Աստուածաշունչը իրապէս Աստուծոյ ներշնչեալ խօսքն է
Աստուածաշունչը իրապէս Աստուծոյ ներշնչեալ խօսքն է
ՊՕՂՈՍ առաքեալ ճիշդ ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ թէ Սուրբ Գիրքը «Աստուծոյ շունչն է» (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Պօղոս, որ յունարէն լեզուով կը գրէր, գործածեց բառ մը, որ բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «Աստուծմէ շունչ փչուած»։ Ասով Պօղոս ըսել ուզեց, թէ Աստուած իր սուրբ հոգիին միջոցաւ Աստուածաշունչի գրողները առաջնորդեց, որ միայն իր ուզած բաները գրեն։
Աստուածաշունչի գրողները Աստուծոյ կողմէ «խօսեցան՝ մղուած Սո՛ւրբ Հոգիէն», ըսաւ Պետրոս առաքեալ Բ. Պետրոս 1։21, ԱԾ)։ Ուստի Պօղոս առաքեալ կրնար նաեւ Աստուածաշունչի գրքերը նկարագրել որպէս «Սուրբ գիրքերը, որոնք զօրութիւնը ունին քու միտքդ իմաստութեան բանալու՝ որպէսզի Քրիստոս Յիսուսի հաւատաս եւ փրկուիս» (Բ. Տիմոթէոս 3։15, Անթիլիաս)։
(Շատեր կը պնդեն, թէ Աստուած Աստուածաշունչին հեղինակը չէ։ Քննադատներ Աստուածաշունչի ուղղամտութեան վրայ դաժան յարձակումներ կատարած են,– յաճախ «Աստուածաշունչի պատմութիւնը արհամարհել»ով, ինչպէս հնագէտ Սըր Չարլզ Մարսթըն նշեց։ Ոմանք զայն զանց կ’ընեն, «առասպելներու եւ հեքիաթներու հին հաւաքածոյ մը» սեպելով։
Նկատի առ ապացոյցները
Արդ, կրնա՞ս Աստուածաշունչին վստահիլ։ Կարեւոր է որ այս հարցին շուրջ շիտակ որոշում կայացնես։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ եթէ Աստուածաշունչը իսկապէս Աստուծոյ կողմէ պատգամ մը կը հաղորդէ, զայն անտեսելը անմտութիւն պիտի ըլլայ, նոյնիսկ՝ մահաբեր։ Եթէ զայն սեպես մարդոց խօսքերը եւ ոչ թէ Աստուծոյ Խօսքը, արարքներդ առաջնորդելու եւ հաւատալիքներդ կաղապարելու մէջ անոր իսկական ազդեցութիւնը մեծապէս պիտի տկարանայ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13)։
Ինչպէ՞ս կրնաս որոշել։ Լաւ, ինչպէ՞ս կ’որոշես թէ անհատի մը կրնա՛ս վստահիլ կամ ոչ։ Մէկ բան ստոյգ է։ Շատ դժուար է իրապէս վստահիլ անհատի մը, որուն մասին շատ քիչ բան գիտես։ Միայն երբ կը սկսիս անհատ մը մօտէն ճանչնալ, ժամանակի ընթացքին կը գիտնաս թէ իսկապէս պարկեշտ ու վստահելի՛ է կամ ոչ։ Նոյն կերպով կրնաս Աստուածաշունչը ճանչնալ։ Առանց քննելու մի՛ ընդունիր ենթադրական կամ նախապաշարուած տեսութիւններ, որոնք Աստուածաշունչին հանդէպ վստահութիւնը կը տկարացնեն։ Ժամանակ յատկացուր, որպէսզի նկատի առնես այն ապացոյցները, որոնք կը հաստատեն Սուրբ Գիրքին դաւանութիւնը, թէ «Աստուծոյ շունչն է»։
Յարձակումներ՝ «բարեկամներէ»
Մի՛ զարմանար այն իրողութենէն թէ ոմանք, որոնք իրենք զիրենք Աստուածաշունչին «բարեկամներ» կը նկատեն, անոր վաւերականութեան
