Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եղբայրնե՛ր, հոգիին սերմանեցէք ու ձգտեցէք

Եղբայրնե՛ր, հոգիին սերմանեցէք ու ձգտեցէք

Եղբայրնե՛ր, հոգիին սերմանեցէք ու ձգտեցէք

«Ան որ Հոգիին կը սերմանէ, այն Հոգիէն յաւիտենական կեանք պիտի հնձէ» (ԳԱՂ. 6։8

1, 2. Մատթէոս 9։37, 38–ը ինչպէ՞ս կը կատարուի, մէջտեղ բերելով ի՞նչ կարիք ժողովքներուն մէջ։

ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ պատմութեան մը ականատես կ’ըլլաս։ Յիսուս Քրիստոսի նշած գործը արագօրէն կ’ընթանայ։ Ան ըսաւ. «Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ, ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին» (Մատ. 9։37, 38)։ Եհովա Աստուած այսպիսի աղօթքներու աննախընթաց կերպով կը պատասխանէ։ 2009–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, համայն աշխարհի մէջ Եհովայի վկաներու ժողովքներուն թիւը 2031–ով աւելցաւ, հասնելով 105,298–ի։ Միջին հաշուով, իւրաքանչիւր օր 757 անհատներ մկրտուեցան։

2 Այս աճումը որակեալ եղբայրներ կը պահանջէ, որպէսզի ժողովքներուն մէջ ուսուցանեն ու հովուեն (Եփ. 4։11)։ Տասնամեակներու ընթացքին, Եհովա որակեալ տղամարդիկ յառաջ բերած է, որ իր ոչխարներուն կարիքները հոգան, եւ վստա՛հ ենք որ ան պիտի շարունակէ այդպէս ընել։ Միքիա 5։5–ի մէջ արձանագրուած մարգարէութիւնը մեզ կը հաւաստիացնէ, թէ վերջին օրերուն ընթացքին Եհովայի ժողովուրդը պիտի ունենայ «եօթը հովիւ» եւ «ութ իշխաններ», պատկերացնելով բաւարար թիւով ատակ տղամարդիկ, որոնք իրենց մէջ առաջնորդութիւն պիտի առնեն։

3. Ի՞նչ կը նշանակէ ‘հոգիին սերմանել’։

3 Եթէ մկրտուած եղբայր մըն ես, ի՞նչ բան քեզի կրնայ օգնել, որ փափաքիս ծառայութեան առանձնաշնորհումներու ձգտիլ։ Գլխաւոր ազդակ մըն է՝ ‘հոգիին սերմանել’ (Գաղ. 6։8)։ Ասիկա ընելը կը պարփակէ ապրիլ այնպիսի կերպով մը, որ թոյլ կու տայ Աստուծոյ սուրբ հոգիին որ ազատօրէն ներգործէ կեանքիդ մէջ։ Վճռէ ‘մարմնին չսերմանել’։ Թոյլ մի՛ տար որ հանգստաւէտութիւնը, անզբաղութիւնն ու զբօսանքը՝ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ անձդ տրամադրելու փափաքդ խեղդեն։ Բոլոր քրիստոնեաները պէտք է ‘հոգիին սերմանեն’, ու ժամանակի ընթացքին՝ ասիկա կատարող տղամարդիկ կրնա՛ն ժողովքին մէջ առանձնաշնորհումներու համար որակեալ ըլլալ։ Քանի որ ներկայիս օգնական ծառաներու եւ երէցներու մեծ կարիք կայ, այս յօդուածը մասնաւորաբար քրիստոնեայ տղամարդոց ուղղուած է։ Ուստի եղբայրնե՛ր, ձեզ կը յորդորենք որ այս յօդուածը աղօթքով նկատի առնէք։

Աղէկ գործի մը ձգտէ

4, 5. ա) Մկրտուած տղամարդոց յորդոր տրուած է, որ ժողովքին մէջ ի՞նչ առանձնաշնորհումներու ձգտին։ բ) Եղբայր մը ինչպէ՞ս կը ձգտի։

