Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Շնորհալի խօսքը լաւ յարաբերութիւններ կը յառաջացնէ

Շնորհալի խօսքը լաւ յարաբերութիւններ կը յառաջացնէ

Շնորհալի խօսքը լաւ յարաբերութիւններ կը յառաջացնէ

«Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով. . . ըլլայ» (ԿՈՂ. 4։6

1, 2. Եղբօր մը շնորհալի խօսքը ի՞նչ լաւ արդիւնք տուաւ։

ԵՂԲԱՅՐ մը կը տեղեկագրէ. «Մինչ տունէ տուն կը քարոզէի, մարդու մը հանդիպեցայ, որ ա՛յնքան բարկացաւ, որ իր շրթները դողդղացին եւ ամբողջ մարմինը ցնցուեցաւ։ Հանդարտօրէն փորձեցի Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանել, բայց անոր բարկութիւնը սաստկացաւ։ Անոր կինը եւ զաւակներն ալ սկսան զիս պախարակել, ուստի գիտցայ թէ մեկնելու ժամանակն էր։ Ընտանիքը հաւաստիացուցի, թէ խաղաղութեամբ եկած էի եւ կը փափաքիմ խաղաղութեամբ մեկնիլ։ Անոնց ցոյց տուի Գաղատացիս 5։22, 23–ը, ուր կը նշուին՝ սէր, հեզութիւն, ժուժկալութիւն եւ խաղաղութիւն։ Ապա մեկնեցայ։

2 «Ժամանակ մը ետք, մինչ նոյն փողոցը այլ տուներ կ’այցելէի, տեսայ որ ընտանիքը տան առջեւ՝ աստիճաններուն վրայ նստած էր։ Անոնք զիս կանչեցին։ Միտքիս մէջ ըսի. ‘Հիմա ի՞նչ’։ Մարդը ինծի գաւաթ մը պաղ ջուր հրամցուց, իր կոշտութեան համար ներողութիւն խնդրեց եւ զօրաւոր հաւատքս գովեց։ Բարեկամական զգացումով բաժնուեցանք»։

3. Ինչո՞ւ պէտք չէ թոյլ տանք ուրիշներու, որ մեզ բարկացնեն։

3 Ճնշումներով զեղուն ներկայ աշխարհին մէջ, բարկացկոտ մարդոց հանդիպիլը, ի ներառեալ ծառայութեան մէջ, յաճախ անխուսափելի է։ Երբ հանդիպինք, էական է որ ‘հեզութիւն ու երկիւղածութիւն’ ցուցաբերենք (Ա. Պետ. 3։15)։ Եթէ վերոնշեալ եղբայրը թոյլ տար, որ տանտիրոջ զայրոյթը զինք մղէր բարկանալու, մարդուն կեցուածքը պիտի չկակուղնար, հապա թերեւս ան կրակ կտրէր։ Որովհետեւ եղբայրը ինքզինք զսպեց եւ ազնուաբար խօսեցաւ, արդիւնքը լաւ եղաւ։

Ի՞նչ բան խօսքը շնորհալի կը դարձնէ

4. Շնորհալի խօսք գործածելը ինչո՞ւ կարեւոր է։

4 Երբ դրսեցիներու, հաւատակիցներու եւ ընտանիքի անդամներուն հետ գործառնութիւն կ’ունենանք, կենսական է որ Պօղոս առաքեալի խրատին հետեւինք. «Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ» (Կող. 4։6)։ Այսպիսի հաճելի եւ պատշաճ խօսք անհրաժեշտ է լաւ հաղորդակցութեան ու խաղաղութեան համար։

