«Ի՜նչպիսի անձեր պէտք է ըլլաք դուք»
«Ի՜նչպիսի անձեր պէտք է ըլլաք դուք»
«Քանի այս բոլորը այսպէս պիտի չքանան, ի՜նչպիսի անձեր պէտք է ըլլաք դուք։ Մաքուր եւ աստուածապաշտ կեանք մը պէտք է ապրիք» (Բ. ՊԵՏ. 3։11, Անթիլիաս)։
1. Պետրոսի երկրորդ նամակը ինչո՞ւ իր օրուան քրիստոնեաներուն համար ժամանակայարմար յորդոր մըն էր։
ԵՐԲ Պետրոս առաքեալ իր ներշնչեալ երկրորդ նամակը գրեց, քրիստոնէական ժողովքը արդէն բաւական հալածանքի տոկացած էր, առանց իր նախանձախնդրութիւնը նուազելու կամ աճումը դանդաղելու։ Ուստի Բանսարկուն դիմեց այլ ռազմավարութեան մը, որ նախապէս բազմիցս յաջողած էր։ Ինչպէս Պետրոս յայտնեց, Սատանան փորձեց Աստուծոյ ժողովուրդը ապականել՝ «շնութեամբ լեցուն աչքեր» եւ «ագահութեան վարժուած սրտեր» ունեցող սուտ վարդապետներու միջոցով (Բ. Պետ. 2։1-3, 14. Յուդա 4)։ Հետեւաբար, Պետրոսի երկրորդ նամակը հաւատարիմ մնալու սրտագին յորդոր մըն է։
2. Բ. Պետրոս 3–րդ գլուխը ի՞նչ բանի վրայ կը կեդրոնանայ, եւ մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ պէտք է ուղղենք։
2 Պետրոս գրեց. «Պարտականութիւն կը սեպեմ, որքան ատեն որ մարմնի մէջ եմ, մտքերնիդ ձգելով՝ ձեզ արթնցնել։ Քանզի գիտեմ թէ ես շուտով այս իմ մարմնէս պիտի մերկանամ. . . Ուստի պիտի ջանամ որ իմ աշխարհէն ելլելէս ետքն ալ միշտ կարող ըլլաք այս բաները յիշել» (Բ. Պետ. 1։13-15)։ Այո, Պետրոս գիտէր որ իր մահը մօտալուտ էր, բայց ուզեց որ իր ժամանակայարմար յիշեցումները չմոռցուին։ Արդարեւ անոնք Աստուածաշունչին մէկ մասը դարձան, եւ այժմ բոլորս ալ կրնանք զանոնք կարդալ։ Յատկապէս մեզ կը հետաքրքրէ 3–րդ գլուխը, քանի որ իրերու ներկայ դրութեան «վերջին օրեր»ուն եւ այլաբանական երկնքին ու երկրին կործանման վրայ կը կեդրոնանայ (Բ. Պետ. 3։3, 7, 10)։ Պետրոս մեզի համար ի՞նչ խրատ ունի։ Իր խրատը կիրարկելը ինչպէ՞ս պիտի օգնէ մեզի Եհովայի հաճութեան արժանանալու։
3, 4. ա) Պետրոս ի՞նչ բացագանչութիւն ըրաւ եւ ի՞նչ զգուշութիւն տուաւ։ բ) Ի՞նչ երեք կէտեր պիտի քննարկենք։
3 Սատանայի աշխարհին քայքայումը նշելէ ետք, Պետրոս ըսաւ. «Ի՜նչպիսի անձեր պէտք է ըլլաք դուք։ Մաքուր եւ աստուածապաշտ կեանք մը պէտք է ապրիք» (Բ. Պետ. 3։11, 12, Անթիլիաս)։ Բացայայտ է որ ան հարցում մը չէր ուղղեր, այլ՝ կը բացագանչէր։ Պետրոս գիտէր որ միայն անոնք, որոնք Եհովայի կամքը կը կատարեն ու բարեպաշտ յատկանիշներ կը ցուցաբերեն, մօտալուտ «վրէժխնդրութեան օր»էն պիտի վերապրին (Եսա. 61։2)։ Ուստի առաքեալը աւելցուց. «Ուրեմն դուք, սիրելիներ, առաջուընէ գիտնալով զգոյշ եղէ՛ք, որ չըլլայ թէ անօրէններուն [սուտ վարդապետներ] խաբէութենէն բռնուած՝ ձեր հաստատութենէն իյնաք» (Բ. Պետ. 3։17)։
