Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հոգեւոր բաներու մէջ հանգստութի՛ւն գտիր

Հոգեւոր բաներու մէջ հանգստութի՛ւն գտիր

Հոգեւոր բաներու մէջ հանգստութի՛ւն գտիր

«Իմ լուծս ձեր վրայ առէք. . . եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք» (ՄԱՏ. 11։29

1. Սինա լերան մօտ Աստուած ի՞նչ կարգադրութիւն ըրաւ եւ ինչո՞ւ։

ԵՐԲ Սինա լերան մօտ Օրէնքի ուխտը հաստատուեցաւ, անիկա պարփակեց Շաբաթը պահելու կարգադրութիւնը։ Իր խօսնակին՝ Մովսէսի՝ միջոցաւ, Եհովա իսրայէլ ազգին պատուիրեց. «Վեց օր քու գործդ գործէ՛ ու եօթներորդ օրը հանգստացիր, որպէս զի քու եզդ ու էշդ ալ հանգստանան եւ քու աղախինիդ որդին ու օտարականը շունչ առնեն» (Ել. 23։12)։ Այո, Օրէնքին ներքեւ եղողներուն հանդէպ նկատառութիւն ցուցաբերելով, Եհովա սիրալիրօրէն հանգիստի օր մը հաստատեց, որպէսզի իր երկրպագուները «շունչ առնեն»։

2. Իսրայէլ Շաբաթը պահելով ինչպէ՞ս օգտուեցաւ։

2 Շաբաթը պարզապէս հանգստութեա՞ն օր մըն էր։ Ո՛չ. անիկա իսրայէլացիներուն՝ Եհովայի մատուցած պաշտամունքին կարեւոր մէկ մասն էր։ Շաբաթը պահելը ընտանիքի գլուխներուն ժամանակ ընծայեց, որ իրենց ընտանիքին սորվեցնեն ‘Տէրոջը ճամբան պահել՝ արդարութիւն ընելու համար’ (Ծն. 18։19)։ Անիկա նաեւ ընտանիքին ու բարեկամներուն պատեհութիւն տուաւ, որ քով–քովի գալով Եհովայի արարքներուն մասին խոկան եւ ուրախ ընկերակցութիւն վայելեն (Եսա. 58։13, 14)։ Աւելի կարեւորը, Շաբաթը մարգարէաբար մատնանշեց այն ժամանակը, երբ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան միջոցաւ իսկական հանգստութիւն պիտի գար (Հռով. 8։21)։ Բայց ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր օրերուն մասին։ Եհովայի ճամբաներով հետաքրքրուած ճշմարիտ քրիստոնեաները, ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կրնան այսպիսի հանգստութիւն գտնել։

Քրիստոնէական ընկերակցութեան միջոցաւ հանգստութի՛ւն գտիր

3. Առաջին դարու քրիստոնեաները ի՞նչ կերպով իրարու նեցուկ կանգնեցան, իսկ արդիւնքը ի՞նչ էր։

3 Պօղոս առաքեալ քրիստոնէական ժողովքը նկարագրեց որպէս «ճշմարտութեան սիւնը ու հաստատութիւնը» (Ա. Տիմ. 3։15)։ Նախկին քրիստոնեաները շատ օգնութիւն ստացան՝ զիրար քաջալերելով եւ զիրար սիրով կերտելով (Եփ. 4։11, 12, 16)։ Երբ Պօղոս Եփեսոսի մէջ էր, Կորնթոսի ժողովքէն ոմանք քաջալերական այցելութիւն մը տուին իրեն։ Նկատի առ այդ այցելութեան ազդեցութիւնը։ Պօղոս գրեց. «Ուրախ եմ ես Ստեփանէսի ու Փորտունատոսի ու Աքայիկոսի գալուն համար. . . ատով հանգստացուցին իմ հոգիս» (Ա. Կոր. 16։17, 18)։ Նոյնպէս, երբ Տիտոս Կորնթոս գնաց՝ եղբայրներուն սպասարկելու համար, Պօղոս ժողովքին կրկին գրեց, ըսելով. «Անոր հոգին բոլորէդ հանգստութիւն գտեր էր» (Բ. Կոր. 7։13)։ Այսօր ալ Եհովայի վկաները շինիչ քրիստոնէական ընկերակցութեան միջոցով իսկական հանգստութիւն կը գտնեն։

