Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բարկութիւնդ զսպելով «յաղթէ՛ չարին»

Բարկութիւնդ զսպելով «յաղթէ՛ չարին»

Բարկութիւնդ զսպելով «յաղթէ՛ չարին»

«Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար. . . հապա բարիով յաղթէ՛ չարին» (ՀՌՈՎ. 12։19, 21

1, 2. Ճամբորդող կարգ մը Վկաներ ի՞նչ լաւ օրինակ հանդիսացան։

ԽՈՒՄԲ մը Եհովայի վկաներ, թիւով 34 հոգի, մինչ օդանաւով կը ճամբորդէին մասնաճիւղի մը նաւակատիքին ներկայ գտնուելու համար, մեքենական խանգարում մը ուշացում պատճառեց։ Վառելանիւթ լեցնելու համար մէկ ժամ կանգ առնելը փոխուեցաւ 44 ժամի, հեռաւոր օդակայանի մը մէջ, ուր բաւարար ուտելիք, ջուր կամ առողջապահական դիւրութիւններ չկային։ Ուղեւորներէն շատեր սկսան բարկանալ եւ օդակայանի անձնակազմին սպառնալ։ Բայց եղբայրներն ու քոյրերը հանդարտ մնացին։

2 Ի վերջոյ, Վկաները իրենց որոշեալ վայրը հասան, նաւակատիքի յայտագրին վերջին բաժինը չսկսած։ Յոգնած ըլլալով հանդերձ, անոնք յայտագրէն ետք մնացին, որպէսզի տեղացի եղբայրներուն ընկերակցութիւնը վայելեն։ Յետագային անոնք իմացան, թէ իրենց համբերութեան ու ժուժկալութեան օրինակը աննկատ չէր մնացած։ Ուղեւոր մը օդանաւի ընկերութեան ըսած էր. «Եթէ 34 քրիստոնեաները չըլլային, օդակայանին մէջ խռովութիւն պիտի ըլլար»։

Բարկացած աշխարհի մը մէջ ապրիլ

3, 4. ա) Ինչպէ՞ս եւ ո՞րքան ատենէ ի վեր վայրագ բարկութիւնը մարդոց վնաս հասցուցած է։ բ) Կայէն կրնա՞ր իր բարկութիւնը զսպել։

3 Ներկայ ամբարիշտ դրութեան մէջ, կեանքի ճնշումները կրնան մարդիկը մղել բարկանալու (Ժող. 7։7)։ Այս բարկութիւնը յաճախ կ’առաջնորդէ ատելութեան եւ նոյնիսկ բռնութեան։ Երկիրներու մէջ արտաքին ու ներքին պատերազմներ կը ծագին, իսկ ընտանեկան լարուածութիւնները շատ մը տուներու մէջ վէճեր կը յառաջացնեն։ Այսպիսի բարկութիւն ու բռնութիւն, երկա՜ր պատմութիւն մը ունին։ Կայէն, Ադամի ու Եւայի առաջին որդին, նախանձոտ բարկութենէ դրդուած՝ սպաննեց իր կրտսեր եղբայրը, Աբէլ։ Կայէն այս վատ արարքը գործեց, հակառակ անոր որ Եհովա զինք յորդորած էր, որ իր յուզումը հակակշռի տակ առնէր, եւ խոստացած էր զինք օրհնել, եթէ այդպէս ընէր (կարդալ՝ Ծննդոց 4։6-8

4 Հակառակ իր ժառանգուած անկատարութեան, Կայէն հարցին շուրջ ընտրութիւն մը ունէր։ Ան իր բարկութիւնը կրնար սանձել։ Այս պատճառով ան լիովին պատասխանատու էր իր վայրագ արարքին համար։ Նմանապէս, մեր անկատար վիճակը կը դժուարացնէ բարկութենէ եւ անոր առթած արարքներէ խուսափիլը։ Իսկ այս «չար ժամանակներ»ուն մէջ, ուրիշ լուրջ խնդիրներ ճնշուածութիւնը կ’աւելցնեն (Բ. Տիմ. 3։1)։ Օրինակ՝ տնտեսական դժուարութիւնները կրնան մեր յուզումին վրայ ճնշում բանեցնել։ Ոստիկանութիւնը եւ ընտանիքներուն աջակցող կազմակերպութիւնները, պոռթկումի եւ տնային վայրագութեան յաւելումը կ’առնչեն ելեւմտական դրութեան տագնապին։

