Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հոգեւոր մեծ հունձքին մէջ լիակատար բաժին բեր

Հոգեւոր մեծ հունձքին մէջ լիակատար բաժին բեր

Հոգեւոր մեծ հունձքին մէջ լիակատար բաժին բեր

«Աւելիով աշխատեցէք Տիրոջ գործին համար» (Ա. ԿՈՐ. 15։58, Անթիլիաս

1. Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչ հրաւէր տուաւ։

ՄԻՆՉ Յիսուս, մ.թ. 30–ի վերջաւորութեան, Սամարիայի շրջանէն կ’անցնէր, հանգստանալու համար՝ Սուքար գիւղաքաղաքին մօտ եղող ջրհորին քով կանգ առաւ։ Հոն, ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Աչքերնիդ վերցուցէ՛ք ու արտերուն նայեցէ՛ք։ Արդէն ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ են» (Յովհ. 4։35)։ Յիսուս կ’ակնարկէր ոչ թէ բառացի հունձքի, այլ՝ պարկեշտամիտ անհատներու հոգեւոր հաւաքումի մը, որոնք իր հետեւորդները պիտի ըլլային։ Իրականութեան մէջ, իր խօսքերը գործի լծուելու կոչ մըն էին։ Կարճ ժամանակուան մէջ ընելիք շատ բան կար։

2, 3. ա) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ հունձքի ժամանակին մէջ կ’ապրինք։ բ) Այս յօդուածը ի՞նչ նկատի պիտի առնէ։

2 Հունձքին վերաբերեալ Յիսուսի խօսքերը մասնայատուկ իմաստ ունին մեր օրերուն համար։ Կ’ապրինք այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ մարդկութեան աշխարհի դաշտը «ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ» է։ Ամէն տարի միլիոնաւորներ կը ստանան կենսատու ճշմարտութիւններ սորվելու հրաւէրը, իսկ տասնեակ հազարաւոր նոր աշակերտներ կը մկրտուին։ Պատմութեան մեծագոյն հունձքին մէջ բաժին բերելու առանձնաշնորհումը մեզի տրուած է, հունձքին Տէրոջ՝ Եհովա Աստուծոյ վերակացութեան ներքեւ։ Այս հունձքի գործին մէջ «ընելիք շատ բան» կ’ունենա՞ս (Ա. Կոր. 15։58, ՆԱ

3 Իր երեքուկէս տարուան երկրային ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս իր աշակերտները պատրաստեց իբր հնձուորներ։ Այս յօդուածը Յիսուսի սորվեցուցած կարեւոր դասերէն երեքը նկատի պիտի առնէ։ Իւրաքանչիւր դաս կ’ընդգծէ յատկութիւն մը, որ մեզի համար մեծ արժէք ունի, մինչ կը ջանանք աշակերտներու արդի հաւաքումին մէջ մեր լաւագոյնը ընել։ Այս յատկութիւնները մէկ առ մէկ քննարկենք։

Խոնարհութիւնը էական է

4. Յիսուս խոնարհութեան կարեւորութիւնը ինչպէ՞ս լուսաբանեց։

4 Տեսարանը մտապատկերէ. աշակերտները դեռ նոր վիճած են, թէ ո՛վ է ամենամեծը։ Հաւանաբար անվստահութեան եւ չարակամութեան զգացումները իրենց դէմքերուն վրայ տակաւին տեսանելի են։ Ուստի Յիսուս տղեկ մը կը կանչէ, որ իրենց մէջտեղը կայնի։ Տղեկին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելով, ան կ’ըսէ. «Ով որ իր անձը այս տղուն պէս խոնարհեցնէ, անիկա է մեծ երկնքի թագաւորութեանը մէջ» (կարդալ՝ Մատթէոս 18։1-4Փոխանակ աշխարհին պէս մտածելու, որ անհատը կ’արժեւորէ անոր ունեցած հեղինակութեան, հարստութեան ու դիրքին համաձայն, աշակերտները պէտք էր հասկնային թէ իրենց մեծութիւնը կախեալ էր ‘իրենց անձը խոնարհեցնելէն’։ Եհովա զիրենք պիտի օրհնէր ու գործածէր, միայն եթէ իսկական խոնարհութիւն ցոյց տային։

