Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ ապահովութիւն գտիր

Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ ապահովութիւն գտիր

Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ ապահովութիւն գտիր

«Մեծ ժողովին մէջ քեզ պիտի գովեմ» (ՍԱՂ. 35։18

1-3. ա) Ի՞նչ բան կրնայ կարգ մը քրիստոնեաներ հոգեւորապէս վտանգաւոր կացութեան մը մատնել։ բ) Աստուծոյ ժողովուրդը ո՞ւր կրնայ պաշտպանութիւն գտնել։

ՄԻՆՉ Ճօ եւ իր կինը արձակուրդի էին, արեւադարձային բստավէմի մօտ կը լողային, ուր ամէն գոյնի ու չափի ձուկեր կը վխտային։ Անոնք ժայռագօտիին գեղեցկութիւնը վայելելու համար, քիչ մը հեռու լողացին։ Երբ յանկարծ խորունկ տեղ մը հասան, Ճոյի կինը ըսաւ. «Կը խորհիմ որ շատ հեռացանք»։ Ճօ պատասխանեց. «Հանդարտէ՛. գիտեմ թէ ինչ կ’ընեմ»։ Բայց քիչ ետք, Ճօ հարց տուաւ. ‘Ո՞ւր գացեր են բոլոր ձուկերը’։ Ան անմիջապէս սարսափի մատնուեցաւ, պատճառը տեսնելով։ Շանաձուկ մը դէպի իրեն կը սուրար ու ինք ամբողջովին անպաշտպան էր։ Երբ իրարու միջեւ շուրջ մէկ մեթր մնաց, շանաձուկը իր ուղղութիւնը փոխեց եւ անհետացաւ։

2 Քրիստոնեայ մը կրնայ ա՛յնքան տարուիլ Սատանայի իրերու դրութեան հրապոյրներով,– ժամանց, աշխատանք, ստացուածքներ,– որ չ’անդրադառնար թէ վտանգաւոր ջուրերու մէջ կը խորասուզուի։ Քրիստոնեայ երէց մը ըլլալով, Ճօ կ’ըսէ. «Այս փորձառութիւնը պատճառ եղաւ, որ մեր ընկերակցութեան մասին մտածեմ։ Լողա՛ հոն, ուր ապահով ու հաճելի է,– ժողովքին մէջ»։ Մի՛ լողար խորունկ տեղերը, ուր կրնաս հոգեւորապէս մեկուսանալ ու կեանքդ վտանգի ենթարկել։ Եթէ երբեք ինքզինքդ հոն գտնես, իսկոյն վերադարձիր դէպի ‘ապահով ջուրերը’։ Այլապէս, կրնաս հոգեւորապէս կլլուելու վտանգը դիմագրաւել։

3 Այսօր աշխարհը քրիստոնեաներուն համար վտանգաւոր վայր մըն է (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Սատանան գիտէ թէ իր օրերը համրուած են, եւ ան անզգոյշները կլլելու ելած է (Ա. Պետ. 5։8. Յայտ. 12։12, 17)։ Սակայն մենք անպաշտպան չենք։ Եհովա իր ժողովուրդին հայթայթած է ապահով հոգեւոր ապաստան մը,– քրիստոնէական ժողովքը։

4, 5. Շատեր իրենց ապագային մասին ինչպէ՞ս կը զգան եւ ինչո՞ւ։

4 Աշխարհիկ ընկերութիւնը կը ներկայացնէ սահմանափակ ապահովութիւն,– ըլլայ ֆիզիքակա՛ն թէ զգացական։ Շատեր կը զգան թէ ոճիրը, բռնութիւնը, ապրուստի սղութիւնը եւ նոյնիսկ կենսոլորտային հարցերը, իրենց ֆիզիքական ապահովութեան կը սպառնան։ Ամէն ոք յառաջացած տարիքի եւ վատառողջութեան խնդիրները կը դիմագրաւէ։ Իսկ անոնք որոնք աշխատանք, տուն, բաւարար եկամուտ եւ որոշ չափով առողջութիւն ունին, կրնան հարց տալ, թէ ասոնք արդեօք մինչեւ ե՛րբ պիտի ունենան։