4 Քրիստոնեայ տղամարդը ինքնաբերաբար տեսուչ մը չ’ըլլար։ Ան պէտք է ձգտի այս «աղէկ գործի»ն (Ա. Տիմ. 3։1)։ Ասիկա կը պարփակէ հաւատակիցներուն ծառայել, հարազատօրէն անոնց կարիքները հոգալով (կարդալ՝ Եսայի 32։1, 2Պատշաճ մղումներով ձգտող տղամարդը սնափառ չէ։ Փոխարէն, ան ուրիշներուն օգտելու անձնուրաց տենչով լեցուած է։

5 Եղբայր մը օգնական ծառայ ըլլալու կը ձգտի եւ վերատեսչութեան պաշտօնին հետամուտ կ’ըլլայ, երբ կը ջանայ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ նշուած որակումներուն գոհացում տալ (Ա. Տիմ. 3։1-10, 12, 13. Տիտ. 1։5-9)։ Եթէ մկրտուած եղբայր մըն ես, դուն քեզի հարց տուր. ‘Քարոզչութեան լիովին կը մասնակցի՞մ, եւ ուրիշներուն կ’օգնե՞մ որ նոյնը ընեն։ Իմ հաւատակիցներուս բարօրութեամբ անկեղծօրէն հետաքրքրուելով զիրենք կը կերտե՞մ։ Աստուծոյ Խօսքին ընտիր աշակերտ մը ըլլալու համբաւը ունի՞մ։ Մեկնաբանութիւններուս որակը կը բարելաւե՞մ։ Երէցներուն կողմէ ինծի վստահուած նշանակումներուն ժրաջանօրէն հոգ կը տանի՞մ’ (Բ. Տիմ. 4։5)։ Այսպիսի հարցումներ լուրջ նկատառութեան արժանի են։

6. Ժողովքային պատասխանատուութիւններու համար որակեալ ըլլալու գլխաւոր մէկ ազդակը ի՞նչ է։

6 Ժողովքային պատասխանատուութիւններու համար որակեալ ըլլալու այլ կերպ մըն է՝ ‘Աստուծոյ հոգիին զօրութիւնով հաստատուիլ ներսի մարդուն մէջ’ (Եփ. 3։16)։ Քրիստոնէական ժողովքին մէջ օգնական ծառայ կամ երէց դառնալը, պաշտօնի մը համար քուէարկութեամբ ընտրուելու հարց չէ։ Այս առանձնաշնորհումը միմիայն հոգեւոր աճման միջոցաւ հասանելի կ’ըլլայ։ Հոգեւոր աճումը ինչպէ՞ս կը կատարուի։ Կերպերէն մէկն է՝ ‘հոգիով ընթանալ’ եւ անոր պտուղը մշակել (Գաղ. 5։16, ԱԾ, 22, 23)։ Մինչ յաւելեալ առանձնաշնորհումներ ձեռք առնելու հարկ եղած հոգեւոր յատկութիւնները ցոյց կու տաս եւ բարելաւման խրատները կը կիրարկես, քու ‘յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի պիտի ըլլայ’ (Ա. Տիմ. 4։15

Անձնազոհութեան հոգի պահանջուած է

7. Ուրիշներուն ծառայելը ի՞նչ կը պարփակէ։

7 Ուրիշներուն ծառայելը քրտնաջան աշխատանք կը պարփակէ եւ անձնազոհութեան հոգի կը պահանջէ։ Քանի որ քրիստոնեայ տեսուչները հոգեւոր հովիւներ են, հօտին խնդիրները զիրենք խորապէս կը մտահոգեն։ Նշմարէ թէ Պօղոս առաքեալի հովուական գործին պատասխանատուութիւնները իրեն ինչպէ՛ս ազդեցին։ Ան Կորնթոսի հաւատակիցներուն ըսաւ. «Շատ նեղութենէ եւ սրտի տագնապէ ես ձեզի գրեցի շատ արցունքով. ոչ թէ՝ որպէս զի դուք տրտմիք, հապա որպէս զի ճանչնաք այն սէ՛րը որ ես ունիմ ձեր վրայ» (Բ. Կոր. 2։4)։ Բացայայտ է որ Պօղոս իր գործը սրտանց կատարեց։