5, 6. Բարկութեան նկատմամբ ի՞նչ աշխարհային տեսակէտ մը կրնայ մեզի ազդել։

5 Աւելին, մեր հանդիպած մարդոցմէ շատերը «անձնասէր», «հպարտ» ու նոյնիսկ «դաժանաբարոյ» են։ Շատ դիւրին է, որ այսպիսի վատ յատկանիշներ մեզի ազդեն ու մեզ բարկացնեն (Բ. Տիմ. 3։2-5)։ Իրականութեան մէջ, շարժապատկերներ ու հեռատեսիլի յայտագիրներ յաճախ կը նկարագրեն վրէժխնդրութիւնը որպէս վեհանձն արարք, իսկ բռնութիւնը՝ որպէս խնդիրներու բնական եւ արդարացի լուծում։ Պատմութեան իրադարձութիւնները սովորաբար կը մղեն դիտողները, որ անհամբեր սպասեն այն պահուն, երբ չարագործը «իր արժանի պատիժը պիտի ստանայ»,– վայրագ վախճան՝ հերոսին ձեռքով։

6 Այսպիսի պրոպականդ յառաջ կը տանի ոչ թէ Աստուծոյ ճամբաները, այլ՝ «այս աշխարհի հոգին» եւ անոր զայրացած կառավարիչին՝ Սատանային կեցուածքը (Ա. Կոր. 2։12. Եփ. 2։2. Յայտ. 12։12)։ Այդ հոգին կոչ կ’ընէ անկատար մարմնին, եւ բոլորովին կ’ընդդիմանայ Աստուծոյ սուրբ հոգիին ու անոր պտուղին։ Արդարեւ քրիստոնէութեան հիմնական ուսուցումներէն մին է՝ չհատուցանել գրգռումի ներքեւ (կարդալ՝ Մատթէոս 5։39, 44, 45Արդ, ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսի ուսուցումները լիովին կիրարկել։

Լաւ ու գէշ օրինակներ

7. Երբ Շմաւոն ու Ղեւի իրենց բարկութիւնը չզսպեցին, հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։

7 Բարկութիւնը զսպելու առնչութեամբ Աստուածաշունչը բազմաթիւ խրատներ կու տայ եւ գործնական օրինակներով կը յայտնէ, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, երբ բարկութիւնը զսպենք կամ տեղի տանք։ Նկատի առ այն դէպքը, երբ Յակոբի որդիները՝ Շմաւոն ու Ղեւի, Սիւքէմէն վրէժ առին, քանի որ իրենց քոյրը բռնաբարեց։ Անոնք «զայրացան ու խիստ բարկացան» (Ծն. 34։7)։ Յետոյ, Յակոբի միւս որդիները Սիւքէմի քաղաքին վրայ յարձակեցան, զայն կողոպտեցին եւ կիներն ու երեխաները գերի առին։ Անոնք այս ամէնը ըրին ոչ միայն Դինային պատճառով, այլ նաեւ՝ հաւանաբար իրենց արժանապատուութեան համար։ Անոնք սեպեցին թէ Սիւքէմ զիրենք ու իրենց հայրը՝ Յակոբը՝ ընդվզեցուցած էր։ Բայց Յակոբ ինչպէ՞ս նկատեց անոնց վարքը։

