Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՛վ պատանիներ, Եհովայի ծառայելու ձեր փափաքը զօրացուցէք

Ո՛վ պատանիներ, Եհովայի ծառայելու ձեր փափաքը զօրացուցէք

Ո՛վ պատանիներ, Եհովայի ծառայելու ձեր փափաքը զօրացուցէք

«Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ» (ԺՈՂ. 12։1

1. Իսրայէլի երեխաներուն ի՞նչ հրաւէր տրուեցաւ։

ՇՈՒՐՋ 3500 տարի առաջ, Եհովայի մարգարէն՝ Մովսէս, իսրայէլի քահանաներուն եւ ծերերուն պատուիրեց. «Հաւաքեցէք ժողովուրդը՝ այրերը, կիները, տղաքներ[ը]. . . որպէս զի լսեն եւ սորվելով՝ ձեր Տէր Աստուծմէն վախնան ու այս օրէնքին բոլոր խօսքերը պահեն ու կատարեն» (Բ. Օր. 31։12)։ Նկատէ թէ որո՛նց պատուէր տրուեցաւ, որ պաշտամունքի հաւաքոյթներուն ներկայ գտնուին. այրեր, կիներ եւ տղաքներ կամ մանուկներ։ Այո, նոյնիսկ երեխաներուն ըսուեցաւ, որ մտիկ ընեն, սորվին եւ Եհովայի ուղղութեան հետեւին։

2. Նախկին քրիստոնէական ժողովքի պատանիներուն հանդէպ Եհովա ինչպէ՞ս իր հետաքրքրութիւնը ցուցաբերեց։

2 Առաջին դարուն, Եհովա շարունակեց բարեպաշտ պատանիներու հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը ցուցաբերել։ Օրինակ՝ ան Պօղոս առաքեալը ներշնչեց, որ ժողովքներուն յղած իր նամակներէն ոմանց մէջ պարփակէ դեռատի եղողներուն ուղղուած մասնայատուկ ցուցմունքներ (կարդալ՝ Եփեսացիս 6։1. Կողոսացիս 3։20Այսպիսի խրատներ գործադրող դեռատի քրիստոնեաները, իրենց սիրառատ երկնաւոր Հայրը ա՛լ աւելի գնահատեցին եւ անոր օրհնութիւնը ստացան։

3. Ներկայիս պատանիները Աստուծոյ ծառայելու իրենց փափաքը ինչպէ՞ս կ’ապացուցանեն։

3 Ներկայիս պատանիները հրաւիրուա՞ծ են, որ Եհովան պաշտելու համար համախմբուին։ Այո՛։ Ուստի ուրախութեան աղբիւր է Աստուծոյ բոլոր ծառաներուն, որ նկատեն թէ աշխարհի տարածքին Աստուծոյ ծառայող բազմաթիւ պատանիներ Պօղոսի սա յորդորին կ’անսան. «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք» (Եբ. 10։24, 25)։ Աւելին, բազմաթիւ երեխաներ իրենց ծնողներուն հետ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութեան կը մասնակցին (Մատ. 24։14)։ Իսկ Եհովայի հանդէպ իրենց սրտագին սէրը դրսեւորելով, ամէն տարի հազարաւոր պատանիներ կը մկրտուին եւ Քրիստոսի աշակերտը ըլլալուն օրհնութիւնները կը վայելեն (Մատ. 16։24. Մար. 10։29, 30

Հրաւէրը հիմա՛ ընդունէ

4. Դեռատի եղողները ե՞րբ կրնան Աստուծոյ հրաւէրը ընդունիլ, որ իրեն ծառայեն։

4 Ժողովող 12։1–ը կը նշէ. «Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ»։ Ո՛վ պատանիներ, Եհովան պաշտելու եւ իրեն ծառայելու այդ ջերմ հրաւէրը ընդունելու համար, քանի՞ տարեկան պէտք է ըլլաք։ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ որոշ տարիք չէ սահմանուած։ Հետեւաբար, ետ մի՛ կենաք, խորհելով թէ Եհովայի մտիկ ընելու եւ ծառայելու համար տակաւին փոքր էք։ Ձեր տարիքը որքան ալ ըլլայ, ձեզի քաջալերութիւն կը տրուի որ անյապաղ ընդառաջէք։

