Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սուրբ հոգիին դերը՝ Եհովայի նպատակին իրագործման մէջ

Սուրբ հոգիին դերը՝ Եհովայի նպատակին իրագործման մէջ

Սուրբ հոգիին դերը՝ Եհովայի նպատակին իրագործման մէջ

«Իմ բերնէս ելած խօսքը. . . յաջողութեամբ [պիտի] գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի» (ԵՍԱ. 55։11

1. Ծրագրին ու նպատակին միջեւ եղած տարբերութիւնը լուսաբանէ։

ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ երկու տղամարդիկ, իւրաքանչիւրը կը պատրաստուի ինքնաշարժով ճամբորդելու։ Մէկը իր որոշեալ տեղը հասնելու համար, մասնայատուկ ու մանրամասն ուղի մը կը ծրագրէ։ Միւսը իր մտքին մէջ յստակօրէն պահած է իր որոշեալ տեղը, բայց նաեւ գիտէ շատ մը տարբեր ուղիներ։ Ան պատրաստ է իր ընթացքը ճշդելու, ի պահանջել հարկին։ Որոշ կերպերով, այս երկու տղամարդոց տարբեր մօտեցումները կը լուսաբանեն ծրագրին ու նպատակին միջեւ եղած տարբերութիւնը։ Ծրագիրը կրնայ համեմատուիլ մանրամասն ուղի մը ուրուագծելուն հետ, մինչդեռ նպատակը կրնայ պարփակել ի մտի ունենալ նպատակակէտ մը, բայց պայման չէ անոր հասնելու համար մէկ մասնայատուկ կերպ որոշել։

2, 3. ա) Եհովայի նպատակը ի՞նչ կը պարփակէ, եւ ան ինչպէ՞ս հակազդեց երբ Ադամ ու Եւա մեղանչեցին։ բ) Ինչո՞ւ Եհովայի նպատակին յայտնուելուն հետ ներդաշնակ պէտք է գործենք։

2 Երբ հարցը առնչուած է իր կամքը կատարելուն, Եհովա ոչ թէ անփոփոխ ծրագիր ունի, այլ՝ աստիճանաբար յայտնուող նպատակ (Եփ. 3։11)։ Այս նպատակը կը պարփակէ մարդկութեան ու երկրին նկատմամբ իր սկզբնական մտադրութիւնը,– այս երկրագունդը վերածել դրախտային բնակարանի մը, ուր կատարեալ մարդիկ կրնան առյաւէտ խաղաղութեամբ եւ երջանկութեամբ ապրիլ (Ծն. 1։28)։ Երբ Ադամ ու Եւա մեղանչեցին, Եհովա հակազդեց ու կարգադրութիւններ ըրաւ, որպէսզի իր նպատակը անպայման իրագործուի (կարդալ՝ Ծննդոց 3։15Եհովա որոշեց, որ իր այլաբանական կինը մէջտեղ բերէ «սերունդ» մը, կամ Որդի մը, որ ի վերջոյ պիտի բնաջնջէր Դրդիչը՝ Սատանան, ու խափանէր անոր պատճառած բոլոր վնասները (Եբ. 2։14. Ա. Յովհ. 3։8

3 Երկնքի մէջ կամ երկրի վրայ ո՛չ մէկ զօրութիւն կրնայ արգելք հանդիսանալ Աստուծոյ յայտնուած նպատակին իրագործման (Եսա. 46։9-11)։ Ինչո՞ւ կրնանք ասիկա ըսել։ Քանի որ Եհովայի սուրբ հոգին պարփակուած է։ Այդ անդիմադրելի ուժը կ’երաշխաւորէ, թէ Աստուծոյ նպատակը ‘պիտի յաջողի’ (Եսա. 55։10, 11)։ Աստուծոյ նպատակին յայտնուելուն հետ լիովին ներդաշնակ պէտք է գործենք։ Մեր ապագայ կեանքի հեռանկարները անոր իրագործումէն կախեալ են։ Աւելին, մեր հաւատքը կը զօրանայ, տեսնելով թէ Եհովա ինչպէ՛ս կը գործածէ սուրբ հոգին։ Այժմ նկատի առնենք Եհովայի նպատակին իրագործման մէջ հոգիին դերը,– անցեալին, ներկայիս եւ ապագային։