8, 9. Աստուածաշնչական օրինակներ տուր, ցոյց տալով թէ տղամարդիկ ուրիշներու կարիքները ինչպէ՛ս հոգացին։

8 Անձնազոհութեան հոգին միշտ եղած է՝ Եհովայի ծառաներուն ի նպաստ ճիգ թափող տղամարդոց դրոշմը։ Օրինակ՝ դժուար է երեւակայել թէ Նոյ իր ընտանիքի անդամներուն կ’ըսէ. ‘Երբ տապանը լմննայ զիս տեղեակ պահեցէք, որպէսզի ձեզի միանամ’։ Եգիպտոսի մէջ, Մովսէս իսրայէլացիներուն չըսաւ. ‘Կարմիր ծովուն քով ձեզի կը հանդիպիմ։ Ձեր լաւագոյնը ըրէք հոն հասնելու’։ Յեսու բնաւ չըսաւ. ‘Ինծի լուր տուէք երբ Երիքովի պարիսպները իյնան’։ Իսկ Եսայի ուրիշ մէկու մը չակնարկեց ու չըսաւ. ‘Ահաւասիկ ան, զի՛նք ղրկէ’ (Եսա. 6։8

9 Մեր գլխաւոր տիպարը, որ Աստուծոյ հոգիին թոյլ տուաւ որ զինք խթանէ, Յիսուս Քրիստոսն է։ Ան սիրայօժար ընդունեց իր նշանակումը ծառայելու որպէս մարդկութեան Փրկիչը (Յովհ. 3։16)։ Յիսուսի անձնազոհ սէրը մեզ պէտք չէ՞ մղէ, որ երախտապարտութեամբ ընդառաջենք։ Երկար ատենէ ծառայող երէց մը, հօտին հանդէպ իր զգացումները նկարագրելով՝ ըսաւ. «Պետրոսի ուղղուած Յիսուսի խօսքերը,– արածէ՛ իմ ոչխարներս,– ինծի խորապէս կ’ազդեն։ Տարիներու ընթացքին, սկսած եմ գնահատել թէ ինչպէ՛ս քանի մը կաթոգին խօսքեր կամ քաղցրութեան պարզ արարք մը կրնայ ուրիշ անհատ մը սրտապնդել։ Հովուութեան գործէն շատ հաճոյք կ’առնեմ» (Յովհ. 21։16

10. Ի՞նչ բան կրնայ քրիստոնեայ տղամարդիկը մղել, որ ուրիշներուն ծառայելու նկատմամբ Յիսուսի օրինակին հետեւին։

10 Աստուծոյ հօտին առնչութեամբ, ժողովքին մէջ նուիրուած տղամարդիկ վստահաբար Յիսուսի կեցուածքը կ’ուզեն արտացոլացնել, որ ըսաւ. «Ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ» (Մատ. 11։28)։ Աստուծոյ հանդէպ հաւատքն ու ժողովքին հանդէպ սէրը, քրիստոնեայ տղամարդիկը կը մղեն այս աղէկ գործին ձգտելու, առանց խորհելու թէ անիկա շատ զոհողութիւններ կը պահանջէ։ Սակայն ի՞նչ կրնայ ըսուիլ, եթէ անհատ մը ձգտելու հակում չունի։ Եղբայր մը կրնա՞յ ժողովքին ծառայելու նկատմամբ փափաք մշակել։