5. Ծնողներ ինչպէ՞ս կրնան օգնել իրենց զաւակներուն, որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն։

5 Ձեր ծնողներէն մէկուն կամ երկուքին օգնութեամբ, ձեզմէ շատեր հոգեւորապէս կը յառաջդիմեն։ Այս կերպով կը նմանիք Տիմոթէոսի, որ Աստուածաշունչի ժամանակներուն ապրեցաւ։ Երբ ան դեռ մանուկ էր, իր մայրը՝ Եւնիկէ, եւ մեծ մայրը՝ Լաւոդիա, սուրբ գրութիւնները սորվեցուցին իրեն (Բ. Տիմ. 3։14, 15)։ Հաւանաբար, ծնողքդ համանման կերպով քեզ կը մարզէ, քեզի հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով, միասնաբար աղօթելով, քեզ ժողովներուն ու համաժողովներուն տանելով, եւ դաշտի ծառայութեան միասնաբար մասնակցելով։ Արդարեւ, Աստուծոյ ուղիները քեզի սորվեցնելը շատ կարեւոր պատասխանատուութիւն մըն է, զոր ծնողքդ Եհովայէ ստացած է։ Քեզի հանդէպ անոնց սէրն ու հետաքրքրութիւնը կը գնահատե՞ս (Առ. 23։22

6. ա) Սաղմոս 110։3–ի համաձայն, ինչպիսի՞ պաշտամունք հաճելի է Եհովայի։ բ) Այժմ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

6 Բայց ո՛վ պատանիներ, մինչ կը մեծնաք, Եհովա կ’ուզէ որ «քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է», ինչպէս որ Տիմոթէոս ըրաւ (Հռով. 12։2)։ Եթէ ասիկա ընէք, ժողովքային գործունէութիւններուն պիտի մասնակցիք ոչ թէ քանի որ ձեր ծնողքը կ’ուզէ, այլ՝ քանի որ ձեր փափաքն է Աստուծոյ կամքը կատարել։ Եհովա պիտի հաճի, եթէ յօժարափոյթ իրեն ծառայես (Սաղ. 110։3)։ Արդ, ինչպէ՞ս կրնաս ապացուցանել, թէ կ’ուզես Եհովայի մտիկ ընելու եւ իր ուղղութեան հետեւելու փափաքդ զօրացնել։ Մէկ–մէկ քննարկենք երեք կարեւոր կերպեր, որոնք կը կեդրոնանան ուսումնասիրութեան, աղօթքի եւ վարքի վրայ։

Եհովան ճանչցիր որպէս անձ

7. Որպէս Սուրբ Գրութիւններու աշակերտ Յիսուս ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ, եւ այս առնչութեամբ ի՞նչ բան իրեն օգնեց։

7 Աստուածաշունչի առօրեայ ընթերցանութիւնը՝ առաջին կերպն է, որով ցոյց կու տաս թէ կ’ուզես Եհովայի ծառայելու փափաքդ խորացնել։ Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար կարդալով, կրնաս հոգեւոր կարիքդ գոհացնել եւ թանկագին աստուածաշնչական գիտութիւն ձեռք ձգել (Մատ. 5։3)։ Յիսուս օրինակ հանդիսացաւ։ Առիթով մը, երբ ան 12 տարեկան էր, իր ծնողքը զինք գտաւ տաճարին մէջ, ուր «վարդապետներուն հետ նստեր էր, անոնց մտիկ կ’ընէր ու անոնց բան կը հարցնէր» (Ղուկ. 2։44-46)։ Յիսուս այդ տարիքին արդէն Սուրբ Գրութիւններուն հանդէպ տենչ ունէր ու հասկացողութիւն ձեռք ձգած էր։ Ի՞նչ բան անոր օգնեց։ Անտարակոյս, անոր մայրը՝ Մարիամ, եւ հայրագիրը՝ Յովսէփ, կարեւոր դեր մը խաղցան։ Անոնք Աստուծոյ ծառաներ էին, որոնք Յիսուսի մանկութենէն ի վեր, աստուածային ուսուցում մատակարարեցին իրեն (Մատ. 1։18-20. Ղուկ. 2։41, 51

