Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Յիսուս ինչո՞ւ ըսաւ թէ «մէկը նոր գինին հին տիկերու մէջ չի դներ»։

Աստուածաշունչի ժամանակներուն, կենդանիներու ամբողջական մորթին մէջ գինի մթերելը սովորական բան մըն էր (Յեսու 9։13)։ Տիկերը կը պատրաստուէին ընտանի անասուններու մորթով, ինչպէս՝ ուլի կամ այծի մորթը։ Տիկ շինելու համար, անասունին գլուխն ու ոտքերը կը կտրէին, ապա զգուշութեամբ մորթը կը հանէին, առանց փորը բանալու։ Յետոյ մորթը կ’աղաղէին եւ բոլոր բացուածքները կը կարէին, բացի վիզէն կամ մէկ ոտքէն, որպէսզի տիկին բերանը ըլլար։ Իսկ այս բացուածքը խիցով կամ պարանի հանգոյցով կը գոցուէր։

Ժամանակի ընթացքին, մորթը կը կարծրանար եւ իր առաձգականութիւնը կը կորսնցնէր։ Հետեւաբար հին տիկերը անյարմար կ’ըլլային նոր գինին պահելու, որ կը շարունակէ խմորուիլ։ Այդ խմորումը հաւանաբար պիտի ճեղքէր հին տիկերուն կարծրացած կաշին։ Միւս կողմէ, նոր մորթերը աւելի ճկուն ըլլալով՝ կրնային նոր գինիին շարունակական խմորման պատճառած ճնշումին դիմանալ։ Ասոր համար Յիսուս նշեց իրողութիւն մը, որ իր ժամանակակիցներուն ծանօթ էր։ Ան խօսեցաւ թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ եթէ անհատ մը նոր գինին հին տիկերու մէջ դնէ. «Նոր գինին տիկերը կը պատռէ, ինք կը թափի ու տիկերը կը կորսուին. հապա նոր գինին նոր տիկերու մէջ դնելու է» (Ղուկաս 5։37, 38

Որո՞նք էին «սրիկայ մարդիկ»ը, որոնց ակնարկութիւն եղաւ, երբ հռոմայեցիները ձերբակալեցին Պօղոսը։

Գործք Առաքելոց գիրքին համաձայն, երբ Երուսաղէմի տաճարին մէջ խառնաշփոթութիւն տեղի ունեցաւ, հռոմայեցի հազարապետ մը Պօղոս առաքեալը արգելարան տարաւ, խորհելով թէ ‘չորս հազար սրիկայ մարդոցմէ’ բաղկացած խռովարար խումբի մը առաջնորդն էր (Գործք 21։30-38)։ Այս սրիկայ մարդոց մասին ի՞նչ գիտենք։

«Սրիկայ մարդիկ» թարգմանուած յունարէն բառը ծագում կ’առնէ լատիներէն սիկարի բառէն, որ կը նշանակէ «դաշոյն կրողներ»։ Առաջին դարու պատմաբան Փլավիոս Յովսեպոս կը նկարագրէ սիկարեանները որպէս հրեայ մոլեռանդ հայրենասէրներու խումբ մը, Հռոմի ոխերիմ թշնամիներ, որոնք քաղաքական նպատակներով սպանութիւններ կը կազմակերպէին։

Յովսեպոս կը պատմէ, թէ սիկարեանները «ցերեկ ատեն ու քաղաքին կեդրոնը մարդիկ կը սպաննէին, մանաւանդ՝ տօներու ընթացքին, երբ բազմութեան հետ կը խառնուէին եւ իրենց գործածած դաշոյնը իրենց պատմուճանին տակ կը պահէին»։ Իրենց զոհը դաշունահարելէ ետք, սիկարեանները կատարուած ոճիրին նկատմամբ իրենք զիրենք զայրացած կը ձեւացնէին եւ այսպէս իրենց ինքնութիւնը կը ծածկէին։ Յովսեպոս կ’աւելցնէ թէ յետագային, մ.թ. 66-70, սիկարեանները կամ դաշոյն կրող մարդասպանները Հռոմի դէմ հրէական ապստամբութեան մէջ գլխաւոր դեր խաղցան։ Ուստի, հռոմայեցի հազարապետը այսպիսի խումբի մը ենթադրեալ առաջնորդը ձերբակալելով շատ հետաքրքրուած ըլլալու էր։

[Նկար՝ էջ 13]

Հին տիկ մը

[Նկար՝ էջ 13]

Դաշոյն կրող մարդասպանի մը նկարագրութիւնը՝ արուեստագէտի մը կողմէ