Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կինե՛ր, ինչո՞ւ գլխաւորութեան պէտք է ենթարկուիք

Կինե՛ր, ինչո՞ւ գլխաւորութեան պէտք է ենթարկուիք

Կինե՛ր, ինչո՞ւ գլխաւորութեան պէտք է ենթարկուիք

‘Կնոջ գլուխը՝ այր մարդն է’ (Ա. ԿՈՐ. 11։3

1, 2. ա) Պօղոս առաքեալ գլխաւորութեան ու հպատակութեան կարգադրութեան մասին ի՞նչ գրեց։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնուին։

ԵՀՈՎԱ հաստատած է այն հերթականութիւնը, զոր Պօղոս առաքեալ նշեց, երբ գրեց թէ «ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է» եւ «Քրիստոսին գլուխը՝ Աստուած» է (Ա. Կոր. 11։3)։ Նախորդ յօդուածը բացատրեց թէ Յիսուս իր Գլուխին՝ Եհովա Աստուծոյ ենթարկուիլը առանձնաշնորհում եւ ուրախութիւն սեպեց, եւ թէ քրիստոնեայ տղամարդիկ ունին Քրիստոսը որպէս գլուխ։ Քրիստոս մարդոց հետ իր գործառնութեանց մէջ քաղցր, մեղմաբարոյ, կարեկից եւ անձնուրաց էր։ Քրիստոնեայ տղամարդիկը այդպէս պէտք է վարուին ուրիշներու հետ, յատկապէս՝ իրենց կիներուն հետ։

2 Սակայն ի՞նչ կրնայ ըսուիլ կիներուն մասին։ Ո՞վ է կնոջ գլուխը։ «Կնոջ գլուխը՝ այր մարդն» է, գրեց Պօղոս։ Կիներ այս ներշնչեալ խօսքը ինչպէ՞ս պէտք է նկատեն։ Սկզբունքը տակաւին կը կիրարկուի՞, եթէ ամուսինը անհաւատ է։ Տղամարդուն գլխաւորութեան ենթարկուիլը կը պահանջէ՞ որ կինը ամուսնութեան մէջ լռակեաց կողակից մը ըլլայ, որոշումներ կայացնելու մէջ բաժին չունենալով։ Կինը ի՞նչ կրնայ ընել, որպէսզի գովուի։

«Անոր օգնական մը ընեմ»

3, 4. Ամուսնութեան մէջ գլխաւորութեան կարգադրութիւնը ինչո՞ւ օգտակար է։

3 Գլխաւորութեան կարգադրութիւնը աստուածային ծագում ունի։ Ադամ ստեղծելէ ետք, Եհովա Աստուած ըսաւ. «Աղէկ չէ որ Ադամ մինակ ըլլայ. անոր օգնական մը ընեմ իրեն յարմար»։ Եւայի ստեղծումէն ետք, Ադամ ընկերակից եւ օգնական մը ունենալով ա՛յնքան ուրախացաւ, որ ըսաւ. «Հիմա ասիկա ոսկորէս ոսկոր ու մարմինէս մարմին է» (Ծն. 2։18-24)։ Ադամն ու Եւան կատարեալ մարդկային ցեղի մը հայրն ու մայրը ըլլալու սքանչելի հեռանկարը ունէին, որոնք աշխարհածաւալ դրախտի մը մէջ առյաւէտ երջանիկ պիտի ապրէին։

4 Մեր առաջին ծնողքին ըմբոստութեան պատճառաւ, Եդեմի պարտէզին մէջ գոյութիւն ունեցող կատարեալ վիճակը կորսուեցաւ (կարդալ՝ Հռովմայեցիս 5։12Բայց գլխաւորութեան կարգադրութիւնը ի զօրու մնաց։ Եթէ պատշաճօրէն կիրարկուի, անիկա ամուսնութեան մեծապէս օգտակար կ’ըլլայ եւ երջանկութիւն կը յառաջացնէ։ Զայն կիրարկողները պիտի զգան ա՛յնպէս՝ ինչպէս Յիսուս զգաց, երբ իր Գլուխին՝ Եհովայի ենթարկուեցաւ։ Իր նախամարդկային գոյութեան ընթացքին, Յիսուս ‘միշտ Եհովայի առջեւ կ’ուրախանար’ (Առ. 8։30)։ Անկատարութեան պատճառաւ, տղամարդիկ այլեւս կարող չեն կատարեալ գլուխներ ըլլալու, ոչ ալ կիներ կարող են կատարեալ հպատակութիւն ցուցաբերելու։ Սակայն, երբ ամուսիններ ու կիներ շարունակեն իրենց լաւագոյն ջանքերը թափել, այս կարգադրութիւնը ներկայիս ամուսնութեան մէջ կարելի եղած մեծագոյն գոհունակութիւնը կու տայ։

