Շարունակէ մարզել ըմբռնողականութիւնդ
Շարունակէ մարզել ըմբռնողականութիւնդ
Ի՜ՆՉ հաճելի է դիտել հմուտ մարզիկ մը, որ ճարպիկութեամբ գեղեցիկ շարժումներ կ’ընէ։ Աստուածաշունչը քրիստոնեաները կը քաջալերէ, որ իրենց մտային կարողութիւնը մարզեն, ինչպէս որ մարզիկ մը ինքզինք կը մարզէ։
Եբրայեցիներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Հաստատուն կերակուրը չափահասներուն համար է, որոնց զգայարանքները [«ըմբռնողականութիւնը»,ՆԱ] սովորութեամբ [մարզիկի մը նման] վարժուած են բարին ու չարը զանազանել» (Եբ. 5։14)։ Պօղոս եբրայեցի քրիստոնեաները ինչո՞ւ յորդորեց, որ իրենց մտային կարողութիւնը մարզեն այնպէս՝ ինչպէս վարպետ մարզիկ մը իր մկանները կը մարզէ։ Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ըմբռնողականութիւնը մարզել։
‘Ուսուցիչ պէտք էր ըլլայիք’
Երբ կը բացատրէր Յիսուսի դիրքը որպէս «Քահանայապետ Մելքիսեդեկի կարգին պէս», Պօղոս գրեց. «[Յիսուսի] վրայով շատ ըսելիք ունինք, որ դժուար է մեկնել, վասն զի ձեր լսելիքները բթացած են. վասն զի թէպէտ պէտք էր որ մինչեւ հիմա ուսուցիչ ըլլայիք ու ժամանակին նայելով սորվեցնէիք, բայց դուք ալ պէտք է սորվիք թէ՝ որո՞նք են Աստուծոյ պատգամներուն առաջին սկզբունքները։ Դուք կաթի կը կարօտիք, ո՛չ թէ հաստատուն կերակուրի» (Եբ. 5։10-12)։
Ակներեւօրէն, առաջին դարու կարգ մը հրեայ քրիստոնեաներ, հասկացողութեան մէջ չէին խորացած ու հոգեւորապէս չէին յառաջդիմած։ Օրինակ՝ անոնց համար դժուար էր Օրէնքին ու թլփատութեան վերաբերեալ աւելցած լոյսը ընդունիլը (Գործք 15։1, 2, 27-29. Գաղ. 2։11-14. 6։12, 13)։ Ոմանք Շաբաթը պահելուն եւ տարեկան Քաւութեան օրուան առնչուած աւանդական սովորութիւններէն հրաժարիլը դժուար գտան (Կող. 2։16, 17. Եբ. 9։1-14)։ Ուստի Պօղոս զիրենք քաջալերեց, որ իրենց ըմբռնողականութիւնը մարզեն, որպէսզի կարենան շիտակը սխալէն զանազանել, եւ ըսաւ. «Շտապենք դէպի հասունութիւն» (Եբ. 6։1, ՆԱ, 2)։ Իր յորդորը ոմանք մղած ըլլալու էր, որ խոկային թէ իրենց մտային կարողութիւնը ինչպէ՛ս կը գործածէին եւ հաւանաբար անոնց օգնեց հոգեւորապէս յառաջդիմելու։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։
Ըմբռնողականութիւնդ մարզէ
Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ըմբռնողականութիւնը մարզել, որպէսզի հոգեւորապէս հասուննանք։ «Սովորութեամբ» կամ վարժութեան ճամբով, ըսաւ Պօղոս։ Մարզիկներու նման, որոնք իրենց մկաններն ու մարմինը կը մարզեն բարդ շարժումներ կատարելու, մեր մտային կարողութիւնը պէտք է մարզենք, որ շիտակն ու սխալը զանազանենք։
«Վարժութիւնը ուղեղիդ համար լաւագոյն բանն է, զոր կրնաս ընել», կ’ըսէ հոգեբոյժ Ճոն Ռէյթի, Հարվըրտի բժշկական համալսարանէն։ Իսկ Ճորճ Ուաշինկթըն համալսարանի մէջ, Ծերութեան, առողջութեան ու մարդկայնաբանութեան կեդրոնի տնօրէն՝ Ճին Գոհէնի համաձայն, «երբ մեր ուղեղին ասպարէզ կը կարդանք, ուղեղային բջիջները նոր տանտրիթ–ներ կ’աճեցնեն, յաւելեալ սինափս–ներ մէջտեղ բերելով»։