Ծառայելու փափաքը մշակէ

11. Մէկը ինչպէ՞ս կրնայ ուրիշներուն ծառայելու նկատմամբ փափաք մշակել։

11 Եթէ անատակութեան զգացումները ձգտումդ խոչընդոտած են, յարմար կ’ըլլայ որ աղօթքով սուրբ հոգին խնդրես (Ղուկ. 11։13)։ Եհովայի հոգին քեզի պիտի օգնէ, որ այս առնչութեամբ որեւէ մտահոգութեան հետ գլուխ ելլես։ Ծառայելու փափաքը ինքնին աստուածատուր է, քանի որ Եհովայի հոգին է որ եղբայր մը կը մղէ ձգտելու եւ ապա կը մատակարարէ սրբազան ծառայութիւն մատուցանելու զօրութիւնը (Փլպ. 2։13. 4։13)։ Ուստի ծառայութեան առանձնաշնորհումներ ընդունելու փափաք մը կերտելու համար, պատշաճ է որ Եհովայէ օգնութիւն խնդրես (կարդալ՝ Սաղմոս 25։4, 5

12. Անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ իրեն վստահուած պատասխանատուութիւնները ձեռք առնելու համար բաւականաչափ իմաստութիւն ստանալ։

12 Խորհելով թէ հօտին կարիքները խրթին ու ծանրաբեռնող են, քրիստոնեան թերեւս որոշէ չձգտիլ։ Կամ, թերեւս ան զգայ թէ պատասխանատուութիւններ ստանձնելու համար բաւականաչափ իմաստութիւն չունի։ Եթէ այս է պարագան, ան կրնայ իմաստութիւն ձեռք ձգել՝ Աստուծոյ Խօսքը եւ աստուածաշնչական հրատարակութիւնները աւելի ժրաջանութեամբ ուսումնասիրելով։ Ան կրնայ հարց տալ. ‘Աստուծոյ Խօսքը սերտելու համար ժամանակ կը յատկացնե՞մ եւ իմաստութեան համար կ’աղօթե՞մ’։ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ ու չի նախատեր՝ եւ անոր պիտի տրուի» (Յակ. 1։5)։ Այս ներշնչեալ խօսքին կը հաւատա՞ս։ Առ ի պատասխան Սողոմոնի աղօթքին, Աստուած իրեն «իմաստուն ու հանճարեղ սիրտ մը» տուաւ, զինք կարող դարձնելով որ դատելու ատեն չարը բարիէն զանազանէ (Գ. Թագ. 3։7-14)։ Ճիշդ է որ Սողոմոնին պարագան մասնայատուկ էր։ Այսուհանդերձ կրնանք վստահ ըլլալ, թէ Աստուած ժողովքային պատասխանատուութիւններ կրող տղամարդոց իմաստութիւն պիտի տայ, որպէսզի կարենան իր ոչխարները պատշաճօրէն հոգալ (Առ. 2։6

13, 14. ա) Բացատրէ թէ Պօղոս ինչպէ՛ս ‘Քրիստոսին սէրէն’ ազդուեցաւ։ բ) «Քրիստոսին սէրը» մեզի ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ։

13 Ուրիշներուն ծառայելու փափաքը մշակելու այլ օգնութիւն մըն է՝ խորունկ կերպով մտածել այն բոլոր բաներուն վրայ, զորս Եհովա եւ իր Որդին մեզի համար ըրած են։ Օրինակ՝ նկատի առ Բ. Կորնթացիս 5։14, 15–ը (կարդալ)։ Ինչպէ՞ս է որ «Քրիստոսին սէրը մեզ կը ստիպէ»։ Աստուծոյ կամքին համաձայն իր կեանքը մեզի համար տրամադրելով Քրիստոսի ցուցաբերած սէրը ա՛յնքան արտակարգ է, որ մինչ մեր գնահատանքը կ’աճի, մեր սիրտը խորապէս կը խթանուի։ Քրիստոսին սէրը Պօղոսը ղեկավարեց։ Ատիկա զինք ետ կեցուց անձնասիրաբար գործելէ, եւ իրեն օգնեց որ իր բուն նպատակը ըլլայ՝ Աստուծոյ ու մարդոց ծառայել, ժողովքէն ներս թէ դուրս։