5, 6. Հունձքի գործին մէջ լիակատար բաժին բերելու համար, ինչո՞ւ խոնարհ պէտք է ըլլաս. լուսաբանէ։

5 Մինչեւ օրս, աշխարհի մէջ շատեր իրենց կեանքը կը նուիրեն՝ հեղինակութիւն, հարստութիւն ու դիրք հետապնդելու համար։ Առ ի հետեւանք, անոնք հոգեւոր բաներու համար չնչին ժամանակ ունին (Մատ. 13։22)։ Միւս կողմէ, Եհովայի ծառաները ուրախութեամբ իրենց անձը ‘կը խոնարհեցնեն’, որպէսզի հունձքին Տէրոջ օրհնութիւնն ու հաճութիւնը վայելեն (Մատ. 6։24. Բ. Կոր. 11։7. Փլպ. 3։8

6 Նկատի առ Ֆրանսիսգոյի օրինակը, որ Հարաւային Ամերիկայի մէջ որպէս երէց կը ծառայէ։ Երբ ան պատանի էր, համալսարանը ձգեց, որպէսզի ռահվիրայ ըլլայ։ Ան կը մտաբերէ. «Երբ յետագային նշանուեցայ, կրնայի գործ մը գտնել, որ աւելի դրամական ապահովութիւն կու տայ։ Բայց ես ու կինս որոշեցինք մեր կեանքը պարզ պահել ու լիաժամ ծառայութեան մէջ յարատեւել։ Երեխաներ ծնելով՝ մարտահրաւէրները շատցան։ Սակայն Եհովա մեզի օգնեց, որ մեր որոշումին կառչած մնանք»։ Ֆրանսիսգօ կ’եզրափակէ. «Որպէս երէց ծառայած եմ աւելի քան 30 տարի, եւ բազմաթիւ մասնայատուկ նշանակումներ վայելած եմ։ Պարզ կեանք վարելուն համար՝ վայրկեան մը իսկ չենք զղջացած»։

7. Ինչպէ՞ս փորձած ես կիրարկել Հռովմայեցիս 12։16–ի խրատը։

7 Եթէ այս աշխարհի «բարձր բաներ»ը մերժես ու ‘խոնարհիս դէպի նուաստները’, դուն ալ կրնաս ակնկալել, որ հունձքի գործին մէջ յաւելեալ օրհնութիւններ եւ առանձնաշնորհումներ վայելես (Հռով. 12։16, ԱԾ. Մատ. 4։19, 20. Ղուկ. 18։28-30

Ջանասիրութիւնը վարձատրութիւններ կը բերէ

8, 9. ա) Տաղանդներու առակը ամփոփէ։ բ) Այս առակը յատկապէս որո՞նց համար կրնայ քաջալերական ըլլալ։

8 Հունձքի գործին մէջ լիակատար բաժին բերելու համար, հարկ է որ ունենանք այլ յատկութիւն մը,– ջանասիրութիւն։ Յիսուս տաղանդներու առակով ասիկա լուսաբանեց։ * Առակը մարդու մը մասին է, որ արտասահման ճամբորդելէ առաջ, իր ինչքը երեք ծառաներու յանձնեց։ Առաջին ծառան հինգ տաղանդ ստացաւ, երկրորդը՝ երկու տաղանդ, իսկ երրորդը՝ մէկ տաղանդ։ Տէրը մեկնելէ ետք, առաջին երկու ծառաները անմիջապէս ջանասիրութեամբ տաղանդներով ‘գործեցին’։ Երրորդ ծառան «ծոյլ» էր, եւ իր տաղանդը գետնի մէջ պահեց։ Երբ մարդը վերադարձաւ, առաջին երկու ծառաները վարձատրեց՝ զանոնք «շատ բաներու վրայ» նշանակելով։ Ան երրորդ ծառայէն առաւ տաղանդը եւ զինք տունէն վռնտեց (Մատ. 25։14-30