5 Զգացական ապահովութիւնը շատերու համար նոյնքան խաբուսիկ եղած է։ Ցաւօք սրտի, ոմանք՝ որոնք կը յուսային ամուսնանալով եւ ընտանիք կազմելով խաղաղութիւն ու գոհունակութիւն գտնել, անդրադարձած են թէ իրենց ակնկալութիւնները ջուրը ինկած են։ Իսկ հոգեւոր գետնի վրայ, բազմաթիւ եկեղեցասէրներ շփոթութեան մատնուած են, իրենց ստացած ուղղութեան արժէքը հարցականի տակ դնելով, յատկապէս ի տես իրենց կրօնական առաջնորդներուն կասկածելի վարքին եւ անաստուածաշնչական ուսուցումներուն։ Ուստի շատեր կը խորհին, թէ իրենց յոյսը գիտութեան վրայ կամ մարդոց բարեացակամութեան ու լաւ դատողութեան վրայ դնելէ զատ ուրիշ ընտրութիւն մը չունին։ Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ մարդիկ ծայր աստիճան անապահով կը զգան կամ պարզապէս կը նախընտրեն իրենց ապագային մասին խորապէս չմտածել։

6, 7. ա) Աստուծոյ ծառայողներուն եւ չծառայողներուն միջեւ ինչո՞ւ հայեցակէտի տարբերութիւն կայ։ բ) Ի՞նչ բան նկատի պիտի առնենք։

6 Հայեցակէտի ի՜նչ տարբերութիւն կայ քրիստոնէական ժողովքին մէկ մասը եղողներուն եւ չեղողներուն միջեւ։ Թէեւ մենք՝ Եհովայի ծառաներս, մեր դրացիներուն դիմագրաւած հարցերուն ու խնդիրներուն մեծ մասը կը դիմագրաւենք, բայց մեր հակազդեցութիւնը ամբողջովին տարբեր է (կարդալ՝ Եսայի 65։13, 14. Մաղաքիա 3։18Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուածաշունչին մէջ գոհացուցիչ բացատրութիւն մը կը գտնենք այն կացութեան մասին, որուն մէջ մարդկութիւնը կը գտնուի, եւ սպառազինուած ենք կեանքի մարտահրաւէրներուն հետ գլուխ ելլելու։ Որպէս արդիւնք, ապագայի նկատմամբ չափազանց մտահոգ չենք։ Եհովայի երկրպագուներն ըլլալը մեզ կը պաշտպանէ անխոհեմ ու անաստուածաշնչական տրամաբանութենէ, անբարոյ սովորութիւններէ եւ անոնց հետեւանքներէն։ Այսպէս, քրիստոնէական ժողովքին անդամները ուրիշներուն անծանօթ եղող անդորրութիւն մը կը վայելեն (Եսա. 48։17, 18. Փլպ. 4։6, 7

7 Կարգ մը օրինակներ կրնան մեզի օգնել խոկալու այն ապահովութեան մասին, զոր միայն Եհովայի ծառաները կը վայելեն։ Այս օրինակները թող մեզ մղեն մեր մտածելակերպն ու սովորութիւնները քննութեան ենթարկելու եւ նկատի առնելու, թէ ինչպէ՛ս կրնանք լիուլի գործադրել Աստուծոյ խրատները, որոնք մեր պաշտպանութեան համար են (Եսա. 30։21

«Քիչ մնաց, որ իմ ոտքերս ծռէին»