5. Լաւ հաղորդակցութիւնը ի՞նչ չի նշանակեր. լուսաբանէ։

5 Լաւ հաղորդակցութիւնը չի նշանակեր՝ անմիջապէս ըսել ինչ որ կը մտածես ու կը զգաս, մանաւանդ եթէ վրդոված ես։ Սուրբ Գրութիւնները ցոյց կու տան, թէ անզուսպ կերպով բարկութիւն արտայայտելը տկարութեան նշան է (կարդալ՝ Առակաց 25։28. 29։11Ժամանակակից բոլոր մարդոցմէն աւելի «շատ հեզ մարդ մը» ըլլալով հանդերձ, Մովսէս անգամ մը թոյլ տուաւ, որ իսրայէլ ազգին ըմբոստութիւնը պատճառ ըլլայ, որ ինք բարկանայ եւ Աստուծոյ փառք չտայ։ Մովսէս յստակօրէն իր զգացումները արտայայտեց, բայց Եհովա չհաճեցաւ։ 40 տարի իսրայէլացիները առաջնորդելէ ետք, Մովսէս զանոնք Խոստացեալ երկիրը մտցնելու առանձնաշնորհումը չունեցաւ (Թուոց 12։3. 20։10, 12. Սաղ. 106։32

6. Խոհեմութեամբ խօսիլը ի՞նչ կը նշանակէ։

6 Սուրբ Գրութիւնները կը յանձնարարեն, որ խօսելու ժամանակ՝ զսպում ու խոհականութիւն, կամ լաւ դատողութիւն, գործածենք։ «Շատ խօսքերու մէջ յանցանք պակաս չէ, բայց իր շրթունքները զսպողը խելացի է» (Առ. 10։19. 17։27)։ Բայց խոհականութիւնը չի նշանակեր, թէ անհատը բնաւ պէտք չէ արտայայտուի։ Ան «շնորհքով» պէտք է խօսի, լեզուն գործածելով բուժելու եւ ոչ թէ վիրաւորելու (կարդալ՝ Առակաց 12։18. 18։21

«Լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ»

7. Ինչպիսի՞ բաներ պէտք չէ արտայայտուին եւ ինչո՞ւ։

7 Ճիշդ ինչպէս որ գործակիցներու կամ ծառայութեան մէջ օտարներու հետ պէտք է շնորհքով խօսինք ու զսպում դրսեւորենք, նոյնպէս ժողովքէն ու ընտանիքէն ներս պէտք է վարուինք։ Պոռթկալը՝ առանց հետեւանքները նկատի առնելու, կրնայ լուրջ վնասներ հասցնել թէ՛ մեր եւ թէ ուրիշներուն հոգեւոր, զգացական ու ֆիզիքական առողջութեան (Առ. 18։6, 7)։ Գէշ զգացումները,– մեր անկատար խառնուածքին յայտնութիւնները,– հակակշռի տակ պէտք է առնենք։ Վիրաւորական խօսքը, հեգնանքը, արհամարհանքն ու ատելավառ սրտմտութիւնը սխալ են (Կող. 3։8. Յակ. 1։20)։ Անոնք թէ՛ մարդոց եւ թէ Եհովայի հետ եղած թանկագին փոխյարաբերութիւնները կրնան կործանել։ Յիսուս սորվեցուց. «Ով որ իր եղբօրը պարապ տեղը սրդողի, դատաստանի պարտաւոր պիտի ըլլայ։ Ով որ իր եղբօրը Յիմար ըսէ, ատեանին պարտաւոր պիտի ըլլայ։ Ով որ իր եղբօրը Անմիտ ըսէ, գեհենի կրակին պարտաւոր պիտի ըլլայ» (Մատ. 5։22

8. Մեր զգացումները ե՞րբ պէտք է արտայայտենք, բայց ի՞նչ կերպով։

8 Սակայն որոշ հարցեր կան, որոնց նկատմամբ թերեւս ուզենք արտայայտուիլ։ Եթէ եղբայր մը բան մը ըսած կամ ըրած է, որ քեզ ա՛յնքան անհանգիստ կ’ընէ, որ չես կրնար պարզապէս զայն անտեսել, թոյլ մի՛ տար որ սրտիդ մէջ ատելավառ զգացումներ կուտակուին (Առ. 19։11)։ Եթէ մէկը քեզ կը բարկացնէ, յուզումդ հակակշռի տակ առ, ապա դիմէ հարցը լուծելու հարկ եղած քայլերուն։ Պօղոս գրեց. «Արեւը ձեր բարկութեանը վրայ մարը թող չմտնէ»։ Որովհետեւ խնդիրը կը շարունակէ քեզ նեղել, յարմար ժամանակին զայն քաղցրօրէն ձեռք առ (կարդալ՝ Եփեսացիս 4։26, 27, 31, 32Հաշտութեան հոգիով, հարցին շուրջ եղբօրդ հետ անկեղծօրէն բայց ազնուաբար խօսէ (Ղեւ. 19։17. Մատ. 18։15