9 Անկասկած սրտանց կը փափաքիս, որ Յիսուսի առակին մէջի ջանասէր ծառաները ընդօրինակես եւ կարելի եղածին չափ լիովին մասնակցիս աշակերտելու գործին։ Բայց ի՞նչ ըսել, եթէ պարագաները կը սահմանափակեն ըրածներդ։ Թերեւս տնտեսական դժուար պայմանները քեզ կը ստիպեն, որ ընտանիքիդ հոգ տանելու համար երկար ժամեր աշխատիս։ Կամ թերեւս այլեւս երիտասարդական կորով ու լաւ առողջութիւն չունիս։ Այս պարագային, տաղանդներու առակը քեզի համար քաջալերական պատգամ մը կը բովանդակէ։

10. Տաղանդներու առակին մէջի տէրը ինչպէ՞ս խոհեմութիւն ցուցաբերեց, իսկ ասիկա ինչո՞ւ քաջալերական կը գտնես։

10 Նշմարէ թէ առակին մէջ, տէրը գիտակցեցաւ որ իւրաքանչիւր ծառայ որոշ ընդունակութիւն ունէր։ Ան ասիկա ցոյց տուաւ, երբ տաղանդները բաժնեց «ամէն մէկուն իր կարողութեանը չափ» (Մատ. 25։15)։ Ինչպէս որ կ’ակնկալուէր, առաջին ծառան յատկանշական կերպով աւելի շահ բերաւ, քան՝ երկրորդ ծառան։ Սակայն տէրը այս երկու ծառաներուն ժրաջան ջանքերը գնահատեց, զիրենք «բարի եւ հաւատարիմ» կոչելով եւ նոյնանման վարձատրութիւններ տալով (Մատ. 25։21, 23)։ Նմանապէս, հունձքին Տէրը՝ Եհովա Աստուած գիտէ, որ իր ծառայութեան մէջ ըրածդ կախեալ է պարագաներէդ։ Ան բնաւ պիտի չանտեսէ իրեն ծառայելու բոլորանուէր ջանքերդ, եւ ըստ այնմ քեզ պիտի վարձատրէ (Մար. 14։3-9. կարդալ՝ Ղուկաս 21։1-4

11. Լուսաբանէ թէ ջանասիրութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ նեղ կացութեան մէջ ճոխ օրհնութիւններ բերել։

11 Սէլմիրայի օրինակը,– Պրազիլի մէջ բնակող քրիստոնեայ քոյր մը,– ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ ջանասէր ըլլալը կախեալ չէ կեանքի նպաստաւոր պայմաններ ունենալէն։ Քսան տարի առաջ, Սէլմիրայի ամուսինը աւազակներու կողմէ սպաննուեցաւ, եւ ինք ստիպուեցաւ առանձին մեծցնել իրենց երեք դուստրերը։ Անոր գործը որպէս սպասուհի կը պահանջէր երկար ժամեր աշխատիլ եւ խճողուած ու յոգնեցուցիչ փոխադրամիջոցներ գործածել։ Հակառակ այս դժուարութիւններուն, ան իր յայտագիրը կարգի դրաւ, որպէսզի կանոնաւոր ռահվիրայութեան ձեռնարկէ։ Յետագային, անոր դուստրերէն երկուքը իրեն միացան ռահվիրայական ծառայութեան մէջ։ Ան կը պատմէ. «Տարիներու ընթացքին, Աստուածաշունչը ուսումնասիրած եմ աւելի քան 20 անհատներու հետ, եւ անոնք ‘ընտանիքիս’ անդամները դարձած են։ Մինչեւ օրս, անոնց սէրն ու բարեկամութիւնը կը վայելեմ։ Ասիկա անգին գանձ մըն է»։ Հունձքին Տէրը վստահաբար Սէլմիրայի ժրաջան ջանքերը վարձատրած է։