5. Ամոլներ ինչո՞ւ Հռովմայեցիս 12։10–ի խրատը պէտք է գործադրեն։

5 Ամուսնութեան յաջողութեան համար, էական է որ ամոլներ բոլոր քրիստոնեաներուն ուղղուած աստուածաշնչական սա խրատը կիրարկեն. «Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք. պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք» (Հռով. 12։10)։ Նաեւ, թէ՛ ամուսինը եւ թէ կինը պէտք է ծանր աշխատին, որպէսզի ‘իրարու հետ քաղցր ըլլան, գթած, ներելով իրարու’ (Եփ. 4։32

Երբ կողակիցը հաւատացեալ չէ

6, 7. Եթէ քրիստոնեայ կինը անհաւատ ամուսինին հպատակի, արդիւնքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։

6 Ի՞նչ կրնայ ըլլալ եթէ կողակիցդ Եհովայի ծառայ մը չէ։ Յաճախ, ամուսինն է որ հաւատացեալ չէ։ Այս պարագային, կինը անոր հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուի։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Կիները հնազանդ պէտք է ըլլան իրենց այրերուն, որպէս զի եթէ ոմանք խօսքին հնազանդ չըլլան ալ, առանց խօսքի շահուին իրենց կիներուն վարուելակերպովը՝ տեսնելով անոնց երկիւղած եւ պարկեշտ վարքը» (Ա. Պետ. 3։1, 2

7 Աստուծոյ Խօսքը կնոջ կ’ըսէ, որ անհաւատ ամուսինին հանդէպ ենթարկուող վերաբերմունք պահպանէ։ Կնոջ լաւ վարքը կրնայ պատճառ ըլլալ, որ ան նկատի առնէ թէ ի՛նչ բան իր կինը կը մղէ ընտիր բարք ցուցաբերելու։ Որպէս արդիւնք, թերեւս ամուսինը իր քրիստոնեայ կնոջ հաւատալիքներով հետաքրքրուի եւ ի վերջոյ ճշմարտութիւնը ընդունի։

8, 9. Քրիստոնեայ կին մը ի՞նչ կրնայ ընել, եթէ իր անհաւատ ամուսինը իր ընտիր վարքին նպաստաւոր կերպով չընդառաջէ։

8 Սակայն ի՞նչ ընել եթէ անհաւատ ամուսինը նպաստաւոր կերպով չընդառաջէ։ Սուրբ Գրութիւնները հաւատացեալ կինը կը քաջալերեն, որ ամէն ատեն քրիստոնէական յատկութիւններ ցուցաբերէ, ասիկա ո՛րքան ալ դժուար ըլլայ։ Օրինակ՝ Ա. Կորնթացիս 13։4–ի մէջ կը կարդանք. «Սէրը երկայնամիտ է»։ Ուստի քրիստոնեայ կինը լաւ կ’ընէ եթէ շարունակէ «լման խոնարհութիւնով ու հեզութիւնով, [եւ] երկայնմտութեամբ» վարուիլ, կացութիւնը սիրով ձեռք առնելով (Եփ. 4։2)։ Աստուծոյ գործօն ուժին՝ սուրբ հոգիին օգնութեամբ, կարելի է քրիստոնէական յատկութիւններ պահպանել, նոյնիսկ դժուար պարագաներու ներքեւ։

