Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները միջդաւանութիւնը ինչպէ՞ս կը նկատեն

Եհովայի վկաները միջդաւանութիւնը ինչպէ՞ս կը նկատեն

Ընթերցողները կը հարցնեն

Եհովայի վկաները միջդաւանութիւնը ինչպէ՞ս կը նկատեն

▪ Համայնագիտարանի մը համաձայն (World Christian Encyclopedia), շուրջ «10,000 կրօնքներ կան համայն աշխարհի մէջ»։ Քանի որ անոնց միջեւ եղած ընդհարումները անպատում վնաս պատճառած են, միջդաւանութեան գաղափարը բազմաթիւ երկրպագուներու յոյս կու տայ։ Անոնք կը հաւատան, որ ներկայ բաժնուած աշխարհին մէջ, անիկա կրնայ խաղաղութիւն ու միութիւն յառաջացնել։

Աստուածաշունչը միութիւն կը քաջալերէ։ Պօղոս առաքեալ քրիստոնէական ժողովքը նմանցուց մարդկային մարմնին, որ ‘մէկտեղ կազմուած է եւ բոլոր յօդուածները իրարու հաղորդուելով կցուած են’ (Եփեսացիս 4։16)։ Նմանապէս, Պետրոս առաքեալ հաւատակիցները յորդորեց. «Ամէնքդ մէկ մտքի վրայ եղէք» (Ա. Պետրոս 3։8

Նախկին քրիստոնեաները ապրեցան աշխարհի մը մէջ, որ զանազան մշակոյթներ ու կրօնքներ ունէր։ Կրօնքները իրարու խառնելու նկատմամբ, Պօղոս հարցուց. «Ի՞նչ բաժին ունի հաւատացեալը անհաւատին հետ»։ Ապա ան քրիստոնեաները զգուշացուց՝ ըսելով. «Ելէ՛ք անոնց մէջէն» (Բ. Կորնթացիս 6։15, 17)։ Բացորոշ է որ Պօղոս միջդաւանութեան դէմ կը խօսէր։ Ինչո՞ւ։

Առաքեալը բացատրեց, թէ ճշմարիտ քրիստոնեային եւ անհաւատին միջեւ հոգեւոր ընկերակցութիւնը, անհաւասար եւ անյարմար լուծ մը պիտի ըլլար (Բ. Կորնթացիս 6։14)։ Անիկա միայն վնաս պիտի հասցնէր քրիստոնեային հաւատքին։ Պօղոսի մտահոգութիւնը կը նմանէր հօր մը մտահոգութեան, որ գիտէ թէ դրացիներուն կարգ մը երեխաները վատ վարք ունին։ Հոգածու ծնող մը ըլլալով, ան իմաստութեամբ կ’որոշէ թէ իր զաւակը միայն որոնց հետ կրնայ խաղալ։ Անոր սահմանափակումները կրնան անախորժ թուիլ։ Բայց անջատ մնալը պիտի պաշտպանէ զաւակը գէշ ազդեցութիւններէ։ Նմանապէս, Պօղոս գիտէր որ ուրիշ կրօնքներէ անջատ մնալը, քրիստոնեաները պիտի պաշտպանէր անոնց վնասակար սովորութիւններէն։

Այդ կեցուածքը առնելով, Պօղոս Յիսուսը կ’ընդօրինակէր։ Մինչ Յիսուս մարդոց մէջ խաղաղութիւն յառաջացնելու մէջ մեծագոյն տիպարը հանդիսացաւ, ան միջդաւանութիւն չգործադրեց։ Յիսուսի երկրային ծառայութեան ընթացքին, բազմաթիւ կրօնական խումբեր գործունեայ էին, ինչպէս՝ փարիսեցիներն ու սադուկեցիները։ Իրականութեան մէջ, այս կրօնական խումբերը միասնաբար Յիսուսին ասպարէզ կարդացին, նոյնիսկ դաւադրեցին զինք սպաննել։ Միւս կողմէ, Յիսուս իր հետեւորդներուն ուղղութիւն տուաւ, որ ‘զգուշանան փարիսեցիներու ու սադուկեցիներու վարդապետութենէն’ (Մատթէոս 16։12

Արդեօք ներկայիս տակաւին վաւերակա՞ն է միջդաւանութեան դէմ եղած Աստուածաշունչի զգուշացումը։ Այո՛։ Տարբեր կրօնական հաւատալիքներ չեն կրնար միջդաւանութեան միջոցով իրարու միանալ, ճիշդ ինչպէս որ ջուրն ու ձէթը ամանի մը մէջ դրուելով չեն կրնար խառնուիլ։ Օրինակ՝ երբ տարբեր կրօնքներէ մարդիկ կը հաւաքուին խաղաղութեան համար աղօթելու, իրենց աղերսանքները ո՞ր աստուծոյն կ’ուղղուին։ Քրիստոնեայ աշխարհի Երրեակ Աստուծո՞յն, հինտուներու Պրահմայի՞ն, Պուտտայի՞ն. . .

Միքիա մարգարէն նախագուշակեց, թէ «վերջին օրերը» բոլոր ազգերէն անհատներ պիտի ըսեն. «Եկէ՛ք, Եհովային լեռը, Յակոբին Աստուծոյն տո՛ւնը ելլենք, որպէս զի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ, որ անոր շաւիղներուն մէջ քալենք» (Միքիա 4։1-4)։ Արդիւնքը պիտի ըլլայ համաշխարհային տարողութեամբ խաղաղութիւն ու միութիւն, ոչ թէ քանի որ բոլոր կրօնքները ձեւով մը կը միանան, այլ՝ քանի որ բոլոր մարդիկ միակ ճշմարիտ կրօնքը կ’ընդունին։

[Նկար՝ էջ 11]

Աշխարհի գլխաւոր կրօնքներու անդամներ միջդաւանական խորհրդաժողովի մը մէջ, 2008

[Նկարին աղբիւրը]

REUTERS/Andreas Manolis