12. Քարոզչութեան մէջ ինչպէ՞ս կրնանք ջանասիրութիւն ցոյց տալ։

12 Եթէ կեանքի ներկայ պայմանները ծառայութեան յատկացուցած ժամանակդ կը սահմանափակեն, տակաւին կրնաս հունձքի գործին մէջ բաժին բերելդ աւելցնել՝ ծառայութիւնդ աւելի արդիւնաբեր դարձնելով։ Երբ ամէն շաբաթ Ծառայութեան ժողովին մէջ ներկայացուած գործնական թելադրութիւնները ուշադրութեամբ կիրարկես, քարոզելու հմտութիւններդ պիտի սրես ու վկայելու նոր պատեհութիւններ պիտի հետախուզես (Բ. Տիմ. 2։15)։ Նաեւ, եթէ կարելիութիւն կայ, կրնաս ոչ–էական գործունէութիւնները յետաձգել կամ զոհել, այնպէս որ ժողովքի դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւններուն կանոնաւորաբար նեցուկ կանգնիս (Կող. 4։5

13. Ջանասիրութիւն մշակելու եւ պահպանելու բանալին ի՞նչ է։

13 Ի մտի ունեցիր, թէ ջանասիրութիւնը երախտապարտ սրտէն ծագում կ’առնէ (Սաղ. 40։8)։ Յիսուսի առակին մէջի երրորդ ծառան, իր տիրոջմէն կը վախնար, զայն խստապահանջ եւ անբանաւոր նկատելով։ Որպէս արդիւնք, ան իր տիրոջ ստացուածքը շատցնելու տեղ, տաղանդը պահեց։ Նման անհոգ կեցուածքէ մը խուսափելու համար, հունձքին Տէրոջ՝ Եհովայի հետ ջերմ փոխյարաբերութիւն պէտք է մշակենք ու պահպանենք։ Իր գրաւիչ յատկութիւնները,– սէր, համբերատարութիւն եւ ողորմութիւն,– ուսումնասիրելու եւ անոնց վրայ խոկալու համար ժամանակ յատկացուր։ Այսպէս, սրտանց պիտի մղուիս իր ծառայութեան մէջ լաւագոյնդ ընելու (Ղուկ. 6։45. Փլպ. 1։9-11

«Սո՛ւրբ եղէք»

14. Անոնք որոնք կ’ուզեն հնձուորներ ըլլալ, ո՞ր կարեւոր պահանջին գոհացում պէտք է տան։

14 Եբրայերէն Գրութիւններէն մէջբերելով, Պետրոս առաքեալ ուշադրութեան կը յանձնէ Աստուծոյ կամքը Իր երկրային ծառաներուն համար, ըսելով. «Ձեզ կանչող Սուրբին պէս դուք ալ սուրբ եղէք ձեր բոլոր վարմունքներուն մէջ։ Վասն զի գրուած է. ‘Սո՛ւրբ եղէք, քանզի ես սուրբ եմ’» (Ա. Պետ. 1։15, 16. Ղեւ. 19։2. Բ. Օր. 18։13)։ Այս խօսքը կ’ընդգծէ, թէ հարկ է որ հնձուորները բարոյապէս ու հոգեւորապէս մաքուր ըլլան։ Կրնանք այդ կարեւոր պահանջին գոհացում տալ, քայլեր առնելով որ լուացուինք, այլաբանօրէն խօսելով։ Ինչպէ՞ս։ Աստուծոյ ճշմարտութեան խօսքին օգնութեամբ։