Սուրբ հոգիին դերը՝ անցեալին

4. Եհովա իր նպատակը ինչպէ՞ս աստիճանաբար յայտնած է։

4 Աստուածաշնչական ժամանակներուն, Եհովա իր նպատակը աստիճանաբար յայտնեց։ Սկիզբը, խոստացեալ Սերունդին ինքնութիւնը սրբազան «խորհուրդ» մըն էր (Ա. Կոր. 2։7)։ Շուրջ 2000 տարի ետք, Եհովա դարձեալ սերունդի մը ակնարկեց (կարդալ՝ Ծննդոց 12։7. 22։15-18Ան Աբրահամին ընդարձակուած խոստում մը տուաւ։ «Քու սերունդովդ» արտայայտութիւնը յստակօրէն ցոյց տուաւ, թէ Սերունդը պիտի գար որպէս մարդկային արարած, Աբրահամի շառաւիղէն։ Կրնանք վստահ ըլլալ, թէ Սատանան մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւէր, երբ այս մանրամասնութիւնը յայտնուեցաւ։ Անտարակոյս, այդ Հակառակորդը ուզեց Աբրահամի զարմը բնաջնջել կամ ապականել, որպէսզի Աստուծոյ նպատակը խափանէ։ Բայց այսպիսի բան մը անկարելի էր, քանի որ Աստուծոյ անտեսանելի հոգին գործի լծուած էր։ Ի՞նչ կերպերով։

5, 6. Եհովա ինչպէ՞ս իր հոգին գործածեց՝ պաշտպանելու այն անհատները, որոնցմէ Սերունդը պիտի գար։

5 Եհովա իր հոգին գործածեց՝ պաշտպանելու այն անհատները, որոնցմէ Սերունդը պիտի գար։ Եհովա Աբրամի (Աբրահամ) ըսաւ. «Ես քեզի վահան եմ» (Ծն. 15։1)։ Այս խօսքը սին չէր։ Օրինակ՝ նկատի առ թէ շուրջ մ.թ.ա. 1919–ին ի՛նչ տեղի ունեցաւ, երբ Աբրահամ ու Սառա Գերարայի մէջ առժամեայ բնակեցան։ Չգիտնալով թէ Սառա Աբրահամի կինն էր, Գերարայի թագաւորը՝ Աբիմելէք, Սառան առաւ որ իր կինը ըլլայ։ Արդեօք Սատանան վարագոյրին ետեւ կ’աշխատէ՞ր, փորձելով արգելք հանդիսանալ, որ Սառա Աբրահամէ զաւակ ունենայ։ Աստուածաշունչը բան մը չ’ըսեր։ Սակայն անիկա մեզի կը նշէ, թէ Եհովա միջամտեց։ Երազի մը մէջ, ան Աբիմելէքը ազդարարեց որ Սառայի չդպչի (Ծն. 20։1-18

6 Ասիկա պարզապէս անջատ միջադէպ մը չէր։ Եհովա քանի մը առիթներով Աբրահամն ու անոր ընտանիքի անդամները ազատեց (Ծն. 12։14-20. 14։13-20. 26։26-29)։ Հետեւաբար, Աբրահամի եւ իր սերունդին նկատմամբ սաղմոսերգուն կրնար ըսել. «Անիկա [Եհովա] մէկո՛ւն թող չտուաւ, որ զանոնք նեղէ. թագաւորներ ալ յանդիմանեց անոնց համար, ըսելով. ‘Իմ օծեալներուս մի՛ դպչիք ու իմ մարգարէներուս չարութիւն մի՛ ընէք’» (Սաղ. 105։14, 15

7. Եհովա ի՞նչ կերպերով իսրայէլ ազգը պաշտպանեց։

7 Իր հոգիին միջոցաւ, Եհովա պաշտպանեց վաղեմի իսրայէլ ազգը, որուն մէջ խոստացեալ Սերունդը պիտի ծնէր։ Եհովա իր հոգիին միջոցաւ իսրայէլի տուաւ Օրէնքը, որ ճշմարիտ պաշտամունքը պահպանեց ու հրեաները պաշտպանեց հոգեւոր, բարոյական եւ ֆիզիքական ապականութենէ (Ել. 31։18. Բ. Կոր. 3։3)։ Դատաւորներուն ժամանակ, Եհովայի հոգին որոշ տղամարդիկ զօրացուց, որպէսզի իսրայէլը իր թշնամիներուն ձեռքէն փրկեն (Դատ. 3։9, 10)։ Աբրահամի սերունդին գլխաւոր մասին՝ Յիսուսի ծնունդին նախորդող դարերուն ընթացքին, սուրբ հոգին պարփակուած ըլլալու էր պաշտպանելու մէջ Երուսաղէմը, Բեթլեհէմն ու տաճարը, որոնք Յիսուսի վերաբերող մարգարէութիւններուն կատարման մէջ բաժին պիտի բերէին։

8. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ սուրբ հոգին ուղղակի կապ ունէր Աստուծոյ Որդւոյն կեանքին ու ծառայութեան հետ։

8 Սուրբ հոգին ուղղակի կապ ունէր Յիսուսի կեանքին ու ծառայութեան հետ։ Կոյս Մարիամի արգանդին մէջ ներգործելով, սուրբ հոգին իրագործեց բան մը, որ ո՛չ առաջ եւ ոչ ետքը տեղի ունեցաւ։ Անիկա պատճառ եղաւ որ անկատար կին մը յղանալով կատարեալ Որդի մը ծնանի, որ մահուան պատիժին ենթակայ չէր (Ղուկ. 1։26-31, 34, 35)։ Յետագային, հոգին Յիսուս մանուկը պաշտպանեց կանխահաս մահէ (Մատ. 2։7, 8, 12, 13)։ Երբ Յիսուս մօտ 30 տարեկան էր, Աստուած զինք սուրբ հոգիով օծեց, զինք նշանակելով որ Դաւիթի գահը ժառանգէ եւ յանձնարարելով որ քարոզէ (Ղուկ. 1։32, 33. 4։16-21)։ Սուրբ հոգին Յիսուսը զօրացուց որ հրաշքներ գործէ, ի ներառեալ՝ հիւանդներ բուժել, ամբոխներ կերակրել ու մեռելներ յարուցանել։ Այսպիսի հզօր արարքներ նախանմոյշներ էին այն օրհնութիւններուն, զորս Յիսուսի թագաւորական իշխանութեան ներքեւ կրնանք ակնկալել։

9, 10. ա) Սուրբ հոգին ինչպէ՞ս Յիսուսի առաջին դարու աշակերտներուն վրայ էր։ բ) Մ.թ. առաջին դարուն, Եհովայի նպատակին իրագործման մէջ ի՞նչ զարգացում յայտնուեցաւ։

9 Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէէն սկսեալ, Եհովա իր հոգին գործածեց Աբրահամի սերունդին երկրորդական մասը օծելու, որոնցմէ շատեր Աբրահամի շառաւիղէն չէին (Հռով. 8։15-17. Գաղ. 3։29)։ Բացորոշ էր որ սուրբ հոգին Յիսուսի առաջին դարու աշակերտներուն վրայ էր, զիրենք կարող դարձնելով որ նախանձախնդրութեամբ քարոզեն ու հզօր գործեր կատարեն (Գործք 1։8. 2։1-4. Ա. Կոր. 12։7-11)։ Այդ հրաշալի պարգեւներուն միջոցաւ, սուրբ հոգին յայտնեց Եհովայի նպատակին իրագործման մէջ ուշագրաւ զարգացում մը։ Եհովա այլեւս չէր գործածեր պաշտամունքի այն դարաւոր կարգադրութիւնը, որ Երուսաղէմի տաճարին վրայ կեդրոնացած էր։ Անոր հաճութիւնը նորակազմ քրիստոնէական ժողովքին վրայ եղաւ։ Անկէ ի վեր, Եհովա այս օծեալ ժողովքը գործածած է, որպէսզի իր նպատակին ծառայէ։

10 Պաշտպանել, զօրացնել, օծել,– ասոնք միայն քանի մը կերպեր են, որոնցմով Եհովա աստուածաշնչական ժամանակներուն սուրբ հոգին գործածեց, որպէսզի իր նպատակը շարունակէ ուղղուիլ դէպի իրագործում։ Սակայն ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր օրերուն մասին։ Եհովա ի նպաստ իր նպատակին ինչպէ՞ս իր հոգին կը գործածէ։ Հարկ է որ գիտնանք, քանի որ կ’ուզենք հոգիին հետ ներդաշնակ գործել։ Ուստի նկատի առնենք չորս կերպեր, որոնցմով Եհովա ներկայիս իր հոգին կը գործածէ։