4 ‘Առաջուընէ գիտցող’ մը ըլլալով, Պետրոս գիտէր որ վերջին օրերուն, քրիստոնեաները յատկապէս զգոյշ պէտք է ըլլան, իրենց ուղղամտութիւնը պահելու համար։ Յետագային, Յովհաննէս առաքեալ պատճառը յստակօրէն բացատրեց։ Ան տեսաւ Սատանայի վտարումը երկինքէն եւ անոր «շատ բարկացած» ըլլալը անոնց դէմ, «որոնք Աստուծոյ պատուիրանքները կը պահէին ու Յիսուսին վկայութիւնը ունէին» (Յայտ. 12։9, 12, 17)։ Աստուծոյ հաւատարիմ օծեալ ծառաները, իրենց ընկերակցող հաւատարիմ «ուրիշ ոչխարներ»ուն հետ մէկտեղ, յաղթական դուրս պիտի գան (Յովհ. 10։16)։ Բայց ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին՝ անհատապէս։ Մեր ուղղամտութիւնը պիտի պահե՞նք։ Պիտի կարենանք ասիկա ընել, եթէ ջանանք 1) բարեպաշտ յատկութիւններ մշակել, 2) բարոյապէս ու հոգեւորապէս անբիծ եւ անարատ մնալ, եւ 3) փորձութիւններու նկատմամբ շիտակ տեսակէտը ունենալ։ Այժմ քննարկենք այս կէտերը։
Բարեպաշտ յատկութիւններ մշակէ
5, 6. Ի՞նչ յատկութիւններ պէտք է մշակենք, եւ ասիկա ինչո՞ւ անկեղծ «ջանք» կը պահանջէ։
5 Իր երկրորդ նամակին սկիզբը, Պետրոս գրեց. «Բոլոր ջանքերնիդ դրած՝ ձեր հաւատքին վրայ առաքինութիւն աւելցուցէք ու առաքինութեան Բ. Պետ. 1։5-8)։
վրայ՝ գիտութիւն եւ գիտութեան վրայ՝ ժուժկալութիւն ու ժուժկալութեան վրայ՝ համբերութիւն եւ համբերութեան վրայ՝ աստուածպաշտութիւն ու աստուածպաշտութեան վրայ՝ եղբայրսիրութիւն ու եղբայրսիրութեան վրայ՝ սէր, քանի որ այս բաները ձեր վրայ կը գտնուին ու կ’աճին, պարապ ու անպտուղ չեն ըներ ձեզ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալուն մէջ» (6 Արդարեւ անկեղծ «ջանք» կը պահանջուի, որպէսզի միջամուխ ըլլանք գործունէութիւններու, որոնք կ’օգնեն որ բարեպաշտ յատկութիւններ մշակենք։ Օրինակ՝ բոլոր քրիստոնէական ժողովներուն մասնակցիլը, Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալը եւ անձնական ուսումնասիրութեան լաւ յայտագիր մը պահպանելը, ջանքի կը կարօտին։ Իսկ կանոնաւոր, զուարճալի եւ իմաստազեղ Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյ մը ունենալը, ծանր աշխատանք ու լաւ ծրագրում կը պահանջէ։ Բայց անգամ մը որ լաւ սովորամոլութիւն մը հաստատենք, օգտակար սովորութիւնները աւելի կը դիւրանան, մանաւանդ՝ երբ օգուտներ քաղենք։
7, 8. ա) Ոմանք Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյին մասին ի՞նչ ըսած են։ բ) Ընտանեկան պաշտամունքէդ ի՞նչ օգուտներ կը քաղես։
