Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուս Աստուծոյ մասին ի՛նչ սորվեցուց

Յիսուս Աստուծոյ մասին ի՛նչ սորվեցուց

Յիսուս Աստուծոյ մասին ի՛նչ սորվեցուց

«Ոչ ոք կը ճանչնայ Հայրը՝ բացի Որդիէն, կամ բացի անկէ՝ որուն յայտնել ուզէ Որդին» (ՂՈՒԿԱՍ 10։22, ԱՆԹԻԼԻԱՍ

ԱՍՏՈՒԾՈՅ անդրանիկ Որդին իր նախամարդկային գոյութեան ընթացքին, անհամար դարեր սերտօրէն իր Հօր ընկերակցեցաւ (Կողոսացիս 1։15)։ Այսպիսով, Որդին իր Հօր խորհուրդները, զգացումները եւ ուղիները ճանչցաւ։ Երբ այս Որդին յետագային երկիր եկաւ որպէս մարդ Յիսուս, մեծ ցանկութիւն ունէր իր Հօր մասին ճշմարտութիւնը սորվեցնելու։ Աստուծոյ մասին շատ բան կրնանք սորվիլ՝ այս Որդիին ըսածներուն մտիկ ընելով։

Աստուծոյ անունը Աստուածային անունը՝ Եհովա, Յիսուսի համար կարեւորագոյն բանն էր։ Այս սիրելի Որդին ուզեց, որ ուրիշներ իր Հօր անունը ճանչնան ու գործածեն։ Յիսուսի անունն անգամ կը նշանակէ՝ «Եհովան փրկութիւն է»։ Իր մահուան նախորդող գիշերը, Յիսուս կրցաւ աղօթքով Եհովայի ըսել. «Քու անունդ անոնց ճանչցուցի» (Յովհաննէս 17։26)։ Զարմանալի չէ որ Յիսուս Աստուծոյ անունը գործածեց ու զայն ուրիշներուն ճանչցուց։ Յիսուսի ունկնդիրները ինչպէ՞ս պիտի կարենային Եհովայի մասին ճշմարտութիւնը հասկնալ, առանց Իր անունը եւ անուան իմաստը գիտնալու։ *

Աստուծոյ մեծ սէրը Անգամ մը Յիսուս աղօթքով Աստուծոյ ըսաւ. «Ո՛վ Հայր. . . դուն զիս սիրեցիր աշխարհի սկիզբէն առաջ» (Յովհաննէս 17։24)։ Երկնքի մէջ Աստուծոյ սէրը վայելած ըլլալով, Յիսուս երկրի վրայ ջանաց այդ սիրոյն բազմաթիւ գեղեցիկ երեսակները յայտնել։

Յիսուս ցոյց տուաւ, թէ Եհովայի սէրը համապարփակ է։ Ան նշեց. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննէս 3։16)։ «Աշխարհ» թարգմանուած յունարէն բառը «երկրագունդ» չի նշանակեր։ Հոս անիկա կ’ակնարկէ մարդոց,– արդարեւ, բոլոր մարդկութեան։ Մարդկային ընտանիքին հանդէպ Աստուծոյ սէրը ա՛յնքան մեծ է, որ իր ամէնէն թանկագին Որդին տուաւ, որպէսզի հաւատարիմ մարդիկ կարենան մեղքի ու մահուան ճիրաններէն ազատիլ եւ յաւիտենական կեանքի հեռանկարը ունենալ։ Այո, մենք այս մեծ սիրոյն խորութիւնը չենք կրնար ըմբռնել (Հռովմայեցիս 8։38, 39

Յիսուս սրտապնդիչ ճշմարտութիւն մը հաստատեց. Եհովա անհատապէս իր երկրպագուները խորապէս կը սիրէ։ Յիսուս սորվեցուց, թէ Եհովա կը նմանի հովիւի մը, որուն համար իւրաքանչիւր ոչխարը իւրայատուկ ու թանկագին է (Մատթէոս 18։12-14)։ Յիսուս ըսաւ, թէ ճնճղուկ մը գետին չ’իյնար առանց Եհովայի գիտութեան։ Ան աւելցուց. «Ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են» (Մատթէոս 10։29-31)։ Եթէ Եհովա որոշ բոյնի մը մէջ ճնճղուկի մը բացակայիլը նշմարելու կարողութիւնը ունի, ո՞րքան աւելի պիտի նկատէ եւ հետաքրքրուի իր մարդկային իւրաքանչիւր ծառայով։ Եթէ Եհովա մեր գլխուն իւրաքանչիւր մազը կրնայ համրել, ուրեմն մեր կեանքին մէջ կա՞յ մանրամասնութիւն մը,– կարիքներ, մաքառումներ եւ մտահոգութիւններ,– զոր չի կրնար գիտնալ։

