Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը Աստուծոյ խօ՞սքն է

Աստուածաշունչը Աստուծոյ խօ՞սքն է

Աստուածաշունչը Աստուծոյ խօ՞սքն է

«Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած» (Բ. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 3։16, 17

ՊՕՂՈՍ առաքեալի կողմէ ի՜նչ զօրաւոր արտայայտութիւն մը Աստուածաշունչին գերազանց արժէքին մասին։ Անշուշտ, ան յատկապէս կ’ակնարկէր իր օրերուն մատչելի եղող Աստուածաշունչի այն գրութիւններուն, զորս ներկայիս շատեր կը կոչեն Հին Կտակարան։ Բայց սկզբունքով, անոր խօսքերը կը կիրարկուին Աստուածաշունչի 66 գիրքերուն, ի ներառեալ՝ մ.թ. առաջին դարուն Յիսուսի հաւատարիմ աշակերտներուն գրած գրութիւնները։

Պօղոսի նման Աստուածաշունչը մեծապէս կ’արժեւորե՞ս։ Կը խորհի՞ս թէ Աստուածաշունչը գրողները իրապէս Աստուծմէ ներշնչուած էին։ Առաջին դարու քրիստոնեաները այդպէս համոզուած էին։ Եւ այս հաւատալիքը յաջորդ դարերուն ընթացքին երբեք չխախտեցաւ։ Օրինակ՝ 14–րդ դարու անգլիացի կղերական Ճոն Ուիքլիֆ, Աստուածաշունչը նկատեց «ճշմարտութեան անսխալական կանոնը»։ Երկ մը, Պօղոսի վերոնշեալ խօսքերուն մասին մեկնաբանելով, կը նշէ թէ աստուածային «ներշնչումը կ’երաշխաւորէ, թէ Աստուածաշունչի բոլոր արտայայտութիւնները ճշմարիտ են» (The New Bible Dictionary

Աստուածաշունչի հանդէպ փոխուած կեցուածքներ

Սակայն վերջերս, Աստուածաշունչի հեղինակութեան հանդէպ վստահութիւնը նուազած է։ Ձեռագիրք մը (The World’s Religions) կ’ըսէ. «Տեսականօրէն, բոլոր քրիստոնեաները [տակաւին] Աստուածաշունչը կ’ընդունին որպէս հեղինակաւոր, թէ՛ իրենց արարքները ուղղելու եւ թէ իրենց հաւատալիքները կազմելու համար»։ Սակայն գործնականօրէն, պարագան այլեւս այդպէս չէ։ Այժմ շատեր Աստուածաշունչը կը նկատեն «անվստահելի մարդկային աւանդութիւն»։ Ընդունելով հանդերձ թէ Աստուածաշունչը գրողները զօրաւոր հոգեւորութիւն ունէին, անոնք այս գրողները կը նկատեն սխալական մարդիկ, որոնք ջանացին հոգեւոր խոր ճշմարտութիւններ բացատրել առանց այժմու գիտութիւնն ու լուսաւորումը ունենալու։

Իրականութեան մէջ, ներկայիս շատ քիչեր իսկապէս թոյլ կու տան Աստուածաշունչին, որ իրենց խորհուրդներն ու արարքները առաջնորդէ։ Օրինակ՝ ո՞րքան յաճախ կը լսես ոմանց խօսքը, թէ բարոյականութեան շուրջ Աստուածաշունչի չափանիշները հնաձեւ եւ անգործնական են։ Շատեր ազատ կը զգան աստուածաշնչական օրէնքներն ու չափանիշները մեղմացնելու,– կամ նոյնիսկ զանոնք ամբողջովին անտեսելու, երբ ասիկա ընելը թուի նպաստաւոր ըլլալ։ Կարգ մը դաւանեալ քրիստոնեաներ բացայայտօրէն կ’անտեսեն ի՛նչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ պոռնկութեան, շնութեան, անպարկեշտութեան ու գինովութեան մասին (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10

Ինչո՞ւ կացութիւնը այդպէս է։ 20–րդ դարու սկիզբը, հնագէտ Սըր Չարլզ Մարսթըն պատճառ մը բնորոշեց իր մէկ գրքին մէջ (The Bible Is True)։ Ան ըսաւ որ մարդիկ արագօրէն եւ «առանց տրտունջի ընդունեցին արդի գրողներու շատ մը ենթադրութիւնները», որոնք Աստուածաշունչի ուղղամտութիւնը հարցականի տակ դրին։ Արդեօք պարագան տակաւի՞ն նոյնն է։ Ինչպէ՞ս պէտք է նկատես Աստուածաշունչի հանդէպ վստահութիւնը տկարացնող ուսումնականներու կարծիքներն ու տեսութիւնները։ Նկատի առ թէ յաջորդ յօդուածը ասոր նկատմամբ ի՛նչ կ’ըսէ։