Լիովին Քրիստոսի կը հետեւի՞ս
Լիովին Քրիստոսի կը հետեւի՞ս
«Կը յորդորենք ձեզ. . . որ ա՛լ աւելի յառաջանաք» (Ա. ԹԵՍ. 4։1)։
1, 2. ա) Յիսուսի օրերուն, շատեր ի՞նչ հոյակապ բաներու ականատես եղան։ բ) Ինչո՞ւ մեր ներկայ դարաշրջանն ալ նշանակալից է։
ԲՆԱՒ մտքէդ անցա՞ծ է, թէ ի՜նչ սքանչելի էր Յիսուսի մէկ ժամանակակիցն ըլլալը։ Թերեւս երեւակայած ես Յիսուսի ձեռքով ֆիզիքական նեղացուցիչ հիւանդութենէ մը բուժուիլը կամ անկէ սորվիլը կամ անոր կատարած մէկ հրաշքը տեսնելը (Մար. 4։1, 2. Ղուկ. 5։3-9. 9։11)։ Այո, ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում մըն էր ականատես ըլլալ Յիսուսի բոլոր ըրածներուն (Ղուկ. 19։37)։ Անկէ ի վեր ո՛չ մէկ սերունդ այսպիսի բաներ տեսած է, եւ պիտի չկրկնուի ի՛նչ որ Յիսուս «իր անձին պատարագովը» իրագործեց երկրի վրայ (Եբ. 9։26. Յովհ. 14։19)։
2 Սակայն մեր ներկայ դարաշրջանն ալ նշանակալից է։ Ինչո՞ւ։ Այժմ կ’ապրինք Սուրբ Գրութիւններուն նախագուշակած «վերջին ժամանակ»ին եւ «վերջին օրեր»ուն մէջ (Դան. 12։1-4, 9. Բ. Տիմ. 3։1)։ Այս ժամանակամիջոցին, Սատանան երկնքէն վռնտուեցաւ, ու շուտով պիտի կապուի եւ «անդունդը» ձգուի (Յայտ. 12։7-9, 12. 20։1-3)։ Նաեւ այս ժամանակին ընթացքին է, որ «արքայութեան այս աւետարանը» համայն աշխարհի մէջ յայտարարելու հոյակապ առանձնաշնորհումը ունինք, մարդոց ներկայացնելով գալիք դրախտին յոյսը,– անկրկնելի գործ մը (Մատ. 24։14)։
3. Երկինք համբառնալէ քիչ առաջ, Յիսուս իր հետեւորդներուն ի՞նչ ըսաւ որ ընեն, եւ ասիկա ի՞նչ պիտի պարփակէր։
3 Երկինք համբառնալէն քիչ առաջ, Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Գործք 1։8)։ Այդ գործը ուսուցումի աշխարհածաւալ գործունէութիւն մը պիտի պարփակէր։ Նպատակակէ՞տը։ Վերջը գալէն առաջ, աշակերտել ու պատրաստել Քրիստոսի յաւելեալ հետեւորդներ (Մատ. 28։19, 20)։ Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ կ’ուզենք Քրիստոսի յանձնարարութիւնը յաջողապէս կատարել։
Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը» (4. ա) Բ. Պետրոս 3։11, 12–ի խօսքերը ի՞նչ կարիք կ’ընդգծեն։ բ) Ի՞նչ բանէ պէտք է զգուշանանք։
4 Պետրոս առաքեալ կ’ըսէ. «Ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ, սպասելով ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն» (Բ. Պետ. 3։11, 12)։ Պետրոսի խօսքերը կ’ընդգծեն այս վերջին օրերուն ընթացքին աչալուրջ ըլլալու կարիքը, որպէսզի վստահ ըլլանք թէ մեր կեանքը կեդրոնացած կը մնայ բարեպաշտ արարքներու վրայ, ինչպէս՝ բարի լուրի քարոզչութիւնը։ Հետեւաբար, ի՜նչ ուրախութիւն է ականատես ըլլալ այն նախանձախնդրութեան, որով աշխարհի տարածքին մեր եղբայրները Քրիստոսի յանձնարարութիւնը կը կատարեն։ Միեւնոյն ատեն, կը գիտակցինք որ զգոյշ պէտք է ըլլանք, որ Սատանայի աշխարհին ու մեր ժառանգած մարմնաւոր հակումներուն առօրեայ ճնշումները չնուազեցնեն այն նախանձախնդրութիւնը, որով Աստուծոյ ծառայութիւնը կը կատարենք։ Արդ, նկատի առնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք վստահ ըլլալ, թէ կը շարունակենք Քրիստոսի հետեւիլ։