8. Եհովայի ծառաները միշտ մղուած են ի՞նչ ընելու։

8 Մարդկային պատմութեան սկիզբէն իսկ, անոնք որոնք ընտրեցին Եհովայի ծառայել ու հնազանդիլ, ջանացին խուսափիլ սերտ ընկերակցութիւն ունենալէ անոնց հետ, որոնք այս քայլը չառին։ Արդարեւ, Եհովա նշեց թէ իր երկրպագուներուն եւ Սատանայի հետեւորդներուն միջեւ թշնամութիւն պիտի ըլլար (Ծն. 3։15)։ Ներշնչեալ սկզբունքներուն կողքին հաստատ դիրք բռնելուն պատճառաւ, Աստուծոյ ժողովուրդը միւս մարդոցմէ տարբեր կերպով վարուած է (Յովհ. 17։15, 16. Ա. Յովհ. 2։15-17)։ Այսպիսի կեցուածք որդեգրելը միշտ դիւրին չէ եղած։ Իսկ Եհովայի ծառաներէն ոմանք երբեմն հարցականի տակ դրած են անձնազոհ ապրելակերպին իմաստուն ընթացք ըլլալը։

9. 73–րդ սաղմոսը յօրինողը ի՞նչ մաքառում դիմագրաւեց։

9 73–րդ սաղմոսը յօրինողը,– հաւանաբար Ասափի սերունդէն,– Եհովայի մէկ ծառան էր՝ որ հարց տուաւ թէ արդեօք խոհեմ որոշումներ կայացուցա՛ծ էր։ Սաղմոսերգուն մտածեց թէ ամբարիշտները ինչո՛ւ յաճախ յաջող, երջանիկ ու բարգաւաճ կը թուին, մինչ Աստուծոյ փութաջան ծառաներէն ոմանք փորձութիւններ ու նեղութիւններ կը դիմագրաւեն (կարդալ՝ Սաղմոս 73։1-13

10. Սաղմոսերգուին յարուցած հարցերը ինչո՞ւ քեզի համար կարեւոր են։

10 Երբեք սաղմոսերգուին արձանագրած հարցումներուն նման հարցումներ ուղղա՞ծ ես։ Եթէ այո՛, հարկ չկայ չափազանց յանցաւոր զգալու կամ խորհելու թէ հաւատքդ կը խորտակուի։ Իրականութեան մէջ, Եհովայի ծառաներէն շատեր, ի ներառեալ ոմանք՝ զորս Եհովա գործածեց Աստուածաշունչը գրելու, նոյնանման մտածումներ ունեցան (Յոբ 21։7-13. Սաղ. 37։1. Եր. 12։1. Ամբ. 1։1-4, 13)։ Արդարեւ, բոլոր անոնք՝ որոնք կը փափաքին Եհովայի ծառայել, հետեւեալ հարցումին պատասխանին մասին պէտք է լրջօրէն մտածեն ու զայն ընդունին. Աստուծոյ ծառայելն ու հնազանդիլը ընելիք լաւագո՞յն բանն է։ Այս հարցումը կ’արտացոլացնէ Եդեմի պարտէզին մէջ Սատանայի յարուցած հարցը։ Ասիկա Աստուծոյ գերիշխանութեան տիեզերական հարցին կորիզը կը կազմէ (Ծն. 3։4, 5)։ Ուստի բոլորս ալ լաւ կ’ընենք, եթէ նկատի առնենք սաղմոսերգուին յարուցած հարցը։ Պէ՞տք է նախանձինք ամբարիշտ պարծենկոտներուն, որոնք ըստ երեւոյթին խնդիրներէ զերծ կեանք մը կ’ապրին։ Եհովայի ծառայութենէն պէ՞տք է շեղինք եւ անոնց ընթացքը ընդօրինակենք։ Անշուշտ Սատանային ուզածը ճիշդ այս է։

11, 12. ա) Սաղմոսերգուն իր կասկածները ինչպէ՞ս վանեց, եւ ասիկա մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ։ բ) Ի՞նչ բան քեզի օգնած է, որ սաղմոսերգուին նոյն եզրակացութեան յանգիս։