9. Ուրիշներու մօտենալէ առաջ, ինչո՞ւ մեր յուզումը հակակշռի տակ պէտք է առնենք։

9 Հարկաւ ուշադրութեամբ յարմար ժամանակը պէտք է ընտրես։ «Լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ» կայ (Ժող. 3։1, 7)։ Աւելին, «արդարին սիրտը տրուելիք պատասխանին վրայ կը մտածէ» (Առ. 15։28)։ Ասիկա կ’ընդգրկէ սպասել։ Եթէ անհատը նիւթը բանայ, մինչ տակաւին մեծապէս վրդոված է, կրնայ հարցը բարդացնել. բայց երկար ժամանակ սպասելն ալ իմաստութիւն չէ։

Շնորհալի արարքներ լաւ յարաբերութիւններ կը յառաջացնեն

10. Շնորհալի արարքներ կատարելը ինչպէ՞ս կրնայ յարաբերութիւններ բարելաւել։

10 Շնորհալի խօսքը եւ լաւ հաղորդակցութիւնը կ’օգնեն, որ խաղաղ յարաբերութիւններ հաստատուին ու պահպանուին։ Արդարեւ, ուրիշներու հետ մեր փոխյարաբերութիւնը կարելի եղածին չափ բարելաւելով, կրնանք իրենց հետ մեր հաղորդակցութիւնը բարելաւել։ Ուրիշներուն համար անկեղծ ու քաղցր արարքներ ընելը,– օգնելու առիթներ գտնել, սրտանց նուէր մը տալ, հիւրասիրել,– բաց հաղորդակցութեան կրնայ նպաստել։ Ասիկա կրնայ նոյնիսկ անհատի մը վրայ ‘կրակի կայծեր դիզել’ եւ անոր լաւ յատկութիւնները մէջտեղ հանել, դիւրացնելով խնդիրներուն մասին խօսիլը (Հռով. 12։20, 21

11. Յակոբ Եսաւին հետ իր փոխյարաբերութիւնը ինչպէ՞ս վերահաստատեց։

11 Յակոբ նահապետ ասիկա ըմբռնեց։ Իր երկուորեակ եղբայրը՝ Եսաւ, իրեն դէմ ա՛յնքան բարկացած էր, որ Յակոբ իր կեանքին համար փախաւ։ Տարիներ ետք, ան վերադարձաւ։ Եսաւ 400 մարդ առնելով իրեն հանդիպելու գնաց։ Յակոբ աղօթքով Եհովայէ օգնութիւն խնդրեց։ Ապա ան մեծ պարգեւ մը Եսաւին ղրկեց։ Պարգեւը իր նպատակին ծառայեց։ Երբ անոնք իրարու հանդիպեցան, Եսաւին սիրտը կակուղցած էր, եւ վազելով Յակոբը ողջագուրեց (Ծն. 27։41-44. 32։6, 11, 13-15. 33։4, 10

Շնորհալի խօսքով ուրիշները քաջալերէ

12. Մեր եղբայրներուն հետ ինչո՞ւ շնորհալի խօսք պէտք է գործածենք։

12 Քրիստոնեաները Աստուծոյ կը ծառայեն, եւ ոչ թէ մարդոց։ Այսուհանդերձ, բնականաբար կ’ուզենք ուրիշներու հաւանութիւնը ունենալ։ Մեր շնորհալի խօսքը կրնայ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն բեռը թեթեւցնել։ Բայց կոշտ քննադատութիւնը կրնայ այդ բեռը ծանրացնել ու նոյնիսկ ոմանք մղել հարց տալու, թէ արդեօք Եհովայի հաճութիւնը կորսնցուցա՛ծ են։ Ուստի անկեղծօրէն ուրիշներուն հաղորդենք քաջալերական բաներ,– «ինչ որ աղէկ է՝ պէտք եղած շինութեանը համար, որպէս զի լսողներուն շնորհք տայ» (Եփ. 4։29