Ուստի խոհեմութիւն է, որ մեր մտային կարողութիւնը մարզենք եւ Աստուծոյ Խօսքին մեր գիտութիւնը աւելցնենք։ Ասիկա ընելով, ա՛լ աւելի պիտի սպառազինուինք, որ ‘Աստուծոյ կատարեալ կամքը’ կատարենք (Հռով. 12։1, 2)։
«Հաստատուն կերակուր»ի հանդէպ ախորժակդ սրէ
Եթէ կը փափաքինք ‘դէպի հասունութիւն շտապել’, մենք մեզի հարց պէտք է տանք. ‘Աստուածաշնչական Ա. Կոր. 3։1-4)։ Ուսուցիչը կը յուսայ, որ յարմար ժամանակին նոր աշակերտն ալ ուսուցիչ մը ըլլայ։
ճշմարտութեան մասին հասկացողութիւնս կ’աւելցնե՞մ։ Ուրիշներ զիս հոգեւորապէս չափահաս կը նկատե՞ն’։ Մայր մը իր մանկիկին կաթ ու մանուկներու յատուկ ուտելիքներ տալով կ’ուրախանայ։ Բայց երեւակայէ անոր մտահոգութիւնը, եթէ տարիներ անցնին եւ երեխան հաստատուն կերակուր չ’ուտեր։ Նոյն կերպով, կ’ուրախանանք երբ Աստուածաշունչի մեր աշակերտը յառաջդիմէ դէպի նուիրում ու մկրտութիւն։ Բայց ի՞նչ կը զգանք, եթէ անկէ ետք՝ ան հոգեւորապէս յառաջդիմելէ դադրի։ Ատիկա վհատեցուցիչ պիտի չը՞լլայ (Տրամաբանելու համար մեր ըմբռնողականութիւնը գործածելը խոկալ կը պահանջէ, եւ ասիկա ջանքի կը կարօտի (Սաղ. 1։1-3)։ Թոյլ պէտք չէ տանք զբաղումներու,– ինչպէս՝ հեռատեսիլ դիտել կամ նախասիրած ժամանցներ, որոնք մտային ճիգ չեն պահանջեր,– որ իմաստալից խորհրդածութեան արգելք հանդիսանան։ Մեր մտային կարողութիւնը զարգացնելու համար, անհրաժեշտ է որ Աստուածաշունչը եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին հրատարակութիւնները ուսումնասիրելու ախորժակ մշակենք ու զայն գոհացնենք (Մատ. 24։45-47)։ Աստուածաշունչի անձնական ընթերցանութեան կանոնաւոր յայտագրի մը կողքին, կարեւոր է որ ժամանակ յատկացնենք Ընտանեկան պաշտամունքին եւ աստուածաշնչական նիւթերու խորազնին ուսումնասիրութեան համար։
Խէյրոնիմօ՝ Մեքսիքայի մէջ ճամբորդող տեսուչ մը, կ’ըսէ թէ Դիտարան–ի իւրաքանչիւր թիւ կ’ուսումնասիրէ անմիջապէս որ մատչելի դառնայ։ Ան նաեւ իր կնոջ հետ միասնաբար ուսումնասիրելու ժամանակ կը տրամադրէ։ Խէյրոնիմօ կ’ըսէ. «Մեր սովորութիւնն է, որ ամէն օր Աստուածաշունչը միասնաբար կարդանք, եւ օգնական հրատարակութիւններ կը գործածենք, ինչպէս՝ ‘Բարի երկիրը’ գրքոյկը»։ Ռոնալտ անունով քրիստոնեայ մը կը նշէ, թէ միշտ քայլ կը պահէ ժողովքային Աստուածաշունչի ընթերցանութեան յայտագրին հետ։ Ան նաեւ անձնական ուսումնասիրութեան մէկ կամ երկու երկարատեւ ծրագիր ունի։ «Այս յայտագիրներուն շնորհիւ անձկագին կը սպասեմ յաջորդ ուսումնասիրութեան նիստին», կ’ըսէ Ռոնալտ։
Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան եւ Աստուծոյ Խօսքին վրայ խոկալու համար բաւարար ժամանակ կը յատկացնե՞նք։ Մեր ըմբռնողականութիւնը կը մարզե՞նք եւ աստուածաշնչական սկզբունքներուն համաձայն որոշումներ կայացնելու մէջ փորձառութիւն ձեռք կը ձգե՞նք (Առ. 2։1-7)։ Ձգտինք հոգեւորապէս հասուն քրիստոնեաներ ըլլալու, օրհնուած այն գիտութեամբ ու իմաստութեամբ, զորս ունին անոնք՝ որոնք իրենց ըմբռնողականութիւնը մարզած են շիտակն ու սխալը զանազանելու։
[Նկար՝ էջ 15]
Մեր ըմբռնողականութիւնը վարժութեան ճամբով կը մարզենք