4. Ժողովքային հանդիպումները ինչպէ՞ս մեզ կը հանգստացնեն։

4 Փորձառութեամբ գիտես, թէ ժողովքային հանդիպումները մեծ ուրախութեան աղբիւր մըն են։ Հոն ‘փոխադարձ քաջալերութիւն կը ստանանք, մէկը միւսին հաւատքով’ (Հռով. 1։12, ՆԱ)։ Մեր քրիստոնեայ եղբայրներն ու քոյրերը պարզապէս ծանօթներ չեն, որոնց հետ մակերեսային փոխյարաբերութիւն ունինք։ Անոնք իսկական բարեկամներ են, զորս կը սիրենք ու կը յարգենք։ Մեր ժողովներուն մէջ կանոնաւորաբար անոնց ընկերակցելով, մենք մեծապէս կ’ուրախանանք ու կը մխիթարուինք (Փլմ. 7

5. Համաժողովներուն մէջ ինչպէ՞ս կրնանք զիրար թարմացնել։

5 Մեր տարեկան համաժողովները հանգստութեան այլ աղբիւր մըն են։ Աստուծոյ Խօսքէն՝ Աստուածաշունչէն՝ կենսատու ջուրեր հայթայթելէ զատ, այս համախմբումները մեզի պատեհութիւն կու տան, որ մեր ընկերակցութիւններուն մէջ ‘սրտերնիս լայն բանանք’ (Բ. Կոր. 6։12, 13)։ Բայց ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ ամչկոտ ենք եւ մարդոց հետ շփման մէջ գալու դժուարութիւն ունինք։ Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ծանօթանալու մէկ կերպն է՝ համաժողովին մէջ ձեռնտու ըլլալ։ Միջազգային համաժողովի մը ընթացքին օգնութիւն մատուցանելէ ետք, քոյր մը նշեց. «Համաժողովին մէջ ինծի ծանօթ եղողները, միայն ընտանիքս ու քանի մը բարեկամներ էին։ Բայց երբ մաքրութեան մասնակցեցայ, բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու ծանօթացայ։ Շա՜տ հաճելի էր»։

6. Արձակուրդի ընթացքին հանգստութիւն գտնելու մէկ կերպը ի՞նչ է։

6 Իւրաքանչիւր տարի երեք տօներու առթիւ, իսրայէլացիները Երուսաղէմ կը ճամբորդէին (Ել. 34։23)։ Ասիկա յաճախ կը նշանակէր՝ դաշտեր ու խանութներ ետին ձգել եւ փոշոտ ճամբաներով երկար օրեր հետիոտն ճամբորդել։ Ասով հանդերձ, տաճար երթալը «մեծ ուրախութիւն» մըն էր, քանի որ հոն եղողները «Տէրը կ’օրհնէին» (Բ. Մն. 30։21)։ Ներկայիս, Եհովայի ծառաներէն շատեր նոյնպէս կը նկատեն, թէ Պէթէլ՝ Եհովայի վկաներու մօտակայ մասնաճիւղը, այցելելու համար ընտանեօք ճամբորդելը մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ։ Յաջորդ ընտանեկան արձակուրդին մէջ կրնա՞ս այսպիսի այցելութիւն մը պարփակել։

7. ա) Ընկերային հաւաքոյթները ինչպէ՞ս կրնան օգտակար ըլլալ։ բ) Ի՞նչ բան կրնայ նպաստել հաւաքոյթներուն յիշատակելի ու շինիչ ըլլալուն։

7 Ընտանիքին ու բարեկամներուն հետ ընկերային հաւաքոյթ վայելելը կրնայ նաեւ քաջալերական ըլլալ։ Իմաստուն Սողոմոն թագաւոր ըսաւ. «Մարդս ուտելէն ու խմելէն եւ իր աշխատանքովը իր հոգին զուարճացնելէ աւելի լաւ բան չունի» (Ժող. 2։24)։ Ընկերային հաւաքոյթները ոչ միայն հոգին կը թարմացնեն, այլ նաեւ՝ մեր սիրոյ կապը կ’ամրապնդեն, մինչ քրիստոնեայ հաւատակիցներուն մօտէն կը ծանօթանանք։ Ընկերային հաւաքոյթներուն յիշատակելի ու շինիչ ըլլալուն նպաստելու համար, լաւ կ’ըլլայ զանոնք փոքր պահել եւ վստահ ըլլալ, թէ պատշաճօրէն կը վերահսկուին, մանաւանդ եթէ ալքոլ կը հրամցուի։

Ծառայութիւնը հանգստութիւն կը բերէ

8, 9. ա) Յիսուսի պատգամը հակադրէ դպիրներուն ու փարիսեցիներուն պատգամին։ բ) Աստուածաշնչական ճշմարտութիւնները բաժնելով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։