13. Երէցները ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենան ա) երբ կը խրատեն, եւ բ) երբ նամակ կը գրեն։

13 Մասնաւորաբար երէցները պէտք է «համեստ» ըլլան եւ հօտին հետ քնքշութեամբ վարուին (Ա. Թես. 2։7, 8)։ Երբ խրատ տալու հարկ կայ, երէցները կ’ուզեն «քաղցրութեամբ» խօսիլ, նոյնիսկ «հակառակ կեցողներ»ուն հետ (Բ. Տիմ. 2։24, 25)։ Երէցները նաեւ շնորհալի կերպով պէտք է արտայայտուին, երբ կը նամակցին երէցներու մարմինի մը կամ մասնաճիւղին հետ։ Մատթէոս 7։12–ի համաձայն, անոնք քաղցր ու նրբանկատ պէտք է ըլլան։

Շնորհալի խօսք գործածել՝ ընտանիքէն ներս

14. Պօղոս ի՞նչ խրատ կու տայ ամուսիններուն եւ ինչո՞ւ։

14 Դիւրին է ստորագնահատել մեր խօսքին, դէմքի արտայայտութեան եւ շարժուձեւին ունեցած ազդեցութիւնը ուրիշներու վրայ։ Օրինակ՝ կարգ մը տղամարդիկ լիովին չեն անդրադառնար, թէ իրենց խօսքերը խորապէս կ’ազդեն կիներուն։ Քոյր մը ըսաւ. «Կը սարսափիմ, երբ ամուսինս բարկութեամբ վրաս պոռայ»։ Զօրաւոր խօսքերը կրնան աւելի մեծ ազդեցութիւն ունենալ կնոջ վրայ, քան տղամարդուն վրայ, եւ երկար ատեն չմոռցուիլ (Ղուկ. 2։19)։ Պարագան այդպէս է մանաւանդ՝ եթէ կինը խօսողին հանդէպ սէր ունի եւ կ’ուզէ զինք յարգել։ Պօղոս ամուսիններուն խրատեց. «Սիրեցէք ձեր կիները ու դառն մի՛ ըլլաք անոնց» (Կող. 3։19

15. Լուսաբանէ թէ ինչո՛ւ ամուսին մը իր կնոջ հետ քնքշօրէն պէտք է վարուի։

15 Այս ուղղութեամբ, ամուսնացած փորձառու եղբայր մը լուսաբանեց, թէ ամուսին մը ինչո՛ւ «տկար անօթի պէս» կնոջ հետ քնքշօրէն պէտք է վարուի։ Ան ըսաւ. «Երբ թանկագին ու նուրբ ծաղկաման մը կը բռնես, զայն ամրօրէն պէտք չէ բռնես. այլապէս, կրնայ ճեղքուիլ։ Նոյնիսկ եթէ նորոգուի, ճեղքը կրնայ տեսանելի մնալ։ Եթէ ամուսին մը գործածէ բառեր, որոնք իր կնոջ համար շատ զօրաւոր են, կրնայ զինք վիրաւորել։ Ասիկա կրնայ իրենց փոխյարաբերութեան մէջ մնայուն ճեղք մը պատճառել» (կարդալ՝ Ա. Պետրոս 3։7

16. Կինը ինչպէ՞ս կրնայ իր ընտանիքը շինել։

16 Տղամարդիկ ալ ուրիշներու խօսքերով կրնան քաջալերուիլ կամ վհատիլ, ի ներառեալ՝ իրենց կիներուն խօսքերը։ «Խոհեմ կինը», որուն ամուսինը իր վրայ իրապէս «վստահ է», ամուսինին զգացումներուն հանդէպ նկատառու կ’ըլլայ, ճիշդ ինչպէս որ իրմէ նոյնը կ’ակնկալէ (Առ. 19։14. 31։11)։ Արդարեւ կինը ընտանիքէն ներս կրնայ շօշափելի ազդեցութիւն ունենալ՝ լաւ կամ գէշ։ «Իմաստուն կիները իրենց տուները կը շինեն, բայց յիմար կինը զանիկա իր ձեռքովը կը փլցնէ» (Առ. 14։1

