնազանդելով (Եսա. 56։6, 7)։ Ասիկա ընելով, Աստուծոյ իսրայէլին հետ մէկտեղ, անոնք յարատեւ խաղաղութեան ճոխ օրհնութիւնները կը վայելեն։ Կը մաղթենք որ ատիկա քու օրհնեալ բաժինդ ըլլայ,– հիմա եւ յաւիտեան։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 8 Նմանապէս, օծեալներուն գլխաւորաբար կ’ակնարկուի որպէս «եկեղեցին [«ժողովքը», ՆԱ]» (Եբ. 12։23)։ Սակայն «ժողովք» բառը կրնայ ուրիշ իմաստ մը ունենալ, ակնարկելով բոլոր քրիստոնեաներուն, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոնց յոյսը (տե՛ս Դիտարան–ի 1 մայիս 2007 թիւը, էջ 9-11։

^ պարբ. 13 Յիսուս այդ ուխտին Միջնորդն է, եւ ո՛չ թէ մասնակից մը։ Միջնորդը ըլլալով, բացայայտ է որ ան խորհրդանիշներուն չմասնակցեցաւ։

Կը յիշե՞ս

• Որո՞նք են «Իսրայէլի տասներկու ցեղերը», զորս 144,000–ը պիտի դատեն։

• Օծեալները եւ ուրիշ ոչխարները ի՞նչ կապ ունին նոր ուխտին հետ։

• Բոլո՞ր քրիստոնեաները Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն պէտք է մասնակցին։

• Մեր օրուան համար ի՞նչ միութիւն նախագուշակուած էր։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Ցուցագիծ/Նկարներ՝ էջ 29]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

Շատեր այժմ Աստուծոյ իսրայէլին հետ կը ծառայեն

1950 | 373,430

1970 | 1,483,430

1990 | 4,017,213

2009 | 7,313,173