8. ա) Ծնողներ ե՞րբ պէտք է սկսին իրենց զաւակներուն մէջ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ սէր զարգացնել։ բ) Պատմէ փորձառութիւն մը, որ կը հաստատէ երեխաները իրենց մանկութենէն մարզելուն արժէքը։

8 Նմանապէս ներկայիս, աստուածավախ ծնողներ սկիզբէն իրենց զաւակներուն սրտին մէջ աստուածաշնչական ճշմարտութեան հանդէպ տենչ քանդակելու արժէքին կը գիտակցին (Բ. Օր. 6։6-9)։ Ասիկա ըրաւ Ռուպի անունով քրիստոնեայ քոյր մը, իր անդրանիկ զաւակին՝ Ժոզէֆի ծնունդէն անմիջապէս ետք։ Ամէն օր, ան Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ գրքէն մանուկին կարդաց։ Մինչ մանչը կը մեծնար, ան օգնեց որ այլազան համարներ անգիր ընէ։ Ժոզէֆ այս մարզումէն օգտուեցա՞ւ։ Խօսելու սկսելէն ետք, ան կրնար Աստուածաշունչի բազմաթիւ պատմութիւններ իր բառերով պատմել։ Իսկ երբ հինգ տարեկան եղաւ, ան Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ իր առաջին ելոյթը ունեցաւ։

9. Աստուածաշունչ կարդալը եւ կարդացածիդ վրայ խոկալը ինչո՞ւ կարեւոր է։

9 Ո՛վ պատանիներ, հոգեւորապէս ա՛լ աւելի յառաջդիմելու համար, Աստուածաշունչի առօրեայ ընթերցանութիւնը պէտք է սովորութիւն դարձնէք ու զայն պահէք նոյնիսկ երբ չափահաս ըլլաք (Սաղ. 71։17)։ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը ինչո՞ւ յառաջդիմութեանդ պիտի նպաստէ։ Նկատէ Յիսուսի խօսքը իր մէկ աղօթքին մէջ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ» (Յովհ. 17։3)։ Արդարեւ, մինչ Եհովայի մասին աւելի գիտութիւն կը ստանաս, զինք աւելի յստակօրէն պիտի տեսնես որպէս իրական Անձ եւ իրեն հանդէպ սէրդ պիտի խորացնես (Եբ. 11։27)։ Հետեւաբար, ամէն անգամ որ Աստուածաշունչէն հատուած մը կը կարդաս, պատեհութիւնը օգտագործէ Եհովայի մասին աւելի սորվելու։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Այս տեղեկութիւնները ինծի ի՞նչ կը սորվեցնեն Եհովայի մասին որպէս Անձ։ Աստուածաշունչի այս հատուածը ինչպէ՞ս ինծի հանդէպ Աստուծոյ սէրն ու հետաքրքրութիւնը ցոյց կու տայ’։ Այսպիսի հարցումներու վրայ խոկալը պիտի օգնէ քեզի, որ գիտնաս թէ Եհովա ինչպէ՛ս կը մտածէ ու կը զգայ եւ ի՛նչ կը պահանջէ քեզմէ (կարդալ՝ Առակաց 2։1-5Պատանի Տիմոթէոսի նման, Սուրբ Գրութիւններէն սորված բաներուդ հաստատօրէն ‘պիտի հաւատաս’ ու պիտի մղուիս Եհովան սրտանց պաշտելու (Բ. Տիմ. 3։14