8. Շմաւոնի եւ Ղեւիի պատմութիւնը ի՞նչ ցոյց կու տայ վրիժառութեան մասին։

8 Դինայի ողբերգական փորձառութիւնը խորապէս վշտացուցած ըլլալու էր Յակոբը. այսուհանդերձ, ան իր որդիներուն վրիժառութիւնը դատապարտեց։ Շմաւոն ու Ղեւի տակաւին փորձեցին իրենց արարքները արդարացնել, ըսելով. «Հապա պէ՞տք էր, որ մեր քոյրը բոզի պէս գործածէին» (Ծն. 34։31)։ Բայց ասով հարցը չլրացաւ, քանի որ Եհովա դժգոհ էր։ Տարիներ ետք, Յակոբ նախագուշակեց թէ Շմաւոնի եւ Ղեւիի բարկութեան ու վայրագ արարքներուն պատճառով, անոնց զարմը իսրայէլի ցեղերուն մէջ պիտի ցրուէր (կարդալ՝ Ծննդոց 49։5-7Այո, անոնց անսանձ բարկութիւնը բերաւ թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ իրենց հօր տհաճութիւնը։

9. Դաւիթ ե՞րբ բարկութեան տեղի տալու վրայ էր։

9 Դաւիթ թագաւորին պարագան ամբողջովին տարբեր էր։ Ան վրէժ առնելու բազմաթիւ առիթներ ունեցաւ, բայց այդ քայլին չդիմեց (Ա. Թագ. 24։4-8)։ Սակայն առիթով մը, ան գրեթէ բարկութեան տեղի տուաւ։ Նաբաղ անունով հարուստ մը Դաւիթի մարդիկը նախատեց, հակառակ անոր որ իր հօտերն ու հովիւները պաշտպանած էին։ Թերեւս, յատկապէս իր մարդոց համար, վիրաւորուած զգալով՝ Դաւիթ վայրագօրէն վրէժ առնելու ելաւ։ Մինչ Դաւիթ եւ իր մարդիկը կ’երթային Նաբաղի եւ անոր տան վրայ յարձակելու, պատանի մը Աբիգիայի՝ Նաբաղի խոհեմ կնոջ, իմացուց եղելութիւնը եւ զինք յորդորեց որ գործի լծուի։ Անմիջապէս ան մեծ պարգեւ մը պատրաստեց ու գնաց Դաւիթին քով։ Ան խոնարհաբար ներողութիւն խնդրեց Նաբաղի նախատինքին համար, եւ Դաւիթի աստուածավախութեան կոչ ըրաւ։ Դաւիթ զգաստացաւ եւ ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլաս, որ այսօր ինծի արգիլեցիր որ արիւն թափեմ» (Ա. Թագ. 25։2-35

Քրիստոնէական կեցուածքը

10. Վրէժխնդրութեան նկատմամբ քրիստոնեաները ի՞նչ կեցուածք պէտք է ցուցաբերեն։

10 Շմաւոնի եւ Ղեւիի հետ, ինչպէս նաեւ Դաւիթի ու Աբիգիայի միջեւ տեղի ունեցածը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ Եհովա կը մերժէ անսանձ բարկութիւնն ու բռնութիւնը եւ կ’օրհնէ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերը։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք։ Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք. վասն զի գրուած է. ‘Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ’, կ’ըսէ Տէրը։ Ուստի եթէ քու թշնամիդ անօթեցեր է՝ հաց տուր անոր եւ եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր անոր. քանզի այս ընելով՝ անոր գլխուն վրայ կրակի կայծեր պիտի դիզես։ Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին» (Հռով. 12։18-21 *