14 Մարդոց հանդէպ Քրիստոսի ունեցած սիրոյն վրայ խորհրդածելը, մեր ներսիդին երախտագիտութիւն կ’արծարծէ։ Առ ի արդիւնք, կը գիտակցինք թէ շատ անպատշաճ պիտի ըլլայ, եթէ շարունակենք ‘մարմնին սերմանել’, եսասէր նպատակակէտեր հետապնդելով եւ ինքնահաճ կեանք վարելով։ Փոխարէն, մեր գործերը կը դասաւորենք, առաջնակարգ տեղը տալով ա՛յն գործին, զոր Աստուած մեզի նշանակած է։ Մենք սիրով կը մղուինք մեր եղբայրներուն ‘ծառայութիւն ընելու’ (կարդալ՝ Գաղատացիս 5։13Եթէ մենք մեզ նկատենք Եհովայի նուիրեալ ծառաներուն ի նպաստ խոնարհաբար աշխատող ստրուկներ, անոնց հետ արժանապատուութեամբ ու յարգանքով պիտի վարուինք։ Վստահաբար, Սատանայի յառաջ մղած խծբծող ու քննադատական հոգին չենք ընդօրինակեր (Յայտ. 12։10

Ընտանեկան ջանք

15, 16. Ընտանիքի անդամները ի՞նչ դեր կը խաղան, եթէ տղամարդ մը օգնական ծառայ կամ երէց նշանակուելու որակեալ պիտի ըլլայ։

15 Եթէ եղբայր մը ամուսնացած է եւ զաւակներ ունի, օգնական ծառայ կամ երէց ըլլալու որոշումը կայացնելէ առաջ, իր ընտանիքին կացութիւնը նկատի կ’առնուի։ Արդարեւ, ընտանիքին հոգեւորութիւնն ու համբաւը իր նշանակումին վրայ ուղղակի ազդեցութիւն ունին։ Ասիկա ընտանիքին դերին կարեւորութիւնը կը շեշտէ, որ ամուսինին ու հօր աջակցին, մինչ կը ձգտի ժողովքին բարօրութեան համար ծառայելու որպէս օգնական ծառայ կամ երէց (կարդալ՝ Ա. Տիմոթէոս 3։4, 5, 12

16 Եհովա կը հաճի, երբ քրիստոնեայ ընտանիքի անդամներ իրարու հետ կը համագործակցին (Եփ. 3։14, 15)։ Ընտանիքի գլուխէն հաւասարակշռութիւն կը պահանջուի, որ թէ՛ ժողովքային պատասխանատուութիւնները ձեռք առնէ եւ թէ ընտանիքին վրայ ‘աղէկ վերակացութիւն ընէ’։ Ուստի կենսական է որ երէց մը կամ օգնական ծառայ մը իր կնոջ ու զաւակներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրէ, որպէսզի բոլորը կարենան ամէն շաբաթ Ընտանեկան պաշտամունքէն օգտուիլ։ Ան կանոնաւորաբար իրենց հետ դաշտի ծառայութեան պէտք է մասնակցի։ Նոյն պատճառով, կարեւոր է որ ընտանիքին անդամները տան գլուխին ջանքերուն հետ համագործակցին։

Վերստին պիտի ծառայե՞ս

17, 18. ա) Եթէ եղբայր մը նշանակումի համար այլեւս որակեալ չէ, թերեւս ի՞նչ բանի կարիք ունի։ բ) Անցեալին որպէս օգնական ծառայ կամ երէց ծառայող եղբայր մը, լաւ է որ ի՞նչ տեսակէտ ունենայ։