9 «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց», գրեց Պօղոս (Փլպ. 4։13)։ Աստուծոյ հոգին քրիստոնեայ կողակիցը կարող կը դարձնէ, որ շատ մը բաներ ընէ, զորս այլապէս պիտի չկարենար ընել։ Օրինակ՝ կողակիցի մը բիրտ վերաբերմունքը կրնայ դիմացինը մղել հակադարձելու։ Սակայն Աստուածաշունչը բոլոր քրիստոնեաներուն կ’ըսէ. «Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք. . . ‘Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ’, կ’ըսէ Տէրը» (Հռով. 12։17-19)։ Նմանապէս, Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։15–ը մեզ կը խրատէ. «Զգուշացէ՛ք, չըլլայ որ մէկը չարութեան փոխարէն չարութիւն հատուցանէ մէկուն. հապա ամէն ատեն բարիք ընելու ետեւէ եղէք թէ՛ իրարու եւ թէ՛ ամենուն»։ Եհովայի սուրբ հոգիին աջակցութեամբ, մեր ուժով անկարելի եղած բանը կարելի կը դառնայ։ Ո՜րքան պատշաճ է որ աղօթքով Աստուծոյ սուրբ հոգին խնդրենք, որպէսզի մեր պակասը լեցնէ։

10. Յիսուս ուրիշներու անազնիւ խօսքերն ու արարքները ինչպէ՞ս ձեռք առաւ։

10 Յիսուս իրեն անախորժ բաներ ըսողներուն եւ ընողներուն հետ ինչպէ՛ս վարուելու մէջ ուշագրաւ օրինակ հանդիսացաւ։ Ա. Պետրոս 2։23–ը կ’ըսէ. «Կը նախատուէր եւ փոխարէնը չէր նախատեր, կը չարչարուէր ու սպառնալիք չէր ըներ. հապա ինքզինք արդար դատաւորին կը յանձնէր»։ Մեզի քաջալերութիւն տրուած է, որ իր ընտիր օրինակին հետեւինք։ Ուրիշներուն գէշ վերաբերմունքը քեզ թող չգրգռէ։ Ինչպէս բոլոր քրիստոնեաներուն յորդոր տրուած է, ‘ողորմած ու քաղցրաբարոյ եղիր, եւ չարութեան փոխարէն չարութիւն մի՛ հատուցաներ կամ նախատինքի փոխարէն՝ նախատինք’ (Ա. Պետ. 3։8, 9

Լռակեա՞ց կողակիցներ

11. Կարգ մը քրիստոնեայ կիներ ի՞նչ մեծ առանձնաշնորհումի մը մասնակից պիտի ըլլան։

11 Ամուսինին գլխաւորութեան ենթարկուիլը կը նշանակէ՞ թէ կինը լռակեաց կողակից մըն է, ընտանեկան կամ այլ հարցերուն մէջ կարծիք չունենալով։ Բնաւ երբեք։ Եհովա թէ՛ կիներուն եւ թէ ամուսիններուն շատ մը առանձնաշնորհումներ տուած է։ Պահ մը խորհէ 144,000–ին վայելած մեծ պատիւին մասին, որոնք երկնքին մէջ Քրիստոսի առաջնորդութեան ներքեւ թագաւորներ ու քահանաներ պիտի ըլլան, երբ երկրին վրայ իշխէ։ Այս թիւը կիներ ալ կը պարփակէ (Գաղ. 3։26-29)։ Բացայայտօրէն, Եհովա իր կարգադրութեան մէջ կիներուն ալ գործօն դեր մը տուած է։

12, 13. Օրինակ մը տուր, որ ցոյց կու տայ թէ կիները մարգարէացան։

12 Օրինակ՝ Աստուածաշունչի ժամանակներուն կիներ մարգարէացան։ Յովէլ 2։28, 29–ն նախագուշակեց. «Իմ Հոգիս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ ու ձեր տղաքը եւ ձեր աղջիկները պիտի մարգարէանան. . . Ծառաներուն վրայ ու աղախիններուն վրայ ալ այն օրերը իմ Հոգիս պիտի թափեմ»։