Աղօթքը ինչպէ՛ս Եհովայի հանդէպ սէրդ կը խորացնէ

10, 11. Աղօթքը ինչպէ՞ս կ’օգնէ քեզի, որ Աստուծոյ ծառայելու փափաքդ զօրացնես։

10 Աղօթքներդ երկրորդ միջոցն են, որով կրնաս ամբողջ սիրտով Եհովայի ծառայելու փափաքդ զօրացնել։ Սաղմոս 65։2–ի մէջ կը կարդանք. «Ո՛վ աղօթքի լսող, քեզի պիտի գայ ամէն մարմին»։ Նոյնիսկ երբ իսրայէլ Աստուծոյ ուխտեալ ժողովուրդն էր, Եհովայի տաճարը եկող օտարազգիները կրնային իրեն աղօթել (Գ. Թագ. 8։41, 42)։ Աստուած խտրութիւն չի դներ մարդոց միջեւ։ Անոնք որոնք իր պատուիրանները կը պահեն, երաշխիք ունին թէ զիրենք պիտի լսէ (Առ. 15։8)։ Վստահաբար «ամէն մարմին» արտայայտութիւնը կ’ընդգրկէ ձեզ, ո՛վ պատանիներ։

11 Գիտես թէ իսկական բարեկամութեան հիմը, լաւ հաղորդակցութիւնն է։ Հաւանաբար կը սիրես սերտ բարեկամի մը հետ բաժնել խորհուրդներդ, մտահոգութիւններդ ու զգացումներդ։ Նոյնպէս, սրտագին աղօթքներ մատուցանելով կը հաղորդակցիս Մեծ Ստեղծիչիդ հետ (Փլպ. 4։6, 7)։ Եհովայի հետ խօսէ որպէս թէ սիրտդ կը բանաս սիրալիր ծնողի մը կամ մտերիմ բարեկամի մը։ Իրականութեան մէջ, զօրաւոր կապ կայ՝ ինչպէ՛ս աղօթելուդ եւ Եհովայի հանդէպ ունեցած զգացումներուդ միջեւ։ Պիտի նշմարես թէ Եհովայի հետ բարեկամութիւնդ ո՛րքան աւելի զօրանայ, աղօթքներդ ա՛յդքան աւելի իմաստալից պիտի ըլլան։

12. ա) Իմաստալից աղօթքները ինչո՞ւ բառերէն աւելին կը պարփակեն։ բ) Ի՞նչ բան քեզի պիտի օգնէ գիտակցելու, թէ Եհովա մօտ է քեզի։

12 Սակայն ի մտի ունեցիր, թէ իմաստալից աղօթքը բառերէն աւելին կը պարփակէ,– ամենաներքին զգացումներդ։ Աղօթքներուդ մէջ արտայայտէ ջերմ սէրդ, խոր յարգանքդ եւ Եհովայի լիովին ապաւինիլդ։ Մինչ կը զատորոշես թէ Եհովա ինչպէ՛ս աղօթքներուդ կը պատասխանէ, որեւէ ժամանակէ աւելի անձամբ պիտի գիտակցիս, թէ «Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն» (Սաղ. 145։18)։ Այո, Եհովա քեզի պիտի մօտենայ, քեզ ամրապնդելով որ Բանսարկուին դէմ դնես ու շիտակ ընտրութիւնները ընես (կարդալ՝ Յակոբոս 4։7, 8

13. ա) Աստուծոյ բարեկամութիւնը ինչպէ՞ս քրոջ մը օգնեց։ բ) Աստուծոյ բարեկամութիւնը ինչպէ՞ս կ’օգնէ քեզի, որ շրջապատի ճնշումին հետ գլուխ ելլես։

