Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Շարունակեցէք ժողովքը շինել

Շարունակեցէք ժողովքը շինել

Շարունակեցէք ժողովքը շինել

«Յորդորեցէ՛ք զիրար եւ շինեցէ՛ք զիրար» (Ա. ԹԵՍ. 5։11, ԱԾ

1. Քրիստոնէական ժողովքին մէջ ըլլալը ի՞նչ օրհնութիւններ կը բերէ, բայց տակաւին ի՞նչ մարտահրաւէրներ կան։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ժողովքին մէկ անդամը ըլլալը, արդարեւ մեծ օրհնութիւն մըն է։ Եհովայի հետ լաւ յարաբերութիւն մը ունիս։ Որպէս ուղեցոյց իր Խօսքին ապաւինիլդ քեզ կը պաշտպանէ ոչ–քրիստոնէական ապրելակերպի գէշ հետեւանքներէն։ Շրջապատուած ես հարազատ բարեկամներով, որոնք կ’ուզեն որ յաջողիս։ Իրօք օրհնութիւնները շատ են։ Սակայն քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը զանազան խնդիրներու հետ կը մաքառի։ Անոնցմէ ոմանք Աստուծոյ Խօսքին խոր բաները հասկնալու համար օգնութեան կարիք ունին։ Ուրիշներ հիւանդ կամ ընկճուած են, կամ անխոհեմ որոշումներու հետեւանքները կը կրեն։ Իսկ բոլորս ստիպուած ենք ապրիլ անբարեպաշտ աշխարհի մը մէջ։

2. Մեր եղբայրներուն նեղութիւններուն ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք եւ ինչո՞ւ։

2 Մեզմէ ոչ մէկը կ’ուզէ տեսնել քրիստոնեայ ընկերակիցի մը տառապիլը։ Պօղոս առաքեալ ժողովքը նմանցուց մարմնի մը եւ ըսաւ, որ «եթէ մէկ անդամը նեղութիւն կրէ, բոլոր անդամները կը նեղուին անոր հետ» (Ա. Կոր. 12։12, 26)։ Այսպիսի պարագաներու ներքեւ, պէտք է ջանանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն նեցուկ կանգնիլ։ Աստուածաշնչական կարգ մը արձանագրութիւններու մէջ, ժողովքի անդամներ ուրիշներու օգնեցին, որ դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլեն։ Մինչ այդ արձանագրութիւնները կը քննարկենք, խորհէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս նկարագրուած կերպերով ձեռք հասցնել։ Ինչպէ՞ս կրնաս եղբայրներուդ հոգեւորապէս օգնել եւ այսպէս Եհովայի ժողովքը շինել։

«Զանիկա ալ իրենց քով առին»

3, 4. Ակիւղաս ու Պրիսկիղա ի՞նչ կերպով Ապօղոսի օգնեցին։

3 Երբ Ապօղոս Եփեսոսի մէջ կեցութիւն հաստատեց, ան արդէն իսկ նախանձախնդիր աւետարանիչ մըն էր։ Գործք Առաքելոցի արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Ջերմեռանդ հոգի ունենալով՝ կը խօսէր ու կը սորվեցնէր ճշդութեամբ Տէրոջը վրայով. բայց ինք միայն Յովհաննէսին մկրտութիւնը գիտէր»։ «Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ» մկրտութեան տեղեակ չըլլալը, հաւանաբար նշանակեց թէ Ապօղոս վկայութիւն ստացած էր Յովհաննէս Մկրտիչին աշակերտներուն կողմէ կամ մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէէն առաջ՝ Յիսուսի հետեւորդներուն կողմէ։ Թէեւ Ապօղոս նախանձախնդիր էր, բայց իր գիտութեան մէջ նշանակալից բացութիւններ կային։ Հաւատակիցներու ընկերակցիլը ինչպէ՞ս իրեն օգնեց (Գործք 1։4, 5. 18։25. Մատ. 28։19

4 Քրիստոնեայ զոյգը՝ Ակիւղաս ու Պրիսկիղա, ժողովարանին մէջ Ապօղոսի համարձակ խօսիլը տեսնելով, զինք իրենց քով առին եւ անոր աւելի բաներ սորվեցուցին (կարդալ՝ Գործք 18։24-26Ասիկա իրենց կողմէ սիրալիր արարք մըն էր։ Անշուշտ, Ակիւղաս ու Պրիսկիղա պիտի ուզէին փափկանկատ ու օգտալից կերպով Ապօղոսի մօտենալ, անոր զգալ չտալով որ կը քննադատուէր։ Ան պարզապէս քրիստոնէական ժողովքին պատմութեան տեղեակ չէր։ Եւ անտարակոյս, Ապօղոս իր նոր ընկերակիցներուն երախտապարտ էր, որ այս կարեւոր մանրամասնութիւնները փոխանցեցին իրեն։ Այս տեղեկութիւններով զինուած, Ապօղոս Աքայիայի մէջ իր եղբայրներուն «շատ օգտակար եղաւ» եւ զօրաւոր վկայութիւն մը տուաւ (Գործք 18։27, 28