11 Ի՞նչ բան սաղմոսերգուին օգնեց իր կասկածները վանելու։ Թէեւ ան ընդունեց որ արդարութենէ շեղելու վրայ էր, բայց իր տեսակէտը փոխուեցաւ, երբ «Աստուծոյ սրբարանը» մտաւ,– այսինքն՝ երբ Աստուծոյ խորանին կամ տաճարին մէջ հոգեւոր անհատներու ընկերակցեցաւ եւ Աստուծոյ նպատակին վրայ խոկաց։ Այն ատեն սաղմոսերգուին յստակ դարձաւ, որ չէր ուզեր չարագործներուն վախճանը ունենալ։ Ան կրնար տեսնել, թէ անոնց ընթացքն ու կեանքի ընտրութիւնները զիրենք «սահուն տեղեր» կը դնէին։ Սաղմոսերգուն ըմբռնեց թէ բոլոր անոնք, որոնք անբարոյութիւն գործելով Եհովայէ կը մոլորին, անխուսափելիօրէն «յանկարծակի աւերմունքի» մէջ պիտի իյնան, մինչդեռ Եհովա իրեն ծառայողներուն նեցուկ պիտի կանգնի (կարդալ՝ Սաղմոս 73։16-19, 27, 28Անտարակոյս այդ խօսքին ճշմարիտ ըլլալը տեսած ես։ Ինքնահաճ եւ աստուածային օրէնքը անտեսող կենցաղ վարելը կրնայ հրապուրիչ թուիլ շատերու, բայց անոր գէշ հետեւանքները անխուսափելի են (Գաղ. 6։7-9

12 Սաղմոսերգուին փորձառութենէն ուրիշ ի՞նչ կը սորվինք։ Ան Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ ապահովութիւն ու իմաստութիւն գտաւ։ Ան սկսաւ յստակօրէն ու տրամաբանօրէն մտածել, երբ գնաց Եհովայի պաշտամունքին վայրը։ Նոյնպէս այսօր, ժողովքային հանդիպումներուն կրնանք իմաստուն խրատատուներ գտնել եւ առողջ հոգեւոր սնունդ վայելել։ Ուստի վաւերական պատճառով մը, Եհովա իր ծառաներուն կ’ըսէ որ քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուին։ Հոն, անոնք պիտի քաջալերուին որ իմաստութեամբ վարուին (Եսա. 32։1, 2. Եբ. 10։24, 25

Ընկերակիցներդ իմաստութեա՛մբ ընտրէ

13-15. ա) Դինա ի՞նչ փորձառութիւն ունեցաւ, եւ ասիկա ի՞նչ ցոյց կու տայ։ բ) Քրիստոնեայ հաւատակիցներու ընկերակցիլը ինչո՞ւ պաշտպանութիւն է։

13 Յակոբի դուստրը՝ Դինա, լուրջ խնդրի մը մէջ ինկաւ, քանի որ աշխարհային բարեկամներու ընկերակցեցաւ։ Ծննդոցի արձանագրութիւնը մեզի կ’ըսէ, թէ անոր սովորութիւնն էր ընկերակցիլ քանանացի երիտասարդուհիներու, որոնք իր ընտանիքին բնակած շրջանին մէջ կ’ապրէին։ Քանանացիները Եհովայի երկրպագուներուն բարոյական բարձր չափանիշները չունէին։ Ընդհակառակը, հնախոյզներուն յայտնաբերումները ցոյց կու տան, թէ քանանացիներուն ուղիները պատճառ եղան, որ իրենց երկիրը կռապաշտութեամբ, անբարոյութեամբ, սեռի անառակ պաշտամունքով ու բռնութեամբ լեցուի (Ել. 23։23. Ղեւ. 18։2-25. Բ. Օր. 18։9-12)։ Մտաբերէ այս անհատներուն հետ Դինայի ընկերակցութեան հետեւանքը։