17. ա) Երեխաները իրենց ծնողներուն հետ ինչպէ՞ս պէտք է խօսին։ բ) Տարիքով պզտիկ եղողներուն հետ ինչպէ՞ս պէտք է խօսուի եւ ինչո՞ւ։

17 Ծնողներն ու երեխաները նմանապէս իրարու հետ շնորհալի կերպով պէտք է խօսին (Մատ. 15։4)։ Երեխաներու հետ խօսելու ժամանակ, խոհականութիւնը մեզի պիտի օգնէ զանոնք ‘չբարկացնելու’ (Կող. 3։21. Եփ. 6։4)։ Նոյնիսկ եթէ երեխաները կրթուելու են, ծնողներն ու երէցները անոնց հետ յարգանքով պէտք է խօսին։ Այս կերպով, աւելի դիւրին կ’ըլլայ պատանիներուն, որ իրենց ընթացքը շտկեն եւ Աստուծոյ հետ իրենց փոխյարաբերութիւնը պահպանեն։ Ասիկա շատ աւելի լաւ է, քան՝ հաղորդել այն տպաւորութիւնը, թէ իրենց նկատմամբ ձեռնթափ եղած ենք, եւ հետեւաբար թերեւս իրենք ալ յուսահատ դառնան։ Կրնայ ըլլալ որ պատանիները չյիշեն իրենց տրուած բոլոր խրատները, բայց պիտի մտաբերեն այն կերպը, որով ուրիշներ իրենց հետ խօսեցան։

Սրտէն բխող բարի բաներ խօսիլ

18. Ինչպէ՞ս կրնանք վնասակար խորհուրդներէ եւ զգացումներէ ձերբազատուիլ։

18 Հանդարտօրէն բարկութեան հետ վարուիլը, պարզապէս անդորր երեւոյթ առնելու հարց չէ։ Մեր նպատակակէտը, մեր զօրաւոր զգացումները զսպելէն աւելին պէտք է ըլլայ։ Եթէ փորձենք արտաքնապէս հանդարտ մնալ, մինչ ներքնապէս բարկութեամբ կ’եռանք, ճնշուածութեան կ’ենթարկուինք։ Ասիկա կը նմանի ինքնաշարժին արգելակի ոտնակը եւ պենզինի ոտնակը միեւնոյն ատեն կոխելուն, ինչ որ ինքնաշարժին վրայ յաւելեալ ճնշում կը բանեցնէ եւ կրնայ վնաս հասցնել։ Ուստի ներսիդիդ բարկութիւն մի՛ կուտակեր եւ թոյլ մի՛ տար որ յետագային պայթի։ Աղօթքով Եհովայէ օգնութիւն խնդրէ, որ վնասակար զգացումները սրտէդ վանես։ Թոյլ տուր որ Եհովայի հոգին միտքդ ու սիրտդ ներդաշնակ դարձնէ Իր կամքին հետ (կարդալ՝ Հռովմայեցիս 12։2. Եփեսացիս 4։23, 24

19. Ի՞նչ քայլեր կրնան մեզի օգնել բախումներէ խուսափելու։

19 Գործնական քայլեր առ։ Եթէ ինքզինքդ լարուած կացութեան մը մէջ գտնես ու զգաս որ ներսիդիդ բարկութիւն կը կուտակուի, լաւ կ’ըլլայ որ այդ վայրէն հեռանաս, յուզումիդ ժամանակ տալով որ հանդարտի (Առ. 17։14)։ Եթէ դիմացինդ բարկանալու սկսի, յաւելեալ ջանք թափէ որ ազնուաբար խօսիս։ Մտաբերէ. «Մեղմ պատասխանը սրտմտութիւնը կ’իջեցնէ, բայց խիստ խօսքը բարկութիւնը կը գրգռէ» (Առ. 15։1)։ Վիրաւորական կամ յարձակողական դիտողութիւնը՝ կրակին վրայ վառելանիւթ կը թափէ, նոյնիսկ եթէ մեղմ ձայնով ներկայացուի (Առ. 26։21)։ Արդ, երբ կացութիւն մը ժուժկալութիւնդ փորձի կ’ենթարկէ, եղիր «ծանր՝ խօսելու եւ ծանր՝ բարկանալու մէջ»։ Աղօթքով Եհովայի հոգին խնդրէ, որ քեզի օգնէ բարի բաներ ըսելու (Յակ. 1։19