5. Հազարաւոր հրատարակիչներ ի՞նչ սիրալիր օգնութիւն կը մատուցանեն, եւ ի՞նչ արդիւնքով։

5 Ներկայիս քրիստոնէական ժողովքին մէջ շատեր մեծապէս երախտապարտ են անոնց, որոնք իրենց օգնեցին Աստուածաշունչը հասկնալու։ Աշակերտներուն եւ իրենց ուսուցիչներուն միջեւ մնայուն բարեկամութիւններ հաստատուած են։ Ընդհանրապէս անհատներու օգնելը, որ ճշմարտութիւնը ըմբռնեն, կը պահանջէ քանի մը ամիս կանոնաւոր զրոյցներ ունենալ։ Սակայն Թագաւորութեան հրատարակիչները պատրաստ են այս զոհողութիւնը ընելու, քանի որ կը գիտակցին թէ անիկա մահու եւ կենաց հարց է (Յովհ. 17։3)։ Իսկ ի՜նչ ուրախութիւն է տեսնել անհատներ ճշմարտութիւնը կ’ըմբռնեն, անոր համաձայն կ’ապրին եւ իրենց կեանքը կը գործածեն Եհովայի կամքը ընելու։

Ան «բարի վկայուած էր»

6, 7. ա) Պօղոս ինչո՞ւ Տիմոթէոսը ընտրեց որպէս ճամբորդակից։ բ) Տիմոթէոս օգնութիւն ստանալով ինչպէ՞ս յառաջդիմեց։

6 Միսիոնարական երկրորդ ճամբորդութեան ընթացքին, երբ Պօղոս ու Շիղա առաքեալները Լիւստրա այցելեցին, Տիմոթէոսը գտան, որ հաւանաբար իր պատանեկութեան վերջին տարիներուն մէջ էր կամ քսանական տարիքին սկիզբն էր։ «Ան Լիւստրացի ու Իկոնացի եղբայրներէն ալ բարի վկայուած էր»։ Անոր մայրը՝ Եւնիկէ, եւ մեծ մայրը՝ Լաւոդիա, նուիրուած քրիստոնեաներ էին, բայց հայրը անհաւատ մըն էր (Բ. Տիմ. 1։5)։ Թերեւս Պօղոս այս ընտանիքին ծանօթացաւ քանի մը տարի առաջ, երբ շրջանը այցելեց։ Բայց այժմ առաքեալը Տիմոթէոսի հանդէպ մասնայատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց, քանի որ բացառիկ պատանի մը կը թուէր։ Ուստի տեղական երէցներու մարմինին հաւանութեամբ, Տիմոթէոս Պօղոսի օգնականը եղաւ միսիոնարական գործունէութեան մէջ (կարդալ՝ Գործք 16։1-3

7 Տարիքով իրմէ մեծ եղող ընկերակիցէն, Տիմոթէոս սորվելիք շատ բան ունէր։ Բայց ան ա՛յնքան յառաջդիմեց, որ ժամանակ մը ետք, Պօղոս կրցաւ վստահութեամբ զինք ղրկել ժողովքները այցելելու եւ որպէս իր ներկայացուցիչը ծառայելու։ Շուրջ 15 տարի Պօղոսի ընկերակցութիւնը վայելելով, անփորձ ու թերեւս ամչկոտ Տիմոթէոսը հոյակապ տեսուչ մը եղաւ (Փլպ. 2։19-22. Ա. Տիմ. 1։3

8, 9. Ժողովքի անդամները ինչպէ՞ս կրնան պատանիները խթանել։ Օրինակ մը տուր։

8 Ներկայիս քրիստոնէական ժողովքին մէջ բազմաթիւ պատանիներ ու պատանուհիներ մեծ կարելիութիւններ ունին։ Եթէ հոգեւոր մտայնութեան տէր ընկերակիցներ անոնց օգնեն ու քաջալերեն, անոնք կրնան Եհովայի ժողովուրդին մէջ աւելի մեծ պատասխանատուութիւններու ձգտիլ ու զանոնք ընդունիլ։ Ժողովքիդ մէջ աչքդ պտըտցուր։ Կա՞ն պատանիներ, որոնք կրնան իրենք զիրենք մատչելի դարձնել, ինչպէս որ Տիմոթէոս ըրաւ։ Քեզմէ օգնութիւն ու քաջալերութիւն ստանալով, անոնք թերեւս ռահվիրաներ, պէթէլականներ, միսիոնարներ կամ շրջանային տեսուչներ ըլլան։ Ի՞նչ կրնաս ընել անոնց օգնելու, որ այսպիսի նպատակակէտերու ձգտին։