Աստուածատուր պատասխանատուութիւններ ընդունէ
5, 6. ա) Պօղոս ի՞նչ բանի համար գովեց Երուսաղէմի մէջ գտնուող հաւատակիցները, իսկ ի՞նչ բանէ զգուշացուց։ բ) Մեր աստուածատուր պատասխանատուութիւնները ինչո՞ւ թեթեւի պէտք չէ առնենք։
5 Երուսաղէմի մէջ գտնուող քրիստոնեաներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ հաւատակիցները գովեց, քանի որ անցեալին նոյնիսկ հալածանքի ներքեւ հաւատարմօրէն տոկացին։ Ան նշեց. «Մտքերնիդ բերէք այն առաջին օրերը, որոնց մէջ լուսաւորուելէ յետոյ շատ սաստիկ չարչարանքներ կրեցիք»։ Այո, Եհովա անոնց հաւատարիմ ընթացքը յիշեց (Եբ. 6։10. 10։32-34)։ Անտարակոյս, Պօղոսի ջերմ գովասանքը մեծապէս քաջալերեց եբրայեցի քրիստոնեաները։ Սակայն նոյն նամակին մէջ, Պօղոս նաեւ զգուշացուց մարդկային հակումէ մը, որ եթէ հակակշռի տակ չպահուի, կրնայ Աստուծոյ ծառայութեան հանդէպ նախանձախնդրութիւնը պակսեցնել։ Ան նշեց թէ քրիստոնեաները պէտք է զգոյշ ըլլան, որ Աստուծոյ պատուիրաններուն հետեւիլը ‘չմերժեն’ (Եբ. 12։25)։
6 Աստուածատուր պատասխանատուութիւններ «մերժել»ու հակումին դէմ եղած այդ զգուշացումը, ներկայիս քրիստոնեաներուն ալ կը կիրարկուի։ Կը գիտակցինք թէ պէտք է վճռենք մեր քրիստոնէական պատասխանատուութիւնները երբեք թեթեւի չառնել, ոչ ալ թոյլ տալ որ Աստուծոյ ծառայութեան հանդէպ մեր նախանձախնդրութիւնը նուազի (Եբ. 10։39)։ Ի վերջոյ, սրբազան ծառայութիւն մատուցանելը մահու եւ կենաց հարց է (Ա. Տիմ. 4։16)։
7, 8. ա) Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ, որ Աստուծոյ ծառայութեան հանդէպ մեր նախանձախնդրութիւնը պահպանենք։ բ) Եթէ մեր սկզբնական նախանձախնդրութիւնը նուազած է, Եհովայի եւ Յիսուսի առնչութեամբ ի՞նչ պէտք է յիշենք։
7 Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ, որ զգուշանանք պատրուակ փնտռելէ, որ Աստուծոյ հանդէպ մեր պարտաւորութիւնները չկատարենք։ Այս թեքումին դէմ պայքարելու կարեւոր կերպ մըն է՝ մեր նուիրումի ուխտին իմաստին վրայ կանոնաւորաբար խոկալ։ Հիմնականօրէն, Եհովայի խոստացանք որ իր կամքը կատարելը առաջնագոյն բանը պիտի ըլլայ մեր կեանքին մէջ, եւ կ’ուզենք այդ խոստումը յարգել (կարդալ՝ Մատթէոս 16։24)։ Հետեւաբար, ատեն–ատեն պէտք է կանգ առնենք ու մենք մեզի հարց տանք. ‘Արդեօք Աստուծոյ կատարած նուիրումիս համաձայն ապրելու ա՛յն վճռականութիւնը ունի՞մ, զոր մկրտութեանս ատեն ունէի։ Կամ, տարիներու ընթացքին իմ սկզբնական նախանձախնդրութենէս մաս մը կորսնցուցա՞ծ եմ’։