ու վստահելիութեան վրայ յարձակում կը գործեն։ Ներկայիս, Աստուածաշունչի մեկնաբաններուն մեծամասնութիւնը, քրիստոնեայ ըլլալ դաւանելով հանդերձ, «Սուրբ Գրութիւններուն մասին պիտի խօսի միայն որպէս մարդկային արձանագրութիւն մը», կ’ըսէ երկ մը (New Dictionary of Theology)։Բազմաթիւ աստուածաբաններ հարցականի տակ կը դնեն Աստուածաշունչի գիրքերուն գրողներուն ինքնութիւնը։ Օրինակ՝ ոմանք կ’ըսեն թէ Եսայի մարգարէն չգրեց Եսայիի գիրքը։ Անոնք կը նշեն թէ Աստուածաշունչի այս գիրքը Եսայիի ժամանակէն շա՜տ ետք գրուեցաւ։ Լոթըր Քլարքի կողմէ լոյս տեսած գիրք մը (Concise Bible Commentary) կը պնդէ, թէ անիկա «շատ մը մտաւորականներու եւ սերունդներու արտադրութիւնն» է։ Բայց այսպիսի հաստատումներ նկատի չեն առներ, թէ Յիսուս Քրիստոս եւ իր աշակերտները յաճախ նշեցին, որ այս գիրքը գրողը Եսային էր (Մատթէոս 3։3. 15։7. Ղուկաս 4։17. Յովհաննէս 12։38-41. Հռովմայեցիս 9։27, 29)։
Աւելի վատը, Աստուածաշունչին քննադատները, ինչպէս՝ մեկնաբան Ճ. Ռ. Տամըլօ, կ’ըսեն թէ Դանիէլի գրքին բովանդակած մարգարէութիւնները «արդարեւ տեղի ունեցած պատմական իրադարձութիւններ են, զորս հեղինակը նախագուշակութեան ոճով ներկայացուցած է»։ Այսպէս անոնք անգամ մը եւս Յիսուս Քրիստոսի վկայութիւնը կ’անտեսեն։ Ան ուշադրութեան յանձնեց «աւերմունքին պղծութիւնը՝ որ Դանիէլ մարգարէին միջոցով ըսուած է» (Մատթէոս 24։15)։ Տրամաբանակա՞ն է որ քրիստոնեայ մը հաւատայ, թէ Յիսուս Քրիստոս խաբէութեան մը մեղսակից եղած է,– թիկունք կանգնած է պատմութեան մը, որ մարգարէութեան երեւոյթը ունի։ Վստահաբար ո՛չ։
Տարբերութիւն կ’ընէ՞
Սակայն թերեւս հարց տաս. «Իրապէս տարբերութիւն կ’ընէ՞, թէ Աստուածաշունչի գրքերը որո՛նք գրած են»։ Արդարեւ հսկայ տարբերութիւն կ’ընէ։ Ո՞րքան արժէք կու տաս փաստաթուղթի մը, որ կ’ենթադրուէր բարեկամի մը վերջին կտակը ըլլալ, եթէ ի յայտ գայ թէ ան չէր զայն գրողը։ Եթէ մասնագէտներ քեզի ըսեն, թէ անիկա կեղծիք մըն է,– բարենպատակ բարեկամներ գրած են ի՛նչ որ կը կարծէին բարեկամիդ փափաքները ըլլալ,– զայն անարժէք չե՞ս նկատեր։ Վստահութիւն կ’ունենա՞ս, թէ անիկա իրապէս բարեկամիդ փափաքները կը հաղորդէ։
Նոյնը կրնայ ըսուիլ Աստուածաշունչին մասին։ Զարմանալի չէ որ շատեր,– նոյնիսկ դաւանեալ քրիստոնեաներ,– չեն վարանիր անտեսելու ի՛նչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ պարկեշտութեան, սեռային բարոյականութեան եւ այլ նիւթերու շուրջ։ Ո՜րքան յաճախ լսած ես, որ մարդիկ արհամարհանքով կ’ըսեն. «Բայց ասիկա Հին Կտակարանին մէջ նշուած է»,– ցոյց տալով թէ անիկա չնչին արժէք մը կը ներկայացնէ,– հակառակ այն իրողութեան, որ Պօղոս առաքեալ այդպէս կոչուած Հին Կտակարանը նկարագրեց որպէս «Աստուծոյ շունչ»ով գրուած «սուրբ գրքեր»։