15. Աստուծոյ խօսքին ճշմարտութիւնը մեզի ի նպաստ ի՞նչ կրնայ ընել։

15 Աստուծոյ ճշմարտութեան խօսքը նմանցուած է մաքրող ջուրի։ Օրինակ՝ Պօղոս առաքեալ գրեց, թէ օծեալ քրիստոնեաներու ժողովքը Աստուծոյ աչքին մաքուր է՝ անարատ հարսի մը պէս, զոր Քրիստոս մաքրեց «աւազանին ջրովը եւ խօսքով. որպէս զի. . . սուրբ ու անարատ ըլլայ» (Եփ. 5։25-27)։ Նախապէս, Յիսուս ալ նշած էր, թէ իր յայտարարած Աստուծոյ խօսքը մաքրելու զօրութիւն ունէր։ Իր աշակերտներուն խօսելով, ան ըսաւ. «Դուք հիմա մաքուր էք այն խօսքով որ ձեզի խօսեր եմ» (Յովհ. 15։3)։ Արդ, Աստուծոյ խօսքին ճշմարտութիւնը կրնայ բարոյապէս ու հոգեւորապէս մաքրել։ Մեր պաշտամունքը ընդունելի պիտի ըլլայ, միայն եթէ Աստուծոյ ճշմարտութեան թոյլ տանք որ մեզ այս կերպով մաքրէ։

16. Ինչպէ՞ս կրնանք մենք մեզ հոգեւորապէս ու բարոյապէս մաքուր պահել։

16 Ուրեմն, Աստուծոյ հունձքին մէջ մշակներ ըլլալու համար, նա՛խ մեր կեանքէն կը հեռացնենք ամէն սովորութիւն, որ բարոյական ու հոգեւոր գետնի վրայ պիղծ է։ Այո, որպէսզի շարունակենք հնձուոր ըլլալու առանձնաշնորհումին որակեալ մնալ, Եհովայի բարոյական ու հոգեւոր բարձր չափանիշները վեր բռնելու մէջ օրինակելի պէտք է ըլլանք (կարդալ՝ Ա. Պետրոս 1։14-16Ճիշդ ինչպէս որ մեր ֆիզիքական մաքրութեան միշտ ուշադրութիւն կ’ընծայենք, նոյնպէս Աստուծոյ ճշմարտութեան խօսքին մաքրող ազդեցութեան կանոնաւորաբար պէտք է ենթարկուինք, Աստուածաշունչը կարդալով ու քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուելով։ Աւելին, լրջօրէն պէտք է ջանանք Աստուծոյ յիշեցումները մեր կեանքին մէջ գործադրել։ Այդպէս ընելը մեզ կարող պիտի դարձնէ, որ մեր մեղաւոր հակումներուն դէմ պայքարինք եւ այս աշխարհի ապականիչ ազդեցութիւններուն ընդդիմանանք (Սաղ. 119։9. Յակ. 1։21-25)։ Արդարեւ, ո՜րքան մխիթարական է գիտնալ, թէ Աստուծոյ ճշմարտութեան խօսքին օգնութեամբ, կրնանք նոյնիսկ լուրջ մեղքէն ‘լուացուիլ’ (Ա. Կոր. 6։9-11

17. Մաքուր մնալու համար, աստուածաշնչական ի՞նչ խրատի պէտք է անսանք։

17 Աստուծոյ ճշմարտութեան խօսքին մաքրող ազդեցութիւնը կեանքիդ մէջ կ’ընդունի՞ս։ Օրինակ՝ ինչպէ՞ս կը հակազդես, երբ աշխարհի նուաստացուցիչ զբօսանքին վտանգներուն մասին քեզի զգուշացում տրուի (Սաղ. 101։3)։ Հաւատալիքներդ չբաժնող դպրոցակիցներուդ եւ գործակիցներուդ հետ անհարկի ընկերակցութիւն ընելէ կը խուսափի՞ս (Ա. Կոր. 15։33)։ Եհովայի աչքին քեզ անմաքուր դարձնող անհատական տկարութիւնները յաղթահարելու համար անկեղծօրէն ջանք կը թափե՞ս (Կող. 3։5)։ Այս աշխարհի քաղաքական վէճերէն ու մրցակցական մարզախաղերու մէջ թափանցող ազգայնական հոգիէն անջատ կը մնա՞ս (Յակ. 4։4