13 Նկատի առ թէ Եհովայի հետ սերտ յարաբերութիւն ունենալը ինչպէ՛ս պատանուհիի մը զօրութիւն տուաւ։ Միջնակարգ դպրոցին մէջ, Չերի դասերուն եւ մարմնամարզին մէջ ուրիշները գերազանցելով մրցանակներ շահեցաւ։ Երբ ճեմարանաւարտ եղաւ, իրեն կրթանպաստ շնորհուեցաւ, որպէսզի կարենայ բարձրագոյն ուսման հետամուտ ըլլալ։ Չերի կ’ըսէ. «Առաջարկը հրապուրիչ էր. մարզիչներս ու դասակիցներս մեծ ճնշում բանեցուցին որ զայն ընդունիմ»։ Բայց ան անդրադարձաւ, որ յաւելեալ ուսման հետամուտ ըլլալը պիտի պահանջէր որ իր ժամանակին մեծ մասը յատկացնէր սորվելու եւ մրցումներու պատրաստուելու,– քիչ ժամանակ մնալով Եհովայի ծառայութեան համար։ Չերին ի՞նչ ըրաւ։ Ան կ’ըսէ. «Եհովայի աղօթելէ ետք, կրթանպաստը մերժեցի եւ սկսայ որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ ծառայելու»։ Այժմ հինգ տարի է, որ ան ռահվիրայ է։ Չերի կը նշէ. «Որոշումիս համար չեմ զղջար։ Եհովան հաճեցնող որոշում մը կայացնելով ուրախ եմ։ Իրապէս, եթէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը առաջին տեղը դնես, միւս բոլոր բաները պիտի տրուին քեզի» (Մատ. 6։33

Լաւ վարքը կը յայտնէ «սրտով մաքուր» ըլլալդ

14. Ինչո՞ւ լաւ վարքդ Եհովայի աչքին կարեւոր է։

14 Քու վարքդ երրորդ միջոցն է, որով կրնաս ապացուցանել թէ սրտանց Եհովայի կը ծառայես։ Եհովա կ’օրհնէ այն պատանիները, որոնք բարոյապէս մաքուր կը մնան (կարդալ՝ Սաղմոս 24։3-5Պատանի Սամուէլ մերժեց Հեղի քահանայապետին որդիներուն անբարոյ վարքը ընդօրինակել։ Սամուէլի ընտիր բարքը աննկատ չմնաց։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կը նշէ. «Սամուէլ մանուկը օրէ օր կը մեծնար եւ Տէրոջը ու մարդոց հաճոյ էր» (Ա. Թագ. 2։26

15. Ի՞նչ կարգ մը պատճառներով լաւ վարք կը պահպանես։

15 Պօղոս առաքեալի նկարագրութեան համաձայն, կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ զեղուն է այնպիսի մարդոցմով, որոնք անձնասէր, ամբարտաւան, ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ, դաժանաբարոյ, գոռոզ եւ աւելի հաճոյասէր են քան թէ աստուածասէր (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Ուստի այս ամբարիշտ միջավայրին մէջ օրինակելի վարք պահպանելը կրնայ քեզի համար իսկական մարտահրաւէր մը ըլլալ։ Սակայն ամէն անգամ որ շիտակը կ’ընես ու կը մերժես անբարեպաշտ վարք ունենալ, կը փաստես թէ տիեզերական գերիշխանութեան հարցին մէջ Եհովայի կողմը դիրք բռնած ես (Յոբ 2։3, 4)։ Նաեւ գոհունակ կը զգաս, քանի որ Եհովայի ջերմ կոչին կ’ընդառաջես. «Որդեա՛կս, իմաստո՛ւն եղիր ու սի՛րտս ուրախացուր, որպէսզի կարենամ պատասխանել զիս նախատողին» (Առ. 27։11, ԱԾ)։ Աւելին, գիտնալդ թէ Եհովայի հաճութիւնը ունիս, պիտի զօրացնէ իրեն ծառայելու փափաքդ։