14 Սիւքէմ անունով տեղացի տղամարդ մը, որ «իր հօրը տանը մէջ եղողներուն ամենէն պատուականն էր», տեսաւ Դինան «եւ առաւ ու պառկեցաւ անոր հետ ու պղծեց զանիկա» (Ծն. 34։1, 2, 19)։ Ի՜նչ ողբերգութիւն։ Կը խորհի՞ս որ Դինայի մտքէն անցած էր, որ այսպիսի բան մը կրնար պատահիլ։ Թերեւս ան պարզապէս կ’ուզէր բարեկամանալ տեղացիներուն հետ, զորս անվնաս կը նկատէր։ Սակայն Դինա մեծապէս խաբուեցաւ։

15 Այս արձանագրութիւնը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Չենք կրնար անհաւատներու հետ ժամանակ անցընել ու յուսալ գէշ հետեւանքներ չկրել։ Սուրբ Գրութիւնները կը նշեն, թէ «չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն» (Ա. Կոր. 15։33)։ Միւս կողմէ, պաշտպանութիւն է ընկերակցիլ անոնց, որոնք կը բաժնեն հաւատալիքներդ, բարոյական բարձր չափանիշներդ եւ Եհովայի հանդէպ սէրդ։ Այսպիսի աղէկ ընկերակցութիւն քեզ պիտի քաջալերէ, որ իմաստունօրէն գործես (Առ. 13։20

«Լուացուեցաք»

16. Պօղոս առաքեալ ի՞նչ ըսաւ կարգ մը անհատներու մասին Կորնթոսի ժողովքին մէջ։

16 Քրիստոնէական ժողովքը շատերու օգնած է, որ իրենք զիրենք պիղծ սովորութիւններէ մաքրեն։ Կորնթոսի ժողովքին յղած իր առաջին նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ նշեց այն փոփոխութիւնները, զորս քրիստոնեաները ըրին, որպէսզի Աստուծոյ չափանիշներուն հետ ներդաշնակ ապրին։ Ոմանք նախապէս եղած էին պոռնիկներ, կռապաշտներ, շնացողներ, միասեռականներ, գողեր, գինովներ, եւայլն։ «Բայց լուացուեցաք», ըսաւ Պօղոս անոնց (կարդալ՝ Ա. Կորնթացիս 6։9-11

17. Աստուածաշունչի չափանիշներուն համաձայն ապրիլը ինչպէ՞ս շատերու կեանքը փոխած է։

17 Հաւատք չունեցող անհատներ ուղղութիւն տուող ողջամիտ սկզբունքներ չունին։ Անոնք իրենց անհատական ընթացքը կ’որոշեն, կամ պարզապէս անբարոյ աշխարհին մէջ կը մխրճուին, ինչպէս որ կորնթացիներէն ոմանք ըրին, հաւատացեալներ դառնալէ առաջ (Եփ. 4։14)։ Սակայն Աստուծոյ Խօսքին ու նպատակներուն մասին ճշգրիտ գիտութիւնը զօրութիւն ունի բարելաւելու բոլոր անոնց կեանքը, որոնք Սուրբ Գրութիւնները կը կիրարկեն (Կող. 3։5-10. Եբ. 4։12)։ Քրիստոնէական ժողովքի այժմու անդամներէն շատեր կրնան քեզի պատմել, թէ Եհովայի արդար չափանիշները որդեգրելէ առաջ, անբարոյութեան անձնատուր եղած էին, բայց դժգոհ եւ ապերջանիկ էին։ Անոնք խաղաղութիւն գտան, միայն երբ սկսան Աստուծոյ ժողովուրդին ընկերակցիլ եւ աստուածաշնչական սկզբունքներուն համաձայն ապրիլ։