13 Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Երուսաղէմի մէկ վերնատան մէջ հաւաքուած Յիսուսի շուրջ 120 աշակերտները, թէ՛ կիներ եւ թէ տղամարդիկ էին։ Աստուծոյ հոգին այս ամբողջ խումբին վրայ թափուեցաւ։ Հետեւաբար Պետրոս կրցաւ Յովէլ մարգարէին խօսքերը մէջբերել եւ կիրարկել թէ՛ տղամարդոց եւ թէ կիներուն։ Պետրոս ըսաւ. «Ասիկա այն է որ Յովէլ մարգարէին միջոցով ըսուեցաւ. ‘Եւ պիտի ըլլայ որ վերջին օրերը, կ’ըսէ Աստուած, իմ Հոգիէս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ ու ձեր տղաքը եւ ձեր աղջիկները պիտի մարգարէանան. . . եւ իմ ծառաներուս ու իմ աղախիններուս վրայ ալ այն օրերը իմ Հոգիէս պիտի թափեմ եւ պիտի մարգարէանան’» (Գործք 2։16-18

14. Կիները նախկին քրիստոնէութեան տարածման մէջ ի՞նչ դեր խաղցան։

14 Առաջին դարուն, կիները քրիստոնէութիւնը տարածելու մէջ նշանակալից դեր մը խաղցան։ Անոնք ուրիշներուն Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզեցին եւ այդ քարոզչութեան առնչուող գործունէութիւններ ըրին (Ղուկ. 8։1-3)։ Օրինակ՝ Պօղոս առաքեալ Փիբէն կոչեց՝ «Կենքրայի եկեղեցիին սպասաւորը»։ Իսկ երբ բարեւներ կը ղրկէր հաւատակիցներու, Պօղոս կարգ մը հաւատարիմ կիներ նշեց, մէջը ըլլալով՝ ‘Տրիփոնէ եւ Տրիփոսէ, Տէրոջմով աշխատողներ’։ Ան նաեւ ակնարկեց «Պերսիդէ սիրելիին, որ շատ աշխատեցաւ, Տէրոջմով» (Հռով. 16։1, 12

15. Մեր ժամանակներուն, կիները քրիստոնէութեան տարածման մէջ ի՞նչ դեր կը խաղան։

15 Մեր ժամանակներուն, աշխարհի չորս կողմը Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզող աւելի քան եօթը միլիոն անհատներուն մեծամասնութիւնը, ամէն տարիքի պատկանող կիներ են (Մատ. 24։14)։ Անոնցմէ շատեր լիաժամ քարոզիչներ, միսիոնարներ եւ Պէթէլի ընտանիքի անդամներ են։ Սաղմոսերգու Դաւիթ տաղերգեց. «Տէրը պատգամ տուաւ, աւետաբեր կիները մեծ զօրաբաժին եղան» (Սաղ. 68։11, ԱԾ)։ Ո՜րքան ճշմարիտ եղած են այս խօսքերը։ Եհովա բարի լուրը ծանուցանելու եւ իր նպատակները իրագործելու մէջ կիներուն խաղցած դերը կ’արժեւորէ։ Քրիստոնեայ կիներու ենթարկման վերաբերեալ իր պահանջը, վստահաբար լռակեաց հպատակում չի նշանակեր։

Երկու կիներ՝ որոնք արտայայտուեցան

16, 17. Սառայի օրինակը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, թէ կիները ամուսնութեան մէջ լռակեաց ընկերակիցներ պէտք չէ ըլլան։

16 Եթէ Եհովա կիներուն բազմաթիւ առանձնաշնորհումներ կը շնորհէ, ամուսիններ պէտք չէ՞ հարցնեն իրենց կիներուն կարծիքը, լուրջ որոշումներ կայացնելէ առաջ։ Ասիկա ընելը իմաստուն քայլ մըն է։ Սուրբ Գրութիւնները կը նշեն քանի մը միջադէպեր, ուր կիներ խօսեցան կամ գործի լծուեցան, նոյնիսկ երբ իրենց ամուսինները իրենց կարծիքը չհարցուցին։ Նկատի առ երկու պարագայ։

