Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երբ «կոտրած ու խոնարհ սիրտը» ներում խնդրէ

Երբ «կոտրած ու խոնարհ սիրտը» ներում խնդրէ

Աստուծոյ մօտեցիր

Երբ «կոտրած ու խոնարհ սիրտը» ներում խնդրէ

Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 12։1-14

ԲՈԼՈՐՍ ալ բազմիցս մեղք կը գործենք։ Ո՛րքան ալ ցաւ զգանք, կրնանք հարց տալ. ‘Աստուած զղջումի անկեղծ աղօթքներս կը լսէ՞։ Ան ինծի պիտի ներէ՞’։ Աստուածաշունչը սա մխիթարական ճշմարտութիւնը կը սորվեցնէ. թէպէտ Եհովա մեղքը բնաւ չի հանդուրժեր, բայց զղջացող մեղաւորին ներելու յօժար է։ Այս ճշմարտութիւնը յստակացաւ վաղեմի իսրայէլի Դաւիթ թագաւորին պարագայով, Բ. Թագաւորաց գրքին 12–րդ գլուխին համաձայն։

Պատկերացուր պարագան։ Դաւիթ լուրջ մեղքեր գործած է։ Ան Բերսաբէի հետ շնութիւն գործեց, եւ երբ իր մեղքը ծածկելու ջանքերը ձախողեցան, կարգադրեց որ անոր ամուսինը սպաննուի։ Ապա Դաւիթ իր մեղքերուն նկատմամբ լուռ մնաց ու քանի մը ամիս ինքզինք անմեղ ձեւացուց։ Սակայն Եհովա կը դիտէր։ Ան տեսաւ Դաւիթի մեղքերը, ինչպէս նաեւ՝ թէ անոր սիրտը զղջումէ հեռու չէր (Առակաց 17։3)։ Եհովա ի՞նչ պիտի ընէր։

Եհովա Դաւիթի կը ղրկէ Նաթան մարգարէն (համար 1)։ Սուրբ հոգիով առաջնորդուած, Նաթան փափկանկատութեամբ թագաւորին կը մօտենայ, գիտնալով որ իր բառերը զգուշութեամբ պէտք է ընտրէ։ Ան ինչպէ՞ս կրնայ ինքնախաբութեան քօղը վերցնել ու Դաւիթը մղել, որ իր մեղքերուն ահռելի ըլլալը տեսնէ։

Որպէսզի Դաւիթ չփորձէ ինքզինք արդարացնել, Նաթան կը պատմէ պատմութիւն մը, որ վստահաբար նախկին հովիւի սրտին պիտի դպչի։ Անիկա երկու մարդոց մասին է. մէկը հարուստ իսկ միւսը աղքատ։ Հարուստը «խիստ շատ հօտեր ու արջառներ ունէր», բայց աղքատը՝ «միայն էգ գառնուկ մը»։ Հարուստը այցելու մը ընդունեց եւ ուզեց անոր կերակուր պատրաստել։ Փոխանակ իր ոչխարներէն մէկը առնելու, ան աղքատին միակ գառնուկը առաւ։ Բացայայտօրէն, խորհելով թէ պատմութիւնը իրական է, Դաւիթ կը զայրանայ ու հապճեպով կ’ըսէ. «Այդ բանը ընող մարդը մեռնելու արժանի է»։ Ինչո՞ւ։ «Քանզի այս բանը ըրաւ ու գութ չունեցաւ», կը բացատրէ ան (համար 2-6 *

Նաթանի առակը իր նպատակին հասած է։ Արդարեւ Դաւիթ ինքզինք ամբաստանած է։ Ուստի Նաթան ուղղակի անոր կ’ըսէ. «Այդ մարդը դո՛ւն ես» (համար 7)։ Մինչ Նաթան Աստուծոյ բերնով կը խօսի, բացայայտ է թէ Եհովա Դաւիթի արարքները իրեն դէմ ուղղուած կը սեպէ։ Աստուծոյ օրէնքները բեկանելով, Դաւիթ Օրէնսդիրին հանդէպ յարգանքի պակաս ցոյց տուած է։ ‘Զիս անարգեցիր’, կ’ըսէ Աստուած (համար 10)։ Իր սիրտը խայթիչ յանդիմանութենէն խոցուած ըլլալով, Դաւիթ կը խոստովանի. «Տէրոջը դէմ մեղք գործեցի»։ Նաթան Դաւիթը կը հաւաստիացնէ, թէ Եհովա իրեն կը ներէ, բայց իր արարքներուն հետեւանքները պիտի կրէ (համար 13, 14

Իր մեղքը քօղազերծուելէ ետք, Դաւիթ յօրինեց ինչ որ այժմ կը կոչուի 51–րդ սաղմոսը։ Անոր մէջ, Դաւիթ իր սիրտը թափեց, իր զղջումին խորութիւնը յայտնելով։ Դաւիթ իր մեղքերով Եհովան անարգած էր։ Բայց անգամ մը որ սրտաբեկ թագաւորը աստուածային ներումին գեղեցկութիւնը շօշափեց, Եհովայի կրնար ըսել. «Կոտրած ու խոնարհ սիրտը, ո՛վ Աստուած, դուն չես անարգեր» (Սաղմոս 51։17)։ Այս խօսքերը կրնան մեծապէս հաւաստիացնել զղջացող մեղաւորը, որ Եհովայի ողորմութիւնը կը հայցէ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 7 Այցելուի մը համար գառնուկ մը պատրաստելը, հիւրասիրութեան արարք մըն էր։ Բայց գառնուկ մը գողնալը ոճիր էր, եւ չորեքպատիկ հատուցում կը պահանջէր (Ելից 22։1)։ Ըստ Դաւիթի, հարուստը գառնուկը առնելով անգթօրէն վարուեցաւ։ Այդպիսով ան աղքատը զրկեց անասունէ մը, որ կրնար անոր ընտանիքին կաթ ու բուրդ հայթայթել եւ հօտ մը կազմելու նպաստել։