9 Մարթին, որ 20 տարիէ ի վեր Պէթէլի ընտանիքին մէկ անդամն է, երախտագիտութեամբ կը մտաբերէ շուրջ 30 տարի առաջ շրջանային տեսուչի մը ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը իրեն հանդէպ, մինչ միասնաբար դաշտի ծառայութեան կը մասնակցէին։ Տեսուչը խանդավառութեամբ խօսեցաւ Պէթէլի մէջ իր ծառայութեան մասին, երբ երիտասարդ էր։ Ան Մարթինը քաջալերեց, որ մտածէ ինքզինք նոյն կերպով Եհովայի կազմակերպութեան մատչելի դարձնելու կարելիութեան մասին։ Մարթին կը զգայ, թէ այս յիշատակելի զրոյցը հիմնականօրէն ազդեց իր յետագայ որոշումներուն։ Ո՞վ գիտէ թէ դուն ի՛նչ բարիք կրնաս ընել պատանիներուն, անոնց հետ աստուածպետական նպատակակէտերու մասին խօսելով։

‘Վատասիրտները մխիթարեցէք’

10. Եպափրոդիտոս ի՞նչ զգաց եւ ինչո՞ւ։

10 Իր հաւատքին համար բանտարկուած Պօղոս առաքեալին այցելելու համար, Փիլիպպէէն դէպի Հռոմ՝ Եպափրոդիտոս երկար ու յոգնեցուցիչ ճամբորդութիւն մը կատարեց։ Ան փիլիպպեցիներուն կողմէ պատուիրակ մըն էր, անոնց նուէրները հասցուց եւ ծրագրեց մնալ առաքեալին քով, որպէսզի իր կրցածին չափ անոր օգնէր այս նեղ կացութեան մէջ։ Սակայն Հռոմի մէջ, Եպափրոդիտոս «մահամերձ հիւանդացաւ»։ Իսկ խորհելով որ իր առաքելութեան մէջ ձախողեցաւ, ան ընկճուեցաւ (Փլպ. 2։25-27

11. ա) Ինչո՞ւ պէտք չէ զարմանանք, եթէ ժողովքին մէջ ոմանք ընկճուածութենէ տառապին։ բ) Եպափրոդիտոսի պարագային, Պօղոս ի՞նչ յանձնարարեց։

11 Ներկայիս այլազան ճնշումներ կրնան պատճառ ըլլալ, որ ոմանք ընկճուածութենէ տառապին։ Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութեան վիճակագրութիւնները կը նշեն, թէ բնակչութեան ամէն հինգէն մէկը կրնայ որեւէ ատեն ընկճուածութենէ տառապիլ։ Եհովայի ժողովուրդը ասկէ զերծ չէ։ Ընտանիքին կարիքները հոգալու դժուարութիւնը, վատառողջութիւնը, անձնական ձախողութեան առթած յուսահատութիւնը կամ այլ ազդակներ կրնան վհատութիւն պատճառել։ Փիլիպպեցիները Եպափրոդիտոսի օգնելու համար ի՞նչ կրնային ընել։ Պօղոս գրեց. «Ուրախութեամբ ընդունեցէք զանիկա Տէրոջմով ու այնպիսիները պատուականներու կարգը բռնեցէք. քանզի Քրիստոսին գործին համար մինչեւ մահուան մօտեցաւ՝ իր կեանքը վտանգի մէջ ձգելով, որպէս զի ինծի ծառայէ ձեր փոխարէն» (Փլպ. 2։29, 30