17 Աբրահամ նահապետին կինը՝ Սառան, կրկին անգամ խնդրեց որ իր երկրորդական կինն ու անոր որդին ղրկէ, անոնց անյարգալից վերաբերմունքին պատճառաւ։ «Այս բանը Աբրահամին շատ դժուար երեւցաւ»,– բայց ո՛չ Աստուծոյ։ Եհովա Աբրահամի ըսաւ. «Տղուդ համար ու աղախինիդ համար՝ այդ բանը թող քեզի դժուար չերեւնայ, Սառային քեզի ըսած խօսքը մտիկ ըրէ» (Ծն. 21։8-12)։ Աբրահամ Եհովայի հնազանդեցաւ, Սառայի մտիկ ըրաւ եւ անոր խնդրանքը կատարեց։

18. Աբիգիա ի՞նչ նախաձեռնութիւն առաւ։

18 Նաեւ նկատի առ Նաբաղի կինը՝ Աբիգիան։ Մինչ Դաւիթ նախանձոտ Սաւուղ թագաւորէն կը փախչէր, Նաբաղի հօտերուն մօտ բանակեցաւ։ Այս մեծահարուստին բազմաթիւ ստացուածքներէն բան մը առնելու փոխարէն, Դաւիթ ու իր մարդիկը անոր ինչքը պաշտպանեցին։ Սակայն Նաբաղ «խստաբարոյ ու չարագործ էր» եւ Դաւիթի մարդոց հետ «խստիւ խօսեցաւ»։ Ան «չար մարդ մը»ն էր եւ «անզգամութիւնը իրեն հետ» էր։ Երբ Դաւիթի մարդիկը յարգալից կերպով իրմէ քիչ մը պաշար խնդրեցին, Նաբաղ մերժեց։ Աբիգիա ինչպէ՞ս հակազդեց, երբ պատահածը իմացաւ։ Առանց Նաբաղի բան մը ըսելու, ան «շուտով երկու հարիւր հաց ու երկու տիկ գինի եւ հինգ եփած ոչխար ու հինգ գրիւ բոհրած ցորեն, հարիւր ողկոյզ չամիչ ու երկու հարիւր շարոց թուզ առաւ» ու տուաւ Դաւիթի եւ իր մարդոց։ Աբիգիայի ըրածը շիտա՞կ էր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրը զարկաւ Նաբաղը, որ մեռաւ»։ Յետագային Դաւիթ Աբիգիայի հետ ամուսնացաւ (Ա. Թագ. 25։3, 14-19, 23-25, 38-42

‘Այն կինը որ կը գովուի’

19, 20. Ի՞նչ բան կինը իսկապէս գովելի կը դարձնէ։

19 Աստուածաշունչը կը գովէ այն կիները, որոնք ամէն բան Եհովայի ուզած կերպով կ’ընեն։ Աստուածաշունչի Առակաց գիրքը «առաքինի կինը» կը գովէ, ըսելով. «Անոր գինը գոհարներէն շատ աւելի է։ Անոր էրկանը սիրտը անոր վրայ վստահ է ու աւարի կարօտ չ’ըլլար։ Անիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ անոր բարիք կը բերէ եւ ո՛չ թէ չարիք»։ Ասկէ զատ, «իր բերանը իմաստութեամբ կը բանայ եւ իր լեզուին վրայ քաղցրութեան օրէնք կայ։ Իր տանը ճամբաները կը քննէ եւ ծուլութեան հացը չ’ուտեր։ Անոր տղաքը կ’ելլեն ու զանիկա երանելի կ’անուանեն։ Անոր այրն ալ զանիկա կը գովէ» (Առ. 31։10-12, 26-28

20 Ի՞նչ բան կինը իսկապէս գովելի կը դարձնէ։ Առակաց 31։30–ը կ’ըսէ. «Վայելչութիւնը սուտ է ու գեղեցկութիւնը ունայն է, սակայն Տէրոջմէ վախցող կինը պիտի գովուի»։ Եհովայի վախը կ’ընդգրկէ՝ գլխաւորութեան աստուածային կարգադրութեան սիրայօժար ենթարկուիլը։ «Կնոջ գլուխը այր մարդն է», ճիշդ ինչպէս որ «ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է» եւ «Քրիստոսին գլուխը՝ Աստուած» (Ա. Կոր. 11։3