8 Եթէ պարկեշտ ինքնաքննութիւնը երեւան հանէ, թէ որոշ չափով անտարբեր դարձած ենք, մտաբերենք Սոփոնիա մարգարէին կազդուրիչ Սոփ. 3։16, 17)։ Այս սրտապնդիչ խօսքերը կիրարկուեցան նա՛խ վաղեմի իսրայէլացիներուն, որոնք Բաբելոնի գերութենէն Երուսաղէմ վերադարձան։ Սակայն այս երաշխիքը նաեւ ի զօրու է Աստուծոյ այժմու ժողովուրդին համար։ Մեր ըրած գործը Եհովայի գործը ըլլալով, ի մտի պէտք է ունենանք թէ Եհովա եւ իր Որդին մեզի նեցուկ կը կագնին ու մեզ կը զօրացնեն, որպէսզի մեր աստուածատուր պատասխանատուութիւնները լրիւ կատարենք (Մատ. 28։20. Փլպ. 4։13)։ Եթէ ջանանք շարունակել Աստուծոյ գործը նախանձախնդրութեամբ կատարել, ան մեզ պիտի օրհնէ եւ օգնէ որ հոգեւորապէս միշտ ուռճանանք։
խօսքերը. «Ձեռքերդ թող չթուլնան։ Քու Տէր Աստուածդ քու մէջդ զօրաւոր է, անիկա քեզ պիտի փրկէ։ Անիկա քեզի համար ուրախութեամբ պիտի զուարճանայ» (Նախանձախնդրաբար «առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը»
9, 10. Մեծ խնճոյքին առակին միտք բանին ի՞նչ է, եւ անկէ ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։
9 Երբ փարիսեցիներու պետերէն մէկուն տան մէջ կը ճաշէր, Յիսուս մեծ խնճոյքին առակը պատմեց։ Ան նկարագրեց զանազան անհատներու ներկայացուած պատեհութիւնը, որ երկնքի Թագաւորութիւնը մտնեն։ Ան նաեւ լուսաբանեց, թէ ինչպէ՛ս ոմանք պատրուակ կը փնտռեն, որպէսզի այդ հրաւէրին ընկերակցող պատասխանատուութիւնները չշալկեն (կարդալ՝ Ղուկաս 14։16-21)։ Առակին մէջ, կոչունքին ներկայ չըլլալու համար, հրաւիրեալները չքմեղանքներ ներկայացուցին։ Մէկը ըսաւ թէ արտ մը գնած է, եւ հարկ է որ մեկնի ու տեսնէ զայն։ Միւսը ըսաւ թէ եզներ գնած է, եւ կ’երթայ որ փորձարկէ զանոնք։ Իսկ ուրիշ մը ըսաւ. ‘Կնոջ մը հետ ամուսնացայ. ուստի չեմ կրնար գալ’։ Ասոնք խեղճ պատրուակներ էին։ Արտ կամ խաշինք գնող մը, սովորաբար զանոնք նախապէս կը քննէ, ուստի ետքը հրատապ կարիք չկայ զանոնք կրկին քննելու։ Իսկ նոր կնքուած ամուսնութիւնը ինչո՞ւ պատճառ պիտի ըլլայ, որ անհատը այսպիսի կարեւոր հրաւէր մը մերժէ։ Զարմանալի չէ որ առակին մէջի տանուտէրը բարկացաւ։
10 Աստուծոյ բոլոր ծառաները կրնան Յիսուսի առակէն դաս մը քաղել։ Ի՞նչ դաս։ Երբեք թոյլ պէտք չէ տանք որ անձնական հարցեր, ինչպէս՝ Յիսուսի առակին մէջ նշուածները, ա՛յնքան կարեւոր դառնան, որ Աստուծոյ մատուցած մեր ծառայութիւնը շուքի մէջ ձգեն։ Եթէ քրիստոնեան անձնական զբաղումները իրենց պատշաճ տեղը չպահէ, ծառայութեան մէջ իր նախանձախնդրութիւնը աստիճանաբար պիտի նուազի (կարդալ՝ Ղուկաս 8։14)։ Անոր առաջքը առնելու համար, Յիսուսի սա յորդորին համաձայն կ’ապրինք. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը» (Մատ. 6։33)։ Ո՜րքան քաջալերական է տեսնել, որ Աստուծոյ ծառաները,– երիտասարդ թէ տարեց,– այդ կենսական խրատը կը գործադրեն։ Իրականութեան մէջ, շատեր քայլեր առած են իրենց կենցաղակերպը պարզելու համար, որպէսզի կարենան ծառայութեան աւելի ժամանակ տրամադրել։ Անոնք իրենց փորձառութենէն կը սորվին, թէ նախանձախնդրաբար առաջ Թագաւորութիւնը խնդրելը, իսկական երջանկութիւն ու մեծ գոհունակութիւն կու տայ։