11. Քոյր մը ինչպէ՞ս սորվեցաւ իր բարկութիւնը զսպել։

11 Կրնա՛նք այդ խրատը գործադրել։ Օրինակ՝ քոյր մը իր աշխատանքի նոր տնօրինուհիին մասին երէցի մը դժգոհութիւն արտայայտեց։ Ան նշեց թէ տնօրինուհին անարդար եւ անազնիւ է։ Ան ա՛յնքան բարկացած էր, որ կ’ուզէր գործէն հրաժարիլ։ Երէցը զինք յորդորեց, որ հապճեպով բան մը չընէ։ Ան զատորոշեց թէ քրոջ հակազդեցութիւնը պարզապէս կացութիւնը բարդացուցած էր (Տիտ. 3։1-3)։ Երէցը մատնանշեց, որ եթէ ան նոյնիսկ ուրիշ գործ մը ճարէ, տակաւին պէտք է փոխէ այն կերպը, որով անազնուութեան կը հակազդէ։ Ան զինք խրատեց որ, Յիսուսի սորվեցուցածին համաձայն, տնօրինուհիին հետ վարուի ա՛յնպէս՝ ինչպէս որ կ’ուզէ ուրիշներն իրեն հետ վարուին (կարդալ՝ Ղուկաս 6։31Քոյրը համամիտ գտնուեցաւ։ Արդի՞ւնքը։ Որոշ ժամանակ մը ետք, տնօրինուհիին կեցուածքը կակուղցաւ, եւ նոյնիսկ քրոջ գործին համար շնորհակալութիւն յայտնեց։

12. Ինչո՞ւ քրիստոնեաներու միջեւ ծագած խնդիրները կրնան յատկապէս ցաւագին ըլլալ։

12 Չենք զարմանար, երբ քրիստոնէական ժողովքէն դուրս եղող անհատի մը հետ այդպիսի խնդիրներ ծագին։ Գիտենք որ Սատանայի դրութեան մէջ կեանքը յաճախ անարդար է եւ պէտք է ջանանք չարագործներուն թոյլ չտալ որ մեզ բարկացնեն (Սաղ. 37։1-11. Ժող. 8։12, 13. 12։13, 14)։ Սակայն, երբ հոգեւոր եղբօր կամ քրոջ մը հետ խնդիրներ զարգանան, ցաւը կրնայ շատ խոր ըլլալ։ Քոյր մը նշեց. «Ճշմարտութեան գալու ժամանակ, մեծագոյն խոչընդոտս էր ընդունիլ այն իրողութիւնը, թէ Եհովայի ծառաները կատարեալ չեն»։ Անսէր եւ անտարբեր աշխարհէ մը դուրս ելանք, յուսալով որ ժողովքին մէջ բոլորը քրիստոնէական քաղցրութեամբ իրարու հետ կը վարուին։ Հետեւաբար, եթէ հաւատակից մը, յատկապէս ժողովքին մէջ առանձնաշնորհումներ ունեցող մը, աննկատառու կամ անվայել կերպով վարուի, կրնայ մեզ վիրաւորել կամ բարկացնել։ Թերեւս հարց տանք. ‘Եհովայի ժողովուրդին մէջ ինչպէ՞ս կրնան այսպիսի բաներ պատահիլ’։ Իրականութեան մէջ, առաքեալներուն օրերուն այդպիսի բաներ պատահեցան նոյնիսկ օծեալ քրիստոնեաներուն մէջ (Գաղ. 2։11-14. 5։15. Յակ. 3։14, 15)։ Երբ այսպիսի հարց մը ունենանք, ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք։

13. Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս պէտք է ջանանք խնդիրները լուծել։