Սուրբ հոգիին դերը՝ ներկայիս

11. Ի՞նչ բան կը յայտնէ, թէ սուրբ հոգին Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ մաքրութեան նպաստող ոյժ մըն է, եւ ինչպէ՞ս կրնաս ցոյց տալ, թէ հոգիին հետ կը համագործակցիս։

11 Առաջին, սուրբ հոգին մաքրութեան նպաստող ոյժ մըն է Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ։ Անոնք որոնք Եհովայի նպատակին մէջ դեր մը կը խաղան, բարոյապէս մաքուր պէտք է ըլլան (կարդալ՝ Ա. Կորնթացիս 6։9-11Ճշմարիտ քրիստոնեաներէն ոմանք նախապէս պոռնիկներ, շնացողներ ու միասեռականներ էին։ Մեղաւոր արարքներու ծնունդ տուող ցանկութիւնները կրնան խորապէս արմատանալ (Յակ. 1։14, 15)։ Այսուհանդերձ, այսպիսիներ ‘լուացուեցան’, Աստուած հաճեցնելու հարկ եղած փոփոխութիւնները կատարելով։ Ի՞նչ բան աստուածասէր անհատ մը կարող կը դարձնէ, որ յաջողութեամբ սխալ ցանկութիւններու դրդումին դիմադրէ։ «Մեր Աստուծոյն Հոգիովը», կ’ըսէ Ա. Կորնթացիս 6։11–ը։ Բարոյապէս մաքուր մնալով, ցոյց կու տաս թէ կը թոյլատրես, որ այդ հոգին կեանքիդ մէջ տիրական ոյժ մը ըլլայ։

12. ա) Եզեկիէլի տեսիլքին համաձայն, Եհովա իր կազմակերպութիւնը ինչպէ՞ս կ’առաջնորդէ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնաս ցոյց տալ, թէ հոգիին հետ ներդաշնակ կը գործես։

12 Երկրորդ, Եհովա իր հոգին կը գործածէ իր կազմակերպութիւնը առաջնորդելու այն ուղղութեամբ, որ ինք կ’ուզէ։ Եզեկիէլի տեսիլքին մէջ, Եհովայի կազմակերպութեան երկնային մասը նկարագրուած է որպէս երկնային կառք մը, որ անդիմադրելիօրէն կը յառաջանայ Եհովայի նպատակը իրագործելու համար։ Ի՞նչ բան կառքը կը մղէ որոշ ուղղութեամբ ընթանալու։ Սուրբ հոգին (Եզեկ. 1։20, 21)։ Մտաբերենք, թէ Եհովայի կազմակերպութիւնը երկու մասերէ կը բաղկանայ. մէկը՝ երկինքը, իսկ միւսը՝ երկրի վրայ։ Եթէ երկնային մասը սուրբ հոգիով կ’առաջնորդուի, պարագան նոյնը պէտք է ըլլայ երկրային մասին։ Աստուծոյ կազմակերպութեան երկրային մասէն ստացուած ուղղութեան հնազանդ ու հաւատարիմ ըլլալով, ցոյց կու տաս թէ Եհովայի երկնային կառքին հետ քայլ կը պահես եւ իր սուրբ հոգիին հետ ներդաշնակ կը գործես (Եբ. 13։17

13, 14. ա) Որո՞նք կը կազմեն Յիսուսի նշած ‘այս սերունդը’։ բ) Օրինակ մը տուր, որ կ’ապացուցանէ թէ սուրբ հոգին կ’օգնէ աստուածաշնչական ճշմարտութիւններուն վրայ լոյս սփռելու (տե՛ս «Հետզհետէ աւելցող լոյսին հետ քայլ կը պահե՞ս» շրջանակը)։