11. Ո՞ր միջադէպը կը լուսաբանէ նախանձախնդրաբար եւ ամբողջ սիրտով Աստուծոյ ծառայելու կարեւորութիւնը։
11 Աստուծոյ ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր ըլլալու կարեւորութիւնը լուսաբանելու համար, նկատի առ միջադէպ մը, որ Իսրայէլի Յովաս թագաւորին հետ կապ ունի։ Յովաս մտահոգուեցաւ որ Սուրիա կրնար Իսրայէլը նուաճել, ուստի Եղիսէի դիմեց ու լացաւ։ Մարգարէն անոր ըսաւ որ պատուհանէն դէպի Սուրիա նետ մը արձակէ, յայտնելով թէ Եհովայի ձեռքով յաղթանակ պիտի տարուէր այդ ազգին վրայ։ Ասիկա վստահաբար թագաւորը կազդուրելու էր։ Եղիսէ յետոյ Յովասի ըսաւ, որ նետերը առնէ եւ գետինը զարնէ։ Յովաս երեք անգամ գետինը զարկաւ։ Եղիսէ անոր դէմ զայրանալով՝ ըսաւ. «Եթէ հինգ կամ վեց անգամ զարնէիր, այն ատեն Ասորիները պիտի զարնէիր ու պիտի հատցնէիր. բայց հիմա Ասորիները միայն երեք անգամ պիտի զարնես»։ Նախանձախնդրութեան պակաս ցուցաբերելով, Յովաս սահմանափակ յաջողութիւն ունեցաւ (Դ. Թագ. 13։14-19)։ Այդ արձանագրութենէն ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։ Եհովա մեզ առատօրէն պիտի օրհնէ, միայն եթէ իր գործը ամբողջ սիրտով ու նախանձախնդրութեամբ կատարենք։
12. ա) Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ, որ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ մեր նախանձախնդրութիւնը պահպանենք, մինչ կեանքի մարտահրաւէրներուն կը դիմանանք։ բ) Պատմէ թէ ծառայութեամբ զբաղելով ի՛նչ օգուտներ ձեռք կը ձգես։
12 Կեանքի մարտահրաւէրները կը փորձեն Աստուծոյ ծառայութեան հանդէպ մեր նախանձախնդրութիւնն ու նուիրումը։ Բազմաթիւ եղբայրներ ու քոյրեր դժուար տնտեսական պայմաններու կը դիմանան։ Ոմանք յուսախաբ են, քանի որ լուրջ հիւանդութիւն մը կը սահմանափակէ ի՛նչ որ կրնան Եհովայի ծառայութեան մէջ ընել։ Այսուհանդերձ, իւրաքանչիւրս կրնանք քայլեր առնել, վստահ ըլլալու համար թէ մեր նախանձախնդրութիւնը կը պահպանենք ու կը շարունակենք լիովին Քրիստոսի հետեւիլ։ Հաճիս նկատի առ «Ի՞նչ բան քեզի պիտի օգնէ, որ շարունակես Քրիստոսի հետեւիլ» շրջանակին մէջ նշուած կարգ մը թելադրութիւններն ու համարները։ Խորհրդածէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս զանոնք լրիւ կիրարկել։ Այսպէս իսկական օգուտներ պիտի քաղես։ Ծառայութեամբ զբաղիլը՝ մեր վրայ կայունացուցիչ ազդեցութիւն ունի, մեր կեանքը կը ճոխացնէ եւ աւելի մեծ խաղաղութիւն ու երջանկութիւն կը բերէ (Ա. Կոր. 15։58)։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ ծառայութեան մէջ բոլորանուէր ըլլալը մեզի կ’օգնէ, որ մեր ‘մտքին մէջ ամուր պահենք Եհովայի օրուան ներկայութիւնը’ (Բ. Պետ. 3։12, ՆԱ)։