Թերեւս առարկես. «Վստահաբար բոլոր մասնագէտներուն եւ ուսումնականներուն ներկայացուցած ապացոյցները չէք կրնար անտեսել»։ Անշուշտ չենք կրնար։ Օրինակ՝ պարտական ենք այն պարկեշտ ուսումնականներուն, որոնք մեզի օգնած են Աստուածաշունչի բնագիրը բնորոշելու։ Բացայայտօրէն, Աստուածաշունչին մէջ աննշան սխալներ սպրդեցան, մինչ դարերու ընթացքին կրկին անգամ ընդօրինակուեցաւ։ Սակայն յիշէ. մեծ տարբերութիւն կայ՝ ընդօրինակուած մագաղաթներուն մէջ աննշան սխալներ սպրդիլը
ընդունելուն եւ ամբողջ Աստուածաշունչը որպէս մարդկային գրութիւն զանց ընելուն միջեւ։«Սուրբ գրքեր»ուն հանդէպ հաւատք պահպանէ
Աստուածաշունչը Աստուծմէ ներշնչուած ըլլալը նշելէ առաջ, Պօղոս Տիմոթէոսի ըսաւ թէ ինչո՛ւ այս ներշնչեալ արձանագրութիւնը կենսական էր։ Ան ըսաւ. «Վերջին օրերը. . . չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան՝ մոլորեցնելով ու մոլորելով» (Բ. Տիմոթէոս 3։1, 13)։ Արդէն Պօղոսի օրերուն, երեւութապէս ‘իմաստուններ ու հանճարեղներ’ «սուտ խօսքերով» մարդիկը կը մոլորեցնէին ու Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ անոնց հաւատքը կը տկարացնէին (Ա. Կորնթացիս 1։18, 19. Կողոսացիս 2։4, 8)։ Անոնց ազդեցութենէն պաշտպանուելու համար, Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսը յորդորեց, որ ‘հաստատուն կենայ այն բաներուն մէջ, զորս իր մանկութենէն ի վեր սորվեցաւ’ ներշնչեալ «սուրբ գրքեր»ուն միջոցաւ (Բ. Տիմոթէոս 3։14, 15)։
Քեզի համար նոյնքան կարեւոր է ասիկա ընելը այս «վերջին օրեր»ուն ընթացքին։ Չափազանց խորամանկ անհատներու ներկայացուցած համոզիչ փաստարկութեամբ մոլորուելու վտանգը մի՛ թերագնահատեր։ Փոխարէն, առաջին դարու քրիստոնեաներուն նման, դուն քեզ պաշտպանէ, ամբողջովին ապաւինելով այն բաներուն վրայ, զորս կը սորվիս Աստուածաշունչէն, որ իրապէս Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքն է։
Եհովայի վկաները սիրով պիտի փափաքին քեզի օգնել, որ Աստուածաշունչին հանդէպ հաւատք կերտես։ Անոնք կրնան քեզի ցոյց տալ, զոր օրինակ, թէ Աստուածաշունչի սկզբունքները ինչպէ՛ս ամբողջ պատմութեան ընթացքին բացարձակապէս վստահելի եղած են, թէ Աստուածաշունչը ինչպէ՛ս գիտութեան հետ համաձայն է՝ երբ գիտական նիւթեր կը նշէ, թէ ինչպէ՛ս ամբողջովին ներդաշնակ է՝ սկիզբէն մինչեւ վերջ, թէ անոր մարգարէութիւնները ինչպէ՛ս անսխալօրէն կատարուած են,– եւ շա՜տ ուրիշ բաներ։ Եթէ կը փափաքիս, կրնաս այս պարբերաթերթին հրատարակիչներուն գրել, խնդրելով տեղեկութիւններ, որոնք միլիոնաւոր պարկեշտամիտ անհատներու օգնած են տեսնելու, թէ Աստուածաշունչը իրապէս Աստուծոյ Խօսքն է։
[Մէջբերում՝ էջ 5]
Ինչպէ՞ս կ’որոշես թէ անհատի մը կրնա՛ս վստահիլ կամ ոչ
[Մէջբերում՝ էջ 6]
Մենք պարտական ենք այն պարկեշտ ուսումնականներուն, որոնք օգնած են Աստուածաշունչի բնագիրը հաստատելու