7 Ընտանեկան պաշտամունքի կարգադրութեան առնչութեամբ, քոյր մը կը գրէ. «Անիկա մեզի թոյլ կու տայ, որ բազմաթիւ նիւթերու մասին սորվինք»։ Ուրիշ մը կը նշէ. «Անկեղծօրէն կ’ըսեմ, թէ չէի ուզեր որ գրքի ուսումնասիրութիւնը վերջ գտնէր։ Անիկա նախասիրած ժողովս էր։ Բայց հիմա Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոն ունենալով, կը գիտակցիմ որ Եհովա գիտէ թէ ի՛նչ բանի պէտք ունինք եւ ե՛րբ»։ Ընտանիքի գլուխ մը կ’ըսէ. «Ընտանեկան պաշտամունքը մեծապէս մեզի կ’օգնէ։ Որպէս ամոլ, մեր մասնայատուկ կարիքներուն յարմարցուած ժողով մը ունենալը, հոյակապ բան մըն է։ Երկուքս ալ կը զգանք, թէ սուրբ հոգիին պտուղը ցուցաբերելու մէջ կը բարելաւուինք եւ որեւէ ժամանակէ աւելի ծառայութեան մէջ ուրախութիւն կը գտնենք»։ Հայր մը կ’աւելցնէ. «Երեխաները իրենց անհատական պրպտումը ընելով շատ բան կը սորվին,– եւ ասիկա հաճելի կը գտնեն։ Այս կարգադրութիւնը մեզ ա՛լ աւելի կը հաւաստիացնէ, թէ Եհովա մեր մտահոգութիւնները գիտէ եւ մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ»։ Այս սքանչելի հոգեւոր կարգադրութիւնը համանման կերպով կը նկատե՞ս։
8 Թոյլ մի՛ տար որ աննշան բաներ Ընտանեկան պաշտամունքը խանգարեն։ Ամոլ մը ըսաւ. «Վերջին չորս շաբաթներուն ընթացքին, իւրաքանչիւր հինգշաբթի երեկոյ, մեր ընտանիքին մէջ բան մը պատահեցաւ, որ կրնար մեր ուսումնասիրութիւնը կասեցնել, բայց մենք անոր թոյլ չտուինք որ խանգարէ»։ Անշուշտ, երբեմն հարկ պիտի ըլլայ որ յայտագիրդ յարմարցնես։ Բայց եւ այնպէս, վճռէ Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոն չջնջել,– նոյնիսկ մէկ շաբթուան համար։
9. Եհովա ինչպէ՞ս Երեմիան կազդուրեց, իսկ Երեմիայի օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
9 Երեմիա մարգարէն մեզի լաւ օրինակ կը հանդիսանայ։ Ան Եհովայէ ստացած հոգեւոր սնունդին կարիքը ունէր եւ զայն խորապէս գնահատեց։ Այդ սնունդը զինք կարող դարձուց, որ համբերատարութեամբ անտարբեր մարդոց քարոզէր։ Ան ըսաւ. ‘Տէրոջ խօսքը՝ սրտիս մէջ վառած կրակի մը պէս եղաւ’ (Եր. 20։8, 9)։ Անիկա նաեւ իրեն օգնեց դժուար ժամանակներուն տոկալու, որոնց գագաթնակէտն էր Երուսաղէմի կործանումը։ Ներկայիս, Աստուծոյ գրաւոր Խօսքը ամբողջութեամբ ունինք։ Զայն ժրաջանութեամբ ուսումնասիրելով եւ Աստուծոյ խորհուրդները իւրացնելով, մենք ալ Երեմիայի նման պիտի կարենանք ծառայութեան մէջ ուրախութեամբ տոկալ, փորձութիւններու ներքեւ հաւատարմութիւն ցոյց տալ, եւ բարոյապէս ու հոգեւորապէս մաքուր մնալ (Յակ. 5։10)։
«Անբիծ ու անարատ» մնացիր
10, 11. Ինչո՞ւ պէտք է ջանանք «անբիծ ու անարատ» մնալ, եւ ասիկա մեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ։