Անկեղծ արժեւորում մը ըրէ
13. Ինչպէ՞ս կրնանք որոշել, թէ բոլորանուէր կերպով ծառայելը ի՛նչ կը նշանակէ մեզի համար։
13 Սակայն չմոռնանք թէ բոլորանուէր ըլլալը չի նշանակեր ծառայութեան շա՜տ ժամանակ տրամադրել։ Անհատական պարագաները կը տարբերին։ Անհատ մը, որ ամէն ամիս դաշտի ծառայութեան մէկ կամ երկու ժամ կը յատկացնէ, կրնայ Եհովայի մեծապէս հաճելի ըլլալ, եթէ իր առողջութեան պատճառաւ իրապէս միայն այդքան կրնայ ընել (համեմատել՝ Մարկոս 12։41-44)։ Ուստի, որպէսզի որոշենք թէ մեզի՛ համար ի՛նչ է բոլորանուէր կերպով Աստուծոյ ծառայելը, հարկ է որ մեր կարողութիւններն ու պարագաները անկեղծօրէն արժեւորենք։ Քրիստոսի հետեւորդներն ըլլալով, նաեւ կ’ուզենք մեր տեսակէտը իր տեսակէտին հետ ներդաշնակել (կարդալ՝ Հռովմայեցիս 15։5. Ա. Կոր. 2։16)։ Յիսուս ի՞նչ բան իր կեանքին մէջ առաջնագոյն տեղը դրաւ։ Ան Կափառնայումէ եկած բազմութեան ըսաւ. «Պէտք է ինծի որ ուրիշ քաղաքներու ալ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ» (Ղուկ. 4։44. Յովհ. 18։37)։ Ծառայութեան հանդէպ Յիսուսի նախանձախնդրութիւնը ի մտի ունենալով, պարագաներդ արժեւորէ, տեսնելու համար թէ կրնա՞ս ծառայութիւնդ ընդարձակել (Ա. Կոր. 11։1)։
14. Ի՞նչ կերպերով կրնանք մեր ծառայութիւնը աւելի ընդարձակել։
14 Մեր պարագաները ուշադրութեամբ քննելով, թերեւս եզրակացնենք թէ ծառայութեան մեր յատկացուցած ժամանակը կրնանք աւելցնել (Մատ. 9։37, 38)։ Օրինակ՝ հազարաւոր դպրոցաւարտ պատանիներ իրենց ծառայութիւնը ընդլայնած են եւ այժմ կը վայելեն ռահվիրայական ծառայութեան ուրախութիւնը։ Դուն ալ կը փափաքի՞ս այդ ուրախութիւնը համտեսել։ Կարգ մը եղբայրներ ու քոյրեր իրենց պարագաները քննելէ ետք, որոշած են փոխադրուիլ տեղական շրջան մը կամ օտար երկիր մը, ուր Թագաւորութեան քարոզիչներու աւելի մեծ կարիք կայ։ Իսկ ուրիշներ նոր լեզու մը սորված են, որպէսզի օտարախօս անհատներու օգնեն։ Թէեւ մեր ծառայութիւնը ընդարձակելը կրնայ դիւրին չըլլալ, բայց ճոխ օրհնութիւններ կը բերէ, եւ կրնանք շատերու օգնել, որ «ճշմարտութիւնը ճանչնան» (Ա. Տիմ. 2։3, 4. Բ. Կոր. 9։6)։
Աստուածաշնչական հետեւելիք տիպարներ
15, 16. Քրիստոսի նախանձախնդիր հետեւորդներ ըլլալու համար, որո՞նց օրինակին կրնանք հետեւիլ։
15 Ոմանք, որոնք առաքեալներ եղան, ինչպէ՞ս ընդառաջեցին երբ Քրիստոս զիրենք կանչեց որ իր հետեւորդներն ըլլան։ Մատթէոսի նկատմամբ, արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Ան ալ թողուց ամէնքը եւ ելաւ գնաց անոր ետեւէն» (Ղուկ. 5։27, 28)։ Պետրոսի եւ Անդրէասի մասին, որոնք ձկնորսութիւն կ’ընէին, կը կարդանք. «Անոնք ալ շուտ մը ուռկանները թողուցին ու անոր ետեւէն գացին»։ Յետոյ Յիսուս տեսաւ Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը, որոնք կը կարկտնէին իրենց ուռկանները, իրենց հօր հետ։ Անոնք Յիսուսի հրաւէրին ինչպէ՞ս ընդառաջեցին։ «Շուտ մը նաւն ու հայրերնին թողուցին ու անոր ետեւէն գացին» (Մատ. 4։18-22)։