8 Յիսուս ծառայութեան համար նախանձախնդիր էր, եւ իր աշակերտները քաջալերեց, որ նոյնպէս ըլլան։ Ասիկա բացայայտ է իր սա խօսքերէն. «Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ, ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին» (Մատ. 9։37, 38)։ Յիսուսի ուսուցանած պատգամը իրապէս հանգստացուցիչ էր. անիկա «աւետարան» կամ բարի լուր էր (Մատ. 4։23. 24։14)։ Ասիկա ուղղակի հակապատկերն էր այն ծանր կանոններուն, զորս փարիսեցիները ժողովուրդին պարտադրած էին (կարդալ՝ Մատթէոս 23։4, 23, 24

9 Երբ ուրիշներու հետ Թագաւորութեան պատգամը կը բաժնենք, անոնց հոգեւոր հանգստութիւն կու տանք եւ, միեւնոյն ատեն, մեր մտքերուն ու սրտերուն մէջ աստուածաշնչական թանկագին ճշմարտութիւններ կը քանդակենք։ Տեղին ըլլալով սաղմոսերգուն ըսաւ. «Գովեցէք Տէրը, վասն զի բարի է մեր Աստուծոյն սաղմոս ըսելը, վասն զի քաղցր ու վայելուչ է օրհնութիւնը» (Սաղ. 147։1)։ Կրնա՞ս աւելցնել այն ուրախութիւնը, զոր կը գտնես Եհովայի մասին խօսելով քու դրացիներուդ։

10. Ծառայութեան մէջ մեր յաջողութիւնը կախեա՞լ է պատգամին հանդէպ դրական ընդառաջում գտնելէն։ Բացատրէ։

10 Ճիշդ է որ կարգ մը շրջաններու մէջ, մարդիկ բարի լուրին աւելի կ’ընդառաջեն (կարդալ՝ Գործք 18։1, 5-8Եթէ կ’ապրիս շրջանի մը մէջ, ուր Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ սահմանափակ ընդառաջում կայ, փորձէ կեդրոնանալ ծառայութեան մէջ իրագործած բարիքիդ վրայ։ Մտաբերէ թէ Եհովայի անունը ծանուցանելու յարատեւ ջանքերդ ի զուր չեն (Ա. Կոր. 15։58)։ Աւելին, մեր յաջողութիւնը կախեալ չէ բարի լուրին հանդէպ մարդոց ընդառաջումէն։ Կրնանք վստահ ըլլալ, թէ Եհովա հոգ պիտի տանի, որ ուղղախոհ անհատներ Թագաւորութեան պատգամը լսելու պատեհութիւնը ստանան (Յովհ. 6։44

Ընտանեկան պաշտամունքը կը հանգստացնէ

11. Եհովա ծնողներուն ի՞նչ պատասխանատուութիւն տուած է, եւ անոնք ինչպէ՞ս կրնան զայն կատարել։

11 Բարեպաշտ ծնողները Եհովայի եւ իր ճամբաներուն մասին իրենց զաւակներուն սորվեցնելու պատասխանատուութիւնը ունին (Բ. Օր. 11։18, 19)։ Եթէ ծնող մըն ես, մեր սիրառատ երկնաւոր Հօր մասին զաւակներուդ սորվեցնելու համար ժամանակ կը տրամադրե՞ս։ Այս լուրջ պատասխանատուութիւնը կատարելու եւ ընտանիքիդ կարիքներուն հոգ տանելու մէջ քեզի օգնելու համար, Եհովա առատ ու թարմ հոգեւոր սնունդ հայթայթած է՝ գրքերու, պարբերաթերթերու, տեսաերիզներու եւ ձայնագրութիւններու միջոցաւ։

12, 13. ա) Ընտանիքներ ինչպէ՞ս կրնան Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյէն օգտուիլ։ բ) Ծնողներ ինչպէ՞ս կրնան վստահ ըլլալ, թէ իրենց ընտանեկան պաշտամունքը թարմացումի աղբիւր մըն է։

12 Ասկէ զատ, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգը, Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյի մը համար կարգադրութիւններ ըրած է։ Ասիկա երեկոյ մըն է, որ ամէն շաբաթ կը յատկացուի Աստուածաշունչի ընտանեկան ուսումնասիրութեան։ Շատեր նկատած են, թէ այս կարգադրութիւնը զիրենք սիրոյ կապով աւելի միացուցած է եւ Եհովայի հետ իրենց փոխյարաբերութիւնը զօրացուցած է։ Բայց ծնողներ ինչպէ՞ս կրնան վստահ ըլլալ, թէ իրենց ընտանեկան պաշտամունքը հոգեւոր թարմացումի աղբիւր մըն է։