12. Ի՞նչ բան կրնայ մխիթարութեան աղբիւր ըլլալ ընկճուածներուն։

12 Մենք ալ վհատած կամ ընկճուած եղբայրները պէտք է քաջալերենք։ Անտարակոյս կրնանք դրական բաներ խօսիլ՝ Եհովայի մատուցած իրենց ծառայութեան մասին։ Թերեւս անոնք իրենց կեանքին մէջ մեծ փոփոխութիւններ մտցուցած են՝ քրիստոնեաներ ըլլալու կամ լիաժամ ծառայութեան մասնակցելու համար։ Մենք այդ ջանքերը կը գնահատենք, եւ կրնանք զիրենք հաւաստիացնել, թէ Եհովան ալ կը գնահատէ։ Եթէ յառաջացած տարիքը կամ վատառողջութիւնը կարգ մը հաւատարիմներու արգելք կը հանդիսանայ, որ ընեն ինչ որ անցեալին կրնային ընել, տակաւին անոնք մեր յարգանքին արժանի են, ծառայութեան մէջ իրենց անցուցած տարիներուն ի տես։ Յամենայնդէպս, Եհովա իր բոլոր հաւատարիմներուն կը յանձնարարէ. «Վատասիրտներն ալ մխիթարեցէ՛ք, տկարներուն ձեռնտու եղէ՛ք, ամենուն ալ երկայնամիտ եղէք» (Ա. Թես. 5։14

‘Ներել անոր ու մխիթարել զայն’

13, 14. ա) Կորնթոսի ժողովքը ի՞նչ լուրջ քայլ մը առաւ եւ ինչո՞ւ։ բ) Վտարումի քայլը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ։

13 Առաջին դարու Կորնթոսի ժողովքին մէջ կար մարդ մը, որ անզեղջօրէն պոռնկութիւն կը գործէր։ Անոր վարքը ժողովքին մաքրութեան կը սպառնար, եւ նոյնիսկ անհաւատներուն մէջ խայտառակութիւն էր։ Ուստի, տեղին ըլլալով Պօղոս ուղղութիւն տուաւ, որ ան ժողովքին մէջէն վերցուի (Ա. Կոր. 5։1, 7, 11-13

14 Այս կրթութիւնը լաւ ազդեցութիւն ունեցաւ։ Ժողովքը ապականիչ ազդակէ մը պաշտպանուեցաւ, իսկ մեղաւորը զգաստացաւ եւ անկեղծօրէն զղջաց։ Մարդուն զղջումը յայտնող գործերուն հիման վրայ, Պօղոս Կորնթոսի ժողովքին յղած իր երկրորդ նամակին մէջ նշեց, թէ ան պէտք է վերահաստատուի։ Սակայն պահանջուածը միայն ատիկա չէր։ Պօղոս նաեւ ժողովքին ուղղութիւն տուաւ, որ ‘ներեն անոր ու մխիթարեն զայն, որ չըլլայ թէ այնպիսին չափազանց տրտմութենէն ընկղմի’ (կարդալ՝ Բ. Կորնթացիս 2։5-8

15. Ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք զղջացող յանցագործները, որոնք ժողովքին մէջ կը վերահաստատուին։

15 Այս արձանագրութենէն ի՞նչ կը սորվինք։ Երբ անհատներ վտարուին, ասիկա մեզ կը տխրեցնէ։ Թերեւս անոնք Աստուծոյ անուան նախատինք բերած եւ ժողովքը վարկաբեկած ըլլան։ Թերեւս անոնք նոյնիսկ մեզի դէմ մեղանչած ըլլան։ Այսուհանդերձ, երբ հարցը քննող երէցները Եհովայի ուղղութեան հետ ներդաշնակ գործելով վճռեն, թէ զղջացող մեղաւորը ժողովքին մէջ պէտք է ընդունուի, ասիկա ցոյց կու տայ թէ Եհովա անոր ներած է (Մատ. 18։17-20)։ Մենք ալ Զինք պէտք չէ՞ ընդօրինակենք։ Արդարեւ, կարծր եւ աններող ըլլալը կը նշանակէ, թէ Եհովայի կը հակառակինք։ Աստուծոյ ժողովքին խաղաղութեան ու միութեան նպաստելու եւ Եհովայի հաճութիւնը ունենալու համար, պէտք չէ՞ ‘մեր սէրը հաստատենք’ այն մեղաւորներուն հանդէպ, որոնք իրապէս կը զղջան ու կը վերահաստատուին (Մատ. 6։14, 15. Ղուկ. 15։7

Ան «ինծի օգտակար է»