16 Այլ ընտիր օրինակ մըն է Սօղոս, որ Պօղոս առաքեալն եղաւ։ Ան Քրիստոսի հետեւորդներուն մոլեռանդ հալածիչ մըն էր, բայց իր ընթացքը փոխեց եւ «ընտիր աման մը» եղաւ՝ Քրիստոսի անունը կրելու։ Ան «անմիջապէս ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր Յիսուսը, թէ անիկա է Աստուծոյ Որդին» (Գործք 9։3-22)։ Պօղոս բնաւ իր նախանձախնդրութիւնը չկորսնցուց, հակառակ անոր որ շատ նեղութիւններ ու հալածանք դիմագրաւեց (Բ. Կոր. 11։23-29. 12։15)։
17. ա) Քրիստոսի հետեւելու նկատմամբ ի՞նչ է փափաքդ։ բ) Ի՞նչ օրհնութիւններ կը վայելենք, քանի որ ամբողջ սրտով ու զօրութեամբ Եհովայի կամքը կը կատարենք։
17 Վստահաբար կ’ուզենք այդ աշակերտներուն ընտիր օրինակին հետեւիլ ու սրտանց եւ անվերապահօրէն ընդառաջել (Եբ. 6։11, 12)։ Ի՞նչ օրհնութիւններ կը վայելենք, մինչ կը ջանանք նախանձախնդրօրէն ու լիովին Քրիստոսի հետեւիլ։ Աստուծոյ կամքը կատարելէն իսկական հաճոյք կ’առնենք եւ ժողովքին մէջ ծառայութեան յաւելեալ առանձնաշնորհումներ ու պատասխանատուութիւններ ընդունելէն յառաջ եկող գոհունակութիւնը կը վայելենք (Սաղ. 40։8. կարդալ՝ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։1)։ Արդարեւ, ամէն ջանք թափելով որ Քրիստոսի հետեւինք, ճոխ ու մնայուն օրհնութիւններ կը վայելենք, ինչպէս՝ մտքի խաղաղութիւն, բաւարարութիւն, գոհունակութիւն, Աստուծոյ հաճութիւնը եւ յաւիտենական կեանքի հեռանկարը (Ա. Տիմ. 4։10)։
Կը յիշե՞ս
• Մեզի ի՞նչ կարեւոր գործ մը տրուած է, եւ զայն ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։
• Ի՞նչ մարդկային հակումէ պէտք է զգուշանանք եւ ինչո՞ւ։
• Ի՞նչ անկեղծ արժեւորում մը պէտք է ընենք։
• Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ, որ շարունակենք Քրիստոսի հետեւիլ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 31]
Ի՞նչ բան քեզի պիտի օգնէ, որ շարունակես Քրիստոսի հետեւիլ
▪ Աստուծոյ Խօսքը ամէն օր կարդա՛ եւ կարդացածիդ մասին խորհրդածէ (Սաղ. 1։1-3. Ա. Տիմ. 4։15)։
▪ Յաճախ աղօթքով խնդրէ Աստուծոյ հոգիին աջակցութիւնը եւ առաջնորդութիւնը (Զաք. 4։6. Ղուկ. 11։9, 13)։
▪ Ընկերակցէ անոնց հետ, որոնք ծառայութեան հանդէպ անկեղծ նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերեն (Առ. 13։20. Եբ. 10։24, 25)։
▪ Ներկայ ժամանակներուն ստիպողականութիւնը զատորոշէ (Եփ. 5։15, 16)։
▪ Պատրուակ փնտռելուն լուրջ հետեւանքներուն գիտակից եղիր (Ղուկ. 9։59-62)։
▪ Կանոնաւորաբար խորհրդածէ նուիրումի ուխտիդ եւ այն առատ օրհնութիւններուն մասին, որոնք ամբողջ սիրտով Եհովայի ծառայելէն ու Քրիստոսի հետեւելէն յառաջ կու գան (Սաղ. 116։12-14. 133։3. Առ. 10։22)։