10 Որպէս քրիստոնեաներ, գիտենք որ վերջին ժամանակին մէջ կ’ապրինք։ Հետեւաբար չենք զարմանար, որ աշխարհ կլանուած է Եհովայի ատած բաներով, ինչպէս՝ ագահութիւն, սեռային ապականութիւն եւ բռնութիւն։ Սատանայի ռազմավարութիւնը կարելի է սապէս ամփոփել. ‘Եթէ Աստուծոյ ծառաները կարելի չէ վախցնել, թերեւս կարելի է զանոնք ապականել’ (Յայտ. 2։13, 14)։ Ուստի Պետրոսի սիրալիր յորդորը լուրջի պէտք է առնենք. «Ջանացէ՛ք որ [Աստուած] ձեզ անբիծ ու անարատ գտնէ խաղաղութիւնով» (Բ. Պետ. 3։14)։
11 «Ջանացէ՛ք» բառը նման է Պետրոսի նախապէս տուած յորդորին՝ ‘բոլոր ջանքերնիդ դրէք’։ Բացորոշ է թէ Եհովա,– որ Պետրոսը ներշնչեց,– Առակաց 4։23. Յակոբոս 1։14, 15)։ Անիկա նաեւ կը պարփակէ հաստատուն կենալ անոնց դէմ, որոնք մեր քրիստոնէական կենցաղը տարօրինակ սեպելով «հայհոյութիւն կ’ընեն» (Ա. Պետ. 4։4)։
գիտէ թէ պէտք է ջանանք «անբիծ ու անարատ» մնալ, Սատանայի աշխարհին կեղտերէն հեռու։ Ջանք թափելը կը պարփակէ՝ մեր սիրտը պաշտպանել, որ սխալ ցանկութիւններով չբռնուի (կարդալ՝12. Ղուկաս 11։13–ի մէջ ի՞նչ երաշխիք կը գտնենք։
12 Մեր անկատարութեան պատճառաւ, շիտակը ընելը պայքար մըն է (Հռով. 7։21-25)։ Կրնանք յաջողիլ՝ միայն եթէ դիմենք Եհովայի, որ առատօրէն սուրբ հոգին կու տայ անոնց, որոնք անկեղծօրէն զայն կը խնդրեն (Ղուկ. 11։13)։ Սուրբ հոգին, իր կարգին, մեր մէջ կը զարգացնէ աստուածահաճոյ յատկութիւններ, որոնք կ’օգնեն գլուխ ելլելու ոչ միայն կեանքի փորձութիւններուն հետ, այլ նաեւ անոր դժուարութիւններուն հետ, որոնք հաւանաբար պիտի աւելնան, մինչ Եհովայի օրը կը մօտենայ։
Փորձութիւնները թող քեզ զօրացնեն
13. Երբ մեր կեանքին մէջ դժուարութիւններ ծագին, ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ տոկալու։
13 Այնքան ատեն որ ներկայ իրերու դրութեան մէջ կ’ապրինք, փորձութիւնները անխուսափելի են։ Բայց փոխանակ վհատելու, ինչո՞ւ փորձութիւնները չնկատես պատեհութիւն մը՝ Աստուծոյ հանդէպ սէրդ հաստատելու եւ իրեն ու իր Խօսքին հանդէպ հաւատքդ յղկելու։ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Ե՛ղբայրներ, բոլորովին ուրախութեան արժանի բան սեպեցէք, երբ կերպ կերպ փորձանքներու մէջ իյնաք, գիտնալով որ ձեր հաւատքին փորձառութիւնը համբերութիւն կը ներգործէ» (Յակ. 1։2-4)։ Աւելին, մտաբերէ թէ «Տէրը գիտէ բարեպաշտները փորձութենէ ազատել» (Բ. Պետ. 2։9)։
14. Յովսէփի օրինակը ինչպէ՞ս քեզ կը քաջալերէ։