16. Պօղոս ինչո՞ւ Մարկոսէն յուսախաբ եղաւ։

16 Աստուածաշնչական այլ արձանագրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ մեզ յուսախաբ ընողներուն հանդէպ բացասական զգացումներ պէտք չէ սնուցանենք։ Օրինակ՝ Յովհաննէս Մարկոս մեծապէս յուսախաբ ըրաւ Պօղոս առաքեալը։ Ինչպէ՞ս։ Երբ Պօղոս ու Բառնաբաս իրենց միսիոնարական առաջին ճամբորդութիւնը սկսան, Մարկոս անոնց ընկերակցեցաւ՝ օգնութիւն մատուցանելու համար։ Բայց ժամանակ մը ետք եւ անծանօթ պատճառի մը համար, Յովհաննէս Մարկոս ուղեկիցները թողուց եւ տուն վերադարձաւ։ Պօղոս այս որոշումէն ա՛յնքան յուսախաբ էր, որ երկրորդ ճամբորդութիւնը ծրագրելու ժամանակ, Բառնաբասի հետ տարակարծիք եղաւ եւ չուզեց որ Մարկոս իրենց հետ ճամբորդէ (կարդալ՝ Գործք 13։1-5, 13. 15։37, 38

17, 18. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Պօղոսի եւ Մարկոսի միջեւ ստեղծուած խրամատը լուծուեցաւ, եւ ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

17 Բացայայտօրէն, Մարկոս թոյլ չտուաւ որ Պօղոսի մերժումը զինք չափազանց վհատեցնէ, քանի որ Բառնաբասի հետ շարունակեց իր միսիոնարական գործունէութիւնը տարբեր թաղամասի մը մէջ (Գործք 15։39)։ Քանի մը տարի ետք իր մասին Պօղոսի գրածը կը յայտնէ իր հաւատարիմ ու վստահելի ըլլալը։ Մինչ Հռոմի մէջ բանտարկուած էր, Պօղոս Տիմոթէոսի գրելով նամակ մը՝ ըսաւ. «Մարկոսը ա՛ռ եւ քեզի հետ բե՛ր, վասն զի ինծի օգտակար է սպասաւորութեան համար» (Բ. Տիմ. 4։11)։ Այո, Պօղոս համոզուած էր, թէ Մարկոս լաւ յառաջդիմութիւն արձանագրած էր։

18 Ասկէ կրնանք դաս մը քաղել։ Մարկոս լաւ միսիոնարի մը յատկութիւնները մշակեց։ Պօղոսի սկիզբի մերժումը զինք չգայթակղեցուց։ Թէ՛ ինք եւ թէ Պօղոս հոգեւոր տղամարդիկ էին, եւ իրենց միջեւ մնայուն նեղութիւն չկար։ Ընդհակառակը, Պօղոս յետագային Մարկոսը ընդունեց որպէս արժէքաւոր օգնական։ Ուստի, երբ եղբայրներ դժուարութիւններ յաղթահարեն ու խնդիրը լուծեն, շիտակ քայլն է՝ կանգ չառնել, այլ շարունակել ուրիշներուն օգնել որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն։ Դրական ըլլալը ժողովքը կը շինէ։

Ժողովքը եւ դուն

19. Քրիստոնէական ժողովքի բոլոր անդամները ինչպէ՞ս կրնան իրարու օգնել։

19 Այս «չար ժամանակներ»ուն մէջ, ժողովքիդ եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնութեան կարիքը ունիս, իսկ անոնք ալ քու օգնութեան կարիքը ունին (Բ. Տիմ. 3։1)։ Քրիստոնեայ մը միշտ չի կրնար գիտնալ, թէ իր դիմագրաւած պարագաները յաջողութեամբ ձեռք առնելու համար ի՛նչ պէտք է ընէ, բայց Եհովա գիտէ, եւ կրնայ ժողովքին անդամները գործածել, ի ներառեալ դուն, ուրիշներուն օգնելու որ շիտակ ընթացքին հետեւին (Եսա. 30։20, 21. 32։1, 2)։ Ուստի, ամէն գնով Պօղոս առաքեալի յորդորը լրջօրէն նկատի առ. «Մէկզմէկ մխիթարեցէ՛ք եւ իրարու օգնեցէ՛ք, ինչպէս արդէն կ’ընէք» (Ա. Թես. 5։11

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես

• Քրիստոնէական ժողովքին մէջ, ինչո՞ւ ուրիշները շինելու կարիք կայ։

• Կրնաս ուրիշներու օգնել ինչպիսի՞ դժուարութիւններ յաղթահարելու։

• Ինչո՞ւ մեր ժողովքին անդամներուն օգնութեան կարիքը ունինք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 16]

Ներկայիս քրիստոնէական ժողովքին մէջ, բազմաթիւ պատանիներ մեծ կարելիութիւններ ունին

[Նկար՝ էջ 17]

Երբ քրիստոնեայ հաւատակից մը դժուար պարագայի մը հետ կը մաքառի, կրնանք իրեն օգնութիւն մատուցանել