Երկնաւոր Հայր Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ նշեցինք, Յիսուս Աստուծոյ միածին Որդին է։ Զարմանալի չէ, որ այս սիրելի Որդին շատ յաճախ Եհովայի հետ խօսեցաւ եւ Անոր ակնարկեց որպէս իր «Հայրը»։ Իրականութեան մէջ, Յիսուսի արձանագրուած առաջին խօսքերուն մէջ, զորս տաճարին մէջ ըսաւ երբ տակաւին 12 տարեկան էր, ան նշեց թէ Եհովան ‘իր Հայրն’ է (Ղուկաս 2։49)։ «Հայր» բառը Աւետարաններուն մէջ շուրջ 190 անգամ կ’անցնի։ Յիսուս Եհովայի մասին խօսեցաւ որպէս՝ «ձեր Հայրը», «Հայր մեր» եւ «Հայրս» (Մատթէոս 5։16. 6։9. 7։21)։ Այս անուանումը ազատօրէն գործածելով, Յիսուս հաղորդեց թէ մեղաւոր եւ անկատար մարդիկ կրնան Եհովայի հետ ջերմ ու վստահելի փոխյարաբերութիւն ունենալ։

Ողորմած եւ ներելու պատրաստ Յիսուս գիտէր թէ անկատար մարդիկ Եհովայի առատ ողորմութեան կարիքը ունին։ Անառակ որդիին առակին մէջ, Յիսուս Եհովան համեմատեց կարեկից ու ներող հօր մը հետ, որ իր բազուկները բանալով վերստին կ’ընդունի զղջացող որդին (Ղուկաս 15։11-32)։ Ուստի Յիսուսի խօսքերը մեզ կը հաւաստիացնեն, թէ Եհովա կը փնտռէ սրտի որեւէ փոփոխութիւն մեղաւորին կողմէ, որուն հիման վրայ կրնայ ողորմութիւն ցուցաբերել։ Եհովա զղջացող մեղաւորին ներելու սաստիկ փափաք ունի։ Յիսուս բացատրեց. «Ձեզի կ’ըսեմ թէ այսպէս աւելի ուրախութիւն պիտի ըլլայ երկինքը մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ, քան թէ իննսունինը արդարներու համար՝ որոնց ապաշխարութիւն պէտք չէ» (Ղուկաս 15։7)։ Ո՞վ պիտի չմօտենար այսպիսի ողորմած Աստուծոյ մը։

Աղօթքի լսող Երկիր գալէն առաջ, Յիսուս երկնքի մէջ անձամբ նկատեց թէ Եհովա «աղօթքի լսող» է եւ հաւատարիմ երկրպագուներուն աղօթքներէն հաճոյք կ’առնէ (Սաղմոս 65։2)։ Ուստի իր ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս սորվեցուց ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ բանի մասին աղօթել։ «Շատախօս մի՛ ըլլաք», խրատեց ան։ Ան իր ունկնդիրները յորդորեց որ աղօթեն, որ Աստուծոյ կամքը «ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։ Նաեւ կրնանք աղօթել մեր առօրեայ ապրուստին, մեր մեղքերու թողութեան եւ փորձութեան դէմ դնելու մասին (Մատթէոս 6։5-13)։ Յիսուս սորվեցուց թէ Եհովա Իր ծառաներուն աղօթքներուն հայրական կերպով կ’ընդառաջէ, հաւատքով եղած անոնց անկեղծ խնդրանքներուն պատասխանելով (Մատթէոս 7։7-11

Արդարեւ, Յիսուս ջանաց Եհովայի եւ Անոր ինչպիսի Աստուած մը ըլլալուն մասին ճշմարտութիւնը սորվեցնել։ Բայց Եհովայի մասին ուրիշ բան մըն ալ կար, զոր Յիսուս սրտանց ուզեց բաժնել,– այն միջոցը՝ որով Եհովա համաշխարհային փոփոխութիւններ պիտի բերէ, այս երկրագունդին եւ անոր բնակիչներուն նկատմամբ Իր նպատակը իրագործելու համար։ Իրականութեան մէջ, Յիսուսի պատգամին այս երեսակը իր քարոզչութեան բնաբանն էր։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 4 Եհովա անունը Աստուածաշունչի բնագրին մէջ շուրջ 7000 անգամ կ’երեւի։ Այս անուան առնչուած նշանակութիւնն է՝ «Ես եմ ՈՐ ԷՆ» (Ելից 3։14)։ Աստուած կրնայ ըլլալ ի՛նչ որ անհրաժեշտ կը համարէ, որպէսզի իր նպատակը իրագործէ։ Ուստի այս անունը կ’երաշխաւորէ, թէ Աստուած միշտ իր անձին հետ ներդաշնակ պիտի ըլլայ եւ թէ ի՛նչ որ խոստանայ՝ պիտի կատարուի։