13 Երրորդ, սուրբ հոգին կ’օգնէ աստուածաշնչական ճշմարտութիւններուն վրայ լոյս սփռելու (Առ. 4։18)։ «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» երկար ատենէ ի վեր այս պարբերաթերթը կը գործածէ որպէս յաւելեալ լոյս մատակարարելու գլխաւոր խողովակը (Մատ. 24։45)։ Օրինակ՝ նկատի առ Յիսուսի նշած «այս ազգը», կամ սերունդը, կազմողներուն մասին մեր հասկացողութիւնը (կարդալ՝ Մատթէոս 24։32-34Յիսուս ո՞ր սերունդին ակնարկեց։ «Քրիստոսի ներկայութիւնը՝ քեզի համար ի՞նչ նշանակութիւն ունի» յօդուածը բացատրեց, թէ Յիսուս կ’ակնարկէր ո՛չ թէ չարերուն, այլ՝ իր աշակերտներուն, որոնք շուտով սուրբ հոգիով պիտի օծուէին։ * Յիսուսի օծեալ հետեւորդները, թէ՛ առաջին դարուն եւ թէ մեր օրերուն, ո՛չ միայն նշանը պիտի տեսնէին, այլ նաեւ՝ անոր նշանակութիւնը պիտի զատորոշէին,– թէ Յիսուս «մօտ է դռներուն քով»։

14 Այս բացատրութիւնը մեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ։ Թէեւ ‘այս սերունդին’ ճշգրիտ տեւողութիւնը չենք կրնար չափել, բայց լաւ կ’ընենք որ «սերունդ» բառին նկատմամբ քանի մը բան ի մտի ունենանք. անիկա սովորաբար կ’ակնարկէ տարբեր տարիքի պատկանող մարդոց, որոնք որոշ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին կ’ապրին, անիկա չափազանց երկար չէ եւ վերջ ունի (Ել. 1։6)։ Ուստի ‘այս սերունդին’ մասին Յիսուսի խօսքերը ինչպէ՞ս պէտք է հասկնանք։ Ակներեւօրէն, ան ըսել ուզեց թէ այն օծեալները, որոնք 1914–ին ողջ էին երբ նշանը սկսաւ բացայայտ դառնալու, ժամանակակից պիտի ըլլային ուրիշ օծեալներու, որոնք մեծ նեղութեան սկսիլը պիտի տեսնէին։ Այդ սերունդը սկիզբ ունէր, եւ վստահաբար վերջ պիտի ունենայ։ Նշանին այլազան երեսակներուն կատարումը յստակօրէն կը նշէ, թէ նեղութիւնը մօտ պէտք է ըլլայ։ Հրատապութեան զգացումդ պահպանելով եւ արթուն մնալով, ցոյց կու տաս թէ յաւելեալ լոյսին հետ քայլ կը պահես ու սուրբ հոգիին առաջնորդութեան կը հետեւիս (Մար. 13։37

15. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ սուրբ հոգին է որ մեզ կը զօրացնէ բարի լուրը յայտարարելու։

15 Չորրորդ, սուրբ հոգին մեզ կը զօրացնէ, որ բարի լուրը յայտարարենք (Գործք 1։8)։ Ուրիշ ի՞նչ բան կրնայ բացատրել բարի լուրին քարոզուիլը համայն աշխարհի մէջ։ Պահ մը անոր մասին խորհէ։ Թերեւս ատենօք չափազանց ամչկոտ կամ վախկոտ ըլլալով, միտքէդ կ’անցընէիր. ‘Ես երբեք պիտի չկարենամ տունէ տուն քարոզել’։ Այսուհանդերձ, այժմ նախանձախնդրութեամբ այդ գործին կը մասնակցիս։ * Հակառակութեան կամ հալածանքին ներքեւ, Եհովայի հաւատարիմ Վկաներէն շատեր շարունակած են քարոզել։ Միայն Աստուծոյ սուրբ հոգին կրնայ մեզ զօրացնել, որ վհատեցուցիչ խոչընդոտներ յաղթահարենք ու մեր ուժով անկարելի եղող բաներ իրագործենք (Միք. 3։8. Մատ. 17։19)։ Քարոզչութեան լիովին մասնակցելով, ցոյց կու տաս թէ այդ հոգիին հետ կը համագործակցիս։

Սուրբ հոգիին դերը՝ ապագային

16. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, թէ Եհովա մեծ նեղութեան ընթացքին իր ժողովուրդը պիտի պաշտպանէ։