14 Նկատի առ Յակոբի որդիին՝ Յովսէփի օրինակը, որ իր եղբայրներուն կողմէ իբր ստրուկ ծախուեցաւ (Ծն. 37։23-28. 42։21)։ Այս անգութ արարքին պատճառաւ, Յովսէփ իր հաւատքը կորսնցո՞ւց։ Ան Աստուծոյ դէմ դառնացա՞ւ, քանի որ թոյլ տուաւ որ այս չարիքին հանդիպի։ Աստուծոյ Խօսքը յստակօրէն կը պատասխանէ՝ ո՛չ։ Սակայն Յովսէփ յաւելեալ փորձութիւններու ալ ենթարկուեցաւ։ Ան բռնաբարել փորձելու յանցանքով ամբաստանուեցաւ ու բանտարկուեցաւ։ Բայց անգամ մը եւս, ան երբեք իր աստուածպաշտութեան մէջ չխախտեցաւ (Ծն. 39։9-21)։ Ան թոյլ տուաւ նեղութիւններուն որ զինք ամրացնեն, եւ ասոր համար առատապէս վարձատրուեցաւ։
15. Նոեմիի օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
15 Ճիշդ է որ նեղութիւնները կրնան մեզ տրտմեցնել կամ նոյնիսկ ընկճել։ Թերեւս Յովսէփ ատեն–ատեն այդպէս զգաց։ Աստուծոյ այլ հաւատարիմ ծառաներ վստահաբար նման զգացումներ ունեցան։ Նկատի առ Նոեմին, որ կորսնցուց թէ՛ իր ամուսինը եւ թէ երկու որդիները։ Ան ըսաւ. «Զիս Նոեմի մի՛ կոչէք, զիս Մարա [կը նշանակէ «Դառն»] կոչեցէք. քանզի Ամենակարողը դառնութեամբ լեցուց զիս» (Հռութ 1։20, 21)։ Նոեմիի հակազդեցութիւնը բնական ու հասկնալի էր։ Սակայն, Յովսէփի նման, ան ո՛չ հոգեւորապէս գայթակղեցաւ, ոչ ալ իր ուղղամտութիւնը բեկանեց։ Եհովա, իր կարգին, այդ թանկագին կինը վարձատրեց (Հռութ 4։13-17, 22)։ Իսկ մօտալուտ երկրային դրախտին մէջ, Եհովա Սատանային եւ անոր չար աշխարհին պատճառած բոլոր վնասները պիտի խափանէ։ «Առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան» (Եսա. 65։17)։
16. Աղօթքը ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք եւ ինչո՞ւ։
16 Ինչ նեղութիւններ ալ դիմագրաւենք, Աստուծոյ սէրը մեզի նեցուկ պիտի կանգնի (կարդալ՝ Հռովմայեցիս 8։35-39)։ Սատանան շարունակ պիտի փորձէ մեզ վհատեցնել, բայց պիտի ձախողի՝ եթէ «զգաստ» եւ «աղօթքի մէջ արթուն» մնանք (Ա. Պետ. 4։7)։ Յիսուս ըսաւ. «Հսկեցէ՛ք եւ ամէ՛ն ատեն աղերսեցէք, որպէսզի արժանանաք զերծ մնալու այս բոլորէն՝ որոնք պիտի ըլլան, ու կայնելու մարդու Որդիին առջեւ» (Ղուկ. 21։36, ԱԾ)։ Նկատի առ որ Յիսուս գործածեց ‘աղերսանք’ բառը, որ աղօթքի շատ ջերմեռանդ ձեւ մըն է։ Մեզ յորդորելով որ աղերսենք, Յիսուս ընդգծեց թէ իր եւ իր Հօր առջեւ կայնելու նկատմամբ հիմա անտարբեր ըլլալու ժամանակը չէ։ Միայն անոնք՝ որոնք ընդունելի վիճակի մէջ կը կենան, Եհովայի օրուընէ վերապրելու հեռանկարը պիտի ունենան։
Եհովայի ծառայութեան մէջ գործունեայ մնացիր
17. Եթէ թաղամասիդ մէջ վկայելը մարտահրաւէր է, ինչպէ՞ս կրնաս վաղեմի մարգարէներուն լաւ օրինակէն օգտուիլ։