16. Քոյր մը ինչպէ՞ս Եհովայի սիրտը ուրախացուց։

16 Քարոլ անունով քրիստոնեայ քոյր մը աստուածաշնչական սկզբունքներուն կառչած մնաց, մինչ դպրոց կը յաճախէր, եւ անոր լաւ վարքը նշմարուեցաւ։ Ի՞նչ պատահեցաւ։ Քարոլի դասակիցները զինք ծաղր ըրին, քանի որ Աստուածաշունչով մարզուած իր խղճմտանքին շնորհիւ, տօներուն ու հայրենասիրական արարողութիւններուն չէր մասնակցեր։ Այդ առիթներով, ան երբեմն իր հաւատալիքները կը բացատրէր։ Տարիներ ետք, Քարոլ նախկին դասընկերուհիէ մը ստացաւ բացիկ մը, որուն մէջ գրած էր. «Միշտ կը յուսայի քեզի հետ շփման մէջ գալ եւ շնորհակալութիւն յայտնել։ Որպէս քրիստոնեայ պատանուհի լաւ վարքդ եւ օրինակդ, ինչպէս նաեւ տօներու նկատմամբ քաջարի կեցուածքդ, աննկատ չմնացին։ Դուն առաջին Եհովայի վկան էիր, որուն ծանօթացայ»։ Քարոլի օրինակով խորապէս տպաւորուելով, այս դասընկերուհին յետագային սկսած էր Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու։ Ան բացիկին մէջ նշեց, թէ աւելի քան 40 տարիէ ի վեր մկրտուած Վկայ մըն է։ Քարոլի նման, ո՛վ պատանիներ, քաջաբար աստուածաշնչական սկզբունքներուն յարելով, կրնաք պարկեշտամիտ անհատները մղել Եհովան ճանչնալու։

Եհովան փառաբանող պատանիներ

17, 18. ա) Ժողովքիդ մէջ եղող պատանիներուն հանդէպ ի՞նչ կը զգաս։ բ) Աստուածավախ պատանիներուն ի՞նչ ապագայ կը սպասէ։

17 Եհովայի համաշխարհային կազմակերպութեան մէջ բոլորս ալ կ’ոգեւորուինք՝ տեսնելով հազարաւոր նախանձախնդիր պատանիներ, որոնք ճշմարիտ պաշտամունքին կը մասնակցին։ Այս պատանիները Եհովան պաշտելու իրենց փափաքը կը զօրացնեն՝ ամէն օր Աստուածաշունչը կարդալով, աղօթելով եւ Աստուծոյ կամքին համաձայն վարուելով։ Այսպիսի օրինակելի պատանիներ թարմացումի աղբիւր մըն են իրենց ծնողքին եւ Եհովայի ամբողջ ժողովուրդին (Առ. 23։24, 25

18 Ապագային, հաւատարիմ պատանիները պիտի ըլլան անոնց մէջ, որոնք պիտի վերապրին եւ Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհը մտնեն (Յայտ. 7։9, 14)։ Հոն, անոնք անպատում օրհնութիւններ պիտի վայելեն, մինչ կը շարունակեն Եհովան գնահատել եւ առյաւէտ զինք փառաբանել (Սաղ. 148։12, 13

Կրնա՞ս բացատրել

• Ներկայիս պատանիներ ինչպէ՞ս կրնան ճշմարիտ պաշտամունքին մասնակցիլ։

• Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն օգտուելու համար, ինչո՞ւ կենսական է որ խոկաս։

• Աղօթքը ինչպէ՞ս քեզի կ’օգնէ Եհովայի մօտենալու։

• Քրիստոնեային լաւ վարքը ի՞նչ կ’իրագործէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 17]

Աստուածաշունչի առօրեայ ընթերցանութիւնը սովորութիւն դարձուցա՞ծ ես