16 Ապագային, Եհովա իր սուրբ հոգին արտակարգ կերպերով պիտի գործածէ՝ իր նպատակը իրագործելու։ Նա՛խ նկատի առ պաշտպանութեան հարցը։ Ինչպէս տեսանք, անցեալին Եհովա իր հոգին գործածեց՝ անհատներ եւ ամբողջ իսրայէլ ազգը պաշտպանելու։ Ուստի ամէն պատճառ ունինք հաւատալու, թէ ան նոյն հզօր հոգին պիտի գործածէ մօտալուտ մեծ նեղութեան ընթացքին իր ժողովուրդը պաշտպանելու։ Պէտք չունինք ենթադրելու, թէ Եհովա այն ատեն ճիշդ ինչպէ՛ս հոգ պիտի տանի մեզի։ Փոխարէն, կրնանք վստահութեամբ ապագային նայիլ, գիտնալով թէ Եհովան սիրողները երբեք իր տեսողութենէն կամ իր սուրբ հոգիին հասողութենէն հեռու պիտի չըլլան (Բ. Մն. 16։9. Սաղ. 139։7-12

17. Նոր աշխարհին մէջ Եհովա իր սուրբ հոգին ինչպէ՞ս պիտի գործածէ։

17 Եհովա իր սուրբ հոգին ինչպէ՞ս պիտի գործածէ նոր աշխարհին մէջ։ Այդ հոգին պիտի ըլլայ ուժը նոր գրքերուն ետին, որոնք այդ ժամանակ պիտի բացուին (Յայտ. 20։12)։ Անոնք ի՞նչ պիտի բովանդակեն։ Բացայայտօրէն, մեզի համար Եհովայի մանրամասն պահանջները հազար տարուան ընթացքին։ Կ’ակնկալե՞ս այդ գրքերուն բովանդակութիւնը քննել։ Անձկալից կը սպասենք այդ նոր աշխարհին։ Չենք կրնար նոյնիսկ երեւակայել, թէ հոն կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ, երբ Եհովա իր սուրբ հոգին պիտի գործածէ՝ երկրագունդի ու մարդկութեան նկատմամբ իր նպատակը իրագործելու։

18. Հաստատօրէն ի՞նչ վճռած ես ընել։

18 Բնաւ չմոռնանք, թէ Եհովայի աստիճանաբար յայտնուող նպատակը անպայման պիտի յաջողի, քանի որ զայն իրագործելու համար կը գործածէ իր սուրբ հոգին,– տիեզերքի հզօրագոյն ուժը։ Այդ նպատակը քեզ կը պարփակէ։ Ուստի հաստատօրէն վճռէ Եհովայէ իր հոգին հայցել, եւ անոր առաջնորդութեան հետ ներդաշնակ գործէ (Ղուկ. 11։13)։ Այսպէս, մարդոց համար Եհովայի նպատակադրած կեանքի հեռանկարը կրնաս ունենալ,– դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 15 Չափազանց ամչկոտութիւնը յաղթահարած եւ ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր դարձած անհատի մը օրինակը նկատի առնելու համար, տե՛ս Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր 1993 թիւը, էջ 31։

Կը յիշե՞ս

• Աստուածաշնչական ժամանակներուն, Եհովա իր սուրբ հոգին ի՞նչ կերպերով գործածեց՝ իր նպատակը յառաջ տանելու։

• Եհովա ներկայիս իր հոգին ինչպէ՞ս կը գործածէ։

• Ապագային Եհովա ինչպէ՞ս իր հոգին պիտի գործածէ՝ իր նպատակը իրագործելու։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 22]

Հետզհետէ աւելցող լոյսին հետ քայլ կը պահե՞ս

Եհովա կը շարունակէ իր ժողովուրդին վրայ լոյս սփռել։ Դիտարան–ին մէջ հրատարակուած ճշդումներէն ոմանք ի՞նչ են։

▪ Թթխմորին առակը՝ հոգեւոր աճման նկատմամբ ի՞նչ դրական դաս մը կ’ընդգծէ (Մատ. 13։33. 1 յուլիս 2008, էջ 29-30

▪ Քրիստոնեաները երկնային յոյսի կանչելը ե՞րբ կը դադրի (1 մայիս 2007, էջ 30-31, անգլերէն)։

▪ Ի՞նչ կը նշանակէ՝ Եհովան «հոգիով» պաշտել (Յովհ. 4։24. 1 օգոստոս 2002, էջ 11

▪ Մեծ բազմութիւնը ո՞ր գաւիթին մէջ կը ծառայէ (Յայտ. 7։15. 1 մայիս 2002, էջ 30-31, անգլերէն)։

▪ Ոչխարներուն եւ այծերուն զատումը ե՞րբ տեղի կ’ունենայ (Մատ. 25։31-33. 1 յունուար 1996, էջ 22-31