17 Հոգեւոր գործունէութիւններու միջամուխ ըլլալը մեզ կը թարմացնէ։ Ասիկա մեր միտքը կը բերէ Պետրոսի խօսքերը. «Ի՜նչպիսի անձեր պէտք է ըլլաք դուք։ Մաքուր եւ աստուածապաշտ կեանք մը պէտք է ապրիք» (Բ. Պետ. 3։11, Անթիլիաս)։ Աստուածանուէր գործերուն մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ բարի լուրը յայտարարելը (Մատ. 24։14)։ Ճիշդ է որ կարգ մը թաղամասերու մէջ քարոզչութիւնը մարտահրաւէր է, թերեւս անտարբերութեան կամ հակառակութեան պատճառաւ, կամ՝ քանի որ մարդիկ կեանքի ամէնօրեայ հոգերով տարուած են։ Եհովայի վաղեմի ծառաներն ալ համանման կեցուածքներ դիմագրաւեցին։ Այսուհանդերձ անոնք բնաւ ձեռնթափ չեղան, հապա շարունակեցին «մեծ փութով» աստուածատուր պատգամը յայտարարել (կարդալ՝ Բ. Մնացորդաց 36։15, 16. Եր. 7։24-26)։ Ի՞նչ բան անոնց օգնեց տոկալու։ Անոնք իրենց նշանակումը Եհովայի տեսանկիւնէն դիտեցին, եւ ոչ թէ՝ աշխարհի ակնոցով։ Նաեւ, անոնք Աստուծոյ անունը կրելը մեծագոյն պատիւը սեպեցին (Եր. 15։16)։
18. Աստուծոյ անուան ապագայ փառաւորման մէջ, Թագաւորութեան քարոզչութիւնը ի՞նչ դեր պիտի խաղայ։
18 Մենք ալ Եհովայի անունն ու նպատակը ծանուցանելու առանձնաշնորհումը ունինք։ Պահ մը խորհէ. որպէս մեր քարոզչութեան ուղղակի արդիւնք, Աստուծոյ թշնամիները պիտի չկարենան ձեւացնել թէ անտեղեակ էին, երբ իր մեծ օրուան ընթացքին իրեն հետ դէմ յանդիման գան։ Արդարեւ, վաղեմի փարաւոնին նման, անոնք պիտի գիտնան թէ իրենց դէմ գործի լծուողը Եհովան է (Ել. 8։1, 20. 14։25)։ Միեւնոյն ատեն, Եհովա իր հաւատարիմ ծառաները պիտի պատուէ, մեծապէս յստակացնելով թէ արդարեւ իր ներկայացուցիչներն էին (կարդալ՝ Եզեկիէլ 2։5. 33։33)։
19. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, թէ կը փափաքինք Եհովայի երկայնմտութենէն լաւագոյնս օգտուիլ։
19 Իր երկրորդ նամակին վերջաւորութեան, Պետրոս հաւատակիցներուն գրեց. «Մեր Տէրոջը երկայնմտութիւնը փրկութիւն սեպեցէք» (Բ. Պետ. 3։15)։ Այո, շարունակենք Եհովայի երկայնմտութենէն լաւագոյնս օգտուիլ։ Ինչպէ՞ս։ Աստուածահաճոյ յատկութիւններ մշակելով, «անբիծ ու անարատ» մնալով, նեղութիւններուն նկատմամբ շիտակ կեցուածք ունենալով եւ Թագաւորութեան ծառայութեան մէջ զբաղած մնալով։ Այսպէս ի վիճակի կ’ըլլանք ‘նոր երկնքին ու նոր երկրին’ առնչուած անվերջ օրհնութիւնները վայելելու (Բ. Պետ. 3։13)։
Կը յիշե՞ս
• Ինչպէ՞ս կրնանք բարեպաշտ յատկութիւններ մշակել։
• Ինչպէ՞ս կրնանք «անբիծ ու անարատ» մնալ։
• Յովսէփէն ու Նոեմիէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
• Քարոզչութեան մասնակցիլը ինչո՞ւ մեծ առանձնաշնորհում մըն է։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 22]
Նեղութիւնները դիմագրաւելու Յովսէփի կերպէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