17 Թերեւս ատեն մը երէց կամ օգնական ծառայ էիր, բայց այժմ այդ հանգամանքով չես ծառայեր։ Եհովան կը սիրես ու վստահ ես, թէ ան տակաւին քեզ կը հոգայ (Ա. Պետ. 5։6, 7)։ Քեզի ըսուեցա՞ւ թէ կարգ մը ճշդումներ պէտք է ընես։ Յօժար եղիր թերութիւնդ ընդունելու եւ Աստուծոյ օգնութեամբ անոր վրայ աշխատէ։ Դառնանալէ զգուշացիր։ Իմաստուն եղիր ու դրական հոգի դրսեւորէ։ Երկար տարիներ ծառայած բայց ետքը իր ծառայութեան առանձնաշնորհումները կորսնցուցած երէց մը նշեց. «Վճռեցի ժողովներու ներկայութեան, դաշտի ծառայութեան եւ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան ա՛յն մակարդակը պահել, զոր ունէի որպէս երէց,– եւ այս նպատակակէտը իրագործեցի։ Համբերութիւն սորվեցայ, քանի որ կը կարծէի թէ մէկ կամ երկու տարիէն առանձնաշնորհումներս վերստին ձեռք կը ձգեմ, բայց գրեթէ եօթը տարի տեւեց մինչեւ որ կրկին երէց եղայ։ Այդ ժամանակամիջոցին ինծի մեծապէս օգնեց քաջալերութիւնը, որ ձեռնթափ չըլլամ ու շարունակեմ ձգտիլ»։

18 Եթէ այս նկարագրուած կացութեան մէջ գտնուող եղբայր մըն ես, մի՛ վհատիր։ Խոկա՛ թէ Եհովա ինչպէ՛ս ծառայութիւնդ եւ ընտանիքդ կ’օրհնէ։ Ընտանիքդ հոգեւորապէս կերտէ, հիւանդին այցելէ եւ տկարը քաջալերէ։ Ամէն բանէ առաջ, որպէս Եհովայի վկայ, Աստուած փառաբանելու եւ Թագաւորութեան բարի լուրը ծանուցանելու առանձնաշնորհումդ արժեւորէ (Սաղ. 145։1, 2. Եսա. 43։10-12 *

Նոր տեսանկիւնէ մը դիտէ

19, 20. ա) Բոլոր մկրտուած եղբայրներուն յորդոր տրուած է որ ի՞նչ ընեն։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկուի։

19 Տեսուչներու եւ օգնական ծառաներու կարիքը ներկայիս որեւէ ժամանակէ աւելի մեծ է։ Ուստի բոլոր մկրտուած եղբայրները կը յորդորենք, որ իրենց պարագաները նոր տեսանկիւնէ մը դիտեն եւ հարց տան. ‘Եթէ օգնական ծառայ կամ երէց մը չեմ, արդեօք ի՞նչ են պատճառները’։ Թոյլ տուր Աստուծոյ հոգիին, որ քեզի օգնէ այս կենսական հարցին նկատմամբ շիտակ տեսակէտը ունենալու։

20 Ժողովքին բոլոր անդամները իրենց հաւատակիցներուն բարեպաշտ, անձնազոհ ջանքերէն կ’օգտուին։ Երբ քաղցր, անձնուրաց արարքներու միջամուխ կ’ըլլանք, կը հնձենք ուրախութիւն մը, որ յառաջ կու գայ ուրիշներուն ծառայելէն ու հոգիին սերմանելէն։ Սակայն, ինչպէս որ յաջորդ յօդուածը ցոյց պիտի տայ, Աստուծոյ սուրբ հոգին պէտք չէ տրտմեցնենք։ Ասկէ ինչպէ՞ս կարելի է խուսափիլ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 18 Տե՛ս Դիտարան–ի 15 օգոստոս 2009 թիւը, էջ 30-32 (անգլերէն)։

Ինչպէ՞ս կը պատասխանես

Միքիա 5։5–ի մէջ արձանագրուած մարգարէութիւնը մեզ ի՞նչ կը հաւաստիացնէ։

• Բացատրէ թէ անձնազոհութեան հոգին ի՛նչ կը պարփակէ։

• Անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ ուրիշներուն ծառայելու նկատմամբ փափաք մշակել։

• Տղամարդ մը օգնական ծառայի կամ երէցի նշանակումին որակեալ ըլլալու համար, ընտանեկան համագործակցութիւնը ո՞րքան կարեւոր է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 25]

Ձգտելու համար ի՞նչ կրնաս ընել