18. Բարոյապէս ու հոգեւորապէս մաքուր ըլլալը ինչպէ՞ս մեզի պիտի օգնէ արդիւնաբեր հնձուորներ ըլլալու։

18 Այդպիսի հարցերու մէջ հաւատարմաբար հնազանդիլդ հիանալի արդիւնքներ պիտի բերէ։ Իր օծեալ աշակերտները որթատունկի ճիւղերուն հետ համեմատելով, Յիսուս ըսաւ. «Ամէն ճիւղ որ իմ վրաս է ու պտուղ չի բերեր, [Հայրս] կը կտրէ զանիկա։ Ան որ պտուղ կը բերէ, կը մաքրէ զանիկա, որպէս զի ա՛լ աւելի պտուղ բերէ» (Յովհ. 15։2)։ Մինչ աստուածաշնչական ճշմարտութեան մաքրող ջուրին կ’ենթարկուիս, ա՛լ աւելի պտուղ պիտի տաս։

Օրհնութիւններ՝ հիմա եւ ապագային

19. Որպէս հնձուորներ՝ Յիսուսի աշակերտները ինչպէ՞ս օրհնուեցան։

19 Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Յիսուսի մարզումին ընդառաջող հաւատարիմ աշակերտները սուրբ հոգիով զօրացան, որպէսզի «մինչեւ երկրին ծայրերը» վկայեն (Գործք 1։8)։ Անոնք շարունակեցին ծառայել որպէս կառավարիչ մարմինի անդամներ, միսիոնարներ ու ճամբորդող երէցներ, եւ բարի լուրը «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն» քարոզելու մէջ բանալի դեր մը խաղցան (Կող. 1։23)։ Անոնք ի՜նչ օրհնութիւններ քաղեցին եւ ի՜նչ ուրախութիւն պատճառեցին ուրիշներու։

20. ա) Հոգեւոր հունձքին մէջ լիակատար բաժին բերելով ի՞նչ օրհնութիւններ ստացած ես։ բ) Ի՞նչ վճռած ես ընել։

20 Այո, խոնարհութիւն դրսեւորելով, ջանասիրութիւն ցոյց տալով եւ Աստուծոյ Խօսքին բարձր չափանիշները վեր բռնելով, պիտի շարունակենք լիակատար եւ իմաստալից բաժին մը վայելել ընթացիկ հոգեւոր մեծ հունձքին մէջ։ Մինչ շատեր այս աշխարհի նիւթապաշտական ու հաճոյամոլ կենցաղին առթած ցաւերէն եւ յուսախաբութենէն կը տառապին, մենք իսկական ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն կը վայելենք (Սաղ. 126։6)։ Ամենակարեւորը, մեր «աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով» (Ա. Կոր. 15։58)։ Հունձքին Տէրը՝ Եհովա Աստուած, մեզ մշտնջենապէս պիտի վարձատրէ, չմոռնալով ‘մեր գործը, եւ այն սէրը՝ որ ցոյց կու տանք իր անունին համար’ (Եբ. 6։10-12

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 8 Տաղանդներու առակը գլխաւորաբար օծեալ աշակերտներուն հետ Յիսուսի վարուելու կերպին մասին է, բայց կը բովանդակէ սկզբունքներ, որոնք բոլոր քրիստոնեաներուն կը կիրարկուին։

Կը յիշե՞ս

Մինչ կը ջանաս հունձքի գործին մէջ լիակատար բաժին բերել՝

• ինչո՞ւ կարեւոր է խոնարհութիւն ցոյց տալ։

• ինչպէ՞ս կրնաս ջանասիրութիւն մշակել ու պահպանել։

• ինչո՞ւ կարեւոր է բարոյապէս ու հոգեւորապէս մաքուր մնալ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 25]

Խոնարհութիւնը կրնայ մեզի օգնել, որ Թագաւորութեան շահերուն վրայ կեդրոնացած պարզ կեանք մը վարենք