13 Վերոնշեալ քոյրը աւելցուց. «Սորվեցայ աղօթել այն անհատին համար, որ զիս կը վիրաւորէ։ Ասիկա միշտ կ’օգնէ»։ Ինչպէս կարդացինք, Յիսուս մեզի սորվեցուց որ մեզ հալածողներուն համար աղօթք ընենք (Մատ. 5։44)։ Ո՜րքան աւելի պէտք է աղօթենք մեր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար։ Ճիշդ ինչպէս հայր մը կ’ուզէ, որ իր զաւակները մէկզմէկ սիրեն, նոյնպէս Եհովա կ’ուզէ որ երկրի վրայ իր ծառաները լաւ փոխյարաբերութիւններ վայելեն։ Անձկագին կը սպասենք որ խաղաղութեամբ եւ երջանկութեամբ առյաւէտ միասին ապրինք, իսկ Եհովա մեզի կը սորվեցնէ որ ներկայիս այդպէս ընենք։ Ան կ’ուզէ որ իր հսկայ գործը կատարելու մէջ համագործակցինք։ Ուստի խնդիրները լուծենք կամ պարզապէս յանցագործութիւնը ‘ներենք’ ու միութեան մէջ մնանք (կարդալ՝ Առակաց 19։11Փոխանակ մեր եղբայրներէն հեռանալու, երբ խնդիրներ ծագին, իրարու պէտք է օգնենք որ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ մնանք, Եհովայի «յաւիտենական բազուկներ»ուն պաշտպանութիւնը վայելելով (Բ. Օր. 33։27

Ամէնուն հետ մեղմաբարոյ ըլլալը լաւ արդիւնք կու տայ

14. Ինչպէ՞ս կրնանք Սատանայի պառակտիչ ազդեցութիւններուն դէմ դնել։

14 Բարի լուրը տարածելուն մէջ մեզ խանգարելու նպատակաւ, Սատանան ու դեւերը գործօն կերպով կը փորձեն երջանիկ ընտանիքներն ու ժողովքները քայքայել։ Անոնք կը ջանան երկպառակութիւններ ցանել, գիտնալով որ ներքին բաժանումները կործանարար են (Մատ. 12։25)։ Անոնց չար ազդեցութեան դէմ պատերազմելու համար, լաւ կ’ընենք որ Պօղոսի խրատին անսանք. «Տէրոջը ծառան պէտք չէ կռուի, հապա հեզահոգի ըլլայ ամենուն» (Բ. Տիմ. 2։24)։ Մտաբերէ թէ մեր պատերազմը «արիւնի ու մարմնի հետ չէ, հապա. . . չար ոգիներուն հետ»։ Այս մարտին մէջ յաջողելու համար, հոգեւոր սպառազինութիւն պէտք է գործածենք, ի ներառեալ՝ «խաղաղութեան աւետարանին պատրաստութիւնը» (Եփ. 6։12-18

15. Եհովայի թշնամիներուն յարձակումներուն ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք։

15 Եհովայի թշնամիները իր խաղաղասէր ժողովուրդին վրայ կատաղի յարձակումներ կը կատարեն։ Այս թշնամիներէն ոմանք Եհովայի վկաներուն ֆիզիքապէս վնաս կը հասցնեն։ Ուրիշներ մամուլին մէջ կամ ատեաններուն մէջ մեզ կը զրպարտեն։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ, որ ասիկա ակնկալեն (Մատ. 5։11, 12)։ Ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք։ Բնաւ պէտք չէ ‘չարութեան փոխարէն չարութիւն հատուցանենք’, ըլլայ խօսքով կամ գործով (Հռով. 12։17. կարդալ՝ Ա. Պետրոս 3։16

16, 17. Ժողովք մը ի՞նչ դժուար կացութիւն մը դիմագրաւեց։

16 Բանսարկուն ի՛նչ որ ալ մեր վրայ բերէ, ‘բարիով չարին յաղթելով’ կրնանք ընտիր վկայութիւն մը տալ։ Օրինակ՝ Խաղաղական ովկիանոսի մէկ կղզիին մէջ, ժողովք մը Յիշատակատօնին համար սրահ մը վարձեց։ Ասիկա իմանալով, տեղական եկեղեցիին կղերները իրենց ծուխերուն ըսին, որ եկեղեցական արարողութեան մը համար այդ սրահին մէջ հաւաքուին՝ Յիշատակատօնին տրամադրուած ժամուն։ Սակայն ոստիկանապետը եկեղեցիին հրամայեց, որ որոշուած ժամուն սրահը մատչելի ըլլայ Վկաներուն։ Այսուհանդերձ, երբ ժամը հասաւ, սրահը եկեղեցասէրներով լեցուած էր, եւ իրենց արարողութիւնը սկսաւ։