Սրտանց ներել

20, 21. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել ուրիշներուն ներելու, իսկ ասիկա ինչո՞ւ պէտք է ընենք։

20 Դժբախտաբար, մեզմէ ո՛չ մէկը կատարեալ իշխանութիւն ունի լեզուին վրայ (Յակ. 3։2)։ Հակառակ իրենց լաւագոյն ջանքերուն, նոյնիսկ ընտանիքի անդամները եւ սիրելի հոգեւոր եղբայրներն ու քոյրերը, երբեմն կրնան անխոհեմաբար խօսիլ ու մեր զգացումները վիրաւորել։ Փոխանակ շուտով վիրաւորուելու, համբերատարութեամբ վերլուծէ, թէ անոնք ինչո՛ւ այդպէս խօսեցան (կարդալ՝ Ժողովող 7։8, 9Կրնա՞յ ըլլալ որ անոնք ճնշումի տակ էին, վախի մէջ էին, անհանգիստ էին կամ կը մաքառէին արտաքին կամ ներքին որոշ խնդրի մը հետ։

21 Այդպիսի ազդակներ պոռթկումը չեն չքմեղացներ։ Բայց ազդակները զատորոշելը կրնայ մեզի օգնել որ հասկնանք, թէ մարդիկ երբեմն ինչո՛ւ սխալ բաներ կ’ըսեն կամ կ’ընեն, եւ մեզ մղել ներող ըլլալու։ Բոլորս ալ վիրաւորական բաներ ըսած եւ ըրած ենք, եւ կը յուսանք որ անհատները ազնուաբար մեզի ներեն (Ժող. 7։21, 22)։ Յիսուս ըսաւ թէ Աստուծմէ ներում ստանալու համար, ուրիշներուն պէտք է ներենք (Մատ. 6։14, 15. 18։21, 22, 35)։ Հետեւաբար, անյապաղ պէտք է ներողութիւն խնդրենք եւ արագօրէն ներենք, պահպանելով սէրը,– «կատարելութեան կապը»,– մեր ընտանիքէն ու ժողովքէն ներս (Կող. 3։14

22. Ինչո՞ւ կ’արժէ ջանք թափել, որ շնորհալի խօսք գործածենք։

22 Մինչ ներկայ բարկացկոտ դրութիւնը իր վախճանին կը մօտենայ, մեր ուրախութեան ու միութեան սպառնացող դժուարութիւնները պիտի աւելնան։ Աստուծոյ Խօսքին գործնական սկզբունքները կիրարկելը մեզի պիտի օգնէ, որ մեր լեզուն գործածենք բարիք ընելու։ Ժողովքէն եւ ընտանիքէն ներս ա՛լ աւելի խաղաղ փոխյարաբերութիւններ պիտի վայելենք, իսկ մեր օրինակը հոյակապ վկայութիւն մը պիտի տայ ուրիշներուն, «երանելի Աստուծոյ»՝ Եհովայի մասին (Ա. Տիմ. 1։11

Կրնա՞ս բացատրել

• Խնդիրներ նկատի առնելու համար, ինչո՞ւ կարեւոր է որ յարմար ժամանակ ընտրենք։

• Ընտանիքի անդամները ինչո՞ւ իրարու հետ միշտ «շնորհքով» պէտք է խօսին։

• Վնասակար բաներ ըսելէ ինչպէ՞ս կրնանք խուսափիլ։

• Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել ներող ըլլալու։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 25]

Թոյլ տուր որ յուզումդ հանդարտի, ապա խօսելու յարմար ժամանակ գտիր