13 Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոն ձանձրացուցիչ ու չափազանց լուրջ առիթ մը պէտք չէ ըլլայ։ Մենք «երանելի Աստուածը» կը պաշտենք, եւ ան կ’ուզէ որ մեր պաշտամունքին մէջ ուրախ ըլլանք (Ա. Տիմ. 1։11. Փլպ. 4։4)։ Աստուածաշունչէն հոգեւոր գոհարներ քննարկելու յաւելեալ երեկոյ մը ունենալը, իսկական օրհնութիւն մըն է։ Ծնողներ իրենց ուսուցանելու մեթոտներուն մէջ կրնան դիւրաթեք ըլլալ, երեւակայութիւն ու հնարամտութիւն գործածելով։ Օրինակ՝ ընտանիք մը թոյլ տուաւ, որ իրենց տասը տարեկան որդին՝ Պրէնտըն, տեղեկագրութիւն մը ներկայացնէ, որուն վերնագիրն էր՝ «Աստուածաշունչին մէջ ինչո՞ւ Սատանան օձ կոչուած է»։ Այս հարցը Պրէնտընը կ’անհանգստացնէր, քանի որ օձերը կը սիրէր, եւ անոնց առնչուիլը Սատանայի զինք կը նեղացնէր։ Կարգ մը ընտանիքներ ատեն–ատեն աստուածաշնչական թատերախաղեր կատարած են, ուր ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ դեր մը կը ստանձնէ, Աստուածաշունչէն կարդալով իր բաժինը կամ դէպք մը խաղարկելով։ Այս ուսուցման մեթոտները ոչ միայն հաճելի են, այլ նաեւ՝ կրնան զաւակներդ միջամուխ դարձնել, այնպէս որ աստուածաշնչական սկզբունքները կրնան անոնց սրտին դպչիլ։ *

Քեզ ծանրաբեռնող բաներէն խուսափէ

14, 15. ա) Վերջին օրերուն մէջ ինչպէ՞ս ճնշուածութիւնը եւ անապահովութիւնը աւելցած են։ բ) Ի՞նչ յաւելեալ ճնշուածութիւն կրնանք դիմագրաւել։

14 Իրերու չար դրութեան այս վերջին օրերուն մէջ, ճնշուածութիւնը եւ անապահովութիւնը աւելցած են։ Անգործութիւնը եւ այլ տնտեսական նեղութիւններ միլիոնաւորներու կ’ազդեն։ Նոյնիսկ աշխատանք ունեցողները յաճախ կը զգան, թէ իրենց վաստկած դրամը տուն կը տանին ծակոտ քսակով, իրենց ընտանիքին չնչին օգուտ բերելով (համեմատել՝ Անգէ 1։4-6)։ Քաղաքագէտներ եւ այլ առաջնորդներ անօգնական կը թուին, մինչ կը մաքառին ահաբեկչութեան եւ աղէտի այլ աղբիւրներու հետ գլուխ ելլելու։ Շատեր իրենց թերութիւններուն պատճառաւ կը տառապին (Սաղ. 38։4

15 Ճշմարիտ քրիստոնեաները Սատանայի իրերու դրութեան բանեցուցած ճնշումներէն ու խնդիրներէն զերծ չեն (Ա. Յովհ. 5։19)։ Կարգ մը պարագաներուն, Քրիստոսի աշակերտները կրնան յաւելեալ ճնշուածութիւն դիմագրաւել, մինչ կը ջանան Եհովայի հաւատարիմ մնալ։ «Եթէ զիս հալածեցին, ձե՛զ ալ պիտի հալածեն», ըսաւ Յիսուս (Յովհ. 15։20)։ Սակայն, նոյնիսկ երբ ‘կը հալածուինք, երեսէ ձգուած չենք’ (Բ. Կոր. 4։9)։ Ինչո՞ւ։

16. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել մեր ուրախութիւնը պահելու։