17 Մինչ ոստիկանութիւնը կը պատրաստուէր բռնի ուժով սրահը պարպելու, եկեղեցապետը մեր երէցներէն մէկուն մօտեցաւ ու հարցուց. «Արդեօք այս երեկոյին համար մասնայատուկ բան մը ծրագրա՞ծ էք»։ Եղբայրը խօսեցաւ Յիշատակատօնին մասին, եւ ան պատասխանեց. «Չէի գիտեր»։ Անմիջապէս ոստիկան մը բացագանչեց. «Բայց մենք ա՛յս առաւօտուն քեզ տեղեկացուցինք»։ Կղերականը քմծիծաղով երէցին ըսաւ. «Հիմա ի՞նչ պիտի ընէք։ Սրահը մեր մարդոցմով լեցուն է։ Արդեօք ոստիկաններուն միջոցով մեզ դուրս պիտի հանէ՞ք»։ Ան խորամանկօրէն հարցը այնպէս մը ներկայացուց, որ Վկաները թուին հալածողներն ըլլալ։ Մեր եղբայրները ինչպէ՞ս պիտի հակազդէին։

18. Եղբայրները գրգռումին ինչպէ՞ս հակազդեցին, եւ ասիկա ի՞նչ արդիւնք տուաւ։

18 Վկաները առաջարկեցին թոյլ տալ եկեղեցիին, որ կէս ժամ իր արարողութիւնը կատարէ, ապա եղբայրները Յիշատակատօնը կը տօնեն։ Եկեղեցական ծառայութիւնը յաւելեալ ժամանակ խլեց, բայց եկեղեցասէրները մեկնելէ ետք, Յիշատակատօնը տեղի ունեցաւ։ Յաջորդ օրը, կառավարութիւնը հարցաքննութեան պաշտօնական յանձնախումբ մը կազմեց։ Իրողութիւնները նկատի առնելէ ետք, յանձնախումբը եկեղեցին ստիպեց որ ծանուցանէ, թէ խնդրին պատճառը ոչ թէ Վկաներն էին, հապա եկեղեցապետն էր։ Յանձնախումբը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Եհովայի վկաներուն, որ դժուար կացութիւն մը համբերութեամբ ձեռք առին։ ‘Ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունենալու’ Վկաներուն ջանքերը լաւ արդիւնք տուած էին։

19. Ուրիշ ի՞նչ բան կրնայ խաղաղ յարաբերութիւններ յառաջ մղել։

19 Ուրիշներու հետ խաղաղ յարաբերութիւններ պահպանելու այլ բանալի մըն է՝ շնորհալի խօսք գործածել։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ, թէ շնորհալի խօսքը ի՛նչ է եւ ինչպէ՛ս կրնանք զայն մշակել ու գործածել։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 10 «Կրակի կայծեր» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ հանքանիւթ հալեցնելու վաղեմի մեթոտին, զայն տաքցնելով տակէն ու վրայէն, մետաղները զատելու համար։ Անազնիւ մարդոց հանդէպ քաղցրութիւն ցոյց տալով, կրնանք իրենց կեցուածքը կակուղցնել եւ իրենց լաւ յատկութիւնները երեւան հանել։

Կրնա՞ս բացատրել

• Ներկայիս, աշխարհին մէջ մարդիկ ինչո՞ւ բարկացկոտ են։

• Ի՞նչ աստուածաշնչական օրինակներ ցոյց կու տան բարկութիւնը զսպելուն կամ չզսպելուն հետեւանքները։

• Ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք, եթէ քրիստոնեայ հաւատակից մը մեզ վիրաւորէ։

• Դրսեցիներէն եկած յարձակումներուն ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 22]

Քաղցրութիւն ցուցաբերելը կրնայ ուրիշներուն կեցուածքը կակուղցնել