18. Պատանուհի մը ի՞նչ փորձառութիւն ունեցաւ, եւ ասիկա ի՞նչ կ’ապացուցանէ։

18 Միւս կողմէ, ոմանք՝ որոնք անցեալին քրիստոնէական ժողովքին ‘ապահով ջուրերը’ լքեցին, այժմ այդ որոշումին համար դառնօրէն կը զղջան։ Քոյր մը, զոր պիտի կոչենք Թերեզ, կը բացատրէ թէ «ճշմարտութեան հետ որոշ կապ ունենալով մեծցած էր», բայց երբ 16 տարեկան եղաւ, ժողովքը լքեց՝ «աշխարհային հրապուրանքներու հետամուտ» ըլլալու համար։ Իր ունեցած հարցերը պարփակեցին՝ անփափաքելի յղութիւն ու վիժում։ Ան կ’ըսէ. «Ժողովքէն հեռու անցուցած երեք տարիներս զգացական տգեղ սպիներ ձգեցին, որոնք պիտի չանհետանան։ Զիս կը շարունակէ տանջել այն գաղափարը, թէ չծնած զաւակս սպաննեցի։ . . .Կ’ուզեմ ըսել այն բոլոր պատանիներուն, որոնք կը փափաքին աշխարհը ‘համտեսել’ նոյնիսկ կարճ ժամանակուան մը համար. ‘Մի՛ փորձէք’։ Սկիզբը կրնայ համով թուիլ, բայց ետքը չափազանց լեղի համ կը ձգէ։ Աշխարհը միայն թշուառութիւն կը հրամցնէ։ Ե՛ս գիտեմ. զայն համտեսեցի։ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ մնացէ՛ք։ Անիկա միակ կենցաղն է, որ երջանկութիւն կը բերէ»։

19, 20. Քրիստոնէական ժողովքը ի՞նչ պաշտպանութիւն կու տայ եւ ինչպէ՞ս։

19 Պահ մը խորհէ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլար վիճակդ, եթէ քրիստոնէական ժողովքին պաշտպանիչ միջավայրը լքած ըլլայիր։ Շատեր պիտի չուզեն ասոր մասին մտածել, մտաբերելով իրենց ունայն կենցաղը՝ ճշմարտութիւնը ընդունելէ առաջ (Յովհ. 6։69, 70)։ Սատանայի աշխարհին մէջ շատ սովորական եղող վայերէն կրնաս յարատեւաբար պաշտպանուիլ, քրիստոնեայ եղբայրներուդ ու քոյրերուդ մօտիկ մնալով։ Անոնց ընկերակցութիւնը եւ ժողովքային հանդիպումներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլը, միշտ քեզի պիտի յիշեցնեն Եհովայի արդար չափանիշներուն իմաստութիւնը եւ քեզ պիտի քաջալերեն, որ ատոնց հետ ներդաշնակ ապրիս։ Ամէն պատճառ ունիս ‘մեծ ժողովին մէջ Եհովան գովելու’, ինչպէս որ սաղմոսերգուն ըրաւ (Սաղ. 35։18

20 Անշուշտ, զանազան պատճառներով, բոլոր քրիստոնեաները կ’անցնին ժամանակներէ, երբ իրենց քրիստոնէական ուղղամտութիւնը պահելը կրնայ դժուար թուիլ։ Անոնք կարիք կ’ունենան, որ մէկը շիտակ ուղղութիւնը ցոյց տայ իրենց։ Թէ՛ դուն եւ թէ ժողովքին միւս անդամները, այսպիսի ժամանակներու մէջ ի՞նչ կրնաք ընել, հաւատակիցներուն աջակցելու համար։ Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր եղբայրները ‘յորդորել եւ շինել’ (Ա. Թես. 5։11, ԱԾ

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես

73–րդ սաղմոսը յօրինողին փորձառութիւններէն ի՞նչ կը սորվինք։

• Դինայի փորձառութիւնը ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի։

• Ինչո՞ւ քրիստոնէական ժողովքին մէջ կրնաս ապահովութիւն գտնել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 13]

Լողա՛ հոն, ուր ապահով է. ժողովքին մէջ մնացիր