16 Յիսուս ըսաւ. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ» (Մատ. 11։28)։ Քրիստոսի փրկանքի կարգադրութեան լման հաւատք ընծայելով, մեր անձերը Եհովայի կը յանձնենք։ Այս կերպով, «անսահման զօրութիւն» ձեռք կը ձգենք (Բ. Կոր. 4։7, Անթիլիաս)։ «Մխիթարիչը»՝ Աստուծոյ սուրբ հոգին, յատկանշականօրէն մեր հաւատքը կը զօրացնէ, այնպէս որ կրնանք թէ՛ մեր դիմագրաւած փորձութիւններուն ու նեղութիւններուն տոկալ եւ թէ ուրախ մնալ (Յովհ. 14։26. Յակ. 1։2-4

17, 18. ա) Ո՞ր հոգիէն պէտք է զգուշանանք։ բ) Աշխարհիկ հաճոյքներուն վրայ շեշտ դնելը ի՞նչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ։

17 Այսօր հարազատ քրիստոնեաները պէտք է զգուշանան այս աշխարհի հաճոյամոլ հոգիէն անտեղիօրէն ազդուելէ (կարդալ՝ Եփեսացիս 2։2-5Այլապէս, «մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը» կրնան մեզ ծուղակ ձգել (Ա. Յովհ. 2։16)։ Կամ, կրնանք սխալմամբ խորհիլ, թէ մարմնի ցանկութիւններուն տեղի տալը հանգստութիւն պիտի բերէ (Հռով. 8։6)։ Օրինակ՝ ոմանք իրենց զգայարանքները գրգռելու համար դիմած են թմրամոլութեան, խմիչքի չափազանց գործածութեան, պոռնկագրութեան, ծայրայեղ մարզանքի կամ զանազան ապօրինի գործունէութիւններու։ Սատանայի «հնարքներ»ուն նպատակն է մոլորեցնել, անհատին տալով հանգստութեան բնոյթին մասին խեղաթիւրուած գաղափար մը (Եփ. 6։11

18 Ճիշդ է որ չափաւոր կերպով ուտելու, խմելու եւ առողջ զբօսանքի մասնակցելու մէջ սխալ բան չկայ։ Բայց եւ այնպէս, թոյլ չենք տար որ այսպիսի բաներ մեր կեանքին առանցքը կազմեն։ Հաւասարակշռութիւնը եւ ժուժկալութիւնը կենսական են, յատկապէս մեր ապրած ժամանակներուն ի տես։ Անձնական զբաղումները կրնան մեզ ա՛յնքան ծանրաբեռնել, որ ‘պարապ ու անպտուղ կ’ըլլանք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալուն մէջ’ (Բ. Պետ. 1։8

19, 20. Ինչպէ՞ս կրնանք իսկական հանգստութիւն գտնել։

19 Մեր մտածելակերպը Եհովայի կանոններուն հետ ներդաշնակելով, կը գիտակցինք թէ այս աշխարհի կողմէ մատուցուած որեւէ հաճոյք վաղանցիկ է։ Մովսէս ասոր անդրադարձաւ, նոյնպէս ալ մենք (Եբ. 11։25)։ Իրողութիւնը այն է, թէ իսկական հանգստութիւնը, որ ուրախութեան եւ գոհունակութեան խոր ու մնայուն զգացում կու տայ, մեր երկնաւոր Հօր կամքը կատարելէն յառաջ կու գայ (Մատ. 5։6

20 Շարունակենք հոգեւոր բաներու մէջ հանգստութիւն գտնել։ Այսպէս ընելով, «ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները [կ’]ուրանանք. . . ու [կը] սպասենք այն երջանիկ յոյսին եւ մեծ Աստուծոյ ու մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին փառքին յայտնուելուն» (Տիտ. 2։12, 13)։ Ուստի վճռենք Յիսուսի լուծին տակ մնալ, իր հեղինակութեան եւ ուղղութեան ենթարկուելով։ Այսպէս, իսկական երջանկութիւն ու հանգստութիւն պիտի գտնենք։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 13 Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը հետաքրքրական ու տեղեկատու դարձնել, տե՛ս դեկտեմբեր 1990–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը, էջ 1-2։

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես

• Ներկայիս Եհովայի ժողովուրդը ինչպէ՞ս հանգստութիւն կը գտնէ։

• Ծառայութիւնը ի՞նչ կերպով մեզ եւ մեր քարոզած անհատները կը թարմացնէ։

• Ընտանիքի գլուխը ի՞նչ կրնայ ընել վստահ ըլլալու համար, թէ ընտանեկան պաշտամունքը հանգստութիւն կը բերէ։

• Ի՞նչ բաներ մեզ հոգեւորապէս կը ծանրաբեռնեն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 30]

Յիսուսի լուծը կրելով՝ հանգստութեան բազմաթիւ աղբիւրներ կը գտնենք