Աստուծոյ պարգեւին համար երախտապա՛րտ եղիր

21, 22. ա) Ամուսնացած քրիստոնեաները Աստուծոյ պարգեւին համար երախտապարտ ըլլալու ի՞նչ պատճառներ ունին։ բ) Հեղինակութեան ու գլխաւորութեան առնչութեամբ Եհովայի կարգադրութիւնները ինչո՞ւ պէտք է յարգենք (տե՛ս էջ 23–ի շրջանակը)։

21 Ամուսնացած քրիստոնեաները Աստուծոյ երախտագիտութիւն յայտնելու բազմաթիւ պատճառներ ունին։ Անոնք կրնան ձեռք–ձեռքի քալել որպէս երջանիկ զոյգ մը։ Անոնք յատկապէս կրնան շնորհապարտ ըլլալ Աստուծոյ օրհնեալ պարգեւին՝ ամուսնութեան համար, քանի որ իրենց պատեհութիւն կ’ընծայէ, որ իրենց կեանքերը միաձուլեն եւ Եհովայի հետ քալեն (Հռութ 1։9. Միք. 6։8)։ Ամուսնութեան Հիմնադիրը ճշգրտօրէն գիտէ, թէ ամուսնական երջանկութեան համար ի՛նչ պահանջուած է։ Միշտ ամէն բան իր ուզած կերպով ըրէք եւ «Տէրոջը ուրախութիւնը ձեր զօրութիւնը» պիտի ըլլայ, նոյնիսկ այս տագնապալից աշխարհին մէջ (Նէ. 8։10

22 Քրիստոնեայ ամուսին մը, որ իր կինը իր անձին պէս կը սիրէ, իր գլխաւորութիւնը քնքշօրէն ու նկատառութեամբ պիտի գործադրէ։ Իր բարեպաշտ կինը իրապէս սիրելի պիտի ըլլայ, քանի որ իրեն կ’աջակցի եւ խոր յարգանք կը ցուցաբերէ։ Ամէնէն կարեւորը, անոնց օրինակելի ամուսնութիւնը պիտի պատուէ մեր գովելի Աստուածը՝ Եհովան։

Կը յիշե՞ս

• Ի՞նչ է գլխաւորութեան ու հպատակութեան Եհովայի կարգադրութիւնը։

• Ամոլները ինչո՞ւ զիրար պէտք է պատուեն։

• Հաւատացեալ կին մը իր անհաւատ ամուսինին հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուի։

• Ամուսինը ինչո՞ւ իր կնոջ կարծիքը պէտք է առնէ, լուրջ որոշումներ կայացնելէ առաջ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 23]

Ինչո՞ւ հեղինակութիւնը յարգել

Եհովա մտացի արարածներուն համար հեղինակութեան ու գլխաւորութեան կարգադրութիւններ հաստատած է։ Ասիկա թէ՛ հոգեղէն արարածներուն եւ թէ մարդոց օգտին համար եղած է։ Այսպէս անոնք պատեհութիւն ունին, որ իրենց ազատ կամքը գործածեն եւ Աստուած պատուեն՝ միաբան ու ներդաշնակ կերպով իրեն ծառայելով (Սաղ. 133։1

Օծեալ քրիստոնեաներու ժողովքը կ’ընդունի Յիսուս Քրիստոսի հեղինակութիւնն ու գլխաւորութիւնը (Եփ. 1։22, 23)։ Իսկ Եհովայի հեղինակութիւնը ճանչնալով, «Որդին՝ ինքն ալ՝ պիտի հնազանդի անոր, որ իրեն հնազանդեցուց ամէնքը, որպէս զի Աստուած ըլլայ ամէնը ամէն բանի մէջ» (Ա. Կոր. 15։27, 28)։ Հետեւաբար, ո՜րքան տեղին է որ ժողովքէն եւ ընտանիքէն ներս, Աստուծոյ նուիրուած անհատները գլխաւորութեան կարգադրութեան հետ համագործակցին (Ա. Կոր. 11։3. Եբ. 13։17)։ Այսպէս օգուտներ կը քաղենք, Եհովայի հաճութիւնն ու օրհնութիւնը վայելելով (Եսա. 48։17

[Նկարներ՝ էջ 21]

Եհովա կ’արժեւորէ Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու մէջ կիներուն ունեցած դերը